Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ե

ՏԵՍԻԼ Ա
ԱՆՅՈՒՇ ԲԵՐԴ
ԱՐՇԱԿ ԻՐ ՔՈՒՆԷՆ ԱՐԹՆՆԱԼՈՎ

Ինչ անուշ տեսիլ էր այն, որ քունիս մէջ երեւցաւ: Ետքի անգամն էր, որ Սիսակը տեսայ, անոր սիրուն երեւոյթը հալածեց ահարկու ուրուականները, որ գլխուս չորս կողմը թռչտելով` երկայն թեւերնին սեւ պատանքի պէս կը տարածէին երեսիս վրայ: Լուսաւոր էր երկինք Սիսակին կեցած տեղը, դէմքը կը փայլէր արիութեան, յուսոյ եւ ցնծութեան նշաններովը, ու քաղցրախօս շրթունքներէն ձայն մը թռաւ ինծի, որ աւա՜ղ, բանտիս չարաշուք պատերուն զարնելով` ինկաւ, մարեցաւ. անշուշտ, աւետեաց երջանիկ ձայն մըն էր այն, ինչու՞ զօրաւոր չի հնչեց ականջս, ինչու՞ այդչափ շուտով արթնցայ… ու՞ր եմ ես… ու՞ր է Սիսակ… ու՞ր են իմ գահս ու թագաւորութիւնս: Ա՛հ, կենդանի թաղուեցայ ես այս խաւարամած բանտին մէջ: Անյուշ բերդն է ասիկա, Արշակին հսկայաձեւ գերեզմանը. ասկեց պիտի նետեմ ինքզինքս յաւիտենականութեան անդնդին մէջ, ու ո՛չ ոք պիտի լայ զիս, ու պիտի խնդան դժոխք: Աս բերդս բաժնած է զիս աշխարհքէն, ինծի համար լուռ եւ անկենդան են տիեզերք, մարդկային ձայն մը ինծի չի հասած` կը կորսուի անապատներու անհուն տարածութեանցը մէջ, որ կը պատմեն իմ բանտս: Սակայն բիւր ոճիրներուս գուժաբեր ձայնն ու ժողովրդոց անիծից ու վայոց սարսափելի աղաղակը դիւրաւ կը թափանցեն այս հաստ պատերը ու յուսահատութեանս մռնչիւններուն հետ խառնուելով` կը գիշատեն զիս, ու փուճ տեղը կը տապլտկին, իբր շղթայակապ վիշապ մը, իմ քարեղէն վանդակիս մէջ: Ո՜հ, ի՞նչ վիհեր բացուած կան եղեր անիրաւ գահին տակը… հա՜յր իմ, Տիրան, գուցէ դու՞ն ես այն անյիշատակ բերդիս կատաղի պահապանը, որ անոր դռանը քով կեցած` կը սպասես ինծի, գուցէ քուկին ձայնդ է ու անիծաբեր բողոքիդ հեղեղին մռնչիւնը, որ ժայռերէն վար կը գլտորի բերդիս մօտ, գուցէ քուկին հառաչանքներդ են գիշերադէմ թռչնոյն չարագուշակ վուվուները, որ անդադար կը լսեմ… ա՜հ, ու՞ր փախչիմ այս զարհուրելի ու մութ երեւոյթներէն: Լոյս մը, մէկ լոյս մը բանտիս խաւարին մէջ, լոյս մը սրտիս մթութիւնը փարատելու… բախտիս պէս սեւ ու անողոքելի է այս բերդս: Ո՛վ գիտէ, դուրսը ի՞նչպէս գեղեցիկ կը փայլի երկինքը. արեւն ու աստեղք մարդկանց հետ դատապարտեցին զիս, ու մէկուն դէմքը չեմ տեսնար: Անյուշ բերդն է ասիկա, բայց պիտի չի կարենայ անյիշատակ ընել Արշակը. Անյուշ բերդն է ասիկա, բայց ասկէ ետքը պիտի հռչակուի ու պիտի յիշեն զայն ամէնքը, վասնզի Արշակին բանտն ու գերեզմանը եղաւ։ Երկինք, երկիր ու դժոխք դատապարտեցին զիս, ամէնէն առաջ Արշակ ինքզինքը դատապարտեց ու ինքը իւր անձին դահիճը պիտի ըլլայ։ Ելի՛ր, ուրեմն, ծոցէս սու՛ր, գործի անիրաւութեան, այսչափ ատեն քեզի օձի պէս սրտիս վրայ կը պահէի, որ մահաբեր ըլլաս կենացս, եւ որոշեալ ժամուն Արշակը ինքզինքէն ազատես: Գոհ եղիք դուք, վրէժխնդիր երկինք, ծափ զարկէք, դժոխք, կշտացի՛ր եւ դուն արիւնովս, հա՛յր: (Ինքզինքը զարնելու ատենը յանկարծ կը մտնէ Ներսէս):

ՏԵՍԻԼ Բ
ԱՐՇԱԿ, ՆԵՐՍԷՍ

ԱՐՇԱԿ. (Սուրը ձեռքէն կ՚իյնայ ու սարսափած) Ո՜հ, ի՛նչ տեսիլ է այս, ես քեզի կու գայի Տիրա՛ն, հայր իմ: Գերեզմանէն ու մահուընէ աւելի սօսկալի ես դուն: Ո՜հ, թէ որ շիրմիս մէջն ալ պիտի չի կարենամ ազատիլ ձեռքէդ, չէ՛, չեմ ուզեր մեռնիլ:

ՆԵՐՍԷՍ. Մտիկ ըրէ ինծի, չե՞ս ճանչնար զիս:

ԱՐՇԱԿ. Մտիկ ընեմ քեզի. միթէ բաւական չեղա՞ւ կեանքիս մէջ ամէն օր, ամէն ժամ ու վայրկեան մտիկ ընել քու ուրուականիդ անէծքները, ես զքեզ չեմ ճանչնար, դուն ես Տիրան, ես եմ Արշակ. զարհուրելի պատմութիւն մը կայ այս երկու անուան մէջ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ինքզինքիդ եկուր, Արշակ, ես եմ…

ԱՐՇԱԿ. Մի՛ մօտենար ինծի, չըլլայ որ վիզս պլլես ադ ձեռքերդ, որ, անշուշտ, գերեզմանի քարէն աւելի ցուրտ են, ու խղդես զիս: Խաւարեցան աչուըներս, երակներուս մէջ պաղեցաւ արիւնս, ա՜հ, գոնէ միանգամ գթա՛ ինծի, հայր, տե՛ս սա ծնկուըներս, որ երբեք երկնից դիմացը չի խոնարհեցան, քու առջեւդ կը խոնարհեցնեմ ու գթութիւ՜ն, գթութիւ՜ն կը պաղատիմ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ին՞չ կ՚ընես Արշակ, ճանչցի՛ր, ես Ներսէսն եմ, Հայաստանին, քու եւ սիրելի որդուոյդ բարեկամը:

ԱՐՇԱԿ. Դուն Սիսակը կը սիրե՞ս, ուրեմն` եկու գիրկս։ Ա՜հ, ներէ՛ յուսահատ եւ խռովեալ մտացս շփոթութեանը. բե՛ր ինձի Սիսակը հոս, ու անապատներու մէջ կանգնուած այս ահագնակերպ բերդս երջանկութեան բնակարան մը դառնայ ինծի: Նայէ՛, գթած ծերունիդ, կորսնցուցի ազատութիւնս, տէրութիւնս, թագս, հայրենիքս ու ամէն յոյսերս. խղճիս տանջանքները մինակ մնացին ինծի, բայց դարձու՛ր ինծի Սիսակը. ուրիշ բարիք չեմ ուզեր քեզմէ, անիկա է իմ թագաւորութիւնս, հայրենիքս, յոյսս ու պաշտպանս ինքզինքիս դէմ: Անիկա է մի միայն անուշահոտ ծաղիկ սրտիս խաւարային փոսին մէջ: Ա՜հ, գուցէ պարսից անողորմ սուրը ինչուան հիմա կերաւ անոր գեղեցիկ կեանքը, գուցէ մեռաւ իւր հօրը անունը տալով ինչուան վերջի շունչը, ու գուցէ իւր մաքուր հոգին էր, որ երեւցաւ ինծի այս գիշեր ու պիտի մօտենար անկողնոյս քով, բայց սարսափեցաւ իմ խղդուած հօրս մեռելատիպ ուրուականէն, որ Արշակին մինակ ընկերն է քունի եւ արթնութեան մէջ, ու թռաւ, աներեւոյթ եղաւ: Թէ որ կ՚ուզես ազատել զիս գերեզմանէն, հանէ՛ նախ անկէ իմ որդիս, դարձու՛ր ինծի Սիսակը:

ՆԵՐՍԷՍ. Բայց նախ` դարձի՛ր դուն առ աստուած:

ԱՐՇԱԿ. Ես աստուծո՞յ դառնամ: Աւրէ՛, եթէ կրնաս, նախ` աստուծոյ ճակտիս վրայ դրոշմած անիծից բոցեղէն գրերը, պատռէ՛ դատապարտութեանս սեւ մուրհակը, որ երկրիս ու երկնից մէջ կանգնուած` բարձրացած կեցեր է, դադրեցու՛ր Հայաստանին մշտամռունչ հեծութեանց եւ հառաչանաց ձայները, որ հոգեւարք գլուխը գերեզմանէն վեր վերցուցած կը պահանջէ ինձմէ իւր կորուսեալ ազատութիւնը, կործանեալ գահը, հիմնայատակ քաղաքներն ու արեան հեղեղներու մէջ խղդուած քաջազուն որդուոց բազմութիւնը: Ես աստուծո՞յ դառնամ, երկունքներուս մէջը լայն, մթապատ ու ահագին վիհ մը կայ, որ իմ ոճիրներս մինակ կրցեր են լեցնել. անկեց անդին չեն կրնար անցնիլ ո՛չ աստուծոյ գթութիւնք եւ ո՛չ յուսոյ ճառագայթները: Ես երկնքին գիրկը՞ նետուիմ. Արշակն եմ ես, գիտե՞ս դու։ Թո՜ղ լսէ աշխարհք սարսափելի խոստովանութիւնս, որ յաւիտենականութեան ափունքին մօտեցած, դատապարտեալ գլուխս բերդին պատերուն զարնելով` կը տարածեմ ամէնուն դիմաց: Ե՛ս եմ, Արշակ, որ ոտքին տակ առի արդարութիւն, իրաւունք, ազգ ու խիղճ, ու փոխարէն` այս կորստեան ու անյուսութեան վիհը ընդունեցայ: Ե՛ս եմ, Արշակ թագաւոր, սուրն էր իմ արքունի գաւազանս, սաղաւարտն Էր իմ թագս, ու ամէն մէկ խօսքերս` մահուան վճիռներ: Ինձմով անորդի մնացին մայրերը, ու անազատ դաշտերն ու քաղաքները, լսէ՛ Հայաստան ու սարսափէ. լսէ՛ դուն ալ, հայոց ժողովուրդ. ո՛վ որ ինծի պէս իւր ազգին վնասովը կ՚ուզէ բարձրանալ, ո՛վ որ ինծի պէս ատելութիւնն ու նախանձը ձեռքը գործիք առած` ընտանի կռիւ, թշնամութիւն ու քայքայումն կը պատճառէ իւր հայրենեաց մէջ ու օտարներուն ձեռքը կը մատնէ իւր ազգը, իրեն բաժին ու ժառանգութիւն կը թողում ճակտիս վրայի անէծքը, ինքնադատ խիղճս ու անդարմանելի կորուստ, ուր գահավէժ կը կործանիմ ես:

ՆԵՐՍԷՍ. Մէկ խօսք մը միայն, Արշա՛կ, բաւական է բռնել զքեզ անդընդին եզերքը, ուր յուսահատութիւնը անհակառակելի բուռն զօրութեամբ կը մղէ զքեզ. ո՜հ, հանէ՛ այդ խօսքը բերնէդ, ու ինքիրեննուն իյնան բերդիդ լայն պատերը, քակուին, կոտրին շղթայներդ, դառնան քեզի ազատութիւնն ու գահը, ու մխիթարուի Հայաստան:

ԱՐՇԱԿ. Հայաստան ինծի պէս անյոյս եւ անկանգնելի է:

ՆԵՐՍԷՍ. Ինչու՞:

ԱՐՇԱԿ. Ես զարկի զինքը, ու երբ Արշակ կը զարնէ, մահացու են իւր հարուածները:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜վ տէր, դուն պատասխանէ իմ բերնովս այս յանդուգն մահացուին, որ իւր յուսահատութեան խաւարին մէջ կ՚ուզէ խղդել Հայաստանն ալ: Նինուէ, Բաբելոն, Կարկեդոն եւ Տիւրոս ժամանակին ոտքին տակը փռուած կեցեր են, իսկ Հայաստան ու՞ր է եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ, տէ՛ր:

ԱՐՇԱԿ. Արշակ գերեզմանական ահագին քար մը թաւալեցուց Հայաստանին վրայ, որ պիտի չի շարժի յաւիտեան:

ՆԵՐՍԷՍ. Հայաստան բարձր ու կանգուն կեցած է իւր հսկայակերպ Մասիսին գագաթան պէս ապառաժներով ու սառոյցներով պատած դրսէն, բայց ներսիդին կենդանութեան բոցեր կը վառին ու ահեղ որոտմունքներ կ՚արձկէ սրտին բորբոքեալ հնոցէն: Ո՜վ աստուած, երկնային ճառագայթ մը փայլեցուր նուազեալ աչուըներուս վրայ, որ փնտրեմ, գտնամ մայրենի երկրիս կորուսեալ երանութիւնը: Ու՜ր կ՚երթայ, ո՛վ տէր, Հայաստանին նաւակոծեալ յոյսը, ժայռէ ժայռ զարնուելով` անդնդոց մէջ ընկըղմելու մօտ է, բայց քու աչուըներդ լուսավառ աստղերու պէս կը շողան անոր վրայ, դուն ձեռքէ պիտի չի թողուս այն երկիրը, որ այնչափ անգամ սքանչելեացդ հանդիսարան եղաւ, մի՛ դարձնէր գթութիւնդ անոր թագաւորէն ալ…:

ԱՐՇԱԿ. Արշակին անունը մի՛ տար, թէ որ չես ուզեր, որ աւելի թշուառ ըլլայ Հայաստան:

ՆԵՐՍԷՍ. Բաբէ՜, հոգուոյս դիմացը կը բացուի ապագային լայնատարած վարագոյրը, որ աչուըներս արծուոյ պէս կը թռչին, կը թափանցեն անոր մթին գաղտնիքներուն մէջ: Երկու անգամ Հայաստանի ճակատէն փոշուոյ մէջ կը թաւալի թագը, կը տեսնամ զինքը` գերեզմաններու, աւերակաց ու մոխրոյ մէջ նստած է խոց վիրաւոր: Ըսէ՛ ինծի, ո՜վ իմ հայրենի երկիրս, ո՞ր վէրքերդ են աւելի շատ, թշնամիներէ՞դ, չէ թէ նոյնիսկ քու որդուոցդ ձեռքէն ընդունածներդ: Ա՜հ, չար նախանձն ու ատելութիւնը կատաղի թշնամեաց սուրերէն աւելի քեզի դէմ գազանացեր, սիրտդ կը պատռեն, ո՜հ, ինչպէ՜ս թոռմած ու դալկահար է քու գեղեցիկ դէմքդ, հայրենիք իմ: Աղեկէզ ողբոցդ արձագանքը կը հնչեն հեռաւոր դարեր, ու ամէնէն ցաւագին գանգատներդ քու ժողովրդիդ, քու իշխաններուդ եւ քու քահանայիցդ դէմ կ՚արձակես: Հրաշալի դիւցազուններ աննման քաջութեամբ կը մէնամարտին ընտանի եւ օտար հարուածներու դէմ, բայց չեն կրնար արգիլել հայրենի սիւներուն կործանումը: Դուն, ամենակալդ աստուած, դուն պիտի դարմանես ու բժշկես Հայաստանը. ատ սէրը, որ երկնքիդ մէջ ամէնէն մեծ երջանկութիւնն է, եւ առանց որոյ տիեզերք, կոտրած քնարի նման, ո՛չ կարգ, ո՛չ դաշնակցութիւն ունի, իջնա՛յ վերջապէս Հայոց սրտին մէջն ալ, ճզմէ՛ ազգին երակներուն մէջ դարանեալ բազմադարեան օձաձեւ նախանձուն գլուխը, մոռնա՛յ Հայաստան հին ցաւերը, ի ամէն որդիքը հաւասարապէս գգուելով իւր մայրենի ծոցը: Վարդեր բուսնին ու ծածկեն այնչափ բազմաթիւ գերեզմաններուն հողը, սրբուին արեան նշանները, որ հեղեղի պէս վազեց հոն, ու երջանկութիւն յաջորդէ թշուառութեան: Եւ դուն, Արշակ, որդեակ իմ, եւ թագաւոր, դուն, որ ինքզինքդ Հայաստանին կը բաղդատէիր, տե՛ս, անիկա կորսուած չէ, մի՛ կորսընցնէր ինքզինքդ խղճիդ անդունդներուն մէջ, անիկա պիտի ապրի, ապրէ դուն ալ. անոր յոյսը մեռած չէ, բա՛ց քու սիրտդ ալ` յուսոյ ճառագայթներուն, վերցո՛ւր ձեռուըներդ ինծի հետ դէպի երկինք:

ԱՐՇԱԿ. Ես ձեռուըներս դէպի երկի՜նք վերցնեմ, այս ձեռքերը, որ մինակ մահեր ու չարիք թափելու համար վերցուցեր եմ միշտ:

ՆԵՐՍԷՍ. Արշա՛կ, խնայէ՛ ալեւոր հասակիս, խնայէ ինքզինքիդ. ինչուան հիմա քեզի եւ Հայաստանին համար ապրեցայ, ձեզի համար ալ պիտի մեռնիմ: Գերեզմանի մօտ են ոտուըներս, մահուան հրաւէրը` իրկնային հրաւեր է ինծի համար ու գերեզմանը` երկնից դուռ, բայց…

ԱՐՇԱԿ. Դժոխքին դուռն է ինծի համար գերեզմանը:

ՆԵՐՍԷՍ. Կը տեսնամ յոյսը, խաղաղութիւնը, որ պսակ կը կազմեն ձեռք ձեռքի տուած:

ԱՐՇԱԿ. Հուր, ծծումբ, օձեր, կորուստ, ապականութիւն ու մահ կը տեսնամ ես:

ՆԵՐՍԷՍ. Կ՚երդուընցնեմ զքեզ սիրելի որդուոյդ` Սիսակին վրայ:

ԱՐՇԱԿ. Սիսա՜կ, ո՜հ, ի՞նչ անուն ելաւ բերնէդ:

ՆԵՐՍԷՍ. Դարձի՛ր դուն աստուծոյ, ու դառնայ քեզի Սիսակ:

ԱՐՇԱԿ. Ա՛հ, ատ անունը կը գիշատէ աղիքներս, սիրտս կը տոչորի, ու կրից փոթորիկը կը յափշտակէ զիս։ Ու՞ր է Սիսակ, կը խաբես ու ծաղր կ՚ընես զիս. Սիսակը մեռած է, գնաց, բաժնուեցաւ ինձմէ յաւիտեան ու մինակ թողուց զիս ինքզինքիս ձեռքը: Ո՜հ, եթէ իրաւ մէյ մը տեսնելու ըլլամ զինքը, եթէ միանգամ գրկեմ զինքը այս թեւերուս մէջ ու իւր սիրտը բաբախէ իմ սրտիս վրայ, ան ատենը գուցէ դառնամ… բայց ի՞նչ կ՚ըսեմ:

ՆԵՐՍԷՍ. Գուցէ դառնաս աստուծոյ, հանէ՛ այդ խօսքը բերնէդ ու Սիսակը թերեւս հոս է: (Ներսէն աղաղակ կը լսուի):

ԱՐՇԱԿ. Պարսիկներն են. անէ՛ծք իմ բախտիս… բայց դաշոյնը իմ քովս է դեռ, մեռնի՛մ Արշակայ արժանի մահուամբ: (Կը զարնէ ինքզինքը):

ՆԵՐՍԷՍ. Կեցի՛ր, ի՞նչ կ՚ընես. ա՜յ անօրէն հարուած:

ԱՐՇԱԿ. Լմնցաւ ամէն բան:

ՏԵՍԻԼ Դ
ԱՐՇԱԿ, ՆԵՍԵՍ, ՍԻՍԱԿ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ (ՋԱՀԵՐՈՎ)

ՍԻՍԱԿ. Կեցցէ՛ Հայաստան, յաղթութիւնը մերն է, հալածեցինք պարսիկները. գրկեմ զքեզ հայր իմ, որդուոյդ ձեռքով ընդունէ՛ ազատութիւնդ, բայց ի՞նչ վիճակի մէջ կը տեսնամ զքեզ:

ԱՐՇԱԿ. Դուն դեռ կենդանի՞ ես ուրեմն, եկու՛, գրկէ հօրդ դիակը. անողորմ ճակատագիր, անիծեա՜լ հարուած, եթէ վայրկեան մըն ալ ուշանար, որդիս ու գահս պիտի ստանայի դարձեալ:

ՍԻՍԱԿ. Ո՞վ զարկաւ զքեզ, հա՛յր. արիւնս թափեցի ես կենացդ համար, ու քու արիւնդ գետի պէս կը վազէ. աւա՜ղ:

ԱՐՇԱԿ. Անգութ վրէժխնդրութիւն երկնից, կշտացի՛ր իմ արիւնովս, որդեակ, քու անուշ տեսութիւնդ չի կրնար փարատել գերեզմանին մթութիւնը, որ կը պատէ աչուըներս, հիմա անտանելի է ինծի մահը, վասնզի կը բաժնուիմ քեզմէ… կեանքիս սեւ յիշատակները… մէյ մէկ սոսկալի դիմակ առած` աչքիս առջեւէն կ՚անցնին ամէնն ալ…

ՍԻՍԱԿ. Ա՜հ, ինչու՞ չինկայ, չի մեռայ ես պատերազմի դաշտին մէջ հոս հասնելէն առաջ:

ԱՐՇԱԿ. Մինակ ես պէտք է մեռնիմ, մինակ իմ վրաս գոցուի գերեզմանին վիհը, հոն կը սպասեն ինծի Տիրան` իմ հայրս, եւ արիւնոտ, դալկահար ստուերներ: Արշակ իւր վերջի շունչը… կ՚արձակէ… թո՛ղ շունչ… Հայաստան ու աշխարհք: (Կը մեռնի):

ՍԻՍԱԿ. Հա՛յր, քեզի հետ կը մեռնի որդուոցդ յոյսն ու ուրախութիւնը: Յոյսը, որ պիտի չի ծագէ Սիսակին արցունքներով թրջած գերեզմանիդ վրայ: Ա՛հ, սեւ նոճիով պսակուեցաւ իմ յաղթութիւնս:

ՆԵՐՍԷՍ. Տէ՛ր, Արշակին վրայ գոհ ըլլայ արդարութիւնդ. քեզմով մխիթարուի ու զօրանայ նոր Հայաստանը ու Հայկեան երիտասարդութիւնը (Ձեռքը Սիսակին գլուխը դնելով):

Վերջ