Երկեր թիւ 2

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

2

Կեցաւ նախ, զարմացած տիրող լռութիւնէն, ինք, որ ա՛լ վարժուած էր քաղաքի կեդրոնի թոհուբոհին: Սիրեց այդ լուսաւոր, մաքուր ու կոկիկ խանութը եւ նայեցաւ պատի լուսանկարներուն, կարասիներուն, հեռաձայնի գործիքին, մէկու մը պէս, որ կը պատրաստուի շրջանակի մը մտերմանալ: Ձեռք մը վարագոյրը մէկդի ըրաւ, դռան զանգակէն կանչուած: Եկողը ծառայ մըն էր, կապոյտ աչքերով, տարէց, երկար շապիկով, մէկ ձեռքէն կը կախուէր քարայծի մը դեղին մորթը, իսկ միւսին մէջ փետրաւելը դեռ կը դողար: Անմիջապէս հեռացաւ սակայն, առանց բառ մը ըսելու, իր ներկայութիւնը աւելորդ նկատելով, քանի որ նոյն պահուն իսկ դուռը կրկին կը հնչէր, ձգելով, որ կայծակի պէս ներս նետուի կին մը:

Բաց գոյն, խիստ ճաշակաւոր գլխարկ մը, որուն գաղտնիքը միայն ասոնք ունին, համարձակ, համարձակ ակնարկ աչքերուն, ծանօթ կատուի գոյնով թաւիշէ վերարկու մը սեղմուած իրանին ու ազդրերուն վրայ, մուշտակի լայն երիզներ քղանցքին, թեզանիքներուն ու վզին շուրջ, անթերի կաղապարումը մետաքսէ գուլպաներուն, եւ տոտիկներ եւ բոյր եւ գոյն: Անփութօրէն սեղանի մը վրայ թողուց ձեռքի ծաղիկներուն փունջը, քաշեց աջ մատներուն ծայրէն ձեռնոցը ու նայեցաւ երիտասարդին:

Այս այն պահն է, կարճ, խիստ կարճ պահը, որու միջոցին մարդիկ, միասին ապրելու սահմանուած, կը ջանան դիմացիննին դատել, կշռել, բացատրութիւն մը տալ դիմագիծերու եւ ակնարկի, անձնապէս համոզում գոյացնել յայտնուած կարծիքին ու գուշակել ինչ որ չըսուեցաւ, պահ մը՝ ուր համակրութիւններ կը ծնին, իրարու կը կապուին, եւ կամ թէ բնաւ չեն ծնիր, եւ կամ թէ բնաւ չեն կապուիր, բայց պահ մը՝ որու միջոցին անպայման ժամացոյց մը կը զարնէ: Եւ պատի ժամացոյցը երեք հարուածներ իջեցուց. ժամը առաւօտեան տասն էր:

Մէկզմէկու ինքնութիւն գուշակած` աղուոր մը նայեցան իրարու, նախ աչք աչքի, յետոյ վերէն վար ժպիտ մը եկաւ կնոջ շրթներուն, գիտակից, խնամուած ժպիտ մը, որ այդ աղուոր բերանը ձուաձեւ ըրաւ: Եւ ձեռքը երկարած` դէպի երիտասարդը ուղղուեցաւ ան, հարցնելով`

Monsieur Pierre?

Մէօսիէօ Փիէռ մէկէն իր վրայ նետուեցաւ բազուկներուն ամբողջ ուժովը զայն գրկելով սեղմ, սեղմ: Այլապէս երեսի վրայ գետին ինկած պիտի ըլլար մատամ Ժանն անխուսափելիօրէն: Այդ սայթաքումին եւ իրարանցումին մէջ բացուէր էր կնոջ վերարկուն, ու Փիէռի աջ ափը կը սեղմեր անոր կուրծքերէն մին: Այսպէս իրար պլլուած մնացին պահ մը անշարժ— ի՜նչ աղուոր կը բուրէր— մինչեւ որ ֆրանսուհին կրցաւ շտկուիլ, հաւասարակշռութիւնը գտնել սրունքներուն վրայ, բաժնուեցան իրարմէ ու գետին նայեցան: Գետինը գորգին հետ կը շփոթուէր կրիայ մը: Կրիա՞յ մը, այո՛, կրիայ մը: Բացականչութիւն, խնդուք, քահքահ: Թաւիշէ վերարկուն ինկաւ աթոռի մը վրայ. Ժանն բթամատը քիթն ի վեր սահեցնելով գլխարկը քաշեց քասքէթի մը պէս, պոռալով:

Կոստան, Կոստան, Կոստա՛ն:

Անմիջապէս որ ծառան երեւցաւ վարագոյրին առջեւ, Ժանն իր բարկութեամբ սեղմուած կռուփներով սկսաւ արագ-արագ անոր ուսերուն զարնել, ոտքերն ալ գետնին: Պահ մը նոյնիսկ կից մըն ալ իջեցուց, մարդուկին լայն ժպիտէն կատաղած:

Կրիա՞յ, այսօր ալ կրիա՞յ, երէկ ճագար էր, առջի օր ճերմակ մուկ, այսօր ալ կրիա՞յ… դուն խանութս կենդանաբանական պարտէ՞զ կարծեցիր ի՞նչ, խօսէ նայիմ, պատասխան չտա՞ս, ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ մէկ տեղս կոտրէր, հազար անգամ չըսի՞ քեզի որ սիրելի բարեկամներդ տունդ պահես: Մէօսիէօ Փիէռ, միայն դուք չէիք ճանչնար, դուք ալ ճանչցէք, մենք արդէն ամէն օր իր կենսագրութիւնը կը լսենք. Համբաւաւոր կենդանասէր Մէօսիէօ Կոստան, Փարիզ քաղաքի նախկին հրշէջ գունդի ենթասպաներէն է՛ն կրակոտը: Ի՜նչ կրակներ է մարած եւ ի՛նչ հրդեհներ վառած սպասուհիներու սրտերուն մէջ: Յիսուն տարեկան ըլլալուն հակառակ դեռ նշանաւոր կնամոլ. անանկ չէ՞, դուն չէի՞ր պատմողը թէ երիտասարդութեանդ դրանդ առջեւ bonicheերը կարգի կը սպասէին, եւ թէ աւելի վերջը, գաղթավայրերու մէջ, ենթասպայի կարմիր տաբատովդ խափշիկ կիները կատղեցուցիր ցուլերու պէս…

Վերջապէս գացին երկուքը առանձնանալ խանութին խորը, հողմարգելի մը ետեւ: Փիէռին ով ըլլալը, նիստ ու կացը, պահանջելիքը, ապագայի ծրագիրներ, գնուելիք անհրաժեշտ իրեր, աշխատանոցին պակասութիւններն ու առաւելութիւնները, վերջապէս բաներ որոնց վրայ պէտք էր որ խօսէին: Քով քովի canapéին վրայ նստած` երկարօրէն զիրար դիտեցին: Ժանն իրապէս գեղեցիկ էր, աղուոր էր, բայց շա՜տ աղուոր էր: Քանի՞ տարեկան կրնար ըլլալ. աւելի քան երեսո՞ւն. չէր ցուցնէր. փայլուն մազեր, համակ ոսկի, անթերի խարտեաշ մը. յայտնի էր, թէ ծոծրակը նոր էր ածիլեր: Ճաշակաւոր հագուստ մը, վարդագոյն ձեռքեր, հաճելի՝ նաեւ այն շարժումը, որով կը ջանար միշտ հագուստովը ծունկերը ծածկել: Փիէռ դեռ չէր համարձակած պէտք եղածին պէս անոր աչքերուն նայիլ. մինչդեռ Ժանն ազատ համարձակ երիտասարդը կը դիտէր: Իր քսանհինգ տարիներէն քիչ մը աւելի կը ցուցնէր ան, ըլլալով հասակաւոր ու յաղթանդամ: Լայն ուսեր, նոր ու վայելուչ costumeի մը մէջ սեղմուած, խնամով ետեւ սանտրուած մազեր, թաւ յօնքեր ու սեւ, անկեղծ աչքեր. հայկական գեղեցկութիւն:

Խօսակցութիւնը երկարեցաւ ու մտերիմ շեշտ մը ստացաւ շնորհիւ անստգիւտ կրիային. առեւտրական կեանքի վրայ նետուած նախադասութիւն մը կտրուեցաւ ժպիտով, զոր ծածկելու համար Ժանն ի զուր հագուստը ծունկերուն վրայ քաշեց, եւ Փիէռ շարունակեց խորհիլ. «Առաջին հանդիպումին իսկ գիրկընդխառնո՞ւմ»: Անգամ մը նոյնիսկ աջ ափին մէջ նայեցաւ, զայն գոցելու համար դանդաղօրէն…

Քիչ վերջ կրկին եկաւ իրենց առջեւ ցցուիլ Կոստանի հասակը. այս անգամ դժգոհութիւն եւ ծամածռում կար դէմքին վրայ, մէկ ձեռքէն կը կախուէր քարայծի մը դեղին մորթը, իսկ միւսին մէջ փետրաւելը միշտ կը դողար:

Մատամ Ժանն, Մատամ Ժանն, ան չկա՜յ, դուք զիս խօսքի բռնեցիք եւ հիմա ան չկա՜յ, ան գացե՛ր է, ան քալէ՜ր է… mais oui! la tortue, la tortue, ça marche!

………………………………………………………………

Ինչ որ պահանջեց Փիէռ` գնեցին. զետեղեցին նոր լոյսեր, լուսարձակներ, փոխեցին ցուցափեղկերը, fondերը, պատերուն վրայէն մօրուքներ ածիլուեցան, բարձրացան քղանցքներ եւ հուպիկանը հոս ալ իր բոյրովը տիրապետեց: Հիմա այլեւս առաջուան պէս դուրս գործ տալու չպիտի ստիպուէին, քանի որ Փիէռ պիտի կարենար թէ ռըթուշը ընել եւ թէ լուսանկարել: Սուրիայէն նոր եկած չափահաս որբ մը գտաւ, ուշիմ ու ժիր, տպագրութեան ու մութ սենեակի այլ աշխատութիւններու համար: Սկսան գործի:

Մատամ Ժանն նոր սէր մըն էր տուած խանութին: Ալ առաջուան պէս շաբաթը երկու անգամ չէ որ կու գար, այլ ամէն առաւօտ տասնին հոն էր, ծաղիկի իր անխուսափելի փունջովը: Գրի մեքենայ մը գնեց, որպէսզի առեւտրական նամակները անով գրէ եւ այդ առթիւ նամականի մըն ալ առաւ: Անհրաժեշտ տեսաւ իր վերարկուն կախելու համար մասնաւոր տեղ մը շինել եւ գնեց ու կոտրեց ծաղկամաններ: Օր մը, մասնաւորապէս մինչեւ Կալըրի Լաֆայէթ գնաց` ինք իր ձեռքով ընտրելու համար Կոստանի նոր շապիկը ու վերադարձին ըսաւ. «Tu comprends, mon vieux, ա՛լ ասկէ վերջ ամէն օր պիտի ածիլուիս, ամէ՛ն օր»: Իրաւունք ունէր. խանութին յաճախորդները փոխուած էին: Լեսքիւռ չմոռցաւ խոստումը յարգէլ։ Այս մարդը չես գիտէր ինչպէս առիթը ունեցած էր այդքան ծանօթութիւն հաստատելու, այդքան յարաբերութիւն ստեղծելու, այդքան տեղ մտնել ելլելու: Ինք է, որ յաջողցուց քանի մը պայմանագրութիւններ թատրոններու հետ, ու Փիէռի համար «մերկ օրեր»ը վերսկսան:

Կիսաշխարհիկ կիներու ամբողջ լեգէոն մը կայ, սնոտի, ունայնամիտ, որ է՛ն նորելուկ լուսանկարիչին կը վազէ ամէն անգամ, որ փոխէ սիրահարը, ներքնաշապիկը, իր կամ իր շնիկին մազայարդարումը, ամէն անգամ որ մոռցուած հօրաքոյր մը մեռնի կամ խիստ գէշ օդ ընէ, ամէն անգամ, որ գաղտնի ժամադրութիւն ունենայ: Ձայնագիրը սկսաւ իր խօլական արշաւին, Ամերիկան հոս ալ իր յիմարութիւնները թափեց, եւ Կոստանը աւելի ու աւելի կարմրեցաւ, կատղեցաւ, մանաւանդ «ֆայվ օքլօգ»ին համար, քանի-քանի անգամներ բորթոյի գաւաթները կոտրեց, եւ աննախընթաց պարագայ՝ փետրաւելը դրուած տեղը մոռցաւ:

Ժանն խիստ գոհ էր: Յուսացածէն աւելի էր եղած. ամբողջ օրը կը վազվզէր, Փիէռ պոռալով. իր հագուստներով զբաղելու իսկ ատեն չունէր շատ անգամ. այդ պատճառաւ է, որ մէկ տարուան մէջ ստիպուեցաւ վեց կարուհի փոխել:

Փիէռ սկսաւ կամաց-կամաց ճանչնալ շուրջինները: Այդպէս է որ տեղեկացաւ խանութին բարեկամներէն, թէ Ժանն իրականին մէջ բնաւ մատամ չէր, քանի որ երբեք չէր ամուսնացած: Բայց երկար ատենէ ի վեր Լեսքիւռի հետ ըլլալուն, աւելի պատշաճ կը նկատէր ինքզինքը այդպէս կոչել: Տասնըութ տարեկանին ճանչցած էր զայն եւ հեռատես աղջիկ` միշտ կարելին ըրած էր դրամ խնայելու, մինչեւ խանութ մը գնելը: Որով որեւէ իրաւունք չունէր այդ խանութին մէջ Լեսքիւռ: Թէ այս մարդը ո՞վ էր, Փիէռ պէտք եղածին պէս չէր կրցած հասկնալ: Գիտէր, թէ նախապէս շրջուն լուսանկարիչ եղած էր եւ հիմա վրան բաց թերթ մը կը հրատարակէր, լեցուն մերկութեան պատկերներով, որուն կ՚աշխատակցէին շատ մը ծածկանուններ, գիտէր, թե… սակայն այդ ծանօթութիւնները իրեն գոհացում չէին տուած: Ինք այն հաւատքը ունէր, որ այս մարդը պղտոր գործեր կը տեսնայ եւ թէ… Բայց Փիէռ կը նախնտրէր Ժաննին հետ պարել ձայնագրի նոր սկաւառակները փորձելու պատրուակով, զայն սեղմել բազուկներուն մէջ, ուժով, ուժով, գլուխը ծռել անոր ծոծրակին, բոյրը ծծելու համար անաղմուկ ու յետոյ երթալ, բօռթոյով քիչ մը տաքցած նստիլ քով քովի, ծունկ ծունկի: Օրուան պարտաւորութիւններէն ազատած՝ երեկոյի այդ պահերը լաւագոյններն էին, երբոր երկուքն ալ իրարու դէմ կը վերստանային իրենց մտերիմ շեշտը, կը սկսէին խօսիլ, խնդալ, կատակել, կնոջ բերանը կրկին կը ստանար իր այն աղուոր, անկեղծ ժպիտը, իր գեղեցիկ ձուաձեւը, մէկէն լրջանալով երբոր կ՚ըսէր Tu sais, Pierrot?. Քանի անգամներ պատահեցաւ, որ այդպէս սկսուած նախադասութիւն մը թերաւարտ մնաց, երբոր Ժանն ակնարկը բարձրացուցած ատեն կը հանդիպէր երիտասարդին բացուած աչքերուն, կը հասկնար, ինքզինքը կը ձգէր վայրկեան մը անոնց մէջ, յետոյ շուտով հեռանալու համար: Այդպէս է, որ…

Եւ ահա այսօր ալ, մէկէն, Փիէռ կը մեկնէր: