Վարժապետը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Ամառուան տօդագին օրերն էին. շլացուցիչ արեւը լուսեղէն անշարժութիւն մը տուած էր բնութեան. հակառակ որ դեռ առաւօտեան առաջին ժամերը հազիւ անցած էին, միջօրէական հեղձուցիչ տաքութիւն մը կը ճնշէր բոլոր կենդանի արարածներուն վրայ։

Այդ պահուն գիւղին զառիվերը կը բարձրանար հազիւ երեսուն տարեկան մարդ մը, որ առաջին ակնարկով շատ աւելի տարեց կը թուէր. իր հիւծած եւ տժգոյն դէմքը երկար ատենէ ի վեր պահուած թուղթերու յատուկ դեղնութիւնը ունէր որուն վրայ աչքերը շարունակական անձկութեան մատնուած մարդու շուարուն եւ միանգամայն համակերպած նայուածքը ունէին. մազերը եւ պեխերը՝ արդէն ճերմակ թելերով խառնուած, ստացեր էին այն անփայլ եւ անգոյն տարտամութիւնը որ գէշ սնած մարդոց եւ կենդանիներուն յատուկ է. խոշոր քիթը, թեթեւ մը արծուային, քիչ մը կորով կը դնէր այդ չքացած դէմքին վրայ բայց շրթները չոր, փուլ փուլ դարձած մորթով եւ կապտորակ գոյնով կ’ամբողջացնէին իր դէմքին թշուառութեան տպաւորութիւնը։

Անիկա հագած էր երկար ատենէ ի վեր մաշուած հագուստ մը որուն սկզբնական գոյնը դժուար էր որոշել բայց ցոյց կուտար միանգամայն խնամքով եւ ճարտարութեամբ իրեն ապահովուած երկարակեցութիւնը. կօշիկները նոյնպէս թէեւ մաշուած եւ կարկատուած, մաքուր եւ փայլուն էին որոնց ողորկ մակերեսին վրայ ճամբուն փոշին կը դիզուէր առանց տեղաւորուելու։ Ձիւնափայլ շապիկը, օձիքը եւ թեւնոցները անտեղի պարճանքի մը պէս ի վեր կը հանէին այս անանուն թշուառութիւնը եւ տեսնողը կը տատամսեցնէին։

Ի՞նչ կարգի տառապանքներու եւ մտահոգութիւններու ենթարկուած մարդ մըն էր անիկա. մոլութի՞ւնը թէ գաղտնի ախտ մը իր սուր նշդրակով գծեր էր խոժոռ եւ դառն գիծերը այդ դիմագծութեան։ Այդ դէմքին եւ այդ մարմինին վրայ չէին երեւար սովորական տխրութիւններու եւ դիւրութիւններու կնիքը. անիկա կարծես դուրս կը գտնուէր ճակատագրին բնականոն օրէնքներէն եւ տարբեր կարգի դասաւորում մը անհրաժեշտ էր բնորոշելու համար իր յատկանիշները։

Անիկա հայ վարժապետ մըն էր Գաբրիէլ Մանտիկեան անունով, երեք տարի առաջ այդ զառիվերէն իջած ելած էր շաբաթը չորս անգամ եւ ահա երեք տարի վերջը կրկին կը բարձրանար հոնկէ... ուրեմն մոռցե՞ր էին իր ոճիրը... իր մեղքերը։

Ժամացոյցը հապճեպով հանեց գրպանէն ժամը նայեցաւ ու աւելի աճապարեց. իր պարապ թեւերը կը ճօճէին կքած մարմինին երկու կողմերէն. իր վտիտ սրունքներուն ամէն մէկ շարժումին տափատը թոյլ եւ լայն ծալքերով կը խաղար անոնց վրայ. րոպէ մը կեցաւ շունչ առնելու համար, ֆէսը բարձրացուց իր հերաթափ ճակատին վրայ եւ գրեթէ դողդոջուն ձեռքերով թաշկինակը հանեց գրպանէն եւ սրբեց ճաւատը, երեսները ու աչքերը...

Իր դիմաց, իր ետեւը, ամէն կողմ լուսեղէն շոգիի մը մէջ ամէն գիծ եւ հեռանկար կը կարսուէր, կը տեսնար միայն նոճիները իրենց ցից եւ ուղիղ կեցուացքով, որոնց մութ կանանչ ճիւղերը կապտորակ թրթռացում մը ունէին լոյսին գերագրգռութեան մէջ. անհամար բզէզներու սեւ երամներ երբեմն կ’անցնէին ու կ’երթային իր գլխուն վրայէն վայրկեան մը մթնցնելով իր ընդլայնած բիբերը. բայց ոչ մէկ բզզիւն, ոչ մէկ ձայն չ’էր լսուէր. ճանբուն վրայ, իր դիմաց, երկու դեղին շուներ, կողերնին խոռոչացած, աչքերնին մոլորուն, լեզունին դուրս եւ լորձունքոտ, կը հեւային ոգեւարներու պէս։

Վհատութեան անսահմանելի եւ ընկճող զգացում մը ճնշեց իր հոգին իբր սովորական վիճակ իր տրամադրութիւններուն բայց յանկարծ յիշեց որ բան մը փոխուած էր վերջապէս իր կեանքին մէջ. հաշտութեան եւ փրկութեան ոստ մը կը ներկայացնէին իրեն. նամակ մը ստացած էր իր նախկին մէկ պաշտօնակիցէնզինքը պաշտօնի հրաւիրող եւ կ’երթար բանակցելու պայմաններուն վրայ... երեք տարի ետքը՜... երեք անպաշտօն եւ թշուառ տարիներէ ետքը։

Այս գաղափարէն քաջալերուած սրունքները ամրացուց եւ ճամբայ ինկաւ կրկին. քիչ ետքը աչքին առաջք պարզուեցաւ հայ թաղին հոծ տուները, բաց պատուհաններու ճերմակ վարագոյրներու մէջտեղէն ընդնշմարեց ներքնամասեր, հանդարտ եւ մաքուր անկիւններ ու ասդին անդին, տանտիրուհիի մը գիրուկ սիլուէդը։ Տարեկան քննութեանց միջոցին ըլլալով, դպրոցական տղոց մէկ մասը ազատ էին եւ փողոցներու մէջ կը հանդիպէր անոնց որոնք աղմկալի խանդով մը խաղերու զբաղած էին։

Կը տեսնէր արդէն զանգակատան ճերմակ աշտարակը ու աւելի կ’աճապարէր. անցած ատեն կիսաբաց դուռներէ իր ականջին կուգային կնոջ եւ աղջկան թարմ ու հնչուն ձայներ եւ երբեմն քրքիջներ. մօտ տեղէ մը լսեց թափուած ջուրի շառաչիւն մը եւ զովութեան, մաքրութեան, հանգստութեան ծարաւով համակուեցաւ իր տանջուած էութիւնը։

Ինչ որ ալ ըլլային պաշտօնին պայմանները պիտի ընդունէր ինքը. այդ բանին վրայ հաստատ հաւատք ունէր, ինչքա՛ն ալ քիչ ըլլար փոխարինութիւնը, առարկութիւն չպիտի ընէր անշուշտ։ Երեք տարի ապրած էին առանց հաստատ հասոյթի, ապրած էին ամէն երեւակայութենէ վեր նեղութիւններով, օրը օրին, վաղուան հացին անստուգութեան մէջ. ուրեմն ինչքա՛ն ալ քիչ ըլլար առաջարկուածը, դարձեալ բարեբաղդութիւն մը պիտի ըլլար իր խոնարհ ընտանիքին համար։

Նորատեսակ գոհունակութիւն մը կ’երեւէր իր շուարուն աչքերուն մէջ որոնց անփայլ բիբերը կարծես լոյս կ’ստանային, բայց ահա՛ դպրոցին շէնքը, իրեն ընտանի դուռը եւ այն զգացումը թէ ո եւ է անակընկալ եւ չնախատեսուած դժուարութիւն կրնայ ծագիլ՝ զինքը ահաբեկեց։

Հոս է՞ տեսուչը։

Տնտեսը նոյնն էր, տարիներէ ի վեր իր բնագաւառէն տարագրեալ պանդուխտ մը, հաստատ եւ կորովի երիտասարդ մը, որ բառին իսկական նշանակութեամբ փտտեր ու ծերացեր էր այն խոնաւ, անլոյս եւ անօդ նկուղին մէջ որ իրեն իբր բնակութեան խուց յատկացուցեր էին. անիկա նայեցաւ վարժապետին ու կարմիր գօտին շարունակելով ամրապնդել մէջքին վրայ, յանկարծ գոչեց.

Ա՜յ, դուն ե՞ս, միւսի՛ւ, ինչպէ՜ս փոխուեր ես. Աստուած վկա՛յ քեզ չպիտի ճանչնայի ուրիշ տեղ... ձայնէդ յիշեցի...

Է՜հ փոխուեր եմ, Սարգիս աղբար, ամէնքս ալ փոխուեր ենք... ժամանակը կանցնի ու մեզի համար օրերը տարիներու պէս են։

Սարգիս աղբար համամտութեամբ գլուխը շարժեց եւ դառնութեամբ հառաչեց քանի մը անգամ եւ վերջապէս Մանտիկեանի առաջին հարցումին պատասխանելով ըսաւ առանց աչքերը բարձրացնելու։

Վերն է տեսչարանը։

Նողկալի ու վատառողջ մթնոլորտ կար դպրոցին մէջ ամենուրեք. ճեմիշի, փոշիի եւ ածխային թթուի խառն եւ տարտամ հոտ մը կը ծանրանար հոն բայց Մանտիկեան հաճոյքով կը ներշնչէր այդ օդը. կարծես երկար ատենէ ի վեր անկէ զրկուած ըլլալը այդ պահուն կ’զգար եւ այդ վաղեմի զգայնութիւններու յիշատակովը դղրդուած՝ փղձկում մը զգաց. եթէ ինքզինքը չզսպէր պիտի լար. սանդուղներէն կը բարձրանար կուրծքին մէջ խեղդած հեծկլտանքներով եւ անսպառ երախտապարտութիւն մը կ’զգար ինքն ալ չ’էր գիտեր արո՞ւ, ի՞նչ բանի։

Նոյն միջոցին երկու մանչեր ոստոստելով դիմաւորեցին զինքը. խեղճուկ տղաքներ էին. արմունկներնուն եւ ծունկերնուն վրայ կը կրէին այն անխուսափելի պատռուածքները որոնք աղքատ դպրոցականներու հագուստներուն յատուկ են։ Բայց երկուքն ալ թէեւ տարբեր տիպարներ, հժկու, տոկուն եւ զուարթ էին ու մանկական անսպառ խանդավառութիւն մը կը կայծկլտար անոնց աչքերուն մէջ. երեք տարի առաջ, իր ժամանակը ասոնք չկային եւ հետեւաբար ինքն ալ անծանօթ էր անոնց բայց տղաքը կարծես զգացին վարժապետը իր մէջ եւ կեղծ յարգանքի չարաճճի ձեւով մը կեցան սանդուղին երկու կողմը, թողուցին որ անցնի անիկա ու յետոյ նետուեցան աստիճաններուն մէջ բարձրաձայն խնդալով։

Աւելի բարկ փոշիի խաւ մը անոնց քրքիչներուն հետ հասաւ մինչեւ իրեն եւ անիկա ձռելով պարապին մէջ ոլորապտոյտ սանդուղին ստորոտներէն նշմարեց տղոց գռուզ եւ հոծ մազերով գլուխները եւ երկու զոյգ բոցեղ աչքեր որոնք զինքը կը փնտռէին հետաքրքրութեամբ. անոնց ծանրութենէն ձեռքերուն մէջ դողդղացող բազրիկը թողուց եւ ինքն ալ սկսաւ խնդալ ուրախութեան եւ տխրութեան խառն զգացումով մը։

  Ապակեպատ դրանը ետեւէն, տեսչարան մտնալէ առաջ տեսաւ տեսուչին ճաղատ եւ փայլուն գլուխը որ օրագրութեան մը վրայ հակած՝ դիւանապետի մը լրջութեամբ բան մը կ’որոնէր։ Բայց երբ ինքը սրահ մտաւ, տեսուչը Մաթոսեան Նշան էֆէնտի, գործը ձգեց, դէպ իրեն եկաւ, ձեռք տուաւ ու խօսեցաւ հապճապով։

Ա՜հ, դուք է՞ք, լա՛ւ, շատ լա՛ւ. պարոն Ներսէս խօսեցաւ ձեր մասին. նախկին աշխատաւոր մըն էք կարծեմ... լա՛ւ, շատ լա՛ւ։

Կը խօսէր անիկա առանց գլուխը վերցնելու եւ կարծես կ’արտասանէր բերնի վարժութիւն եղած բանաձեւ մը. իր պարարտ եւ անգոյն անձին վրայ մեռելական անշարժութիւն մը կար. յայտնի էր որ տղաքը եւ պաշտօնեայները պատկառելու էին իրմէ, խրտչելով այն անկենդան ցրտութենէն։

Այդ պահուն Մանտիկեան չ’էր դիտէր զայն մանրամասնօրէն այլ ընդհանուր տպաւորութիւն մը կը կրէր. անոր նայուածքը ծածկուած էր ակնոցին տակ եւ այդ պահուն լոյսը արտացոլալով անոնց ապակիներէն բոլորովին անտեսանելի կը դարձնէր աչքերը։

Նշան էֆէնտի յուշիկ եւ զգուշաւոր շարժումներով անցաւ սեղանին անկիւնէն, նստեցաւ իր աթոռին վրայ եւ Մանտիկեանը հրաւիրելէ ետքը որ նստի սկսաւ բացատրել։

Մեր պաշտօնեայներէն մէկը, մնայուն դաստիարակ մը, պիտի հեռանայ մեր դպրոցէն, իր տեղը թափուր կը մնայ եւ անոր տեղ ձեզի կը հրաւիրենք այդ գործին։

«Եթե Նեմզուրը ուզէ այս թաղը կը փոխադրուինք» մտածեց մանտիկեան ներքին ուրախութեան ճառագայթումի մը մէջ։

Անշուշտ թէ ձեզի պէս փորձառու պաշտօնեայ մը գոհացնելու...

Հոս հազացտեսուչը եւ շուրջը նայեցաւ, յայտնի էր որ նեղը մնացած էին բայց չ’էր ուզեր յայտնել ասիկա որպէսզի ուսուցիչը չափազանց պահանջումներ չունենայ։

Դպրոցին պիւտճէն, շարունակեց կարճ ընդհատումէ մը ետքը Նշան էֆէնտի, թոյլ չտար մեզի որ մեր փափաքածին պէս ընենք. բայց կը յուսամ որ...

Հոգ չէ՛, հոգ չէ՛ կակազեց Մանտիկեան անխոհեմութեամբ։

«Կ’երեւի չորս հարիւր ղրուշի կը համաձայնի մտածեց տեսուչը կայծակի արագութիւնով որով որոշուած 500 ղրուշէն բան մը աւելնալով կրնամ իմ թոշակիս յաւելումին պահանջը դնել այս տարի հոգաբարձութեան»։

Գործը շատ դժուար չէ աւելցուց, նիւթէն շեղելով, տղաքը լաւ պատրաստուած են. այցելու ուսուցիչներ մեծ օժանդակ մըն են ձեզի. դուք պիտի աւանդէք վարի դասարաններուն այլ եւ այլ ճիւղեր... ինչ որ մնա՜յ... շաբաթը 36 ժամ... ու պիտի օգնէք նաեւ հսկողութեան։

Գիտե՛մ, գիտե՛մ ըսաւ Մանտիկեան անհամբերութեամբ։

Մէկ խօսքով դուք օգնականը պիտի ըլլաք ընդհանուր դաստիարակին։

Մեծ ժխոր մը ընդհատեց իր խօսքերը եւ ահա լսուեցաւ դասի ժամուն լրանալը ծանուցանող զանգակը. դասարաններուն դուռները շառաչմամբ բացուեցան եւ մանկական ալիք մը բազմատեսակ, բազմաձայն եւ եռացող, դուրս խուժեց բոլոր դուռներէն. վարժապետի մը անօգուտ եւ ճչացող ձայնը կը լսուէր։

Լռութի՛ւն... կարգ եղէ՛ք...

Անկարող զայրոյթի եւ կատաղութեան աղաղակ մը խեղդուեցաւ տղայոց ժխորին մէջ. ամբողջ շէնքը դղրդուեցաւ անոնց քայլերու թնդիւնէն։

Տասը վայրկեանի հանգիստն է, ըսաւ տեսուչը ջանալով արդարացն. քննութեան մէջ են, կէս մը արձակուրդ կը սեպուի։

Բայց Մանտիկեան գրեթէ չ’էր լսեր ու չ’էր զգար. Անիկա միայն կը խորհէր որ իր երեխ տարուան մարտիրոսութիւնը վերջ մը գտած էր, թէ իր կինը ու մատղաշ զաւակը անհրաժեշտ պէտքերէ զերծ պիտի ըլլային այլեւս, թէ շատ համեստ բայց ապահովուած կեանք մը պիտի ունենային եւ անհամբերութեամբ կ’սպասէր որ տեսուչը վերջ մը դնէր իր վերապահութիւններուն եւ թոշակին մասին խօսէր, որպէսզի ամէն բան վերջանար։

Առ այժմ, ձեր պաշտօնին համար։ ըսաւ վերջապէս տեսուչը տատամսելով, որոշուած է 400 ղրուշ։

«Ամառը չանցած Նեմզուրին հագուստ մը կը շինեմ» խորհեցաւ Մանտիկեան երջանկութեան մէջ վերացած։

Համմէ՛…

Յանկարծ ինքզինքին եկաւ, մտածեց որ իր լռութիւնը կրնար մերժում մը նկատուիլ եւ փութաց ըսելու։

Շատ լա՛ւ, շատ լա՛ւ, տեսուչ էֆէնտի։

Սանդուղներէն կ’իջնէր այն խելայաղ ուրախութեամբ որուն ենթակայ են անոնք որ երկար ատենէ ի վեր չեն ուրախացած. իր նիհար, գունատ դէմքը ծամածռուած էր մոռացուած ժպիտի մը մէջ, իր վտիտ անդամները նոր դիւրաթեքութիւններ ստացեր էին։ Մանկական հոսանքը զինքը դիմաւորեց եւ անիկա ամենուն ժպտեցաւ, մազերնին շոյեց եւ հազիւ ինքզինքը ազատեց։ Բայց երբ դուռնէն դուրս պիտի ելնէր տեսաւ նիհար եւ սիրուն երիտասրդ մը, սեւ մազերը խնամքով յարդարած. անիկա կը կրէր առաջնակարգ դերձակի ձեռքէն ելած գորշ հագուստ մը, ինչ որ իր վիճակին մէջ եղող մէկու մը համար չափազանց կարելի էր համարել, եւ որուն քաղցր, երազուն աչքերը սեւեռեցին իրենները։

Մնաս բարով Սարգիս աղբար…

Տնտեսը իր յօդացաւէ կարկամած ծանր ոտքերը քաշքշելով մօտիկցաւ իրեն եւ ականջն ի վար փսփսաց։

Աս վարժապետն է որ պիտի երթայ, անոր տեղը պիտի գաս դուն։