Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաւօտն հա սէր էր, եւ Սուրէն չէր կրցեր աչքերը գոցել, ուստի ելաւ շրշան մ՚ըրաւ գիւղին մէջ, որ ոչ գիւղ էր եւ ոչ քաղաք, բոլոր լեռը շարունակութիւն մ՚էր խրճիթներու, հիւղերու եւ բաւական լաւ տուներոս անտառ եւ պարտէզ իրարու էին խառնուած, տեղ-տեղ պատուարներ եւ պատնէշներ ամրացուցեր էին բնիկ անառիկ դիրքեր, կանայք եւ աղջկունք, երիտասարդք եւ տղայք մրջիւններու պէս կը վխտային, այր մարդիկ գրեթէ բոլորն էլ անբաժան ունէին իրենց զէնքերը: Յայտնի կը տեսնուէր, թէ ասորուոց զանազան քաղաքաց եւ գաւառաց թնակիչք լեցուէր նոր ժողովուրդ մը կազմեր էին. հռչակաւոր եւ մեծ Անտիոքի բնակիչքը իրենց քաղաքականացեալ նրբութեան հետ բերէր էին իրենց բարուց զեղծմունքը, ինչպէս երուսաղէմացին իւր կրօնասէր նախապաշարմունքը: Ասորի լեզուին հետ գրեթէ հաւայ սար կը քալէր աղաւաղեալ յունարէն մը: Խեղճուկ եկեղեցեաց մէջ ոսկեղէն եւ արծաթեղէն ճոխ հանդերձանք եւ կարասիք կը փայլէին: Մահմեդական երկրագործը ահագին տեղափոխութիւն բերած էր նիւթական եւ բարոյական Ամանոսի եւ Լիբանանու լեռանց վրայ, եւ երկայն դիտողութեանց պէտք չի կար Սուրէնի սուր աչաց համար:

Կը տեսնէր նաեւ թէ ինչպէս ձիուն շուրջը իբրեւ թիկնապահք տասներկու լաւ զինեալ մարդիկ կը պտըտէին, գիշերուան խօսակցութենեն եպիսկոպոսին կ'ամա-ակամայ բառերն այդ փոքրիկ խումբին կրկնակի պաշտօնը իրեն յայտնի կ'ընէին: Ուստի ինք իւր միամիտ կերպը առանց թողլու կը շարունակէր ընթացքը, երբ սրընթաց հասան քանի մը պատանիք իմացնելու, թէ իշխանուհին հասած կը սպասէր:

Քահինայ էր այս կնոջ անունը, լեռնական խոշոր գեղեցկու– թեան մէջ բիւզանդական նրբամտութիւն ի նմա նշմարեց Սուրէն, առջի նայուածքով: Մեծ յարգանօք ընդունելութիւն ըրաւ Տիկինն իրեն, նոյն տախտին վրայ քովն առաւ նստեցուց, շնորհակալութիւնք ըրաւ իւր դիւցազնական օգնութեան համար, երկնառաք հրեշտակ զինք անուանեց: Սուրէն` արաբական լեզուին մէջ իւր տկար գիտութիւնը յայտնելով` համառօտեց պատասխանը, եւ ինչպէս կինը զինք կը դիտէր` ինք նաեւ կը դիտէր իւր շարժմունքը, որ ազատ էր քան թէ ինչ որ կնոջ մը կը վայլէր: Իւր զգեստները, ուր ծիրանին եւ բեհեզը եւ հնդքւկ շալը կը փողփողէին հարուստ ապարանջաններու եւ մանեակներու հետ, մէջքը ոսկի գօտին, ուր ականակուռ դաշոյն մը աչք կը շլացնէր, իւր բարձր հասակը, մեծ եւ փայլուն աչքերը, թանձրկեկ շրթունքը` նշան սիրահորդ բնութեան, իւր գրեթէ առնացի ձայնը, վերջապէս ամէն բան Սուրէնի ճաշակին յարմար չէին, մանաւանդ որ ինք անհամեմատ գեղեցկութեամբ կին մը կ'որսնցնելեն ի վեր ամէն կնոջ երեսին անտարբեր էր, եւ միեւնոյն եպիսկոպոսին յափշտակութիւնը չունեցաւ եւ իրեն այնպէս թուեցաւ, որ Քահինայ նաեւ իրեն համար նոյն զգացմունք ունեցաւ առաջին նայուածքին:

Թեթեւ ճաշ մ՚ընելեն վերջ, որու մասնակցեցաւ եպիսկոպոսը միայն, Քահինայ հրաւիրեց Կամսարական իշխանը իւր պալատը, որ մէկ-երկու ժամաւ հեռի էր, գեղեցիկ ոսկեկազմ ջորիի վրայ հեծած ինք տառաջեն կը ձիավարէր, երեսունի չափ երիտասարդ թիկնապահք զինք կը շրշապատէին: Հազիւ քառորդ մը ճամփայ ըրին` երեւցաւ պալատը իբր թէ օդին մէջ կախուած, ժայռի մը գլուխ կանգնած, ամէն կողմէ տեսանելի բերդ, որ շատ մօտ կը կարծուէր, բայց հոն հասնելու համար այնչափ կիրճերէ, այնչափ նեղ եւ պտոյտ ճամփաներէ, այնքա՛ն ելեւէջ պէտք էր ընել, որ իրօք բարձրանալը երկու եւ աւելի ժամ տեւեց: Բաւական ընդարձակ եւ վայելուչ էր ամրոցր, ահաւոր տեսարան մը ժայռերու, գահավէժներու եւ անտառներու կը բացուէր նայողին, եւ հեռուն կ'երեւար արծաթի պէս ծով եւ Կիլիկիոյ ընդարձակ դաշտը:

Քահինայ արքայավայել մեծարեց իւր հիւրը. ինչ-որ պակասութուն ունէր` ամէնքը հոգաց. ծառաներ եկան զինք բաղանիս հրաւիրեցին, եւ անտի ելնելեն վերջ բազմախորտիկ ընթրեաց տարին զինքը, ուր հռոմէական ձեւով բաստեռանց վրայ տարածեալ իշխանուհին իրեն կը սպասէր, եւ զինք ես իւր դիմացը նոյնպիսի բազմոցի մը վբայ հրամցուց: Ուրիշ կոչնական չի կար, այլ, որ ամէն բանէ աւելի զարմացուց հայ իշխանը` այն էր, որ կնոջ հետք անգամ չէր երեւէր, այլ ծաղկապսակ, նորահաս եւ զեղեցիկ պատանիք կը ծառայէին սեղանին. Արաբիս քաղցրահոտ խունկեր կը բուրէին, զանազան գինիք խաղողի եւարմաւի սեղանը կը զարդարէին, աներեւոյթ եւ մեղկ երաժշտութիւն մը կը նուազէր. վերջապէս ինչ-որ շուայտութիւնը եւ պագշոտութիւնը կրնային ստեղծել` ամէն բան Հոն կատարեալ կար: Սուրէն առանց զարմանք յայտնելու կը տեսնէր այդ ամէնը իբր անտարբեր աչօք, մինչեւ իսկ այդ կնոջ մատռուակը` պատանեաց ամենեն գեղեցիկը, որ շարունակ Տիկնոջ գաւաթը կը լցնէր, եւ որ նա անդադար կը խմէր` յորդորելով Սուրէն իւր օրինակին հետեւիլ: Վերջապէս ակնարկի ըրաւ, եւ սպասաւորք հեռացան, այն ատեն ըսաւ Քահինայ Սուրէնի.

Իշխան, զիս կը տեսնես այնպէս, ինչպէս եմ միշտ, կրնայի քեզ խաբել քանի մը օր, ծածկել իմ մոլութիւնքս, եւ երբ երէկ ինձ իմացուցին քու գալդ, առաջ այնպէս շարժիլ որոշեցի, որ ծածկեմ քէնէ իմ այս շուայտ կեանքս, բայց վերջը մտածեցի, թէ ո՞րն աւելի լաւ էր. կեղծաւորութիւ՞ն, որ մարդկանց մեծ մասին ախտն է` եթէ ազատ համարձակ երեւիլ ինչպէս որ եմ. եւ այս վերջինն ընտրեցի: Բնութիւնը զիս այսպէս է ստեղծէր, դաստիարակութիւնն էլ առնէր է, վասնզի փոքր հասակես անսանձ, համարձակ աճէր եմ ըստ քմաց` մեր անտառներու կաղնիներուն պէս: Քու կերպարանքդ, քու նայուածքդ տեսնելով` մէկեն իմացայ, որ ես քեզ համար ստեղծուած չեմ, ինչպէս դու ինձ համար. վասնզի դու էլ կը նմանիս իմ հանգուցեալ էրկանս` միայն այն մեն տարբերութեամբ, որ քու գլուխդ այնչափ ուղեղ կայ, ինչչափ նորա գլխուն մէջ ոչինչ չի կար. մարմնական ուժ մը միայն ունէր եւ յաջող զինաշարժութիւն. բարեբախտաբար հարուած մը երկուքս էլ ազատեց. զնայ` կ'եանքեն, զիս` գերութենեն: Հիմա` այս յիմար ժողովուրդը` եւ իւր աւելի յիմար առաջնորդներն եկեղեցական եւ աշխարհական` ծեր եւ երիտասարդ ամօթ կը համարին կնոջ մը իշխանութեան հնազանդիլ, ինձ, որ սովորական կին չեմ, այր մարդու պէս ձի կը հեծնեմ, զէնք կը շարժեմ, երկիւղ ըսուած բանը չեմ գիտէր եւ կը զղամ թէ կրնամ նաեւ իրենց առաջնորդել պատերազմի մէջ: Քանի մը անգամ ուզեցի իրենց հասկցնել, բայց իրենք խոնարհաբար իմացուցին (այնպիսի խոնարհութեամբ, որ սպառնալիքէ տարբերութիւն չունէր) թէ պէտք էր ինձ էրիկ մը ընտրէի, եւ երբ ես այս ընտրութեան վրայ հնարք կը մտածէի մեր եպիսկոպոսն ինձ իմացուց սուրհանդակաւ քու գալդ, քու քաջութիւնդ, քու պատմութիւնդ եւ կերպարանքդ, վերջապէս մինչեւ կ'էս-գիշէր տասը պատգամաւոր եկաւ քու իւրաքանչիւր խօսքդ, իւրաքանչիւր շարժմունքդ ինձ իմացնելու. այս կը նշանակէր էրկան մը ընտրութիւնը ինձ թողելեն վերջ, այդ յիմարները` կը ներես, այդ խելօքները` էրկան ընտրութիւնն էլ իրենք կը կատարէին, իբրեւ թէ իրենք ամուսնանային: Ուստի այս դատարկ գլուխներուն հետ խօսիլ աւելորդ համարեցի, եւ խօսելեն աւելի իմ ներքին կեանքս ցոյց տալ քեզ պէս սրամիտ մարդու կարեւոր դատեցի: Հիմա իբրեւ հին բարեկամի մը քեզ խորհուրդ հարցնեմ. ի՞նչ ընենք: Դու, անտարակոյս, կ'ուզես այս կ'եանքեն ազատիլ, ես էլ նոյնպէս քեզմէ աւելի, ես, որ այս լեռներուն մէջ ծնած եւ կենացս մեծ մասը անցուցած եմ, կը փափագիմ ժամ առաջ թողուլ ելնել աստից, բայց իմ պատրաստութիւնքս դեռ չեմ ամբողջացուցել. մինչեւ այն ատեն քեզ հետ ինչպէ՞ս անցնենք, ահա խոդիրը: Միայն համարձակ եղիր ինձ հետ ինչպէս ես եղայ քեզ հետ:

Բայց, իշխանուհի, ըսաւ Սուրէն ծիծաղելով, ինչե՞ն յայտնի է թէ զիս փորձելու համար այս երկայն խօսակցութիւնը չըրիք, եւ այդ համարձակախօսութեան տակ ուրիշ գաղտնիք մը չի ծածկուիր: Ինչե՞ն գիտեմ թէ քու իմ վրաս վստահութիւնդ անկեղծ է:

Ես շատ եւ չափես աւելի գինի խմեցի այս իրիկուն, որ դու վստահանաս յարմար առակեն, որ կըսէ թէ դինին գաղտնապահ չէ:

Լաւ՛, բայց ուրիշ փորձ մ՚էլ կարելի է:

Ի՞նչ, զրուցէ:

Դու ըսիր թէ վարժ ես զինավարժութեան մէջ:

Փորձը դիւրին է, ե՛կ ինձ հետ, այս սենեակը մտնենք: Տղաք, լուսաւորեցէք մարզարանը:

Քանի մը վայրկեան ետքը մտան րնդարձակ սենեակ մը, ուր պատերէն կախուած էին շատ մը զէնքեր. երկու գուլ եւ ծայրերը բութ սուրեր առաւ Քահինայ եւ տուաւ մէկը Սուրէնի. թաշկինակով ջ ստինքը վեր բարձրացրւց կապեց եւ աջ բազկեն բեհեզեայ շապկին թեւը ամփոփեց եւ սկսինք, ըսաւ:

Սկսան հարուածները եւ սուր սուրի հետ վեզ գալ. Սուրէն առաջ կարծեց թէ տղու մը հետ գործ ունէր. եւ թոյլ կը կենար, բայց քանի կ'երթար կը համոզուէր թէ սովորական ախոյեան չէր դիմացինը, եւ այնպիսի միջոցներ եղաւ, որ սկսաւ կւասկածիլ թէ չպիտի կարէնայ գլուխ գալ կնոջ մը հետ, որ երբեմն նենգութեամբ տեղի կ'ուտար կը քաշուէր եւ բուռն յարձակմունք իրարու վրայ կը պնդէր` եւ միշտ լաւ զգուշանալով: Սակայն Սուրէն սովորական զինաշարժ չէր, իւր ջղէըը եւ մկանունքը յոգնիլ չէին դիտէր: Երբ կէս ժամու չափ տեւեց այս մենամարտը, եւ տեսաւ դիմացինը շնչասպառ ու քրտինքը, որ ջուրի պէս կը վազեր եւ տեղի չէր տար, հասկցաւ, որ արհեստին չէր պակսութիւնը:

Ճանչցանք զիրար, իշխանուհի, ըսաւ, ապրիս, այս չափս բաւական է, եւ սուրը նետեց:

Զիս կը խնայե՞ս, ըսաւ Քահինայ նոյնպէս սուրբ գետին նետելով:

Ոչ, պատասխանեց Սուրէն, պէտք է խոստովանեմ թէ իմ ցեղիս մէջ ուր ժառանգական է զինավարժութիւնը, շատ քիչ կը գտնուի մէկը, որ զիս այսչափ յօդնեցնէ: Ապրիլս, լաւ պատերազմող ես դու: Միայն թե…

Շարունակէ՛, ինչո՞ւ կ'եցար, մենք բարեկամ ենք ըսինք, տո՛ւր ձեռքրդ, համարձակ եղիր ինձ հետ:

Կ'ուզէի ըսել պէտք է միշտ վարժութիւն ընես չյոգնելու համար:

Ես ամէն օր վարժութիւն կ'ընեմ: Այս պա տան իքը եւ երիտասարդքը միայն զուարճութեանս համար չեմ պահէր, այլ իրենց մարզարանն է այս սենեակը. վա՛յ անոր, որ իր մարզից մէջ թոյլ գտնուի, նայէ՛, տե՛ս սա խարազանները զէնքերու քով կախուած, առանց արեամբ ներկուելու տեղերնին չեն դառնար: Այս գիշեր ես համարձակութիւն առնլու համար գինուոյն չափն անցուցի, բարեկամ, իմ հեւալս ու քրտինքս նորա հետեւանքն է… Դառնանք սեղանատուն:

Զարմանքով կը նկատէր Սուրէն այս կինը, որ Մեսսալին չէր այլեւս իրեն համար, այլ Զենոբիա մ՚էր, ո՜յ գիտէ թէ նորա սե­րունդներէն չէր, վասնզի վերջը պատմութիւնը զինք պիտի յիշէր դիւցազնուհի անուամբ` երբ դա` այդ կինը մահմեդականութիւնը Ափրիկէի մէջ` Կարքեդոնի ափանց վրայ վայրկեան մը պիտի սար­սեցնէր եւ ընկրկէր:

Հիմա, կ'ըսէր Քահինայ, յայտնեմ քեզ իմ միտքս: Այս յունաց կայսրերը այնպիսի վատ եղան, որ իրենց հնազանդիլ նախատինք է մարդու. ուստի ես որոշած եմ խումբ մը ընտիր զօրք կազմել, շատ չէ, հազար հոգուոյ, ելնել Ափրիկէի այն կողմերը, ուր լսած եմ թէ նոցայ կարողութիւնը տկարացեալ է եւ ժողովուրդը դժգոհ, հոն խառն գոթացի, յոյն, հին փիւնիկեցի ազգութիւն մը կայ, իմ լեռնականոքս ես դիւրութեամբ կը տիրեմ երկրի մը, ուր ժամանակով իմ ազդես կին մը գնացեր եւ մեծ, զօրաւոր տէրութիւն մը հաստատէր է, եւ այդ բանին համար սկսած եմ աշխատիլ. արդէն ունիմ հինգ-վեց հարիւր երիտասարդ, որ զիս կը սիրեն եւ կը պաշ­տեն, չորս-հինգ հարիւր մ՚էլ կը հասցնեմ, բաւական է: Մնաք բարով կ'ըսեմ այս ափանց եւ կ'էրթամ: Բայց աս յիմար ժողովուրդն բոլոր խորհուրդներս կապականէ, ես անունով իշխանուհի եմ, իրենց բուն իշխանքն այդ եպիսկոպոսները, այդ ծերերն են: Երեւակայէ՛, որ անցեալ օր կայսրը հրովարտակ մը ղրկէր էր. չեմ հասկնար, հասկնալու էլ միտք չունիմ, հաւատոյ խնդիր մը վերջապէս զօր Թիփոյ կ'անուանեն եւ այս ընդունեցէք կ'ըսեն. ես կը հաւատամ թէ յիմար մ՚է ղրկողը, բայց տասն անգամ աւելի յիմա՞ր չեն այս մեր կրօնա­կանք, որ «Կը մեռէինք, այդ հերետիկոսութիւն է, չենք ընդունիր», պատասխանեցին: Ինձ հասկցնել ուզեցին այնպիսի վերացեալ բա­ներ, որ խելքս պղտորեցաւ: Իրենց ըսի թէ մենք հազիւ կրնանք մահմեդականաց դէմ այս լեռները պաշտպանել, յոյնք էլ ետեւնուս մեր վրայ եթէ ընկնին մեր վիճակն ի՜նչ կը դառնա: Դարձեալ` «Կը մեռնինք չենք կրնար ընդունիլ», ըսին: «Մեռէք, քարը գլուխնիդ», ըսի ես էլ մտքես, երեսնուն «շատ լաւ կ'ընէք» պատասխանեցի: Ուզածնին գրեցին, ղրկեցին Պոլիս, միտքս դրի թէ մինչեւ կայսրը իւր սպառնալիքը կատարէ տարի մը կանցնէ, ես իմ գունդս կը պատրաստեմ եւ կ'երթամ, իրենք էլ կ'ուզե՛ն մեռնին, կ'ուզեն` սատ­կին: Բայց հիմա դու մէջտեղ ելար, թէ որ կ'ուզես հոս մնալ ասոնց իշխան լինիլ, ես քեզ չեմ արգիլեր. բայց ինձ տարի մը ժամանակ պէտք է, ես իմ ազատութիւնս չեմ ուզէր ծախել երկրորդ ամուս­նութեամբ: Կարելի չէ՞ որ խաղաղութեամբ տասը-տասներկու ամիս իրարու խօսք հասկնանք, վերջը դու քու ճամփադ երթաս` ես իմս:

Ես նաեւ ուխտ ըրած եմ չամուսնանալու, ուրեմն զիս թո՛ղ, ես կ'երթամ, եւ դու կազատիս:

Ես քեզ կը թողում, բայց այդ անպիտան եպիսկոպոսը եւ իւր բոլոր խորհրդակիցքը երկիրը լրտեսներով լցուցեր են, այնպէս որ քայլ մը առնուլ անկարելի է առանց իւրեանց գիտութեամբ, կիրճե­րուն պահապանք իրենց մարդիկն են, միայն իմ հրամանաւ անցնիլ կարելի չէ. իսկ քեզի համար անշուշտ զգուշութիւնք կան եւ մաս­նաւոր հրամանք տրուած են: Ես նաեւ բանտեալ մ՚եմ, բաւական չէ, որ ես ուր երթամ կ'իմանան, կ'ուզեն նաեւ, որ աղախիններով լեց­նեմ այս իմ պալատս, բայց ես ծառայող կանանց հետ այնպէս վարուեցայ, որ մէկը չդիմացաւ` գնաց: Մէկ քանի հատ որ կան, նո­քայ էլ իմ անձես հեռու եւ անարգ պաշտօններու կը գործածեմ, վասն­զի այս լեռանց կանայք ամէնն ալ գերի են եկեղեցականաց:

Քեզ չեն կրնա՞ր թունաւորել:

Եթէ ես քոյր մը, ժառանգ մը, մերձաւոր ազգական մը` ունենայի` դիւրին էր, բայց ոչ ոք չի կայ. իրենք զիս կ'ուզեն ամուսնացնել, որպէսզի զիս մէջտեղէն վերցնեն երբ ժառանգ մը ունենամ, ես այս էրկանս մահուանեն վերջը իմացայ:

Բայց դու ի՞նչ ըրած ես իրենց այս ատելութեան արժանա­նալու համար:

Իրենք կ'ուզեն, որ ես ուրիշ կանանց պէս իրենց ամէն ըրածին հաւնիմ, իրենց ամենախոնարհ աղախինն լինիմ, իրենց սուտ հրաշքներուն հաւտամ, իրենց համար մեծածախ եկեղեցիք, վանքեր, առաջնորդական պալատներ շինեմ, իմ հայրենական գանձս վատնեմ բոլորովին: Վերջապէս ինձ ձանձրալի ըրին այս լեռները, սոցայ մեծ եւ իշխող մասը օտար են. մենք առաջ խաղաղութեամբ կ'ապրէինք, հիւրասիրութեան պարտքն է, որ կը քաշենք, վասնզի

քահանայ եւ ժողովուրդ մահմեդականաց փախստականք են, որ մեր լեռներն ընդունած ենք:

Ունի՞ս եկեղեցական հաւատարիմ բարեկամ մը:

Իմ հօրս բարեկամ աւագերէց մը կայ այստեղ պատուական ծեր մը. նա միայն ես կը յարգեմ եւ նա զիս կը սիրէ, վաղն առա­վոտ ինք կ'ուգայ, իրեն խորհուրդ պէտք է հարցնեմ:

Եթէ այդպիսի բարեկամ ունիս, նա կրնայ մեր վրայ հան­գուցելոց աւետարան մը կարդալ եւ ժողովրդեան կարծեցնել թէ պսակի արարողութիւնն է, որ կատարուեցաւ:

Ես նաեւ այդ կ'արծիքեն եմ, այդ ծերը խելօք մարդ է, բան մը կը յարմարեցնէ մեզ համար: Ես շատ գոհ եղայ, իշխան, որ քեզ պէս անձ մը աստուած ինձ ուղարկեց* առաջին ակնարկես իմացայ, որ մարդու հետ գործ ոմնիմ, եւ ահա կը տեսնեմ թէ չի խաբուեցայ: Իրարու կ'օգնենք, կը պատրաստուենք, եւ երբ ժամանակը գա` կ'եր­թանք մեր նպատակին: Ես բոլոր իմ գաղտնիքս քեզ յայտնեցի իբրեւ հին բարեկամի. իմ կենացս անառակ եւ լուրջ կողմը ցոյց տուի. եթէ ունիս դու յայտնելու բան մը` վստահացիր եւ ապահով եղիր. եթէ պէտք ունիս դու ստակի, զէնքի, սպասաւորի, մի քաշ֊ վիր. ի՛նչ որ կրնամ կը ջանամ ընել:

Շատ շնորհակալ եմ, բանի մը պէտք չունիմ: Միայն քու մէկ օրինակիդ հետեւելու փափադ կը զգամ, փոքրիկ գունդ մը կազ­մելու, բայց դժուարութիւնր հոն է, որ իմ ազգես մարդ չունիմ:

Ի՞նչ ազգէ ես դու:

Հայ եմ:

Հա՛յ… լսած եմ թէ հոս Գերմանիկ հայեր կան… Բայց քեզ խորհուրդ չեմ տալ օտարներ բերել այս լեռներուն մէջ, եւ կ'ասկա­ծելի երեւալ մեր մարդկանց. աւելի լաւ` իմ օրինակիս հետեւէ, այս տղաքը, որ կը տեսնես` կէսն արծաթագին ստրուկներ են, արա­բաց որդիք, եւ մնացածն որբ տղայք, որ հայր, մայր, ազգական եւ բան մը չունենալով աշխարհքիս վրայ, կամայ` ակամայ, հոգուով մարմի­նով ինձ անձնուէր էակներ են. գիտեն, որ ուրիշէ յոյս չի կայ, ես եմ, որ կը պատժեմ, ես, որ կը վարձատրեմ: Երբ փոքրիկ տկարու­թիւն մը, հիւանդութիւն մը կ'ունենամ, տեսնելու բան է իրենց հու­սակտուր տխրութիւնը, եւ նոքա նաեւ որ օրերով երեսի վրայ պառ­կած` չեն կրնար շարժիլ խարազանի հարուածներու սաստկութենեն եւ վէրքերեն, կը հարցնեն անձկութեամբ թէ` «Տիրուհին ինչպէ՞ս է»:

Այդ խորհուրդը լաւ է, պատասխանեց Սուրէն մտա­ծելով:

Եթէ մեր ամուսնութեան կատակերգութիւնը կատարենք, դու, իշխան, կրնաս քեզի համար առանձին ամրոց մը ունե­նալ Գերմանիկի մօտ, պատրաստել մարզել քու գունդդ ինչպէս կ'ուզես, եւ երբ ամէն բան կարգին գտնուի, ոչ իբր փախստական այլ իբր իշխան եւ իշխանուհի իւրաքանչիւր ոք մեր ճամփան բռնենք: Ես իմ նաւերս կ'երթամ, դու էլ քու հայրենիքդ: Ի՞նչ յարկ կայ արտորալու եւ վտանգի դնելու քու անձդ:

Կէսգիշերն անց էր, երբ Սուրէն բարի գիշեր մաղթեց Քահի­նայի եւ գնաց իւր սենեակր, խորհրդածելով այդ նորանշան կնոջ եւ իւր հետեւելու ճամփուն վրայ:

Գրեթէ տարի մը անցուց Սուրէն այդ լեռները, մահմէդա­կանաց դէմ կատաղի պատերազմներ վարելով մեծին եւ փոքրին սիրելի եղաւ, երեք հարիւրի չափ ձիաւորաց ընտիր խումբ մը կազմեց սեփական իւր անձին: Քահինայ որ շատ անգամ իրեն կ'ընկերանար պատերազմաց մէջ, ամէն վտանգ արհամարհելով, իւր երիտասարդ գնդին հետ վերջապէս լեռնականաց համակրու­թիւնը եւ համարմունքն ստացաւ, այլ ոչ երբեք զոհ եղաւ իրենցմէ, եւ այն օրը, որ Սուրէն դէպի Փոքր Հայոց կողմն ճամփայ ելաւ իր փոքր գնդով, Քահինայ եւս իջաւ Սկանդարուն իւր հազարաց ընտիր գնդով եւ գանձերով, ու մտաւ վարձուած տասը նաւեր, երկրորդ Դիդէ` երթալով Կարքեդոնի ափունքը, ուր իւր բարեկամութիւնը եւ դաշնակցութիւնը պիտի խնդրէին Բիւգանդական կայսրութեան վերջին զօրութիւնք: