***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀՐԱԺԵՇՏ
      
       Եւ ահաւասիկ վերջին բաժակը։ Հրաժեշտ։
       Որքան ալ տաք ու պաղ տեսած, վարժուած ըլլաք, բաժանումը միշտ կ’ենթադրէ յուզում։
       Այդ անձկութեամբ է, որ կը ձգեմ այս վերածնեալ, մեղմանոյշ ոստանը, - ափ մը Հայաստան։
       Ինչքա՜ն ամուր ոգի եւ անընդհատ ճիգ՝ հին եւ նոր փողոցներով եւ ցից սանդուղներով այս քաղաքին մէջ։ Եւ աւելի հեռուն։ Եփրատէն մինչեւ լեռնալիբանան։ Անապատէն ծովափ։
       Թոյլ տուէք անգամ մը եւս կրկնել բարձաձայն, - եկայ, տեսայ զարմացայ։
       Աշխարհագրական ամէնէն խորթ անուններն անգամ, երէկ արիւնաթաթախ մղձաւանջ, շատոնց հայկական ճրագներ վառած՝ կը ժպտին ճամբուդ վրայ։
       Փորձեցէք միտք պահել մէկն ու մէկը. -
       Աֆրին, Ազազ, Եագուպիյէ, Ճիսր-Շղուր, Ճարապլուս, Այն-էլ-Արապ, Թէլ Ապիատ, Լաթաքիա, Քէսապ, Գարատուրան, Թարթուս, Գամիշլի, Հասիչէ, Գուպրպիթ, Թէլ-Պրաք, Ռաս-իւլ-Այն, Մէյտան Էքպէզ, Տէր-էլ-Զոր, Տերիք, Տերպեսիէ, Թէլ-Քէօչէք, Ամուտա, Այն-էլ-Արուս, Մէնպիճ, Ճուխա, Լելլիքօ, Ապուճելիլ, եւայլն։ Ու վերջապէս Դամասկոս, Հոմս։
       Չկայ ճակատ մը ուր անճրկած ըլլան հայկական միտքն ու բազուկը։ Տքնութիւնն ու յարատեւութիւնը։
       Հարկ էր հատոր մը խմբագրել, գոնէ աղօտ գաղափար մը տալու համար։
       Անցորդ մը ուրիշ բան չէր կրնար ընել, եթէ ոչ դիտել ու տարփողել ինչ որ գոյն եւ շեշտ կուտայ ամենօրեայ կեանքին։
       Ամբողջ թաղեր ու գիւղեր նոր ի նորոյ շինուած, կարելի յարմարութիւններով։ Հայկական կոչնակն ու «դպրատուն»ն ալ միասին։
       Մանուկներ, մանուկնե՜ր թրվռուն, որոնց կօշիկներուն կապը եթէ քակուի ճամբան, կանգ չեն առներ, որպէսզի առտուն կանուխ դպրոց հասնին։
       Երիտասարդներ իրենց սեփական ակումբներով, գրադարան-լսարաններով։ Մարզարաններով։
       Ո՞վ փորձեց, օրինակ, նկարագրել Թիլել փողոցի սա կամարակապ վառարանը, ուր Հ. Մ. Ը. Մ. , Երիտ. Միութիւն, «Քրիստափոր», Օգնութեան Խաչ իրար կը հրմշտկեն ամէն իրիկուն։ Եւ յաճախ լուր օրեր։ Մանաւանդ կիրակի։
       Ոչ միայն արիներն ու արենոյշ-արծուիկները, այլ եւ սա մանտրտիկ Մրճիւններն ու Կակուղ Թաթիկներն անգամ փեթակի մը վերածեր են այս ու այն սենեակը։ Մարզանքներ, պարտականութիւններ կը կատարեն խանդավառութեամբ։ Տեսակ մը լրջութեամբ։
       Սրտցաւ գործունէութեան, ոգեւորութեան, աշխատանքի ուրիշ երիտասարդական բոյն մը՝ Նոր Գիւղ։ Ամբողջապէս հայկական շինարարութիւն։ Բարոյական թէ նիւթական։
       Անշուշտ ամէն հոսանք ալ իր շուքն ու շնորհն ունի վերածնութեան այս հրաշալի ճիգին մէջ։ Իւրաքանչիւրը համաձայն իր գիտակցութեան եւ կարողութեան։
       Եւ ամբողջութիւնը կրնար իրական հրաշքի մը վերածուիլ, եթէ զանազան կիրքեր եւ կանխակալ կարծիքներ պղտորած չըլլային ջուրերը, պարբերաբար։
       Նոյն թռիչքն ու վաստակը՝ բուն հայկական, ազգային հորիզոնէն դուրս ալ։
       Ամբողջ թաղամաս մը վերածուած մեքենագիտական արհեստանոցներու ցանցի մը, քաղաքին կեդրոնը։ Բոլոր վարպետներն ու բանուորներն ալ Հայեր։ Երէկուան խլեակները, ուշիմ, չարքաշ եւ հնարամիտ։
       Ամէնէն առաջ քու հոգիդ է, որ կը բացուի, երբ սա Կիլիկեցի երիտասարդը կը պատմէ, սովորական բանի մը պէս.
       Այս փոքր մեքենան բերել տուած էի Ֆրանսայէն։ Քակեցի, վերակազմեցի, եւ մանրամասնօրէն ուսումնասիրելով, այս մեծը շինեցի։ Վաղը կը բանի։
       Ապա նորէն ակնարկ մը հայկական ճակատին վրայ։
       Ազգ. իշխանութիւն մը հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ, որ կ’ապահովէ գաղութին անդորրութիւնը։
       Մտաւոր սերունդ մը, որ իր առօրեայ հոգերուն մէջ միջոց կը գտնէ գրականութիւն մշակելու, արդիական սարսուռներով։ Կիրթ եւ հոսուն արձակով մը։
       Ինքնաշխատութեամբ հասունցած տաղանդներ, որոնք լսարաններ կը վարեն, առանց համալսարան տեսած ըլլալու։
       Անշուշտ այս բոլորը շատ բան չեն խօսիր անոնց որ, թառ կապած շողշողուն պողոտաներու վրայ, աշխարհի չարն ու բարին կը դատեն իրենց պատուհանին փեղկերէն։
       Ոչինչ։ Օր մը կը սթափին անոնք ալ։
      
       Հալէպ, 1948