Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ա]

Հովին ձայնն է. նոճիներուն խորունկ գիշերուան հովին ձայնը: Գոց պատուհանին ետեւ, լամբարիս կէս գիշերուան լոյսին հետ որ անխլիրտ կը վառի հովին մեծ շշունջին մէջ, մենաւոր ու անշարժ կ’երազեմ իր բոցին յառած, ծխախոտի եղկածուփ շղարշներուն մէջէն որ զայն կը պարուրեն, իր լուսեղէն ապակին ի վեր կը յածին, օրօրուն, մենութեանս ճրագին մելանուշ բարութեանը մէջ ցնդելու: Քնացող տունին խորքերը ձայն չի կայ: Վարագոյրներուն ծալքերը տարտամօրէն կը ծփան: Բնականոն (normal) հիքութեան մը խաղաղութեան մէջ, բնականոն ու հանդարտ վիշտի յայտակերպումներուն մէջ (manifestation) իրերուն ու կահերուն, սենեակին բնակչին անաշխարհայնութիւնը, խոկուն, անոնց զանազանութեանց ետեւ աղօտապէս միացած եւ անսահման զրկանքի մը մէջ հեռացած անշրջագծուած երանական համադրոյթի մը կը ձգտի: Կիպարիսներու քանի մը ոստեր, լեռի պտերներու խառն, ցամաք անօթի մը մէջ գօս, անսարսուռ կը ցցուին, ու որմին վրայ ցրուած իրենց խօլաձեւ ստուերն ա՛լ անհնար հողմածփում մը կը քնարերգէ, լռին: Կաղամարս, բերանաբաց, կը շլանայ լամբարէն որ անոր խաւարը կը քաղցրացնէ հիրային կայծով մը: Գիրքեր, գոց. եքինոսի բրածոյ մը իր դարերու անհաւատալի կծիկը գմբեթեր է դիմացս, գրասեղանիս ծայրը պալարուած: Պատերուն վրայ քանի մը լուսանկարներ, ցանցառ. կարմրածառի չոր ոստի մը վրայ անցուած՝ հեռաւոր վարդապետի մը կենդանագիրը կայ: Անդին, մէկը մեռած Ադամեանն է, Համլէթի դերին մէջ: Միւսը՝ մեռած հայրս…:

Վարինը Քեփրէն բուրգն է. եւ Սփինքսը: Յետոյ ուրիշ իրեր… ի՜նչ ձայն. խորունկ շշունջը հեռուներէն կուգայ, կուգայ, յորդ, հոծ, դժնդակ, հզօր. յանկարծ տարօրէն. մինչդեռ իր աղեկտուր ահագնութենէն կը խայտամ, երջանիկ: Ա՜հ, հողմակոծ գիշերը:

Շնագայլի փոստս ցրուած է բազմոցին վրայ. ցռուկը կարկառուն. ականջները ցից. կոյր, տափակ, կորսուած: Դուրսը նոճիներուն մէջ կաղկանձիւններ կը լսուին. մեռած շնագայլին ականջներն իր ընկերներուն հաջիւնը կը լսեն ճարճատող ճիւղերուն վայրի հեծիւնին մէջ. խեղճ անասուն. հանդարտօրէն պառկէ՜ մեռելութեանդ յաւիտենութիւնը. սենեակիս իտէապաշտութիւնը, վայրենի արձակութեանդ դամբարան–, կորսնցուցած որջիդ ստորերկրութեամբը լեցուն գերաշխարհային վիճակ մըն է, անհուն հողմակոծ գիշերին մէջ տարուած:

Յետոյ տակաւին ուրիշ բաներ ալ, որոնք իմս են. անսահման քաղցր ստրկութեամբ մը իմս են: Ճամբորդութեան մախաղիկս, պարապ, փոշոտ, կախուած է պատէն. ճամբորդութեան մախա՜ղ: Դուրսը զմայլելի արհաւիրքն է գիշերուան հովին. ո՜ւր են անծանօթ ապալերներն ամայի ժեռափունքներու. անծանօթ ալիքները ո՛ւր են: Ցայտող ցրցքնուող փրփուրներու աղի՜ն տեղ՝ առաստաղին փոշին պատեր է մախաղը: Կը յիշեմ… ահա կը զգամ իր կաշիին հոտը. - անցած կորսուած հաճոյքը կաշեհոտ խստամբեր մենութեան մը, տարտամօրէն ու երանաւետօրէն անասնային. մեծ՝ երկրային՝ տիեզերական ծննդավայրին տեսիլներուն մէջ ազատ ընդհանրացման մը պայծառութեամբը լեցուն հաճոյքը:

Բայց, ահ, իրաւ. ի՛նչպէս չէի գիտեր: Մութ պատուհանին ապակիին մէջ՝ գիշերին վրայ բացուած վարագոյրներուն միջեւ՝ կողմնակի լուսաւորուած ստուեր մը կայ. - իմ ցոլքս է. ես եմ եսս է. ի՜նչ զուարճութիւն, եթէ ո՛չ տրտմութիւն: Նոճեղէն խաւարին մէջ աղօտագծուած Եսն է: Մարմինիս պէս կը դիտեմ զինքը, որ իմ աննիւթացումս, իմ իտէական էութիւնս կը թուի. իսկութեանս մէկ արտաքնումը: Իր գիծերուն ճկուն ու զուսպ խաղին սառչումը կը միանձնացնէ զայն մութ զգեստներուն տարտամ սուգին մէջ որ անորոշապէս կ’էախառնուի անջրպետին մրրկալի սեւութեան, եւ ուրկէ կը պապիրանայ կողմնահակ գլխուն ռամպրանկարը, տմոյն, իր տեսլային անգայտութիւնը նոճիներուն գիշերովը թափանցուած:

Իբր իմ մարմինս՝ ես՝ վայրկեան մը անոր բոլոր իսկանուշութեանն ինձմէ՛ կախմանը կ’արգահատիմ. ինծի հետ իր ունեցած բացարձակ, բացարձակ յարնչութեանը կը ցաւիմ. ինչպէս մի՛շտ, ինչպէս մշտնջենապէս պիտի մեղքնամ կուսական հոգեղինութիւնս, մարմինիս նաժիշտ, աղախին: Եւ այս արգահատանքը՝ գուցէ անո՛ր համար նաեւ որ յիմարաբար կը տենչամ պատկերին եսանոյն անէութեանը, անոր գերէութեան վիճակին, որ տենչացած նպատակած բոլոր վիճակներուս մէջ կ’անդրանկարուի, իտէալի մը պէս, վասն զի խուցիս գիշերուան առանձնութեան մէջ վերստացուած ինքնութիւնս է ան, նոճիներուն մէջ ուրուառկախ. իր անօսրութեան հոծմամբն ու տարրումովը մրրկալի գիշերէն, ինչպէս երկինքին լոյսէն՝ գոթական հոյապակիի մը սրբանկարը կը հոծուի անդրաշխարհով:

Եւ խուցս լեցնող այս իրերէն ոչ մէկը նայուածքս կրնայ տանիլ ներկային, իրականին. ամենքն ալ տրտմագին, ըղձագին խորհրդանշանումներ են Անեզրութեան: Երեւութապէս տարամէտ ուղղութիւններ՝ շաւիղներու պէս կը մեկնին, խաւարածին, ստուերածուփ ու լուսայանգ շաւիղներու՝ որոնց չուկէտն է խեղճ եսս, ու վախճանն է Աստուած:

Հեռուներէն գիշերապահի մը մահակին հեծկտուքները գիշերուան ժամը կը պատմեն. ու հովին մէջ կը մարմրին: Կէս գիշեր է. Կէս Գիշերը. գիշերին՝ խաւարին հոյակապ համայնութիւնը: Հովը, անվերջ, անհատնում, նոճիներուն մութը դղրդելով, ալեծփելով կ’անցնի. եւ խռովայոյզ նոճիներուն խորերէն խռպոտ հեծիւններ կ’ելլեն, սարսռալի մարդկայնութեամբ մը ուրուային: Լամբարիս հանդարտ, երազմայլ բոցին կը նայիմ, գորովագին վայելքով. անոր երանաւէտ այրմանը, ուր երազանքս կը մխրճի, կը հանգչի՝ անորակելի սպառմամբ մը, իբրեւ թէ զտուէր, իսկանար հոն, ինչպէս օճախի մը սփոփանքին մէջ: Ի՛նչպէս լամբարս, որ թշուառութիւնս կը լուսաւորէ, գիտէ զայն՝ մոռացման շլացում մը կը ճառագայթէ. զերծում եւ իտէականութիւն: Ո՜վ իմ առանձնութիւնս:

Կը ճաշակեմ, կը հրճուիմ զայն. յուշքերուս, խորհրդածութեանցս, երազներուս լեռնաբուրմամբը, ծովահոտութեամբը լեցուն, իմ տարաբաղդութեամբս ու երանութիւններովս, իմ ներէական գաղջութեամբս առլի առանձնութիւնս: Մինչեւ լոյս, մինչեւ որ լաժուարդ արշալոյսին յամրայայտ, որոշիչ հոլանումը նոճիներուն ետեւէն բարձրացած՝ ճշդէ, ծառացնէ անոնց մռայլութիւնը, եւ գուցէ լայ նորէն բոլոր վիշտերը՝ զանգակաձայն, ագռաւաչ սկսող անծանօթ ցաւագին այսօրուան մը որու անձուկին դառնութիւնն աղօտապէս կը հեռաշնչեմ արդէն, բայց որու հեռաւորութիւնը հրճուանքով կը զգամ դեռ, օրերէն ազատ գիշերիս մէջ որ ոչ այսօր է ոչ վաղը՝ այլ անցած ու ա՛լ չխռովող երէկի մը տեւումը., մինչեւ որ արշալոյսը ծագի՝ լամբարիս լոյսին մէջ զտուող ինքնութիւնս պիտի ապրիմ, ցորեկուան կենցաղի իրերու վարակումէն, ծրդումէն զերծ, առանձնութեամբ առաքինի ինքնութիւնս, պատուհանիս մէջ ցոլանկարուած Եսս, ցայգատեսակա՛ն ու ճիշդ, գուցէ իբր երազ մը միայն, ա՛հ, իբրեւ իրականութիւն մը՝ գիշերուան հովին ցնորականութեան երաժշտական անջրպետին մէջ երազացած:

Հովին հզօր իրականութիւնը կը թափանցէ խոհալքը ուր անցած կեանքի մը անթեղուած դրուագները կ’արթննան. մտքիս մէջ յուշքեր կ’արծարծին հովէն որուն շշունջներովը լեցուն ու սարսռագին է անցեալս: Ա՛հ, յիշողութիւնս կը ներշնչուի հովէն: Երեւակայութիւնս կը պտտի յուշքերուն մէջ, որոնք կը ծրագրուին, կը լայննան, կը պաշարեն զիս, թօշնած պայծառութեամբ, ուր ներկային, ապագային անփոյթ քուն մը կը մարմրի, ուր կենցաղէն անփոյթ կենսաւէտութեան մը սրբութիւնը կը թրթռայ: Յուշքե՞ր են թէ երազներ, յղացքներ: Վասնզի անոնց մէջ թաքուն բաբախող կենսական ընդհանրութիւնը անոնց մասնաւոր ու ոսնացած տարրերուն մէջ հիւթի մը պէս կը ծաւալի ու կը նորաստեղծէ զանոնք: Յիշողութեան երեւակայութիւնը կը զտէ, կը կատարելագործէ, կ’ընդհանրացնէ յիշատակները. կարծես միայն ապրելու անցեալ յոյզի մը, անցեալ կեանքի մը գոհունակութեանը կը վերածէ զանոնք. հաճոյքի վայրկեանին ու ցաւի վայրկեանին հասարակաց այն ինքնին հանդարտ տրոփիւնին որ անոնց ընդդիմակութեան մէջ միամիտ ու խորին միութիւն մըն է, կեանքի զգայութիւնը, եւ հակառակութիւններ չկան արդէն այլ տեսակներ կամ աստիճաններ, եւ երազացած յիշատակներուն մէջ, հրճուալի թէ տխուր՝ ա՛լ կեանքի զգայութեան ընդհանրութիւնը յիշատակներուն ձեւին մասնաւորութեանը կը գերակշռէ, Անցեալին հեռաւորութեան մէջ ուր հակառակութիւններ կ’աղօտին մելանուշ միատարրումով, իբրեւ ներկային չափերէն զերծ Անհունին մէջ ուր ա՛լ այլազանութիւն չկայ: Բոլոր յիշատակները կեանք միայն կը պատմեն. եւ, ահ, որքա՛ն ճիշդ պիտի ըլլար ներկայի իրողութիւններու մէջ, ցաւագին թէ երանաւէտ՝ փնտռել կեանքի զգայութիւնը միայն, փոխանակ անոնց երեւոյթներուն անձնատուր ըլլալու, բոլոր նպատակներուն մէջ դէպքերու այլազան երեւոյթին տակ համատրոփող կեանքին ներյատուկ երանութեանը միայն ձգտիլ, պարագայական հաճոյքներու կամ ցաւերու անտարբեր, որովհետեւ վաղանցուկ են անոնք տիեզերքին ինչպէս յիշողութեան մէջ ուր անոնց յոյզը, կենսաւէտութիւնը միայն պիտի անմահ մնայ, եւ անցեալէն իսպառ որբացած սիրտը անոնց ընդհանրութիւնը միայն պիտի ուզէ վերապրիլ, անցեալ դէպքերու տարազին եղծական դիպուածայնութեան, մասնաւորութեան մէջ անհետ ընդհանրութիւնը:

Եւ ո՞չ ապաքէն ինքնութիւնս որ՝ օրէն զերծ գիշերիս մէջ վերադարձած, իր ընդհանրացած, կենսացած յուշքերը կը գտնէ իբր իր կազմիչ տարրերը, հովին անհատնում շշնջիւնին մէջ, ո՞չ ապաքէն իմ ինքնութիւնս ուրիշ բան չէ արդէն այլ իմ ընդհանրութի՛ւնս:

Իմ վայրի հանրէականութի՛ւնս. զոր հիմա կը զգամ թէ ապրեր եմ լիովին տարաշխարհի ան գեղջուկ սենեակիս մէջ առաջին խանդավառ պանդխտութեամբ մը մինակ՝ լեռնավայրի ձմրան մը մռնչիւնին մէջ կծկուած, ներքնապէս սաւառնաթե՜ւ:

Ա՛հ, գեղջուկ սենեա՛կը: Ժամուն թափուր պարտէզին ներսի մէկ անկիւնն էր, խեղճուկ դպրոցին ներքեւ, գետնէն հազիւ բարձր՝ ծերուկ, հազացող ժամկոչին խուցին կից: Դէմի անկիւնը, անկիւնագծօրէն դիմացի կողմն էր եկեղեցին: Քանի մը տերեւաթափ ծառեր, լերկ, ձիւնոտ, կը ձղաձգտուէին պատերուն դէմ, անջրպետին տխուր դատարկութեանց վրայ: Շինական քաղքին մեծ ճամբան որ մօտակայ ամայութիւններուն կը հանէր, պարտէզը կը քերէր իր քաղաքածայրի լռութեամբը, լեցուն՝ սարսուռովը ձմեռնային առանձնութեանց, որոնց կ’անջատակցուէր տրտում պարտէզը կքուն պատով մը, ու անոր հին դուռովը զոր ուշ ատեն, հազալով, ծերուկ ժամկոչը կ’երթար աղխելու:

Ա՛լ վայրենի գիշեր մըն էր հոն. ձիւնապատ, անմարդաձայն: Պարտէզին ճերմակ խաւարը լեցուն էր մտածմամբը Ժամուն գորշ կոյտին, որ հոն, գիշերայած մտածութիւնները կ’ամփոփէր կը տարրացնէր, որ կը հեռաշնչէր մտախոհութիւնը մթութեան մէջ անհետ հոյաբրգուած Նէպիանին հովին. կորդերու սառնային անջրպետին մէջ երկարաձգուող ողբաձայն երազանքը շնագայլներու կաղկանձիւններուն, հիւսիսային հեռուներէն մինչեւ փակ դուրս հասնող աղօտ մռունչը Սեւ Ծովուն հսկման., եւ իմ նժդեհի ու բնամարդու անրջանքս կը ծծէր, կ’իւրացնէր, անոնց ստուերային զանգումը, անոնց շքանդրումը կը յօրինէր, զանոնք միանգամայն կ’ըլլար, եւ պատուհաններուս ցայգատեսութեան հանդէպ, ամայի պարտէզին անկիւնը կուտուած՝ գիշերին մէջ իր իսկ խորհուրդին կը վերածուէր տակաւ:

Բայց որչա՛փ քիչ ապրեցայ ես հոն, պանդխտութեան առաջին սենեակին մէջ ուր ես, ինքս կը բնակէի միայն: Միտքս կուգայ իրիկուն մը, ուշ ատեն, լամբարս վառելէ ետքը դուրս ելլելս, պարտէզէն ալ դուրս, մոռցած ջուրս երթալու առնելու համար մեծ ճամբուն աղբիւրէն, ուրկէ, լեցուն կուժերը ուսերնին՝ գեղջուկ աղջիկները շատոնց հեռացած էին., վերջալոյսին մենութեան մէջ աղբիւրին յորդաջուր հոսեցնելն իր անդուլ խոխոջը, կուժիս շլօլօլօխո՛ւբշ լեցուիլը, եւ շտապով դառնալս պարտէզը, ուր մտնելով ծանր դուռը գոցելս, ու սենեակս ուղղուիլս. բայց, երկու քայլ չառած՝ կանգ առնելս, պատին տակը՝ դիմացս, պարտէզին խորը նայելով. անակնկալ հիացումով մը յուզուած, ապշած. վասն զի պատուհաններս տեսեր էի, ներսի լամբարէն լուսաւորուած…:

Այդքա՜ն քաղցր բան էր ուրեմն անհուն աշխարհքին մէջ մէկ տեղ մը, մէկ բնակարան մը ունեցած ըլլալը: Իմ, միմիայն իմին սենեակիս գիշերուան լոյսն էր. ոսկեգոյն, վարդագոյն. իմ մենաւոր լոյսս: Եկեղեցիի շրջափակներու անհուն առանձնութեան մէջ քաշուած, իբրեւ անեզրութեան մէջ ներկայ, իբրեւ անեզրութենէն չմոռցուած իմ գոյութիւնս: Ա՜հ, տմոյն, ու սիրելի, նուիրական ճառագայթումը: Ի՛նչպէս տակաւին չեմ գիտեր եղեր իմ երանութիւնս. եւ ի՛նչպէս, զայն տեսնելու, գիտնալու համար պէտք եղեր էր որ բնակարանէս դուրս ելլեմ, ու գիշերամուտին ցրտին ամայութեան մէջէն նայիմ անոր նշոյլին, որբի մը պէս, անտուն տարաբաղդի մը պէս: Վարդագոյն լոյսը որ երանաւէտ մեղմութեամբ կը նշուլէր հոն, իմ կենսական բոցս, իմ ընտանի հոգիիս մելամաղձիկ ժպիտը կը թուէր. բնամարդկային լաւատեսութեանս հանդարտ հիացած խայտանքն անհուն տիեզերքին մէջ. մենութեան ազատութեան մէջ խաղաղած արեանս գաղջ շառայլը: Լուսաւոր պատուհաններէն նշուլող անպատում հանգիստը իմ կեանքս էր:

Երբեմն, գիշերը, կրակարանին առջեւ կկզած կ’երազէի. Նէպիանին հովը կ’անցնէր սառուցիկ ամայութենէն. պատուհաններս կը ձպրտային. վարագոյրները դող կ’ելլէին թեթեւակի. դուռը կը ճռնչէր. լամբարս կը քթթէր, երկննալով. ու ծննդավայրի պատկերները նժդեհութեան տեսիլներու հետ մեղկօրէն խառնուած՝ պահ մը կը վարանէին, կը քայքայէին, ու վերստին, երբ ապակիները ճռնչելէ կը դադրէին, ու լամբարը կը սուզուէր իր երազանքին մէջ՝ մտապատկերները կը վերադառնային, դանդաչոտ, խորհրդածութիւններուս մէջ ծփանուտ. հովին հեռացող մռնչիւնին մէջ օրօրուած. կը ձեւանային, կը վերակազմուէին, կը բաղադրուէին, ու կ’անցնէին, անհատնում, երազուն տեսողութենէս, գոյանալով ու մարելով ամենուրեք ուր կը յառէի. կազին բոցին մէջ, կրակին վարդագոյն խոռոչներուն մէջ, ուր մխրճիլը, հոգեւին, այնչափ հմայական երանութիւն մը կը թուէր, կենսական ջերմութենէս յղացուած երանութիւն մը. մերթ կը տեւէին, առկախ, ու կարծես ոգեւոր ու խօսուն, ծանօթ բառով մը զոր կ’իմանայի յանկարծ, անիմաստ անջնջելի խօսքով մը զոր նայող տեսիլը կը կրկնէր, մինչ մտախոհութիւնները, անօսր, անկապակից՝ անիմաստ առընչութիւններով շղթայացած, աննշան դիպուածներու անզգալի շունչերէ քայքայող, ու խուսափուկ, կը սահէին անփոյթ հոգիին մէջ, մերթ լուրջ իմաստով մը յանկարծ նախադասուած, ու դէմ-յանդիմանական հիակազմութեամբ մը երեւելով, հարկադրուելով… եւ հովը, ծերպերուն մէջէն, տեսլահար մենատրոփմանս կը շշնջէր, կը սուլէր իր երազային ներշնչողութիւնը: Վաղնջուց սենեակին մէջ, զոր Նէպիանին կնգուղին լեռնավայրի իմացականութիւնը կը լնուր, կը տոգորէր՝ պանդուխտի տրտմութիւնս կը տատամսէր, կ’երկբայանար, կը դադրէր գիշերայած ձայներուն խռովիչ նախնականութեանը մէջ որու այնքա՛ն հեշտութեամբ կը ձգտէր Եսիս ոգին, իբրեւ հնէութեան յիշատակներու, աւելի խորին վերաբերմամբ քան որչափ չէր տխեղծ յօղ որով կը տարուէի ծննդավայրի յուշերու քաղաքայնութեան, նուազ ներէական վայելք մը զգալով պատկերացումէն բացակայ սիրելի իրերու, քան ընդերկար տենչացուած անեզրութեան ձայներէն՝ որ կուգային բաղխելու բնակարանիս, ու կեանքս թափանցելու, քան շնագայլներուն հեռալուր հաչիւններէն, ցախաստաններու խաւարամած բացաստաններէն մինչեւ բաղձախտաւոր հնէութիւնս երկարաձգուած, քան պոնտական հովէն որու անսահման հեւքին մէջ կը կծկուէի, կը մտմտայի, կարծես ծնրադրած. մինչդեռ բնակարանը կը հեծէր:

Եւ քան Սեւ Ծովուն հեռաւոր որոտումէն…:

Եւ հովը կը դղրդէր յանկարծ ապակիները. ու կը ճարճատէին, աղիողորմ. վարագոյրներէն տենդ մը կ’անցնէր. լամբարին պզտիկ բոցը ընդոստ կը դողդոջէր մխալով. ու դուռը իբրեւ ուսի անողոք յեցումէ մը կը հրուէր, կը տքար:

Տրոփուն, կը կծկուէի, կը նայէի. մտքիս ընտանի տեսիլները կը փախչէին կը կորսուէին զիս ողողող անդրհայրենական սարսուռներուն մէջ. եւ ահաւոր հովին տիրապետութենէն հրճուանքով ճնշուած՝ մտիկ կ’ընէի անոր իբրեւ լեռան ձայնին, որուն անեզրութենային միութիւնը ծառերուն տագնապին մէջ հիւսալուծուած, ճղճղուած, տանիքին ծերպերուն մէջ տարբաղադրուած՝ վերլուծուած՝ մենարանիս խորշոմուտ ճգնութեանը, առաքինականութեանը կ’եւողերգէ՜ր լեռներուն ողիմպականութիւնը. ձիւնախաղաղ լեռներուն համաստուածեան բարոյականը:

Բայց, հովը սաստկացեր է. օ՜խ. ի՛նչ գոռ դաշնակութիւն. ի՛նչպէս կ’ապրի՜մ:

Սրտատրոփ կ’ելլեմ սարսռուն վարագոյրին բացուածքէն վայրկեան մը նայելու:   որունկ գիշերին մէջ նոճիներուն մութին թանձր տատանումը կ’ընդնշմարուի, մոլեգին: Եւ միայն իմ խուցիս լոյսը կը հսկէ ցնորական գիշերին մէջ. անջրպետին վիհին վրայ՝ պատուհանիս տենչայոյզ նշոյլը միայն վառ, սեւեռուն:

Ճիւղի մը ճարճատիւնը վերերէն կ’աղաղակէ, կը հեծէ. ծռող, ծռող նոճիներուն ամեհի սօսաւիւնին մէջ. եւ բոլոր անասնութիւնս կը կայտռէ, կ’ոստնու:

Ո՜ւր ես, Իռե՛նա: Գոց պատուհաններուդ ետին հիմա կը քնանաս կոր դուն, երազածուփ, նոճիներուն խաւարակոծ երաժշտութեան մէջ: Չե՜ս գիտեր թէ պատուհանիս անքուն լոյսը կը սուզի հոն, թէ հոն կը բաբախէ գիշերային էութիւնս: Իրօ՛ք, չե՞ս լսեր հոգիիս ձայնը, սրտիս ճարճատիւնը սեւ, վեհապանծ նոճիներուն գոռումին մէջ ուր ստուեր հուրիի նիրհդ կ’օրօրուի. իմ իսկութեանս բնութեամբ առլի բուերգին հծծիւնը ննջարանիդ կափկափող պատուհանիդ վրայ չե՞ս երազգար հիմա, ճերմակ բարձիդ մէջ հալա՜ծ աղջիկ: Փակ աչքերդ չե՞ն ընդնշմարեր հիմա պատուհանիդ մէջ երերուն տեսիլս որ իր նոճասարսուռ բնէականութիւնը կը բերէ, բնաստուածութեամբ դողդոջուն իր ոգեկանութիւնը կը բերէ ընծայելու անրջակոծ հոլանութեանդ:

Նիրհէ՜, իմ սէրս, եւ ցայգարշաւ մրրիկը ուր մենազատ լոյսս կը ծփայ, ուր սիրտս իր հրայրքը կը բաղհիւսէ, ուր հնէութեանս լուռ աղաղակը կ’էախառնուի՝ թող բնութեան գաղափարին հանգի՜ստը իբր օրհնութիւն մը շշնջերգէ իմացականութեանդ:

Աս ձա՛յնը սակայն. նոճիներուն վերթեւումին մէջ իտէականութեան ի՛նչ ծով մը կը տանջուի:

Դուիններու վրայ մեռնող զարհուրելի կոհակներու ձայն մ’է. Սեւ Ծովուն ձա՜յնն է, որու բնաստուածային կոչը երեւակայութեանս կը բաղխի, կը բաղխի, զիս իր անհունին կանչելով զայն հեռարձակելով, վայրենաձայն, իր անմոռանալի տեսիլին մէջ, որ ահա կ’ընդերեւայ նորէն, մանկութեանս անթառամ անուրջը, բանաստեղծի մանկութեան անուրջի անճառ մեծութեամբը:

Սրտագին ըմբոշխնուած, հեշտագիտուած տեսի՛լը, գաղափարն, ուր կը նետուիմ, կը սուզիմ, դողդղալով, ցնցուելով կ’առաձգիմ՝ ապրելու, գերապրելու համար հոն, իբրեւ թէ բարի մահիճս նետուէի, անոր սարսռալի պարուրման մէջ ցնորած ջերմութեանս երանութիւնը խնդալով, թշուառութիւններէն զերծ՝ քունին, երազին հեշտակենսութեան զգացմամբը, անկողիններուն պարգեւած ազատութեան գիտակցութեամբը ցնծագին: Սեւ Ծո՜վ:

Անո՛ւնը, որ մանկութեանս ինծի չեմ գիտեր ի՛նչ վրդովող անծանօթի մը խորհրդանշանումը կը թուէր, եւ որ, գիտեմ թէ Անհունին առաջին ըմբռնումն էր իմ պատկերամոլ տղայութեանս, առաջին հեռազգացումը տարտամօրէն այլ արդէն հարկադրօրէն երկրպագելի Անեզրութեան: Անոր տարածութիւններէն, անոր ալեկոծութենէն եկող ու ծնողքիս հայրենակից ճամբորդներու ծովակէզ դէմքերը՝ որոնց ցայտող մէկ առանձնյատկութիւնը ես կը վերագրէի ա՜ն ծովին, որոնց դիմախաղութեան մէջ ինծի կը թուէր տեսնել սարսափն ու երջանկութիւնն ան ծովը տեսած, կրած, ան ծովը գիտցած ըլլալու, կամ վերստին ընթերցում մը, խանդաղատալից ու տրտմագին ընթերցում մը՝ Այվազովսքիին   րիմի ափունքներուն վրայ թափառկոտ պզտի տարիքին պատմութեանը՝ կը խռովէին ու Սեւ Ծովին կը ձգտեցնէին սիրտս, որ, ահ, չի յիշեր հիմա մեծագոյն տարփանք մ’ունեցած ըլլալ ա՜ն անբծութեան ատենին մէջ., սիրտս, որ անոր հուժկու ներշնչումովը դեռ անյագ նկարչին փառքէն կը տրտմէր, ու Ծովուն անուանը մռայլ իմաստէն կը շլանար: Առաջին պաշտամունքս, առաջին եղջերուաքաղս էր ան. իմ առաջին յուսահատութիւնս: Ի՛նչպէս կը հարցափորձէի ճամբորդները, որոնք յաճախ երեւակայած զգայութիւններէս նուազ արժող տպաւորութիւններով կը հիացնէին զիս, իրենց աղքատ իսկ, դատարկ իսկ իրականութեանը, զգայարանականութեանը համար, ու գէթ անոր համար որ կը ցուցնէին թէ չէր սխալեր իմ երեւակայութիւնս: Չգոհացնող բաներու գրգիռը միայն կուտային իմ երազիս, զոր չէին կրնար ըմբռնել, փոթորիկէն ազատած ըլլալնուն համար միայն ժպտուն, իրենց վախին դիւցազնութեամբը միայն լի. եւ զոր սակայն ես անկարող էի բացատրել իրենց, քանի որ չէի կրնար վերլուծել զայն, հէ՜ք երանաւէտ տղայ: Գիտակցութիւնս այս անշարժ ձգտումին մէջ չէր կրնար ճանչնալ մեծ թռիչը տենչանքին դէպ ի Բնութիւնն ու Միտքը, դէպ ի հանճարին սարսուռն Անհունին բաբախման մէջ. յաւիտենական տենչանքին սլացքը դէպ ի Նիւթին ու Գաղափարին ձոյլ հզօր առանձնութիւնը: Անբաւ անունէն՝ Սեւ Ծով՝ որ յաւէտ կոչական ձայն մ’է մտքիս մէջ, էութեանս ամենէն վերացող տարրերուն հաւաքական կոչը՝ ինչպէս Քսենոփոնի զօրականներուն միահաղոյն աղաղակը Պոնտոսի բարձունքներէն՝ պիտի սարսռագին տեսլահարիմ տակաւին: Իմ ըմբռնմանս Ծովն ան պիտի ըլլայ միշտ. քանի որ մանկութեանս առաջին յղացումն եղաւ Ծովուն: Եւ, թերեւս, ո՛չ Միջերկրականին անպատմելի շափիւղան, իր եզերտքին (littoral) պատմութեան փառքին հին ոսկիովը հեռապատուած., ո՛չ   աղաղականին… անո՜ւնը., ո՛չ բեւեռայգերով բոսորանշոյլ մենութիւններն Արջային Ծովերուն., ո՛չ Բօէի պատմած երբեմնակի ցնորական թափանցկութիւնը Սօնտի արշիպեղագոսին., ո՛չ Մովսէսի՝ Կարմիր Ծովին եզրերուն վրայ յածուն վերակոչուող հսկայական ուրուականը., կամ Մեռեալ Ծովուն թանձրածուփ ու երկնավճիտ պակուցումը՝ քառեակ քաղաքներուն կործանմանը վրայ մշտնջենացած աստուածպաշտութեան մը պէս., եւ գուցէ ոչ Գալիլիոյ Ծովին անդրաձայն մրմունջը… պիտի նսեմացնեն անոր անուան շքեղ ստուերը՝ ա՛լ էութեանս ընդխառնուած: Ծովն է, յաւերժական: Ինչ որ անոր երազին մէջ անդրատենչ մանկութիւնս կը նախզգար խռովելով՝ անդրատենչ երիտասարդութիւնս գիտէ, զգայարանօրէն, ու Ծովուն մթնշաղ վսեմութեան տարբաղադրուած մռայլ ծիածանին մէջ կ’երազէ:

Վասն զի օր մը տեսայ ես Սեւ Ծովը: Անյիշատակ օրերէ ի վեր զայն մտմտալէ ետքը օր մը,   աչ-Յունացէն վեր սրտատրոփ խոյացած՝ առաջին անգամ տեսայ զինքը, հեռուն, հիւսիսի վճիտ հորիզոնին մէջ տարածուած, երկնային եղկութեամբ. ու սիրտիս հուժկու զարկը որ տժգունեցուց զիս՝ առաջին մեծ տրոփիւնս եղաւ Աստուծոյ առջեւ: Բայց, խորամանկ յուշկապարիկի խաբէութիւն թէ Նեպտոնի գորովագին խոստում՝… իմ երեւակայութենէս երազուած, անրջաստեղծուած իրականութիւնը չէր Ալէմտաղիի տեսիլին կապոյտը. որու երկնայնութիւնը թուէր թէեւ ահեղ Ծովուն իմաստին ընծայումն ըլլալ ցնորակոծ ու իրեն համար տառապած պատանութեանս՝ ինչպէս Աստուած Անհունին ընծայումն է խեղճ իմացականութեան, բայց նաեւ անոր արհաւիրքին քաղցր հերքում մըն էր, որու չէի հաւտար: Ես բաղձացած չէի անոր իբրեւ հեռուներէն ժպտող երանութեան մը:

Եւ իրօք, ուղեւո՛ր այլ եւս օր մը դէպ ի Սեւ Ծով՝ նոյեմբերի անմոռանալի, ու անդարձ իրիկուն մը, գիշերամուտին, Վոսփորի վերի ժայռերուն սարսռալի բացուածքէն մտայ անոր մրրկալի մթնշաղը, իրական ու ճիշդ, ուր շոգենաւը կը սուզուէր խելայեղ սուլիւններով իր կայմերուն մէջ. մինչդեռ հիւսիսին մէջ երկարած տմոյն փեռեկտումի մը նշոյլով կ’ընդնշմարուէր գիշերին մէջ, Սեւ Ծովուն հռնդաշն անսահման սաւառնումը…:

…Ամպոտ հողմակոծ առտու մըն էր: Ծովուն խռովայոյզ ափունքէն մեր վաչը կը վազէր մսկոտ ու մենաւոր: Երիվարները միակերպ դոփիւնով կ’ընթանային թաց հարթ աւազին վրայ՝ խորտակուող կոհակներուն սողալով սրսփալով սառող փրփուրին մէջէն: Գլանաձեւ ծածքին…– որովհետեւ ո՞ւրկէ մանաւանդ կրնայ զգացուիլ Ծովը քան ծովեզրէն, քան սահմանաւոր ծովեզրին տրտում մարդկայնութենէն: Ափունքը տոգորուն է Ծովուն նախապաշարումով: Կոհակին եզերագայումը Ծովուն անբաւութեան վերաշուք ու խռովիչ հպանցքն է միայն մարդկային, ու բաղձախտային ցամաքին առջեւ: Ծածքին, կ’ըսեմ, ցուրտ պատուհանէն անընդհատ կը նայէի պղտոր մրրկալի Ծովուն: Ծփանքներու միակ գոռում մը կը բարձրանար, առանձին, անվախճան:

Դէպ ի ձախ, հեռուն, Պոնտական լեռներուն յետին թաւաստեւ կատարները ձիւնախաղաղ՝ կը նկարուէին տխրամած անջրպետի մը բարձրերը, սատափէ ցնորական վիհերով որ կը պեղուէին, առկախ, անոնց բարձանց մէջ: Վարերը, մթին ստորոտներուն վրայ, տերեւաթափ անտառներ կը դիզուէին, անձայն անտառներ, աշնային յետին շիկութիւններով երազուն, գորշ լերկ ամայութիւններ անանուն անտառներու, հեղեղատներու մէջ ընդխառնուած, ցանցառ՝ տատամսոտ՝ դէպ ի մերկ մոխրագոյն դուիններուն երկայնքը, որոնց առաջքէն մեր սայլը կը վազէր իր անվերջ աւազէ ճամբան, խորտակուող ալիքներուն գահավէժ ժանեակներով ողողուն, որ անծայր ափունքէն մինչեւ հեռուները կ’երկարաձգուէր, մինչեւ երկբայական վայրերու մէջ անհետելու, անստոյգ երանգներու խորը, ուր մշուշէ հրուանդաններ, Ալիսի տափաստաններու նուաղուն մենութիւններն՝ իրարու կը յետադրուէին, անօսրացած, կորսուած՝ հեռուներու յաւիտենական երազանքին մէջ: Եւ անսահման առանձնութեան մէջ ալեկոծ Ծովը կը պօռար:

Հեռուներէն ալիքները կուգային, իրարու ետեւ ուռած, մետաղափայլ ձոյլ սապատումներու հուժկու ելեւելքով կը թաւալէին իրարու ետեւ. կը բարձրանային, կը քստմնէին, ժեռային ցտուն ցցունքներով սարսռագին, եւ ահարկու վարանմամբ մը կը ծռէին, ու կը փլչէին, իրարու ետեւ անընդհատ կը փլչէին կը կործանէին միահաղոյն պայթող կատաղի ճերմակութիւններու մէջ ընկլուզուելով. ու մինչդեռ ծանծաղներու մէջ կը շկահէր անդուլ իրենց որոտալիր թոպումը, ու փրփուրներու լայնալիճ կորանքը լուսաբորբոք կը թեւէր եզրին երկայնքէն, ու խիճերուն, աւազներուն վրայ կը խուժէր., մինչդեռ շառաչիւն մը, հզօր, անիւներուն գլգլունքն ու սմբակներուն դրոյթը կ’ողողէր յանկարծ՝ եւ ընկրկող ջուրերուն լորձունքին ծուատ ցրօնքը աւազին վրայ կը սառէր, սրսփուն, վանակնէ, ձիւնէ ողկուզումներով, ծովուն մութ որոտումէն ծնած կուսավճիտ խօլաստեղծումներ ուր ծիածաններ կ’աչէին, քթթելով, ու կը մարմրէին՝– հեռուն, մոյգ շարժլումներու մէջ, անընդհատ, անընդհատ՝ խուժող ու ծռող կոհակներուն ճերմակ կործանումը կը թնդար:

Նա՜ւ մը չկար հորիզոններուն յաւիտենութեանը մէջ: Հեռուները փրփուրներ կը վառէին, ու զառանցող միտքը կը կարծէր տեսնել շարժումը հորիզոններուն մռայլամած անեզրութիւնը բնակաւէտող ուրուային անանուն բաներու, եւ փրփուրները կը մարէին, դատարկութիւնը բացարձակելով. փրփուրներուն սոսկալի ոչինչը կը սարսռար հոն. Ծովն էր միայն. միմիայն անբաւ Ծովը: Եւ նաւ մը չկար. ոչ իսկ վերացող ծուխ մը: Ցամաքին վրայ ոչ իսկ կորսուող մարդ մը: Լեռներուն ձիւնասպիտակ վեղարները կը խոկային. հեղեղատներու կնճիռներուն մէջ անտառներուն գորշ երազանքը կ’առկախուէր, վերացած. ամայութիւններուն մէջ միսդիք ու շքեղ սարսափ մը կ’ապշէր:

Եւ սայլը կ’երթար, անվախճան ճամբուն թուխ տամուկ երիզին վրայէն, որ անտառներուն մառախլային գորշութեան ու Ծովուն կապարագոյն մրրիկին մէջէն տխրօրէն կորագծուած, հեռուներու մէջ աներեւոյթ ամայաբնակութիւններ կը կապէր իրարու, տիեզերապէս մարդկային զգացումներու մելամաղձոտ յօդագիծով մը, որ կ’երկարաձգուէր դէպ ի մառնը հեռաղօտ անծանօթներու, Ծովուն թեւատարած արշաւին ու ցամաքին անմռունչ արբշռութեան մէջէն, վերջնական վհատութեան մը պէս անձայն, պարզ, հանդարտ, դէպ ի հեռանկարներուն երանաւէտ անստուգութիւնը, ու կարծես ալ աւելի հեռուն, անաշխարհային ամպումներու մէջ. Ծովուն յաւերժաձայն Գաղափարին ահագնութեանը դատապարտուած շաւիղին յուսահատականութենէն՝ վաչը՝ սարսռուն, գինով, հանճարեղ, խեղճ՝ սարսափահար կը թաւալէր:

Կծկուած, տառապագին, ու թերեւս դեռ ժպտուն, ռունգերս անջրպետին հզօր աղի շունչին՝ որ արհաւրալի բացարձակէ մը կուգար՝ տեսիլին անբաւ համադրական գաղափարին կը նայէի. յաւերժափառ տիրապետութեանն անքննադատելի՝ ծնրադրելի ա՛ն ամբողջութեան, ուր քահքահներով կը ցնորի երեւակայութիւնը, ուր հանճարին ջղագարութիւնը կը մոլեգնի: Ծովն էր. համասեռ մշտանոյն թախծութիւն, զարհուրելի, երջանիկ: Ալիքները կուգային, կուգային: Փլուզման ու վերականգնումի անյագ արբշռութեամբ մը կուգային ալիքները. հառաչալիր կործանումներուն, փշրումներուն տակ վերթեւելու միահաղոյն վհատութիւն մը կը խորդար. ընկլուզուելու միահամուռ անյուսութիւն մը կը շնչասպառէր ջուրերուն պղտոր սարսռացայտ կանգնումներուն մէջ. աղէտալի սպիտակութեանց մէջ կը տժգունէր, դիւաստուածային յայտնութիւններով կը ճերմկնար Ծովը: Կոծապարու կոհակներուն մէջ նախնական ու յաւերժական յոյզ մը կը շարժէր. անտառին պէս բիւրային, երկինքին պէս մէկ: Վիհերը կը թեւէին, փրփուրներով բռնկած, եւ անհուն ցնորքի մը տաւղումին մէջ կ’անհետէին: Իր փրփուրներուն հառաչին նշուլմամբը, իր ցելքերուն խաժ թուխպովը խոռոչուտ՝ Ծովը կ’անցնէր տիեզերքէն անեզր խորհուրդի մը յարակայքովը, յաւիտենական կարողութեան մ’ամենակալ ճախրը՝ անբաւ մթին թեւանատամի մը (ptռranodon) նախաստուածային թռիչով: Լեռները ճերմակ հայեցողութեան մը մէջ կը վերանային. անտառները կ’ընկղմէին իրենց անրջանքին մէջ. հորիզոններն իրենց անաշխարհայնութեան մէջ կը հեռանային: Սայլն իր ոչնչութիւնը կը փախցնէր դողդղալով, մոլորուն: Լեռներուն տրտում օծութեանը՝ Ծովն իր անդունդներուն երանավայրի հեթանոսութիւնը կը պօռար:

Եւ ժամերով, իր տխուր ճամբէն, դողդոջուն, մարդկային սայլը կը խուսափէր կարծես աղօթելով:

Ձիերը կ’ընթանային, թօթուելով բաշերնին. տխրաձայն արշաւնին տրոփելով, ու տաժանագին գոլորշի մը կ’արտաշնչէին:

Դիմացը, անտառին առջեւ, անտառին տակ, հեռուներու լուրթ յստակի մը վրայ սկսեր էր, անհաւատալի՝ նշմարուիլ կքուն, իրական երդիքի մը թուխ կղմինտրը, աշնահար ճիւղերու մէջ: Ըսի կառապանին: Պզտիկ իջեւան մըն էր, խան մը, ուր սայլերը պահ մը կանգ կ’առնեն, ու ճամբորդները վայրկեան մը կը նստին տաքնալու, կրակին դէմը: Ի՛նչպէս ողջունեցի անոր բուխերիկին կապոյտ ծուխը որ կ’ելլէր, կը սարսռար, ու ապշահար կը փախչտէր:

Երդի՛ք մը, ծո՜ւխ մը. ասիկա կը նշանակէր տուն, օճախ, ջերմութիւն, հանգիստ, ամփոփում: Լռիկ խոհեմութեան ու բարութեան հէք ակնածելիութիւնն ունէր հեռասքօղ երդիքը: Տանիք մը ու օճախ մը, հո՞ս…: Ուրեմն անբաւ ժխտումին մէջ հաստատական, - խանդաղատական կէ՛տ մը կար. ջերմութեան, գորովի վայրկեան մը՝ սառնային անեզրութեան մէջ. մահաշշունջ անհունին գիրկը սիրոյ, յոյսի կենսաւէտ բջիջ մըն էր ան: Հոն, վայրի ափունքներուն վրայ, մռայլ անվախճան գաղափարին տոգորումովը սմքած, կկզած, ո եւ է յաւակնութիւն չունէր անշուք մինակուկ խանը. ո՛րքան կը նմանէր ան վայրերէն անցնող մարդուն: Շրջապատող անողոք ջնջման մէջ բարութեան այս շամանդաղը պէտք էր: Բնաստուածութեան հրաշագեղ վսեմին վրայ անհրաժեշտ էր այս շեշտը, ու գուցէ ի՜նքը երբեմն իմաստն իսկ էր անոր: Տերեւթափի մը մէջ սքօղուած, Անհունին մէջ երկբայական՝ խոնարհ միջատի մը յամառ կենսականութեամբ առլի հոգի մ’ունէր ան, խեղճուկ մարդկային պէտքը. մարդկային հէք այդ երկիւղը. իր զգուշութեան դրական երանութիւնը շրջապատող ահեղ զօրութեան մէջ կծկած: Եւ բուխերիկը կը մխար, կը մխար, հորիզոններուն հովին տակ իր ջերմութեան երազը մարմրելով. ու կապոյտ ծուխին խօլ թռչկոտումով կ’ոգորէր, այլասէր անձնապահպանութեան երջանիկ զգացում՝ կորուստին, անէացման դէմ որ անջրպետին մէջ կ’ուրուաձայնէր անընդհատ: Բուխերիկը ցուրտ դատարկութեան մէջ իր բարութիւնը կը խնկէր: Իմաստուն խրտուիլակ որ մահուան գաղափարը կ’աշխատէր վանել:

Վաչը մօտեցաւ, տատանելով: Հասաւ խանին: Սայլերդիքի մը ապաստանին մէջ կանգ առաւ: Ծառերուն ու դուիններուն ետին կորսուեր էր Ծովը, եւ ա՛լ հեռու էինք որոտացող աւազափունքէն, ծերուկ խանին թեւերուն տակը: Այս տեղուկը աղէտներու մելամաղձիկ հաստատումն ու հրճուալի բացասութիւնն էր: Անասուններու թրիքի գեղջուկ բարեկամ հոտ մը կար սայլերդիքին խոնաւ անկիւնները, մութ դրան մ’արտաշնչութեանը մէջ, եւ ամայաբնակ կենսահոծութեան մը սփոփիչ գաղափարացումն էր: Սայլէն իջայ, ու մտայ, կթոտ քայլով, հեռուէն բերկրութեամբ ընդնշմարուած պզտի խանին մէջը: Մթնշաղ սանդուխէ մը ելայ միակ յարկը. փոքր ցուրտ սրահ մըն էր. տախտակամածը ծուռ. բրտօրէն վանդակուած մեծ լուսամուտներու նախնականութենէն մեծ հովը կ’անցնէր, սուլելով, ու սատափէ լեռները, ամպամած, կ’անրջանային գորշ անտառներու սպառումներէն վեր: Տունին մէջ կը զգացուէր հզօր դուրսը. խանը անոր հալածանքէն տարտամօրէն կը դղրդէր:

Սենեակ մը մտանք. օ՜խ, տաքուկ մթին խուցը: Կոփածոյ ջերմոց մը կը վառէր հոն, ցած մրճոտ առաստաղին տակ բեկանելով ծուռ խողովակը՝ պատին խաւարին մէջ անհետ: Ջերմութեան փայփայանքէն սարսռուն՝ նստայ աղօտակի հրաշէկ ջերմոցին դրան վառ ծակին դէմը: Պզտիկ ախժոտ լուսամուտներուն լոյսը խանին լոյսն էր քան անջրպետին. տունին մելամաղձոտ գիտակցութեան նշոյլը: Իջեւանին տենչալի խորհուրդին մէջն էի ա՛լ. մտածումին մէջ հինօրեայ խանին որ Անհունութիւնը գիտէր: Ո՛րչափ դոյզն բան էր աղկաղկ տնակը, եւ ինչպէ՛ս կը բաւէր Անհունէն վաստակաբեկ ուղեւորին մշտանոյն մարդկայնութեանը: Իրօք քիչ մը հանգիստ էր ան: Իր գաղջ մթնշաղին կարեկցութիւնը ճամբորդը կը սփոփէր: Ամեն ինչ նախնական էր հոն. եւ ամեն ինչ կը դիմադրէր անբաւ դուրսին: Ամեն բան վստահ ու անդորր ներքի մը յայտակերպումն էր, հրճուալի՝ քանի մը լծորդ պէտքերու պարզ ու ճիշդ գոհացմամբ, տենչալի՝ ենթադրութեամբը մեծ ամայութեանց ահարկութեան, այլ նաեւ անոր ամոքմամբ ու հեռացմամբ՝ որ մրրոտ լոյսին իմացականութեան մէջ կը քաղցրհայէր, շինական բազմոցը կը խորգապատէր, անկիւններու խաւարին մէջ կը թանձրանար, ջերմոցին բոցավառ կրակին մէջ կը ձպրտար, կը ճարճատէր, կը սուլէր, ու թուխ որմին վրայ կախուող լեռնավայրի զինարդի (panoplie) մը հանդարտ ուժին մէջ կը լուսագծուէր լռելեայն: Սենեակին մտամփոփման մէջ վանական մտածում մը կը խառնուէր լեռնային զգացման մը, եւ երանութեան սարսուռով մը ողնայարէս կ’անցնէր: Կրակին քովը նստած ճերմակ կատու մը կար: Հեռուն Ծովը կը գոռար: Ճերմակ կատուն երեսս կը նայէր, անձայն:

Մարդ մը ներս մտաւ, լեռնազգեստ. պարսիկ մը, խանճին: Բարեւեց մեզի մեղմ ձայնով. Բարի եկեր էք, ըսաւ: Մեզի կը ճանչնար. որովհետեւ անջրպետին կծու ցուրտէն ու անեզրութեան սոսկումէն թափանցուած մարդեր էինք: Նուրբ, բարձր, անարտայայտ, բայց մելանուշ ժպիտով մը ակնածելի՝ մարդը լեցուն էր միսդիք օտարութեամբ մը: Գունատ գօշ կերպարանին մոմանդրիի հալանրբութիւնը տարտամ անաշխարհային վարանք մը ունէր: Մոխրագոյն աչքերուն մէջ հեռանուաղ անդրհայեցութիւն մը կար: Ա՛ն բուխերիկին, աս պատուհաններուն մթնշաղին բնակիչը, հեռուն խռնտացող յաւերժութեանց եզրը թառած այս ապաստանին մենակեացն էր լռին պարսիկը: Շատ չխօսեցաւ, ա՛հ, Անհունին ձայնին ընդերկար ունկնդրած մարդը: Իր որձեւիգային դէմքին վրայ խաղաղ երկիւղածութեան մը կնգղաստուերը կը զգայի: Նայուածքին լրթաղօտութեան մէջէն մշտնջենապէս կ’անդրանկարուէր անջրպետին ու Ծովուն անեզրութիւնը: Իր լռութիւնն աղօթակերպ արձագանգ մ’էր անբաւութեանց յաւերժանուագին: Ես, քմահաճ ուղեւոր՝ պիտի անցնէի երթայի. լռին մարդը հոն պիտի մնար. պիտի շարունակէր ապրիլ հոն, մենաւոր վաղնջուց խանին մէջ իր անվրդով անդրհայեցութիւնը: Ես զրկանքը պիտի կրէի՝ միա՛յն երազգալու, մտապատկերելու ա՜ն վայրենական քերթուածը զոր ինքը պիտի ապրէր, պիտի կայաճէր (vռgռter) հոն. քաղքենութիւններէ զերծ, վարժատմամբ ու մոռացմամբ, անմեռ եւ անկաշկանդ յարաճուն մարդասիրութեան մը քաղցրութեամբը տոգորուած, իբրեւ խիճերուն, խութերուն սայրաւորութեանց անընդհատ ողորկմամբ անեզրութեան յաւերժաձայն ծփանքներէն:

  անին մուղտ ու փակ լուսամուտներէն մեղմացած հեռալուր շշունջով՝ Ծովուն ձայնը կը հնչէր միատարր ու խորին: Ջերմոցը, հրաշէկ, կը հեւար: Կը զգայի, մրրիկին մէջ, երանաւէտ խաղաղութիւնը մոռացման մը: Ահ, բարի վայրկեանը, մենակեացին կեանքէն շնչուած, վայելուած: Ճերմակ երանաւէտ կատուին կը նայէի: Անհունին գաղափարին մէջ ընկլուզուած պարզ էութեան մը խաղաղութիւնը կը պարուրէր, կը միաւորէր (unifier) զիս:

Քիչ մը ետքը, վաչը՝ խօլ՝ մեզի կը տանէր, մշտանոյն ափունքին վրայ, նոյն հզօր եզերագայմանց սպիտակութեան մէջէն: Տէրէ-Քէօյի խանը ցուրտ միայնութեանց մէջ անհետեր էր մեր ետին:

Դարձեալ հո՛ն, նոյն հեռարձակ անբաւութիւնը. նոյն կատաղի գորշը: Տարտամութեան մէջ երկարած հրուանդաններու նոր միգանկարներ կ’երեւութանային միայն: Բայց… անորոշ ատենէ մը ի վեր աւազափունքը սկսեր էր առնել նորանշան կերպարան մը զոր անգիտակցաբար չէի ուզած դիտել՝ մեծ գաղափարին համասեռութեան մէջ մերժած ըլլալով տեսնել օտար, առածոյ տարր մը: Այլ աստիճանաբար ու յամառօրէն յաճախացած, ու յանկարծ բացատրուած՝ ա՛հ, ա՛լ օտար չէր ան Ծովէն. եւ իրօք, ոչինչ պիտի կարենար անկախ ինքնութիւն մը դիմակայել հոն Ծովուն անբաւ ինքնակալութեանը:

Աւազներուն երկայնքը, ջուրերուն յետին սահմաններուն խօլ կորագծին վրայ, ցանցառ, քարիւղի ծռմրկած թիթեղ սնտուկներ նետուած էին, պարապ, անշարժ՝ կիսովին խրած՝ խխում աւազին մէջ: Արդէն տարտամօրէն ժանգոտ՝ իրենց ճմռթկուած կռփուած թիթեղի անկիւններուն վրայ դեռ աղէտալի փայլ մ’ունէին: Զանազան դիրքերով ու հաւասար պակուցման մը մէջ սառեր էին հոն. ոմանք սարսափահար կծկումներու մէջ կուզուեր էին. անդին խոռոչուած որովայնի մը ապշահարութիւնը կը շողար: Տառապագին ծամածռութիւններ կային, անշարժ: Տժգոյն սպառնալիքի մը մէջ անխլիրտ անկիւններու ժանիքներ, դեռ ցցուած. բրգացած խորանարդներ, կատաղօրէն տրապիզուած քառակուսիներ կային: Վաչը անոնց մէջէն կ’արշաւէր ու կը տեսնուէր դեգերումն իրենց խոլոր նշոյլներուն պաղած շեշտին՝ դէպ ի ամպամած երկինքը, դէպ ի ցամաքը, դէպ ի Ծովը: Իրենց հէք սպառնալիքը կը նայէր, առկախ, անպատասխան, աղաչանքի մը պէս: Պարապ էին, ծաղրական ու ողբալի թշուառութեամբը պարպուած նետուած բաներու. եւ իրենց տապալած, գլտորած, ջախջաուած, ծուռումուռ ու դժնդակ շարքը հեռուներէն սկսելով կ’երկննար, անհատնում: Եւ ասոնք բեկորներ էին. վասն զի քանի մը օր առաջ քարիւղ տանող նաւ մը, հոն, բացերը ընկղմեր էր:

Եւ պարող վիհերուն մէջ ընկլուզուած նաւո՜ւն սարսուռովը կը նայէի կոր Սեւ Ծովին: Հեռածուփ փրփուրները կը վառէին, կը վառէին եւ անոնց ձիւնափայլ խօլածաղկումն ուրիշ բան չէր այլ խուսափուկ անյուշ գերեզմաններու սարսռալի կարելիութիւնը: Եւ մինչդեռ աւազափունքին երկայնքը կնճռադէմ թիթեղներուն շարքը կը կորաձգուէր, աղիտանշոյլ, իբրեւ Ծովուն վայրենական մէկ ակռամանեակը, հոն, հորիզոնին փարսախներուն մէջ Ծովուն խղճմտանքը կը յածէր, ամենազօր, ու անպարտ:

Կծկուած, սայլին խորը, որ կ’երթար արհաւիրքին յարաճուն մեծութեանը մէջ, մտիկ կ’ընէի մենամոլ Ծովուն առասպելային բառը, ողբաձայն արձագանգներով երկարաձգուած:

Իր միակ անհուն բառը, իր համադրահոծ անվախճան վանկը կ’աղաղակէր Ծովը. ի՞նչ թովիչ ոգում էր ան. իմաստներու ի՞նչ զարհուրելի սաւառնումով մը լեցուն էր մշտնջենաւոր կորճային բառը, զոր Ծովը, ձեանհիւսքերով վագրշերտուած, հորիզոններէն կուգար թաւալակոծ ոռնալու թախծալի ցամաքին, զոր լեսուրներուն վրայ խռուահոծ արշաւող փրփուրը կը շշնջէր, զոր ալիքներու սաւառնաթեւ շարքերուն կործանումներով կռանօրէն կը տրոփէր յիմարական ու աստուածային Ծովը: Միջոցին տրտմութեան մէջ փրփուրներու լուսեղէն բառը կ’երկարաձգուէր արձագանգներու խժաձայն՝ երազակոծ հաստատութիւններով (affirmation) եւ հեռասքօղ հրուանդաններուն անդրհայեցական կարգերը, ու նսեմ իտէականութեան մը վերնաշաւիղներուն մէջ վերթեւած ճերմակ լեռնակոյտերը, եւ գորշ անտառները՝ լեռներուն խորերը անէացած, իբրեւ ծանրապարոյր պտոյտի մը (vertige) անհուն մշշածփումով, արբշիռ՝ կը շնչէին, կը ռնգազգային խաժ օշինդրեշտանքը լուսնոտ անդունդներուն բառին: Անյատակ որոտում մը կ’ելլէր կոհակներուն վաղնջուց խաւարներէն, ու պատռտուելով կը մռմռար կը հեւար անագորոյն անսպառութեամբ. դալկատիպ պոռոչիւններ կը փրթէին, կը ռմբարձակուէին մողոշային հեռուներէն, վայրենաձայն կոչումներով կը խուժէին դուիններուն տմոյն լանջին վրայ անվերջ խօշիւններով մեղեդիանալու. խաւարամած հեռաւորութենէն սպառնագին դանդաչանք մը կը զառանցէր, տապալելով, եւ ահռելի հրճուայեղցումներու անյագ շշունջի մը մէջ կը խանդաղատէր. օրհնաձայնութեանց ու վայերգութիւններու անդուլ միահամուռ մռունչ մը. անիծագոռ ալելուիաներու վիրապային երգիոնում մը կ’ամբառնար Ծովէն. յաւերժական աղէտի մը կոծը կամ անթառամ երջանկութեան մը փանդռումը կը լսուէր. յաւիտենական կորուստներու ղօղանջներ անմահութեան զմայլումներու մէջ կը նուաղէին: Ծովուն հոյակապ աղջամուղջը ափունքին հրաշալի սպիտակութիւններուն մէջ կը լուսատարրուէր. վիհերուն արհաւիրքը աւազին սառնադրուագներուն շքեղութեան մէջ, դուիններուն վրայ յուշկապարող ծիածաններուն հիանուշութեանց մէջ կը հեւասպառէր, կ’երանար…: Ծովն իր անհուն շիրմայնութիւնը կը պատմէր ցամաքին՝ ստեղծագործութեան հմայաշխարհ մը վիպող ոգիի մը պէս:

Եւ վաչը կը շտապէր, մոլորուն, մոլեգին. մինչդեռ սեւեռախոհական անունը կը կրկնէր, կը զարնէր մտքիս մէջ իր ահեղ կշռոյթը. Սեւ Ծով… Սեւ Ծով…– անդրատենչութեանս երազը՝ մռայլափառ իրականութեամբ մը վերստին ցնորացած:

Ընդերկար գացինք այն վայրերէն. անզգալաբար ցախաստաններու մէջ մխրճիլ սկսեր էինք. հետզհետէ թախծագին երեկոյացումը անորոշ խորհուրդներով կը թանձրանար հոս հոն, անտառներուն, ձորերուն մէջ, ցամաքին անձայն անստուգութեանց մէջ, ու Ծովուն վրայ գիշերի ծփումներ կը թաւալէին: Ափունքին տխրատեսիլ կորագիծը կը լուսաւորուէր կոհակներուն սպիտակութիւններով որոնց չարաշուք յոյզը կը նուաղէր ու կ’աճէր անդադար: Ծովը կը սքօղուէր դուիններուն ու ցախերուն ետեւը, ու մութ պատառուածքներէ յանկարծ կ’ընդերեւար. վերստին կը ծածկուէր. տարօրէն արշաւասոյր ճերմակութիւններու շշունջներով կը պարզուէր կրկին ու կը խաւարէր, կը թաղուէր յամրօրէն: Արձագանգները շփոթ հծծիւններով կ’երկարէին ահագին առանձնութեանց մէջ: Դողդոջուն սայլը կը շրջապատուէր ու կը հալածուէր ծովային անըմբռնելի իրիկունէն: Մացառուտ հողերուն ետին վերջնապէս անհետեր էր Ծովը. ու տակաւ իր աղէտաւոր մղոններուն ձայնը հեռաւոր գոռումներով կը խորունկնար:

…Ամիսներ ետքը սակայն, երբ վերջապէս ան ափունքներէն կը հեռանայի իսպառ, շոգենաւի մը նաւակամուրջին վրայ երազածուփ յափշտակուած տարուած Սեւ Ծովու վերջին իրիկունին շշունջներուն մէջ, տարօրինա՛կ բան, մանկութեան իրագործուած երազին ցնորական վերիտէացումը՝– խորին, ներէական երազներու ճշմարտապէս անիրագործելի իտէականութեամբը անյագ՝ յաւերժական երազին, անզգալապէս տոգորուեր էր, նորօտար զգայութեամբ մը ուր Սեւ Ծովուն գաղափարին վայրենութիւնը երկնակապոյտ օծմամբ մը կ’այերանար: Սեւ Ծովուն բոլոր մռայլը՝ ա՛լ յիշատակ ըլլալու պահուն՝ հէքեաթային երանութեամբ մը կը քաղցրախառնուէր: Հրաշավիպական Ծովը զոր սիրեր էի, զոր պիտի տենչամ յաւիտեան՝ աղջկան մը, ծովանոյշի վեհութեամբ մը լուսողող էակի մը տեսիլը կը պայընծայէր ինծի, իբրեւ իր անդրաշխարհին մէջ իւրաստեղծ մարգրիտ մը զոր սրտիս կը յեռո՜ւր, եւ Սեւ Ծովու պաշտամունքս անայլափառ գորովով մը նորաստեղծուած, կը հայէր, մթին ջուրերուն ամայութեանց վերեւ արուսեակնարկո՜ղ ան կերպարանքին ուր անիւրանալի Ծովուն գաղափարը կը մեղմանար, եւ երանութեա՜ն մը պէս կ’ըմբռնուէր: Աննիւթական սէր մը կը խայտար հիմա վհախոյզ անդրատենչութեանս մէջ: Ծովին յաւերժաձայն շշունջներուն մէջ տարուած՝ կը զգայի մտքիս մէջ ցաթիլը լուսեղէն իգութեան մը բարութեան՝ Ծովուն խաւարներուն առնավայրի զօրութեան վրայ. Պոսիդոնին վսեմութեան մէջէն Ամփիդրիդի մը գեղեցկութիւնը կը փթթէր, ու խանդաղատանքով կը թրթռար խնկացող զմայլումներուս մէջէն: Ա՛հ, վերջին իրիկունը: Ծովը կը ծփար լայն ու խորին խաղաղութիւնը շափիւղայ ջուրերուն զմրուխտ թափանցկութեան. երկինքի մը մէջ հալած անտառ՝ որուն հմայքին վրայ մեծ նաւը կը սահէր կ’երթար: Նաւառաջքէն ընկրկող ծփանքներուն շշունջը կը թռչէր իրիկունին մէջ ուր թալացման (pՉmoison) նայ երանգներ կ’երկնածաղկէին. արեւմուտքին մանիշակ, ծիրանի երազանքին մէջ սուզող արեւը Անատօլուին վեհաշուք կարկառները դեռ <կը> դիւթերփնէր հիրվարդ ծխիւններով: Հրահալած գոյներու շունչեր վերթեւելով կը տատամսէին դժնէ բարձունքներուն վրայ հրուանդաններուն ափափայքին, որոնց սորերուն մէջ լաժուարդ ստուերներ կը մթագնէին արդէն. մինչ իրենց ընկրկած արտեւանները յամրօրէն կը կապուտնային, կը լուծուէին լրթաղօտ դատարկին մէջ արեւելեան հեռուներուն ուր նաւուն ճերմակ ծիրը կ’երթար դեգերելու նուրբ հառաչի մը պէս, հետախաղաղ աներեւոյթ ափունքը փնտռելով, եւ ուր մենածուփ անօսրութիւններ հրային երանգներու՝ կը հատնէին խորերը գիշերուան երազ ովկէանին որ եթերին մէջ կը բարձրանար:

Վայրկեան մ’առաջ՝ ուղեւոր միւսլիմաններ Հարաւին հանդէպ լռութեամբ ծնրադրեր էին խմբովին, եւ անհուն ժամուն մէջ ծովաշշունջ իրիկնածուփ անդրաձայնութեանց ունկնդրեր էր պահ մ’անոնց ծանրաբեկ միահաղոյն երկրպագութիւնը. իրենց վերջալուսական աղօթքը ըրեր էին: Շոգենաւը, տրոփուն՝ յորդ ու խորունկ սօսաւիւնին մէջ կը թեւէր վերջալոյսին գոլորշիներուն: Թափանցկութեան անեզրութեան մը մէջ երեւակայութիւնս կը ճախրէր կը թռչկոտէր դէպ ի ամենուրեք, դէպ ի ամեն բանի վերնութիւնը: Անհունին մէջ մոլորած բեկորի մ’արբշիռ երազկոծմամբը, առաջին ընկէցքին, խոյացքին անսպառ այլ եղկօրէն ըստբաղդուող աւիւնովը կը տարուէի դէպ ի գերաշխարհային անորոշ ոլորտներու ապառնի մը, զոր մեծ զգայութեանց անյագուրդ իւրացումս կը խոստանար, եւ զոր Ծովուն շշնջիւնը կը խորհրդաձայնէր: Անդորր վհատութեան մը մէջ բաժանմանս անհաւատալի իրականութեան հետ ոգորելէ դադրած՝ վերջին յուշքին բարի ցնորքովը կը պարուրուէի, անոր անուշաբոյր անջրպետը տանելով ինծի հետ: Հեշտալի հծծիւն մ’ունէի. սիրելի թշուառութեամբ մ’արտաշնչուած անուն մը կը հառաչէի ծածուկ: Կարծես քաղցր անունին վանկերը եթերային ալիքներով ողողել, լնուլ կարենային անսահման անջրպետը, որ կ’աղօտանար յիշատակին մելանուշ իրականութեանը մէջ: Իբրեւ տարմորորի թեւերով կեանքս կ’երթար, ան վանկերուն թռչականութեամբը՝ բիւրեղաձայն անդրաշխարհի մը կապոյտներուն, նաւուն սլացքէն անկախ, կորսուած հոսանուտի մը պէս, անշարժ, ինչպէս ամեն շարժում անհունին մէջ: Եւ անուշ անունն ա՛լ զգայութիւնն էր գերագոյն վիճակի մը, հնաւուրց յաւերժական հեշտութեան մը խոր ու համատարած սփիւռին:

Ան ատեն զգացի, տեսայ, ցամաքին բարձունքներէն վեր՝ առկախեալ երկարաձիգ քօղերու մէջ, երազուն, թալանշոյլ, լուսնի արծաթ լոյսի մը շողալը. վարը, ջուրերուն խաղացքին մէջ, անզգալի, դողդոջուն ցոլքերու ցնցղուք մը կը թրթռար փախչտելով: Յիմարաբար՝ վերացմանս ազատութեամբը ծփանքներուն վրայ հակած, թռանցնող լուսերամին մէջ մոլորուն՝ կը ժպտէի, երջանիկ, նանրանուշ շողիւններէն թափանցուած յանկարծ իբրեւ լոյս տրոփներով: Ծովը սարսռագին կը նշուլէր, կը պսպղար. ա՜հ իմ սէ՛րս. ճերմակ գիշերին մէջ պաղպաջուն ջուրերը կը հնչէին, կը հնչէին: Ծովէն անօսր տենդ մը կը լուսածնէր: Ու նաւուն մեծ ստուերն աննպատակ կ’երթար ճերմակ խնկալի գիշերին մէջ. ամեն ինչ գոլորշացում էր շուրջս, իմ տարփանքս կը գոլանշուլէր լուսաբորբ Ծովէն. նուաղուն հայեցողութեամբ, անճառ տարրի մը, անվախճան լուսաշաւիղի մը մէջ կը սլանայի, լրթարծաթ եթերին մէջ տանելով, զմայլումէ թրթռագին, լուսափայլ վարդերանգ զգայութիւնը, ծիրանի, հիրային մտապատկերը, որուն շուրջը կը սպառէր, կ’եթերանար միտքս: Սե՜ւ Ծով, որքա՜ն շքեղ էր Ծովանոյշը, ընծադ: Երկինքին ու իմացականութեանս երազայնութեան մէջ ճշմարտութիւն մ’էր, վճիտ, լուսեղէն. եւ միայն անոր անունը, վհատօրէն իր անունը միայն կը հեւայի իբրեւ զմուռս անոր:

Ոգին, երջանկութեան Ծովուն դաշնակութեան մէջ իբրեւ իմ զմայլմանս լռութեանը մէջ կը սարսռար, կը մարմրէր. ալիքները կը շշնջէին, լուսածուփ. սազի իտէացած հնչիւններ կը հեծէին նաւուն խորէն…, եւ լուսածուփ ալիքները կը շշնջէին, լուսնագիշերին շողակներով կայծկլտող երանաւէտ ալիքները. գիշերին անեզրութեան մէջ Ծովուն խաղաղութեան անուրջը կը սաւառնէր: Ցամաքէն երկինք՝ խռովիչ փոխանցում մ’էր դողդոջուն Ծովը: Ծածանող անդունդներուն մէջ լուսարտօսր հիացում մը կը հեծկլտար: Անհուն Ծովը Երկինքը կ’երազէր:

…Հիմա նոճիներուն հովին ձայնն է, որ գիշերէն կ’անցնի, անցեալով լեցուն, ցնորական. կարծես Սեւ Ծովուն հեռալուր ձայնը՝ ապագայով լեցուն: Իմացական կեանքիս ջղային արաբհիւսքը իր անյայտ սկիզբը կը թուի առած ըլլալ անոր անհունութենէն. ինչպէ՜ս կը ճանչնամ իտէական անվախճան ձայնը, զոր ա՛լ իրապէս չեմ լսեր, բայց որուն իւրակերտ ու իւրացուած նշանակութիւնը պիտի հնչէ գիտակցութեանս՝ ցորչափ Անհունին բաղձանքը տառապիմ:

Ահա նոյն կարօտն է նորէն: Հասարակ կենցաղին ձանձրոյթներէն անդին հեռանկարուած, վսեմ վայրենութիւններու մեղեդային կոչերով կախարդող Անեզրութեան կարօ՜տը՝ անբաւական հորիզոնի մը միջեւ գալարուն, ցաւագին: Հասարակ կենցաղին պարտադրումը կը փակչի էութեանս՝ ժանգի մը պէս, որ անոր կ’արգիլէ տիեզերական լոյսն անդրադարձնել, հրճուագին. անսպառօրէն բեղմնաւոր Յաւերժութեան տեսիլէն թափանցուիլ, եւ զմայլած անդրադարձում մը զեղուլ:

Երկար ատեններէ ի վեր անսուաղ, հայրենախտաւոր անդրատենչութիւնս զիս մանկութեան երազին իրագործմանը մղեց, ու մեծ ծովաշշունջ զգայութենց մէջ արտասուագին դողերով ապրեցաւ, վայելեց իր ձգտումին իրաւունքը. ծովածուփ տարփանքին մէջ հեշտալի մխումով մը, Ծովուն վիհերէն մարգրտուող, փրփրածնող այն էակին ճառագայթին մէջ թրմամբ մը վերսկսաւ ապրիլ անիկա, անդադար ձգտելու համար ա՜յն անձկալի ազնուացման զոր յաւերժական տեսիլներու հոյակապ բարոյականութիւնը գեղեցկութեան բարոյականութիւնը, կը խոստանայ անոնց որ հիանալ գիտեն: Սեւ Ծովուն աղի հոծութիւնն իմ գերաճումս տրամադրեց: Կեանքը զոր յուզուեցայ այն օրերէն ի վեր՝ բղխեցաւ այն Ծովուն մռայլէն եւ այն աղջկանը լոյսէն: Այն անցած օրերը յագեցա՞ծ են հիմա իրենց հետեւող եւ իրենց արժանի կեանք մը արտադրած ըլլալով, վիճակներու ճակատագրական սերնդածնութեան մը մէջ սպառած ըլլալով ինչ որ կար հզօր ու բեղուն իրենց հնառոյգ յոյզին մէջ:

Վասնզի Սեւ Ծովու տենչս ինքնութեամբ լեցուն բաղձանք մը եղաւ. իմացական անձնապահութեան խորհրդաւոր շարժում մը: Վիպային էութեանս տարտամ ու ճիշդ ծանօթութեամբ մը ես ընդերկար երազեր էի Սեւ Ծովը, անոր շշունջներուն մէջ կեանք մը, ահա արդէն իրագործուած: Այնքան ներյատուկ, ինքնաբուխ էր այն բաղձանքը որ իբրեւ նախազգացմամբ մը յամառեր էր տեւելու: Ամեն այդքան ներյատուկ իղձ նախազգացում մը կը թուի, քանի որ անհրաժեշտ մէկ պէտքն է, մէկ ծարաւն է Եսին որ անոր գոհացումը պիտի փնտռէ անդուլ, պիտի կամի, պիտի օր մը սկսի զայն, անոր յագեցման անճշդելի հետեւոյթներուն աւելի կամ նուազ պայծառօրէն գիտակից: Եւ երազներու առածացուած յիմարականութիւնն ուրիշ բան չէ այլ մէկ հէք յղացումն անոնց որ հզօր պէտքեր զգալու չափ ընդարձակ հոգի կրած չեն. որ երազ ունեցած չեն. ճշմարիտ երազը որ անխախտ եւ ուժգին ինքնութենէ մը կը բղխի. որ մտքին՝ հոգիին անհրաժեշտ բարեշրջութիւնը կը ծրագրէ, կը նախզգայ, եւ այդ բարեշրջութեան կանխանշանը կ’ըլլայ: Երազներուն իրագործման պայմանն՝ անոնց ըլլալն է այնքան բնաւ քմայական, գրեթէ այնքան հզօրապէս կենսական, որքան են բնական մեծ պէտքերը, թէեւ երազ մը՝ այն ներկային մէջ ուր կը ծնի՝ չձգտի ա՛յնքան անմիջական գոհացման մը որքան մարմնական պէտքերը կը պահանջեն: Երազները կ’իրականանան՝ ցորչափ ինքնութեան պահպանմանը կը ձգտին, գիտակցաբար թէ ոչ: Եւ իմս ա՜յնպէս էր. անձնապահութեան աւիւն՝ որով կոհակներու եւ տրոփներու մէջ եսս ինքզինքը հաստատեց, ապրեցաւ, իբրեւ անգիտակից ուխտով մը՝ իր տեսակին, հասարակ կենցաղէն տառապող իր տեսակին մէջ յարակայելու:

Եւ ահաւասիկ կը գտնեմ ինքզինքս, հողմակոծ նոճաստուեր պատուհանին մէջ ցոլանկարուած վերացական ու տարաբաղդ ուրուանկար՝ զոր անհնարին իտէակենցաղի մը ցնորքը կը սպառէ, կը ստուերախառնէ եւ ի զուր կ’անջատէ դժնդակ քաղաքակենսութենէն զոր իբր մարդ գուցէ դատապարտուած է ապրելու եւ որ մտիկ կ’ընէ հովին, հովին հուժկու դաշնհիւսքին մէջ ծփուն գաղափարային բաներու զոր գիշերը կը վիպերգէ ժամերով:

Հովը գիշերուան միութենէն, անեզրութեան համայնէն կուգայ ու բազմութենէն, թիւէն զերծո՛ւմ, առանձնացում կը թելադրէ:

Իմ տանջանքս է ընկերութիւնը, ցորչափ ստորնացնող զիջողութիւններ կ’ենթադրէ, իրաւունքներու խօլ վաճառումներ՝ ապուշ պարտականութեանց փոխարէն: Հասարակութեան ամբողջութիւնը կազմուած է խորապէս անհատական, ինչպէս յաճախ նաեւ էապէս մարդկային պէտքերու չարաչար զեղջման շնորհիւ: Միջավայրին համակերպութիւնը որ անոր հաստատութիւնն է՝ ուրացում մ’է՝ (ի՛նչ տառապանք՝ եթէ գիտակից, ) անձին բուն արժէքին. առաջին մանկութեան մէջ ծրագրուած ապագայ մարդուն որ երբեք սաղմին տրամադրածը չէ իրականութեան մէջ, Եսին բոլոր ազատ ու բարերար կարելիութեանց: Աւելի կամ նուազ կորսուած անձնականութիւն մ’է ամեն անհատ: Երանաւէ՜տ սաղմերուն արգանդային կեանքը կը նիրհէ՝ անտեղեակ՝ ու դեռ զե՛րծ այն փոփոխութիւններէն որոնց պիտի ենթարկուի, երբոր ծնին, իրենց դեռ լոկ գաղափարուող կեանքին կոյս ու ներդաշնակ, ու ճիշդ ամբողջը: Անշուշտ քաղաքակրթութիւնը կը ծագի մարդերու բազմապատկութենէն, եւ մենութիւնը «վայրենական» է, բայց քաղաքակրթութեամբ Եսին ճոխացումն, ընդարձակումը՝ Եսին անկախացումը կը պահանջէ: Ճակատագրի ի՛նչ աղքատութիւն՝ եթէ մարդ չըլլա՛յ ընկերային տարրերուն մէկ ընտրական հաւաքոյթը, ընկերութեան մէկ համադրոյթը չըլլայ, ինչպէս ընկերութիւնը մարդուն վերլուծումն է. երբ մարդ չհասնի իր կարողութեանց միահաղոյն մէկ բարձրակէտին, ընկերութեամբ մը շրջապատման յարաբերաբար անկարօտ վիճակի մը, որ անհատին անձնապահութեան բնազդին խուլ իտէալն է, անո՛ր մանաւանդ մատչելի՝ որուն կը զլանայ ընկերութիւնն այն ազատութիւնը որ ի՛ր իսկ ընծայած կարողութեանց կիրարկման անհրաժեշտ էր: Առանձնութիւնն ուրիշ բան չէ այլ նկարագրին, ինքնութեան ազատութիւնը, ազատագրութեամբ մը թշուառութենէն, որ ընկերութեան մէկ սեպհախտը (idiopathie), ընկերութեան մէկ բնակային (endռmique) խօթութիւնն է: Եւ դե՜ռ մարդուն ընկերական էակ ըլլալը կը պատմեն իբրեւ թէ ինքնին բարոյական առաւելութիւն մը ցոյց տային մարդուն վրայ. մինչդեռ մարդուն ընկերականութիւնը հարազատ հետեւոյթ մ’է մարդուն հօրենական կապկողութեան ու երկչոտութեան: Ահա՛ ընկերականութեան բոլոր սրբութիւնը: Եւ այս հիմին անդուլ ներկայութիւնն ընկերական կենցաղին մէջ՝ կը վարէ՜ կեանքը նոյն իսկ անոր որ մերթ պարզմտութիւնը կ’ունենայ յարաբերաբար անկախ կարծելու իր ցաւատանջ ինքնութիւնը:

Ճոխացող, բազմասնուող, կարծես տեսակացող անհատին կեանքի եղանակն է առանձնութիւնը, ինքնեղ, առաքինի, ու բեղուն, ուր չի կրնար իշխանութիւն ունենալ ինքնութենէն կազմիչ տարրեր յապաւող ընկերական հարկը, ուր՝ թելադրականութեամբ, տպաւորականութեամբ իսկ նմանելու, նմանած ըլլալու զայրոյթը չի կրնար զգացուիլ. ուր հոգին կրնայ ծաւալիլ, անկաշկանդ՝ անտառին ծայրը, անտառէն դուրս մենացած ծառերու հզօր ծաւալմամբ, կարենալով իր ուժերը մարզել՝ երջանիկ ինքնութիւնն ապրելու որ այն ատեն միայն դժնդակ է երբ հարկադրուած է պատշաճելու, այսինքն ինքզինքը ժխտելու, եւ որմէ ա՛լ չամչնար մարդ քանի որ բազմութեան տեսողութենէն անմասն՝ իր բնամարդու աչքով կը դիտէ, կ’ըմբռնէ զայն., որու անարգել յայտակերպումները կ’ապրի առանց դառնութեան, որովհետեւ առա՛նց այն երկբայութեան զոր կանխակալ կարծիքներ, ընկերային կենցաղին յատուկ գձուձ չափեր համեստութեան կը թելադրեն: Հոն, առանձնութեան մէջ, բանականութիւնը կը դադրի իր իսկ վրայ գարշազգալէ զուարճալիքը ընկերական ոսկեզօծմանց, որոցմով նողկալի սնոտիքներ կը նուիրագործուին, եւ ա՛լ չի թելադրուիր անզգալաբար սուզուելու մեծարոյ բղջախոհութեան մը քաղաքակրթական շինականութեան մէջ. եւ փորձութիւնները կ’անհետին իմաստասէրի վճիտ՝ յայտնատեսական աղքատութեան մէջ որ ժուժկալութիւնն է, եւ որ հո՛ն կրնայ իշխել այն առողջ լիութեամբը որ յատուկ է իրեն, կենսալի բուրմամբը շնական իմաստասէրներու միրգին, կամ Աշակերտներուն հացին՝ զոր կիսաստուերին խորութեան մէջ աներեւոյթ Յիսուս մը թերեւս օրհնէ: Քրիստոնէական քաղցրութիւն մը, Անհունին տեսիլէն բղխած՝ ինքնաբերուած, Եպիկուրոսի մը անդորրովը զուարթ, կ’ամոքէ հոն առանձնութեան մթնոլորտին կամարացուրտ կալվինայնութիւնը, զոր յօրինած՝ բիւրեղած ըլլան Անհունին օրէնքները: Հո՜ն թերեւս, ընկերութեան ու տիեզերքին հետ աններդաշնակ ու իր խղճին հետ անհաշտ մարդը կրնայ տեսապէս պատշաճիլ ամենուն ու հոն թերեւս կրնայ իր խղճին հետ նոյնիլ: Հոն լուսամուտը կը բացուի տիեզերքին վրայ. եւ անոր դաշնակութիւնները, սարսուռները, երանգները կուգան կը մտնեն հոն իբրեւ ներշնչարանի մը խորը, եւ իտէացած բաղհիւսեալ արձագանգներով կ’անդրաթեւեն անկէ իբրեւ աղօթարանի մը ծոցէն. եւ Գիշերը, երբ աստղերը կայլակէ, բոյրերը, շշուկները, սօսաւիւններն արտաշնչէ ու մեծ լռութիւնը խոկայ՝ հոն կը ծնի, կ’անրջաստեղծէ հոյաթեւ գաղափարներն իբրեւ ճիշդ աղօթքներ: Զգացումը խորագոյն է հոն. խորհրդածութիւնը լայնազատ, յարակարծիքը բնական, յղացումը մեծ: Իր պատկառելի զզուանքը կը մտածէ հո՜ն Միսաքեան. Ալիշանի բարձրախոհանքը հոնկէ «կը դառնայ Արեգին». զինուորներու շռինդէն աներկիւղ՝ Օրէ՛նքը կը գտնէ Արքիմեդէս. Քարլայլի յոռետեսութիւնը հոնկէ է որ ընկերային ծանծաղուտները կը խորաչափէ այն զուարթ դիւրութեամբ որով բարձրացողը միայն կրնայ յատակները զննել. Վոլթէռ իր երգիծանքը կը սլարձակէ նախապաշարումներու եւ անարդարութեանց. Լուտեր՝ իր կաղամարը կը նետէ դեւին ինչպէս իր զայրոյթը կրօնական աւատականութեան. հոն Միլլէի վրձինը, խաչի մը պէս, քրիստոնէական խաղաղութիւնը կը ստուերարկէ վաստակաբեկ հոգիներու. Նարեկացին կոյս կատարելութեան կը ձգտի, բոցեղէն աղօթք. հո՛ն բնութիւնը, լեռները՝ քաղաքակրթութեան մ’ ու դաստիարակութեան մը յղացման կը փոխուին Ռուսոյի իմացականութեան մէջ. իր արտօսրին նշոյլո՜վ աստղերու երկնաշաւիղները կը գծէ հոն Նիութոն. Հիւկօ՝ թշուառութիւնը կը սրբագործէ ովկէանին ձայնին մէջ. Պէթոֆէն՝ անտառին մէջ՝ կ’ունկնդրէ Անհունին զոր մոլեգին կ’իւրաստեղծէ. հոն խորհրդաւոր, ուրուայի՜ն մարդ մը Նմանութիւնը կը մխայ. Յովհաննէս Աւետարանիչը հո՛ն է որ, Պատմոսի անձաւին դէմ հեռանշոյլ Եգեան ծովէն կը կոչէ՜ նհանգղաթեւ Յայտնութիւնը…:

Այն հոգիները, որ ըստ Նիցչէի բացատրութեան «ուժերու կուտակում մ’են», կը ձգտին առանձնութեան իբրեւ միութեան ու ներդաշնակութեան պահպանման, իբրեւ հզօր կեդրոնացման մը բեղմնաւորութեան: Ոյժերը կը կեդրոնանան, կը տրոհուին. հաւաքումները կը ձգտին միութիւններու: Քաղաքակրթութեան իմացական գումարումները կը խտանան զօրեղ խմբակներու, ներոյժ միութեանց մէջ, որ հոն ակումբներ, հոս կարգեր ու անհատներ են, սիւնակայքերէն (pռristyle) մինչեւ մենաւոր, անկախ փիլիսոփան, հովիտներու մէջ ընկղմած վանքերէն մինչեւ հետակորոյս մենարանները. մտաւորական խմբակներու մէջ, որոց ջղային կեդրոնը Քլօբշթօք մը ըլլայ, Կէօթէ մը. Արթեմիսեան սրահներու պչրոտ քաղաքայնութենէն մինչեւ Լէմանին ժեռափունքներուն վրայ թափառական բնամարդուն, Ռուսոյին վայրենութիւնը. սուրբերու, տեսանողներու վայրենական առանձնութեան մէջ. մոգերու ծածկենցաղին, մեմփեան նուիրապետութեան թանձրապարիսպ խորհրդակենսութեան մէջ. Սաքիամունիին անապատականութեանը. Մովսէսին լեռնակեցութեան մէջ. Մեռեալ Ծովուն եզերքներուն վրայ թառած Եսսենեանց առաքինի նախաքրիստոնէութեան մէջ. անըմբռնելի մեկուսացումներուն մէջ որոնք ճշդեցին, լրացուցին Յիսուսը: Մահաժանիսդներուն հետ կը հաւտամ, առանց վհկային երանգի՝ թէ «գերբնական» կարողութիւններ կ’աճին առանձնութեան մէջ, որք սակայն ուրիշ բան չեն այլ զարգացումը մարդուն բոլոր կարելիութեանց. անծանօթ, մոռցուած, գուցէ վախցուած ներմարդուն միատարր ու գեղեցիկ երեւումը:

Հանրային հայեցակէտէն՝ մենութիւնը մերթ բեմ մ’է, որու միջոցաւ իմացական ուժերու ամփոփումը միակ անհատի մը վրայ՝ պիտի վերստին քայքայանջատի բազմութեան մէջ: Անհատական տեսակէտով՝ բազմութենէն ազատագրուող այս մեկուսացումը տիեզերքին լիագոյն ներաշխարհացումն է անոր մէջ որ ամբոխէն կը հեռանայ հանրէութիւնն ընդգրկելու ու մտքին մեծ մերձեցո՛ւմն ընդհանրագոյն գաղափարին, եւ ինքնութեան յետին հանրացմանը բարոյականին: Հո՛ն մտածումը ճշմարիտ բարձրախոհանքը (anagogie) կ’ըլլայ, եւ մինչդեռ, մատռային՝ անձաւային կիսաստուերին մէջ գերզգայնացած բուիճակնային ցայգատեսութիւնը կը սուզի առեղծուածին մէջ, քրմօրէն, խորհրդագիտօրէն., մինչդեռ առանձնութեան բարձունքին մէջ գերասրուած արծուեբիբ լուսհայեցութիւնը ճշմարտութեան կը յառի՝ հոն ամեն շշունջ Յաւիտենութեան պատկառանքը կը ծծէ՝ թելադրելով ճշմարիտ համեստութիւնը կամ ճշմարիտ հպարտութիւնը՝ որոնք միեւնոյն բանն են, հանրացած Եսին ճիշդ գիտակցութիւնը, եւ, տարաշխա՛րհ ուր կատարելութիւնը փթթի, երկնածաղկի երբեք՝ հոն կրնան գիտունը, բանաստեղծը, կրօնաւորը, փիլիսոփան դաւանիլ թէ մտքին բոլոր տարաշաւիղ թռիչները կը ձգտին յանգելու իմաստութեան միայն:

Ո՞վ պիտի տար ինծի, բաբէ՛, խրճիթ մը, Սեւ Ծովուն մէկ վայրենի ափունքին վրայ մէկ խրճիթ մը՝ ուր ես բնակէի, ուր խիղճս բնակէր. իտէացած տիեզերքին անսկիզբ ու անվախճան շշունջներուն մէջ երազուն խրճիթ մը…:

Բայց գիշերը կապուտցեր է. արշալոյսն է արդէն: Լմնցա՜ւ, առտուան յամր, սարսռագին նշոյլը՝ տատանող նոճիներուն ետեւէն, յոռետես համոզման հակումներո՜վ ծռող նոճիներուն ետեւէն ճղքուեր է եղեր:

Գիշերը կը տժգունի, կը հալի ամպոտ աւօտին մէջ որ ահա կ’ելլէ, կը սպառնայ, մղձաւանջի պէս: Օրն է, դժնդա՛կ: Նա՛, նոճիի մը կատարէն որի մը կը կռնչէ, որին իրականութիւնը կը պօռայ:

Կամաց կամաց երանաւէ՜տ ճրագը կը թոռմի: Եւ անզգալաբար լուսաւորուող պատուհանիս մէջ՝ ինքնութեանս, խիղճիս տեսիլը կամաց կամաց կը հիւծի. կ’անօսրանայ. կը ցնդի: