Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
ՔԱՍԸՄ ԲԱՇԱ

Երկաթեայ դիմակ մը պէտք է մարդուս այս թաղը պտըտելու համար։ Փողոց մը մտա՞ր, նոյն փողոցին մէջ բնակող կիներն ու աղջիկներն պատուհաններու առջեւ կը վազեն եւ քու գալդ տեսնելով՝ իրարու հետ խօսիլ կը սկսին.

—Տիկի՛ն, սա դիմացէն եկողը կը ճանչնա՞ս ։

—Չեմ ճանչնար, բնաւ տեսած չունիմ ։

—Այս փողոցին մէջ մէ՞կը կը փնտռէ արդեօք ։

—Ո՞վ գիտէ ։

—Վայելուչ երիտասարդ մ ՚ է ։

—Ի՜նչ աղուոր մազեր ունի ։

—Ասոր մազերուն աղուորութիւնն ալ ո՞ւր է, սատանայ կնմանի ։

—Ապուշ ֊ ապուշ նայուածք մ ՚ ալ ունի

—Ասկից զատ օձիքին վրայ ալ երկու մատ եղ կայ, շոգենաւի մէջ մեքենագո՞րծ է, ինչ է ։

—Ոտքդ պագնեմ, ատ ի՞նչ մեծ ոտք ունի ։

—Կամա՛ց խօսէ, քա, կմօտենայ կոր ։

—Թո՛ղ մօտենայ ։

—Աչքերն ալ պատուհաններուն վրայ է ։

—Աս ի՞նչ անշնորհք մարդ է ։

Նոյն փողոցէն ելա՞ր, խնդիրը կսաստկանայ. իգական սեռն անպատճառ եւ անպատճառ կ ՚ ուզէ գիտնալ, թէ ո՛վ ես դուն, թէ մազերդ ինչո՛ւ աղուոր չեն եւ թէ օձիքիդ վրայ ինչո՛ւ երկու մատ եղ ես դրած, եւ մինչեւ որ ասոնք չհասկնայ՝ քունը չտանիր ։

Բայց թողունք իգական սեռն պատուհաններու առջեւ եւ մենք մեր գործին նայինք։

Ինչպէս որ առանց փուշի վարդ չըլլար, այնպէս ալ առանց կոյանոցի Քասըմ բաշա չըլլար, եւ եթէ վարդը սիրողն անոր փուշն ալ սիրելու է՝ Քասըմ բաշա նստողն ինչո՞ւ անոր կոյանոցն չյարգէ, մանաւանդ որ սոյն կոյանոցն եթէ Փարիզ փոխադրուէր՝ տարին մէկ միլիոն ֆրանգ հասոյթ կբերէր ։ Շահու անսպառ աղբիւր մ ՚ է այս կոյանոցն Եւրոպայի մէջ, բայց Թուրքիոյ մէջ ինչպէս տաղանդն ու հանճարն՝ նոյնպէս այս կոյանոցն քաջալերութիւն չգտներ եւ շատ անգամ հալածման ենթակայ է թող զրուցեն թէ Թուրքիոյ մէջ շահու աղբիւրները ցամքած են

Եկուր սա նեղ փողոցէն վեր ելնենք եւ Հայոց թաղը մտնենք, որ Եէնի չէշմէ կկոչուի ճիշտ այն գիրքերուն պէս, որոնք հարիւր յիսուն տարի առաջ տպուած են եւ Նոր տպագրութիւն կկրեն իրենց երեսը ։

Սոյն թաղին մէջ ութսունըհինգ հայ ընտանիք կայ, որ չորս հարիւր յիսուն հոգի կպարունակէ։ Ասոնց մէջ բնաւ բարեպաշտ չգտնուիր, վասնզի երբ եկեղեցի երթաս՝ ուրիշ մարդ չես գտներ հոն, բայց միայն Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետն։ Այս Հայրապետն երեսը միշտ ծամածռած է. կ ՚ երեւի որ շատ բարկացած է թաղեցւոյն, որ իւր քրիստոնէական պարտաւորութիւնները չճանաչեր։ Ոմանք կ ՚ ըսեն թէ թաղեցին տեղւոյն տէմիր պաշ քահանային հետ աղէկ չըլլալով՝ ուխտ ըրած է եկեղեցին ոտք չկոխել. տէմիր պաշ քահանայն ալ ուխտ ըրած է եկեղեցիէն դուրս ոտք չկոխել. սակայն զարմանալի է, որ մեր ազգայինները երբ գինեպանի մը բարկանան՝ բնաւ ուխտ չեն ըներ գինետունը ոտք չկոխելու ։

Եկեղեցւոյն դէմը դպրոց մը կայ Ս. Մեսրոպեան վարժարան անուամբ։ Սբ. Մեսրոպը հոն բաւական կտանջուի, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ աշակերտներու արօրօդ կկերցունէ, անոնց քալել կսորվեցունէ, անոնց վարտիքը կքակէ եւ կկապէ։ Խե՜ղճ Ս. Մեսրոպ, եթէ տան մը մէջ սպասուհի երթար՝ չորս հարիւր դահեկան ամսական կ ՚ առնէր Մայրերն զաւակ բերելնուն պէս՝ Ս. Մեսրոպին կյանձնեն զանոնք որ դաստիարակուին։ Թաղականները առաջին տարին ճիգ մը ըրին եւ դպրոցը քիչ շատ բարեկարգեցին. այս տարի հոգնութիւն կ ՚ առնեն՝ որպէսզի գալ տարի նորէն սկսին գործելու ։

Հոս կբնակի Պ. Խ. Սարաճ, որ իւր թաղակիցներուն ուսման փափագ ներշնչելու համար յօդուածներ կհրատարակէ Հայրենիք ի մէջ եւ որոնց վերնագիր ընտրած է Դպրոց եւ ազատութիւն ը. կ՚երեւի որ թաղեցին նախապատիւ կսեպէ այն գրութիւններն, որոնք իրենց գլուխ ունին Բագոս ը։ Այս երիտասարդն եկեղեցւոյ քով հիմնած է թանգարան մը, ուր երբեմն կմտնէ եւ փոշիները թոթ ուելով դուրս կելնէ անկէ այն յուսով, որ թաղին տղայները կարդալ սորվին եւ օր մը գան կարդան հոն։ Թող Պ. Սարաճ այս յուսով ինքզինքը խաբէ ։

Թաղիս փողոցները այնչափ նեղ են, որ մարդս անցած ժամանակը կկարծէ թէ քօրսէ հագած է, շունչ առնելու համար նեղութիւն կզգայ ։

Տուներն այնչափ սիրով գրկած են զիրար, որ ո՛չ արեւն եւ ո՛չ անձրեւը կարող են իրենց ազդեցութիւնը ներգործել փողոցէն անցնողներուն վրայ ։

Թաղային կռիւները պակաս չեն, եւ ամենամեծ քաջութիւն կսեպուի հոս կռիւ հանելէն ետքը կանոնաւոր կերպով յետ քաշուիլը ։

Երբ օտարէն յարձակում մը տեղի ունենայ՝ այրերը յետ կքաշուին եւ ասպարէզը կմնայ գեղեցիկ սեռին, որ գրեթէ ամեն կռիւներու մէջ յաղթանակը կտանի ։

Զբօսանքի տեղ չկայ. թաղէն քիչ մը հեռու կայ Օգ մէյտանի ի դաշտը, ուր Սէրը միշտ կպտըտի հոն յաճախողներուն մէջ տեղը ։

Փողոցներէն ճանճ մ ՚ անգամ չանցնիր, վասնզի ան ալ գիտէ, որ բամբասանքի պիտի ենթարկուի ։

Գեղեցիկ սեռը աշխատասէր է, կար կկարէ, գիշերներն անքուն մնալով կաշխատի եւ աղուոր հագուիլ կսիրէ, բայց հագուստը վայլեցնելու մէջ միշտ երջանիկ չէ ։

Հոս շատերը մարդուս մօրուքին կխնդան, վասնզի այրերուն մեծ մասը սափրիչ են. մաս մ ՚ ալ կայ որ միշտ տխրադէմ է, վասն զի դարբին է եւ երկաթի հետ կաշխատի մինչեւ երեկոյ եւ փափուկ խնդիրներու մէջ մտնել չուզեր։ Երկու մասն ալ աշխատասէր եւ գործունեայ են՝ երբ ածելիի եւ կռանի վրայ է խնդիրը, իսկ երբ իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան վրայ խօսք բացուի՝ այն ատեն անդամալոյծ կկտրին եւ պրոպատիկեայ աւազանին մէջ նետուելու փափաք ալ չեն զգար ։

Քասըմ բաշայի օդը շատ աղէկ է բժիշկներու համար. քանի անգամ որ քօլերա եղած է մայրաքաղաքիս մէջ՝ Քասըմ բաշայի մէջ ծնունդ առած է եւ ուրիշ թաղի մէջ մեռած է։ Շատ աղքատ բժիշկներ այս թաղին օդին շնորհիւ մեծ հարստութիւններ դիզած են ։

Այս թաղին օդը ամառուան եղանակին մէջ միշտ լուծում կպատճառէ։ Թուրքօ ֊ ռուսական կռիւէն առաջ Արեւելեան խնդրոյն լուծում տալու համար դեսպանախորհուրդն այս թաղին ստորոտն ըրաւ իւր նիստերը ։

Այս թաղին մէջ օրէնք մը կայ, որով աղքատներուն խստիւ արգիլուած է հիւանդ ըլլալը. հարուստները միայն իրաւունք ունին հիւանդանալու։ Անցեալներն աղքատ մը դիպուածով հիւանդացաւ եւ թաղականին դիմեց, որ թուղթ մը առնէ ու Փրկիչի հիւանդանոցը երթայ։ Թաղական խորհուրդն նկատելով, որ այս աղքատն օրինաց դէմ վարուելով յանդգնած է հիւանդ ըլլալու՝ զայն պատժելու նպատակաւ ամբողջ վեց ամիս մերժեց անոր թուղթ տալ։ Աղքատին ճարը հատնելով՝ տեղէ մը տասը դահեկան ճարեց ու թաղականին տալով յաջողեցաւ անկէ թուղթ մը առնելու եւ այդ թուղթով Փրկիչ մտնելու։ Այս օրէնքը շատ արդար է։ Թաղականը մօտերս ծանր տուրք մը պիտի սահմանէ եղեր բոլոր այն աղքատներուն համար, որ կհամարձակին օրէնքն ոտնակոխ ընելով հիւանդանալ ։

Այս թաղին գետն է այն նշանաւոր ականն, որ Բերայէն կը վազէ եւ այս թաղէն անցնելով ծովը կթափի։ Այս գետին վրայ զբօսարաններ շինուած են, ուր կ ՚ երթայ թաղեցին՝ քիչ մը օդ առնելու եւ ծխախոտ ու կլկլակ քաշելով ժամանակ անցունելու։ Այս գետը կրնայ նաւարկելի ըլլալ, միայն թէ ճամբորդներուն քիթը կտրելու է եւ կամ քիթը կտրած ճամբորդներ ճարելու է ։