Ներաշխարհ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ

Այս գիրքը գրուիլ սկսած է 1898ին եւ աւարտած՝ 1900ին: Գրքին նիւթերը առնուած են գլխաւորաբար՝ հեղինակին երիտասարդութեան այն փոքր մասէն որ 1894էն մինչեւ 1899 կը տեւէ, եւ որուն մէջ հեղինակը ունեցած է քիչ շատ վիպային ու զգացումներով հոծ կեանք մը: Հետեւաբար այս երկին թերութեանց մէկ մասը վերագրելի է հեղինակին այն տարիքին ուր իր գրքին նիւթերն զգաց եւ ի գիր առաւ զանոնք: Այդ թերութիւնք ըլլան լեզուական յանդգնութիւններ, մերթ անտեղի եւ կանոնազանց, բացատրութեանց խրթնութիւններ, տպաւորութեանց չափազանցութիւնք, իմաստասիրական անորոշութիւններ, եւայլն, կարելի է զանոնք բղխեցնել այն պարագայէն թէ հեղինակը իր ներքին վիճակներուն սաստկութենէն հարկադրուած է հաւատարիմ մնալ անոնց, եւ ոչ միայն անոնց իսկութիւնը արտայայտել՝ այլ նաեւ անոնց գոյացման, երեւման ձեւը. թէ պարզապէս քիչ մը շփացուցած է այդ վիճակները. ինչ որ եթէ խորհիլ կուտայ գրողին անկեղծութեանը՝ բայց կ’ենթադրէ նաեւ անկեղծութեան յատկութիւնները խաթարող անհամբերութիւն մը, եւ մանաւանդ եսականութիւն մը որ անկեղծութիւնը անհանդուրժելի կ’ընէ: Վերոյիշեալ ժամանակին առաքելի են նաեւ հեղինակին ինչ ինչ գաղափարները, որոնք յաչս անոր չունին այլեւս այն երբեմնի կշիռը զոր վերագրած էր անոնց. թերեւս նոյն բանը պէտք է մտածել նաեւ ոճին համար, քանի որ ոճն ալ կրնայ պարագայական վիճակներու, առժամեայ գաղափարաց արդիւնք ըլլալ, քանի որ ոճն ալ գաղափար մ’է: Բայց ինչ որ, վստահօրէն խօսելով, այս գրքին մէջ համեմատաբար հասարակաց է հեղինակին ներկային՝ անտարակոյս գաղափարները չեն անպատճառ, քանի որ անոնք նորանոր հանգամանքներէ կ’ազդուին, նորանոր ծանօթութիւններով կը սրբագրուին, կը փոխուին, ու կրնան ջնջուիլ. այլ՝ հոգեկան խառնուածքը. ընդհանուր տրամադրութիւնները. գլխաւոր ճաշակները. ոգին. ինչ որ վերջապէս կը կազմէ մարդկային զանազանութիւն մը. վասն զի ասոնք նուազ կ’այլայլին: Այս պատճառաւ է որ կարելի է այսօր հրատարակումը 5-6 տարի առաջ գրուած երիտասարդական երկի մը՝ որուն ինչ ինչ երեւոյթներուն՝ հեղինակը նայի այլեւս ա՛յն ակնարկով որով պիտի նայէր՝ պատշաճագոյններու համար այժմ լքուած հնաւուրց իրերու զոր իր կենաց մէջ առաջին անգամ գործածած ըլլար, եւ զոր անցելոյն խոստովանութիւնը եւ թերեւս հին ընտանութիւնն ալ կ’արգիլեն հիմա ջնջել: Բայց թէ իր թերութեանց առջեւ հեղինակին պատճառաբանող գիտակցութիւնը բաւական գրաւական մը կրնա՞յ ըլլալ յետագայ երկերու լաւութեան՝ Ինտրա վստահ չէ այդ մասին. թերեւս ինչ որ ինքը տարիքի մը վերագրելով ժամանակաւոր կը կարծէ՝ տեւական ըլլայ, վերաբերած ըլլալով խառնուածքին ու նկարագրին. կամ միւս կողմէ՝ գուցէ այդ պակասութեանց բարձումը կարելի ըլլայ ինչ ինչ յատկութեանց նուազմամբ…: Այս կէտերը կը ճշդուին բոլորովին՝ Ինտրայի գրելէ դադրելովը միայն, կամ անոր մահուամբը զոր ինքը ամեն բանէ աւելի կը տենչայ, ա՛յնքան՝ արդէն մահուան հետաքրքիր՝ միանգամայն կը բաղձայ ճիշդ դատուիլ, եւ պէտք ունի սիրուելու:

Տ. Չ.

1905 Սեպտեմբեր