Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.
ԳԱՏԸ ԳԻՒՂ

Աշխարհագրական հնաւանդ սովորութեան դէմ խօսած չըլլալու համար՝ պարտաւոր ենք ըսել, թէ այս գիւղն ալ ունի իւր արեւելքն, արեւմուտքն, հիւսիսն եւ հարաւն. բայց մեր խիղճն ալ յարգելու համար՝ կը ստիպուինք խոստովանելու, որ արեւելքին, արեւմուտքին եւ հիւսիսին գոյութիւնն անուանական է. հարաւն է միայն, որ կտիրէ այս գեղին վրայ։ Հիւսիսն իսկ եթէ երբեմն քանի մը խօսք ընել ուզէ՝ հարաւին բերնով կխօսի։ Արեւն հոս հարաւային կողմէն կելնէ եւ հարաւային կողմէ կմտնէ, վերջապէս ամեն բան հարաւ է հոս ։

  Այս տողերը գրելով մեր նպատակն է իմացունել արգոյ հասարակութեան, որ ձմեռուան եղանակին մէջ այս գիւղն երթալ փափաքողներն ամառուան հագուստ հագնելու են. իսկ ամառուան տաք օրերուն մէջ երթալ ուզողները մերկ երթալու են հոն, այսինքն տէքօլթէ հագնելու են ։

  Մահսուսիյէ֊ ի ընկերութիւնն իւր ճամբորդները զովացնելու համար է, որ այնպիսի ձեւով շոգենաւներ կբանեցունէ, որոնք միշտ ծովու ալիքներ կ ՚ ընդունին իրենց մէջ, որով ճամբորդները ծովու ջրով կլուացուին եւ կը զովանան։ Եթէ այս չըլլար՝ ճանբորդները տաքէն կմարէին ։

  Այս գիւղն այնչափ օրհնեալ գիւղ մ ՚ է, որ քանի մը տարիներէ առաջ, երբ հրէային մէկը գուշակութիւն ընելով ըսաւ, թէ գետնին տակ պիտի անցնի այն գիւղն, որու անուան սկզբնատառը գ է՝ ամեն մարդ միաբերան պօռաց, թէ Գատը գիւղն ըլլալու է այդ գիւղը։ Հրէային գուշակութիւնը չելաւ, բայց ի՜նչ օգուտ, գեղին պատիւը հրապարակի վրայ կոտրեցաւ։ Այն թուականին ըսողներ ալ գտնուեցան, որ այս լուրը տարածողները մեր կեսարացի ազգայիններն էին, որոնք աժան գնով տուն վարձելու համար հնարած էին այդ լուրը։ Եւ արդարեւ, տուներուն գիները հարիւրին վաթսուն իջան. շատ մը վաճառականներ իրենց առնելիքն ուզեցին գեղիս մէջ նստող վաճառականներէն. շատերը հեռացան գեղէն. իսկ մեր կեսարացի ազգայիններն իրենց նստած տեղէն չշարժուեցան, թող աժան նստինք ու գետնին տակն անցնինք, ըսելով ։

Այս գեղին մէջ թէպէտեւ երեքհարիւր յիսուն տուն հայ կայ, բայց բնիկ ազգային հազիւ քսաներեք ու երեք քառորդ մարդ կայ. մնացածն այլեւայլ թաղերէ գաղթած է։

Ժամանակաւ ամայի դաշտ մ ՚ էր այս գեղը. իսկ երբ քանի մը եւրոպացիներ, որոնք որսորդութիւն ընելու մոլութիւնն ունէին, այս գեղն եկան զայն որսորդութեան յարմար գտնելնուն համար՝ մեր ազգայիններէն ալ շատերը անոնց հետեւելով եկան բնակութիւն հաստատեցին հոն։ Այսօր եթէ եւրոպացիներն հեռանան այդ գեղէն՝ մեր ազգայիններն ալ կթողուն զայն։ Ո՞վ կրնայ պնդել, թէ մեր ազգայիններն եւրոպացիներու նմանիլ չեն ուզեր ։

Այս գեղին մէջ բաց ի հարաւէն կտիրէ նաեւ ազնուապետութիւնն, որ հարաւին չափ տենդ կպատճառէ գեղին ազգային գործերուն եւ թերեւս անկէ աւելի վնասակար է ։

Ամեն անգամ, որ թաղական խորհուրդ ընտրուած է՝ անդամներու մէջ անհամաձայնութիւն գոյացած է։ Թաղական խորհուրդն այնքան կարծիքներէ բաղկացած է, որքան անդամներէ որ կազմուած է, եւ այս շատ վնաս տուած է ազգային վարժարանին յառաջադիմութեան։ Թաղական խորհրդոյ իւրաքանչիւր անդամն իրեն հաճելի եղած դրութեամբ կ ՚ ուզէ առաջ տանիլ վարժարանը. մին ֆրանսական դրութիւնը կպաշտպանէ, ուրիշ մը գերմանական դրութեան վրայ կյարձակի, երրորդ մը անգղիական դրութիւն իբրեւ փրկարար միջոց կնկատէ, չորրորդ մը թրքական դրութենէն մազիւ չափ չշեղիր, հինգերորդ մը աւստրիական դրութիւնը կփաստաբանէ, եւ կարծիքներուն այս անհամաձայնութեան մէջ վարժարանը կգոցուի, եւ բացուելու համար կսպասէ, որ թաղական խորհուրդն հաճի դրութիւն մը ընդունիլ։ Թաղական խորհուրդն չկրնար համաձայնութիւն գոյացնել. բայց վարժարանը կբացուի եւ կսկսի կառավարուիլ, օր մը գերմանական դրութեամբ, օր մը ֆրանսիական դրութեամբ, առաւօտ մը թրքական դրութեամբ եւ երեկոյ մը անգղիական դրութեամբ. այսպէս թաղականի մէջ համաձայնութիւն կգոյանայ եւ թաղեցին ուրախ սրտով զիրար կշնորհաւորէ ըսելով. « Ապրին թաղական խորհրդոյ մեծապատիւ անդամներն, որ իրարու հետ համաձայնած են »։ Սակայն այս վարժարանին անկանոն ընթացքը մեծ օգուտ բերաւ ազգին, ծնունդ տուաւ Պէրպէրեան վարժարանին, այժմ Իճատիէ, որ պատիւ կբերէ ազգին ։

  Գիւղիս բնակիչներ շատ քաղաքավար են. իրարու սիրտ չկոտրելու համար ամենամեծ զոհողութիւններու յանձնառու կ ՚ ըլլան ։

  Անցեալները ազնուապետական դասէն մէկը կացինով մը վարժարանին հիմը տեղէն կհանէր. ուրիշ մ ՚ ալ քանի մը քայլ հեռուէն կդիտէր։ Երբ այս վերջնոյն հարցուեցաւ, թէ ինչո՛ւ անտարբեր կեցած էր՝ հետեւեալ պատասխանը տուաւ.

—Մտերիմ բարեկամս է, եղբա՛յր. միտքս դրի, որ երթամ երկու խօսք ընեմ, բայց վերջէն մտածեցի, որ մեր բարեկամութիւնը պիտի վիրաւորուի. անոր համար թող տուի, որ ուզածն ընէ ։

  Մաս մը կայ հոս, որ ազնուապետներու գործիք ըլլալով՝ այն ատեն միայն ազնուապետներու առջեւ ձայն կրնայ հանել՝ երբ շարքի մը երգել հարկ ըլլայ ։

  Մէկ մասն բոլորովին անտարբեր ազգային գործերու՝ կա՛մ ծովեզրեայ սրճարաններու մէջ նարտ կխաղայ եւ կամ նարկիլէ կքաշէ ։

  Ուրիշ ազնուապետական մաս մ ՚ ալ կայ, որ միայն ուիսթով կամ պէզիքով կծառայէ ազգին ։

  Այս գեղին եկեղեցին, որու անունն է Ս. Թագաւոր եւ ուր Ս. Աստուածածնայ օրը մեծ տօնախմբութիւն կ ՚ ըլլայ՝ ուխտատեղի մ ՚ է եւ ուխտաւորներէն շատ դրամ կ ՚ ընդունի։ Այս Թագաւորն ալ ուրիշ թագաւորներու պէս բաւական հասոյթ ունի, բայց զայն գործածելու կերպը չգիտեր, ելմտագէտ թաղականներ չունենալուն համար։ Եթէ ուխտաւորներէն առնուած դրամներն լաւ մատակարարուէին՝ երջանիկ Ս. Թագաւոր մը կ ՚ ունենայինք եւ իւր վարժարանն ալ միշտ բարեկարգ վիճակի մէջ կյարատեւէր ։

  Այս գեղին մէջ ընդհանրապէս կ ՚ ամչնան ազգային զգացում կրելու, ինչպէս դու կամչնաս տունդ ջուր կրելու։ Եթէ երբէք ստիպուին ասոնք օր մը ազգային զգացման պէտքը ճանաչելու՝ դարձեալ իրենք անձամբ չպիտի կրեն զայն, այլ իրենց սպասաւորներուն պիտի տան զայն, որ իրենց ետեւէն բերեն ։

  Բայց այս գեղին մէջ կգտնուին նաեւ այնպիսի անձեր, որոնք ազգային զգացում կկրեն ։

  Ասոնցմէ է Մուրատեան բարեհամբաւ գերդաստանն, որ ծանօթ է իւր ազգասիրական գործերովն։

  Մեծ. Մկրտիչ էֆէնտի Մուրատեան աղջիկներու վարժարան մը բացած է հոս 1868 ֊էն ի վեր եւ ամիսը 6 ֊ 700 դահեկան ծախք ընելով՝ աղքատ աղջիկներ դաստիարակել կու տայ հոն։ Ձմեռուան եղանակին մէջ աղքատներու ձրի ածուխ կբաշխէ, ինչպէս նաեւ աղքատներու ձրի բժիշկ կղրկէ եւ ձրի դեղ կու տայ։ Մուրատեան եղբայրներն իրենց մօրը թաղման համար եկեղեցւոյն եօթանասուն ոսկի եւ կտակի պաշտօնի համար ութսուն ոսկի, վարժարանի շինութեան համար հարիւր ոսկի նուէր ընելէն զատ՝ երկու հարիւր յիսուն ոսկի դարձեալ նուիրած են վարժարանի շինութեան համար ։

  Նմանապէս հոս կբնակին Մեծ. Սերովբէ Կիւլպէնկեան, Աբիկ Ունճեան եւ Շաշեան Պօղոս էֆէնտիներն, Սովելոց Մասնաժողովոյ անդամներէն երեքն, որոնք իրենց միւս ընկերներուն հետ մինչեւ այսօր գիշեր ցերեկ աշխատելով՝ ամեն ազգասէր սրտերու մէջ անմոռաց յիշատակ մը թողած են, թէպէտ եւ մեր Ազգային Ջոջերէն հնգական օրինակ առած չեն։ Ասանկ աշխատող ազգասէրներ ունենալնէս ետքը՝ սովն դեռ քառասուն տարի ալ տեւէ՝ բնաւ փոյթ չենք ըներ ։

  Թաղիս բնակիչներն ընդհանրապէս հարուստ են եւ ընդհանրապէս մէկ ձիթապտուղը, կ ՚ ըսեն, չորս պատառ կ ՚ ընեն. տնտեսագիտութիւնն մինչեւ այս աստիճան յառաջ գնացած է. բայց շատ հարուստներ այս ալ շռայլութիւն համարելով՝ որոշած են սեղանի վրայ մէկ ձիթապտուղ միայն դնել ։

  Քանի մը հարուստներուն համար ալ արեւը սովորականէն երեք ժամ վերջը կծագի, երբեմն ալ բնաւ չծագիր, եւ այդ հարուստներն մինչեւ երեկոյ քնանալով՝ գիշերը կարթնանան եւ կսկսին իրենց բրէֆայ ին ։

  Ուրիշ թաղերու հետ բաղդատմամբ՝ օղիի եւ գինիի գործածութիւնը քիչ է հոս. ընդհանրապէս գոնեաք կգործածուի ։

  Իգական սեռն գոնեաքի տեղ բամբասանք կգործածէ եւ առանց ջուրի։ Իրարու ետեւէ զիրար գետինը կ ՚ անցունեն, իսկ երբ դէմ առ դէմ գան՝ զիրար երկինք կը բարձրացունեն ։

—Եթէ գործ չունիս՝ եկո՛ւր սա պատուհանին առջեւ քիչ մը կայնինք ու մտիկ ընենք ։

—Տիկին Քաթի՛կ, օրիորդ Աղաւնին տեսա՞ր երէկ ։

—Բարով խէրով չտեսնէի, ատ ո՛րչափ ճերմակ քսուած էր գլուխն ալիւրի պարկին մէ՞ջ է խօթ եր, ի՛նչ է ըրեր ։

—Անանկ ալ շրջազգեստ մը հագած էր, որ չորս կողմը բաց էր ։

—Թերեւս քումաշ պակսած է ։

—Գոնէ ոտները պզտիկ ըլլային ։

—Այսու ամենայնիւ սատանան շատ գեղեցիկ է ։

—Գեղեցկութիւնն ալ ո՞ւր է ատոր երեսը բնաւ տեսնել չեմ ուզեր, կռողը տեսնէ ։

Ահա օրիորդ Աղաւնին դուռը կը զարնէ այն տան, ուր այս խօսակցութիւնը կ ՚ ըլլայ։

—Բարի եկաք, օրիորդ Աղաւնի, աս ո՞ւր էք. հիմա տիկին Քաթիկին քեզի համար կը խօսէի եւ կ ՚ ըսէի, թէ օրիորդ Աղաւնին մեզի բոլորովին մոռցաւ ։

—Ես ձեզի կը մոռնա՞մ, ամեն օր գալ կ ՚ ուզեմ, բայց տան գործերը թող չեն տար։ ( Մեկուսի ) Կռողը տանի երկուքնիդ ալ։

—Օրիորդ Աղաւնի, իրաւ որ ձեզի տեսնամ նէ՝ քոյրս տեսածի պէս կ ՚ ըլլամ։ ( Մեկուսի ) Սատանան տեսնէ երեսդ։ ( Բարձր ) Օրիորդ Աղաւնի, ամեն օր տեսնամ նէ քեզի՝ չեմ վշտանար ։

—Շնորհակալ եմ։ ( Մեկուսի ) Խենթ ըլլալու էի, որ խօսքերուն հաւատայի ։

—Այդ շրջազգեստիդ ձեւն ո՞ւսկից առիր, Աղաւնի ։

—Հաւնեցա՞ք ։

—Շատ հաւնեցայ, օրիորդ Աղաւնի, հատ մ ՚ ալ ես պիտի շինեմ անանկ ։

—Հաւնելու բան մը չէ կարծեմ ։

—Ի՞նչ կ ՚ ըսես, օրիորդ Աղաւնի, շատ ձեւաւոր էր։ Օրիորդ Աղաւնի, խահվէ՞ կ ՚ ուզէք, անո՞ւշ կ ՚ ուզէք, պտո՞ւղ կ ՚ ուզէք, կերակո՞ւր կ ՚ ուզէք, գինի՞ կ ՚ ուզէք, սիկարա՞ կ ՚ ուզէք. կաղաչեմ, օրիորդ Աղաւնի, առանց քաշուելու զրուցեցէ՛ք ։

—Բան մ ՚ ալ չեմ ուզեր, ձեր ողջութիւն կ ՚ ուզեմ ։

—Անուշ մը հրամմեցէք ։

—Շատ լաւ, կ ՚ ընդունիմ ։

—Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, բայց շիտակ պիտի զրուցես, վասնզի շաբաթ մը կայ որ տուներուս մէջ կռիւը պակաս չէ. տիկին Թէրէզային առջեւի ակռաները շինծու չե՞ն մի ։

—Ետեւիններն ալ շինծու են ։

—Ողջ ըլլաս, ես կ ՚ ըսեմ նէ՝ ինծի չեն հաւատար անուշ մ ՚ ալ կհրամմէ՞ք, օրիորդ Աղաւնի։

—Չէ, շնորհակալ եմ ։

—Բան մ ՚ ալ պիտի հարցունեմ, բայց կը քաշուիմ կոր ։

—Մի՛ քաշուիք ։

—Տիկին Մարթային գիրութիւնը բնակա՞ն է թէ բամպակ թխմած է։

—Տիկին Անթառամին ըսածին նայիս նէ՝ բամպակ է, իսկ տիկին Շուշանին խօսքին հաւատանք նէ՝ բուրդ կը թխմէ եղեր ։

—Շնորհակալ եմ, օրիորդ Աղաւնի, մեզի մեծ հոգէ մը ազատեցիր. չգիտես քանի մը օրէ ի վեր ո՛րչափ անհանգիստ էի օրիորդ Աղաւնիին կերակուր բերէք ։

Օրիորդ Աղաւնին մնաք բարով կ ՚ ըսէ եւ կը մեկնի մռմռալով. « ասոնք ալ միշտ ուրիշները վար զարնելու խօսքեր կ ՚ ընեն »։

  Իգական սեռի մէջ կայ ընտիր մաս մը, որ երբեմն ազգային խնդիրներու վրայ կխօսի. կայ մաս մ ՚ ալ, որ Ազգանուէր֊Հայուհեաց ընկերութեան մէկ ճիւղը կկազմէ այս գեղին մէջ եւ որ մեծ գործեր տեսնելու պատրաստուած է։

  Նորաձեւութիւնը տեսակ մը ախտ եղած է հոս. գեղեցիկ սեռը շատ անգամ դիտակով Մարսիլիայի շոգենաւին կը նայի, որ վերջին ձեւն ամենէն առաջ իւր վրայ երեւի ։

  Գեղիս զբօսավայրն է Մօտա պուռնու ըսուած տեղն, որ ծովու վրայ կնայի. բայց հոն գացողները ծովին չեն նայիր, այլ գեղեցիկ սեռին, որ անշուշտ ծովէն աւելի զուարճութիւն կը պատճառէ ։

  Գեղիս բերքն է առաջին կարգի տենդ. աղքատները տենդին երրորդ տեսակէն կրնան առնել. առաջին տեսակը հարուստներու համար պահուած է եւ շատ սուղ կծախուի ։

Զարմանալի է սակայն, որ բժիշկներն երբեմն հիւանդներ կղրկեն հոս՝ օդափոխութեան համար ։

Օդին վիճակը խեղճ է. Իւսկիւտարը թող չտար, որ հիւսիս մտնէ հոն եւ բարեկարգութիւն մտցունէ օդին մէջ ։