Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1

Մաքսատան մէկ դրան առջեւ կեցող պահակը իր զէնքովը բարեւեց. պղինձէ գործիքէ մը նօթեր պայթեցան, ու բեռնակիրները դադրեցան իրենց կողովներով վազվռտելէ: Զօրքերը լռեցին. այդ կապոյտ տղաքը չուզեցին այլեւս աղմկել, վերէն վար իրենց մնացող ընկերներուն անունները պոռալով, կարծես ի յարգանս անոնց որոնք կը մեկնէին վիշտով, կը բաժնուէին մե՜ծ, անսահման վիշտով: Քարափին վրայ մնացողները սկսան հետզհետէ աւելի ու աւելի պզտիկնալ, խօսքերը կարճցան, շէնքերու թիւը աւելցաւ, ու նաւը սուլեց: Թաւ, խորունկ, դողացնող սոյլ մը. շոգին անձրեւի պէս ինկաւ բազմութեան վրայ, շուն մը փախաւ, ու արեւը ջուրի այդ կայլակներու մէջ ծիրանի մը գծեց: Մինչեւ վերջին վայրկեանը շատերու պէս մնացին հոն, այդ երկու տարեցները, հայր մը, մայր մը, իրենց կիրակնօրեայ մաքուր հագուստներուն մէջ, աչքերնին խոշոր-խոշոր բացած: Անոնք բնաւ թաշկինակ չկրցան շարժել: Մեծ հաց մը կուրծքին սեղմած` քարացեր էր նաւուն եզերքը, ու իր բացուած աչքերը կը թրջէին կարծես հովէն, կարծես պաղէն. հակառակ ատոր կրցաւ դեռ երկար ատեն տեսնել իր կարմիր, իր ծոպաւոր ֆէսը, հօրը մատներէն կախուած: Դեռ քիչ մը առաջ է, որ նաւ բարձրանալու միջոցին վերջնականապէս գլխէն քաշեր էր զայն ու տուեր իրեններուն, յանձնարարելով, որ մուճակ շինեն անով: Ուզեր էր խնդալ, ուզեր էր կատակել, այո՛, իրաւ, բնաւ չէին լացած, բնա՛ւ, ինչպէս որ խոստացեր էին. արդէն միայն այդ պայմանով է, որ ձգեր էր անոնց մինչեւ նաւ գալը. բայց ինչո՞ւ չէին խօսած, ինչո՞ւ բառ մը իսկ չէին ըսած: Ամէն բան սկսաւ պղտորիլ, ամէն բան. կը հեռանային: Նաւ մը անցաւ իրենց քովէն` սուլելով. ո՜վ չէր ճանչնար «Սէյրը Սէֆային»ի այդ նաւը, «Գըրլանկըճ»-ը իր յատկանշական սոյլով զոր վերջին անգամ մըն ալ կը լսէր: Հրեայ տղաք սկսան պոռալ. «Եէրէ պաթ Ստամպուլ, եէրէ պաթ». պզտիկ շունէր կան, որոնք հեռանալէ վերջ միայն կը հաչեն: Սարայ Պուրնիի քարափին վրայ կեցած էշ մը գլուխը դարձուց եւ իրեն նայեցաւ երկարօրէն. թրքական թաղն էր, որ իր «երթաս բարով»ը կ՚ըսէր: Ահա «Հայ կղզի»ն. բնաւ չէր նշմարած, որ անոր ետեւը ատանկ լերկ է ու կարմիր, կապիկի մը յատակին պէս: Յիշեց այն պզտիկ աղջիկը, զոր սիրած էր հոն եւ որ իրեն այնքան կապկութիւններ էր ըրած: Նաւուն ետեւի կողմն էր. իր եւ Պոլսոյ միջեւ ֆրանսական դրօշակը կար հիմա. աւելի վերջ, երբոր այդ երեք գոյները իջեցուցին, Պոլիսը կորսուած էր, ինչպէս կը կորսուի աճպարարի մը թաշկինակին տակ առասպելական դրամ մը:

Հոս կեանք մը կ՚աւարտի:

Հոս կ՚աւարտի պետութիւն մը, ու վերջնականապէս կը թուլնայ թաթը տղուն պատկանած ազգին: Մեկնող երիտասարդը իր երակներուն մէջ կը տանի միայն արիւն մը մաքուր ու առողջ, ինչպէս այն երկինքը, որուն տակ իր առաջին շրջանն էր սկսեր: Միակ զաւակը համեստ ու աշխատասէր զոյգի մը, իր մանկութեան տարիները բոլորեց կիսովին եւրոպականացած Պոլսոյ այդ արուարձանին մէջ: Ահա իրենց փայտաշէն տունը` մեծ հայրիկէն մնացած, պարտէզը՝ որուն խորն էր հաւնոցը, ինչպէս որ հորին խորն էր իր ինքնահոս գրիչը, դրացիները` հանըմներով, աղաներով, սերկեւիլի ու թութի ծառերով: Ազգային դպրոց, ֆրանսական վարժարան, հանդէս, դափնի: Պզտիկ սէրեր, ընթերցանութեամբ եւ լուսնկայի ցոլքով խոշորցուած, ատելութիւն, վրէժ, զինադադարեան համազգային գինովութիւն…

Դպրոցական նստարաններէն վերջ` իր ընգգրկած արհեստը լուսանկարչութիւնը եղաւ, սորվուած ու յետոյ կիրարկուած նոյն խանութին մէջ, Բերա, ծանօթ հայու մը քով: Ահա այդ լուսանկարչատան մէջ է, որ ստացաւ Թուրքին յաղթական մոյկի հարուածը, որ զինքը նետեց Փարիզ:

Փարի՜զ:

Gare de Lyonէն դուրս ելած պահուն տեղատարափը սկսաւ իյնալ. բաւական վերջ, համբերութիւնը սպառելով` սկսաւ վազել որպէսզի չթրջի: Ահա այդպէս ամէն գաղթական Փարիզ հասնելուն առաջին րոպէին իսկ կը վազէ, կը վազէ: Նախ Փարիզի կեդրոնը` Saint Michel. յետոյ հայոց եկեղեցին. «Châteletէն changer կ՚ընես, եթէ changer ընել չես գիտէր, մինչեւ Châtelet կը քալես»: «Անի» ճաշարան. «Հորա՜ք, մի հատ մորթադել. է՜յ, սուասօն փլաքի չմնաց ըսինք եա՜»: Հիացում փայտէ սալայատակներու, հիացում հացագործի խանութներու, հիացում սրունքներու, հիացում թղթատարի եւ ոստիկաններու: «Ինձի չե՞ս ճանչնար կոր ծօ՛ Պետրոս, մէկ մահալլէի տղաք ենք»: Այո՜, նոյն թաղէն էին, միայն թէ ան փողոցները բանջարեղէն կը ծախէր: «Métro մտած ատենդ երրորդ կարգի տոմսակ մի՛ ուզեր եւ երթալիք տեղիդ անունը մի՛ տար»: Carte d՚identité. «Ծօ աստեղը հի՜չ ամօթ չկայ, փողոցները կը պագտուին կոր, հէմ պերնէ՜». Cordon s՚il vous plaît: «Հիչ տէրտ չընես ա Պետրոս, contremaîtreս շէքէրի պէս մարդ է. վաղը դուն խութի մը լոխում բեր, եւ մնացածը ինծի ձգէ»: Տուփ մը լոխումը տարաւ եւ մնացածը ձգեց Աստուծոյ:

FABRIQUE,

FABRIQUE,

FABRIQUE,

Syphilitiques, fous, rois, pantins, ventriloques,
Qu՚est-ce que cela peut faire à la putaine Paris,
Vos âmes et vos corps, vos poisons et vos loques?
Elle se secouera de vous, hargneux, pourris:

Պատէն կախուած իմ ջութակը ինկաւ փշրուեց… Une plateforme en arrière et c՚est complet!: Եօթուկէս, տիւտիւկը, ծօ, Պետրոս տիւտիւկը… Chopine, cantine, չհասաւ pointage, bleue, vas-y! Ո՞ւր ես, մայր իմ, ո՞ւր ես, մայր իմ, ո՞ւր ես, մայր իմ, ո՞ւր ես, մայր իմ, ո՞ւր ես, մայր իմ… Ծօ ես այս թուղթէն բան մը չեմ հասկնար կոր. piéce-ներուն իլէն. ժամերուն հաշիւը ինտո՞ր պիտի ընենք, 76, 547 բաժնուած 441 ֆր. 75 սանտիմով, որուն խորանարդը հաւասար պէտք է ըլլայ 871. 666-ի քառակուսի արմատին. Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է… Ջո՜ւր, ջո՜ւր, ծօ ասիկայ կը մարի կոր, ծօ ասիկայ մարեցաւ, Պետրոս, Պետրոս, բան մը չկայ, բան մը չկայ, ի՜նչ ըսեմ ես անոնց, քի ասանկ թիւլպէնտի կտոր տղաքը ֆաբրիկաները նետեցին, ծօ չէ՛, մեռնողը հայ չէր, Ալճերիացի էր, է՛յ, ի՞նչ ընենք, մեռա՞ւ` մեռաւ: Նախ լաթ մը նետեցին վրան ու յետոյ տարին: Հանգանակութիւն: Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է…

Աւելի վերջ, երբոր քիչ մը ինքզինքը գտաւ, երբոր վարժուեցաւ տեղին, միջավայրին, կրցաւ փափագածը ստանալ: Grands Boulevardsները մեծ լուսանկարիչի մը քով, ուր մնաց աւելի քան երկու տարի: Հոդ է, որ կատարելագործեց իր արհեստը, սորուելով նրբութիւններ, պզտիկ խաղեր, որոնց շնորհիւ լուսանկարիչ մը կը հաւակնի արուեստագէտ եղած ըլլալ:

Նախապէս բոզանոցի մը նմանցուցած էր իրենց խանութը, գայթակղած ու զարհուրած կիներու այդ արտասովոր համարձակութիւնէն, լպրշութիւնէն, ներկէն, հագուստներէն: Իրեն խորթ թուեցաւ փարիզուհիներու մօտ ամօթխածութեան այդ պակասը, բայց յետոյ սկսաւ կամաց-կամաց վարժուիլ եւ առաջին օրերու այն հետաքրքրութիւնը, որով կը հետեւէր հագուստներու եւ ներքնաշապիկներու անկումին, նուազեցաւ: Եւ խորհելով, որ հոս բոզ չկայ, քանի որ բոլոր կիները իրարու կը նմանին, առանց խորունկը փնտրելու, իրենց լուսանկարչատունը նմանցուց բաղնիքի: Ամէն օր, եւ գրեթէ ամբողջ օրը մերկութիւններու հետ էր իր գործը: Բայց ա՛լ աչքերը չբացաւ, ձեռքերը չդողացին, ենթակային կրցաւ պէտք եղածին պէս մօտենալ, ափերով բռնել զայն անհրաժեշտ դիրքը տալու համար եւ իզուր ցանկաg մէկը սիրել: Կուրծքերը, պորտերը, սրունքները շփոթուեցան իրարու հետ ու մտքին մէջ մնաց միայն կատարելութեան մը պատկերը, ճարտար մազայարդարի մը հասցէով. Փարիզը անոր վրայ ալ դրաւ իր արտաքին վայելչութեան դրոշմը ու տարիները անցան, այդ կիներուն պէս մերկ, անսէր:

Իրիկուն մը գործէն ելած պահուն դռան առջեւ մէօսիէօ Լեսքիւռը գտաւ: Մէօսիէօ Լեսքիւռը շաբաթը անգամ մը իրենց կուգար իր թերթին համար զանազան տեսակ լուսանկարներ գնելու: Ըստ իր սովորութեան, Պետրոս, որուն անունը շուտով Փիէռ եղած էր, անոր ալ մակդիր մը դրած էր, զայն Troisiéme Empire կոչելով: Իրաւ ալ կարծես այդ շրջանէն մնացած տիպար մըն էր, միշտ մեծ խնամքով հագուած, լամբակին ծաղիկ մը, մազերը ներկուած, արծաթէ կոթով գաւազան, ոտքին «կեթռ»եր, մատներուն մատանի, պեղերուն օծանելիք (cosmétique): Խիստ յատկանշական դիմագիծ մը ունէր ան եւ իրապէս տարօրինակ մորթի գոյն մը: Վաւաշոտ շրթունքներ, կանաչորակ աչքեր, որոնք կարծես կեղծ են ու խարդախ, բայց որոնք գիտեն այնքան լաւ ծածկուիլ չափազանցուած ծեքծեքումի մը տակ: Այդ իրիկուն Troisiéme Empire-ը առաջարկեց Փիէռին սրճարան մը երթալ, ուր երկարօրէն խօսեցաւ, անդադար գաւազանին կոթին հետ խաղալով: Ըսաւ, թէ հայերուն վրայ մեծ հաւատք ունէր, ունէր նաեւ խանութ մը. կ՚ուզեր զայն վարելու հոգը իրեն յանձնել: Շատ գեղեցիկ աշխատանոց մըն էր, մեծ պողոտայի մը վրայ, բաղձալի դիրքով եւ որ, սակայն, գետին ձախ եզերքը ըլլալու միակ անպատեհութենէն կը տուժէր: Առայժմ շատ գործ չունէին այն հիմնական պատճառաւ, որ իրենց գլխաւոր պաշտօնեան հին դպրոցի լուսանկարիչ մը ըլլալուն` անկարող էր նրբաճաշակներ գոհացնելու: Կը փափագէր, որ Փիէռը անոր տեղը անցնի ու իր նորագոյն արհեստովը գործը յառաջացնէ: Ամէն դիւրութիւն պիտի տրուէր իրեն, պահանջածը պիտի վճարուէր եւ թէ խանութին երկրորդ տէրը, կին մը, իր վրայէն պիտի առնէր առեւտրական բաժնին հոգը:

Եւ երբոր Փիէռը ընդունեց, եւ երբոր ժամադրութիւնը որոշեցին, Troisiéme Empireը դեռ երկարօրէն խօսեցաւ գաւազանին կոթին հետ, ծանրակշռութեամբ: Մեկնելէ առաջ չմոռցաւ սակայն անգամ մը եւս կրկնել, թէ Թուրքերուն վրայ մեծ հաւատք ունէր: