Նահանջը առանց երգի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱՏՈՒՆ ՓԻԷՌ
ՆԱԽԿԻՆ ԺԻՐԱՐՏՕ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ,

ՀԻՄՆՈՒԱԾ 18…

Մնացեալ թուանշանները կարելի չէր կարդալ, որովհետեւ անոնց վրայ ջնջոց մը կար: Լաթի այդ կտորը բռնող ձեռքը անմիջապէս կը ճանչցուէր իր միջնամատէն: Միջնամատ չկար. որով Կոստանինն էր: Փարիզ քաղաքի նախկին հրշէջ գունդի ենթասպաներուն է՛ն կրակոտը բարձրացած էր սանդուխի մը վրայ եւ ցուցափեղկը կը մաքրէր: Եթէ երբեք ջնջոցը պահ մը անշարժացնելով` իրենց խանութին հնութեան «ռէկլամ»ը ընել թերացաւ, այդ յանցանքին ամբողջ բեռը կ՚իյնար Ֆրանսայի վարած գաղութային քաղաքականութեան վրայ: Իրաւ ալ նոյն պահուն, խիստ թեթեւ ու վառ գոյներով հագուստ մը հագած երիտասարդ աղջիկ մը, քովի խանութէն դուրս նետուելով կը ճչար.

Մէօսիէօ Կոստան, Մէօսիէօ Կոստան, շուներնիս ձագ բերաւ…

Քանի՞ հատ, հարցուց Կոստան իր բարձունքէն, առանց պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու, առանց յուզումը յայտնելու:

Չե՜մ գիտէր, չկրցայ հաշուել… կարծեմ կը մեռնի կոր: Ախ, սարսափելի բան է. ո՜հ, կը մեռնի կոր…

Ես հոս եմ, անհոգ եղէք. կու գամ կոր:

Եւ Կոստան աղջկանը հետ արագ քայլերով մտաւ քովի հանդերձավաճառին խանութը: Ջնջոցը մնաց սանդուղին վրայ, ապակիին կռթնցուած սանդուղը` մայթին վրայ, մայթը մնաց մեծ հրապարակին վրայ, իսկ հրապարակը` Թօննէռի վրայ:

Թօննէռ Իօն նահանգին գլխաւոր քաղաքն է եւ կը գտնուի Փարիզի ու Լիոնի մէջտեղ: Միջերկրական իջնող շոգեկառքի մեծ գիծին վրայ ըլլալուն` հաղորդակցութեան դիւրութիւնը չի պակսիր բնաւ… մանաւանդ որ ճեպընթացը մայրաքաղաքը Թօննէռէն բաժնող 180 քիլոմեդրօն երեք ժամեն կը կտրէ: Ահա ատոր համար է, որ Փիէռ ու Ժանն երեք շաբաթէն հասան հոս:

Կայարանէն դուրս ելլելուն պէս, ժպիտ մը բացուեցաւ Փիէռի դէմքին: Կենդանութեան, երջանկութեան, գոհունակութեան ժպիտ մը: Երկա՜ր ատեն է, որ այսպիսի ջերմութիւն մը իր հոգին չէր պարուրած: Անհամար կասկենիներ գարնանային կանաչութեան իրենց ամբողջ կուսութիւնը նետեր էին օդին, որը բոլորովին տարբեր խունկ մը ունէր, բոլորովին տարբեր մաքրութիւն մը, նո՛ր շունչ մը: Խաղաղութիւնն ու պարզութիւնն է, որ կը խաղային ծառուղիներուն մէջ, մանուկներու եւ տարէց գաւառացիներու շուրջ, մինչ խորը, բացաստանի մը լոյսով` զինուորներու անխուսափելի մահարձանը իր մարմարը կը բարձրացնէր: Լայն ճամփայ մը կ՚առաջնորդէր քաղաք: Աջին` անմիջապէս կը շինուէր ոստիկան զօրքերու շէնքը, եւ քիչ մը աւելի վեր քաղաքապետարանը, իր եռագոյն գօտիով: Ամէն ինչ նոր կը թուէր երիտասարդ Փիէռին: Ան հոգիի կատարեալ գոհունակութեամբ մը ինքզինքը կը յանձնէր գաւառական կեանքին հեշտ օրօրումներուն: Առուտուրի կեդրոնին մէջ կարճ շրջանէ մը յետոյ, գնաց մանաւանդ դեգերիլ բնակութիւններուն շուրջ, լուռ պարտէզներու երկայնքը, դարձդարձիկ, մաքուր եւ մագլցող փողոցներու խորհուրդին: Օտար մըն էր ինք հոն, օտար մը՝ որ երկու կամ երեք յարկնոց այդ այնքան կոկիկ տուներու գաղտնիքին առջեւ կ՚ուզէ հարցում մը ուղղել Պալզաքի: Հանրակառքերու եւ ինքնաշարժներու անվերջ աղմուկին փոխարէն, երկաթագործի մը մուրճը վայրկեաններ կը գամէր քահանայի մը ետեւ, եւ ինչ որ Փարիզ պատի ազդ էր միայն, հոս կը դառնար այծ, էշ, կով, բայց այս անգամ շնչաւոր: Շատ հին եկեղեցի մը կար, չես գիտէր, ո՛ր 15-րդ դարէն մնացած. յետոյ քաղաքը կը ցցուէր, կը բարձրանար, բուրգի մը պէս։ Է՛ն վերը Աստուծոյ տաճար մը եւս՝ իր գրաւած դիրքով կրկնապէս գեղեցկացած, ծառերու, կանաչցած նստարաններու մէջտեղ, եւ որ շուրջի համայնապատկերը կը քաշէր վեր, դէպի իրեն, դէպի իր խաչին: Այդ դիտարանին հովը ճիւղեր կը դողացնէր, մագլցող ճամփաները կը ծռէր, եւ ծխնելոյզներ կը մխային: Ջրանցք մը՝ վրան կեղեւ մը ընկոյզի, եւ կանաչ թաշկինակ մը՝ վրան կաթիլ մը արիւն: Գերեզմանատան դուռը չի բացուիր, որովհետեւ այսօր նորեկ մը չկայ, եւ չի գոցուիր, որովհետեւ փախչիլ ուզելու համար ներսը թաղուած Հայ մը չկայ:

Վարը, Օքսէռ տանող մեծ խճուղիին մօտ գեղեցիկ տուն մը վարձեց Նէնէթ, չորս սենեակով ու պարտէզով, ինչպէս նաեւ գլխաւոր հրապարակին վրայ նայող լուսանկարիչի այս խանութը, նախկին Ժիրարտօ հաստատութիւն, հիմնուած հազար ութ հարիւր չես գիտէր քանիին: Շուտով եկան իրենց միանալ Կոստան ու Պիպի: Լծուեցան աշխատութեան: Նէնէթ ու Կոստան զբաղեցան տունով, իսկ Փիէռ ու Կոստան` խանութով: Լուսանկարչական այս աշխատանոցը ամենէն կարեւոր հաստատութիւնն էր այս շրջանին: Փիէռ անհրաժեշտ նորոգութիւններն ու զետեղումները ընելէ վերջ աւելի մեծ փայլ մը տուաւ անոր, իր արհեստին կատարելութեանը շնորհիւ: Հրաւէր ուղղեց տեղին ծանօթ ու կարկառուն անձերուն, ինչպէս քաղաքապետին, սրբազանին, երեսփոխանին եւ ժողովրդական դէմքերու` ինչպէս նամակաբերին, ժամկոչին, կայարանապետին: Այս վերջինները մանաւանդ իրենց տարազով, ամբողջ քաղաքին հետաքրքրութեան ու յափշտակութեան առարկան դարձան: Սակայն Կոստան խոնարհաբար դիտել տուաւ, որ պէտք չէր անտեսել հրշէջ գունդին հրամանատարը: Իրաւացի էր. ով որ կը ճանչնայ ֆրանսացի ազգը, գիտէ, թէ ան համազգեստաւոր երկու հոգի միայն անկեղծօրէն կը սիրէ. հրշէջ զինուորը եւ Dépôt Nicolas: Իսկ միւս կողմէ Նէնէթ կը պնդէր, թէ չի բաւէր միայն փարիզեան ճաշակով լուսանկարել, այլ պէտք է նաեւ գոհացում տալ գիւղացի գլուխներու ճաշակին եւ քաշել անճաշակ պատկերներ:

Ան ալ իրաւացի էր: Որով` անգամ մը երեսփոխանին պէս, անգամ մը ժամկոչին պէս, եւ գործը յառաջդիմեց:

***

Պատուհանին ժանեակներէն ցնցուղուող կիրակի առտուան արեւը կը խաղար մահճակալին տակ, առանց փոշի հանելու, մինչ նախկին սիրահարները դեռ կը մնային վերմակներուն մէջ, ծոյլ ու զուարթ, Նէնէթ անհանդարտօրէն կը դառնար միշտ, կը կատակէր, կը խնդար, կը շարժէր: Պահ մըն ալ իր խաղէն ու տղուն գգուանքներէն տարուած, ցցուեցաւ ոտքի եւ, իր գեղեցիկ սրունքներն ու կուրծքերը ցուցնելով, անմեղօրէն հարցուց ժպիտը շրթունքին.

Դեռ գեղեցի՞կ եմ, Փիէռօ. իրա՞ւ, շա՞տ. որչա՞փ, ըսէ՜, ո՞րչափ:

Տղան պատասխանեց, դէմքը թաղելով բարձերուն մէջ.

Քարտ փոստալի մը չափ:

Առաջին անգամն է, որ Փիէռ իր խոստումին մէջ կը թերանար: Փարիզէն մեկնելէ առաջ երդում ըրած էր, որ իր Նէնէթը իրապէս սիրելուն է, որ միայն կ՚ուզէ հետեւիլ, կ՚ուզէ կեանքը կապել անոր կեանքին, եւ դեռ խոստացած էր որեւէ առթիւ ակնարկութիւն մը չընել անցեալ օրերու։ Մինչ հիմա, տեղափոխման, հաստատման օրերէն, առաջին շաբաթներու զբաղումներով բեռնաւոր շրջանէն յետոյ, երբ այլեւս միօրինակ դարձող կեանքին մէջ անձերը կը մնային դէմ դէմի, անհանգստութիւնը կը սկսէր: Փիէռ զգաց, որ իր բարեկամուհին վիրաւորուած էր խորապէս, որովհետեւ ան օրերով ապրեցաւ հիւանդի մը նման: Տղան զղջաց, սաստիկ զղջաց, ուզեց դարմանել, սակայն չհամարձակեցաւ կրկին մօտենալ խնդրին: Բարեբախտաբար այս դէպքը կարծես կորսուեցաւ իրարանցումի մէջ: Այդ իրարանցումին պատճառը թութակն էր: Կոստան, որ կը բնակէր պարտէզին վրայ նայող կէս-գետնափոր սենեակը, իր մասնաւոր ելքի դուռով, Փարիզէն հետը բերած էր Brigadierն, թութակը: Պիպին այնքան երջանիկ եղաւ այդ գունագեղ եւ խօսուն թռչունով, որ վանդակը բերաւ վեր ու իրենց սենեակը կախեց: Բնականարար Նէնէթ հակառակեցաւ. ի՞նչպէս կարելի էր չջղայնոտիլ մէկու մը դիմաց, որ ամբողջ օրը կը կրկնէ Rrrigole Brrigadier, à bas la guerre, Rrrigole Brrigadier, à bas la guerre…։ Պիպին ոտքերը գետին զարկաւ, պոռաց, կանչեց։ Նէնէթը աւելի կատղեցաւ, Փիէռ չգիտցաւ ինչ դիրք բռնել, եւ Կոստան շփոթած մնաց: Ի զո՜ւր Նէնէթ զաւակը գոհացնելու համար կ՚ուզեր օր մը գոնէ այս անախորժ ներկայութիւնը տանիլ եւ յաջորդ օրը անկարելի կ՚ըլլար լռել:

Առաւօտ մըն ալ վանդակը պարապ գտան: Պիպիին լացը սակայն երկար չտեւեց. նոյն իրիկունն իսկ թռչունը բռնելով վերադարձուցին: Ան ուղղակի գացեր իր բանակատեղին հաստատէր էր ոստիկան զինուորներու զօրանոցին պարտէզը, եւ ամբողջ օրը պոռացեր Rrrigole, Brrigadier, à bas la guerre…։ Կոստանին կաթուած պիտի իջնէր. բայց ո՜չ, չիջաւ. որովհետեւ յաջորդ օրն իսկ թռչունը մեռած գտան վանդակին մէջ: Երկու մանուկներուն վիշտը անսահման էր: Կոստան օրերով մարդու հետ չխօսեցաւ: Փիէռ կուզեր ըսել, թէ ինք այդ «ոճիր»ին մէջ որեւէ դեր չունի, բայց այս անգամ բացէիբաց Նէնէթը ամբաստանած պիտի ըլլար, որով գոհացաւ ենթասպան մխիթարելով:

Անհոգ եղիր, Կոստան, առաջին առթիւ, որ Փարիզ այցելեմ, հատ մը կը գնեմ քեզի, աւելի գեղեցիկ, աւելի մեծ… այս անգամ ոչ թէ Brigadier, այլ Maréchal…

Դիւցազնակատակերգական այս դէպքէն վերջ Պիպին սկսաւ անվերջ սխրագործութիւններու շարք մը: Այս տղան աղէտ մը, ճշմարիտ փորձանք մը դարձաւ իրենց գլխուն: Մէկ տարուան մէջ շատ մեծցեր էր ան, գանգուր մազերը կտրէր էին, եւ ինչպէս ամէն հասակ նետող տղայ, տգեղցած էր զգալապէս: Արդէ՛ն անհանդարտ նկարագիր` բոլորովին անսանձելի էր դարձած, ծնողքէ, գուրգուրանքէ, ակնածանք ազդող անձերէ զուրկ բոլորած իր մանկութեանը պատճառաւ: Անկիրթ էր չափազանց, սարսափելի անառակ, չար. ոչ մէկէն կը քաշուէր եւ չէր սիրել ոչ իսկ իր մայրը: Ընդհակառակն, միշտ խօսքը կրներ Սէն-ժորժի, պահանջելով, որ զինքը դարձեալ ղրկեն իրեններուն քով, Թաթային տունը: Կը փախչէր դպրոցէն, ուրիշ լակոտներու հետ կ՚երթար դաշտերը, կը մտնէր պարտէզներ` պտուղ կամ հաւկիթ գողնալու, կը հալածէր հաւեր, կը խրտչեցնէր ձիեր, կը կթէր արածող կովեր, «պարզապէս անոնց բեռը թեթեւցնելու համար»: Եկեղեցիէն մոմերը հաւաքելով` տուն կը բերէր, կամ կ՚ելլէր ջրանցքին վրայ նաւակով մը Սէն-ժորժը գտնելու: Ամէն օր գանգատներ կը տեղային Փիէռի գլխին, որ սակայն ոչինչ կրնար ընել գիտնալով, որ այս տղան կարգի բերելու միակ միջոցը խստութիւնն է, եւ ինք անկարող է այդ միջոցին դիմելու` նկատի առնելով իր բոլորովին օտարի հանգամանքը: Փիէռ կուզեր, որ միայն Նէնէթը զբաղի իր զաւկով, եւ Նէնէթ անկարող էր, լալու չափ անկարող:

Եւ ահա օր մըն ալ այս ստամբակները իջեր են մինչեւ շոգեկառքի գիծին վրայ եւ ազդանշանները դարձուցեր` «պարզապէս իրենց պատճառաւ շոգեկառքի մը կանգ առնելուն ականատես ըլլալու» հաճոյքէն մղուած: Բարեբախտաբար աղէտ մը չպատահեցաւ, եւ, ոստիկանութիւնը անոնց տարիքը նկատելով, ծեծէ մը վերջ տղոցմէ իւրաքանչիւրը վերադարձուց իր ծնողքին, անշուշտ խիստ ծանր տուգանքի մը փոխարէն: Ա՛լ այս անգամ Փիէռ պահանջեց, որ գիշերօթիկ վարժարան մը ղրկեն Պիպին: Հայուն այս անդառնալի որոշումին առջեւ Նէնէթ լացաւ, սաստիկ լացաւ, եւ երկարօրէն ջանաց համոզել իր բարեկամը:

«Ո՜չ, կ՚ըսէր ան, ո՛չ. յանցանքը իրը չէ. ե՛ս եմ յանցաւորը, պէտք չէր, որ զինքը զրկէի մայրական հոգածութիւնէս, խնամքներէս եւ յանձնէի օտարներուն ձեռքը: Հիմա եթէ հեռացնենք մեր բոյնէն, ալ վերջնապէս կորսուած պիտի ըլլայ ինծի համար, այլեւս անունս չպիտի տայ, եւ որեւէ կապ չպիտի մնայ մեր միջեւ: Պէտք է, որ մեր գուրգուրանքով իր մէջ սէրը արծարծենք, ու կապուի մեզի: Հաւատա՛ Փիէռօ, ամէն տղայ անառակ է, ես ալ իրեն պէս էի, բայց ան կարգի կու գայ, հաւատա, որ կարգի կուգայ…»:

Այնքան ճշմարիտ էր ու խորունկ երիտասարդ մօր զգացած ցաւը, որ Փիէռ տեղի տուաւ: Տեղի տուաւ մանաւանդ անոր համար, որ ստեղծուած նեղութեան ու անհանգստութեան գլխաւոր պատճառը այս չէր բնաւ, այլ նոյն ինքն Նէնէթը:

Ո՛չ, Փիէռ չէր զղջար կնոջ հետեւած ըլլալուն, սակայն անբացատրելի անհանգստութեան մը, հոգեկան անդիմադրելի դժգոհութեան մը մէջ կը մխրճուէր հետզհետէ ալ աւելի, երբ կը տեսնէր, թէ բոլորովին տարբեր Նէնէթ մըն է դարձած իր նախկին սիրուհին: Շէնշող, կեանքով լեցուն, ինքնավստահ ու յաղթական Նէնէթը մնացած էր այն անծանօթ ճամփուն եզերքին, ջախջախուած կառքի մը ճակատագրին տակ: Այն ակնարկը, որուն առաջին անգամ հանդիպեցաւ Փիէռ՝ իր գործաւորի սենեակին չարաշուք մթաստուերին մէջ, Նէնէթին այն սպառող, հարցաքննող, հայցող ակնարկը տղուն հոգիին ճշմարիտ վէրքը եղաւ: Նէնէթ սաստիկ ջղային էր դարձած եւ կը նեղուէր, կը նեղուէր ամէն բանէ: Կարծես ճիգ մը կ՚ընէր ապրելու եւ շնչելու համար: Կ՚ուզեր ինք անձամբ զբաղիլ իր բոյնին առօրեայ գործերով, հիմա որ ընտանիքի մը պետը կը նկատէր ինքզինքը, բայց իր միակ ձեռքը անբաւական կու գար եւ կոտրող ամէն բան, սպասուհիի ամէն անճաշակութիւն զինքը կը ջղագրգռէր: Կը տառապէր մանաւանդ Պիպիով զոր կ՚ուզեր սիրելի դարձնել Փիէռին, զոր կ՚ուզէր ուղղել, բայց որ իր մօր ֆիզիկական անկարողութեանը հանդէպ իսկ կը թերանար յարգանքէ: Եւ Նէնէթ իր անզօրութեան մէջ կ՚ըլլար դիւրազգած, անկողինը նոր ձգած հիւանդի մը պէս փափուկ:

Փիէռ կնոջ այս վիճակը կը վերագրէր մէկ բանի` անդամահատուած գեղեցկութեան: Իրաւ ալ հիւանդանոցի երկար ցաւերուն մէջ նիհարցեր էր Նէնէթ, աչքերուն տակ ծալքեր սկսած էին, եւ երկու կեանքի ընկերները իրարմէ բաժնող տարիքի անջրպետը լայնցած էր: Մինչ Հայը աւելի կ՚օգտուէր գաւառի մաքուր օդէն եւ կը ճառագայթէր իր երիտասարդի գեղափայլ առոյգութեանը մէջ, Նէնէթ կորսնցուցած էր արդուզարդի իր սլաքներն անգամ: Եւ անոր ակնարկը կը մեծնար, կը խորանար, լիրբ սպիին վրայ:

Կը սիրե՞ս զիս, Փիէռօ, առաջուան պէս կը սիրե՞ս զիս, անկեղծօրէն:

Եւ անգամ մըն ալ իրապէս բարկացաւ Փիէռ ու պոռաց.

Իրա՜ւ որ կարծածիս չափ խելացի չես եղեր. հաւատա՛, որ տղայ ես եղեր… Ըսէ՛ տեսնեմ, ի՞նչ պատճառ կար քեզի հետեւելու, եթէ երբեք չսիրէի. իմ ներկայութիւնս միայն պէտք է բաւական ըլլայ սէրս ապացուցանելու, եւ դուն պէտք չէ տարակուսիս: Կ՚ուզես, որ առաջուան պէ՞ս ըլլանք. բայց վերջապէս օրեր անցած է, եւ մենք տղայ չենք. վերջապէս, վարժուեցանք իրարու եւ բնական է, որ հիմա սէրը աւելի գորով պարունակէ. եւ դեռ վերջապէս… աւելի ամուսիններ ենք, քան սիրահարներ:

Անշուշտ, Նէնէթ մտովի կ՚աւելցնէր բոլոր այն խօսքերն ու պատճառաբանութիւնները, զոր տղան չէր արտասանէր բնաւ, բոլոր այն տակաւին լոյծ ու աղտոտ զգայութիւնները, որոնք թանձրանալով` զինքը հետզհետէ աւելի կը տառապեցնէին: Եւ կը կրկներ խիստ ցած ձայնով.

Երջանիկ չե՜ս, սակայն:

Երիտասարդը կարծեց դարման մը գտած ըլլալ: Խորհեցաւ, որ Նէնէթ վարժուած էր արագ ու գործօն կեանքին, ան որ հեւ ի հեւ գնացքին մէջ է, որ կը գտնէր իր կենդանութիւնն ու զուարթութիւնը եւ պէտք էր զինքը տան պարապ անկիւնէն առնելով կրկին նետել գոնէ մասնակի զբաղումի մը մէջ: Նէնէթ չմերժեց բնաւ, եւ լայն ու գեղեցիկ շալ մը ուսերուն նետած` կէսօրէ վերջերը սկսաւ կանոնաւորաբար գալ խանութ, գոնէ շարժման մէջ ըլլալու եւ շաղակրատելու: Օր մը, երբ Փիէռ բանտարկուած էր մութ սենեակին մէջ, բուռն վիճաբանութեան մը աղմուկը առաւ: Մարդ մը եկեր էր գանգատիլ Պիպիին ըրած մէկ անառակութեանը համար: Կոպիտ գիւղացիին մէկն էր ան ու կը պոռար` Նէնէթին ձայնը խափանելով: Աղմուկը մեծցաւ: Փիէռ ինքզինքը կ՚ուտէր գոց դրան ետեւ, անկարող դուրս ելլելու: Անասունը մեկնելէ առաջ գոռաց.

Հոս ի՞նչ գործ ունիք. կորսուեցէ՛ք, ձեր դժոխային Փարիզը կորսուեցեք… Դուն ի՞նչ ես, որ զաւակդ ինչ ըլլայ. եթէ շնորհքով մէկն ըլլայիր, Աստուած քեզի այդպէս չէր պատժեր, այո՜, վերը նախախնամութիւն մը կայ, ան գիտէ՛ պատժելիք անձերը. ո՛վ գիտէ, որուն սիրտն ես այրեր, ու անիծէր են քեզի… Անիծուած, անիծուած…

Երբոր Փիէռ դուրս ելաւ, Նէնէթ մնացեր էր անշարժ, աչքերը խոշոր բացած: Մեկնեցաւ անմիջապէս եւ ա՛լ խանութ չեկաւ:

Հակառակ ամառը սկսած ըլլալուն, հիասթափուեցան գաւառի կեանքէն: Միօրինակ էր ան եւ անհրապոյր. ժամանցի վայրեր չկային, կենդանութիւն չկար, չունէին ծանօթներ ու բարեկամներ: Իրիկուն մը պատահեցաւ, որ սինէմային մէջ իրենց ճիշտ մօտը անառակ զոյգ մը գտնուի: Անոնք այնքան անպատկառութեամբ եւ աղմուկով իրար կը գրգռէին մութին մէջ, որ Բիբին սկսաւ խնդալ ու խորհրդածութիւններ ընել: Նէնէթ քաղաքավարութեամբ խնդրեց, որ գոնէ մանուկները նկատի առնեն եւ հանդարտ մնան: Թօննէռցին արհամարհական ակնարկ մը նետելէ վերջ ըսաւ, իբրեւ թէ խօսքը ընկերուհիին ուղղելով.

Իրենք, ով գիտէ, ինչեր են ըրած Փարիզ, հոս եկեր` սուրբ կը կտրին…

Փիէռի կռուփը բարձրացաւ: Երեկոն սպաննուած էր:

Բայց ահա մէկէն` լոյս մը:

Երբ օրուան կուրցնող արեւին եւ հեղձուցիչ տապին յաջորդող գաղջութեանը հետ երիտասարդ լուսանկարիչը իրիկուն մը տուն կը դառնար, դուռը մէկէն բացուեցաւ իր առջեւ, ու երեւցաւ Նէնէթի դէմքը՝ աննախնթաց ու անպատմելի երջանկութեամբ մը ողողուն: Անտարակոյս մեծ անակնկալ մըն էր պատահած, քանի որ խարտեաշ կինը պլլուեցաւ տղուն, սկսաւ զայն համբոյրներով ծածկել, խայտալ, սեղմուիլ, այնքան, այնքան, որ յուզումին մէջ անկարող եղաւ տղուն հարցումներուն պատասխանել:

Ո՛չ, չէր ուզէր աւարտել գիրկընդխառնումը. հեռուէն անկարելի էր խօսիլ. պէտք էր, որ մնար այսպէս, իր մազերուն գեղեցիկ փունջը անոր վիզին մէջ թաղուած, շունչը շունչին, եւ ըսէր, ըսէր, թէ մայր պիտի ըլլար:

Փիէռ մէկէն բաժնուեցաւ, ու երկուքը դէմ դէմի նոյն գերագոյն հրճուանքէն տարուած ճչացին.

Un petit Pierrot!.. Un petit Pierrot!..

Առաջին անգամ ըլլալով տղան իր սիրուհին համբուրեց այնպէս, ինչպէս այն մի՜ւս գարնան, որպէս թէ տակաւին սիրոյ առաջին արարին մէջ ըլլային, որպէս թէ ըլլային 63րդ էջին վրայ: Շապիկով նետուեցաւ փողոց, շամպանեը գնելով վերադարձաւ, համբուրեց Նէնէթը, գաւաթները լեցուց, համբուրեց Նէնէթը, գաւաթները պարպեցին, եւ դեռ համբուրեց Նէնէթը ա՛յսպէս, որպէսզի մանչ ըլլայ, եւ դեռ ա՛յնպէս, որպէսզի աղջիկ ըլլայ… Ամէն ճաշի ինք է, որ կնոջ պնակին մէջ միսը կը կտրատէր, որպէսզի ան կարենայ ուտել. բայց այս իրիկուն որքա՜ն գուրգուրանքով ըրաւ: Յետոյ սկսաւ ինք իր ձեռքով պատառները մէկիկ-մէկիկ կնոջ բերանը դնել: Զաւակը ծնած էր արդէն իսկ, եւ այդ զաւակը կը կոչուէր Նէնէթ: Տղուն երջանկութիւնը կը մեծնար մանաւանդ անոր համար որ, կը վերագտնէր իր նախկին սիրուհին: Յաջորդ օրը Փիէռ փափագեցաւ սիրուն անակնկալ մը ընել եւ գործը ձգելով աշխատեցաւ այդ անակնկալին իրականացման: Տօնական ճաշ մը պատրաստեցին, որուն հրաւիրուեցաւ նաեւ Կոստան: Հազիւ թէ դուռը բացուած էր այս վերջնին առջեւ, երբոր Փիէռ ու Նէնէթ մատերնին պատին ուղղած պոռացին.

Բա բա ղա՜նը… Բա բա ղա՜նը…

Հոն, ճիշտ դիմացն էր Brigadierի մէկ մեծ ակռանտիսըմանը, ուրկէ թութակը կը փայլէր գունագեղ, լուսաճաճանչ: Կոստանի աչքերը արցունքով լեցուեցան: Ան երջանկութեամբ ցնծաց, մանաւանդ իր սիրելիները տեսնելով կենսուրախ, ժպտադէմ: Եւ ալ ինչե՜ր, ինչե՜ր չըրաւ. վերակոչեց անցեալը, պատմեց իր ամուրիի կեանքէն խիստ գեղեցիկ մանրավէպեր, զորս մինչեւ այսօր գաղտնի էր պահած: Ըսաւ օրինակի համար, թէ ինչպէս երիտասարդութեանը ատեն իր դրանը առջեւ պոնիշները կարգի կը սպասէին եւ թէ աւելի վերջը, գաղութավայրերու մէջ, ենթասպայի կարմիր տաբատովը խափշիկ կիները կատղեցուց ցուլերու պէս…

Արեւոտ օրեր: Հայուն մտածումը գնաց Պոլիս, իր ծնողքին: Ի՞նչ պիտի մտածէր մայրիկը, երբ լսէր, թէ որդին զաւակ մըն է ունեցած, այն ալ մէկէն որ իր կինը չէ, որ ֆրանսացի է, որ անդամահատուած է, եւ որ…: «Օ՜հ, ըսաւ Փիէռ խնդալով, չեմ գրեր, լմնցաւ գնաց. արդէն ըրածներես ո՞րը կը գրէմ որ…»: Եւ սակայն երբոր զաւակը ծնէր, ստիպուած էին ծանուցանել տեղական իշխանութեան, եւ Փիէռ պիտի ընդուներ հայր ըլլալը: Գաղափարներու բնական զուգորդութեամբ մը առաջնորդուած, երիտասարդը խորհեցաւ, որ պահը ամենայարմարն էր Նէնէթին մեծ անակնկալը ընելու: Գրեց…

«Տիկին».

«Սէրն ինչ է չգիտէի, ձեզ տեսայ, սիրեցի. այնպէ՜ս սիրեցի, սրտա՜նց սիրեցի, հոգւով սիրեցի ես ձեզ, որ չեմ կրնար ապրիլ առանց ձեզ: Որով այս երկտողովս կու գամ ձեր ձեռքը խնդրել: Կ՚աղաչեմ մի՛ մերժէք զիս, իմ կինս եղէք, որպէսզի ես այլեւս չտառապիմ եւ դուք ալ սորված ըլլաք այս երգը»:

Իրիկունը, երբ որ Փիէռ տուն դարձաւ, Նէնէթը գտաւ լալագին, թիկնաթոռին մէջ կծկտած, մահուան չափ դժգոյն: Մայր պիտի չըլլար: Տղան դուրս ելաւ ու նամակը պատռեց:

***

«Սիրելի Պետրոս,

«…այլ մանաւանդ, որովհետեւ խիստ կարեւոր բան մը ունիմ քեզի պատմելիք: Լոխումին մայրիկը Պոլիսէն եկաւ: Չեմ համարձակիր իր վիճակը նկարագրել, որովհետեւ իմ բառերս անկարող են այդքան մեծ վիշտ մը պատմելու: Պզտիկ, նիհար ջղային կին մըն է, որ բոլորովին կորսունցուցած է ինքզինքը եւ քիչ մը, քիչիկ մը գոնէ իր վիշտը ծածկելու կարողութիւնը չունի: Լեզու չի գիտէր. մարդ չունի, առողջ ալ չէ եւ, մեր պանդոկին այդ գէշ սենեակին մէջ փակուած, ամբողջ օրը կու լայ, մազերը կը փետտէ, կ՚անիծէ, կ՚աղօթէ: Ես է որ զինքը Շառանթոն տարի: Բնաւ չեմ մաղթէր, որ հետս ըլլայիր, որովհետեւ դուն ա ինծի պէս հիւանդ պիտի վերադառնայիր տուն, եւ կեանքէդ անջնջելի պիտի մնար այդ սեւ օրը: Տեսնես ինչպէ՜ս խեղճ մայրը նետուեցաւ տղուն վիզին, ինչպէ՜ս համբուրեց, գգուեց, շոյեց, անցեալէն բաներ ըսաւ, արցունքներուն մէջ կատակներ ջանաց գտնել, անօգո՜ւտ, անօգուտ. տղան իր մայրը չճանչցաւ: Քովի պզտիկ սեղանին վրայ սատկած ճանճ մըն է դրեր ան եւ կ՚ըսէ, «Ուզեցի ճանճին ճակատը պողպատել, եւ ան մեռաւ. ես ոճրագործ եմ. այո՛ կասկած չկայ, ես ոճրագործ եմ, ե՜ս, Հայկ Դիւցազն, réfugié d՚origine arménienne»: Տղաքը ամէն գիշեր կու գային, որպէսզի կինը բոլորովին առանձին չձգենք, բայց բոլորն ալ սկսան կամաց կամաց քաշուիլ։ Շիտակը, կարելի ալ չէ մեղադրել. ինչպէ՜ս կրնան այսքան վիշտ տանիլ։ Միայն թէ հիմա խնդիր մը կայ. կնոջ նիւթականը բնաւ տեղը չէ. քահանայ մը ո՜րքան դրամ կրնայ ղրկել եւ այն ալ` ո՞րչափ ժամանակ: Խեղճը եկեղեցի դիմեց, որպէսզի օգնութիւն մը ընեն. «Ելիր Պոլիս գնա՛, հոս մնալդ որեւէ օգուտ չունի», ըսէր են. սակայն ան չ՚ուզէր կոր մեկնիլ. «Ես հոս պիտի մեռնիմ», կ՚ըսէ: Որով մենք է որ կ՚օգնենք իրեն կրցածնուս չափ: Հիմա քեզի ալ կը գրէմ, որպէսզի եթէ ի վիճակի ես, աջակցութիւնդ չզլանաս մեր խեղճ Լոխումին մօրը: Կը ճանչնամ քեզ, եւ վստահ եմ, որ բնաւ չես մերժէր: Մէկը ըսեր է, թէ Լոխում դժբախտ սիրոյ մը պատճառաւ է, որ իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց. ի զուր պնդեցի, որ այդպիսի բան չկայ: Գիտես, թէ մօր մը սիրտը ինչ է. անմիջապէս կարծեց լոյսի նշոյլ տեսնել ատոր մէջ ու աղաչեց, պաղատեցաւ: Կարելիս ըրի եւ վերջապէս գտանք աղջիկը: Սարսափելի, ճակատագրական, անգութ գեղեցկութիւն մը: Դուն, որ ֆրանսուհիները կը ճանչնաս, պէտք է ըմբռնես, թէ ի՛նչ տեսակ աղջկան կ՚ակնարկեմ: Մտիկ ըրաւ պատմութիւնս անայլայլ` եւ բացարձակապէս մերժեց հետերնիս Շառնաթոն գալ, պնդելով, որ որեւէ բան չէ ունեցած այդ տղուն հետ:

«Տեսնէի՜ր դժբախտ մօր աղաչանքը. հայերէնով, տաճկերէնով կ՚ուզեր օրհնութիւն կարդալ ու համոզել։ Վերջապէս պոռնիկը հաւանեցաւ եւ ժամադրութիւնը որոշեցինք: Չեկաւ սակայն: Յետոյ է, որ իմացայ, թէ սկսեր է «արհեստը» կիրարկել բացէ ի բաց, առանց արտօնագիր ունենալու եւ ձերբակալեր են: Հիմա պիտի սպասենք, որ ազատ արձակուի եւ…»

Օ՜հ, պոռաց Փիէռ, Աստուծո՜յ սիրուն, Աստուծո՜յ սիրուն, հանգիստ ձգեցէք զիս…

Այդ ճիչը կրցաւ արցունքներ կեցնել, բայց խեղդուկ ձայնը տղուն յուզումը մատնեց: Յետոյ Փիէռ, սեղանին վրայ դրամատոմսեր նետելով, ըսաւ.

Կոստա՛ն, վաղն առաւօտ իսկ ասոնք վճարագիրով մը սա հասցէին ղրկէ եւ ես ա՛լ նամակ չեմ ուզէր. ալ ո՛րեւէ նամակի պէտք չունիմ. իմ հոգերս ինծի կը բաւեն:

Իր միակ յոգն էր Նէնէթը: Յոգնակի՛, քանի որ մեծ հոգ մը: Անհանգստութիւնը վերսկսած էր իր յառաջխաղացումին, առաջուընէ աւելի նեղ եւ աւելի մութ նրբանցքներէ: Ատոր մէջ երկուքն ալ իրենց յանցանքի բաժինը ունէին: Նախ Նէնէթ իր ջղայնոտութեամբ անկարող կը մնար կեղծելու, անտարբեր, ինքնավստահ ու զուարթ ձեւանալու. իսկ երիտասարդը կը կարծէր հալածուիլ կնոջ դժգոհ, սպառող, տարակոյսով լեցուն ակնարկէն: Եւ փոխանակ հակազդելու կը մնար կրաւորական, յուսալով, որ ան պիտի վարժուի իր վիճակին, պիտի համակերպի եւ նախկին դիւրակեցութիւնը պիտի վերագտնէ: Եւ տղան կը լռէր, բանի մը չէր ուզէր խառնուիլ, գիշերը, ճաշէն վերջ, կ՚անցնէր անթելի գործիքին առջեւ, Նէնէթը թողլով առանձին, երկար, անվերջանալի ժամեր: Իրիկուն մըն ալ գործիքը խանգարուած գտաւ: Ըսին, որ Պիպին խառներ ու աւրէր է զայն: Բայց ինչո՞ւ մէկէն կնոջ շրթները դողացին ծամածռութեան մը մէջ. ինչո՞ւ ան փղձկեցաւ լացով: Նէնէթն է, որ զայն կոտրած էր դիտումնաւոր կերպով: Երիտասարդը ըմբռնեց:

Բայց հակառակ յաջորդ օրերուն մէջ տղուն կատարած ճիգին, կարելի չեղաւ տիրող ծանր մթնոլորտը պայծառացնել: Ատենը անգամ մը թունաւորիչ դէպքեր երկու երիտասարդները իրարմէ բաժնեցին:

Պիտի ըսեմ, Պիպի, մայրիկիդ պիտի ըսեմ, կը սպառնար Կոստան երեկոյ մը, տան դուռին առջեւ: Մանուկը, Փիէռին գալը չնշմարելով, պատասխանեց.

Ես մայրիկէս չեմ վախնար որ. անոր մէկ ձեռքը իմ գրպանս է…

Եւ այս ըսած ատեն ձեռքը կը զարնէր տաբատի գրպանին: Առաջին անգամ ըլլալով` Փիէռ սարսափելիօրէն ծեծեց զայն: Եւ որովհետեւ, չէր ալ ուզէր Նէնէթին ըսել իր բարկութեան պատճառը…

Ծաղիկներով ու պտուղներով բեռնաւոր, ժպտադէմ եւ գոհ` տուն եկաւ երիտասարդը: Ա՛լ այս երեկոյ բան մը չպիտի պատահէր: Վճռած էր երջանիկ ըլլալ եւ ուժով ուժով համբուրեց իր սիրուհին: Միայն թէ նամակ մը եւս կար:

Պիտի պատռեմ, ըսաւ Նէնէթ, պիտի պատռեմ, դուն չըսի՞ր, թէ ա՛լ նամակի պէտք չունիս: Ամէն անգամուան արտաքին պատճառներ կու գան կոր մեր հանգիստը խռովել:

Բայց որովհետեւ չէր կրնար մէկ ձեռքով պատռել, խածաւ նամակը ու քաշեց: Ծանրաբեռնուած մեծ պահարան մըն էր ան, որ կը դիմադրէր: Վերջապէս աղմուկով պատռուեցաւ, ու մէջէն վարդագոյն ժապաւէնի կտոր մը ինկաւ գետին: Տղան անմիջապէս խլեց կնոջ ձեռքէն ամէն բան, բացաւ կտորները, քով քովի դրաւ… իր գրած մէկ քանի երկտողները, երկու լուսանկար, պզտիկ յիշատակներ… Մէջի պահարանին վրայ իրեն ծանօթ ձեռք մը գրած էր. «Մահուընէս վերջ վերադարձնել Փիէռին, Հրաչին միջոցաւ»:

Փթիթ Լիզը ա՛լ չկար:

………………………………………………………………

Եւ այն ատե՜ն, «Կապոյտ»ները ճանճերու պէս սկսան իյնալ շուրջս: Մեր հրամանատարը սրիկային, խայտառակին մէկն էր. պէտք չէր որ մեզ այդ աւերուած գիւղը նետէր հրետանիին գործողութենէն առաջ: Աւերակներու մեղ թաքնուած գնդացիրները մեզ կը լափէին. միայն ձեռնառումբերով կը կռուէինք: Եւ այն ատե՜ն ես գետին ինկայ. երեք տեղէ զարնուած էի: Հոն է, որ մատս թռաւ: Ամենէն գէշը այն էր, որ մէկ աչքս արիւն էր գացած, եւ լաւ չէի տեսնէր: Կարելի չէր այդ դժոխքին մէջ մնալ. ամբողջ հողը կը ցնցուէր, սկսայ քաշկռտուիլ: Տեսայ մառանի մը պզտիկ ծակը եւ ներս սողոսկեցայ. արդէն ուրիշ վիրաւորներ եկեր ու մեռեր էին հոն: Եւ այն ատե՜ն, լսեցի որ քովս կը խօսէին. տկար լոյսին մեզ կը տեսնուէր երկու հոգի. Ֆրանսացի մը եւ «պոշ» մը. ֆրանսացին զինուած էր, իսկ միւսը` ոչ. այդ կը նշանակէ, թէ մեր ընկերը գերի էր բռնած զայն եւ կը սպասէր յարձակողականին աւարտելուն, որպէսզի իր աւարը մեր գիծերը տանի: Եւ այն ատե՜ն տարօրինակ խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ: Ֆրանսացին առաջարկեց, որ փոխանակ զայն մեր գիծերը տանելու, ի՛նք, ֆրանսացին ըլլայ գերի, եւ «Ֆռից»ը զինքը փոխադրէ գերմանական ճակատը: «Ո՛չ, ըսաւ Գերմանը, դուն զիս գերի բռնեցիր եւ պէ՛տք է, որ տանիս. երեք տարի է, որ ես այս վայրկեանին կը սպասէի»: «Իսկ ես չորս տարի է, որ կը կռուիմ, պատասխանեց «Կապոյտը», ա՛լ կ՚ուզեմ ազատիլ, ազատէ՛ զիս, երկու զաւակ ունիմ…» Մէկը միւսին կ՚աղաչէր, կը պաղատէր, երկուքն ալ կ՚ուզէին փրկուիլ. առաջինը կ՚ըսէր, թէ զաւակ ունի, երկրորդը կ՚աւելցնէր, թէ մայր ունի…

Նէնէթը գլուխը դարձուց Փիէռին եւ դանդաղօրէն ըսաւ.

Ճիշդ մեզի պէս…

Բարեբախտաբար, Կոստան այնքան փարած էր իր պատմութեան որ ոչինչ կռահեց, իսկ Փիէռ` արդէն տխուր` այդ չարաշուք տարիներու վերակոչումով, բոլորովին վիրաւորուեցաւ կնոջ ըրած դառն ակնարկութենէն: Տղան աթոռը դարձուց եւ անթելին սաղաւարտը դնելով` սկսաւ ունկնդրել: Ճիշտ քովէն մէկը կ՚արտասանէր. «Trop Vain pour en pleurer, trop triste pour en rire»: Անմիջապէս անիւները դարձուց եւ ուրիշ կայան մը առաւ. այս անգամ կրցաւ հանդարտօրէն լռել, որովհետեւ ձայնը կ՚ըսէր.

«Կով. —1295 հատ ժամանած, 90 հատ անվաճառ: Էքստռա 8. 90, ա. տեսակ 8. 00, բ. տեսակ 6. 60, գ. տեսակ 5, 40: Եզ. 2589 հատ ժամանած, 98 հատ անվաճառ: Էքստռա 806715000»:

Երբոր Կոստան գնաց պառկելու, Նէնէթ ըսաւ.

Փիէռ, չեմ ուզէր, որ այդ աղջկանը երես տաս եւ ան ամէն օր խանութ գայ, չեմ ուզէր. Ան յիմարին, թեթեւսոլիկին մէկն է. կրնայ քու կատակներդ լուրջի առնել: Ես արդէն բնաւ այդ տեսակ ապուշ արարածներէն չեմ ախորժիր. ամենէն աւելի վտանգաւորները անոնք են:

Կնոջ սուր հոտառութիւնը վտանգ մըն էր նախազգացած: Լուսանկարչատան քովի հանդերձավաճառին քեռաղջիկը Լիոնէն եկած էր հոս, արձակուրդի ամիսները անցընելու: Նէնէթ չէր չափազանցէր բնաւ. այդ Կաբին խիստ թեթեւսոլիկ էր, հակառակ քսանը անցուցած ըլլալուն՝ չափազանց տղայամիտ, եւ իր արդուզարդէն, շարժումներէն ու աչքերէն դատելով` անսանձելիօրէն կրքոտ: Բայց գեղեցիկ էր ան, մարմնով հարուստ եւ միշտ երգող, ցատկռտող, խնդացող: Ամէն օր, եւ երբեմն ալ օրը քանի մը անգամ ոեւէ բան մը պատճառ կ՚ընէր գալու համար Փիէռին, եւ ճպուռի մը պէս կը խօսէր, կը խնդար, ձեռքը կը քսէր հագուստին, որպէսզի թափանցիկ կերպասը աւելի լաւ կաղապարուի կուրծքին վրայ, ակնարկը կը խորացնէր, կը խածնէր շրթները, մէկ խօսքով երիտասարդը կը ցանկար: Կ՚ըսէր. «Ցաւով պիտի մէկնիմ Թօննէռէն, եթէ պէտք ըլլայ դարձեալ պիտի գամ. նոյնիսկ կարելիս պիտի ընեմ վերջապէս մնալու համար հոս, եթէ ստիպեն…»: Հայը միշտ կը խնդար եւ բնաւ առիթը չէր փախցնէր զայն ծաղրելու: Բայց հիմա, Նէնէթին ըրած այս դիտողութիւնը զինքը բարկացուց: «Իր ամէն բանը մոռցաւ եւ սկսաւ իմ ըրածներս անվայել գտնել», խորհեցաւ Փիէռ եւ փոխանակ փակելու խնդիր մը, որ զերծ էր որեւէ մեղաւոր հանգամանքէ, պատասխանեց խստօրէն: Սաստիկ վիճեցան:

Երկու օր վերջ հանդերձավաճառը երիտասարդ լուսանկարիչը կանչեց եւ խնդրեց, որ գոնէ իր միջնորդութիւնը չմերժէ եւ հաճի երթալ հարսանեկան խմբանկարը առնել: Փիէռ չէր ընդունած այդ հրաւէրը, տեղի հեռաւորութիւնն ու ժամանակի կորուստը պատրուակելով: Բայց հանդերձավաճառը կ՚ուզեր օգտակար ըլլալ հարսնեւորներուն, որոնք իր գլխաւոր յաճախորդներն էին, եւ կառք մը Փիէռին տրամադրութեանը տակ դրաւ:

Բայց ես երբեք կառք չեմ վարած, առարկեց Փիէռ: Կրնայ արկած մը պատահիլ:

Ես վարել գիտեմ, պատասխանեց Կաբի. միասին կ՚երթանք:

Այդպէս ալ ըրին որոշուած օրը: Չորս հոգինոց գեղեցիկ կառք մըն էր, նոր ու թեթեւ: Գործիքները ետեւի կողմը զետեղելէ վերջ, Փիէռ նստաւ երիտասարդ աղջկան քով ու ճամփայ ելան: Ժամուան մը տեղ ունէին երթալիք: Յարդէ լայնեզր գլխարկ մը դրած էր Կաբի, վարդագոյն թեթեւ զգեստ մը իրանը կը գրկէր, կուրծքերուն վրայ նմանելով` հասուն պտուղի մը ամանին, եւ խարազանը կը շաչէր անդադար ձիուն ականջներուն վրայ: Քաղաքէն դուրս ելլելուն պէս, Կաբի, որ այդ կառքով բազմաթիւ անգամներ շրջակայքը պտտած ըլլալուն ծանօթ էր տեղին, երկարօրէն նկարագրեց փոխուող հորիզոնները, պուրակները եւ հեռաւոր զգայնոտութիւնները: Եւ որովհետեւ Փիէռ կը լռէր, բաւականացաւ գեղգեղելով:

Վերջապէս հասան ընդարձակ եւ հարուստ ագարակ մը: Իրենց ժամանումը մեծ իրարանցում պատճառեց, խոզեր եւ հաւեղէններ փախան, իսկ փեսային վերջին գաւաթը մոլոր գնաց: Հարսնեւորները անվերջանալի շփոթութիւններէ, երթալ-գալերէ յետոյ, վերջապէս հաւաքուեցան դարպասին մէջ: Բերին աթոռներ, նստարաններ, տակառներ, սակառներ, եւ ամէն ոք գրաւեց իր բարձունքը: Փեսան զօրագունդի մը պէս երկար էր, իսկ հարսը գունդի մը պէս կլոր: Փեսան նոյն առաւօտն իսկ ածիլուած էր, իսկ հարսը ո՛չ. անոր վերին շրթունքը երեք օրէ ի վեր սգաւոր էր: Նոր թեզանիքներէ դուրս կ՚ելլէին կոշտ ձեռքեր, օձիքի անվարժ կզակներ կ՚անշարժանային ծիծաղելիութեան մը մէջ, այտերու վրայ բրնձափոշին շատ գէշ էր քսուած, գոհարեղէնները ամբողջութեամբ երշիկ կը հոտէին, եւ չկար ոչ իսկ մէկ հոգի, որ կարենար բնականոն կերպով քալել, նոր կօշիկները ոտքին: Կ՚արժէր Փիէռին վիճակը տեսնել, ճնճղուկի մը պէս կը ցատկռտէր անդադար, կարգի դնելու, համար այս զուարճութիւնը: Իրաւ ալ դիւրին չէր լուսանկարել 67 հոգի, առանք հաշուելու երեք շուն, կատու մը, երկու բադ, եւ վերը, տանիքին ծեպերուն վրայ շարուած աղաւնիներ: Ու ճիշտ այն պահուն, որ քաուչուէ տանձը պիտի սեղմուէր Փիէռին ափին մէջ, սեւուլիկ հորթ մը մեծ աղմուկով սլացաւ գործիքին վրայ: Բոլոր բերանները միանգամայն պոռացին. «Նուառօ՛տ, Նուառօ՛տ»: Փեսան անմիջապէս դուրս նետուեցաւ իր լուսանկարէն եւ կենդանին համբոյրով մը անշարժացուց, մինչ հարսը կը կարմրէր, կը մարմրէր…

Երբոր Փիէռ պատուասիրութիւններէն յետոյ ուզեց մեկնիլ, ի զուր փնտրեց Կաբին: Վերջապէս գտաւ զայն հեռաւոր անկիւն մը կարմիր թաշկինակ մը վիզին շուրջ, երիտասարդներուն չարլսթօն սորվեցնելու զբաղած: Կաբիին գլուխը բռնած էր: Պատրաստուեցան մեկնիլ: Բայց ճիշտ այն պահուն, որ Փիէռ իր նստարանը պիտի բարձրանար, ճեփճերմակ հաւ մը դուրս թռաւ կառքէն մեծ աղմուկով ու իր տեղը ձգեց տաքուկ հաւկիթ մը…

Նախ խօլական արշաւի մը սկսաւ կառքը, յետոյ պրկուող սանձերը ձիուն գնացքը դանդաղեցուցին: Ֆրանսուհին սկսաւ կռթնիլ Հայուն, ակնարկը խորացնել, յետոյ երգել նուաղկոտ սիրոյ մեղեդիներ: Զմայլելի պահ մը, կանաչութիւն, անհատնում դաշտագետիններ, ջուրի ճամփայ մը, քանի մը դղեակ եւ վերջալոյսը, որ կ՚իջնէ: Բայց որովհետեւ երիտասարդը շուտով կ՚ուզեր Թօննէռ դառնալ, Կաբի դիմեց խորամանկութեան: Ճամփուն ստուերոտ մէկ անկիւնը հասնելուն պէս, առանց յայտնի ընելու, մէկէն անիւները սեղմեց: Եւ մինչ Փիէռ վար կը ցատկէր նայելու, թէ ինչ էր կոտրած, Ֆրանսուհին իր նստարանին տակէն դուրս քաշեց տուփ մը, զայն բանալով վերածեց ձայնագիրի եւ սկսաւ գեղեցիկ վալս մը դարձնել:

Փիէռ ուժը չունեցաւ մերժելու եւ իրար պլլուած պարեցին ամայի ճամբուն վրայ, տերեւներու շուքին հետ: Վալսին յաջորդեց չարլսթօն մը. արտառոց, բարբարոս չարլսթօն մը. հաչոց, ոռնոց, որոտում, թմբուկ… այնքան, որ մէկէն ձին խրտչեցաւ ու իր կարթերուն ամբողջ ուժովը սկսաւ սլանալ ճամբուն վրայ: Իզուր երիտասարդները կը վազէին ետեւէն. կարելի չէր հասնիր։ Վտանգ կար. վարէն կու գային երկու հեծելանւորդներ. քահանայ մը եւ նամակաբեր մը, որոնք կը խօսէին օրուան նիւթերուն, այսինքն ընդհանուր պատերազմին վրայ: Նամակաբերը կրցաւ ատենին վար նետուիլ եւ խոյանալ ձիուն սանձերուն, բայց քահանան, բախումէ մը խուսափելու իր ճիգին մէջ ճամբուն եզերքի փոuը ինկաւ: Մինչ Փիէռ ու Կաբի կ՚երթային կղերականին օգնութեան, որուն ձեռքը միայն քիչ մը արիւնած էր, նամակաբերը սկսաւ ձին հարուածել: Օ՜հ, ա՜յո: Պատերազմը շա՜տ աղետաբեր եղաւ ձիերուն…

………………………………………………………………

Կոստան իրենց ընդառաջ եկաւ ու կառքին մէջէն գործիքները վերցնելով` տարաւ ներս: Նէնէթ, որ յօնքերը պռստած էր, մէկէն ըսաւ.

Որո՞ւնն է այս կրամաֆոնը, ինչո՞ւ հողով լեցուէր է… սկաւառակներն ալ կոտրեր եք…

Տղան դեռ կը խնդար պատահած դէպքին վրայ, քրտինքները սրբելով: Թաշկինակին վրայի արեան հետքերը կնոջ աչքերէն չվրիպեցան: Տեղացող հարցումներուն տակ երիտասարդին խնդուքը աւելցաւ, եւ ան անմեղօրէն պատմեց դէպքը ամբողջութեամբ:

Սաստիկ, սաստիկ վիճեցան:

***

Արձակուրդս շատոնց է որ լրացած է, բայց ես չէի ուզէր Թօննէռէն մեկնիլ. չէի կրնար. Բայց հիմա ալ ստիպուած եմ. շաբթուս վերջ պիտի վերադառնամ Լիոն: Միայն թէ կը փափագիմ, որ զիս անգամ մը եւս լուսանկարէք… այս անգամ տեքոլթէ:

Փիէռ ոխ ունէր Կաբիին հանդէպ, իր ու Նէնէթին միջեւ գժտութիւն մը սերմանած ըլլալուն համար: Իրեն բոլորովին անտանելի էին այժմ թեթեւաբարոյ աղջկան ամէն մէկ շարժումները, սակայն իր կնոջ հրամանին տակ չգտնուելու մտածումով, անկախ եւ ուզածը ընելու կարող մէկը ձեւանալու տղայական հպարտութեամբ, Փիէռ զուարթ ձեւացաւ եւ Կաբին առաջնորդեց գործողութեան սրահ: Արդուզարդի խուցին մէջ երիտասարդ աղջիկը պատրաստուեցաւ: Մինչ Փիէռ գլուխը սեւ կտաւին տակ թաղած` գործիքին տեսողութիւնը կը ճշդէր, մէկէն ապակիին վրայ երեւցաւ անշուշտ շրջուած դիրքով Կաբին. վենետիկեան սեւ դիմակ մը աչքերուն, եւ ամբողջութեամբ մերկ: Անգիտակցաբար ստացած էր ճիշտ այն դիրքը, որ Նէնէթինն էր, ան չարաշուք ակռանտիսըմանին վրայ:

Այնքան ուժով, որ մեքենան պիտի տապալէր, Փիէռ գլուխը քաշեց գործիքէն դուրս, եւ քաուչուէ տանձը գետին շպրտելով, ըսաւ մէկէն շառագունած.

Կ՚աղաչեմ, օրիորդ, հագուեցէ՛ք եւ անմիջապէ՛ս: Ատիկայ իմ մասնագիտութիւնս չէ բնաւ:

Երբոր Փիէռ անցաւ խանութ, դէմ դիմաց եկաւ Նէնէթին հետ: Քանի մը օր է, որ ան վերսկսած էր խանութ գալ, յարափոփոխ պահու մը: Երիտասարդը պլլուեցաւ կնոջ ու ըսաւ.

Օ՜, Նէնէթ, Նէնէ՜թ, հաւատա՛, որ դուն աւելի կ՚արժես. իրա՛ւ, որ դուն բոլորէն ալ աւելի կ՚արժես…

Իրիկունը, հակառակ եղած խոստովանութիւննէոուն, հակառակ նոյնիսկ անոր, որ Նէնէթ սրտանց համոզուած կը թուէր անդարմանելին պատահած չըլլալուն, չուզեց մխիթարուիր

Մինչ Փիէռ անդադար կը դառնար անկողնին մէջ անքուն, Նէնէթ մնաց. երկա՜ր, երկա՜ր ժամեր լուսնկայի մեռելական լոյսին տակ, թիկնաթոռին մէկ անկիւնը կծկտած: Երկուքն ալ դժբախտ էին:

………………………………………………………………

Allons! Նէնէթ, ելիր, որ համբուրեմ քեզ, ալ քիթ մի՚ ընէր: Փարիզ պիտի երթամ, Հրաչին հարսանիքին ներկայ ըլլալու. 3-4 օրէն աւելի պիտի չբացակայիմ. թող որ արդէն կը գրէմ քեզ: Հաւատա՛, որ խորհածս ճիշդ է. լաւ է, որ քիչ մը ատեն անցնի, սա մթնոլորտը մաքրուի եւ վերադարձիս երկուքս ալ ուրախ նետուինք իրարու: Allons! ելիր, որ համբուրեմ:

Նէնէթ չպատասխանեց բնաւ: Ուսերը ցնցեց միայն մերժումով եւ աւելի թաղուեցաւ վերմակին տակ:

Փիէռ մեկնեցաւ:

Երբոր վագոնին պատուհանէն ձեռքը դուրս երկարեց Կոստանին մնաս բարով ըսելու, տեսաւ, որ անոր աչքերը արցունքով լեցուէր էին:

Խե՞նթ էք, ինչ էք, պոռաց Փիէռ, ի՞նչ կ՚ըլլաք կոր, չմեռա՜յ, չկորսուեցա՜յ: 4-5 օրէն պիտի վերադառնամ. գոնէ դուն տղայ մի ըլլար: Քեզ տեսնեմ, Կոստան, տունին պաշտպանութիւնը քեզի կը յանձնեմ. լաւ հսկէ ամէն բանի. նայէ, որ Ժաննը բանի մը պէտք չունենայ եւ անտեղի մտածումներով ինքզինքը չտանջէ…

Մէօսիէօ Փիէռ, տիկինը երջանիկ չէ…— կակազեց Կոստան:

Բարեբախտաբար շոգեկառքը ճամփայ ելած էր արդէն, եւ երիտասարդը պատասխան մը գտնելու հոգէն փրկուեցաւ:

Իր անկիւնը անցնելուն պէս, Պետրոս ուզեց անմիջապէս վերագտնել իր զուարթութիւնը եւ փախուստը շնչել ազատօրէն: Ու նկատելով, որ պէտք եղած արագութեամբ Թօննէռէն չէր հեռանար, ձեռքի պահարանը պատռեց սկսաւ կարդալ երջանիկ:

«Անուշիկ չոճոխս իմին… Չե՜ս ըսէր, առջի օր կատունիս հորը ինկաւ. ալ քաշած նեղութիւնս տեղ մը չկայ… Չէվիրմէի անուշը աղուոր տուփի մը մէջ դրի եւ հայրիկդ առջի օր փոստա տարաւ. եթէ այս անգամ ալ կորսուի, ալ խե՜լքի գալիք բան է. իրաւ որ շատ պիտի ցաւիմ: Աղէ՛կ նայէ, մէջէն բաղնիքի քեսէ մը պիտի ելլէ. քեզի համար կարեցի, մասնաւոր, տոկուն կերպասէ… իմին փաշայ մա՜նչս, իմին…»։