Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4

Բանալին չոր աղմուկ մը հանեց կղպանքին մէջ, եւ դուռը իր ծխնիներուն վրայ զգուշութեամբ դարձաւ: Նախ գլուխ մը ներս անցաւ բացուածքէն, շուրջը դիտեց վարանումով ու երբոր տեսաւ, թէ ոչ ոք կայ, դուռը ամբողջութեամբ հրեց: Վարէն բան մը չէր ըսուած իրեն, բանալին հոս էր, ինչպէս նաեւ Փիէռին գլխարկն ու վերարկուն: Դուրս ելած չէր կրնար ըլլալ ան. մօտաւոր սենեակ մըն էր թերեւս, բարեկամի մը: Նէնէթ կեցաւ պահ մը դռան մէջ ու յետոյ յուսահատ՝ ներս անցաւ ու դուռը գոցեց: Վերջին յարկի սենեակներէն մէկն էր այս օդաւէտ ու լուսաւոր, կանաչ միագոյն գորգ մըն էր պատած զայն, ու ամէն ինչ մաքրութիւն կը բուրէր: Աջ կողմի անկիւնը լայն անկողին մը կար իր տանձով ու զարթուցիչով, դէմը` լոգասեղանին յախճապակիէ սպիտակութիւնը, բարակ ու հաստ կոկորդներով, իսկ վրան ապակիի երկար կտոր մը՝ ուր արդուզարդի պիտոյքներ կային քառանկիւն հայելիի մը առջեւ: Ուրիշ անկիւն մը` բարձր հանդերձարան մը՝ որուն քով պզտիկ վարագոյր մըն էր` քաշուած հագուստ մը ծածկելու համար: Կեդրոնը սեղան մը կը կլորնար ներկուած փայլուն տախտակէ, կրելով խել մը գիրքեր, որոնք երկու փիղերու մէջտեղ սեղմուած էին: Փիղերէն մէկը կը նայէր մոխրամանին, իսկ երկրորդը` իր պատիճը պատին էր ցցած: Նէնէթն ալ ակնարկը այն կողմ դարձուց, նայեցաւ պահ մը անշարժ, դժգոհութեան շարժում մը ըրաւ, բայց ժպիտը հայելիները տեսան: Յետոյ դէպի լուսամուտը ուղղուեցաւ: Պատուհան-դուռ մըն էր այս, որ պզտիկ պատշգամի մը վրայ կը բացուէր. արեւը ողողէր էր զայն. գարնան զմայլելի առաւօտ մըն էր. առողջ ու մաքուր առաւօտ մը, որ ճաշի կ՚երթար պզտիկ աղմուկներով: Նէնէթ սկսաւ անհամբերել. վերադարձաւ սեղանին առջեւ, գիրք մը առաւ ու նստաւ, ակնարկը ծանօթի մը` Փիէռի գլխարկին: Մէկէն նշմարեց, որ ճիշտ առջեւը սեղանին պզտիկ դարակը կիսաբաց է. քաշեց զայն եւ, հաստ տետրակ մը ուշադրութիւնը գրաւելով, առաւ:

Այո՛, ապահով էր: Քիչ մը յուզուած, չես գիտէր ինչու սկսաւ դանդաղօրէն դարձնել այղ էջերը. ֆրանսուհիին հետաքրքրութիւնը կրկնապատկուեցաւ. օրագրութիւն մըն էր: Աչքերը յառած այդ խառնափնթոր գիրերուն, կ՚ուզեր գտնել, կ՚ուզեր անպայման ճանչնալ իսկական Պետրոսը, երիտասարդը, արեւելքցին: Ինչե՛ր կը պատմէին այդ էջերը, մտերիմ ինչ յոյզեր, մտածում ու տենչանք կը պարունակէին այդ տողերը, որոնցմէ բան մը չէր կրնար հասկնալ: Հայերէն այդ տառերը բեւեռագրեր էին իրեն համար, «սեւ ու ճերմակ»՝ ինչպէս կ՚ըսէր ինք: Ու անկարո՛ղ իրականութիւնը տեսնելու, աւելի ինքն իր մէջ կը ջանար անծանօթը գուշակել: Ֆրանսերէն բառ մը մէկէն իր ակնարկը կեցուց. «մէրսի». կարծես սենեակին մէջ էր Փիէռ, հոն, իր մօտը եւ իրեն ուղղած աոաջին բառը կ՚ըլլար` մերսի: Շնորհակալութիւն Նէնէթին, որ եկեր էր զինքը տեսնել, որ զինքը չէր մոռցեր, չէր մոռցեր իր պզտիկ Փիէռոն… Յաջորդ էջերուն մէջ ֆրանսերէն բառերը սկսան շատնալ: Ալ մեծ ուշադրութեամբ ամէն տողի մէջ փնտրեց զանոնք ու իր մտածումը անոնց հետ յառաջացաւ: Ատիէօ փուր թուժուր. Մեսաժերի Մարիթիմ. Մատոննա, Պիրէոն, Պէյրութ, Աղեքսանդրիա, Մարսել: Յետոյ Փարիզի մէջ հասցէ մը ու գործարանի մը անուն: Ֆրանսերէն ասութիւններ արտառոց հայհոյութիւններ, քովը փակագիծով՝ բացատրութիւնը անշուշտ, թատրոններ ու պտոյտի զանազան վայրեր: Ամիսները կ՚անցնէին: Դերասանուհի մը եւ լուսանկարչական քանի մը բառ ըսին, թէ Փիէռ ալ Կռան Պուլվարները հասած է: Մէկէն` նախադասութիւն մը. «Ահա՛ այսօր. Պետրոս, յիմարութիւններ չ՚ուզեր»: Նէնէթ սեղանին վրայ դրաւ տետրակը, երկու արմուկներուն մէջտեղ ու հետաքրքրութեամբ եւ աճող անհամբերութեամբ սկսաւ կարդալ:

«Աղուոր կիրակի մը: Հրաչին հետ երկու աղջիկ բռնեցինք Լիւքսէմպուրկի պարտէզը. անորինը պզտիկ ու կլոր. իմինս նուրբ ու հասակաւոր. զմայլելի սրունքներ. խալ մը աջ այտին ու անտանելի հօրաքոյր մը` Ռիւ Մատամ. շատ կը սիրէ այս ծառուղին, հոգի կուտայ պարի համար. կը վախնայ հիւանդութենէ։ Ռիւ Քիւժաս Սուրէնին նախկին պանդոկը գացինք,   7 թիւ սենեակը. կուրծքը ինծի համար յայտնութիւն մը եղաւ. սեւ նշաններուն համար ըսաւ, թէ Մէթրոյին մէջ կսմթէր են. քովէն պատը զարկին. յանցանքը աղջկան էր»:

Նէնէթ գլխարկը քաշեց գլխէն, նետեց սեղանին վրայ ու էջը դարձուց:

«Ռէօմիւռէն նստաւ, պտըլիկ, անուշիկ, դոնդոշիկ, նայեցաւ անգամ մը ինծի ու եկաւ ճիշդ առջեւս կենալ. երեկոյեան այս ժամուն միշտ այսպէս բազմութիւն կ՚ըլլայ Մէթրոյի մէջ. փակչելու աստիճան սեղմուեր ենք մէկզմէկու. ես ձեռնոցներս հանեցի. ինք ձեռքի տուփը քիչ մը անդին տարաւ. (հայերէն), Շաթըլէ իջաւ` փոխելու. միացայ իրեն. առաջարկեցի դուրս ելլել ու տաքսի մը առնել. ընդունեց. կառքին լոյսը մարեցի ու վարագոյրը քաշեցի. Մարսիլիացիի շեշտ մը խօսուածքին, ու «Ռըփրիզ»` ծունկերուն. մէկէն շարժումս կեցնելով ըսաւ. «Կ՚աղաչեմ, ուշադրութիւն ըրէք, որ ոտքովնիդ տուփս չկոտրէք. հակառակ իմ ալ փափագիս` կարծեմ նորէն վնասուեցաւ, «մոն շեռի»ն արտասանեց փայտէ սալարկում ունեցող փողոց մը: Երկրորդ անգամուան մը համար ժամադրութիւն տալ չուզեց. նշանուած է, ես ալ չպնդեցի. քիչ մը շատ լուրջ աղջիկ կերեւար»:

Քանի մը էջ անդին.

«Մադամ Լանպէռը ուրիշ է. ոչ մէկ կին ինծի այնքան հաճոյք պատճառաձ է, որքան ան. արդեօ՞ք անոր համար, որ արդէն իսկ հասունցած մանչ մը ունի ու զիս «մոն կոս» կը կոչէ. հասակաւոր, մարմնեղ, ազնուականութիւն ու հպարտութիւն կուրծքին, քայլուածքին ու խօսուածքին մէջ. շատ կը սիրեմ իր ոսկորէ սպիտակ ապարանջանն ու սեղմիրանը. կ՚ուզեմ, որ չհանէ. դժբախտաբար կարելի չէ. ճանչցած կիներէս աոաջինն է, որ կրօնասէր ու ճշտապահ է: Երբեմն կը խնդամ ինքզինքիս վրայ, այն օրէն ի վեր, որ գիտեմ, թէ իր ամուսինը առաջնակարգ թաւջութակահար մըն է, կնոջ հեւքին մէջ, որ ճիչով մը կ՚աւարտի, կը կարծեմ թաւջութակի մը դրոշմը լսել. ի՜նչ խենթ եմ, գոնէ երաժշտութենէ հասկնամ»:

Ուրիշ հատուած մը` մադամ Լամպէռի վրայ.

«Ամուսինին պատկերը բերէր է, որպէսզի ակրանտիսըման մը շինեմ: Շատ շնորհքով ճաղատ մը կը թուի ըլլալ. խելօք մը կեցեր է քառդ փօստալին վրայ: Այդպէս իր կլոր թաւջութակին քովը` ճիշդ clef de solի մը երեւոյթը ունի: Ամենայն լրջութեամբ ըսի. «Սիրով, միայն թէ գլխուն վրայ անպայման եղջիւրներ պիտի աւելցնեմ»: Սարսափած պատասխանեց. «Փիէռ, չընե՛ս, չընե՛ս, խենդութիւն չ՚ուզեր»: Յետոյ աւելցուց, քիչ մը ժպիտ` ձայնին. Այդ աշխատութիւնը ինծի ձգէ, ես աւելի լաւը կրնամ ընել… (հայերէն)… ամբողջ հաճոյքս այս է. կ՚ուզեմ, որ շատ դանդաղօրէն հանուի. կ՚ուզեմ, որ ես զինքը հանուեցնեմ (հայերէն) անակնկալ. այս անգամ իր կէս մէջքէն սկսող սեղմիրանը, ծնկակապերով, սեփ-սեւ մետաքսէ էր. ներքնաշապիկը նմանապէս. տուած պատճառաբանութիւնը ճիշդ չէր անշուշտ. երբեք չէի երեւակայած, որ… (հայերէն): Շատոնց է, որ պատրաստուած է, բայց դեռ չի մեկնիր. քով քովի նստեր ենք անկողինին եզերքը. ինք ըսաւ. Մենք պէտք չէ, որ բաժնուինք իրարմէ: Գիտեմ, թէ քեզ վերջնականապէս ինձ կապելու համար պէտք եղած երիտասարդութիւնը չունիմ, գիտեմ, թէ շատ գեղեցիկ չեմ, եւ դուն տաքարիւն ես, եւ դուն անառակ ես, բայց մտիկ ըրէ ինձ, Փիէռ, անոնց ետեւէն մի՛ վազեր, երիտասարդ աղջիկներուն հետ մի՛ ըլլար: Անոնք մարմնական հաճոյքէն զատ ու անկէ աւելի զօրաւոր ուրիշ տենչանք մը ունին, զոր կը գոհացնեն ի վնաս տղոց: Իրենց հպարտութիւնն է այդ, քեզի պէս երիտասարդ մը նուաճած ըլլալու ինքնագոհութիւնը: Ես վստահ եմ, որ դուն դեռ փարիզուհիները չես ճանչնար. անոնք քեզիպէսներու սէր կը կեղծեն ու յետոյ շուտով կը հեռանան, անմիջապէս, որ նշմարեն, թէ դուն կը տառապիս… քմահաճոյք է, որ կ՚անցնի… մենք պէտք չէ բաժնուենք իրարմէ. միայն գորովի պէտք ունիս դուն, եւ գիտես, թէ ես որքան…»

«Պառա՛ւ», պոռաց Նէնէթ կատաղութեամբ ու էջը վանեց։ Յաջորդող ամիսները անցան` ամբողջութեամբ հայերէն: Կին չկար: Գրուածքները միմիայն ներքին ապրումներ կը թուէին ըլլալ: Առաջուան պէս ալ մէջը նետուած ֆրանսերէն նախադասութիւն մը դիւրաւ չէր կրնար քօղազերծել գրողին միտքը: Մէկ անգամ մը միայն հանդիպեցաւ սեռակիցի մը անուան` Լիզ, եւ զարմացաւ, որ աւելի չէր յիշուած այդ պզտիկ աղջիկը, զոր ինքը կը ճանչնար: Փիէռի վերջին բարեկամուհին էր ան, տասնեւութ տարեկան կարուհի մը, որ իր ականջներուն գնդաձեւ կեղծ մարգարիտներէն ու շագանակագոյն աչքերուն անմեղութենէն զատ ոչ մէկ բացառիկ գեղեցկութիւն ունէր: Լա փըթիթ Լիզը սակայն անկեղծօրէն կը թուէր իր սիրտը տուած ըլլալ երիտասարդին, ու կը հանդուրժէր ամէն բանի, պայմանաւ, որ թոյլատրէր իրեն ատենը անգամ մը գալ Փիէռօն վայելելու: Անկեղծութեան դէմ Հայը չէր կրցած շնական կամ բիրտ ըլլալ, որով նաեւ անկարող՝ այս ալ նախորդներուն պէս դիւրութեամբ լքելու: Այն յիշատակելի շաբաթ իրիկունն էր, որ միայն այնքան կոպիտ վերաբերմունք մը ունեցաւ աղջկան հանդէպ, դէմքին մեծ խաւաքարտ մը նետելով, երբոր ան դուրսէն մատովը կը թմբկահարէր, քիթը ապակիին փակցուցած: Եւ ըսել, թէ դռան առջեւ այնքան սպասէր էր ան…

Երկար պահ մը Նէնէթին երկու մատներէն առկախ մնաց այս էջը, որուն վրայ սակայն միայն երկու բառ կրցած էր կարդալ. Փըթիթ Լիզ:

Եւ ահա վերջապէս մէօսիէօ Լեսքիւռ, Կոստան, մատամ Ժանն: Ո՛չ, Նէնէթին յոյսը ի դերեւ ելաւ. բան մը չկար իր մասին. ոչինչ, ոչինչ: Օրագրութիւնը կեցած էր: Նայեցաւ թուականներուն, անոնք Փարիզ գալէն ի վեր ֆրանսերէն էին եղած, եւ տեսաւ, թէ քանի մը ամսուան ընդմիջումէ մը վերջ է, որ միայն կը վերսկսէր թուղթեր անդին. այս անգամ երկար էջերով: Այն կարճ, լակոնական հատուածները չկային ա՛լ, բայց Նէնէթ ոչինչ կը հասկնար ասոնցմէ: Վերջապէս հատ մը գտաւ.

«Հրաչին շինած անթելը երբեմն կը բանի: Սաղաւարտը գլխիս` գիշերուան առանձնութեան պահերս կ՚անցընեմ անշարժ, սեղանիս առջեւ: Երկար ժամեր կ՚երազեմ, կը մտածեմ Նէնէթին, մերիններուն, գսրծիս, լճակի մը կամ յեղափոխութեան վրայ: Մօտաւոր սենեակէ մը եկող գրամեքենային աղմուկը երեւակայած գնդակահարումի մէկ տեսիլքս կ՚ամբողջացնէ: Մէկէն անթելը կը խանգարուի, յեղափոխութիւնը, ինչպէս միշտ, կրկին կը ձախողի. ամէն բան կ՚անհետի, ամէն բան: Միայն Նէնէթը կը մնայ. ինչո՞ւ միայն ան. կը մօտենայ, աւելի, աւելի, աղուոր մը կը ժպտի, բայց բան մը չ՚ըսէր, բառ մը չ՚արտասանէր: Ինչպէ՞ս կ՚ուզես, որ խօսի, երբոր ես չեմ գիտէր, թէ ինք ինծի հանդէպ ի՛նչ կը զգայ»:

Էջեր անդին.

«Ուզեցի գիտնալ, թէ արդեօք պիտի նախանձի՞: Դիպուածը օգնեց: Ժամերով վերի գործողութեան սրահը մնացինք Ճիքիսը եւ ես: Այս դերասանուհին անբաղդատելի մարմին մը ունի. գլուխգործոց մը: Քիչ մը գինով ըլլալուն— հաշիշամոլ է— անդադար կատակեց, խնդաց ու պարեց, ես ալ հետը: Նէնէթը վեր իսկ չելաւ նայելու, թէ ինչ կ՚ընենք. ձայնը անգամ չառի: Վար իջայ: Մեկնէր էր: Արդեօ՞ք… Եւ յաջորդ առաւօտը, այսօր, հաճոյքի կատարեալ տօն մը եղաւ ինծի համար: Երկար ատեն է, որ խոստացած էի Կոստանին զինքը լուսանկարել, եւ այս առաւօտ խանութ մտնելուս` զարմանքով տեսայ, թէ փետրաւելը եւ քարայծի մորթը ձեռքը չեն:

«Մաքրուեր, ածիլուեր ու սրբուեր է, փողկապին վրայի ադամանդն ու իր նոր հագուստը զինքը կիրակի են շինէր: Պատուանշանը կախեց եւ ցիցի մը պէս անշարժ կեցաւ գործիքիս դիմաց: Խնդուքս հազիւ թէ կրնայի զսպել. եթէ գիտնաս, թէ որքա՜ն զուարթախօս, կատակաբան ու անուշ մարդ է: Բայց կեցի՛ր, է՛ն կարեւորը կայ. այս նախկին զինուորը, երկար ատեն գաղթավայրերու մէջ ապրած ըլլալուն, անդիմադրելի սէրը ունի կենդանիներու: Այս անգամ ալ հետը բերէր է իր պաշտելի Brigadier-ն: Այդ տասնապետը լուսաճաճանչ գոյներով զմայլելի թութակ մըն է: Եւ ճիշտ այն պահուն, որ տանձը ձեռքիս մէջ պիտի ճզմուէր, քլա՜ք… դուռն է: Սաստիկ վախ մը կեղծեցի, իբրեւ թէ Նէնէթէն խիստ գաղտնի կ՚ուզէի պահել ըրածս, գործիքը անմիջապէս ծածկեցի եւ մէկդի հրեցի նախկին ենթասպան: Ան այլայլած ու շփոթած էր. հիմա վեր պիտի գար տիրուհին եւ Կոստանին հետ նորէ՛ն կենդանի մը պիտի տեսներ… նորէ՞ն կենդանի մը… ծառան հազիւ ատեն ունեցաւ ինք զինքը քովի մութ սենեակը նետելու, եւ թութակը այդ իրարանցումին մէջ` թռաւ: Ա՛… ահա երէկուան ըրածիս արդիւնքը… տեսնես ինտո՜ր աղուորցեր է. զմայլելի, զմայլելի ճանիկ մըն է եղեր. երբեք զինքը այսքան գեղեցիկ չէի գտած. մէկէն ինչ եղայ, չեմ գիտէր, բայց ուզեցի, ախ, այնքա՜ն ուզեցի, որ (հայերէն)»։ Նէնէթ կռուփը սեղանին զարկաւ գոչելով. բայց չշարունակե՞ս: «Դէմս եկաւ պչրանքով, նազանքով, ոտքին մատներուն վրայ պզտիկ շրջան մը ըրաւ, ժպիտը միշտ ինծի— որպէսզի լաւ տեսնեմ, ու յետոյ հարցուց. «Վայլե՞ր է»: Կօշիկէն մինչեւ գլխարկը նորոգուեր էր, այս քանիերորդ անգամը ըլլալով, եւ իր արդուզարդին բոլոր երանգները կատարեալ ներդաշնակութեամբ մը կը պատշաճէին իրարու: Գոյնին անունը չեմ գիտէր, որ ըսեմ, ամէն պարագայի, քեզի՞ ինչ. գիտցիր, որ զմայլելի էր այնքան: Եւ երբոր հիացած ուզեցի ամբողջութեամբ բանալ վերարկուն, չթողուց. բայց… բայց… նոյն պահուն ձայն մը պոռաց «Ouvre, Nestorr, ouvre»: Հը՞, ինչպէ՞ս… Նէնէթ անմիջապէս յօնքերը պռստեց, ակնարկը ամէն կողմ դարձընելով: Ես գուշակած էի. ամբողջ ուժովս պլլուեցայ անոր եւ սկսայ բարձրաձա՜յն, բարձրաձա՜յն խնդալ, մինչ վերը վարագոյրներու թելերուն վրայ թառած թութակը կը պոռար. «Rrrigole, Brrigadier, Rrrigole Brrigadier…»։ Պատուանշանը դուրս նետուեցաւ իր թաքստոցէն: Նէնէթը կատղած էր. առաւ այն երկար եղէգը, որով վարագոյրները կը յարդարենք ու սկսաւ կենդանին հալածել. ան մէկ թելէն միւսը ցատկելով կը շարունակէր ճչալ «Rrrigole, Brrigadier, Rrrigole... :

Mauvais sujet, ըսաւ Նէնէթ դէմքը հաւաքած ու անցաւ:

«Տիրուհիին ինքնաշարժը կառատուն տարած ատեն Կոստանը շուն մըն է կոխոտեր. եւ ի՜նչ շուն, աստուած իմ, կենդանապաշտպան միութեան պատկանող շուն մը: Ատոր համար երկու օր է, որ խենդի պէս է. վառարանը այնքան է լեցուցեր որ կարելի չէ շնչել. սաստիկ յոգնած եմ. սպանացի պարուհին այդ ի՜նչ ծանր անուշահոտութիւն մը ձգեց. ապակէ որմին վրայ անձրեւին թպրտուքը կը նմանի Չէխօսլովաքի մը կարդացած գրաբարին: Երբոր Նէնէթ վեր եկաւ, աշխատութիւնս աւարտեցի: Ձեռքը ծրար մը կար եւ կը ժպտէր. յայտնի է, թէ բան մը ունի ըսելիք, բան մըն է պատրաստած. ինչո՞ւ այդպէս կը նայի: Ծրարը բացաւ… սկաւառակ մը հանեց. չառաջարկեց, սակայն, որ պարէնք. գիտէր թէ` կրկին պիտի մերժէի: Վերջեն է որ իմացայ, թէ Սուրէնն է բերեր այդ սկաւառակը, կէսօրին, որպէսզի ինձ անակնկալ մը ընեն: Ձայնագիրը ճամփայ հանելուն պէս ոստումով մը քովս եկաւ բազմոցին վրայ, ձեռքերը` ուսերուս, աչքերը` իմիններուս մէջ, լայն ու գինովցնող ժպիտով մը: Աստուած իմ, ի՞նչ կրնար ըլլալ, ի՞նչ կուզէր աչքերէս. բան մը չէի հասկնար: Եւ ահա, որ յանկարծ… ահագնադղորդ ձայն մը, որ կը պոռայ. «Եանկը՜նվար… Իսկիւտար տա, Պիւլպիւլ տէրէտէ…»։ Հէ՞, ինչպէ՞ս… էյ միայն այս էր պակաս: Զուարթութիւնս պոռթկաց, պոռթկաց, նամանաւանդ Նէնէթին սոսկումին ի տես: Ան կը յուսար, անշուշտ, արեւելեան մեղեդի մը լսել եւ ոչ թէ այսպէս ոռնոց մը: Օ՜հ, կ՚արժէր իր արտայայտութիւնը վայելել, վախեցած փիսիկի մը երեւոյթն ունէր եւ ես առաջին անգամ ըլլալով քիթս մխրճեցի իր վզին մէջ, աչքերս ուժով մը գոցեցի, որպէսզի չտեսնեմ հեռաւոր կամուրջին լոյսերը, ջրհանկիրներուն անցքը, բոցերուն պարը, որպէսզի… բայց Նէնէթ զիս վանեց… ահա՝ այդպէս է, որ հաշտուեցանք: Հիմա ալ անդադար կը պոռայ երեսիս. «Եանկին վաա՜ա, տա տա տա, տէ, տէ, տե…»:

«Նօրէն Լեսքիւռը եկաւ: Սաստիկ կատղեցայ: Առանց «գիշեր բարի» ըսելու ելայ դուրս: Չէի կրնար ինքզինքս զսպել. անպայման, անպայման կին մը կ՚ուզէի, կարծես Նէնէթի դէմ անհաւատարմութիւն մը գործելու համար, կարծես վրէժս լուծելու համար: Չկրցի ժամանցի տուն մը երթալ ու խենդի պէս ինկայ սենեակ: Աղջիկ մը դէմի դուռը կը զարնէր առանց պատասխան ստանալու: Առաջարկեցի, որ իմ սենեակս գայ եւ սպասէ: Հրաւէրս ընդունեց: Բաւական գեղեցիկ, վայելուչ եւ «հաւ»: Գանատացիի մը ընկերուհին է եղեր. կ՚ըսէ, թէ բանաստեղծ է ան, բայց բերին հոտը քիչ մը կը վնասէ այդ պարոնին բանաստեղծութեան: Իր մեծագոյն փափագն է ամուսնանալ ու բոյն կազմել, քանի որ, կ՚ըսէ, լուրջ աղջիկ է ինք: Ատոր համար թողուց, որ ուզածս ընեմ: Միայն թէ վերջին պահուն դիմադրեց. չուզեց տեղի տալ: Ըսի թէ` կը նողկամ ամուսնութիւնէն ու բանաստեղծութիւնէն: Ճամբեցի: Նէնէթը յաղթանակած էր իր արձակով»:

Եւ ահա, երկար մթութիւններէ յետոյ, վերջին էջը օրագրութեան.

«Ալ որոշումս վճռական է: Եթէ երբեք դեռ վարանումներ ունէի, զանոնք բոլորը երէկ գիշերուան սինէման վանեց: Առաջին առթիւ իսկ պիտի մեկնիմ առանց այլեւայլի, անվերադարձ կերպով: Հիմա այլեւս բացարձակապէս ապահով եմ, թէ այդ աղջիկը քիթիս կը խնդայ: Գիտէ թէ իրեն հանդէպ զօրաւոր համակրութիւն մը ունիմ, եւ պարզապէս կը շահագործէ այդ զգացումս, երբոր ես ամբողջ նուիրում կ՚ըլլամ…»:

Նէնէթ կեցաւ յանկարծ: Նախազգացում էր թէ չէ, իրապէս ճանչցաւ ոտնաձայնը…

Այո՛, կը մօտենար ան: Հազիւ ատեն ունեցաւ տետրակը գոցելով` դարակին մէջ նետելու, բայց չհամարձակեցաւ հրել զայն, վախնալով, որ կը ճռնչէ, եւ փախաւ: Ճիշտ ատենն էր: Դուռը բացուեցաւ. կից մը գոցեց զայն: Փիէռ մահճակալին վրայ նետեց ձեռքի ծրարը ու, կզակը օդին՝ երկարօրէն արտաշնչեց. սանդուխներէն շատ արագ բարձրացեր էր, կը հեւար: Անձեռոց մը քաշելով գլուխը կրկին չորցուց ու հայելիին դիմաց սանտրուեցաւ: Սկսաւ քիթին տակէն երգել. «Ես սիրել եմ մի զոյգ աչեր, նման փայլուն աստղերին»: Հանդերձարանին տակի դարակը քաշեց ու տեսաւ, որ «Նրանք խորն են որպէս եթեր, նման յուզւող ջըրերին…»: Ճերմակեղէններ առնելով, դարձաւ «ջրերին»— ու ժաքէթը նետեց: Հայելիին մէջ ինքնագոհ ժպիտով մը ինքզինքին վրայ հիացաւ, մինչ մերկ իրանին շուրջ դեռ քիչ մը շոգի կը դառնար, եւ կուրծքի պզտիկ մազերուն մէջ քրտինքի կաթիլներ կը փայլէին: Քիչ մը առաջուան վարը առած լոգանքը դնդերներուն կարծես աւելի ուժ էր տուեր: «Նրանք խորն են որպէս եթեր, նման յուզւող ջըըը…»: «Flûte, flûte» պոռաց յանկարծ, բանաստեղծութիւնը արձակի վերածելով: Պատահածը սարսափելի բան մըն էր. աղէտ մը պարզապէս: Թռիքոյին վրայ կոճակ չէր մնացած: Օ՜, այս կոճակի խնդիրը. մղձաւանջը մենաւոր տղոց։ Օ՜, դաւաճանութիւնը կոճակներուն, որոնք ամէն շաբաթ երեկոյ կմեկնին անվերադարձ. ինչպէ՞ս կարել զանոնք. հոգի քակել, կոճակ կարել: Ճերմակ դերձան գտաւ, բայց ասեղ չկար. ո՞ւր կորեր էր խայտառակը, ո՞ւր դրած կրնար ըլլալ: Փիէռ փնտրեց զայն նախ մոխրամանին մէջ, յետոյ հագուստներուն վրայ, բառարանին այն էջը, ուր aiguille գրուած է: Չկար, չկար: Թռիքոն ձեռքը` սենեակի շրջանը կ՚ընէր, մէկէն պատին վրայի լուսանկարներուն առջեւ կենալով ըսաւ. «Նէնէթ, Նէնէթ, դո՛ւն ըսէ, ո՞ւր է ասեղս» եւ յանկարծ յիշեց. դրան վրայ խոթած էր զայն, է՛ն վերը: Ծայրը ժանգոտած էր, բայց խնդիր չէ. սկսաւ կարել մահճակալին եզերքը նստած: «Նրանք խորն են, որպէս եթեր…»: Շնչեց, նորէն շնչեց, ասեղը անշարժացաւ օդին մէջ, ու Փիէռ, բերանը կղպած, ամբողջ ուժովը ներս քաշեց օդը: Աչքերը խոշոր-խոշոր բացաւ: Ուրկէ՞ կու գար այս բոյրը. Նէնէթեն էր, Նէնէթին բոյրն էր, շատ աղէկ կը ճանչնար զայն: Այլեւս ասեղ չէր փնտրածը. ատոր համար աչքերը այդպիսի փայլ մը ստացան ու սկսան արագ-արագ դառնալ: Ինք քարացեր էր, սակայն, վախնալով, որ զինքը շրջապատող անուշահոտութիւնը կը թռցնէ: Եւ ահա ակնարկը գամուեցաւ, ժպիտը մեծցաւ դէմքին վրայ, ու ծունկերն ի վար սահող թռիքօն հետը տարաւ ասեղ ու դերձան: Հանդերձարանին քովի վարագոյրին տակ կ՚երեւէին զոյգ մը տոտիկներ եւ սրունքներ: Այդ սրունքները ալ միայն Նէնէթ կը կոչուէին: Ձեռքերը բարձրացուցած մօտեցաւ անշշուկ. ի՜նչ ընել, ի՜նչ ըսել, ինչպէ՜ս սկսիլ… ու երկու ձեռքերովը նետուեցաւ վարագոյրին վրայի այն կէտերուն, ուր կ՚ենթադրէր ուսերուն վրայ պարապին հանդիպիլ։ Եւ պաստառը կաղապարուեցաւ այդ սիրական դէմքի վրայ. ահա քիթիկը, ահա այտերը, ահա թուշը… կը խնդա՞ր… Փիէռ իր հոգիէն պոռաց.

Նէննէ՜թ, Նէննէթ շեռի…

Ի՜նչ, ի՜նչ, սա՛ նայեցէք, սա պարոնին նայեցէք, ինծի այդպէս մե՞րկ կ՚ընդունիս: Շուտ, հագուէ տեսնեմ:

Երկուքն ալ կը խնդային: Փիէռ վերջապէս գտաւ ժաքէթը ու հագաւ, մինչ Նէնէթ կը շարունակէր գետնի թրիքօն ցոյց տալով.

Ա՛ս ալ վերցուր անմիջապէս, վերջը նորէն ժամերով պիտի փնտրես ու Նէնէթ պոռաս: Ըսէ տեսնեմ, եթէ ես հոս չըլլայի, ասեղդ ի՞նչպէս պիտի գտնայիր…

Բայց հիմա որ գտայ, ա՛լ չպիտի կորսնցնեմ, ալ կարելի չէ, որ կորսնցնեմ, հիմա որ Նէնէթս գտայ…

Նէնէթդ գտա՞ր, Նենե՞թդ… Ախ, ի՜նչ համարձակութիւն… նախ որ խնդիրը Նէնէթին վրայ չէ. ես ասեղ չեմ եւ յետոյ Նէնէթ գոյութիւն չունի: Եթէ այդպիսի մէկը կայ, ան մատամ Ժանն կը կոչուի եւ բնա՜ւ Նէնէթ:

Բայց միայն ինծի համար…

Լռէ՛, փորձանք տղա…

Փորձանք տղան լռեց: Ուրկէ այսքան պայծառութիւն սենեակին. Նէնէթին բաց գոյն tailleur՞ն էր պատճառը, թէ չէ տեղ մը սաւաններ էին փռուած: Երիտասարդը պահ մը վերջ շարունակեց, աղջկան տատամսումէն օգտուելով, քմծիծաղ մը շրթներուն, սրած ակնարկը չարաճճիութեամբ լի.

Գալով բուն խնդրին, իմ ասեղս բնաւ չեմ կորսնցնէր ես: (Ի՜նչ ստախօս): Երբեմն այսպէս կ՚անհետի ան, օրերով զինքը չեմ տեսնէր ու կը խորհիմ, որ ալ կորսուած է ինձ համար: Եւ ահա յանկարծ պահու մը, երբ է՛ն քիչը կը սպասէի իրեն, (ի՜նչ ստախօս) մէկէն դէմս կ՚ելլէ դռան մը ետեւ կամ վարագոյրի մը ետեւ կամ վարագոյրի մը վրայ… իրաւ է, որ սակայն այդ հանդիպումը երբեմն մէկ տեղս կ՚արիւնէ…

Էյ բաւակա՛ն է, լռէ ըսի. ես հոս չեկա քու bonimentներդ լսելու ու հետդ կատակելու: Հէ՞, չես հարցնէր անգամ, թէ ինչո՞ւ այս պահուս դէմդ եմ. այնպէս չէ՞, ա՛ գիտես յանցանքդ. շո՛ւտ, ըսէ տեսնեմ, ինչո՞ւ իմ երկու նամակներուս չպատասխանեցիր, ինչո՞ւ չհաճեցար գոնէ երկտող մը գրել ինձ, գոնէ բառ մը ըսել… ըսել է քաղաքավարութիւնդ ալ մոռցար. ինծի հանդէպ ունեցած յարգանքդ ալ մէկդի նետեցիր… ալ Նէնէթ չկա՞յ, այլ Նէնէթ չկա՞յ…

Փիէռ շատ կ՚ախորժէր անոր այդ արտայայտութենէն. երբոր այսպէս կը կարմրի, յօնքերը կը պռստէ, բառերը արագօրէն ու բարձրաձայն կը յաջորդեն իրարու, կարծես ստեղծելու համար քիչ մը տիրականութիւն եւ իսկական բարկութիւն, երբոր գլխի ու ձեռքերու պզտիկ շարժումներ կ՚ընէ… Սակայն երիտասարդը պատասխանեց լրջութեամբ ու պարզ.

Չպատասխանեցի. որովհետեւ ըսելիք մը չունէի. ինչ որ պէտք էր` ըսի շաբաթ երեկոյ: Ալ կարելի չէ, որ խանութ վերադառնամ աշխատելու. ես յամառ եմ: Գիտեմ, թէ այն գիշեր պէտք եղած բացատրութիւնը չունեցանք, բայց երկար բառերու պէտք չկար բնաւ. վստահ եմ, որ հասկնալի դարձայ: Աւելորդ է անգամ մը եւս անդրադառնալ…

Ես ատանկ բան չեմ գիտեր. վաղն իսկ, կ՚իմանա՞ս, վաղն առաւօտ իսկ գործիդ գլուխը պիտի ըլլաս: Երբոր գամ, պէտք է, որ… ի՛նչ, ի՛նչ, մեզի այսպէս լքել ճիշտ գործի եղանակի՞ն, առանց նոյնիսկ առաջուընէ իմաց տալու, առանց գոնէ…

Եւ խորհեցայ, որ եթէ Փարիզ մնամ, չպիտի կարենամ երթալ Նէնէթս տեսնելու փափագիս դիմադրել… որով պատրաստութիւններս տեսած եմ եւ երկու օրէն պիտի մեկնիմ Տինառ: Հոն պիտի անցընեմ արձակուրդի ամիսս ու վերջնականապէս հաստատուիմ…

Պիտի մեկնի՞ս, երկու օրէն պիտի մեկնի՞ս…

Լռեցին: Փիէռ ակնարկը գամեց նախ մահճակալի երկաթէ ձողին, յետոյ դռան վրայ ասեղին ձգած ծակին, աւելի ծակին, քան թէ ձողին: Ժանն գլուխը խոնարհեցուց: Անոր ակնարկը քանի մը շրջան ըրաւ մոխրամանին շուրջ եւ յետոյ բարձրացաւ պատիճին վրայ: Բայց որովհետեւ այս վերջինը պատին էր ցցուած, ինք ալ գլուխը այն կողմ դարձուց ու, վերագտնելով իր ինքնավստահութիւնը, վերադարձաւ քիչ մը առաջուան կիսատ մնացած յարձակողականին, նոյն բարկաճայթ շեշտով.

Հապա ասո՞նք, հապա ասո՞նք, ո՞վ քեզի իրաւունք տուաւ, որ զիս այսպէս ուզած տեղդ ցուցադրես, ի՜նչ իրաւասութեամբ, ըսէ տեսնեմ, bébé rose, enfant terrible! եւ քանի՜ հատ, մէկ Նէնէթ, երկու Նէնէթ, երեք Նէնէթ…

Պատին վրայ քով քովի շարուած էին երիտասարդ կնոջ դիմանկարները, բոլորն ալ Հայուն կողմէ լուսանկարուած, ժպիտով, անժպիտ, ամէնքն ալ լուսաճաճանչ: Փիէռ իր խորհուրդը փոխանակեց զուարթութեամբ եւ, քանի մը քայլ մօտենալով ըսաւ` ձեռքը պատին երկարած, առանց հոգ ընելու, որ բացուող ժաքէթին տակ մերկ կուրծքը կը լայննար.

Այս Նէնէթը առի, որովհետեւ կը սիրէի. այն Նէնէթը առի, որովհետեւ կը սիրէի, այն Նէնէթը առի…

Լռէ, ես ատւնք շատ աղէկ գիտեմ…

Ու այս խօսքը արտասանած պահուն ակամայ ձեռքի շարժումով մը սեղանին կիսաբաց դարակը ցուցուց: Փիէռ հոն նայեցաւ, ժպիտը ինկաւ, աչքերը բացուեցան: Արտայայտութիւնը այս անգամ անկեղծ էր: Նէնէթ անմիջապէս անդրադարձաւ սխալին՝ բայց ուշ. չհամարձակեցաւ բառ մը աւելցնել ու անշարժ կեցաւ: Թողուց, որ ան երթայ սենեակին միւս անկիւնը, պատուհանին առջեւ եւ սիգառէթ մը վառէ: Քիչ մը վերջ պզտիկ քայլերով մօտեցաւ իրեն, մեղմութեամբ սիգառէթը շրթներէն առաւ, նետեց ու թեւէն քաշելով` մահճակալին վրայ տարաւ.

La! Խելօքիկ մը քովս նստէ եւ լրջօրէն խօսինք, ալ հիմա շատ լրջօրէն պիտի խօսինք… Այո, իրաւունք ունիս, ես գիտեմ, ես շատ լաւ հասկցած եմ, թէ ինծի հանդէպ ի՛նչ զգացում կը տածես… բայց դուն չե՞ս գիտէր, որ Լեսքիւռր կայ…

Արագօրէն ձեռքովը ծածկեց աղջկան բերանը, դիմախաղով մը, որ կը նշանակէր. «Մի՛ ըսէր, կ՚աղաչեմ, ես գիտե՜մ արդեն»:

Անշուշտ թէ այս պահուս Պուլոեի լիճին վրայ կարապները կրկին ակօսներ կը շինեն, անշուշտ թէ տեղ մը յստակ ու վճիտ գետ մը կայ, որուն վրայէն հանդարտօրէն ու անտարբեր խցաններ կ՚իջնեն, բայց անշուշտ թէ այդ թռչունը զմայլելի անկիւնադարձներ կ՚ընէ ծառուղիներու վերջաւորութեան…

Նոյնիսկ եթէ երբեք ես ալ համակրութիւն մը ունենամ քեզի հանդէպ, ինչպէ՞ս կ՚ուզես, որ…

Արագօրէն ձեռքովը ծածկեց աղջկան բերանը, դիմախաղով մը, որ կը նշանակէր. «Մի՛ ըսէր, կ՚աղաչեմ, ես գիտե՜մ արդեն»:

Փիղերէն մէկը կը նայէր մոխրամանին, լքուած սիգառէթի կապտորակ ծուխին, մինչ երկու ստուերներ պատերու տակէ գաղտագողի բան մը կը հետապնդէին… Նուագածուները եկան, երգեցին ու գացին, մինչ երկու գաղտնի ոստիկաններ պատերու տակէն արեւի ճառագայթ մը կը հետապնդէին… Դուրսը շատցող աղմուկները կ՚ըսէին, թէ առաւօտը ճաշի էր գացած, բայց անշուշտ թէ, անշո՛ւշտ թէ տեղ մը մեծ սաւաններ էին փռուած…

Կարելի՞ բան է որ կարենանք, միայն սէրով, դուն եւ ես…

Արագօրէն ձեռքովը ծածկեց աղջկան բերանը դիմախաղով մը, որ կը նշանակէր…

O la barbe!, պոռաց Նէնէթ ոտքի նետուելով, պիտի չձգե՞ս, որ բան մը ըսեմ: Յետոյ եկաւ կրկին նստաւ տղուն քովը ու լռեց:

Մօտաւոր բակէ մը ջութակ մը բարձրացաւ. հի՛ն, շատ հին մեղեդի մը բոլորին ծանօթ, որ մինչեւ հոս կ՚ելլէր անհաւասար ալիքներով, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, մեղեդի մը, որ կուզէր աւելի երկրորդ յարկինը յուզել, քան չորրորդինը, որ ալ պարտասած երբեմն կը կառչէր ջուրի խողովակներուն, բայց որ կ՚ելլէր, բայց որ կ՚ելլէր մինչեւ հոս, այդ հի՜ն, շատ հին մեղեդին, բոլորին ծանօթ.

Tu Sais, Pierrot, դուն այսպէս պիտի մսիս…

Եւ երբոր պատասխան չստացաւ, տարաւ իր ձեռքը ժաքէթին տակ, տղուն մերկ կուրծքին վրայ: Փիէռ անմիջապէս անշարժացուց զայն իր դաստակէն ու այդպէս պահեց այնքան, որքան որ ուզեց: Յետոյ հարցուց իր կարգին. «Հապայ դո՞ւն»: Նէնէթ խուսափումի շարժում մը ըրաւ, բայց անշարժացուց տղուն ձեռքը իր դաստակէն եւ այդպէս պահեց զայն այնքան, որքան որ կրցաւ: Մանեակին հատիկները սկսան դողալ երիտասարդին յուզուած մատներուն վրայ, որոնք աջ կուրծքին սպիտակ մետաքսը կը ճզմէին: Միւս եռքովը գրկած` զայն իրեն քաշեց, սեղմուեցաւ, աւելի, աւելի, շնչառութիւնը կարճցաւ, ու շրթունքները դողացին: Նէնէթ քանի մը անգամ աջ ու ձախ դարձուց գլուխը բերանը փախցնելու համար եւ յետոյ մէկէն յանձնուեցաւ այն անվերջանալի համբոյրին: Եւ երբ զգաց, թէ տղուն կուրծքն ի վեր հեկեկանքով մըն է, որ տենչանքը կը բարձրանայ, աչքերը գոցեց ու ամբողջ ուժովը ծծեց զայն: