Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
7. ՅԵՏԱՄՆԱՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
      
       Փայլակ անունով գրիչ մը պիտի տեսնենք, աւա՜ղ, թէ «գրիչ»էն «գրչակո՜թ» միայն կայ «Նոր տաղեր»ուս մասին գրուածք մը սա պէս կը վերջացնէ.
       «…Ամէն մարդ ալ կարող է հրատարակութեան մը վրայ իր անկախ կարծիքներն յայտնել հրապարակաւ, ինչպէս պատիւ ունեցայ ընելու»։
       Իսկ ես կ’աւելցնեմ, այո՛, ամէն մարդ, այսինքն՝ ամէն ճշմարիտ Փայլակ , որ երկինքն ու մեծութիւնն ու կապոյտը կը յիշեցնէ, որ լոյս ու ելեկտրականութիւն է, այսինքն՝ ամէն բնազօր մարդ, ոչ թէ ածուխով գծագրուած փայլակներ…։
       Փայլակ բեմբասացի յատկութիւններ ունենալ կը կարծէ, եւ այս յաւակնութիւնը կը բաւէ, որ փայլատակելու տխուր փորձեր ընէ. ուրեմն Փայլակ կ’ելլէ ամբիոն, բարձրավիզ սիգանքով ու գոհունակութեամբ կը վճռէ.
       «…Ուրիշին ըրածը չընելու մարմաջը տեսակ մը մտքի չքաւորութիւն կը յայտնէ, ըստ իս»։
       Այս տողերը կը գրէ ոտանաւորներս գլխագրերով չսկսելուս պարագան յիշեցնելով, եւ այս իրողութեան խորը մարմաջ եւ անտրամաբանութիւն նշմարել կարծելով.
       «…Նորութիւն մը իր շեղումին մէջ պզտիկ տրամաբանական յենակէտ մը պէտք է ունենայ…»։
       Իսկ ես կը հարցնեմ. ի՞նչ տրամաբանական յենակէտ կայ ոտանաւորի մը բոլոր տողերն ալ գլխագրով սկսելուն մէջ. ու միեւնոյն ատեն կը պարզաբանեմ՝ թէ, ըստ կէտադրութեան, վերջակէտէն վերջ միայն պէտք է գլխագրել (զանց ընելով կարգ մը իմանալի բացառութիւններ ). այս օրէնքն հարկ է գործադրել անխտիր, արձակին ու ոտանաւորին համար, քանի որ ոտանաւորի այդ գլխազարդերն աւելորդ պճնանքէ՝ ու սիրունութենէ տարբեր պաշտօն չունին, ու գլխովին հակառակ են տրամաբանութեան. խնդիրն ինքնին ոսպի մը չափ արժէք չունի, եւ ես արդէն այդ նորութեամբ պանծալու ո՛չ պէտք ունէի, ո՛չ ալ իրաւունք, քանի որ աննախընթաց չեմ։ Բայց կ’ուզէի հասկցնել Փայլակին, թէ ինչ ձախող բան է «մտքի չքաւորութիւն» եւ անտրամաբանութիւն տեսնել արարքի մը մէջ, որ պարզապէս տրամաբանութեան սիրոյն կատարուած է։
       Փայլակ կը բարբառէ դարձեալ.
       «Ասկէ զատ իմաստի աղքատութիւն մը կը սկսի շեշտուիլ առհասարակ բոլոր կտորներուն մէջ…»։ Ու կը կարծէ, չէ՛, կը հաստատաբանէ, թէ գիրքին քսան ոտանաւորները չեն վերջացած։ Ի՞նչ կ՚ուզէր Փայլակ իբրեւ վերջաւորութիւն. սա տեսակ տողե՞ր արդեօք.
       Ու կը խորհիմ թէ, պաշտելի սիրուհիս,
       Դո՛ւն ալ վարդին ու շուշանին կը նմանիս…
       կամ
       Կեանքն ալ այս է, առուակին պէս կը սահի,
       անձրեւներով կը մատնէ ան զիս ահի։
      
       Անշուշտ «Նոր տաղեր»ուն մէջ կան զուտ նկարագրական ոտանաւորներ՝ ուր իմաստասիրութիւն չկայ, այսինքն՝ ընթերցողին թողուած է կրած տպաւորութենէն մեկնիլ դէպի որոշ իմաստասիրութեան մը, որ դիւրաւ կը ծնի ամէն վառ տպաւորութենէ, բայց տխուր ու տգիտական բան է մակերեսիկ նկատողութեամբ մը գինովցած՝ ելլել կարծեցեալ սնանկութիւններ մունետիկելը։
       Փայլակի գրուածքին առանցքներն են անհասկացողութիւն, որ լուրջ մասը կը կազմէ յօդուածին, եւ սրամտութիւն, որ յօդուածիս վերնագիրը կը յիշեցնէ. զբաղինք քիչ մ’ալ այդ լուրջ ) մասով։
       Փայլակ չի հասկնար սա տողը.
      
       Սիրտս՝ բոց մը՝ մըթնշաղին մէջ անհետ.
       որովհետեւ նախընթաց տողն իսկ միասին տեսնելու չափ հորիզոն չունի իր աչքը, ո՜ւր կը մնայ նախընթաց տունը.
      
       …Ճամբուն վրայ իր քայլերուն հետքը վարդ՝
       ուր հեշտօրէն կը յածի դեռ իմ մենիկ
       սիրտս՝ բոց մը՝ մըթնշաղին մէջ անհետ…
      
       Փայլակ ոչ թէ միայն չի հասկնար «Ջուրէն դարձին» ոտանաւորս, ինչ որ մեղադրելի չէ, այլեւ կը ստէ, ինչ որ աղաղակելի՜ է, «երբի մը պոչին կապուած են, կ’ըսէ, քսան տողեր», մինչդեռ այդ երբն հետեւակ վեց տողեր միայն ունի։
       Փայլակ չի հասկնար, թէ ինչպէս «Ջրտուք»ին մէջ թխմուեր է «հօյհօ՜յ» բացագանչութիւնը, որ Արտաշէս Յարութիւնեանին կը վերաբերի եղեր. (նորէ՞ն սեփհականութեան խնդիր ) մի անգամ ընդմիշտ պէտք է կրկնել սակայն, թէ բառերը բառեր են միայն. ու բանն է, որ հոգի կու տայ անոնց, ընելով զանոնք եռանդուն, յառաջխաղաց ձեւերն (ձիեր) , կամ հասարակ բեռնակիրներ ։ Փայլակ կը կարծէ որ «հօյհօ՜յ»ը եզ ու կով վարելու բացագանչութիւն մ’է. այդ բացագանչութեան «հօ՛» կ’ըսեն, անհասկացո՛ղ Փայլակ, «հօ՛» իսկ «հօյհօ՜յ»ը (մէկ բառ ) ուրախութեան եւ հիացումի աղաղակ մ’է։
       Փայլակ չի հասկնար նաեւ «կարմիր կարօտ»ը. պիտի հասկնար անշուշտ, եթէ ըսէի «հրավառ կարօտ», իսկ «հրավառ»էն «կարմիր» մէկ քայլ միայն կայ՝ զոր առնել տալու համար անպատճառ տատի՞ս ըսել պէտք էր։
       Փայլակ իր անհասկացողութիւնը կը շարունակէ տակաւին. ազատ էր այդ բանին՝ եթէ վերապահութիւն գիտնար (մեղքը վի՜զը, պիտի ըսէի, բայց ուզեր է լրագրութեան վզին ալ փաթթել զայն)։
      
       ***
       Մինչեւ ո՞ւր կ’իջեցնէ Փայլակ քննադատութիւնը, զոր յայտնաբարբառ տգիտութեամբ պղծելէ վերջ, չի՛ վարանիր զայն շրջեցնել խանութպանական աւլուք սրամտութեանց աղբիւսին մէջ, զայն տարուբերել կեսարական ապուխտին, ու բանջարանոցի կաղամբին միջեւ. ահաւասիկ այդ սրամտութենէն նմոյշներ.
       «Համբոյրն անձրեւին կը թրջէ շափ-շափե ըսելէ յետոյ, ինչո՞ւ չըսենք , ձին կը վազէ բաթ-բաթ, դուռը կը զարնուի չաթ-չաթ, շունը կը հաջէ՝ հա՛ւ-հա՛ւ. էշը կը զռայ…»։
       Յետոյ կ’ըսէ անպատկառ ու անպարկեշտ տգիտութեամբ.
       ««Լուրջ» իբր «անուրջ»ին յանգ կ’երթայ, բայց շուշանին ածական տալ ուզելնուդ պէս, լրջութեան վերարկուն կը նետէ վրայէն ու բարեկենդանի , մասխարայե կ’ըլլայ կարծես»։
       Պիտի չշիկնի՞ս, ո՜վ Փայլակ, եթէ թեւերդ վեր առնելով անոնց պարտկած դդումներն անութէդ վար ձգելէ վերջ, հարկադրեմ քեզ խաղալ ու տխրեցնել մեզ՝ որեւէ բարեկենդանական մասխարայի խամաճիկութեամբ՝ սա՛ քեզի անծանօթ երգին եղանակով.
       Լուրջ՝ կը նշանակէ երկնագոյն, իսկ լուրջ շուշան՝ հիրիկ զամբակ, iris։
       Փայլակ կ՚երկնէ , միեւնոյն անպատկառ ու անպարկեշտ տգիտութեամբ.
       «…Ցնծապատար»ը (այսինքն՝ ցնծպա«տ»ար ) «լեղապատառ»ին վրայ ձեւեր ես (այսինքն՝ լեղապա«տ»առին ) դերձակի մը պէս, որ կեանքին մէջ առաջին անգամ «ֆրակ» մը կը շինէ, ինչ որ «էնթարի» մը կը նմանի։
       Հոս Փայլակ դպրոցականէ մը շատ վար կը մնայ, դպրոցական մը բառարան նայիլ գիտէ, իսկ Փայլակ իր տգիտութի՜ւնը մինակ։ Ուրեմն նոր եղանակ.
       Ցնծապատարին «պատար»ը պատարիմ բային արմատն է. պատարիմ կը նշանակէ լեցուն ընել, առատացնել, ուրեմն ցնծապատար՝ կը նշանակէ ցնծութեամբ պատարուն, լեցուն. եթէ Փայլակ դասառութեան պէտք չունենար՝ աւելորդ պիտի ըլլար ըսել, թէ ո՛չ մէկ առընչութիւն կայ ցնծապատարին պատար վերջաւորութեան եւ լեղապատառին պատառին հետ, Ռայո՜վ պատառ՝ իր պարզագոյն նշանակութեան մէջ, որով լեղապատառ կը նշանակէ լեղին պատառ-պատառ եղած։
       Երբ լեզուական այսքան պարզ կէտերուն մէջ իսկ բացարձակ տգէտ մ’է Փայլակ, ի՞նչ կրնայի սպասել իրմէ աւելի բարդ խնդիրներու մէջ, ինչպէս են գեղեցկագիտութիւնն ու բանաստեղծութիւնը. ի՜նչ կրնայի ակնկալել արդարեւ, եթէ ոչ աւելի բարդ ու թանձրամած տգիտութիւն։ Դժբախտաբար Փայլակ չի՜ կրնար արդէն այդ ակնկալութիւնը դերեւել, դժբախտաբար իրեն ու գրականութեան համար՝ Փայլակ կ’ըսէ, կը վճռէ.
       «Նայ շոգոլի»ն անճաշակ է, «փողփողենէջ»ը նմանապէս, «լռարան»ը՝ նոյնպէս։
       Այս վերջինի առթիւ անգիտակից համեստութիւն մը չէ Փայլակինը, երբ կը հարցնէ.
       «Հոգի՜դ սիրես, պ. Մեծարենց, աս ինչ ըսել է…», այլ նորէն, աւա՜ղ, փայլատակելու ունայնատենչութիւնը, այլապէս իր միւս տգիտութիւններն ալ նոյն հարցական կաղապարին մէջ պիտի ձուլէր, որով գէթ կ’ըլլար պարկեշտ տգէտ մը, ինչ որ գրականութիւն մը պիտի սեպուէր յաւակնոտ ու անհամեստ տգիտութեան մը բացառութեան դէմ։ Ուրեմն նորագո՜յն եղանակ.
       Լռարան , տղա՜ս, կը նշանակէ լուռ կենալու տեղ (ինչքա՜ն շահած կ’ըլլար Փայլակ, եթէ գիտնար ու յարգէր լռարանին նշանակութիւնը՝ լուռ կենալու տե՜ղ…)։
       Դիտելի է, որ Փայլակի իբրեւ անճաշակ դատապարտած բառերը՝ առաւելապէս նախնեաց մատենագրութեան մէջ գործածուածներ են, նոյն բառերու առատութիւնն է, որ ըսել կու տայ «սիրունատենչ» պարոնիկին.
       «Իրիկունը՝ էջ 56՝ գլուխ-գործոց մ’է անճոռնի, անճաշակ խժալուր բառերու»։
       Այդ անճոռնի, անճաշակ ու խժալուր բառերն են «փողփողենէջ», «ճաճանչաւուխտ», «լռարան», «կղկաթիմ», «վարսադիտակ», «զարմանուհի», «բազմաբեղուն» այս խօսուն, հնչուն, բզզուն բառերն՝ ասոնք ամէնքն ալ գեղեցկութեան քուէն չեն ստանար Փայլակի կողմէն, վասնզի «շիք» չեն, «սիրուն» չեն, «modern» չեն, այլ նախնի մատենագրութեան մէջ յաճախուած «բրածո՜յ» բառեր են. բայց ինչո՞ւ բանտել գեղեցիկը «սիրուն»ին սահմանափակութեան մէջ, ինչո՞ւ չխոստովանիլ, թէ տգեղութիւնն այդ բառերը ծամածռող շրթունքին, եւ անոնց ուժեղ մերձեցումին տոկալու անկարող՝ իգացեալ, ուժասպառ լսելիքի մէջ է. այդ բառերը գործածող նախնի մատենագիրներ մենէ շատ աւելի լայն կ’ըմբռնէին լսելութեան եւ առոգանութեան գեղեցիկը, գիտէին վեհաշուրթ արտասանել բառերը, ու լսել անոնց վեհանդորր ձայնը. իսկ ի՞նչ գիտեն փայլակներ, ոչինչ, ո՛չ իսկ իրենց տգիտութիւնը։ Նախնի մատենագիրը գիտէր ծովաձայն հնչեցնել բառերը.
       «Զի ա՞րդ բաւեսցէ դոյզն ինչ աղջամուղջ՝ մեծիդ ճառագայթից, զի ա՞րդ համբարձցի կշռեսցի ընդ խաչի քո կրից՝ խակութիւն հեշտութեան մարմնոյս տկարութեան…
       —Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս…»։
       Գիտէր ծիծաղախիտ ժպտեցնե՜լ բառերը. -
      
       «Աչքըն ծով ի ծով ծիծաղախիտ ծաւալանայր…»։
      
       (Եթէ գիտնար Փայլակ Նարեկացիին այս նմանաձայնութիւնը, գուցէ չծաղրէր իմինս՝ որ չքնաղ բան մ’ըլլալու յաւակնութիւնը չունի, բայց ունի անճաշակ որակումին դէմ բողոքելու արժանապատուութիւնը).
       Արեւ ծիծ«աղ»ի, ծ«աղ»իկ ծամերու.
       Այս ցուցումներէն վերջ ո՜վ կը զարմանայ, եթէ Փայլակ կը դատապարտէ.
       «Ծիածան աչքեր»ը, «Ատրուշան բերնակ»ն ու «Չարանճար հովիկը, որ պզտիկ երգեր կը կարդայ» (եթէ գիտնար խեղճը, թէ Սիպիլ գործածած պիտի ըլլար «հովերը կը խօսակցին» բացատրութիւնը, գուցէ չդատապարտէր զիս)։
       Ով կը պշնու եթէ Փայլակ սեմպոլիզմի Մեծարենցեան դպրոցի գիւտեր անուանէ զանոնք։ Հոս հարցում մը կը ծագի, ի՞նչ է այս դպրոցը կազմողի պիտակը՝ զոր նկնահասակ afficheurներ կ’ուզեն փակցնել ճակտիս՝ որ շատ բարձր կը մնայ իրենց հասակէն։ Ի՞նչ են այն խոշոր բառերը (ռահվիրայ, ռահահորդ, առաջնորդ , առաքեալ ), զորս անունիս կցելու տխրահռչակ պատիւը կ’ընեն. չէ՛, ես լեզուական առաքելութեան փառատենչիկ ցանկացողներուն կը թողում այդ բոլոր լպրծուն տիտղոսները, ու կը դառնամ ըսել ու պնդել, թէ ես երբե՜ք դպրոցի մը հետեւելու կանխակալութիւնը կամ նոր մը հիմնելու ունայնափառութիւնը չեմ ունեցեր։ Ամէն մարդ, որ իր անհատականութեան եւ արժանապատուութեան գիտակից է, ինքնին դպրոց մը կը կազմէ արդէն։ Յետոյ տեղն է ըսել նաեւ, թէ ես երբեք խորհրդանշականութեան ստրուկ մը չեմ։ Փոխաբերութեանց ու նմանութեանց ուժգնութիւններ ու նորութիւններ՝ զորս կը սիրեմ գործածել՝ կարծել տուին, թէ սեմպոլիսթ մ’եմ, բայց ատոնցմով կը յիշեցնէի միայն սեմպոլիզմը՝ որուն բոլորանուէր ուխտագիր մը չըլլալէ զատ՝ հակընդդէմ բնութենապաշտ հակումներ ալ ունիմ անոր հանդէպ, * այսինքն՝ կը նախընտրեմ ճաճանչաւէտ կեանքը, բաբախուն ու եռուզեռ բնութիւնը՝ խորհրդանշական զուսպ ցրտութիւններէն։
       Գեղագիտական հասկացողութիւնն ալ զննելէ վերջ պէտք էր որ յանգէինք Փայլակի բանաստեղծական անհասկացողութեան։ Օրինակի համար, Փայլակ Յովհաննու Յայտնութեան չափ անմեկնելի կը գտնէ հետեւեալ տողերը՝ որոնց մեկնութիւնը պիտի տամ (ի՛նչ մեկնութիւններ տուինք որ ), առանց Յովհաննու Յայտնութիւնը յայտնագրելու յաւակնոտ մ’ըլլալու.
       Օ՜հ, գաղջ աւիշն՝ որ չորս կողմէն կը պոռթկայ՝
       ընձիւղներով, շաքիլներով անհամար։
       օ՜հ, արեւոտ խայտանքն արբուն աղջըկայ՝
       որ կը զեղու, բորբոք, արբշիռ ու յիմար,
       կուրծքէն գարնան՝ որ թեւերովն իր բաղեղ,
       տարփո՜տ՝ հիւղին կը պլլըւի, ու հեղեղ
       կանանչով մը կու տայ համբոյրն իր դալար։
      
       Մեկնութիւնը.
       Հողին գաղջ աւիշը՝ որ անհամար ընձիւղներու եւ շաքիլներու (չգիտցած բառերնիդ բառարանը նայեցէք, պ. Փայլակ ) ձեւով մը կը պոռթկայ ամէն կողմէ. օ՜հ, այդ գաղջ աւիշը, վարար աղջկան այդ արեւոտ խայտանքը՝ որ գարնան կուրծքէն կը զեղու արբշիռ, խօլ ու բորբոքուն, ու տարփանքով կ’ընդգրկէ հիւղը՝ զոր կանանչի հեղեղով մը կը համբուրէ կարծես։ (Կը կրկնեմ պ. Փայլակ, չգիտցած բառերնիդ…)։
       Փայլակ , Հովուերգութիւն մըե վերնագիրը նիւթին անհամապատասխան կը գտնէ, շուկայիկ սրամտութեան մը առիթին հետ. մերինները՝ մոդեռնութեան այս կեղեւանքները մամռարմատ աւանդամոլներ են էապէս, կ’ուզեն որ հովուերգութիւն մը երբեք չշեղի բորբոսած բանաձեւին մատնանշած ուղղութենէն.
       «Սիրախանձ հովուուհի մը կար, օձի նման մազերով, մարմարեայ ծիծերով ու սարսուռ պարգեւող բումբերով։ Հեշտախանձ հովիւ մ’ալ կար, որ զայն տեսաւ, ահաւոր սարսուռով մը գալարուեցաւ։ Ըրին-չըրին գիրկընդխառնուեցան եւ երջանիկ ժամեր անցուցին։ Անողոք բախտը սակայն զանոնք անջատեց»։
       Կ’ուզեն մեր պարոնիկները որ այսպէս գրուած ըլլայ որեւէ հովուերգութիւն, այլապէս քիթ-պոչ կ’ընեն, նորէն կը ծամածռեն իրենց պաշտելի շուրթերը…
       Փայլակ կրնայ հանգստանալ այլեւս, պիտի չզիջանիմ իր խոհարարիկ սրամտութիւններուն ալ գարշահոտութենէն աղաղակելու։ Հանգիստ կը թողում գրականութեան այս cordon-bleuն իր լահանայէ, ապուխտէ, եալանճի տոլմասիէ պսակներուն հետ…
      
       * Յ. Գ. Վերջին յանձնարարութիւններս են , սիրելի Փայլակ, չգիտցած բառերդ բառարան նայելու չմոռնաս. բայց մոռցիր, խոհանոցի, բանջարանոցի ախորժակներդ։ Ու մա՛նաւանդ կարդա՛, կարդա՛, կարդա՛, բան մը՝ զոր կը յանձնարարէր Գօլանճեան՝ մէկ բարեկամիդ ու բախտակիցիդ։ Այն ատեն, եթէ դարձեալ չըլլաս փայլակ, գոնէ չես ըլլար այլայլակ։