***

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻՆՉ ՈՐ ՑԱՆԵՆ ԿԸ ԲՈՒՍՆԻ
      
       Մանուկներ, մանուկներ կարմիր կամ սեւ գոգնոցներով։ Պճլտուն աչքեր եւ նայուածք մը համարձակ։
       Անունդ ի՞նչ է։ - Արամ (կամ Արաքսի)։ - Քանի՞ տարեկան ես։ - Չորս, վեց, եօթը կամ տասը։ - Արտասանութիւն գիտե՞ս, ե՞րգ։ - Երկուքն ալ։
       Ու կարծես ազդանշանի մը կը սպասեն, երգելու կամ արտասանելու համար։ Թոթովանքներ, որ կը խռովեն հոգիդ։
       Դադարի պահն է եւ կը խաղան պարտէզին մէջ, մեծ ու փոքր իրար խառնուած։ Իսկ եւ իսկ ծաղկաստան։ «Բուրաստան մանկանց», ինչպէս կ’ըսէին հիները, երբ դեռ հող ունէինք մեր ոտքին տակ։
       Այս մէկն է միայն, ճամբուս վրայ, երեք հարիւր մանչերով ու աղջիկներով։ Բոլորն ալ կայտառ եւ մաքուր հագուած։
       -Աւելի մեծերն ունինք Պէյրութի մէջ, մինչեւ 4-5000 աշակերտներով, դիտել կուտայ ուղեկիցս։
       Կ’արժէ, կ’արժէ տեսնել բոլորն ալ, - ծիլեր ու ծաղիկներ, որ կ’աճին, կը մարզուին օտար այս ափերուն վրայ։ Հայկական կրակը իրենց աչքերուն մէջ։
       Ցիրուցան ի սփիւռս աշխարհի, ունի՞նք աւելի ծանր հոգ մը՝ քան սերունդին փրկութիւնը, բոլոր միջոցներով։
       Բանգէտներ պիտի փսփսան, - միայն հայրենիքը կրնայ փրկել սերունդը, եւ ուրիշ ամէն բան։
       Արժանիք մը չէ օրն ի բուն կրկնել հասարակ ճշմարտութիւններ կամ թխածոյ նշանախօսքեր։
       Տարրական իմաստութիւնը կը պահանջէ բաց աչքերով տեսնել բուն իրականութիւնը եւ յետոյ վճիռներ արձակել։
       Քանի հայրենիքը ամբողջացած չէ, ի վիճակի չէ եւ ոչ ալ ազատ, մենք պիտի փորձենք ամէն միջոց, կարելին ու անկարելին, ապահովելու համար նոր սերունդին փրկութիւնը։ Այստեղ եւ ամէն տեղ։
       Անհնարին խոչընդոտներ կը ցցուին մեր ճամբուն վրայ, քանի որ ոտք դրած ենք մէկը միւսէն տարբեր, յաճախ հակոտնեայ ցամաքներու վրայ։
       Եւ սակայն, աւելորդ են վայբերան կանչերը։ Խոստովանինք որ կը վայելենք նաեւ լայն դիւրութիւններ։ Թանկագին պատեհութիւններ։
       Ահաւասիկ Լիբանանն ու Սուրիան, իրենց անփոխարինելի կարիքներով, իսկ աւելի անդին՝ Եգիպտոսը եւ ուրիշ արեւելեան գաղութներ։
       Հաւատացէք, ընկերներ եւ քաղաքացիներ, հաւատացէք թէ միւս ափերուն վրայ, Եւորպայի եւ Ամերիկայի շքեղաշուք պողոտաներուն վրայ մենք նախանձով կը դիտենք ձեր վայելած առաւելութիւնները։
       Հազարաւոր մանուկներ կարմիր կամ սեւ գոգնոցներով, պատանիներ վառվռուն, պարմանուհիներ հրաչուի, որոնք հայկական կրթութիւն կը ստանան կանոնաւոր դասընթացքներով։
       Եւ ուսուցիչներ ու վարժուհիներ անձնուէր, որոնք իրենց երակները կը քամեն անտրտունջ։
       Մենք զրկուած ենք այս մխիթարութենէն։
       Ինչ որ կը ցանեն այստեղ, կը բուսնի անպատճառ։ Երկիրը քարուտ, սակայն ջրարբի է հողը, հայկական տեսակէտով։ Պայծառ է ու տաք արեւը, իսկ միջավայրը՝ եղբայրական։
       Եւ ինչո՞ւ կէս ճամբան պիտի մնայինք, շատ աւելի մեծ բազմութիւններ փրկելու համար օտարացումէ, այլասերումէ, վերջնական կորուստէ։
      
       *
       Այս լուսաւոր իրականութիւնը կը թելադրէ շատ մը խորհրդածութիւններ, հոգ չէ թէ նեղացուցիչ։
       Օրինակ իսկապէս կարելին կը փորձուի՞, օգտուելու համար բոլոր պատեհութիւններէն։
       Բաւարա՞ր են տրամադրուած գումարները, որպէսզի կրթարանները մնան միշտ վառ, օժտուած անհրաժեշտ պիտոյքներով, որպէսզի ուսուցիչն ու վարժուհին չվերածուին ճիտը ծուռ աշխատաւորներու։
       Նորութիւն մը յայտնած պիտի չըլլանք, ըսելով թէ ուսուցանելու տրամադրութիւնն ալ երթալով կը տժգունի, քանի կ’երկարին տարագրութեան տարիները։
       Օտարութեան մէջ, դրամ վաստակելու պատեհութիւն չի պակսիր ամէնէն անճարակ վարժապետին համար իսկ։
       Ֆրանսայի մէջ նախկին ուսուցիչներ եւ վարժուհիներ կան որոնք շատոնց գօտի կապած են առեւտուրով, նպարավաճառութեամբ կամ կար կարելով։
       Անշուշտ պատրուակներ չեն պակսիր, արդարացնելու համար այս դասալքութիւնը։ Մանաւանդ որ, արեւմտեան Եւրոպայի մէջ մատի վրայ կը համրուին հայկական դպրոցները (չշփոթել զանազան դասընթացքներու հետ)։
       Այսօրուան պայմաններուն մէջ, անքաւելի մեղք մը պիտի դառնար պանիր հացով ուսուցիչ եւ վարժուհի պահելու նախապատերազմեան ունակութիւնը։
       Ոչ մէկ տեղ նիւթական միջոցներ կը պակսին, մարդավարի ապրուստ մը ճարելու համար անոնց որ ոսուցչական ասպարէզին նուիրուած են գիտակցօրէն եւ խանդավառութեամբ։ Մանաւանդ անոնց որ միշտ ընդունակ են յառաջդիմելու՝ յարատեւ ինքնաշխատութեամբ։
       Աշխարհի բոլոր ելմտացոյցներն ալ միշտ բացեր կ’ունենան։ Էականը այն է, որ գիտնանք զանազանել պիտանին եւ աւելորդը, անհրաժեշտն ու պերճանքը։
       Խնայել ուսուցիչին՝ երբ անհաշիւ մսխումներ կը կատարուին ուրիշ գետնի վրայ, կը նշանակէ «սապոթաժ» սարքել նոր սերունդի փրկութեան ճամբուն վրայ։
       Կը նշանակէ աւելի ծանր մեղք մը, - վնասել հայկական արտասահմանի զարգացման, ինքնապաշտպանութեան սրբազան գործին։
       Թեւ տուէք անոնց որ շունչ կը սպառեն օրն ի բուն, որպէսզի միշտ վառ մնայ ճրագը։ Որպէսզի անտիրութեան չմատնուի հայկական մշակոյթը։
      
       Պէյրութ, 25 Յունուար 1948