Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3 . ԻՆՔՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ* «ԾԻԱԾԱՆ»ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
       «Ծիածան»ի հեղինակը գաւառացի երիտասարդ մըն է. ակնցի` Մերուժան Պարսամեանին պէս. սա՛ տարբերութիւնով, որ մինչ Պարսամեան թօթափած է իր ծննդավայրին ազդեցութիւնը, Մեծարենցի մէջ տեղ֊ տեղ նշմարելի է անոր հետքը: Բինկեան` Մեծարենցի գիւղը` Արածանիի ափունքը ժեռուտ խորշի մը մէջ ամփոփուած է. բայց քերթողին թողունք իր գիւղին նկարագրութիւնը.
       Կիրճին խորը, ժայռին ծոցն է գիւղանկարը փռուած,
       տարտամօրէն, հսկայական արծիւի մը ձեւերով,
       մագիլները խորասուզած խորշերու մէջ մըթամած:
       («Ծիածան», Այգերգ)
       Այս գիւղը` որ իր ծառաստաններն ու արօտավայրերը իր դիմացը առած նստեր է, թէեւ ինքնին համակ բանաստեղծութիւն, զարմանալի է, որ ժամանակին չէ ունեցած իր սիրերգակները, աշուղները. իր երգերը ամէնն ալ Ակնայ մտքին ծնունդներն են՝ կամ անոնց այլացումները (variante). ուրեմն Մեծարենցին մնացեր է անոր առաջին «Մտքի գինով» ը ըլլալու փառքը. սակայն, որքան ալ որ հպարտ զգայ ինքզինքը այս մասին, միւս կողմէն ալ չի կրնար չցաւիլ, որ իր հաճոյքը անխառն չէ. որովհետեւ «Ծիածան» իր ծննդավայրին հարազատ ցոլացուցիչը չէ, կամ չէ՛ կրցած ըլլալ՝ այնքա՜ն կանուխ բաժնո ւած ըլլալով անկէ. ինչ որ մնացած է իր քով անկէ, խանդաղատելի մանկականութեամբ մը յիշակերտուած, անշուշտ չպիտի բաւէր հզօր լիութիւններ արտայայտելու:
       Հիմակ որ «Ծիածան» ին մէջ գիւղին դերը ճշդուեցաւ, կարելի է ըսել անմիջապէս, թէ իրեն գլխաւոր ազդակ եղած են Պոլսի միջավայրը, ֆրանսական գրականութիւնը կամ քիչ մըն ալ անգլիականը. այս ազդեցութիւնները սակայն բացարձակ եղած չեն, քանի որ Մեծարենց երբեք անոնց մենամոլութիւնը ունեցած չէ:
       «Ծիածան» ի հեղինակը, կամ Շաւասպ Ծիածան, մեր նոր բանաստեղծներուն մէջ նորագոյններէն է. 1903ին սկզբնաւորած, ահա՛ւասիկ քիչ ատենի մէջ խուրձ մը երգեր կը բերէ մեզի. պէ՞տք է բարեդէպ նկատել նորագոյններուն այդ փութկոտութիւնը. «Անրջանք»ի բազմաբեղուն հեղինակը վաղը իր մտքին երկուորեա՜կը պիտի ծնի… մինչ անդին, աւա՜ղ, Գոլանճեան դեռ չէ տրցակած իր երկին նախհունձքը:
       Չըլլա՞յ որ օր մը այս աճապարկոտները զղջան իրենց եռանդին վրայ, ինչպէս ըրին երբեմն , Մրմունջքեին եւ , Յիշատակաց ծաղիկներեուն հեղինակները. մէկը իր հատորին «ներողամիտ ընթերցողը ըլլալէ աւելի անոր անխնայ քննադատը» դարձաւ, իսկ միւսը «Մօրուտի սէզեր» կոչեց իր երբեմնի ծաղիկները: Ի՜նչ լեղի հեգնութիւն ըլլալու է, իրա՜ւ, տարիներու ճշդացոյց ապակիին մէջէն իր պզտիկութիւնը, իր ոչնչութիւնը դիտել. բայց այդ դառնութիւնը միեւնոյն ատեն առողջ քաջալեր մը, զտուած հպարտութիւն մը չէ՞ միթէ. միշտ արհամարհել, նոյնիսկ ատե՛լ կարենալ երէկի գոյութիւնն ու արժանիքը դէպի բարեշրջում առնուած երջանիկ քայլին մէջ, ո՜հ, ինչքա՜ն զգացուած վայելք մը ըլլալու է ասիկա:
       «Ծիածան»ի հեղինակն ալ կրած է անշուշտ այս տպաւորութիւնները, որովհետեւ իր ընթացքը թուաբանական յառաջատուութիւն մը եղած է դէպի բարելաւում, ինչ որ պիտի կրնանք տեսնել՝ հետեւելով իր հետզհետէական բարգաւաճումին:
       * կատարեալ գիտակցութիւնով սկսէր իր բանաստեղծական վերթեւումներուն. այս հարցումին պատասխանը երեւութապէս դրական, կ'երկճղի սակայն երբ քիչ մը հոգեբանօրէն քննուի խնդիրը՝ կա՛մ այն է, որ իրօք պիտի կրնար առանց հրապարակուելու աճեցնել իր ձգտումները, հակումները ճշդել, խորհրդածել, զարգանալ, լիանա՛լ վերջապէս. եւ կամ գուցէ իր խարխափանքին մէջ չգտնէր լուսաւոր ճամբան, զուրկ ըլլալով լաւագոյնը արտադրելու փառասիրութեան օրըստօրէական մղումէն. այս մասին բացարձակօրէն խօսիլ անկարելի է:
       Իր առաջին հրատարակութիւնները, ուրեմն, որոնք իր առաջին արտադրութիւնները չեն սակայն, ունին իրենց մէջ անարժէքներ. հեղինակը արդէն խոհեմութիւնը ունեցած է անոնց մէկ մասը կապոցէն դուրս թողելու. տակաւին նետուելիքներ կային անշուշտ. բայց հոս վարանած է հեղինակը, որովհետեւ իր կարծիքով, ինչպէս առիթ պիտի ունենանք տեսնելու, ի՛ր կարծիքով այդ զանցառելի հասկերուն թիւը այնքա՜ն շատ պիտի ըլլար որ… հազիւ քանի մը ատոքներ պիտի մնային : Բայց ասիկա զուտ անձնական կարծիք մըն է, ու սահման մը կայ` ուրկէ անդին անցնելու իրաւունք չունի հեղինակը. այդ սահմանը` ոչնչութիւններ կը գծեն զայն, ուրեմն ինչ որ աչքառու, բացարձակ ոչնչութիւն մը չէ, հեղինակը արտաքսել չի կրնար. ի՞նչ է որ բանաստեղծին կոչումը, «Բանաստեղծը Սիրոյ կը նմանի. եւ իր պաշտօնն է ճամբաները լուսաւորել: Անիկա կ՚առնէ֊կը տանի իւրաքանչիւր հոգի իրեն ճակատագրուած վայրերէն եւ ցոյց կու տայ անոր հրեշտակային գանձեր»: Այսպէս կը սահմանէ բանաստեղծին դերը Սէն֊ Ժորժ տը Պուելիէ` բնութենապաշտներուն ռահվիրան: Որքան ալ որ այդքան գեղեցիկ դեր մը արժանաւորապէս կատարած ըլլալու յաւակնութիւնը ունեցած չըլլար «Ծիածան» ի հեղինակը, դարձեալ ինչպէ՞ս չխղճահարէր մտածելով, թէ իր անարժէք նկատած մէկ ոտանաւորը, ո՞վ գիտէ, իրմէն շատ աւելի պարզ հոգիի մը համար պզտիկ լուսաւոր ճամբայ մը պիտի բանար թերեւս…
      
       * * *
       Տեսնենք հիմակ, թէ բանաստեղծին մտքին մէջէն ինչպէ՞ս ծիածանուեր են յաւիտենական զգացումներն ու մտածումները:
       Կրնանք երկու շրջանի բաժնել իր ոտանաւորներուն շարքը, սկզբնական շրջանը՝ որ խարխափանքի շրջանն է. եւ միւսը՝ որ քիչ թէ շատ գիտակից է ու ինքնավստահ։ Իր կանխագոյն ոտանաւորներուն մէջ, որոնք առաջին շրջանը կը կազմեն, նշմարելի է սկսնակի վեհերոտ թարթափումը. հոն զգացումներն ու անոնց արտայայտութիւնները սաղմնային անստուգութիւններ ունին. տեսակ մը տպաւորական֊նմանողական ազդեցութեան տակ գրուած են անոնք` որ բնաւ չեն կրեր եսին ցոլքը, ինքնութեան դրոշմը. այս կարգէն են, օրինակի համար, այս հատորէն դուրս թողուածները եւ անոնց անմի ջական յաջորդները, ինչպէս «Ցայգերգ» ը (Դադրեցան ձայներն ամէն…)` որ սիրային հասարակ ոտանաւոր մըն է. նոյնպէս «Եկո՜ւր», «Վայրկեաններ» ը, երկու «Աշնանային»ները, , Սեռենատ» ը եւ ուրիշ մէկ քանիներ. ասոնց մէջ երբեմն նոյնիսկ զգացումը կեղծուած է:
       Ո՞վ, արդեօք ո՞վ,
       պիտի տանի սրտէս հեռու
       վայելքն աղու
       զրկանքներու՝
       որոնց հոգիս յափրանքն ունի
       կ՚ըսէ բանաստեղծը, որ վերջէն պիտի երգէ յաճախ սպասումը։
       Չմոռնանք յիշատակել այս առաջին շրջանին հրատարակուած ուրիշ երկու ոտանաւորներ ալ. «Քուն» ը եւ «Ա՜ն իմ սիրտս է…» ն. քննադատ մը «Վեռլէնեան վարնոց կեղծարարութիւն» պատուանունը տուած էր ասոնցմէ առաջինին. մինչեւ հոդ երթալու պէտք կա՞ր, չե՛մ գիտեր, ըսելու համար պարզապէս, թէ այդ ոտանաւորը մեծ բան մը չէր արժեր. ես որ Վեռլէնը դեռ կարդացած չեմ, փոխանակ ուրախանալու այդ մերձեցումին վրայ, պարզապէս զարմացայ, որ ինքնին շա՛տ քիչ նշանակութիւն ունեցող բանաստեղծութիւն մը Վեռլէնին հետ բաղդատութեան եզր կազմելու կը ծառայէր: Ուրիշ քննադատ մը լալկանութիւն կը հռչակէր «Ա՜ն իմ սիրտս է…» ն. ո՜հ, աս լալկանութիւն բառը շա՛տ չարչարուած է, իրա՛ւ որ. մէկը որ մեր բանաստեղծները դատափետելու մարմաջէն կը բռնուի, երգիծանքը բանաստեղծութենէն զանազանել չկրցող օրիորդ մը ըլլայ ան, թէ յարգելի եկեղեցական մը, նեցուկ մը ունի արդէն պատրաստ` «լալկանութիւն» ը. չե՛մ ջատագովեր երբեք, ու մա՛նաւանդ կ'ատեմ անջիղ, հիւանդագին ու մա՛նաւանդ ուզուած, բռնադատուած տխրութիւնը. սակայն միւս կողմէն չմոռնանք ալ հոգեկան տրամադրութիւններն ու պարագաները` որոնց տակ կ՚արտադրուին էապէս զգացուած տխրութիւնները:
       Դառնալով յիշուած ոտանաւորին, ըսեմ դարձեալ թէ հեղինակին աչքին մեծ բան մը չերեւար անիկա. ու յետոյ, պզտիկ մէջբերում մըն ալ, եթէ չէք ձանձրանար.
       …Թոյլ խազերու մեղկութիւններ չունի ան,
       այլ կը սահին հզօր կուրծքին բիւր ձայներ,
       բամբ թառաչներ` հոծ ու մռայլ
       հովն երբ պոնդեր կու տայ նամէտ գիշերին:
       (գիշերը՝ Եւոլեան տաւիղի նմանցուած)
      
       * Այս յիշուածներուն յատուկ սովորականութենէն չեղած են «Սոնադին» ը, «Նոպաներ» ը, «Թրթռումներ»ը. առաջին երկուքը զօրեղ, իսկ երրորդը՝ վճիտ ու խորհրդաւոր:
       * սովորութիւնը , ու երբեմն բոլորովին կ'ենթարկուի անոր՝ ինչպէս «Աղերսանք»ին մէջ: Իր սիրերգութիւնները` այս շրջանին` կը դադրին ձուլուած բաներ ըլլալէ. եւ կը սկսի իր սէրը միշտ բնագեղ տեսարանով մը շրջանակել. զգացումին ընկերացող տեսարան մը կայ, եւ կամ տեսարանէն վերջ զգացումը կու գայ.
       Իրիկունը արագօրէն կը խոնարհի դէպի խաւար.
       Բուրմունքներու հաշիշն հոգւոյս մէջ կը ցանէ հեշտանք մը թոյլ,
       Երգի խազեր կը կրքոտին տակաւ տենդոտ, յուզումնավար.
      
       յետոյ.
       Մութ սենեակիս մէջ կը շրջիմ առջի համբոյրն անրջելէն…
      
       ուրիշ օրինակ մը. նախ.
       Սարերուն մէջ կը կոծկոծի այգուն` կոչնակը վանքին,
       եղնիկները` մթնշաղին` դէպի գետափ կը դիմեն.
      
յետոյ.
       Ես կ՚երազեմ ծառերուն տակ, ու կը սպասեմ խօլաբար
       լոյս-պարիկին՝ որ իղձերըս պսակելու պիտի գար։
      
       Եւ ուրիշ մըն ալ՝ որ սա պէս կը սկսի.
       Այգն է ծաղիկ երազով լի, ու բալաձիգ՝ թեթեւօրէն.
       Մշուշն անծալ ջրվէժի պէս ամբարտակէն վար կը հոսի,
       Իր չփոյթին մէջ կը շիկնի ոսկի աղջիկն արշալոյսի.
      
       եւ ապա.
       Քիչ մըն ալ դո՜ւն ժպտէիր, ա՜հ, հոգւոյս համար, որ հիւանդ է.
       Նայուածքի խաղ` որով դառնայ աշխարհն ինծի ծափ ու ծաղիկ:
      
       Ասոնցմէ զատ ունի զուտ նկարագրական ոտանաւորներ` որոնք զինքը կը բնորոշեն: Այսպէս` «Ցնորոտ անդորրութիւններ»ը.
       Հեշտ, փալփլուն գիշերներու անդորրութիւն մը ցնորական…
       ----------------
       Ցայգն է ժայթքած իր շողակի շատրուաններն անրջական.
       ----------------
       Շանթէ աչքեր, բոցէ թեւեր մտածումիս կ՚անցնին քովէն.
       ----------------
       Դաշտերուն վրայ հարսնուկներու բոսոր իղձերը կը ցամքին.
      
       «Աքասիաներու շուքին տակ»ը` քնքոյշ.
      
       Ծաղիկներէն յուշիկ թերթեր կը թափէ
       բուրումներով օծուն հովիկն իրիկուան,
       հոգիներուն կ՚իջնէ երազ մը բուրեան.
       ----------------
       Ջուրը ցայթքէն ծաղիկ֊ծաղիկ կը կաթէ,
       Վճիտ` ինչպէս լուսէ արցունքը մանկան։
      
       «Գետափի երազանք»ը՝ արեւոտ ու բուրումնաւէտ.
       Գիւղն համօրէն կը մրափէ ծոցն արեւոտ ժայռերուն,
       տիւանդորրի պահն ըմպած է մեղկ հեշտութիւն մը սիւքի.
       ------------------
       Գետեզրեայ ծառաստաններ, միջօրետքի այս պահուն,
       ինձ անծանօթ թաւուտքներէ կը ղրկեն բոյրն հեշտանքի…
      
       «Երազի պահեր»ը` գիշերով ու երազով լի.
       Մտածումը ինչպէս ճամբորդ ուղեկորոյս,
       կ՚անցնի փութով, անձկագին,
       մերթ լուսաւէտ ու մերթ անլոյս
       ճամբաներէն իմ մտքին:
       ----------------
       Ու կը հոսի գիշերն ինչպէս ծով անհուն
       * :
      
       «Տապի նոպաներ»ը` տապագին ու բարբարիկ.
       Արեգակի բորբ ընձիւղներ կ՚այրեն ամէն իր անխնայ.
       ----------------
       Ամենուրեք կը խլրտի նոպան տապին տախտապարող։
       ----------------
       Շինականներ արեւահար ծերունի մը գիւղակ տարին.
       ----------------
       Բայց կը տեւէ դեռ ցորեկին բազմալեզու տենդն հրավառ:
      
       «Հովին անցքը»` միստիք ու երկիւղալի.
       Անդնդագալար ովկիանի պէս
       կ՚ուռի այս գիշեր հովն ալիք֊ալիք.
       կը ծծեմ լեղի սարսափն իր ճամբուն…
       ---------------
       Ե՞րբ պիտի հասնի իր հանգրուանին
       արհաւրոտ Ուխտին այս գոռ կարաւան.
      
       Մարած է քրքում լոյսը լամպարիս
       յորդող մութին մէջ հեւալէն տրտում.
       --------------
       Ա՜հ քո՛ւկդ եմ, ո՛վ ձայն, ո՜վ միստիք ցնցում,
       մինչ դուն կաթոգին հոգւոյս կը փարիս։
      
       «Սիրերգ» ը, «Պետրոս Դուրեան» ը, «Վերադարձի երգ» ը, եթէ ոչ հասարակ, գէթ հասարակ կերպով արտայայտուած են: «Մթնշաղներ» ը, «Այգերգ»ը հիւանդագին, ընկճող տխրութիւն մը ունին՝ որ քիչ մը կ՚արդարանայ թերեւս սա՛ նկատումով , թէ ճշմարիտ հիւանդ մըն է խօսողը. ասոնցմէ տարբեր է անշուշտ «Արեւին» ը՝ սանձարձակ բանաստեղծութիւն մը` ուր հեշտագին, գրեթէ այրող ջերմութիւն մը կայ:
       Գիշերերգութիւնները, լուսաւէտ կամ մթաստուեր, երկար տողանցք մը կը գծեն ամբողջ հատորին մէջ: Գիշերը երկար ատեն իր ազդեցութեան, իր խանդաղատանքին մէջ պահած է բանաստեղծը. սկիզբները քաղցր ու զուարթ է անոր գրգանքը.
       Գիշերն անո՜ւշ է, գիշերն հեշտագի՜ն.
       կամ.
       Քերթուած մըն է ցայգն համօրէն, ջի՜նջ գեղօն`
       որ կ՚երփներգէ ծափ ու ծիծաղ ու ծաղիկ.
      
       եւ կամ.
       Ցայգն է պայծառ անհունօրէն,
       ցոլցլանքովն իր խօլապար.
       օդանոյշներ` որ մեղմաբար
       կը մօտենան հոգւոյս նորէն:
       --------------
      
       Պարզկայ ցայգուն անուրջին մէջ
       լուալ կ՚ուզեմ հիմակ հոգիս.
       եւ հրահրել՝՝ երբեմնի շէջ
       աշտանակներն իմ երազիս:
       («Ցայգն է պայծառ…»)
       Գիշերին մէջ չէ՞ ապաքէն, որ երազները աւելի վառ ու արագ վերթեւումներ կ՚ունենան. գիշերին մէջ, ուր շրջանկարը այնքա՜ն հմայիչ կ՚ըլլայ, եւ սպասումը՝ այնքան քաղցրօրէն տաժանագին.
       Մութ սենեակիս մէջ կը շրջիմ առջի համբոյրն անրջելէն,
       ու շրթունքներս են բոցավառ` ջերմութենէն երազային.
       փա՜կ են աչքերս, եւ կամ յանկարծ մերթ անհամբեր դուրս կը նային.
       ա՜հ, լռութիւնն՝ որ կը տեւէ, եւ ստուերներն` որ կը քալե՜ն:
       («Խոնջ իրիկունն արագօրէն»)
      
       Շրթունքս են ծարաւ միակ համբոյրին…։
       Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին,
       բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ֊քիչ կը մաշի՜:
       («Սիրերգ»)
      
       Բայց գիշերուան սէրը միշտ կը վերածաղկի.
       Զգացում մը բիւրեղէ,
       ծիածանի երանգով,
       ըսպասումի մութին քով
       լոյս ակօսներ կը պեղէ:
      
       Ու այս սէրը կ'երկարաձգուի մինչեւ պաշտամունք. եւ այդ պաշտամունքը այնքա՜ն խանդոտ է, որ բանաստեղծը կ՚ուզէ նոյնիսկ գիշերին յաւիտենութիւնը, բացարձակ, անկապտելի Աստուածութիւնը.
       Կ'ուզեմ որ դադրին ձայներն այս պատիր,
       ու նեկտարիդ դողն ըմպեմ ես անյագ.
       կ՚ուզեմ որ դադրին տիւ ու ժամանակ
       ու դաբիրներուդ իյնամ ծնրադիր:
      
       Յետոյ երկիւղած աղերսանք մըն ալ.
       Ցնորաբե՜ր գիշեր, ա՜հ, ընդունէ՜ զիս.
       ընդունէ՜, միստիք ո՛վ անդորրութիւն,
       իմ աղերսակոծ շունչիս սօսաւիւն
       եւ համբոյրն անանց` զոր կու տայ հոգիս։
      
       * մը` որ գիշերներու այս տարփանքը ժամանակ մը տեղ կու տայ արեւին ու տիւին հրայրքին.
       Պիտի ըմպեմ բոցն արեւին, ճառագայթի եմ ծարաւի.
       («Այգերգ»)
       Ու թող նշուլէ բաղձիկ հոգւոյս մէջ,
       ճառագայթը նախածին,
       վաղորդայններու քրքում արեւին:
       («Դէպի մոռացում»)
      
       Շողա՜, ո՜վ արեւ, շառափներովդ ոսկեծայր,
       մառախլապատ երկունքիս մէջ`
       ուր մտածումը կը դեգերի ուղեմոլար.
       («Արեւին»)
      
       Հոգիէս նե՜րս կը խուժէ
       քրքումն` ալիքի նման
       («Առտուան արեւին մէջ…»)
      
       Ամբողջ հատորը գրեթէ սպասման երկարաձիգ գիշեր մըն է, աղերսանքներով, հոգերով, ցաւերով, ու երբեմն ալ կայծկլտուն յոյսերով լեցուն.
       Անձուկին բոցը զիս պաշարեց, սպասման հիւա՜նդն եմ.
       գիշերներ միշտ անքուն կը սպասեմ ծիրանի ես դարձին:
       ------------
       Դարձուցէ՛ք նաւակներս հողմավար, ջրանո՜յշ պայիկներ,
       Դարձուցէ՜ք նաւակներս դիւթավար, իրիկուա՜ն հովիկներ:
      
       Փորձած է քանի մը ազատ ոտանաւորներ` որոնցմէ ոմանք չափին աւանդութենէն թէեւ զերծած` չեն կրցած սակայն տեղ֊տեղ վտարել արտայայտումի սովորական դարձած, մաշած, թելատած կերպերը: * Օրինա՞կ կ'ուզէք` «Դաշտերու մէջ»ը, որ խճողուած թանձրութիւն մը ունի.
       Կեանքի թարմ կաթը ծծելու
       Հեշտին այգուն ստինքներէն քաղցրածոր.
       * է նաեւ հետեւեալ տողը , Ցնորոտ անդորրութիւններեուն մէջ, որ միւս տողերուն բնական խաղացքին մէջէն մարախի մը պէս դուրս կը ցատկէ.
       Եւ հուրիներ նոր հոլանած ալապաստրը իրենց կուրծքին:
       Ուրիշ տող մը «Գետափի երազանք»էն.
       Ու կը նիրհեմ արբշիռ` հովին դիւթիչ նեկտարն ըմպած հոդ։
      
       Այս նեկտար բառին կրած չարչարա՞նքը հապա: Տափակ տուն մըն ալ «Այգերգ»էն:
       Սէր-Արեւիդ բոցն երկարէ խորերն հոգւոյս իմ պատանի.
       զերթ արեւին լեզուակն ոսկի` որ կը ծծէ մշուշն այգուն.
       * ո՞ւր է ճաճանչն, հուրքը ջերմին, որ մառախուղն առնէ տանի,
       սէր-արեւիդ (եւայլն, եւայլն)։
      
       Անոնց թւումը տաղտկալի հարկ մըն է. մինակ պէտք է խոստովանիլ, թէ եթէ ոչ շատ, գէթ բաւական կարելի էր երկարել:
       * տեսակէտին գալով, ըսենք՝ թէ Մեծարենց ընդհանրապէս հնչուն ու ինքնեկ յանգեր ունի, եթէ ասիկա արժանիք մըն է. «Ը» ձայնին յաճախութիւնը շատ զգալի է. բայց նորերը ատիկա ներդաշնակութեան պայման չեն նկատեր. ճաշակի խնդիր, թերեւս: Գալով հատածի կազմութեան միջոցին բառերու վանկատումին, նորերը կը կարծեն, թէ եթէ վանկը նայ տառերով կազմուած ըլլայ, ներդաշնակութեան դէմ չըլլալէ աւելի արտասանութեան նրբութիւն մը կու տայ. օրինակով խօսի՞նք.
       Իր երանգները նրբին.
       «րը» ձայնը, հոս ըստ տաղաչափութեան, ներելի չէ, իբրեւ դիմորոշ յօդով աւարտող. նորերը անճաշակ չեն գտներ այս բանը, ըսի՛:
       «Ծիածան» ի բարբառը ունի երաժշտականութիւններ. իբրեւ օրինակ յիշենք «Շերամին նինջը» եւ «Մտերմիկ տեսիլներ» ը: Երկուքն ալ քերթութեան թանկ գեղօրներ:
       Կրճատումի խորթ ձեւեր բնաւ չունի «Ծիածան»ին հեղինակը, որչափ որ կը յիշենք. ասիկա իմ աչքիս արժանիք չի թուիր. դար մը վերջի սերունդը ապահովաբար մեզ ամէնս ալ մէկ ջրով պիտի լուայ, մէջ ըլլալով այս մասին ամենէն խղճամիտները. եւ կամ, օրինակի համար, լեզուական խորթութիւններ, ոչինչ, բայց ոչի՛նչ կը պակսեցնեն արժանիքէն . ինչպէս որ անոնց չգոյութիւնը դրական արժանիք մը չենթադրեր:
       Իր ձայնեակները անստգիւտ յօրինուած մը ունին, կարծեմ ասիկա դրական արժանիք մը չէ անշուշտ, բայց մէկը՝ որ ձայնեակներ (sonnet) գրել կ՚ուզէ, յարգելու է եղած կանոնները, եւ կամ հրաժարելու է ձայնեակ գրած ըլլալու յաւակնութենէն` որ մազի չափ իսկ արժէք չունի:
      
       * * *
       * Վերջակէտէն առաջ կրնանք ըսել, թէ «Ծիածան»ը ունի թերութիւններ` ինչպէս արժանիքներ. մէտը անշուշտ արժանիքին կողմը պէտք է ծռի , այլապէս գոյութեան իրաւունք ձեռք բերելու չէր. սակայն այդ արժանիքը, յարաբերապէս, այսինքն բանաստեղծութեան ընդհանրական ըմբռնումով՝ մեծ բա՞ն մըն է արդեօք, ո՜հ, ոչ անշուշտ: Եթէ «Ծիածան» ը հասուն ու բազմակողմանի գործ մը չէ, տարակոյս չկայ, որ վիժած մըն ալ չէ: «Ծիածան» մութին մէջ խարխափանք մը չէ. նշմարուած ճամբաներուն լոյսը կը թրթռայ հոն. ճամբորդը դեռ կը դեգերի սակայն, եթէ չի վարանիր. ասիկա բնական ու ներելի է դեռ շատ երիտասարդ հեղինակի մը համար, որ տակաւին իր մտային զարգացումին լիութեանը մէջ թեւակոխած չէ: Ակներեւ է, որ համաշխարհիկ բաբախումներ չունի իր սիրտը. պզտիկ կամ մեծ անձնականութիւններ միայն ունի դեռ. ամբողջովին բնութիւնով տոգորուած չէ. բնութիւնը գլխագիրով, ինչպէս պիտի ուզէր ըսել Յարութիւնեան (ճարտարամտօրէն), լեռն ու դաշտը, հեղեղատն ու առուն չեն մինակ բնութիւն, ըսելու հա՞րկ կար:
       Փափաքելի էր ուրեմն, որ Մեծարենց ջանար իր էութենէն դուրս ելլել. չէ թէ մինակ «Ծիածան» ի հեղինակը, այլ մեր բոլոր բանաստեղծներն ալ մերկանալու են այլեւս եսին տաղտկալի ոչնչաբանութիւններէն. մէկդի թողունք քիչ մը անմարդկային անձնաբանութիւնները, բաբախելու համար Բնութեան սիրով, բանաստեղծը բնութեան ցոլացումը պէտք է ըլլայ, թէ ոչ բանաստեղծ չէ իրապէս. քերթուածները իբրեւ բառ պէտք է ունենան տերեւին թրթռումը, թռչունին դայլայլը, մարգերուն գորովը, դաշտին ու լերան մշտանոյն զօրութիւնը : Բանաստեղծին ձայնը տիեզերական յարաբերականութեան մը լարը պէտք է ըլլայ, բոլոր գոյութիւններուն համադրական թրթռումովը տրոփուն:
       1806, Հոկտ. 9
      
       * Յաւելուած. «Ծիածան» ի գրախօսականներէն մէկը ըլլալու սահմանուած այս գրութիւնը եթէ այսքան ուշ կը հրատարակուի, իսկապէս ժամանակավրէպ մը չէ՛ սակայն, քանի որ այս ինքնադատութիւնը (ինքնադատութեան փորձը) կրնայ կերպով մը «Նոր տաղեր» ուն յառաջաբանը նկատուիլ, վասնզի «Ծիածան»ի հեղինակը գէթ մասամբ իր խոստումը յարգած ու հաւատքը իրագործած ըլլալու գիտակցութիւնը ունի, իրեն եւ մանաւանդ ուրիշներու ուրախութեան համար:
       1908
       Մ. Մ.