Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԳ.
ՂՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷ

Այս գիւղին Գուրուչէշմէ կոչուելուն պատճառն են գեղին աղբիւրներն, որ բնաւ չեն վազեր ։

Գեղացին աղբիւրը կշինէ, բայց անոր ջուր բերելու հոգ չըներ։

Միայն աղբիւրներուն հետ չէ որ այսպէս կը վարուի. իւր վարժարանին եւ եկեղեցւոյն հետ ալ նոյն ընթացքն ունի ։

  Այս գիւղին ազգայիններն այնքան կաշխատին եկեղեցւոյն պայծառութեանը, որ անցեալները եկեղեցւոյն մէջ շաբաթ մը կաթիլ մը եղ չկար։ Երբ քահանան իմացուց իրենց, թէ եղը հատեր է՝ ասոնք շրճարանի մը մէջ հաւաքուեցան՝ խորհրդակցելու համար ։

—Ի՞նչ կ ՚ ըսէք, եղբայրներ, եկեղեցւոյ եղը հատեր է ։

—Ի՞նչ կ ՚ ըլլայ եղեր, թող առանց եղի կատարուին արարողութիւնները ։

—Ես ալ համակարծիք եմ. արարողութիւնն առանց եղի ալ կ ՚ ըլլայ ։

—Ցերեկ ատեն կանթեղ վառելն ի՞նչ նշանակութիւն ունի ։

—Շռայլութի՜ւն է, շռայլութի՜ւն ։

—Մեր քահանան ալ այլանդակ մարդ մ ՚ է, Դիոգինէսի պէս ցերեկ ատեն կանթեղ կը վառէ ։

—Առաւօտները մութուն կսկսի եկեղեցին, եւ անպատճառ լոյս պէտք է ։

—Լուսնի լուսովը թող կարդայ ։

Եւ վերջապէս որոշում կտրուի, որ քահանան քիչ մը տնտեսագիտական օրէնքներով վարուի ։

Վարժարանին գալով՝ Գուրուչէշմէցին դասատու կբերէ, բայց ամսական չտար։ Շատ դասատուներ մինչեւ այսօր թաղական խորհրդարանը կ ՚ երթան իրենց մնացած ամսականներն ուզելու համար եւ չառնելու համար ։

Կիրքն այս գեղացիներուն մէջ չափազանց ըլլալու է, որ իրենց մէջ համաձայնութիւն գոյացնելն միշտ անկարելի եղած է ։

Հոս երեսուն ֊ քառասուն տուն կայ Հայու. եթէ ութսուն տուն ըլլար՝ ամեն օր նոր կռիւներ պիտի ծագէին ։

Կիներն այրերէն աւելի դպրոցասէր եւ եկեղեցասէր են. բայց իրենք իշխանութիւն չունենալով՝ լռութիւն պահելու ստիպուած են ։

Կիներն շատ չեն սիրեր պտոյտն այն պատճառաւ, որ պտըտելու տեղ չկայ ։

Օդը շատ աղէկ է գեղին բարձունքին վրայ, իսկ ծովեզերքի օդն աղէկ չէ։ Օդին ազդեցութեան շնորհիւն է, որ վերի կողմին ազգայիններն աւելի աղէկ են քան վարիններն, եւ եթէ վերիններն վար իջնան կամ վարիններն վեր ելնեն՝ օդափոխութեամբ իրենց բնաւորութիւնն ալ կփոխեն ։