Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անհանգիստ գիշեր մ՚էր այդ գիշերը Գրիգորի համար, ոչ գետնախշտի լինելուն այլ իւր խղճմտանքին ձայնը չէր թող տար քուն լինիլ: Ելաւ անշշունջ գնաց շատրուանին քով նստաւ, Դամասկոսի վճիտ եւ աստղազարդ երկնից աչքերը բարձրացուցած կը մտածէր իւր բախտին վրայ. կը յիշէր հայրենի պալատը` մանաւանդ իւր սքանչելի մայրը` որ չէր գիտէր ազատէ՞ր էր` կամ կատաղի բոցերու ճարա՞կ եղեր էր: Կը յիշէր եւ Ռշտունեաց Ոստանը եւ հոնտեղի իր ութնօրեայ սիրալիր կենակցութիւնը Օրիորդին հետ եւ վերջին գիշերը, ուր յայտնէր էին միմեանց իրենց արտին սէրը: Կուզեր աստուծոյ բարձրացնել իւր աչքերը` ի վեր քան զայդ երկնից գեղեցիկ կամարը, բայց խղճմտանքը իբր վարագոյր համարձակութիւն չէր տար իւր մաղթանաց այդ դատաւորին դիմելու, որու աչքերն ամէն յանցանք ամէն ոճիր կը տեսնեն:

Կը մտածէր թէ այս ուրացութեամբ, որ աղօթել չէր համարձակէր աստուծոյ, որ ամէն գաղտնիք գիտէր, ինչպէ՞ս պիտի երեւար մարդկանց, ի՛նչ պիտի զրուցէր իր առաքինի մօրը, եթէ ողջ էր, իսկ եթէ մեռած էր ի՜նչ աչքով կը նայէր երկնքեն իւր ուրացեալ զաւկին վրայ. նոյն Ռշտունեաց Օրիորդն ինչպէ՞ս պիտի ընդունէր ուրացողը, եւ փոխանակ սիրոյ, ի՞նչ արհամարհանք` ի՜նչ զզուանք պիտի զգար իւր վրայ: «Ո՜հ իմ սիրելի շղթայներս, կ'ըսէր, խեղճ երխոասարդը, դուք հազար անգամ սիրելի էիք ինձ, վասնզի ոտիցս վրայ կը զգայի բեռ եւ սրտիս վրայ ծանրութիւն չի կար. հիմա շունչ քաշել նաեւ ծանր է ինձի: Մայրս` եթէ ողջ է` իբր անառակ որդի ընդունի զիս, բայց Թենի` ո՜հ, Թենի ի՞նչ նայուածք պիտի ձգէ վրաս, արդէն այս երկար գերութեամբս թերեւս զիս մոռցած գրեթէ` հիմա ուրացութեամբ նաեւ աղտեղեալ ի՞նչ տեսակ անարգ ու զզուելի էակ պիտի երեւամ իրեն: Ես որ երբեմն կ'երազէի, քունխս մէջ կը տեսնէի իւր գեղեցիկ աչքերը, իւր կարապի պարանոցը. այլեւս չի կայ ինձ համար այդ մխիթարութիւնը: «Ուրացողը՛, ուրացողը՛», պիտի ըսեն ետեւես, եւ մեր ծառաներն անգամ: Հապա Ատուեն ի՜նչ պիտի զրուցէ. խեղճ մարդը, որ այնչափ զիս կը սիրէր, որուն վրայ մայրս այնչափ վստահութիւն ունէր, եւ ամէն անգամ աչքեն հեռանալուս զիս իրեն աւելի կը յանձնէր քան թէ իւր եղբօր Սուրէնին, եւ որ զիս ագատելու համար կրակի մէջ իր անձը կը նետեր… ցաւոց առարկայ` զզուելի էակ ամէն աչաց պիտի երեւամ, եւ այսպիսի կեանք վարելու համար պիտի ապրեմ աշխարհքիս վրայ»:

Այս խորհրդածութեանց մէջն էր Գրիգոր, երբ դիմացի կանանոցի դուռը կամաց եւ զգուշութեամբ ճռնչեց եւ նեղ մը բացուեցաւ: Հայ երիտասարդը մտածեց շուտով ետ քաջուիլ, վասնզի գիշերով կանանոցի դռան մը բացվփլը եւ նոյն միջոցին երիտասարդի մը հոն ներկա գտնուիլը նաեւ յանցանք կրնար համարուել. բայց շարժմունքը ուշադրութիւն արթնցնել էր, եւ աւելի խոհեմութիւն սեպելով` անտեսանելի մնալու համար անշարժ կենալը վերադասեց. կիսաբաց դռնեն տեսաւ, որ ելաւ ճերմակներ հագած փոքրիկ աղջիկ մը հազիւ տասնմէկ-տասներկու տարեկան. մէկեն ճանչեց Շէյխին աղջիկը` Էսմա: Կը յուսար, որ զինք առանց տեսնելու կ'անցնի, բայց նա սուր աչքերով ամէն կողմ զննելով եւ ուշ դնելով առաջ կ'ուգար, երբ շատրուանին մօտեցաւ, կանգ առաւ, լաւ մը դիտեց եւ այդ մթութեան սովոր վայրենի աչերը նշմարեցին թէ ով էր արձանը, որ ծառի մը կռթնած նստեր էր. շտկուեցաւ դէպի նա. Գրիգոր խոհեմութիւն սեպեց քուն ձեւանալ, իսկ նա եկաւ վայրկեան մը իւր աչքերն ուղղեալ Գրիգորի, ծռեցաւ եւ սկսաւ այնպէս մօտեն աչքերուն նայիլ, որ իւր շունչը երիտասարդին չափազանց մօտենալով պարտաւորեցաւ գլուխը քաշել եւ աչքերը բոլորովին բանալ:

Դուն արթուն ես եւ քո՞ւն կը ձեւանայիր, ըսաւ աղջիկը կամաց ձայնով:

Լուացուելու եկեր էի, վայրկեան մը նստայ, քունս տարեր է, երթամ տեղս պառկիմ, պատասխանեց Գրիգոր եւ ուզեց ելնել:

Մի՛, նստէ՛, խօսինք, ես քեզի համար եկայ, եւ այս ըսելով ձեռքն ուսին վրայ դրաւ:

Ինչպէ՞ս, ինձի՞ համար, գնա տեղդ, դու տիրուհի մ՚ես, իսկ ես խեղճ գերի մը. քեզի չի վայլէր կանանոցեն դուրս ելնել այս ժամանակ:

Բայց դու էլ դերի չես, ազատ ես, հայրս այնպէս ըսաւ մօրս, ուրիշ բան մ՚էլ ըսաւ…

Ես հետաքրքիր չեմ իմանալու. թո՛ղ. տիրուհի, երթամ. եւ կը շակուէր ելնելու:

Իսկ աղջիկը փոխանակ ետ քաշուելու երիտասարդին լուրջ խօսքերեն, ցատկեց եւ ծանկերուն վրայ նստաւ, աջը վզին վրայ ձգելով: Այս լրբութեան վրայ զայրոյթ մէկ կողմեն` երկիւղ միւսեն, վերջին այլայլութեան հասուցին զգրիգոր, ձայն հանել` խիստ խօսիլ կը վախեր, վասնզի եթէ մէկը վրայ հասնէր եւ այն դիրքին մէջ զինք տեսնէր` իր վիճակը շատ վտանգաւոր կը լինէր, ուստի քաղցրութեամբ խօսիլն ընտրելով.

Դու այսպիսի մեծ Շէյխի մը աղջիկ ես, քեզ կը վայելէ՞ այսպէս վարուիլ քու ծառայներուդ հետ. խնդրեմ ելիր գնա տեղդ, որ ես էլ երթամ, ըսաւ եւ ձայնը կը դողար կ'իրքեն:

Իսկ աղջիկը, որ արդէն իւր տարիքեն մեծ էր, ոչ մարմնով այլ ժամանակեն առաջ արթնութեամբ, որ տաք կլիմայի զաւկներուն բնական է, եւ ուր բարոյական դաստիարակութեան գաղափար անգամ չի կայ, ծիծաղելով պատասխանեց.

Ի՞նչ բանէ կը վախես, ինչո՞ւ սիրտդ կը բաբախէ, հոգ մի ընէր, հայրս քեզ ինձ հետ ամուսնացնելու դիտաւորութիւն ունի. այնպէս կ'ըսէր մօրս, մեր օրէնքն է, որ երբ անհաւատ մը ճշմարիտ կրօնը, կ'ընդունի, պէտք է հաւատաց եալի հետ ամուսնանայ. դու լաւ գեղեցիկ երիտասարդ ես, ես քեզի կը հաւնիմ:

Բայց տիրուհի, խնդրեմ, զիս թող, որ երթամ, հիմա այսպիսի բանեբու վրայ խօսելու ժամանակ չէ, կէս-գիշերը մօտ է…

Այդ վնաս չունի. ես քուն չունիմ:

Գրիգորի ճակտեն քրտինքը ջուրի պէս կը վազեր, եւ այդ աղջիկը իր ծնկվներուն վրայ` ձեռքը ուսին վրայ այնպիսի սոսկում իրեն կ'ազդէր իբր թէ վագրի մը ձագ գիրկը նստեր եւ ճիրանները ծոծրակին մէջ մխած լինէր, եւ որ մեծն էր` բռնութեամբ մէկդի նետել կը վախեր, ուստի յանկարծ ուշադրութիւն մը ձեւացնելով`

Էսմա, ոտքի ձայն է, մարդ կ'ուգայ, ըսաւ այլայլած, եւ աղջիկը կապկի մը պէս սատկեց ելաւ ուշ գնելու, եւ Գրիգոր առանց րոպէ մը կորսնցնելու արագութեամբ սկսաւ հեռանալ, եւ կը լսէր աղջկան մռնչելը, որ ետեւեն`

Անհաւատի որդի, զիս կը խաբե՞ս, հէ՜, կ'ըսէր: Բայց փոխարէն կը հատուցանեմ քեզ, կը տեսնես…

Իսկ Գրիգոր գոհ այս փոքրիկ ճիւաղին ձեռքեն անվտանգ ազատելուն, առանց ետին նայելու գնաց երկնցաւ իւր խոտի բարդին վրայ. եւ բաղդատութիւն կ'ընէր մտքին մէջ այդ Շէյխին սատանայական աղջկան եւ Ռշտունեաց չքնաղագեղ Օրիորդին հետ մինչեւ քունն աչքերուն իջաւ եւ հանդարտեցուց յուզեալ սիրտը:

Երեք օր անցաւ այս դիպուածին վրայ, Գազրիկ տխրութեամբ կը տեսնէր, որ հայ իշխանաց շղթայները հանուած էին, չէր համարձակէր խօսելու պարզ եւ բարի շինականը, կ'իմանար, կը լսէր ամէն բան, ուրացեալ եւ մահմեդական ծառաներէ, որ կը պատմէին իրեն պանծանոք եւ կը յորդորէին, որ ինքն եւս թողու իւր սուտ կրօնքը եւ ընգունի ճշմարիտը: Իսկ նա աքն հրաւէրներուն լռութեամբ միայն կը պատասխանէր եւ Գրիգորի ծանր տխրութիւնը իւր տգիտութեան մխիթարութիւն կը համարէր: Անշուշտ, կ'ըսէր ինքնիրեն, խեղճ իշխանազունը այս վփճակին չի դիմանալուն յանձն կառնու ուրացութիւնը, այս անիծած կեանքին ինձ պէս շինական մը հազիւ կրնայ դիմանալ. իսկ սա` փափկասուն տղայ` հալեցաւ ոսկոր ու կաշի մնաց, սա, որ վարդապետի պէս ամէն ճշմարտութիւն կը ճանչեր` այդ տխրութեամբ կը վկայէ, որ ճշմարիտ զուտ կրօնքը մեր հայրենականն է. ինչ ողորմուկ աչօք կը նայի այդ կրօնուսոյց մօլլային, որ կ'ուգայ առասպելներ խօսելու. բայց այդ Կամսարական իշխանը… բան մը կը մտածէ. ինչ է իր մտածութիւնը. երեսեն բան մը իմանալ կարելի չէ. երբեմն յանկարծ` կեցած տեղը կը ժպտի` այնպէս ժպիտ մը, որ կարծես թէ բոց կելնէ աչքերեն: Տեսնենք վերջը թէ ողջ մնացինք»:

Նոյն գիշերը Սուրէնի անթափանց կերպարանքը այլայլութիւն մ՚ունէր, կը մտնէր, կեւներ, կը նստեր եւ չէր կրնար նստել, կը շրջագայէր դուրս կ'երթար մեծ պարտէզը պատէըուն տակ, ախոռներուն այցելութիւն կ'ընէր, ուր ձիեր եւ ուրիշ կենդանիք եւ երկու անասնապահք միայն կային, եւ մէկ կողմ փլփլկած ախոռ մը կար, ուր ինք բոլոր տարին ինչ խռիւ որ բերած էր քամին` ժողուած էր, հոն կ'երթար եւ կ'ուգար. Գրիգոր պառկած տեղեն կը դիտէր այդ իւր ել եւ մուտքը եւ իր քունն թէպէտ փախած` բայց չուզելով իւր տխուր սիրտը յայտնել, քուն ձեւացաւ: Գիշերն արդէն յառաջացեր էր, ամէնքը քնած էին, եւ Սուրէն մօտենալով եւ զգրիգոր զննելեն յետոյ` վառեց իւր ճրագը եւ ամէն զգուշութեամբ ելաւ դուրս. շտկուեցաւ դիմացի սենեակը, որ նոյն դիրքն ունէր դռան քով, եւ, որուն խորը Սուրէն այն մեծ քարն ցցուցեր էր իրեն: Կը լսէր Գրիգոր կամաց ձայնով խօսակցութիւն մը, կ'երեւակայէր թէ Գազրիկի հետ կը խոսէր. բայց դարձեալ չի շարժեցաւ տեղաց, եւ ամէն ձայն անհետացաւ: Վերջապէս երբ ժամեն աւելի անցաւ, հետաքրքրութիւնը. զօրացաւ, ելաւ կամաց մը եւ տեսաւ թէ ոչ ոք չի կար. երկուքն էլ անհետ եղած էին:

Ոտքի վյւայ այդ բաց դռան առջեւ, զօր չէին գոցեր անապատի զաւկները, տեսաւ, որ կանանոցի դուռը բացուեցաւ եւ Էսմա դուրս ելաւ նոյն զգուշութեամբ. սկսաւ շատրուանին չորս կողմը պտըտիլ, իսկ Գրիգորի սիրտն սկսաւ բաբախել, երբ կը տածէր թէ այդ յանդուգն աղջիկը կրնայ մինչեւ իւր սենեակը գալ եւ յանկարծ Սուրէնի գաղտնիքը, որ ինք նաեւ կատարեալ չէր գիտէր, այլ կ'երեւակայէր` հա եանի լինի. եւ շփոթած երբ կը խորհեր թէ ինչ ընէ` ահա տեսաւ, որ աղջիկը շտկուեցաւ դէպ ուղիղ իր կողմը. պէտք էր հեռացնել զինք այդ տեղեն, վասնզի թէպէտ մթութիւնն արգելք մ՚էր, բայց գիտէր արաբացի աչք խաւարին մէջ լաւ կը տեսնեն: Եւ իրօք տեսաւ զինք Էսմա ու մօտեցաւ:

Անհաւատի որդի՛, անցեալ գիշեր զիս խաբեցիր, ոտքի ձայն է ըսիր եւ փախար միտքդ դրիր թէ իմ ձեռքես ազատեցա՞ր, կ'ըսէր խստութեամբ նորահաս աղջիկը Գրիգորի ձեռքեն բռնելով:

Բայց դու, տիրուհի, կը պատասխանէր Գրիգոր ամենայն քաղցրութեամբ, գիտե՞ս թէ ի՞նչ մեծ անխոհեմութիւն կ'ընես այսպէս գիշերով գալովդ, գիտե՞ս, որ հայրդ եթէ յանկարծ իմանայ բոլոր իւր բարկութիւնն իմ վրաս կը թափէ, եւ դու անշուշտ չես ուզէր իմ պատժվփլս:

Այո, չեմ ուզէր, բայց երբ դու զիս չես խաբէր. իսկ եթէ խաբես` գրկեդ նետելու համար սուտ կը զրուցես, այնպիսի զրպարտութիւններ կ'ընեմ եւ այնպէս պատժել կ'ուտամ, որ կը զղջաս:

Գրիգորի ծանր էր այս ողորմելի աղջկան գոռոզութիւնը, բայց ստրուկի վիճակը կը պարտաւորէր այդ բաներուն տանիլ, եւ ինք չորս տարուան միջոցին սովորած էր այնպիսի նախատանաց համբերել. դեռ քանի մը օր առաջ` այդ փոքրիկ կատաղին Գազրիկի աչքերուն ափ մը աւազ նետելով` զուարճացեր էր խեղճ մարդուն մարմրուքով. դեռ աւելի փոքր` մէկ-երկու տարի առաջ խարազան մը իւր տկար ձեռաց մէջ զուարճութիւն էր իրեն աջ ու ձախ գերիներուն զարնել. եւ այդ քաջութիւնք աւելի կը գրգռէին շողոքորթ եւ բարբարոս սպասաւորք. Հիմա որ հասած աղջիկ էր` բարեբախտաբար այնչափ շատ ընտանութիւն չունէր մարդկանց բնակարանին հետ, բայց չարութեան ոգին նոյն էր միշտ:

Իսկ այս միջոցիս Գրիգորի սիրտը կը դողար, որ երբ Սուրէն իրմէ գաղտուկ գործի զբաղած էր` յանկարծ այդ անզզամին յայտնի կրնար լինիլ, ուստի կը ջանար քաղցրութեամբ զինք իւր տեղը ղրկել, մանաւանդ որ շատ կարելի էր կանանոցին մէջ աղախին մը արթննալով եւ դուռը բաց տեսնելով աղաղակ բարձրացնէր ու բոլոր պալատը ոտք հանէր. այս վփճակին մէջ էր, երբ փոքրիկ լոյս մը տեսաւ այն սենեակը, ուր գետնափոր ճամփուն մուտքը կար. վախելով, որ աղջիկը նաեւ տեսնէ, իւր պառկելու սենեակն սկսաւ քաշուիլ. իսկ սա առանց Գրիգորի ձեռքը թողելու հետը ներս մտաւ: Գրիգոր շփոթած էր բոլորովին` իսկ աղջիկն անխռով.

Ո՞ւր է քո ընկերդ, հարցուց:

Չգիտեմ… անշուշտ քնած է, եւ ամօթ է մեր երկուքին համար հոս միատեղ գտնվփլ:

Իրաւ՜ որ դուք անհաւատքդ երկչոտ ժողովուրդ էք, ամէն բանէ կը վախէք, երբ մենք հաւատացեալքս քաջասիրտ ենք. դու հորմես կը վախես, ինձմէ կը վախես, ծառայներէն կը վախես, հիմա էլ ելեր քու ընկերեդ կը վախես: Նստէ՛ այս խոտին վրայ:

Բայց Գրիգոր նոյն միջոցին աչք եւ ականջ էր. դիմացի սենեակը տեսաւ, որ լոյսն անհետ էր եղեր, եւ շշունջ կը լսէր դուրսը, ուստի վախը մէկդի թողուց եւ քիչ մը հանգստացաւ.

Չե՛ս լսէր, նստէ՛ կ'ըսեմ քեզ, Կրկնեց աղջիկը հրամայելով եւ թեւէն քաշելով, որ նստի:

Դու խօսք չես հասկնաք, ըսաւ ձայնը քիչ մը բարձրացնելով եւ եղանակը փոխելով, ես քեզ այնչափ քաղցրութեամբ աղաչեցի, որ երթաս տեղդ հանգչիս եւ դու մտիկ չըրիր, ամօթ է ըսի, չի հասկցար, տէ՛, թո՛ղ ձեռքս: Գնա՛ տեղդ:

Ի՜նչ, ինձի դո՞ւ պիտի հրամայես, անհաւատի որդի՛, գիտես, որ հիմա որ ձայնս ձգեմ բոլոր տունը ոտք կը հանեմ, եւ երբ ամէնքը հոս ժողուեմ եւ ըսեմ դու զիս յորդորեցիր, որ գիշերով գամ` քու վիճակդ ի՜նչ կը վինի… Նստէ՛ կըսեմ… թէ ոչ հիմա ձայնս կը բարձրացնեմ…

Արդէն ձայնը բարձրացուցեր էր բաւական եւ Գրիգոր շփոթած այս փոքրիկ ճիւաղին սպառնալեաց առջեւ` կը մտածէր գլխուն այնպիսի կռուփի հարուած մը տալ, որ գետինն անցնէր, բայց միւս կողմէ երբ խոհեմութեամբ հանդարտեցնելը աւելի լաւ կը համարէր մտքին մէջ, յանկարծ տեսաւ ձեռք մը որ փայլակի պէս անցաւ` աղջկանը վիզէն բռնեց եւ յափշտակեց` խխալու ձայն մը լսուեցաւ եւ Սուրէնի ձեռքերուն մէջ աղջկան կոկորդը տրորուած խեղդուած` անշունչ դիակ մը գետինն ինկաւ, եւ Սուրէնի մռմռոցը լսուեցաւ.

Օձի ծնունդ, գնա՛ քու հօրդ սատանային գիրկը:

Ի՜նչ ըրիր, մեռաւ՜ աղջիկը, ըսաւ Գրիգոր եւ ծռեցաւ տեսնեղու խեղճին վիճակը:

Իսկ Սուրէն`

Երկայն խօսակցութեան եւ ողբերու ժամանակ չէ, քալէ՛, եկ ինձ հետ, զրուցեց հրամայական ձայնիւ:

Եւ երբ դիմացի սենեակը մտան` ծածկուած ճրագի աղօտ լուսով մաքուր պարեգօտ մը, վերարկու մը եւ փաթթոց մը ցցուց.

Ասոնք յագուէ՛ եւ աս զէնքերն էլ որն որ քեզի յարմար գա ա՛ռ, ըսաւ: Շո՛ւտ ըրէ, ժամանակ չի կայ կորսնցնելու:

Եւ ինք նոյն միջոցին` Գազրիկ տեսաւ, որ ահագին խռիւներու դէզի մը տակ կորսուած կ'ուգար:

Ապրիս, Գազրիկ, դեռ կա՞յ, հարցուց:

Ոչ, այս վերջի բեռն է:

Լաւ, դի՛ր այդ ալ ծառայից սենեկին դռան առաջ:

Բռնկցուց եղոտ փայտ մը, սկսաւ տալ կրակը բոլոր դռներու դիմաց դիզուած խռիւներուն. կ'էս-գիշերուան կանոնաւոր քամին սկսած էր արդէն, վայրկենին լուսաւորուեցաւ տունը: Գազրիկի թեւէն բռնած ցցուց նոյնպէս զէնքեր եւ հագուստներ եւ ինք նաեւ շուտ մը տուաւ օրինակը. հագուեցաւ, գլուխը փաթթեց ճերմակը, առաւ կապարճը, աղեղը, նիզակը, պողովատիկը մէջքեն կախեց, եւ երբ երեքն էլ պատրաստ էին, առաւ ջխտեայ մախաղը ձեռքը եւ ելաւ դուրս. դռան առջեւ Գազրիկի հետ վառեց մնացած բոլոր խռիւը: Բոցը կը բարձրանար: Սուրէն հեգնական եւ սոսկալի ծիծաղով մը նկատեց.

Հիմա հանգիստ եմ, ըսաւ Գրիգորի, նայէ՛ ինչպէ՛ս գեղեցիկ է, ինչպէ՛ս կը նմանի սա Վարդանաբերդի հրդեհին:

Ո՜հ, ես այսպիսի անգութ տեսարաններ չեմ սիրեր…

Ես էլ նոյնպէս. վասնզի այս հրդեհը եւ մէջի զոհերը քիչ են մերիններուն քով:

Գրիգոր այն ատեն երբ քեռուոյն երեսը նայեցաւ, նորա աչքերն այնպիսի կատաղութեամբ կը փայլէին, որ գլուխը անդին դարձուց. իսկ Սուրէն «երթանք» ըսաւ եւ դէպի ախոռը շտկուեցաւ. պատրաստ եւ թամբեալ արաբացի նժոյգ մը հանեց, Շէյխին ամենեն սիրելի նժոյգն էր. «Տէ՛ Գրիգոր, հեծիր», ըսաւ. նոյնպէս Գազրիկին, նոյնպէս իրեն. երեք ամենեն ընտիր ձիանքն էին: Ձի մ՚էլ ետեւնեն, որ միայն իրենց ձիոց համար դարի եւ իրենց համար քիչ մը պաքսիմատ բեռնաւորեալ էր` կ'ուգար:

Իսկ հրդեհը կը բորբոքէր, կը մեծնար եւ ամէն կողմէ կը ճարճատէր: Եւ ահա մարդկանց աղաղակներ կը բարձրանային, իսկ Սուրէն`

Լաւ՛ է, լաւ, դեռ մերայնոց ողբոց եւ հեծութեանց շատ ոչինչ պատասխան են սոքա, ըսաւ եւ հեծաւ. ծանր ընթացք մը տալով ձիերուն Գրիգորի եւ Գազրիկի հետ սկսաւ խօսիլ: Նայեցէք ի՛նչ կ'ըսեմ. ուշադիր եղէք, վասնզի մեր ամենեն դժար բանը այս պատրաստութեամբ այս ձիերուն վրայ գտնուելն էր. եւ ես երկու տարի է, որ մտածէր եւ կարգագրէր էի աս փախուստը: Նայեցէք երկինք, սա աստղը (հիւսիսային աստոր ցցուց) ձեզի առաջնորդ պիտի բռնէք միշտ եւ դէպի նորա աջ կողմը պիտի շեղիք քիչ մը` մինչեւ որ Եփրատր գտնէք. այդ գետը հասնելեն վերջ` նա ձեզի կառաջնորդէ:

Ի՜նչ կը նշանակեն այս խօսքերը, ըսաւ Գրիգոր, միթէ՞ մենք իրարմէ պիտի բաժանուինք:

Ինչչափ կարելի է կը ջանանք չի բաժնուելու, բայց եթէ հան֊ կարծ դիպուածները զմեզ բռնադատեն եւ ես ձեզի ըսեմ «Ազատեցէք ձեր անձերը», իմ խօսքիս պէտք է հնաղանղիք եւ ձեր փրկութեան նայիթ: Ուստի հիմա պէտք է նաեւ ձեռի ստակ տամ, որ այսպիսի դիպուածի մէջ առաջին զէնք կը համարուի: Եւ բացաւ բանալիքով մը մախաղին մէկ աչքը, եւ երկուքին էլ մէկ բուռ սսկի տուաւ, որ իրենց գրպանին մէջ դրին: Եւ երբ այս գործողութիւնն էլ լրացաւ, վերջին անգամ ար գլուխը դարձուց հրդեհին նայեցաւ, եւ սկսաւ ի՛նք առջեւեն, միւսներն ետեւեն` քշել դէպի Բալմիրայի անապատի կողմը: