Աբուսահլ հայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

« ՏՈՒՐԱՅԻ վանք եւ եկեղեցին. Բրտի վանք անուանեալ վանքն՝ նուիրուած է Ս. Մերկիւրիոսի. կ՚ըսուի թէ եւ յանուն Ս. Թէոդորոսի այլ կոչուած է: Կայ հօն եւ եկեղեցի մի յանուն փառաւորեալ Ս. Գէորգեայ, Տուրայի վի. ճակին մէջ, (Նեղոս) գետոյն (աջ) եզերքը, (Այգեստանէն հազիւ երկու մղոն հեռի, ի հարաւակողմն)։ Եկեղեցին փոքր էր քանի որ յակոբիկ Ղփտեաց ձեռքն էր։ Բայց երբ Գրիգոր պատրիարքն (կաթողիկոսն) Հայոց եկաւ յԵգիպտոս, եւ Հայք (իրենց ազգակից վէզիր) Ամիր ալ-ճիւյիւշ Պատրի չորս կողմ ժողովեցան, Յակոբկաց Անպա (Հայր) Կիւրեղ պատրիարքի ատեն, եւ Տուրայի վիճակն տրուեցաւ Հայոց, ասոնք առին զեկեղեցին եւ փլուցին, եւ անոր տեղ մեծ ընդարձակ եկեղեցի մի շինեցին՝ շատ գմբեթներով, եւ կոչեցին յանուն Ս. Գէորգայ. վրան այլ աշտարակ մի կանգնեցին (իբր զանգակատուն), որոյ դուռն եկեղեցւոյն միջէն  էր. եկեղեցւոյն չորս դին այլ պատ քաշեցին. այն շրջապատին մէջ կար աղբիւր մի եւ ջրաղացք մի եւս. Եկեղեցւոյն չորս կողմն այլ կար տեղ նարընջենի ծառոց եւ երկու տուվայրէ, են պտղատու արմաւենիք, եւ ուրիշ ծառեր: Երբոր Հայոց վրայ փորձանքներն եկան, եկեղեցին նորէն դարձաւ Յակոբկաց, Անպա Մարկոսի պատրիարքութեան ատեն, որ առաջ կոչուէր Ապու՚լ Ֆարաճ իպն Զարահ, եւ էր ՁԳ ի յաջորդութեան (պատրիարքաց Աղեքսանդրիոյ)։ Ուրիշ գրուածի մը մէջ կ՚ըսուի, թէ Ս. Գէորգայ վանքն ի ձեռք բերաւ Ապու Եասիր քահանայն, աւելի ճանչցուած իպն ալ Քուսդալ անուամբ, եւ հանդիսապէս թաղուեցաւ յամին 559 (Քրիստոսի 1164) ի Բաումա ամսոյն, ի պատրիարքութեան Անպա Յովհաննու, հաւանութեամբ Հայոց ։ Ապու Եասիր՝ եկեղեցւոյն վերնայարկին վրայ եկեղեցի մ՚այլ շինեց յանուն Սուրբ Մինասայ, եւ ուրիշ մի այլ յանուն մեծի Ս. Յովհաննու Մկրտչի եւ Գրիգորի. այս ետքի եկեղեցիս կենդրոնական մեծ եկեղեցւոյն հարաւակողմն էր, Հայոց վանաց մէջ ի Տուրա, եւ օծուեցաւ ի 10 Բաումա ամսոյ, յամի 902 իրաւափառ Մարտիրոսաց (1181  Քրիստոսի), շինութեան ծախքը նախ վճարեց իպն Մաշքուր, ի ժամանակի օծմանն «Ապու Մանսուրէ, որ եւ էր վերակացու շինութեան պարսպաց Գահիրէի եւ Մսրայ։ Այս վանաց մէջ կայ աշտարակ մի, աղօրիք մի, եւ պարտէզ մի, որ Հայոց ստացուած էր, եւ երբ անոնցմէ ելաւ, Յակոբիկք ստացան, 600 թուականէն ետեւ (Քրիստոսի 1204)։ Երբ Ապու Եասիր մեռաւ, վանքն եղաւ ստացուած իր աշակերտաց եւ Ղփտեաց, եւ այսպէս մնաց մինչեւ մեր ատեն»։

Այդ 1204 թուականէն ինչուան Աբուսահլի գրութեան ատեն, ինչպէս յառաջաբանիս մէջ տեսանք, շատ տարի չէր անցած, յետոյ Տուրայի վանաց եւ եկեղեցւոյ ինչ ըլլալը՝ քննելի է Բըտլէրի գրոց մէջ: Մենք մտաբերել տանք՝ որ այդ տեղւոյ յիշեալ փոքր եկեղեցին՝ յանուն Ս. Գրիգորի՝ անտարակոյս էր Լուսաւորչին մերոյ, զի եւ վկայուի ի ձեռս Հայոց ըլլալն: Երկրորդ մտաբերելին է՝ մեծագոյն եկեղեցւոյ շինութիւնն եւ վանաց պայծառութիւնն, շնորհիւ մեծազօր Հայ վըզրկին (Պատր ալ-Ճամալի կամ Ամիր ալ-Ճիւյիւշ) եւ մեծափայլ Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսի։ Տեղեացս մօտ լերանց գագաթում՝ Ալ-Քուսայիր վանաց Մելքիդաց եկեղեցիները ստորագրելու ատեն՝ կու յիշէ Աբու սալ Գահիրէի պարիսպներու շինութիւնը Ալ–Մուսդանզիր խալիֆայի եւ Ամիր ալ Ճիւյիւշ Պատրի ատեն. այս տեղ ծանօթարարն յիշէ ըստ Մաքրիզեայ, որ նախ Ալ–Միւիզզ խալիֆայի ատեն շինուեցան պարիսպք Գահիրէի, յամի 969–70, բայց դար մի վերջը 1087, մեր Պատր վզուրկն՝ փլուց զանոնք եւ աւելի ընդարձակ շինեց, Յովհան կրօնաւորի մի վարպետութեամբ, որ Քուսայիրի եկեղեցեաց մէկին մէջ թաղուած է: Դար մ՚այլ վերջը՝ Սալահատտին նորոգեց եւ մէկ կողմէն ընդարձակեց. իսկ հիմակուան վիճակի մէջ՝ աւելի Պատրի շինութեան մնացորդը կ՚երեւին քան ուրիշներուն»։ 

Պատրի յիշատակ մ՚այլ կ՚ընէ Աբուսահլ՝ Նուբիոյ տեղագրութեան մէջ. երբ յիշէ այդ երկրին Սողոմոն թագաւորը, որ քաղաքական հոգերը թողլով, Ս. Ոնոփրիոսի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ աղօթ. քով կ՚անցընէր ժամանակը, երբ այս բանս իմացուցին Մուսդանզիր խալիֆայի

«Ամիր ալ-Ճիւյիւշ Պատր վզուրկ՝ մարդ խաւրեց եւ բերել տուաւ զնա ի Գահիրէ. եւ երբ հասաւ քաղքին դրան, մեծ հանդիսիւ եւ պատուով եւ երաժշտաց գունդով մի ընդունուեցաւ. ընտիր հեծնելու  ձի մ՚այլ ղրկուեցաւ իրեն. հրամմեց (վզուրկն) տէրութեան պատուաւոր անձանց` որ աղէկ հոգան զնա. եւ յետոյ բնակեցուց վայելուչ տան մէջ, ճոխաբար զարդարած մարմար քարամբք, քանդակագործ տախտակներով, գոյնագոյն եւ ոսկեթել հիւսուած դիպակներով։ Տարի մի ապրեցաւ նա այս տեղ եւ վզուրկն ստէպ կ՚երթար զինքը տեսնելու, այլ եւ այլ իրաց վրայօք խօսելով հետը, եւ ուշ դնէր անոր ըսածներուն. եւ կու տեսնէր որ նա միայն փափագէր Աստուծոյ, որում փառք եւ գովութիւն, - բոլոր սրտով եւ մտօք հրաժարելով ամեն մարդկային բաղձանքներէ։ Այսպէս տարի մի ապրելով թագաւորն՝ մեռաւ, եւ թաղուեցաւ ի վանս Ս. Գէորգայ յ՚Ինանտաք (յարուարձանս Գահիրէի) ի պատրիարքութեան Կիւրղի ԿԶ պատրիարքի. գերեզմանն եկեղեցւոյ պարսպին մէջ է, մoտ ի դուռն եկեղեցւոյն, մտնողին աջակող մը: Եւ կոչուեցաւ Սուրբ թագաւոր»։

Պատրի ստէպ երթալ տեսնուիլն եւ ուշադրութեամբ մտիկ ընելն այդ բարեպաշտ թագաւորին խօսից, գուշակել տայ իր խղճի տագնապը կամ երկմտութիւն մի. վասն զի ինքն այլ երկմիտ եւ կէսկէս էր, կէս Քրիստոնեայ եւ կէս մսլիման. եւ այնքան  քրիստոնէից պաշտպանելն եւ եկեղեցւոյ մէջ թաղուիլն (ինչպէս առաջ յիշեցինք), երեւցընէ, որ թէ արտաքուստ չէր, ներքուստ իր հայրենի կրօնքը չէր ուրացեր: Խորագէտ մարդ, զգաստ պաշտօնեայ, քաջ սպարապետ, փառաւոր իշխան եւ վզուրկ, նեցուկ պետութեան Եգիպտոսի, եւ գրեթէ վարիչ՝ 20 կամ աւելի տարի, բայց ոչ կատարեալ արիասիրտ, զի ոչ պարզահաւաո՝ առաջի մարդկան. գոնէ իր վերջի մտածութիւնն մեզի անյայտ, Աստուծոյ յայտնի։ Իր մահն հանդիպեցաւ յամին 1094. աշխարհօրէն ոչ միայն մեծ փառօք եւ համբաւով, այլ եւ յարգանօք եւ սիրով. որով՝ իր յաղթութեանց առաջնորդուած զօրականք՝ մէկէն իրեն տեղ հռչակեցին եւ նստուցին վզուրկ իր որդին, Շահնշան Ապու՚լ Խասիմ, որ հասարակօրէն յԱրաբաց Ալ–Աֆտալ կամ Աֆսալ կոչուի, եւ երեք խալիֆայից ատեն իբր 30 տարի վարեց իր մեծ իշխանութիւնը հօրը նման, նա եւ ըստ հաւատոց. բայց ոչ անոր պէս խաղաղ վախճան ունեցաւ, այլ սպանութեամբ, յամի 1122։ Մաքրիզի եւ ուրիշ Արաբացի պատմիչք շատ անգամ յիշեն զնա, իսկ Աբուսահլ ի ստորագրելն զվանքն Թամվայիհ, որ ի հարաւակողման Տուրայի, կ՚ըսէ.

«Շահնշահ շատ հեղ կ՚իջեվանէր այս վանքիս մէջ, եւ ատեն կ՚անցընէր խառնափնդոր ու վայրապար, վանքին քով այլ պարտէզ մի յարդարեց, ամեն տեսակ ծառ եւ արմաւենիներ տնկելով. աղբիւրներ այլ փազցուց, վրանին ջրադարձ անիւներով. թանձր ցանկով մ՚այլ շրջապատեց պարտէզը: Վանացս տարեկան հարկն առ գանձարան տէրութեան՝ 11 դենար էր. յետոյ այս հարկս դադրեցաւ, եւ անոր ստակով ձիթահանք շինեցին վանաց պարսպին մէջ, ամենայն մասամբք կատարեալ։ Վանքն 47 ֆէտզան (իբր 200 հազարչափ քառակուսի երկիր կալուած ունէր, զոր գրաւեցին Ղուզք եւ Քուրդք՝ Նասր Եուսուֆ (Սալահատտինի) թագաւորութեան ատեն։ Այս վանացս մէջ հանգչէր մարմին . ) Պափնուտիոսի, որ վանացս առաջնորդ եղած էր, եւ տօնն կատարուի ի 15 Ամշիր ամսոյ. պատկեր մ՚այլ կար այս տեղ` Տիրամօր անարատ կուսին Մարիամու: Ալ–Աֆտալ (Շահինշահ) այն տեղ` շինուածքին վերնայարկին մէջ՝ նստած կու զուարճանար»:

Աբուսահլ ուրիշ տեղ մի՝ Համրա թաղին մէջ Ս. Ոնոփրիոսի վանքը ստորագրելով, կու յիշէ Շահնշահի գրագիրը,

«Շէյխ Ապտու՚լ Ֆատլ Իպն Ուսքուֆ  կոչուած, որ հանապազորդէր աղօթելու ի այս եկեղեցւոյս մէջ եւ հաղորդուելու, եւ յետ հաղորդութեան ամէն օր որ գար՝ քահանային համար պնակին մէջ դենար մի կու ձգէր, անոր պաշտօնակատարութեան եւ անոյշ ձայնին հաւնելով։ Այս քահանայն՝ Պահր ալ-Ճիզէ (ծովակին) մէջ խղդուեցաւ, Աստուած հանգիստ պարգեւէ հոգւոյն»

Եգիպտոսի ուրիշ արաբագիր պատմիչք աւելի երկար այլ պատմեն Աֆտալի մահը եւ գործերը, որոց մէջ նշանաւոր է՝ Երուսաղեմի Ա. Պալտին թագաւորին հետ կռուիլ եւ զինադուլ ընելն, յամի 1115։ Իսկ իր մահուան պատճառ էր իր մեծ եւ համարձակ իշխանութիւնն. ուսկից վախնալով Ամէր խալիֆայ, փորձեր է, կ՚ըսեն թունով մեռցընել. եւ չյաջողելով, այն ատեններ անուանի Սրիկայից կամ իշխանասպան Աւազակաց ձեռօք՝ գաղտուկ սպաննել տուեր է, կամուրջի մի մօտ նեղուց տեղ մի. ուր որ յետոյ (1129–30) զինքն այլ սպաններ են ընկերք նոյն աւազակաց, գրգռուած Աֆտալի հօր եւ իր բարեկամներէն։ Սորա սպանուելէն ետեւ՝ Ամէր բանտել տուեր էր անոր Ապուհալի Ահմէտ որդին, եւ գրաւեր ստացուածքը, որ զատ տեսակ տեսակ նիւթերէ, զուտ ստակ չորս միլիոն ոսկի ունէր: Ամէրի սպանողք՝ հանեցին զԱպուհալի ի բանդէ, եւ վզրուկ ու զօրապետ կարգեցին իր հօր  եւ պապուն նման։ Անոնցմէ աւելի իշխանասէր եւ յանդուգն երեւցած համարուի սա. իբր զի, Ամէր արու զաւակ չունէր, եւ ըստ իրենց օրինաց կանայք չէին թագաւորեր. եւ զի իր կինն յղի էր (իր սպանուած ժամանակ), սպասէին Եգիպտացիք իրենց բաղդին, Ապուհալի այլ իրենին: Կինն ծնաւ աղջիկ. Ամէրի եղբայրն Հաֆըզ՝ իսկոյն յաջորդեց. եւ տեսնելով որ Ապուհալի բոլոր իշխանութիւնը եւ գրեթէ գահն ալ գրաւել կ՚ուզէ, տարի մի չանցած՝ (1130-1) սպաննել տուաւ զնա։ Անունէն յայտնի է որ սա այլ իր հօր պէս մսլիման էր, եւ չափազանց իշխանասիրութեամբն՝ կենացը հետ իր հարց յիսնամեայ վզըրկութեան այլ վերջ տուաւ