Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

ՏԵՍԻԼ Ա
ՎԱՀԷ` ՔԱՆԻ ՄԸ ԶՕՐԱԿԱՆՆԵՐՈՎ

ՎԱՀԷ. Ո՜հ, թշուառ արշալոյս. խորտակումն դժնդակ. անօգուտ եղան ամենայն քաջութեան հանդէսներ անթիւ բազմութեան դէմ. կարծես թէ դժոխք նոր զօրաց գունդեր դուրս կը ժայթքեն ինծի դէմ. դառնամ Արմաւիր ու ինչուան վերջին շունչս` պաշտպանեմ հայրենի պարիսպները:

ՏԵՍԻԼ Բ
ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ ԵՒ ԳՈՒՆԴ ՄԸ ՄԱԿԵԴՈՆԱՑԻ ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. (Կը յարձակի Վահէին դէմ) Ձգէ՛ սուրդ ու անձնատուր եղիր:

ՎԱՀԷ. Ո՛չ երբեք (Կը կռուի քաջութեամբ, հայք կը փախչին):

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. (Եւ բոլոր զօրքերը Վահէին վրայ կը վերցնեն սուրերնին) Խոնարհեցու՛ր ճակատդ Աղեքսանդրի անուան դիմացը:

ՎԱՀԷ. Վահէին ճակատը մահուան դիմացը անգամ չի խոնարհիր:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. (Եւ զօրականք) Մեռի՛ր ուրեմն:

ՏԵՍԻԼ Գ
ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԵՒ ԱՌՍՋԻՆՔ

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. (ՀեռուԷն) Ին՞չ կ՚ընէք. մինակ թշնամուոյ դէմ բազմութեամբ կռուիլ չի վայելեր Մակեդոնեան քաջերու. ի՞նչ կը տեսնամ, դուն, Վահէ՜ն:

ՎԱՀԷ. Ին՞չ ձայն է, որ կը լսեմ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. (Կատաղութեամբ) Ո՜վ ուրախութիւն, դուն իմ ձեռքս ես. մի միայն արժանիդ մահու` մահկանացուաց մէջ. հպարտ թագաւոր, կործանիչ Հայաստանի, անագորոյն հայր, որ յաւերժ արտասուաց դատապարտեց իւր միակ աղջիկը. չարեացապարտ իմ ցաւոցս եւ աղէտից, այո՛, դու՛ն ես, այն, որ նպատակ պիտի ըլլաս զինուցս կատաղութեանը:

ՎԱՀԷ. Եւ դու թշնամի հայրենեաց, հրոսակաց գլուխ եւ առաջնորդ, քու անզգամ մատնութեանդ վրայ կը պարծի՞ս:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Իմ երիտասարդական աշխոյժ եւ բարեբաստ տարիքիս սիրեցի այդ հայրենիքը, որ հիմա կոտորածով եւ արեամբ կը լեցնեմ, պատանի հասակէս ի վեր քեզի հետ մէկտեղ պատերազմելու մէջ ուսայ, փառաց ասպարէզներու մէջ արշաւել: Քաջ անունը, որ ինծի կու տային ամէնքը, անլուր քաղցրութեամբ մը կը լեցնէր սիրտս. քու թշնամիներդ ինձմէ աւելի ահաւոր հակառակորդ մը չունէին, եւ զքեզ կը մեծարէի իբրեւ դիւցազն թագաւոր մը:

ՎԱՀԷ. Ու կը մոռնաս իմ մեծապարգեւ բարիքներս, որով վարձատրեցի քու քաջութիւններդ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Նենգամիտ թագաւո՜ր, իրաւ է, դուն այն ատեն չի համարձակեցար երեսս զարնել իմ անշուք ծնունդս, բայց խաբեբայ էին դիտումներդ. կը սպասէիր յանցանք մը գտնելու իմ վրաս. թշուառութեան բաժակը խմել տալու համար ինծի: Քու աղջկանդ` Արուսեկին համար ամբիծ սիրով մը վառուելս մեծ ոճիր մը համարեցար դուն, եւ հայոց քաջազունը շղթաներով կապուած` անարգաբար խոր բանտերու մէջ նետուեցաւ. եւ ո՜վ ան ատենը սուրբ պատեանէն հանեց իմ պաշտպանութեանս համար… ո՛չ ոք: Այն ատենը մշտաբորբոք ատելութիւն մը երդուեցայ իմ ազգիս դէմ. օգնականութեամբ դից եւ իբր թէ սքանչելեօք փախայ իմ բանտէս: Յունաց աշխարհը հիւրընկալեց զիս, իմ ազգէս աւելի օտարները մարդասէր գտնուեցան ինծի: Աղեքսանդրին նուիրեցի այդ սուրը, որուն դէմ այնչափ ապերախտ գտնուեցան հայրենիք, ու տե՛ս, թէ ինչպիսի՞ հզօր բանակի մը զօրավար եղած` իւր եւ իմ վրէժս կը լուծեմ միանգամայն:

ՎԱՀԷ. Ո՜վ ժպիրհ յանդգնութիւն, ու զքեզ յափշտակելու համար չի բացուիր գետինը, նենգախոշոշ սուրդ կը մղես ազգիդ սիրտը, ու ամօթը ճակատիդ վրայ դալկահար նշան մը չի դրոշմեր: Հայաստանի բախտին վրայ չեմ դողար ես, երկինք թերեւս պաշտպան կենան իրեն. արեանս մէջ յագեցուր քու չարատանջ ծարաւդ: Կենացս գործերը բաւական վկաներ են իմ փառացս. քեզի պէս մահաթոյն իժ մը ծոցիս մէջ սնուցանելը միմիայն ոճիրն է, որ կը պղծէ իմ համբաւս, միմիայն խայթոցը, որ չարաչար պիտի տագնապէ վերջին օրհասական շունչս. զա՛րկ, ո՜վ կ՚արգիլէ բազուկդ, մէկ հարուածով պատուհասէ առատաշնորհ պարգեւները, որ այնչափ ատեն անօրէն գլխուդ դրա թափեցի. տե՛ս, ասոնք են այն տեղերը, ուր դուն, դեռ ցածազգի զօրական մը, խառնիճաղանճ ամբոխի մը մէջ խառնուած էիր. այս ապառաժները լսեցին իմ ձայնս, երբ զքեզ այդ անշուք վիճակէն բարձր պաշտօններու կոչեցի. խափուեցայ քու անվեհեր կերպարանքէդ ու քաջութիւններէդ եւ քեզ հաւասարապատիւ ըրի թորգոմեան բարձրագահ իշխանաց: Արտաւազդ մինակ չի կրնար մատնել զիս, կ՚ըսէի, վասնզի քաջ ու անկեղծ սիրտ մը ունի եւ շատ վայելեց իմ բարիքներս. աւա՜ղ, աղէտալի՜ կուրութիւն: Երբ դուն` մոռնալով քու վիճակդ, մոռնալով իմ արքայական վիճակս, աստիճանս, յանդգնեցար իմ աղջկանս վրայ աչք վերցնել, այն ատենը բացուեցան աչքերս ու տեսայ փառամոլ խորհրդոց նպատակը. մերժեցի քու խնդիրքդ, ու դուն մէկէն դաւաճանութեամբ եւ մատնութեամբ ուզեցիր վրէժդ առնուլ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Վատ թշնամիներուս նախանձաբեկ չարութիւնը ժպրհեցար արատաւորել իմ համբաւս, ու դուն այնչափ դիւրահաւան գտնուեցար, որ չեմ գիտէր, թէ քո՞ւ, չէ նէ՞ ուրիշին անզգամութիւնը առաւել թշուառացուց զիս, գաղտնի զգացում մը կարծես թէ կը դրդէ զիս մեծարել դեռ իմ թագաւորս, զքեզ անմեղադիր ընել խաբուած կարծելով, կարեկցութեան, քան թէ ատելութեան արժանի կ՚ուզեմ դատել զքեզ, սակայն, աւա՜ղ, զքեզ ատելու կը ստիպէ զիս քու աղջկանդ յիշատակը. ուրախացիր սրտիս տանջանքները տեսնելով… չեմ համարձակիր անոր վրայ լուրեր հարցնելու քեզի, կը վախնամ մահաբեր ցաւոց եւ կատաղութեան մէջ կորնչելու. ու՞ր է ինքը, ո՞ր գազանին ճիրաններուն մատնուեցաւ այդ փափուկ սիրտը. արդեօք սո՞ւրը, չէ նէ թոյնը ցամքեցուց իւր աչուըներուն արցունքները, որ իմ յիշատակիս վրայ կը հոսէին. խոսէ՛, մեռա՞ծ է ինքը ու պէ՞տք է, որ իւր գերեզմանին վրայ քու արիւնդ ցօղեմ:

ՎԱՀԷ. Կենդանի է ինքը. բայց քեզի համար չէ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Կենդանի՜ է. ո՜հ, պիտի տեսնամ զինքը, պիտի յափշտակեմ զինքը խաւարային բանտերուն մէջէն, ուր թերեւս քու անգթութիւնդ զինքը թաղեր է:

ՎԱՀԷ. Իւր ամենազօր պահապանները մէկ ակնարկութեամբ կրնան մոխիր դարձնել զքեզ քու բանակովդ հանդերձ, անլուծանելի եւ ահաւոր կապով մը…:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Որու՞ հետ միացած է:

ՎԱՀԷ. Աստուածոց հետ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Ո՜վ երջանկութիւն, Արտաւազդէն ի զատ ո՛չ ոք ուրեմն արժանի գտնուեր է Արուսեկին սիրոյն:

ՎԱՀԷ. Ո՛չ, սնոտի յոյսերով մի՛ խաբեր քու ամբարտաւանութունդ, Արուսեակ կ՚ատէ զքեզ այն օրուընէ ի վեր, որ դուն իւր հօրը դէմ անօրինեցար, ու հարս պիտի երթար Ալանաց թագաւորին, թէ որ անիկա հանկարծադէպ մահուամբ գերեզման չիջնար. ուրիշ արքայական ամուսնութիւն մը առաջարկեցի իրեն, բայց ոտքս իյնալով արտասուալից. «ա՜հ, հայր իմ, - գոչեց, - թոյլ տուր, որ աստուածոց նուիրեմ այդ կեանքը, որ երկրիս վրայ երջանկութեան համար ճակատագրեալ չէ»: Երկայն ատեն դէմ կեցայ իւր խորհրդոցը, բայց վերջապէս անհնար եղաւ փոխել զինքը իւր մտքէն: Սոսեաց անտառներուն մէջ առանձնացած, լեղի տրտմութեամբ` իւր օրերը կ՚անցնէ, մոռնալով զքեզ ու յիշելով քու ոճիրներդ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Իմ սէրս միայն կը յիշէ ինքը ու անոր յիշատակովը կ՚ապրի: Այդ սեւ անտառներուն մէջ իւր ողբական մրմունջները աստուածոց կը թռցնէ, ու սիրտն ալ ինծի:

ՎԱՀԷ. Իւր սիրտը միմիայն աստուածոց նուիրեալ է. փուճ տեղը ուզեցի համոզել զինքը` դառնալու աշխարհիս բերկրութեանցը մէջ. ոսկեհուռ զարդեր ու գոհարներ կը փայլէին իւր դիմացը. պարապ տեղը նկարագրեցի իրեն դշխոյութեան շքեղ վիճակը եւ մայրական քաղցրութիւնները` սիրուն որդեկաց գգուանացը մէջ: Բարկութեամբ ոտքի տակ առաւ այդ փառաւորութիւնները, սեւ սգոյ զգեստ մը առաւ վրան ու գետնի վրայ տարածուելով` երկայն ատեն լուռ կեցաւ… ետքը լսեցի իւր շրթներուն իրարու բաբախիլը… թշուառ աղջիկը իւր հօրը գլխուն վրայ աստուածոց օգնականութիւնը կը մաղթէր ու իրեն համար ալ մահ… (Այլայլած)։

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Դուն զինքը հարսանեկան վարդերու մէջէն յափշտակելով` սգոյ ու մահուան տրտմութեանցը մէջ թաղեցիր: Ես կը հասկնամ այդ անմեղ շրթունքներուն խօսքերը, կը բողոքէր յերկինս անգութ հօր մը դէմ, որ իւր գեղեցիկ օրերը թունաւորեց, կը փախչէր իւր բռնաւորին ձեռքէն` ներելով անոր ու մահը կը խնդրէր, մահը, այն յետին ապաւէնը անյոյս տարփաւորին, որ սիրով կը տոչորի ու չի կրնար խոսիլ, վատաբա՜խտ օրիորդ, չէ՛, թող պիտի չի՛ տամ, որ սոսկալի անտառները յափշտակեն բնութեան ձեռքէն քու ծաղիկ երիտասարդութիւնդ, գեղեցկութիւնդ ու սիրոյ համար ստեղծուած այդ ամենափափուկ սիրտդ. դուն իմս պիտի ըլլաս, ո՛, Արուսեակ:

ՎԱՀԷ. Յառաջ քան քուկդ ըլլալու` գերեզմանին աւար պիտի ըլլա՛յ Արուսեակ. թէ որ բազուկներ պակսին զինքը քու ձեռքէդ ազատելու, բոցերը կը լափեն անտառին ծառերը ու անոնց հետ մէկտեղ Արուսեակն ալ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Իմ Արուսեակս բոցերու մատնուա՞ծ, ա՜հ, ծանօթ Է ինծի քու կատաղութիւնդ. գնա՛, վազէ՛, ո՛, Լիւսիմաքոս, Սոսեաց անտառը, հնչեցրո՛ւ Աղեքսանդրի ահաւոր անունը հայոց պահապան զօրաց մէջ, զրուցէ, որ յանձնեն քու ձեռքդ Արուսեակը, դողան իմ սպառնալիքներէս. ըսէ, ՛ որ սուրս կախուած է Վահէին գլխուն վրայ, հիմնայատակ պիտի կործանեմ Արմաւիրը, ծերն ու մանուկը, այր եւ կին` ո՛չ ոք պիտի զերծանի սոսկալի բարկութենէս. փութա՛, ժամանակ մի կորսնցներ:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Կը վազեմ քու հրամանդ կատարելու (Կ՚երթայ):

ՎԱՀԷ. Վահէին որդին հոն է ու պիտի գիտնայ իւր պարտքը կատարել:

ՏԵՍԻԼ Դ
ԶԱՐՄԱՅՐ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԶԱՐՄԱՅՐ. Հա՜յր իմ…

ՎԱՀԷ. Ին՞չ կը տեսնամ. այդպէ՞ս կը կատարես հօրդ պատուերը այդպէ՞ս անպաշտպան կը թողուս քոյրդ անօրէն թշնամաց ձեռքը։

ԶԱՐՄԱՅՐ. Իւր կողմանէ ձեզի կու գամ ես, հայր իմ. պատերազմին սարսափը ինկաւ Սոսեաց անտառներուն վրայ: Այն սուրերը, որ այնչափ հայ քաջերու արիւնը խմեցին, աւելի սուր հարուածներով մխեցան Արուսեկին սրտին մէջ, ա՛լ չուզեր ապրիլ իւր հօրը ու Հայաստանին թշուառութեանը վրայ: Սպառեցան արտասուքը աչուըներուն մէջ, ու ցավոց բռնութենէն կիսամահ` գիրկս իյնալով, «գնա՛, ըսաւ, ո՛, Զարմայր, գնա՛ իմ հօրս ու Արտաւազդին, ըսէ՛ իրենց, որ իրարու արեան ծարաւը չի յագեցուցած թո՛ղ գան, տեսնան Արուսեկին մեռնիլը, վկայ ըլլան իւր օրհասական ցաւոցը ու անկէ ետքը, անոր դիակին վրայ, արիւնարբու սուրերնին իրարու սիրտը մխեն»: Ա՛հ, թէ որ տեսնայիք այդ թշուառ օրիորդին աղեկէզ վիճակը, իւր դալկահար ճակատը, գունատեալ շրթունքը, այդ երկնային գեղեցկութիւնը, որ թառամելու վրայ է յուսահատութեան ժանտաբեր շնչովը: Ո՜հ, անշուշտ եմ, որ ատելութիւնը սիրոյ եւ գթութեան պիտի փոխուէր սրտերնուդ մէջ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Ո՜, Արուսեակ, Արտաւազդին օգնութիւնը չուշացաւ հասնելու քեզի. Լիւսիմաքոս ժամանակին պիտի հասնի:

ՎԱՀԷ. Ու այս ամէն աղէտից դու ես չարեացապարտ, եղեռնաւոր եւ անզգամ գլուխ. եթէ տունս փլաւ ու գահս կործանեցաւ, բայց ատելութիւնս կենդանի է` սարսուռ վազցնելու համար քու երակներուդ մէջ: Ու չիմացա՞ւ Արուսեակ (Զարմայրին դառնալով), որ իւր հօրը ու Հայաստանին թշուառութիւնքը այս դաւաճանին վատ սրտէն դուրս սողացին. չիմացա՞ւ, որ անիկա է իւր ճակտին վրայ յուսահատութեան ժանտաբեր շունչը փչողը, իւր գեղեցկութիւնը թոռմեցնող դարանամուտ որդը: Ո՞վ է, որ Արուսեկին կենաց վտանգովը կ՚ուզէ սարսափ ազդել ինձի ու անոր ցուրտ դիակին քովը կը հրաւիրէ զիս ու հայրենասպան չարագործ մը. եւ սակայն` չէ՛ թէ մէկ աղջկան, հայոց անբաւ դիակներ տարածուած են բոսորաներկ գետնին վրայ, եւ անոնց վէրքերէն ելած ծխախառն արեանց շոգին կայծակնացայտ կը պատեն ամպարշտին գլուխը, եւ անիծից փուշեր կը խայթեն իւր սիրտը:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Հայր իմ, գթա՛…

ՎԱՀԷ. Մէկդի գնա՛, անարժան որդի Վահէի. հիմա Արուսեակ քու պատճառովդ թերեւս գազան թշնամեաց ճիրաններուն կը մատնուի:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Քեզի կը դառնամ, ո՛ Արտաւազդ, եթէ հայրս այսչափ կ՚անգթանայ իւր որդուոցը դէմ, գոնէ դուն գթա՛ մեզի, յիշէ, որ Արուսեկին եղբայրն է քեզի աղաչողը:

ՎԱՀԷ. Կը մոռնա՞ս, ուրեմն, Վահէի որդին ըլլալդ. Արտաւազդին աղաչողը իւր հօրը ու հայրենեացը մատնիչ է:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. (Զարմայրին թեւէն բռնելով) Եկու, թշուառ պատանի, Արտաւազդին բազուկը պիտի պաշտպանէ զքեզ անգութ հօր մը մոլեգնութեանը դէմ:

ՎԱՀԷ. (Միւս թեւէն բռնելով) Հրապուրե՞լ կ՚ուզես նաեւ իմ որդիս, ա՜յ անզգամ:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Դողա՛ իմ բարկութենէս…

ՎԱՀԷ. Ո՛չ, թող չեմ տար…

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Զօրակա՜նք…

ՎԱՀԷ. (Սուրը Զարմայրին կուրծքին վրայ դնելով) Մէկը չի մօտենայ. եթէ չեմ կրնար ազատել որդիս դաւաճաններու ձեռքէն, որ կ՚ուզեն մատնիչ ընել զինքը իրենց պէս. եւ, անշուշտ, սուր մի պիտի տան ձեռքը` իւր ազգին դէմ դարձնելու համար զայն, լաւ է, որ հիմակուընէ իւր արիւնը թափուի:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Կեցի՛ր, Վահէ, հեռացէ՛ք դուք իրմէ, զօրականք, մի միայն Արուսեկին սէրը բուռն զօրութեամբ կը ստիպէ զիս քիչ մը ատեն սանձել իմ բարկութիւնս, որպէսզի նոր խոցերով չի վիրաւորեմ իւր սիրտը. բայց չէ թէ կ՚աղաչեմ քեզի…

ՎԱՀԷ. Չե՞ս աղաչեր ինծի, այո՛, ծունր դիր քու թագաւորիդ դիմացը, աղաչէ՛ իրեն, աղաչէ՛ Հայաստանին, որ ներեն անհուն ոճիրներուդ ու դժոխաց խաւարին մէջէն զքեզ ի լոյս վերակոչեն. աղաչէ՛ աստուածոց երկնից, որ արդար վրէժխնդրութիւնը զինաթափ ըլլայ ու բանան իրենց գթութեանց աղբիւրները` բիւր եղեռնացդ ապականութիւնքը սրբելու համար:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Խրոխտ թագաւոր, որ գահիդ բեկորներուն մէջէն խիզախելով կը գրգռես աւելի զքեզ պատուհասող ձեռքը, թէ որ կատաղութեանս բոցերը ինչուան հիմա զքեզ մոխիր չի դարձուցին, ա՜հ, Արուսեակն է միմիայն պատճառը. սոսկացի՛ր, չըլլայ թէ մոռնամ վերջապէս իրեն հայրը ըլլալդ։

ՏԵՍԻԼ Ե
ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Մինա՞կ կը դառնայ, Լիւսիմաքոս:

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Ինչպէս որ հրամայեցիր` գունդ մը զօրքով հասայ Սոսեաց անտառը, Աղեքսանդրի անունը հնչեցուցի ու ըսի, որ շուտով յանձնեն ինծի Արուսեակը, ապա թէ ոչ Արտաւազդին բարկութենէն վախնան: Անտառին սակաւաթիւ պահապան զօրքերը առ ոչինչ գրելով իմ սպառնալիքներս` սկսան նետեր ու նիզակներ տեղալ մեր վրայ. ան ատենը յարձակեցանք անոնց դէմ ու սաստիկ պատերազմով վանեցինք զիրենք, ու փախչողներուն ետեւէն մտանք մինչեւ անտառին խորերը. մէյ մըն ալ աղջիկ մը տեսնուեցաւ հեռուէն, որ մազերը ուսերուն վրայ թողուցած, յուսահատ կերպարանօք եւ ցաւագին հեծութեանց ձայներով խռոված ու սարսափած` ասդիս-անդին կը վազեր ցնորեալի մը պէս. իւր ազնուական ու չքնաղ դէմքէն իմացայ, որ ինքն էր, Արուսեակ:

ԶԱՐՄԱՅՐ. Իմ անձկալի քոյրս:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Առաջ տար խօսքդ, Արուսեա՜կ…

ԼԻՒՍԻՄԱՔՈՍ. Հրաման տուի զօրացս, որ վազեն, բռնեն զինքը, բայց յանկարծ անտառէն դուրս փողերու ձայներ լսուեցան ու ձիերու ոտից տրոփիւնքը, սուրեր ու վահաններ շառաչեցին, եւ մոլեգին աղաղակներ երկինք բարձրացան: Ետ դարձուցինք աչուընիս ու տեսանք, որ պաշարուած էինք կըռնկէն, Արդուարդայ ու Վարաժայ զօրքերէն. հարկ եղաւ մեզի անոնց մէջէն սրով ճամփայ մը բանալ, բայց, աւա՜ղ, մեզմէ շատերը ինկան քաջութեամբ այդ արիւնահեղ կռուոյն մէջ։

ԱՐՏԱՒԱԶԴ. Ո՜վ կատաղութեանս, քու վրադ պիտի թափեմ նախ վրէժխնդրութիւնս, ետքը Արմաւիր մոխիր պիտի դառնայ։ Կորսուի՛ անմեղը յանցաւորին հետ, անհետ ըլլայ Արուսեկին յիշատակն ալ: Բարկութիւնը միայն խօսի մահազէն քաջին սիրտը. իմ սիրոյս ձեռքէն յափշտակեցին զքեզ, ո՜, Արուսեակ, անոնց հետ պիտի կտրիս, իյնաս, դուն ալ. թէ որ իմինս չես, ո՛չ ոք եւ ո՛չ իսկ աստուածները պիտի վայելեն զքեզ, մեռի՛ր դուն… ի՞նչ կ՚ըսեմ, ո՜վ դառնութիւն. ա՜հ, չէ, ապրէ՛ թշուառ օրիորդ, ու աս անգութը մինակ հատուցանէ բոլոր վրէժը. զօրակա՛նք, տարէք զինքը բանակին մէջ, վաղը Աղեքսանդրին բերնէն պիտի լսէ իւր յետին վճիռը:

ՏԵՍԻԼ Զ
ՀՈՒՅՆ ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԶՕՐԱԿԱՆ. Իշխանդ քաջ, հայոց զօրաց բազմութիւն մը հոս մեր վրայ կը յարձակի, եւ բանակին մէջ ձայն մը տարածուեցաւ, թէ քաջայաղթ ինքնակալն մեր Աղեքսանդր մեծ բանակով ինքը անձամբ Հայաստան կու գայ:

ՏԵՍԻԼ Է
ԱՐԴՈՒԱՐԴ, ՎԱՐԱԺ, ՀԱՅ ԶՕՐԱՎԱՐՔ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Ահա՛ հոս ենք մենք, տէր արքայ, սատկին թշնամիները:

ՎԱՀԷ. Առ իս, քաջդ իմ, դեռ կորսուած չէ Հայաստան, աննկուն քաջութեամբ ստիպենք բախտը յաղթութեան ճամփայ մը բանալու մեր դիմացը:

ՎԱՐԱԺ. Քեզի հետ ենք, տէր, մինչեւ ցմահ:

ՎԱՀԷ. Եկէ՛ք ինծի հետ, սուրբ է այս պատերազմը, թէեւ մեր կեանքերը հնձէ:

ԱՐԴՈՒԱՐԴ. Զօրակա՛նք մակեդոնացիք, վազեցէ՛ք կրկին անգամ յանդգնութիւնը պատժելու, վազեցէ՛ք դարձեալ փառաց եւ յաղթութեան (Յունաց զօրքեր ներս կը վազեն, հայք անոնց վրայ կը յարձակին):

Ձգի վարագոյրն