Երկեր թիւ 2

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

շ

Թէրէզն է, որ դուռը բացաւ. ժպիտի մը հետ պզտիկ բացականչութիւն մը արձակեց ու զինքը ընդունեց սիրալիր: Ո՛չ, Լէսքիւռը հոն չէր, բայց շուտով պիտի գար, իսկ Ժաննը երկու օրէ ի վեր բնաւ չէր երեւցած: Երկո՞ւ օրէ ի վեր. ըսել է ապտակին գիշերուընէ՞ն ի վեր…

Թէրէզը Լէսքիւռին միակ սպասուհին է: Սպասուհիէ աւելի բան մը անշուշտ, քանի որ այդ մարդուն ծառայութեանը մէջ է անցուցած գրեթէ իր ամբողջ կեանքը եւ հաւատարիմ կենդանիի մը պէս չէ լքած զայն նոյնիսկ դժուարին շրջաններ: Ինչպէս որ կը պատահի այսպիսի պարագաներու, տարիներու բոլորումով կամաց-կամաց ելած է` ան իր ծառայի հանգամանքէն` ամուրիին սա պարապ տանը մէջ կիսկատար տանտիրուհի մը դառնալու համար: Կարճ հասակի մէջ անորոշ տարիք, ներս քաշուած պզտիկ աչքեր, սուր քիթ, անարժէք բերան: Գլխուն եւ կուրծքին միջեւ ճաշակի տարակարծութիւն. մէկուն վրայ շլնիք` անցեալ նորաձեւութիւն, կուրծքը տափակ` ներկայ նորաձեւութիւն: Փիէռ պուլվար Սէն Ժէռմէն եղած ատենը անգամ մը լուսանկարեց այս կինը, յետոյ զայն տեսաւ հոս ըրած քանի մը այցելութիւններուն ընթացքին, մինչեւ որ դէպք մը եկաւ տեսակ մը մօտիկութիւն ստեղծելու իրենց միջեւ: Անցնող վերջին շաբաթներուն Փիէռն է, որ առաւօտեան դէմ մինչեւ հոս, իր տան դուռը ընկերացեր էր Լէսքիւռին, երբոր ան գինով, սանդուխներուն վրայ կը տատանէր:

Հիւրասենեակին մէջ առանձին մնալուն պէս, Փիէռ ոտքի ցցուեցաւ թիկնաթոռէն, գլխարկը արձակեց մէջտեղի սեղանին վրայ, ու դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ: Ճիգ մը ընելու պէտք չկար բնաւ` նախկին տրամադրութիւնը գտնելու համար: Հոգեկան այդ վիճակը երկու օրէ ի վեր իր պատուախնդիր երիտասարդի եսը կը դաշունահարէր, կը խեղդէր: Պէտք էր վերջանար այս տառապանքը, եւ մէ՛կ անգամէն: Դադրեցաւ սեղանին շուրջ դառնալէ, կեցաւ շըմինէին առջեւ, ինքզինքը դիտեց հայելիին մէջ: Դեղնած էր ու անքնութիւնը աչքերէն մէկուն մէջ քիչ մը կարմիր էր ձգած: Հիմա պիտի գար անշուշտ Լէսքիւռը եւ նորէն պիտի ըլլային դէմ դէմի, ալ այս անգամ բոլորովին առանձին. բան մը պիտի չըսէր, բառ մը պիտի չարտասանէր, որոշած էր. ահա կռուփը, ա՛յս կռուփը, ուղիղ` քիթին բերնին: Այս խնդիրը այսպէս կ՚աւարտի: Իսկապէս Հայ էր ան այս պահուս. բան մը չէր մնացած մեծ ոստանին իրեն պարտադրած կեղծ քաղաքավարութիւնէն, ծեքծեքանքէն, ձեւակերպութիւններէն: Արիւնը քանի մը վայրկեան զսպուած ըլլալուն համար կարծես աւելի կ՚եփէր երակներուն մէջ, ու արթնցած շիղերը կը թրթռային: Փիէռ անզսպելի կատաղութիւնը ունէր խածնելու, ճանկռտելու, բզքտելու: Սարսափելի արագութեամբ բան մը կը դառնար ու կը սպառէր կուրծքին տակ եւ որ պիտի լռէր անկասկած, եւ որ պիտի գոհանար միայն այն րոպէին, երբոր իր թեւը բարձրանար: Ի՞նչ պիտի ըլլար Troisiéme Empireին այդ կարկտանուած դիմագիծը, ինչպէ՜ս պիտի տատանէր արդեօք իր անուժ սրունքներուն վրայ, ինչպէ՜ս հարուածին տակ պիտի պարպուէր հպարտութենէ պայթած բալոնի մը պէս… Օ՜, Փիէռին այնպէս կու գար, որ այդ պահուն Նէնէթին արհամարհանքն է, որ պիտի տատանէր, անոր աւերող ժպիտն է որ պիտի լռէր: Ո՛չ, ո՛չ, Նէնէթին բա՛ն մը կարելի չէ ընել, բայց ասո՞ր, այս արարածի՞ն: Այո՛, որոշումը վճռական է, ահա կռուփը, այս կռուփը, ուղիղ` քիթին բերնին: Լէսքիւռ կ՚ուշանար սակայն, եւ իր համբերութիւնը շուտով սպառեցաւ: Սպասուհին ստե՞ց արդեօք: Յանձնարարուած էր, ծանօթ էր դէպքին եւ զինքը դիտմա՞մբ առաջնորդեց հոս, որպէսզի իր տէրը միւս կողմէն մեկնի: Աղմուկ մը լսեց. իր անցած դռնէն զատ սենեակը երկու դուռ եւս ունէր: Մէկուն առջեւ լայն վարագոյր մը կար, գիտէր, թէ ան ննջասենեակ մը կ՚առաջնորդէ, իսկ միւսը, ձախ կողմինը, ամբողջութեամբ չէր գոցուած:

Հրեց զայն: Կարճ նրբանցքի մը ծայրը կը նշմարուէր գրասենեակ մը: Փիէռ երկու քայլով հոն հասաւ. մարդ չկար. կեցաւ, շուրջը դիտեց, անվախ, համարձակ, յարձակողական: Պատուհանին առջեւի կապոյտ լամբով գրասեղանը ծանրաբեռնուած էր տետրակներով, թուղթերով, գրիչներով. այդ սեղանին վրայէն շատ աշխատութիւն էր անցած: Բացաւ տետրակ մը, ուզեց պրպտել, հասկնալ, բայց այդ անուններով ու հաշիւներով զբաղելու ի վիճակի չէր երբեք: Գոցեց, հեռացաւ: Երկու գրադարաններ կային գրասեղանին ետեւ, բարձր, թեթեւ, գեղակազմ: Պիտի մօտենար Փիէռ, երբոր ակնարկը մէկէն կառչեցաւ պատին` շրջանակի մը: Վա՜յ… խայտառա՜կ… գեղեցիկ է… շատ գեղեցիկ է… Մօտեցաւ, կեցաւ ճիշդ դէմը ու դիտեց աչքերը բաց: Բաւական մեծ շրջանակ մըն էր, փայլուն կաղնեփայտէ, ուր Նէնէթ կը ժպտէր զմայլելիօրէն, իր է՛ն կենդանի, է՛ն յատկանշական ժպիտով: Խիստ յաջող իւղաներկ մըն էր, անշուշտ լուսանկարի մը վրայէն պատրաստուած, ակադեմիական կատարելութեամբ մը: Նէնէթ իր մերկ ուսերը հաւաքած մուշտակի մը մէջ, գլուխը թեթեւ մը կը հակէր քիչ մը առաջ եւ, ակնարկին խորութեանը համար, եւ երկու լուսարձակներու մէջտեղ մազերուն վէտվէտումները կը սպառէին ամբողջ ոսկեգոյն երանգապնակէն: Պատկերին առջեւ Հայը կը տատանէր, կը տատանէր: Մէկէն հեռացաւ, գնաց պատուհանին վարագոյրները քաշել` սենեակը աւելի լուսաւորելու համար: Փափաքեցաւ նկարը առնել, հետը տանիլ, բայց ի՞նչպէս, ո՞ւր պահել որպէսզի դուրս ելած պահուն չնշմարուի: Առանց որոշում մը տուած ըլլալու, բարձրացաւ աթոռի մը վրայ եւ շրջանակը հանեց իր կեռէն: Անմիջապէս իր բարձրութենէն վար նետուեցաւ սակայն, շփոթած, շլմորած: Անակնկալի յայտնութեան առջեւ կարծես անմիտ` վիզը ցցելով` կը նայէր իր դէմը, առանց ըմբռնելու, իւղաներկը սեղմած կուրծքին: Շրջանակը բռնող կեռը իր բեռէն թեթեւնալուն պէս չոր աղմուկով մը նետուած էր վեր ու պատը անմիջապէս շարժած: Բացուողը գաղտնի դռնակ մըն էր, գոց վիճակին մէջ բոլորովին աննշմարելի` պատի թուղթին խաբող գիծերուն տակ: Փիէռ մօտեցաւ անցած դրան, ականջ տուաւ. ձայն չէր լսուէր. այո անգամ ուժ ստացած` կրցաւ որոշում մը տալ եւ շրջանակը գետին դնելով դէպի դռնակը յառաջացաւ: Խիստ պարզ կառուցուածք մը ունէր ան. վերէն կեռն էր բռնողը, որ ազատուելուն պէս տակը հաստատուած զսպանակին կը թոյլատրէր դռնակը հրել: Քաշեց ու բացաւ զայն ամբողջութեամբ: Մեծ ու խորունկ որմնախորշ մըն է մէջտեղ ելած, որուն բազմաթիւ դարակները ամբողջութեամբ բեռնաւորուած էին տուփերով: Փիէռ անմիջապէս ճանչցաւ Guilleminotին այդ կապոյտ տուփերը, որոնց մտերմութեանը մէջ էր ապրած երկար ատեն: Զարմացաւ սակայն, որ անոնց վրայ թիւեր չէին դրուած, ինչպէս որ կ՚ընէր ինք եւ ինչպէս սովոր է ընել ամէն լուսանկարիչ: Մէյմէկ տառ կար միայն պզտիկ թիւի մը առջեւ, որ տասնաւորը չէր անցնէր: Քաշեց ըստ բախտի տուփ մը, մօտեցաւ պատուհանին, դրաւ գրասեղանին վրայ ու բացաւ:

Աչքերուն առջեւ բարձր բռնած ապակին սկսաւ դողալ մատներուն մէջ, եւ որպէսզի վար չիյնայ, տղան ձեռքը իջեցուց: Յայտնութեամբ մը լուսաւորուած իր ակնարկը կը շարունակէր նայիլ դիմաց, անծանօթին մէջ, այս անգամ իրապէս ծանօթին մէջ: Զարմացումի րոպէն շատ շուտով անցաւ: Փիէռ անմիջապէս ըմբռնած էր: Ապակին կրկին բարձրացուց ու նայեցաւ, այր մը եւ կին մը, ամբողջութեամբ մերկ, մարդկային, այսինքն աւելի քան կենդանային դիրքով մը: Ապակիներու վարժուած մէկու մը ճարտարութեամբ պարպեց տուփը ափին մէջ, սկսաւ արագ-արագ նայիլ ամէնքն ալ: Մէկ շարք մըն էր, նոյն ցած անկողնին առջեւ առնուած, նոյն դերակատարներով, անոնց դիրքերն է, որ միայն ամէն անգամ կը փոխուէին: Փիէռ թողուց յանկարծ բոլորը, վերադարձաւ որմնախորշին եւ երկրորդ տուփ մը առաւ, յետոյ երրորդ մը, չորրորդ մը: Տեսաւ, որ պիտի շփոթէր. ճիգ մը ըրաւ միտքը հաւաքելու, նայեցաւ տուփերուն որոշելու համար այն տառերը, զորս տեսած էր ու զբաղեցաւ միւսներով: Ո՛չ, առանձին սովորական մերկութիւններ գրեթէ չկային. այլ միայն մարմնական յարաբերութիւններու բոլոր ձեւերը, դիրքերը, եղանակները պատկերացնող տեսիլներ: Միշտ զոյգ մը, ուրկէ սակայն շուտով այրը հեռացաւ: Հակառակ ամէն բանի Փիէռ չկրցաւ բնաւ այդ երկու կիներուն հետեւիլ. իսկ երկու այրերը իր նողկանքն ու կատաղութիւնը աննախընթաց աստիճանի մը հասցուցին: Ապակի մը օդին բարձրացուցած, Հայը ըսաւ խուլ ձայնով մը. «Troisiéme Empire, Troisiéme Empire, ահա քու Սըտանդ»: Իր յուզումին, արտորանքին եւ անհամբերութեանը մէջ ձեռքերը կը ղողային ու անկարելի պիտի ըլլար նայիլ յաջորդներն ալ, ուր դերակատարներուն թիւը երեքի կը բարձրանար: Ակնարկ մըն ալ սակայն ամենէն վարիններուն, ուր այրը մօրուք ունի եւ գլխարկը կ՚ըսէ, թէ կրօնաւոր մըն է, իսկ կինը իր սպիտակ գլխանոցով ու մերկ կուրծքին վրայի խաչով, իբրեւ թէ կրօնաւորուհիի ծպտում է ստացած: Շարք մըն ալ, ուր կը սկսի աներեւակայելի տողանցումը կապանքներու տակ տանջանքի ենթարկուած կիներու, զմայլելի, հպարտ գեղեցկութիւններու… Մէկէն ամէն բան դարակները… Ո՛չ, հատ մը գոնէ պէտք է առնել իբրեւ օրինակ, իբրեւ ապացոյց: Փիէռ առաւ հատ մը, յետոյ ձեռքը խոթեց աւելի ետեւ որմախորշին մէջ, տպագրուած օրինակներ գտնելու յոյսով: Անոնց փոխադրութիւնը աւելի դիւրին պիտի ըլլար: Մատները տուփի մը հանդիպեցան. փոշեպատ էր ան եւ առանց թիւի. բացաւ ու տեսաւ, որ շատ հին ապակիներ էին, քիչ մը դեղնած, ուր առանձին աղջիկ մը կերեւար… ոտնաձայն: Փիէռ չկրցաւ տուփը գոցել, մատները մէջ մէջի անցան եւ արտորանքին մէջ աղմուկը աւելցուց, շփոթեցաւ… մէկէն կրցաւ պաղարիւնութիւնը գտնել սակայն ու ցցուեցաւ ոտքի: Թէրէզը դրան մէջ էր հասած արդէն, ձեռքը խնձորին վրայ անշարժացած, աչքերը անհաւատալիօրէն լայն ու մեծ: Թէրէզը այդ պահուն միայն աչք ունէր: Բայց ի՞նչ, ի՞նչ պիտի ընէր. յայտնի էր, թէ անսպասելիին առջեւ չէր կրնար որոշում մը տալ, մտածումը կը տատանէր, եւ բաց մնացած բերանը անկարող էր բառ մը արտասանելու: Պիտի փախչէ՞ր, մէկէն դուռը վրայէն կղպելով, պիտի նետուէ՞ր սենեակին մէջ: Փիէռ մեծ ճիգ մը ըրաւ քիչ մը ժպտելու եւ, կարելի եղածին չափ սովորական ու զուարթ դրոշմ մը տալով խօսքին, ըսաւ.

Այդ ի՜նչ զարմացում է, Թէրէզ, այդ ի՜նչ վախ է… անհոգ եղիր, ես անծանօթ չեմ, ես ալ իրենցմէ եմ, եթէ այդպէս չըլլար, կրնայի՞ այսքան դիւրութեամբ գաղտնի որմախորշը գտնել… Կ՚ուզէի դեռ սպասել, բայց հաւանաբար մէօսիէօ Լէսքիւռը տակաւին պիտի ուշանայ…

Խօսելով հանդերձ` գոցեց դռնակը, Ժաննին դիմանկարը կրկին կախեց իր գամէն եւ զատած ապակին գրպանը դրաւ: Նոյն պահուն նշմարեց, որ վերջին փոշեպատ տուփէն դեղնած ապակի մը եւս մնացած էր դուրսը, ան ալ առաւ ստիպուած, դռնակը բանալու աշխատութիւնը չվերսկսելու համար: Իր շարժումներն ու խօսքերուն շեշտը հեռու էին սակայն կատարեալ հանդարտութիւն մը արտայայտելէ, ու Թէրէզ բնաւ համոզուած չէր թուեր: Ան քարացած էր միշտ դրան մէջ եւ կարծես մտադրած` տղուն ելքը արգիլելու: Փիէռ ըսաւ.

Թող որ փնտռածս չկրցի գտնել: Աւելի լաւ է, որ անմիջապէս հեռաձայնեմ Ժաննին. այդպէսով դուն ալ ապահովուած կ՚ըլլաս ու կ՚ազատիս մտատանջութենէդ: Կարծեմ Ժաննը խանութն է ըսիր, այնպէս չէ՞…

Խաղը յաջողեցաւ: Արագ քայլերով անցան հիւրասենեակ, ուր Փիէռ անմիջապէս վերցուց հեռաձայնի գործիքը: Ալ հոս ամէն բան յայտնի պիտի ըլլար սակայն եւ անակնկալի մը չգալու համար տղան ակնարկը չէր հեռացնէր սպասուհիէն, որ կրկին անշարժացած էր ելքի դրան առջեւ, նոյն անորոշ ու մտահոգ արտայայտութեամբ:

Ալօ՞, ալօ՞… Ժա՞նն. ես եմ, Փիէռ: Հիմա դուրս ելայ Լէսքիւռին տունէն ու անմիջապէս կը հեռաձայնեմ քեզ ըսելու համար հետեւեալը.

Նկարագրածիդ համաձայն շատ դիւրութեամբ գտայ գաղտնի որմախորշը եւ քանի մը ապակի առի… լռէ՛ եւ միայն մտիկ ըրէ… այդ ապակիները գրպանս են այս պահուս, եւ ես անմիջապէս պանդոկս կը վերադառնամ: Եթէ երբեք ճիշդ կէս ժամէն չգաս զիս հոն գտնել, ուղղակի ոստիկանատուն պիտի երթամ… լռէ՛ կ՚ըսեմ, խենթը ես չեմ… շատ վճռական եմ այս պահուս ու ամէն բան աչքս առած: Վերջին անգամ մըն ալ կը կրկնեմ. եթէ ճիշդ կէս ժամէն սենեակս չըլլաս ու չյանձնուիս, պիտի մատնեմ…

Մինչ այս` դրան զանգակը հնչած էր եւ Թէրէզ խենթի մը պէս նետուած դուրս: Քանի մը նախադասութիւն` նախասենեակին մէջ իրարու ետեւէ արձակուած, արագ, շատ արագ, խեղդուած ձայնով մը: Եւ Լէսքիւռ սենեակ մտաւ ճիշտ այն պահուն, երբոր Փիէռ հեռաձայնի գործիքը կրկին կը կախէր կեռէն: Հովի յորձանքի մը պէս մէկ դռնէն մտնելով կորսուեցաւ միւսին մէջ, բայց գրեթէ նոյնքան շուտով վերադարձաւ իր գրասենեակէն ու սկսաւ Փիէռին առջեւ երթեւեկել պզտիկ, զսպուած քայլերով, որոնք ջղագրգռութիւնը կը ջանային սանձել: Գերագոյն ճիգ մը կ՚ընէր պաղարիւնութիւնը վերագտնելու եւ հետզհետէ կը յաջողէր ալ կարծես, բայց դէմքին գոյնը եւ աչքերուն փայլը զինքը կը մատնէին բարձրաձայն: Փողկապը շտկեց բազմաթիւ անգամներ` վիզը երկարելով, ժաքէթին կոճակները կոճկեց ու քակեց, մատները շարժումներ ըրին անդադար եւ կրկնեց երկու անգամ նոյն միավանկը. «Էյ, ի՞նչ»: Երիտասարդը, ձեռքերը քիչ մը բանալով, գլխի թեթեւ շարժում մը ըրաւ ծաղրական ժպիտի մը ընկերացող յօնքերու անթերի խաղով մը: Այն ատեն է, որ միայն Լէսքիւռ անդրադարձաւ ու գլխարկը հանելով գաւազանին հետ դրաւ մէջտեղի սեղանին վրայ: Փիէռ վերցուց գաւազանը եւ սկսաւ խաղալ անոր հետ մարդուկին ինքնայատուկ եղող շարժուձեւերով, կռնակը տուած շըմինէին: Լպիրշ, արհամարհական, հրապարակ կարդացող կեցուածք մը, որուն կու գար միանալ տակաւին դիմագծերուն յաղթական ու ծաղրող արտայայտութիւնը: Բառ մը չէր արտասաներ, բան մը չէր ըսեր, գիտնալով, որ փրկութիւն մը պիտի ըլլար այդ մարդուկին համար, որ կատարելապէս մութին մէջն էր այս պահուս, անծանօթ կացութեան, մտադրութիւններու, որ չէր գիտեր ինչպէս սկսիլ, ինչ դիրք բռնել, ինչ ձեւով մօտենալ տղուն: Երկար պահ մը վայելելէ վերջ այն փոթորիկը, որ անելի մը մէջ ինկած այդ մարդուն մտածումը կը տապալէր գետնէ գետին, որ գիծերը ուզածին պէս կը քաշկռտէր դէմքին վրայ, կը պզտիկցնէր, կը մեծցնէր, կը պաղեցնէր անոր աչքերը, Փիէռ վերջապէս արտասանեց իր երկար նախադասութիւնը, բառերը հատ-հատ հնչեցնելով ու անոնց տալով դասական կեղծ ծեքծեքանք մը, զսպուած կատաղութեան մը մէջ:

Ընդունեցէք, մեծայարգ եւ արժանապատիւ տիար, իմ խորի՜ն, խորի՜ն յարգանացս հաւաստին… ընդունեցէք զանոնք, ո՜վ բարձրատաղանդ ու մաքրամաքուր պարոն պոռնկագիր…

Յետոյ ձայնին շեշտը մէկէն փոխելով` բարձրաձայն.

Կ՚ուզեմ, որ նախ ներողութիւն խնդրես: Կ՚ուզեմ, որ հիմա՛, անմիջապէս ներողութիւն խնդրես առջի գիշերուան ըրածիդ համար:

Լէսքիւռ ինքզինքը գտաւ: Պատասխանին համար չաճապարեց բնաւ. թողուց, որ նախ երկար պահ մը անցնի: Յետոյ թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծեց շրթներուն ծայրերը, կզակը քաշեց ետեւ ու այնքան հաշտարար, որքան տակաւին տիրական ձեւով մը պատասխանեց.

Եղածը ի՜նչ էր, որ: Եթէ էրիկ մարդ մը ըլլայիր, պիտի գիտնայիր, թէ բառով մը ներուելիք յանցանքները յանցանք չեն համարուիր…

Իրա՞ւ: Ու Փիէռ քայլ մը առաջ նետուեցաւ գաւազանը օդին` շրթունքները ուժով մի կատաղութիւնը խածած: Այդպէս մնաց սակայն անշարժ— շարժանկարի տեսիլի մը պէս, որ գործիքի յանկարծական խանգարում է ունեցած— բոլորովին անտարբեր առած դիրքին: Յետոյ աչքերը պզտիկցուց, յաղթական ժպիտի մը նմանող ծամածռութիւն մը պարզեց եւ, բարձր բռնած գաւազանը մատներուն մէջ խաղցնելով, ըսաւ.

Շնորհակալութիւն՝ ձեր խորհուրդին համար: Այո՛, պէտք չէ ներեմ. այդպէսով ինքզինքս աւելի ազատ պիտի կարենամ զգալ արարքիս գործադրութեան մէջ:

Եւ սակայն պոռնկագիրը իրմէ առաջ հասաւ դրան առջեւ:

Ո՞ւր, Փիէռ, ո՞ւր կ՚երթաս, կեցիր տեսնենք, ի՜նչ կայ, ի՜նչ եղար, իրար հասկնանք, ինչո՞ւ այդքան կատղէր ես, դուն տակաւին տղայ ես եղեր, ես քեզ հասունցած մէկը կը կարծէի, նստէ նախ խօսինք…

Ես ըսելիք մը չունիմ:

Բայց ես ունի՛մ, չեմ ուզէր, որ ինծի դէմ այդպէս բարկացած մեկնիս. պէտք է հասկացողութեան մը գանք, ես միշտ համակրութիւն ունեցած եմ քեզի հանդէպ. շատ լաւ գիտես, թէ համակրութենէ աւելի բան մը ունեցած եմ քեզի հանդէպ, Ժաննը կրնայ վկայել… պէտք է, որ խօսինք…

Կա՛րճ ըսէ:

Այսինքն թէ այո՛, խիստ անպատշաճ բան մըն էր նախորդ գիշեր պատահածը, որուն մէջ յանցաւորը միայն ես չէի անշուշտ. դուն ալ պատասխանատուութեան բաժինդ ունիս, սակայն ես ամբողջ կարելիս պիտի ընեմ դարմանելու համար, ես ամբողջ կարելիս պիտի ընեմ, որպէսզի այդ գէշ յիշատակը ջնջուի մտքէդ: Կ՚ուզեմ, որ ներես ինձ… ես քեզմէ տարէց եմ, տե՛ս… այդպիսի պարագաներու, մղուած չես գիտէր ինչ ուժերէ, զորս միջավայրն ու ծանօթներու ներկայութիւնը…

Փիէռ կեցուց զայն չոր ու կտրուկ.

Կ՚ուզես, որ ներե՞մ. լա՛ւ, ներեցի: Ու աւելցուց.

Եւ հիմա, թող որ մեկնիմ:

Լէսքիւռ վարանեցաւ պահ մը, բայց կրցաւ վերսկսիլ աւելի ուժգին, աւելի արագ.

Ո՛չ, Փիէռ, ո՛չ, ճշմարտութիւնը չես ըսէր, աչքերուդ մէջ կը տեսնամ, որ անկեղծ չես այս պահուս. ես քեզ այսպէս չեմ ճանչցած. եթէ այդ խօսքը սրտէդ գար, պիտի չվարանէիր ապացոյցը անմիջապէս տալու:

Ի՞նչ ապացոյց:

Ապացոյցը, որ ինծի դէմ ա՛լ բան մը չունիս, թէ կ՚ուզես, որ կրկին լաւ բարեկամներ մնանք: Տուր այդ ապացոյցը ինձ, ու ձայնը ցածցնելով, վերադարձո՛ւր ներսէն առած ապակիներդ:

Փիէռ քայլ մը ընկրկեցաւ անմիջապէս եւ արտառոց քահ-քահ մը արձակեց. բարձր ու կեղծ քահ-քահ մը, որ կարծես մարմարէ աստիճանէ կ՚իջնէր մետաղէ պարապ տակառի մը. «Հա՛, հա՛, հա՛…: Ririgole, Brrigadier, Rrrigole Brrigadier…» եւ ձեռքը միշտ գրպանին վրայ` շարունակեց. Զզուելի՛ արարած, զիս այնքա՜ն միամիտ կարծեցիր, որ քու այդ քանի մը զարդարուն նախադասութիւններէդ խաբուիմ, այնքան մանուկ՝ որ տեղի տամ այսքան դիւրութեամբ, հիմա, որ վերջապէս կրցի ձեր վրայ գերակշռութիւն մը ձեռք անցընել, ձեզ ունենալ այսպէս ափիս մէջ, հիմա որ ա՛լ իմ կամքէս ու քմահաճոյքէս է կախուած ձեր ամբողջ ճակատագիրը…

Ի՞նչ պիտի ընես…

Ի՞նչ պիտի ընեմ: Օ՜հ, անհո՛գ եղիր, ամենէն առաջ դուն պիտի լսես ըրածս. ամենէն առաջ քեզի պիտի գան իմացնել անհրաժեշտ բոլոր ձեւակերպութիւններով…

Պիտի մատնէ՞ս զիս…

Հապա կը սպասէիր, որ պաշտպանե՞մ քեզի պէս աղտեղութիւն մը, կղկղանք մը, մէկը որ բարոյականին ինչ ըլլալն ալ չի գիտէր: Օ՜, այդպիսի շարժում մի՛ ընէր, գիտեմ, որ այդ բառը քեզի համար իմաստ չունի, բայց ինծի համար ունի: Դուն, որ ամբողջ հարստութիւնդ եւ դիրքդ ուրիշներուն թշուառութեամբ, խեղճ ու տկար կամքերու շահագործումով ես դիզեր, միտքեր ու մարմիններ ես քանդեր, փշրեր… Ասկէ աւելի մեծ ոճիր ի՞նչ կայ, երբոր տարիքներով աշխարհի վրայ կը նետես համակ թոյն եղող այդ զարհուրելի պատկերներդ… Sadique... !

Դաս մը արտասանելու պէս պոռնկագիրը պատասխանեց հատ հատ.

Անբարոյականութիւնը չի փոխանցուիր: Ան զգացում մըն է, որ կրնայ զօրանալ կամ տկարանալ, բայց չի ծնիր, բայց չի մեռնիր: Ճիշտ մեր` Աստծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքին պէս:

Դժբախտաբար ես շատ Արեւելքցի եմ եւ շատ Հայ, այլ խօսքին իմաստը կարենալ ըմբռնելու համար: Ես քեզ առիթը պիտի տամ, որ դուն զայն կրկնես քո՛ւ ազգակիցներուդ: Տեսնենք ոստիկանութիւնն ալ համակարծիք պիտի գտնուի՞ քեզի: Առ այդ…

Ի՞նչ, ի՞նչ, ըսել է խնդիրը լուրջ է. պիտի մատնէ՞ս զիս, պիտի մատնէ՞ս զիս… բայց ես քեզի ի՞նչ ըրի, թշուաւռակա՛ն, ես քեզի ի՞նչ ըրի: Ատանկ ոչինչ բանի մը համար կ՚ուզես իմ տո՞ւնս քանդել, կ՚ըմբռնե՞ս ըրածիդ ահաւորութիւնը. պիտի կործանիմ, պիտի փճանամ, բան մը չպիտի մնայ, ես բանտերը պիտի մեռնիմ, պիտի առնեն ապակիներս… ապակիներս… Փարիզի է՛ն կատարեալ հաւաքածոն է… ասկէ լաւը չկա… ի՞նչ ըրի ես քեզի, ըսէ, ի՞նչ ըրի, թշուառակա՛ն…

Այս անգամ իր երկու ձեռքերուն ամբողջ ուժովը կառչած էր տղուն, ա՛լ բոլորովին անտարբեր` իր կեցուածքին: Տարեց անդամները կը դողային ըրած այդ անսովոր ճիգին ու ջղագրգռութեանը մէջ. ինչպէս կը դողար վարի կախ շրթունքը, աչքերուն պէս թաց: Տարօրինակ գոյն մը ստացած էր դէմքը, եւ գլխուն վրայի քառասունըեօթը մազերէն ոմանք ոտքի կանգնած կը նայէին: Փիէռ բան մը չէր ըսէր ալ ու ակնարկը յառած կը մնար Լէսքիւռի ոտքին, որ դրան դէմ էր դրուած:

Troisiéme Empireին աչքերը մէկէն փայլեցան սակայն կարծես յայտնութեան մը առջեւ, ու նոյն հատանուած շարժումներով գրպանէն բան մը հանեց: Փիէռ անմիջապէս ճանչցաւ չէքի տետրակը, խլեց զայն եւ նետեց սենեակին միւս անկիւնը: Մէկէն կատաղի ու անդիմադրելի ուժ մը բարձրացաւ տղուն մէջ, խորունկ եւ մեծ ալիքի մը նման: Յանկարծական եւ ուժգին շարժումով մը թեւերը ազատեց, ու նետուեցաւ դիմացինին վրայ: Իր ուժեղ ձեռքերուն մէջ առաւ անոր գլուխը, եւ բթամատերուն ամբողջ զօրութեամբը սկսաւ ճնշել ականջներուն տակի փափուկ կէտին վրայ: Վիրաւորուած կենդանիի նման գէշ ճիչ մը արձակեց Լէսքիւռ, թեւերուն կապը թուլցուց ու ծրարի մը պէս գնաց իյնալ պատին` աթոռ մը տապալելով: Փիէռ անմիջապէս զղջաց սակայն: Հակառակ իր ամբողջ կատաղութեան, հակառակ մեկնիլ ուզելու իր փափաքին՝ մարդուն այդ խղճալի տեսքը կարծես արգիլեց, որ կարենայ անմիջապէս փախչիլ։ Մնաց, ու նոյն պահուն իսկ դուռը բացուեցաւ մէկէն, ու կրկին երեւցաւ Թէրէզ, սարսափած, դողդոջուն: Ոտնաձայն չէր լսուած բնաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դրան ետեւն էր ան ու ամէն բան մտիկ կ՚ընէր:

Կորսուէ՛, գոչեց Լէսքիւռ, դուն խոհանո՛ցդ կորսուէ, ցնդա՜ծ պառաւ:

Դուռը կրկին գոցուեցաւ, ու սպասուհիին կիսակօշիկները փախան նախասենեակէն: Եւ մինչ Ֆրանսացին ոտքի կանգնած փողկապն ու մազերը կը յարդարէր, Հայը տկարացաւ: Մտածումէն դէպի զգացում սահեցաւ ան: Չկրցաւ աւելի երկար դիմադրել զինքը տառապեցնող նիւթին մօտենալու փափաքին: Երեւակայութեան պաստառը ամբողջութեամբ ստացաւ սրտէն քակուող ժապաւէնը, եւ արագօրէն, շատ արագօրէն եկան ու անցան Նէնէթներ, Նէնէթի գլուխներ, ժպտուն, անժպիտ, անտարբեր, մերժող, բայց մանաւանդ մերժող: Քիչ մը մօտեցաւ Լէսքիւռին ու անանկ ձայնով մը ըսաւ.

Ինչո՞ւ Ժաննը ձեռքէս առիր, ըսէ՛, ինչո՞ւ առիր…

Խաղը չէր կորսուած բնաւ ու կարելի փրկութեան մը յոյսը պոռնկագիրին կուրծքը ուռեցուց: Ան վերստին անցուց ամբարտաւան, շնական մարդու իր դիմակը, որ հիմա աւելի անհանդուրժելի էր դարձած հարուածին տակ ստացուած ծամածռութեամբ: Գլուխը դարձնել իսկ չբարեհաճեցաւ ու քովնտի ակնարկով մը պատասխանեց.

Պէտք էր պահել գիտնայիր…

Un՛ւտ ես, յանցաւորը ես չեմ բնաւ. ոչինչով կրնամ ինքզինքս մեղադրել. գիտէի թէ ինչ միջոց պէտք էր զայն վերջապէս ինծի կապելու համար, բայց այդ միջոցը կը պակսէր ինձ: Դրամ չունէի: Միայն այդ չունէի եւ բնականաբար ամէն բան կորսուեցաւ: Միտքէս իսկ չանցուցի քեզի պէս ապօրինի ու ոճրային միջոցներու դիմել, հակառակ անոր, որ գիտեմ, թէ ձեր այս կիները բոլորն ալ կը գնուին պարզապէս… Այո, կը գնուին, երբոր չեն ծախուիր…

Այդ որքա՛ն քիչ ես ճանչցեր Ժանէթը… Ուրիշներու համար թերեւս, բայց ան…

Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս… Քիչ մը վերջ իրողութիւնը պիտի գայ հաստատել, թէ երկուքէս ո՛րը չի սխալիր: Ես հեռաձայնեցի իրեն, յայտնեցի նպատակս, սպառնացի: Գիտէ, թէ ոչինչ կրնայ արգիլել իմ այսօր ոստիկանատուն երթալս: Եւ դուն կ՚ըսես, թէ ան միայն սրտին անսացող աղջիկ է… եւ դուն գիտես նմանապէս, որ ալ ոչինչ կայ անոր ու իմ միջեւ, թէ Նէնէթը ալ բնաւ զիս չի սիրեր… Որով ես ազատ եմ, ուզածս պիտի ընեմ, քանի որ այդ հաշուով հաւանական չէ, որ տեղի տայ, գայ յանձնուի ինծի…— Ո՛չ, լռէ՛, կը բաւէ որքան որ ատեն կորսնցուցի հոս: Գիտես, թէ ժամադրութիւն ունիմ. պէտք է որ մեկնիմ:

Լաւ՛, լաւ, մեկնէ, բայց ալ ձգէ՛ ապակիները. այլեւս անոնց պէտք չանիս դուն: Հիմա, որ զիրար հասկցանք, հիմա, որ պայմանիդ տեղեկացայ, ալ խնդիրը դիւրացած է:

Վա՞յ…

Այսինքն` թե… ըսել կ՚ուզեմ, որ աւելի պարզացած է… Ամէն պարագայի մէջ, առնուազն քանի մը օրուան պէտք կայ: Անհրաժեշտ է, որ նախ ես Ժանէթը տեսնեմ, զրոյց մը ունենանք, շօշափեմ իր տրամադրութիւնները…

Եւ միւս կողմէ ամէն բան փախցնես ասկէ ու ճիրաններէս պրծի՞ս… գորտի ձա՛գ: Այսօր իսկ. կ՚իմանա՞ս, այսօ՛ր իսկ պէտք է ամէն ինչ աւարտի, պէտք է, որ գայ…

Բայց համբերէ, կու գայ, անշուշտ թէ կու գայ:

Անշո՞ւշտ թե…

Է՜յ. գոչեց Լէսքիւռ նեղսրտութեամբ, դիմակը կրկին կորսնցուց. ի՛նչ կ՚ուզէք ան ըրէք, ինծի՜ ինչ… բայց զիս հանգիստ ձգեgէք, զիս հանգիստ ձգեցեք…— Ո՛չ, ո՛չ, սպասէ… օր մը, գոնէ օր մը միջոց տուր…

Երկուքն ալ անշարժացան յանկարծ դրան առջեւ, ականջները ցցելով: Ջղայնոտ մատ մը դուրսի դռան ելեկտրական կոճակը կը սեղմէր անդադար: Երբոր ծառան գնաց բանալ, անմիջապէս ճանչցաւ այդ ջղայնոտ մատը, իր ձայնէն: Նէնէթն էր: «Լո՛ւռ, ըսաւ Փիէռ` մատը շրթներուն տանելով, ես միւս կողմէն կը մեկնիմ»— ու նետուեցաւ աջ կողմի դրան մէջ, որ ննջասենեակ կ՚առաջնորդէ եւ որուն առջեւ կանաչ լայն վարագոյր մը կար կախուած: Անոր ետեւ կեցաւ սակայն պահ մը եւ սպասեց: Լսեց դրան բացուիլն ու կանացի ներբաններուն կճռտուքը: Բա՛ռ չէր արտասանէր: Վերջապէս Լէսքիւռի մէկ ձայնը աղերսեց. «Ժանէթ, Ժանէթ… փրկէ՛ զիս»: «Օ՜հ, մի՛ դպիր, մի՛ դպիր»— ըսաւ Նէնէթ: Երիտասարդը ոտքի ծայրերուն վրայէն կտրեց անցաւ ննջախուցը, միւս կողմէն հասաւ նախասենեակ, եւ երբ կը պատրաստուէր զգուշութեամբ քաշել ելքի դուռը, իմացաւ Նէնէթին ձայնը, որ կը պոռար.

Շո՛ւտ, Թէրէզ, լազուարթ «թայեէօ՜ր»ս, նոր կօշիկներս, միւս գլխարկս, շո՛ւտ, շո՛ւտ…

* * *

Զա՜րկ, Կովկաս, թէեւ գիտեմ, թէ, զա՛րկ, Կովկաս, թէեւ գիտեմ, թէ, զա՛րկ, Կովկաս, թէեւ գիտեմ թէ… Դարձաւ, դարձաւ, դարձաւ… ծխնելոյզներու վրայ կեցած հրշէջ զինուորներու պէս, վայրկեանները տեղ-քայլ ըրին անդադար… ախ, ըլլայի՜, ըլլայի՜, դա դա դա դա դա դա դա, ան մէկ բանը ըլլայի, սպասումիս եւ յոյսիս հետ այն գիշեր, սպասումիս եւ յոյսիս… եւ յոյսիս… Եւ ինք դարձաւ, դարձաւ: Որքան որ սեղանին շուրջ քայլերը արագացուց, ժամացոյցին սլաքները այնքան իրենց գնացքը դանդաղեցուցին: Գերմանական զարթուցիչները բոլորն ալ խոտոր համեմատութեան կանոնը գիտեն:

Ու պարտուած` ա՜լ նստաւ: Աթոռը տապալէր էր անկիւն մը եւ ինք համբերութիւնը չունէր մինչեւ մահճակալը յառաջանալու. ահա թէ ինչու գետինն է, որ նստաւ Փիէռ, գրեթէ ինկաւ: Ձեռքերը կապեց ծալուած ծունկերուն շուրջ եւ այս անգամ ճշմարիտ ճիգով մը սկսաւ մտածումները դասաւորել: Նախ պէտք էր ժամը նայիլ. սեղանին վրայ չորս ժամ կար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երեքն է, քանի որ ժամ մը առաջ տարած էր զարթուցիչը: Ուրեմն… ուրեմն ժամանակամիջոցը լրացած է լիովին, եւ Նէնէթը հոս չէ այս պահուս… հոս չէ այս պահուս, քանի որ չեկաւ: «Վա՜յ, չեկար հա՞, այդպէ՛ս ուրեմն, չե՞ս գար, չե՞ս գար… բայց այն ատեն ինչո՞ւ նոր հագուստները ուզեց. մանաւանդ լազուարթ «թայեէօր»ը… լազուարթ «թայեէօր»ը, է՛ն սիրելին… իրաւ է, թէ կիները շուտով չեն կրնար հագուիլ. ալ ատիկա առածի կարգ անցած բան մըն է… եւ սակայն թալբօն վարն էր, դրան առջեւը… Ճի՛շտ ժամ մը առաջ տարած էի, այնպէս չէ՞… Վա՛յ, չեկար, հա՞, չեկար, հա՞…»:

Մտածումները յորձանապտոյտ կը դառնային: Երիտասարդը զգաց, որ խաղը վերջնականապէս կը խուսափէր մատներէն, եւ իր անհամբերութիւնը յուզումի փոխուեցաւ:

Այրող, խարանող ցաւ մը, որոշում չկարենալ տալու մտալլկումը եւ քանի մը ժամէ ի վեր այսքան սաստկացած յուզումը տղան ճմռթկեցին չգանձուելիք մուրհակի մը պէս: Ինք ապահով էր իր յաղթանակին, բացարձակ վստահութիւնն ունէր, թէ Լէսքիւռ եւ Ժանն տեղի պիտի տան սպառնալիքին առջեւ ու բնաւ անկեղծօրէն չէր խորհած մատնութեան. ոստիկանապետին պատկերը երբեք մտածումէն չէր անցած: Մատնե՞լ, բայց ինք շատ լաւ կ՚ըմբռնէր, թէ ինչ հետեւանք պիտի ունենայ այդքան անխորհուրդ արարք մը: Անոնք վայրկենապէս պիտի փճանային, այո՜, բայց ի՞նչ պիտի շահէր ինք: Նէնէթը պիտի կորսնցնէր վերջնապէս, վերջնապէս… Յաջորդող խղճի խա՞յթը հապա: Եւ ըսել, թէ միայն այսօր է, որ գործելու կարելիութիւնն ունի, եւ վաղը արդէն իսկ ամէն ինչ ուշ պիտի ըլլայ: Օ՜, եթէ գոնէ խորհելու ժամանակ ունենար, անդրադառնար աւելի վերջ, հանդարտ միտքով…

Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ չեկաւ: Ըսել է Լէսքիւռ իր կարծածին չափ տկար ու վախկոտ մէկը չէր բնաւ. կրցաւ վերջին րոպէին հակառակ ոստում մը ընել եւ արհամարհել սպառնալիքը, կրցաւ չճկիլ, չխոնարհիլ, ինքզինքը պարտուած չյայտարարել: Եւ չթոյլատրե՞ց… բայց ուրեմն ի՞նչ բանի է վստահած. ինչո՞ւ զինքը կը մղեն գործելու. ինչո՞ւ աղէտը անխուսափելի կը դարձնեն: Քիչ մը տկարութիւն, քիչ մը աղերս ու գորով պիտի կարենային…

Սանդուխներուն վրայ ոտնաձայն լսելուն պէս, Փիէռ նետուեցաւ ոտքի եւ դուռը բացաւ: Վեր ելլողը պանդոկին սպասուհին էր, աւելներով ու ջնջոցներով ծանրաբեռն: Երիտասարդին տեսքը զայն կեցուց աստիճանի մը վրայ:

Դուք հո՞ս էք դեռ, ըսաւ զարմացած, ձեր բարեկամուհին վարը ձեզի կը սպասէ… եւ երկար ատենէ ի վեր: Կառքովը եկաւ, նայեցաւ, թէ բանալին իր տեղը չէ ու գնաց նորէն կառքին մէջ նստիլ։ Կը կարծէի, որ ժամադրութիւն ունիք եւ տեղեակ էք, որ…

Փիէռ չլսեց վերջին բառերը: Սենեակ վերադառնալով բոլորովին շփոթեցաւ: Ուրեմն իր կարծածին պէս չէր եղած. եկած էր ան, սակայն զինքը կը փորձէր, գիտնալու համար, թէ որոշուած ժամուն պիտի երթա՞յ մատնէ, թէ ոչ: Եւ եթէ չերթա՞յ… Ըսել է Նէնէթը պիտի մեկնի ապահով, առանց վեր ելլելո՞ւ, առանց տեղի տալո՞ւ, առանց յանձնուելո՞ւ… Անզուսպ ջղագրգռութեան մը նշաւակ երիտասարդը չէր գիտէր ինչ ընել: Արդեօք սպասե՞լ քիչ մըն ալ, մինչեւ որ ան վեր բարձրանայ: Հապա եթէ մեկնի անտարբեր, հապա եթէ մեկնա՞ծ է արդէն իսկ… Վերջնական որոշումով մը երիտասարդը խլեց գլխարկը ու նետուեցաւ սանդուխներէն վար:

Հակառակ այն կողմ չնայելուն, տեսաւ բալի գոյն թալպօն, լսեց Նէնէթին կանչը, սակայն բոլորովին անտարբեր` սկսաւ յառաջանալ գլուխը կախ, արագ, շատ արագ քայլերով:

Չոր աղմուկով մը կառքին դռնակը բացուեցաւ անմիջապէս, եւ Նէնէթ զինքը կեցուց քանի մը քայլ անդին, մարմնովը ճամփան խափանելով: Եւ առանց րոպէ մը ատեն տալու, սկսաւ բառերը իրարու ետեւէ արձակել արագօրէն, խիստ արագօրէն, գոց ձայնով մը… Միավանկեր, բացականչութիւններ, խօսքեր, որոնց իմաստին հետեւելու պէտք չունէր տղան` ըսածը ըմբռնելու համար: Իր յուզումին մէջ բոլորովին անկարող էր բան մը ընելու, պատասխանելու, զայն լռեցնելու, եւ հիմա իրապէս անկեղծօրէն կը փափաքէր երթալ իր նպատակին, մէկդի նետել այդ արգելքը եւ յառաջանալ: Խափանուած ճամփան զինքը աւելի կը մղէր գործելու, իրեն քիչ մը աւելի ուժ կու տար եւ սիրուհին արհամարհելու չափ կատաղութիւնը կը սրէր: Ու իր թեւերուն կառչած կանացի այդ ձեռնոցներէն յաջողելով վերջապէս զսպել, անշարժացնել, կը պատրաստուէր փախչիլ սրունքներուն ամբողջ ուժգնութեամբը, երբոր խօսք մը մէկէն զինքը կեցուց: Նէնէթ տղուն փարելէն ի վեր չէր դադրած ձեռքերը անոր մարմնին վրայ պտտցնելէ, բոլոր գրպանները դուրսէն խուզարկելէ, եւ հիմա կ՚ըսէր.

Վրադ չեն ապակիները, չե՜ս առէր զանոնք: Օ՜հ, ես վստահ էի… ես վստահ էի, որ այդպիսի բան մը չպիտի ընես, անկարող ես դուն այդ արարքին, անանկ չէ՞, Փիէռօ… չէ՞ Փիէռօ… ըսէ՛, անցա՞ւ բարկութիւնդ, ալ նեղացած չե՞ս ինծի դէմ… թող, որ ալ հանգիստ սրտով մեկնիմ… այո՞, այո՞, մեկնի՞մ…

Ի՞նչ, ի՞նչ, դեռ դուն կատա՞կ կը կարծես, դեռ կը վարանի՞ս հաւատալու եւ կ՚ուզես անմիջապէս մեկնիլ զիս կրկին մայթին վրայ լքելո՞վ… բայց ես. ես երդուընցայ քեզ տառապեցնել, քեզ ցաւցնել, փչացնել քեզ, եւ ես… Օ՜հ, մի կարծէր, թէ պարկեշտութիւնս կամ սէրս է, որ արգիլեց. մոռցայ պարզապէս… Սպասէ՛, վայրկեանի մը գործ է, մոռցայ պարզապէս…

Եւ վազելով վերադարձաւ պանդոկ:

Երբոր մահճակալին տակ պահուած ապակին առնելով ցցուեցաւ ոտքի, Նէնէթը ետեւէն հասած էր արդէն: Ներս մտաւ ան, սենեակին դուռը գոցեց, կղպեց ու բանալին առաւ: Երկուքը մնացին դէմ դէմի, անշարժ: Այս վերելքը քիչ մը շատ արագ էր եղած ֆրանսուհիին համար, որ կարմրեր էր եւ որուն կուրծքին ելեւէջները որոշ կերպով կը տեսնուէին: Ան պատրաստուեցաւ գլխարկը գլխէն քաշել, բայց բարձրացող ձեռքը ինկաւ յանկարծ եւ մնաց կողն ի վար կախ, անշարժ: Նէնէթը գլուխը ցցեց ու իր բացուող աչքերուն է՛ն լեցուն ակնարկը, լայնօրէն, առատօրէն ու դանդաղօրէն պտտցուց սենեակին մէջ, մէկ անկիւնէն միւսը, մահճակալէն մինչեւ պատերը, լայնօրէն, դանդաղօրէն: Փիէռ չկրցաւ շարժում մը զսպել, երբոր ըմբռնեց իմաստը այն ակնարկին, որ իր շրջանակը կը վերագտներ, որ վայրկեան մը գոնէ կը յուզուէր կարծես ի տես այն իրերուն, որոնց մտերմութեանը մէջ ապրէր էին օրեր, օրեր…

Պահ մը:

Երիտասարդ կինը դանդաղօրէն յառաջացաւ քանի մը քայլ ու ակնարկը մերկ պատին` ըսաւ.

Ու՞ր են իմ լուսանկարներս…

Այդքան դժուարութեամբ Նէնէթին ձեւաւորած այդ րոպէն իր վերջալուսային խորհուրդը կորսնցուց, երբոր տղան հայհոյութիւն մը արձակելու շեշտով պոռաց. «Դերասա՜ն»: Յետոյ գլխարկը քաշեց յօնքին վրայ, ապակին թուղթի կտորի մը մէջ փաթթելով տեղաւորեց գրպանը, մօտեցաւ կնոջ ու ըսաւ.

Եւ հիմա, տո՛ւր սա բանալին:

Երբե՛ք:

Գիտես, թէ կրնամ առնել, եթէ ուզեմ: Տո՛ւր սա:

Երբեք:

Հէ՞, երբե՞ք, երբե՞ք, ըսել է զիս իմ սենեակիս մէջ բանտարկե՞լ է միտքդ, զիս լռութեան դատապարտելու միակ միջոցդ ա՞յդ է… Մի՛ ստիպեր զիս. գիտես, թէ քեզմէ ուժով եմ. տո՛ւր:

Երբե՛ք. չպիտի համարձակիս:

Պիտի՞ չհամարձակիմ, պիտի չհամարձակի՞մ վրադ բռնանալ… ե՞ս… Լա՛ւ, շատ լաւ… նայէ կրնա՞մ պանդոկապետը վեր կանչել, թէ ոչ:

Ոչ, Փիէռ, չեմ ձգեր… չեմ ձգեր…

Մի՛ մոռնար, որ Հայ եմ. գիտես յամառ ըլլալս, բայց չես գիտէր, թէ մենք որքան ոխակալ ենք, աններող ենք: Ըսի թէ պիտի երթամ, եւ պիտի երթամ:

Չկրցաւ սակայն պատուհանը բանալ: Նէնէթ իրեն պլլուեցաւ ամբողջ ուժովը եւ իրական աղէտին դիմաց վերջապէս վտանգը ըմբռնելով, սկսաւ աղերսարկու դառնալ, ձայնին շեշտը փոխել ու մարմինը սեղմել տղուն:

Կը յուզուի՞ս, վա՜յ, կը յուզուի՜ս… վերջապէս: Բայց յիմար աղջիկ, դուն չկրցա՞ր խորհիլ, որ այսպիսի պահու մը ուժով չէ, որ կրնաս ինծի յաղթել, այլ տկարութեամբ… Ես, որ լքուած ու պարտուած մը ըլլալու վիշտը ունիմ, քու կրաւորականութեանդ, կանացի աղապատանքիդ եւ տկար շեշտիդ առջեւ միայն կրնայի տեղի տալ, մինչդեռ դուն իմինիս հաւասար ուժով մը կը ներկայանաս ինծի: Փոխանակ անմիջապէս գալ յանձնուելու, անկարողութիւնդ խոստովանելու, դեռ զիս կ՚ուզես փորձել, կը սպասես վարը, բոլորովին անտարբեր իմ տառապանքիս, եւ երբոր կը ստիպուիս վեր բարձրանալ, այս հրամայական շե՞շտը կ՚ուգայ միայն շրթներուդ… Դեռ կը կռուի՞ս: Գիտցիր, որ ալ շատ ուշ է սակայն. այլեւս ոչի՜նչ, ոչի՜նչ պիտի կարենայ արգիլել զիս…

Չէ, Փիէռօս, չէ, պիտի չընես, եթէ զիս կը սիրես…

Եթէ քեզ կը սիրե՞մ… Օ՜հ, հեռո՜ւ ալ ինձմէ, հեռո՜ւ… Բայց ըսէ տեսնեմ, դուն չէի՞ր ինծի սորվեցնողը, թէ իմ սիրելս արժէք չունի բնաւ… Դուն զիս չե՛ս սիրէր եւ երբեք ալ չսիրեցիր: Եկար նետուեցար անկողնիս վրայ քմահաճոյքիդ, տռփանքիդ համար միայն. խաղացիր հետս, այո՜, տռփանքիդ համար միայն, «հաւ»ու մը պէս…

Կ՚արգիլեմ, Փիէռ, կ՚արգիլեմ: Սո՛ւտ ես. գիտես, թէ ես քեզ անկեղծօրէն սիրեցի եւ կը սիրեմ ալ միշտ…

Այն ատեն աւելի՛ լաւ. քանի որ ուժը ձեռքս է այս պահուս, պէտք է որ ջախջախեմ, փշրեմ, անհետացնեմ այն միւսը, պէտք է որ վերջապէս կորսուի «թուքի ամանը» եւ դուն իմս ըլլաս ամբողջութեամբ:

Չեմ ձգէր, որ անոր դպիս:

Չե՞ս ձգէր. կը պաշտպանե՞ս զայն եւ կ՚ուզես, որ ե՞ս ալ պաշտպանեմ այդպիսի աղտեղութիւն մը, կղկղանք մը… Օ՜հ, եթէ իմ սիրած Նէնէթս ըլլայիր, պէտք էր զարհուրէիր այդ պատկերներուն առջեւ, միայն նողկանք ու գարշանք պէտք էր ազդէր ան քեզի, թքնելով ու պոռալով պէտք էր փախչէիր քովէն: Եւ փոխանակ ատոր, կը պաշտպանե՞ս զայն. մէկը, որ իր ամբողջ հարստութիւնն ու դիրքը ուրիշներուն թշուառութեամբ, խեղճ ու տկար կամքերու շահագործումով է դիզեր, միտքեր եւ մարմիններ է քանդեր, փշրեր… Ասկէ աւելի մեծ ոճիր ի՞նչ կայ, երբոր մարդ տարիներով ու տարիներով աշխարհի վրայ կը նետէ այդ զարհուրելի թուղթի կտորները, համակ թոյն:

Գոց մը արտասանելու պէս Նէնէթ ըսաւ.

Անբարոյականութիւնը չի փոխանցուիր. ան զգացում մըն է, որ կրնայ զօրանալ կամ տկարանալ, բայց չի ծնիր, բայց չի մեռնիր: Ճիշդ մեր` Աստծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքին պէս:

Դո՞ւն ալ… Ճիշդ անոր խօսքե՞րը… դո՞ւն ալ: Եւ սակայն աւելի՜ լաւ. գոհ եմ ես. ատիկայ կը նշանակէ, որ այս ըսածներուս արդէն անդրադարձեր ու կրկներ ես իրեն: Հոս գալէդ ի վեր արտասանած խօսքերուդ միակը եղաւ, որ քեզի նպաստաւոր է: Ուրեմն ինչո՞ւ, ինչո՞ւ կը պաշտպանես զայն… Ա՜, սպասէ՜… հիմա շատ լաւ կ՚ըմբռնեմ… ալ գաղտնիքները կը պարզուին ինծի համար. յստակօրէն կը տեսնեմ քեզ, քու գործունէութիւնդ, մեղսակցութիւնդ…

Ոչ, եu անոր մեղսակիցը չեմ:

Բայց սպասէ՛, դուն չէի՞ր, որ ամէն անգամուն մեր պէտք ունեցած են երկու անգամ աւելի թուղթ ու քարտ փոստալ կը յանձնարարէիր Ժէվայէռթ-ին, դուն չէի՞ր… նոյնիսկ օր մը միամտաբար զարմացումս յայտնեցի, ըսելով, թէ մենք այդքան բանի պէտք չունինք եւ դուն պատասխանեցիր ինձ… «Ուրիշին համար է»: Իրաւ ալ ամէն անգամուն թուղթի այդ ծրարները նոյն գիշերն իսկ մեկնած, անհետացած կ՚ըլլային… Ա՜, որպէսզի զեղչէն օգտուիք, որպէսզի ան միշտ մութին մէջ մնայ, կասկածի չենթարկուի եւ չբռնուի… Այս մեղսակցութիւն չէ՞: Ըսէ նայիմ, ի՞նչ դրամագլխով գնեցիր խանութդ, ինչո՞վ ապրեցար:

Ճիշդ չէ, ճիշդ չէ…

…Եւ հիմա, եթէ մատնեմ, դուն ալ պիտի ձերբակալուիս Լէսքիւռին հետ, դուն ալ պիտի դատապարտուիս… Ատոր համա՛ր այդքան շատ կը պաշտպանես զայն, ատոր համար գոյնդ կը նետես ու կը դողաս… Ա՜, մօտեցիր, նայէ՛ անգամ մը հայելիին մէջ, գանէ՛ ինքզինքիդ վրայ, աղտո՛տ Նէնէթ… Ես որ, ես որ… ո՛վ պիտի կարենար կասկածիլ այս զմայլելի գեղեցկութեանդ առջեւ… ես, որ սա պժգալի…

Եւ մէկէն լռեց:

Յուզումի այդ բարձրութեան վրայ չկըրցաւ բառ մը եւu աւելցնել եւ մնացին երկուքը դէմ դէմի, անխօս: Տղան արհամարհող, հայհոյող ակնարկը զզուանքով կ՚իյնար կնոջ վրայ, զայն կը չափէր գլխէն մինչեւ ոտքերը, կը դառնար կուրծքերուն, մնալու համար փորին սատափ կոճակէն կախուած: Տղան զգաց, որ Նէնէթին համար աւելի ճնշիչ էին լռութեան այս պահերը եւ կարծես զղջաց իր երկար նախադասութիւններուն վրայ, ուր սիրոյ ճշմարիտ տառապանքը պատճառ եղած էր որ մտածումները չափազանցուին: Փիէռ ակնապիշ կը նայէր անոր, անո՛ր, որուն թրջած աչքերը արտակարգօրէն կը փայլէին, կը սպառէին եւ որ կ՚ուզէր մօտենալ, կ՚ուզէր խօսիլ, կ՚ուզէր շնչել…

Փիէռ, եթէ ընես՝ պիտի ատեմ, պիտի ատեմ քեզ… Հաւատա՛, որ պիտի անիծեմ քեզ:

Եւ երբոր տեսաւ, թէ տղան իր վրայ կու գայ, նահանջեց քանի մը քայլ եւ կռնակը դուռին տուաւ, ձեռքերը պահելով: Գլխարկը նետած էր գլխէն ու իր ոսկէ մազերուն փունջը այն օրերուն պէս բացուեր էր կրկին: Վեր խուժող արիւնը եկեր էր գունաւորել ամբողջ վիզը, թուշը, այտերը եւ ժաքէթին քակուած կոճակներուն տակ կուրծքը կ՚ուռեր: Փիէռ չնայեցաւ, չուզեց նայիլ ու միշտ առանց բառ մը արտասանելու, բռնեց զայն թեւերէն, դաստակը գտաւ, քաշեց…

Կարծես պատնէշ մըն է, որ քանդուեցաւ, վարագոյր մը, որ աղմուկով պատռեցաւ վերէն վար: Նէնէթ նետուեցաւ տղուն վիզին եւ այս անգամ բարձրաձայն, բարձրաձայն, մանուկի մը պէս, պատժուած աղջնակի մը պէս սկսաւ աղերսել, խնդրել, այլեւս առանց հպարտութեան, առանց ձեւականութիւններու, երիտասարդին վրայ մինչեւ այդ պահը ցոյց տուած իր գերազանցութիւնը նետելով մէկդի: Իր բազուկներուն եւ ձեռքերուն հեւքին մէջ տղան կը ջանար մղել ետեւ, առանց սակայն բառերու իր տարափը դադրեցնելու, առանց բնաւ անոնց շարքը կորսնցնելու.

Գիտեմ, գիտեմ, որ անարժան եղայ քեզի, քեզի ցաւցուցի, տառապեցուցի, ըրէ՛ ինչ որ կ՚ուզես ինձ, բայց խորհէ, որ ինծի հետ ուրիշ մըն ալ պիտի հարուածես… Չեմ ուզէր այդ, չեմ ուզեր… Ես շատ տառապանք տեսած եմ, գիտեմ թէ ինչ կ՚արժէ դժբախտ մանկութիւն մը, եւ չպիտի թողում, որ զայն դժբախտ ընես… Անմեղ է ան. չպիտի ընես Պիպիին համար, միակ զաւկիս համար:

Նախադասութիւնը սխալ ըմբռնեց Փիէռ եւ քայլ մը ընկրկելով, նայեցաւ կնոջ մարմնին զարմացած:

Ո՛չ, այդպէս չէ… Մեծ, մեծ մանչուկ մըն է ան հիմա. ալ ութ տարեկան պիտի ըլլայ… պահեցի քեզմէ. չուզեցի ըսել. քու քովդ շատ մեծ պիտի երեւայի. վախցայ, որ նուազ կը սիրես զիս. չուզեցի ըսել… բայց հիմա, որ գիտես մայր ըլլալս… Տեսնես ինչ անուշիկ մանչուկ մըն է. ան ալ խարտեաշ է. ճիշտ ինծի կը նմանի… Ամէն մարդ կ՚ըսէ, թէ ճիշտ ինծի կը նմանի…

Փիէռ մտիկ կ՚ընէր անշարժ, ակնարկը պատուհանէն անդին, հեռուն, շատ հեռուն, խարտեաշ անհամար լակոտներու:

Փիէռօ, իմին պզտիկ Փիէռօս, ա՜լ մոռցիր ամէն բան, ալ ինքզինքդ մի՛ տանջէր: Տեսնես հիմա որքա՜ն երջանիկ պիտի ըլլանք մենք. առաջուընէ աւելի, անշո՛ւշտ շատ աւելի:

Սո՛ւտ ես, գոռաց մէկէն Փիէռ անոր դառնալով, այդ զաւկի պատմութիւնը ամբողջութեամբ հնարեցիր դուն, un՜ւտ ես:

Կ՚երդնում, որ չէ, կ՚երդնում: Եւ Ժանն, սեղանին վրայէն պայուսակը առնելով, բացաւ ու մէջէն պատկեր մը դուրս հանեց: Եւ մինչ կ՚երկարէր զայն երիտասարդին, ան զարկաւ ձեռքովը, պատկերը գետին նետեց ու պոռաց.

Զաւա՞կ, փի՛ճ մը ըսէ սաւոր, փի՛ճ… խօսէ նայիմ, որմէ՞ է. Լէսքիւռէ՞ն… ո՞չ, ո՞չ… Հապա որմէ՞, չըսե՞ս։

Նէնէթ պատասխանեց ուսերու շարժումով մը, որ կը նշանակէր. «ի՜նչ օգուտ»:

Թէ չէ դո՞ւն ալ չես գիտեր որմէ ըլլալը, դո՛ւն ալ չես գիտեր…

Յետոյ սակայն տեսաւ ինքզինքը մեծ հայելիին մէջ եւ ստացած դիմագիծէն դժգոհ` կեղծ ձայնով մը խնդաց ու աւելցուց.

Ի՜նչ խենթ եմ, կարծես թէ առաջին անգամն է, որ այսպիսի պատմութիւն մը կ՚իմանամ: Կատարեալ ֆրանսացի է, ի՜նչ պիտի ըլլայ…: Եւ սակայն… եւ սակայն զայն կրել ի՛ր անձին վրայ, այդ կեանքը տեսնել ի՛ր սիրածին վրա…

Գնաց նստիլ մահճակալին եզերքը:

Երկա՜ր, երկա՜ր, երկա՜ր լռութիւն:

 

Բաւական վերջն է որ միայն, երբոր տակաւին կը շարունակուէր թիքթաքներու անվերջանայի պարապը, Նէնէթ զգաց, թէ տղան իր բարկութեան վիճակը կորսնցուցած էր ա՛լ: Պզտիկ ու անձայն քայլերով մօտեցաւ անոր: Կեցաւ Փիէռին ճիշդ քովը, ձեռքը դանդաղօրէն բարձրացուց անոր հակած գլխին վրայ, մատները մօտեցուց մազերուն, բայց չհամարձակուեցաւ դպիլ անոնց (թիքթաքներու անվերջանալի պարապը). կրկին փորձեց, այս անգամ միջնամատովը միայն եւ նորէն չկրցաւ: Այն ատեն լռիկ մը նստաւ մահճակալին վրայ, տղուն քով: Անոր պահած լռութիւնն ու անշարժութիւնը կամաց-կամաց համարձակութիւն տուին իրեն, եւ Նէնէթ աւելի մօտեցաւ, աւելի, քիչիկ մը աւելի: Նախ երիտասարդին ուսին վրայէն մազ մը վերցուց, յետոյ մատներովը շօշափեց ժաքէթին կերպասը, խաղաց պզտիկ կոճակներուն հետ եւ վերջապէս թեւը նետեց վիզին: Փիէռ լուռ էր միշտ, կարծես պարպուած, կարծես անզգայ: Յոգնած եւ ընկճուած այդ վիճակին մէջ շարժում մը չէր ընէր բնաւ զայն վանելու, սակայն իր մորթին վրայ կնոջ մատներուն հպումը ներքին խռովքը կ՚աւելցնէր: Պիտի ուզէր, օ՜հ, այնքա՜ն պիտի ուզէր, որ այդ պահուն, երբոր ալ իր հոգին որբացած է, իր Նէնէթը քովը ըլլար, ճիշտ քովիկը եւ ինք գլուխը թաղէր անոր կուրծքին մէջ, գլուխը թաղէր անոր վիզին մէջ ու լռէր, լռէր, ա՜լ չխօսէր: Ան միւսը տղուն առանձնութիւնը չկրցաւ զգալ: Չկրցաւ զգալ եւ շարունակեց խաղալ անոր միսին հետ: Շոյեց, գգուեց, սիրեց, հոտոտեց, հետզհետէ աւելի: Ժամացոյցին սլաքները սկսան իրենց գնացքը դանդաղեցնել կրկին, ու անցաւ, անցաւ, անցաւ: «Այնպէս չէ՞, Փիէռօ, պիտի սիրես դուն զիս նորէն. առաջուընէ քիչ մըն ալ աւելի պիտի սիրես, չէ՞: Ա՛լ միշտ կանոնաւորաբար պիտի գամ հոս. պիտի տեսնես, այլեւս ան չպիտի կարենայ մեզ բաժնել: Տեսնե՛ս, Փիէռօ, որքան ընկճուած է ան, հաւատա՛, որ սաստիկ ընկճուած է: Բայց այսպէս աւելի լաւ եղաւ. այլապէս չպիտի կարենայի օձիքս իրմէ ազատել: Օ՜, դուն չես ճանչնար զայն, դուն անոր օձի գոյն կանաչ աչքերը չես տեսած. սարսափելի մարդ է, սարսափելի: Զիս կապած, կաշկանդած է իր կամքին տակ. դուն չես ճանչնար զայն: Այո՞, այո՞, Փիէռօ… ըսէ, նորէն կլթիկս պիտի ծծե՞ս… պիտի փչե՞ս նորէն ականջիս մէջ… ըսէ՛, ըսէ տեսնեմ Nenette, Nenette chérie: Ու շոյեց, գգուեց, սիրեց, հոտոտեց, հետզհետէ աւելի:

Արթնցաւ երիտասարդին միսը եւ փարեցաւ կնոջ: Փիէռ գլուխը թաղեց անոր կուրծքին մէջ, գլուխը թաղեց անոր վիզին մէջ ու լռեց: Եւ անցաւ, անցաւ, անցաւ: Հծծանքով մըն է, որ յետոյ մխրճուեցաւ կիրքին ծոցը: Նորէն իր բազուկները, ձեռքերը, ափերը անբաւական եղան ու շրթունքները անյագօրէն պտտցուց անոր դէմքին վրայ, կոպերուն, այտերուն, բերնին, յետոյ կզակին տակերը, ականջներուն, ծոծրակին մէջ: Ակսաւ խածնել, ծծել ու համբուրել կատաղօրէն: Կարօտն առնելէն աւելի, կարծես կը յանդիմանէր, կը պատժէր, կը ծեծէր իր Նէնէթը: Մատները կը ճմլէին ու կը ցաւցնէին անոր միսը, եւ կնոջ ինքնապաշտպանութեան շարժումները իր խենթութիւնը կ՚աւելցնէին: Կը փարէր մանաւանդ անոր տաք շրթներուն խորունկ ներշնչումէ մը յետոյ ու կը սպասէր, որ անոր շունչը սպառի, բռնուած թռչունի մը պէս տապլտկի բազուկներուն մէջ, արիւնը խուժէ այտերուն եւ ճիչ մը գայ կոկորդը ուռեցնել: Օ՜հ, այդ բոյրը, այդ բոյրը: Կատաղօրէն համբուրեց: Աչքերը գոցած էր ուժով մը, բայց անոնք հազիւ թէ կը տեսնէին նոյնիսկ, երբոր մնային կիսաբաց: Իր հանդարտութեան կարճ րոպէներուն այտը կը դնէր անոր այտին ու ջերմութեանը հետ հծծանքը կը բարձրանար ալիքի մը պէս:

Այդպէս հանդարտութեան պահու մըն է որ, երբ Փիէռ քաշեց ձեռքերը անոր միսերէն դուրս, Նէնէթ ցցուեցաւ ոտքի ու հագուստը կռնակէն նետեց: Հագուստը կռնակէն նետեց արագօրէն, շատ վարժ շարժումով մը: Սակայն Փիէռ տեսաւ: Այս անգամ Փիէռ իրապէս, բաց աչքերով տեսաւ անոր հանուիլը, տեսաւ անոր արտորանքը: Հագուստէն վերջ Նէնէթ ուսերէն սահեցուց ներքնաշապիկն ալ ու մնաց մերկ: Մետաքսէ վարդագոյն գուլպաները զմայլելիօրէն կը գրկէին ազդրերը, կը փայլէին երկար գիծերով, եւ կնոջ կուրծքին վրայ մնացած լանջակալը (soutien gorge) ամբողջ մերկութիւն մը կ՚ապրեցնէր:

Ու նետուեցաւ մահճակալին վրայ:

Բայց այն պահուն, որ իր ձեռքերը պիտի կապուէին տղուն կռնակին` Փիէռ մէկէն ծունկերուն վրայ ցցուեցաւ ու այդ յանձնուող ոսկի գլուխը երկու ափերուն մէջ սեղմած` բարձրացուց վեր, իր դէմքին մօտիկ, մօտիկ, ամբողջ ուժովը թքաւ անոր քիթին բերնին եւ զայն կրկին նետեց վար, անշահ իրի մը պէս, բրտօրէն:

 

Շապիկով էր եւ առանց օձիքի: Կը նայէր պատուհանէն դուրս` անշարժ: Պատուհանէն դուրս բան չէր երեւէր: Ձախ ձեռքը տաբատին գրպանը մխրճած բան մը կը սեղմէր մատներուն ամբողջ ուժով, կարծես սրունքները զսպելու համար: Անոնք կը զարնուէին սակայն իրարու, երբեմն գետնին, ջիղերը պրկուած: Կը ծխէր արագ-արագ, սիգառէթը կը կոտրէր մատներուն մէջ ու կը վառէր միշտ նոր մը:

Հեկեկանք մը սկսաւ: Պատուհանէն դուրս բան մը չէր երեւէր: Հեկեկանքը սաստկացաւ բան չէր երեւէր ու յորդեցաւ լացով: Ան լացաւ դառնօրէն, չէր ուզէր այն կողմ նայիլ դառնօրէն հետզհետէ ինքզինքը կորսնցուց դառնօրէն բայց ինչո՞ւ հոս բան չէր երեւեր: Պատառոտող, աղեկտուր այդ լացին աղմուկը սենեակը լեցուց, եւ տղան ետեւ դարձաւ: Գրպանին մէջ ուժով մը կը սեղմէր լուցկիին տուփը, ակնարկը գամած սեղանին վրայի լուցկիի տուփին: Անկեղծ, խորունկ, անդիմադրելի լաց մը: Ամբողջ մարմնովը կը ցնցուէր Նէնէթ, ջղային նոպայի մը մէջ: Նստեր էր մահճակալին էն վարի ծայրը. եզերքին: Մերկ էր միշտ եւ ծունկերուն վրայ էր վարդագոյն ներքնաշապիկը: Ուժերը կը հատնէին, ձայնը կը սպառէր ու ճիչեր եկան խեղդուիլ կոկորդին մէջ: Շնչառութիւնը դժուարացաւ, դժուարացաւ, ձայնը դարձաւ խռպոտ… Փիէռ վախցաւ, որ պիտի մարի: Մօտեցաւ, հեռացաւ շփոթած, կրկին մօտեցաւ, անձեռոցը թրջեց, ջուր ըրաւ երեսին: Անօգուտ, պիտի մարէր: Սաստիկ շփոթեցաւ, բայց գտաւ   Eau de Cologneի շիշը, որ ձեռքին մէջն էր: Ափը լեցուկ այդ հեղուկով ու սկսաւ շփել դաստակները, յետոյ վիզը, ճակատը, քունքերը: Տեսաւ, որ անոր քիթին քով իր թուքէն քիչ մը մնացած էր տակաւին: Անձեռոցովը սրբեց զգուշութեամբ, անոր աչքերուն է՛ն խորունկը նայեցաւ, առանց յայտնի ընելու եւ ափովը նորէն Eau de Cologne տուաւ, որպէսզի շնչէ:

Կամաց-կամաց հանդարտեցաւ Նէնէթ: Փիէռ նստաւ քովը եւ շարունակեց անոր մարմինը շփել: Երբոր կինը աչքերը կրցաւ բանալ, գլուխը դարձուց ու նայեցաւ Փիէռին: Անոր սրուակը բռնող աջ ձեռքը կը դողար օդին մէջ, եւ դիմագիծը ան չէր: Նէնէթ հեկեկանքին տակ ցնցուող ուսերուն մէջ յօնքերը վեր քաշած նայեցաւ անոր աչքերուն, էն խորունկը նայեցաւ, սուզուեցաւ, ակնապիշ ու ըսաւ միայն. «Դո՞ւն»: Յետոյ կարծես իր մերկութենէն ամչնալով ուզեց հագուիլ, սակայն ուժ չունէր: Տղան կնոջ գլուխը առաւ իր կուրծքին, որպէսզի ալ չհեկեկայ: Ան կը շարունակէր կրկնել կտրտուած վանկերով. «Դո՞ւն, դո՞ւն, իմին Փիէռօս…»: Կը դողդղար, կը թրթռար, միշտ թրջող աչքերը կը չորցնէր տղան լաւ տեսնելու համար եւ չէր դադրէր կրկնելէ նոյն բառերը. «Իմին Փիէռօս, իմին… Փիէռօս…»:

Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այս բոլորը պատահէր… Ըսէ՛, ինչո՞ւ զիս լքեցիր, ինչո՞ւ անկեղծ չեղար ինծի հանդէպ: Եթէ զիս իրապէս կը սիրէիր, պէտք էր գոնէ ամէն ինչ պատմէիր ինձ, գաղտնիք չպահէիր, որպէսզի իմ սէրս այսպէս օր մը չմեռնի, չսպաննուի: Նայէ, այս ամէնը չէր բաւեր, հիմա ալ զաւակ մը մէջտեղ ելաւ. հիմա ալ ուրիշ մէկը մէջտեղ ելաւ: Բայց ըսէ՛, ո՞վ ես, ի՞նչ ես, ինչպե՞ս ապրէր ես… նա՛, հիմա աչքիդ առջեւ կոտրեմ սա անիծուած ապակին ու լմննայ երթայ:

Փիէռ կեցած էր կնոջ ճիշտ դիմացը, քիչ մը առջեւ հակած, ձախ ձեռքը ծունկին վրայ, իսկ աջը` օդին մէջ բարձր` ապակիին հետ: Երկար պահ մը լուռ մնաց Նէնէթ, գլուխը կուրծքին վրայ հակած, ձեռքերը ծունկերուն մէջտեղ: Յետոյ պատասխանեց նոյն կտրատուած բառերով, հեկեկալով, կարծես բոլորովին անտարբեր ըլլալիքին, որպէս մթին երազի մը մէջ:

Je… je… je suis une pu… pille de la nation… pupille de la nation…

Օդին մէջ բարձր բռնուած ապակին սահեցաւ մատներէն ու ինկաւ, փշրուեցաւ: Ձեռքը մնաց սակայն օդին` բարձր, անշարժ:

Մա՞յր… հա՞յր… ո՞վ… չկայ… մայրիկս զիս լքէր է. անունն անգամ չէ ձգեր… յետոյ մանկութիւն… յետոյ պատանեկութիւն… սեւ գոգնոց… Pupille de la nation…

Մեքենագիր էի, երբոր պատերազմը ծագեցաւ: Անգործ մնացի… մէկը չունէի շուրջս, մարդ չկար: Եւ շատ մեծսիրտ էի, որովհետեւ գեղեցիկ էի ու թշուառ… անգործ մնացի: Ես ալ ուրիշներու պէս պիտի սայթաքէի անկասկած… երբեք, երբեք… Անձրեւոտ գիշեր մըն էր, Լէսքիւռին հանդիպեցայ… ան զիս սիրեց, վստահ եմ… մոլեգնօրէն սիրեց… Տեսայ, որ վտանգը չունէի լքուելու… կը սոսկայի ատկէ, միշտ նոր պաշտպան մը փնտրելէ… Այդ էր պատճառը, որ միացայ իրեն… Ան զինուոր չեղաւ ֆիզիքական թերութեանը շնորհիւ… Շրջուն լուսանկարիչ էր. բանակատեղիներն ու զօրանոցները կ՚երթար, լաւ կ՚աշխատէր: Օր մը… Օր մը Ճոնի մը իրմէ մերկ կնոջ պատկեր է ուզէր. պատրաստեց… Այդպէս սկսաւ… շատ շահեցաւ… վերջը ալ գրեթէ բնաւ լուսանկարով չէր զբաղեր. ձեւակերպութեան համար միայն տուփը կ՚առնէր միասին… Խափշիկներուն, Սենեկալցիներուն, վայրենիներուն հետ շատ գործ չըրինք, բայց մաքրակրօն Անգլիացիներն ու Ամերիկացինե՜րը: Ես ու Թերեզը իրեն կ՚օգնէինք… շա՛տ: Վերջը ես ուզեցի բաժնուիլ ու իմ բաժինս պահանջեցի, որովհետեւ նկարներուն սեռը փոխեց, սկսաւ խումբերու… Մեծ խնդիր ելաւ: Լէսքիւռ չէր ուզէր համակերպիլ ոչ թէ դրամին համար, այլ որովհետեւ այդպիսով պիտի կորսնցնէր զիս: Ես կ՚ուզէի մեկնիլ, կ՚ուզէի մեկնիլ… Սպառնաց, ըսաւ, որ պիտի մատնէ, պիտի փչացնէ ինքզինքը, զիս ալ կորստեան տալու համար: Չէի ուզէր կառավարութեան հետ գործ ունենալ. pupille de la nation.

«Եւ փախայ, հիւանդապահուհի եղայ. որբանոցը սորվեցուցած էին մեզ: Մառնի երկրորդ ճակատամարտին էր, հիւանդանոցի վերածուած եկեղեցիի մը մէջ էի, վիրաւորի մը քով. մահամերձ էր ան. նոյն գիշեր պէտք էր, որ մահճակալը պարպուէր: Զարհուրելի գիշեր… եկեղեցիին գունաւոր մեծ պատուհանները կը լուսաւորուէին անդադար պայթումներու բոցով: Չեմ գիտէր ինչու լացի, լացի… Մէկէն տեսայ, որ մահամերձը ցցուէր էր արմուկին վրայ եւ ինծի կը նայէր մեծ, խոշոր, երկնքի գոյն աչքերով: Սիրեցի այդ անմեղ, բարի աչքերը, որոնք ինծի կը նայէին: Չմեռաւ ան. խիստ բարի մարդուկ մըն էր. իմ գերիս, իմ հաւատարիմ շունս եղաւ: Կը ճանչնաս զինքը, Կոստանն է: Ան է, որ հետս տարի Լէսքիւռին, եւ երբոր այս վերջինը կրկին մերժեց, ատրճանակը քաշեց Կոստան: Օ՜հ, եթէ Brigadier-ի այն կապոյտ աչքերը տեսնէիր այդ պահուն, պիտի համբուրէիր զանոնք անմիջապէս: Դրամները առի եւ բացի խանութս: Հաշտուեցանք Լէսքիւռին հետ… հաշտուեցանք. դեռ շատ պէտք ունէի իրեն: Յետոյ… յետոյ…

Գլուխը ցցէր էր Նէնէթը, դէմքը վեր, ճակատը բաց, աչքերը հեռուն: Հաւաքեց իր ակնարկը ու զայն տուաւ Փիէռին: Ան ինկեր էր աթոռին վրայ, մտածումը երկու ձեռքերուն մէջ մեծցած:

Եւ յետոյ… յետոյ, իմին Փիէռօս… իմին պզտիկ Փիէռօս: Չկրցի քեզ պահել, չգիտցայ քեզ պահել: Ալ առաջուան պէս պիտի չսիրես զիս: Գոնէ այսօր պէտք չէր, որ յանձնուէի… պէտք չէր: Դուն զիս գէշ դատեցիր, սխալ դատեցիր: Բայց հաւատա՛, հաւատա՛, Փիէռօս, որ ես քեզ սիրեցի, անկեղծօրէն սիրեցի: Չար աղջիկ չեմ… բայց դուն: Տարէց մէկը պիտի կարենար ըմբռնել. դուն սակայն չես ներեր ինծի… չես ներեր: Ըսէ՛, ալ չե՞ս ուզէր զիս, չե՞ս ուզէր, լմնցա՞ւ…

Երիտասարդը ոչինչ պատասխանեց: Ելաւ նստած տեղէն, գնաց պատուհանին առջեւ ու կռթնեցաւ հոն, կռնակը դարձուցած: Նէնէթ սկսաւ յագուիլ դանդաղօրէն, պարտուած, խորտակուած:

Երբոր գլխարկը դրաւ, մօտեցաւ քիչ մը տղուն եւ ըսաւ.

Կը ձգես որ մեկնի՜մ, այսպէ՜ս… բան մը չե՜ս ըսէր, չես ուզէր, որ… ըսել է իրապէս լմնցաւ ալ, լմնցա՜ւ… վերջին անգամ մը չե՞ս համբուրէր զիս, Նէնէթիդ անգամ մը…

Տղան մնաց անշարժ ու անխօս: Այն ատեն Նէնէթ դէպի դուռը յառաջացաւ, բանալին անցուց կղպանքին մէջ, դարձուց, կրկին փորձեց ու մանկունակ շեշտով մը ըսաւ.

Չի՜ բացուիր կոր, դուռը չի՜ բացուիր կոր…

Փիէռ մօտեցաւ, բացաւ դուռը ու կրկին հեռացաւ:

Իրիկուան տկար նշոյլները կը հաւաքուէին պատուհանին մէջ, ու սենեակը կը լեցուէր ստուերներով: Մութը կը բարձրանար անկիւններէն, կարասիներու տակերէն ու կը մեծցնէր ամէն ինչ: Հազիւ նշմարելի կ՚ըլլար Նէնէթ, դռան գորշ քառակուսիին մէջ կորսուած, ձեռքը խնձորին վրայ անշարժ՝ դեռ անկարող մեկնելու:

Մօտաւոր բակէ մը ջութակ մը բարձրացաւ. հի՜ն, շատ հին մեղեդի մը բոլորին ծանօթ, որ մինչեւ հոս կ՚ելլէր անհաւասար ալիքներով, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, մեղեդի մը որ կ՚ուզեր աւելի երկրորդինը յուզել քան չորրորդ յարկինը, որ ա՛լ պարտասած, երբեմն կը կառչէր ջուրի խողովակներուն, բայց որ կ՚ելլէր, բայց որ կ՚ելլէր մինչեւ հոս, այդ հի՜ն, շատ հին մեղեդին, բոլորին ծանօթ…

………………………………………………………

Փիէռ նետուեցաւ պարապ դռան վրայ, ուզեց, չուզեց, բայց ո՛չ, չուզեց զայն, գոցեց զայն, այսինքն դուռը, վերջի՜ն դուռը:

Օ՜հ, այլեւս այսպէս չխորհիլ, չմտածել, գտնել ուրի՛շ բան, նո՛րը, ինչ որ կ՚ուզէ ըլլայ, միայն թէ կարենայ մտածումը հանել ոտքի, անոր ողնասիւնը շտկելու, փախցնելու հեռո՜ւ, անդի՜ն:

Ինկած էր սեղանին վրայ ու գիրքերուն առջեւ պահարան մը նշմարեց: Թրքական դրոշմաթուղթ կար վրան եւ գոց էր դեռ: Մոռցուէր էր նո՛յնիսկ ան: Բացաւ, սկսաւ կարդալ… Եւ հակառակ անոր, որ հեկեկանքը առաջին բառերէն իսկ կուրծքը ուռեցուց, պոռթկալէ առաջ տղուն թոյլատրեց քանի մը նախադասութիւն արտասանել, հոգ չէ թէ ինչ ձայնով.

«Անուշիկ չօճուխս իմին… Տեսնես պարտէզնիս ի՜նչ աղուորցեր է. խասըմ չիչէյիները ամէնքն ալ բացուեր են. ճիշտ եղանակն է… Առջի օր կատունիս մեռաւ. գիտեմ, պիտի ցաւիս. դուն Մինէն շա՜տ կը սիրէիր… Քեզի համար մասնաւոր տոկուն կերպասէ բաղնիքի քեսէ մը կարեցի, չէվիրմէյի անուշին հետ կը ղրկեմ… Իմին փաշա մա՜նչս, իմին…»