Առաւօտուն
կելնես,
նազլու,
կու
քայլես,
Իմ
սիրելի
դու
զիս
զէտ
մոմ
կու
հալես,
Աստուծոյ
կուզեմ,
որ
պօյըդ
վայելես.
Արեկ,
իմ
նազլու
եար,
զիս
մի՛
լացըներ:
Դուն
ինձի
տուեալ
ես
Աստուծոյ
բարուն,
Գիրկ
ու
ծոց
անենք
աշուն
ու
գարուն,
Սիրտս
խոց
եղեր
է,
եարուկ,
քո
սիրուն.
Արեկ,
իմ
նազլու
եար,
զիս
մի՛
լացըներ:
Թաքեադ
դրեր
ես
ի
վերայ
կաժին,
Ծառայ
եմ
ուներուդ,
աչերուդ
խաժին,
Քո
ճերմակ
ծծերուդ
տուր
ինձի
բաժին.
Արեկ,
իմ
նազլու
եար,
զիս
մի՛
լացըներ:
Հազար
տարին
անգամ
մ՚եղա
քեզի
հիւր,
Ո՛չ
հանգիստ
հաց
կերայ,
ո՛չ
խմեցի
ջուր,
Դատաստանին
օրն
ճուղապն
դու
տուր.
Արեկ,
իմ
նազլու
եար,
զիս
մի՛
լացըներ:
Ելեր
էք
նազերով
կերթաք
ի
պերդ,
Սանքի
մարդ
կսպաննէք
դուք
երկուքներդ,
Պագ
մի
տուր
երեսէդ,
Աստուծոյ
սէրդ,
Արեկ,
իմ
նազլու
եար,
զիս
մի՛
լացըներ: