Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
Նոր Պահլաւունիք. Գրիգոր Մագիստրոս Վահրամ Գրիգոր Բ Վկայասեր Soնամակ Գիրք. Կիրակոս թարգման. Թղթակցութիւն եւ յարաբերութիւն Գր. Վկայասիրի ընդ Գրիգորի Է Հռոմայ Քահանայարպետի։ Հակաթոռ կաթողիկոսք։

 

Ինչպես տեսանք ազգագրական պատկերին մէջ, Պահլաւունեաց նախախնամեալ ցեղն յետ իբր  500 տարի ծածկուելու, իբրեւ կայծակ մը մոխրոց ներքեւ է՝ Ժ. դարուն մէջ Բագրատունեաց հարըստութեան ատեն՝ վերայայտնեցաւ, ասոնց օգնական ըլլալու. եւ ՚ի վարձ հաւատարմութեան պատուելով՝ իշխանաց մէջ առաջնութեան պատիւը ստանալու։ Գրիգոր Համզէի որդիքն, եւ մանաւանդ Վասակ եւ Վահրամ՝ 60 տարի Հայոց տէրութեան նեցուկ եւ միաբանութեան կապ եղան, Վասակ Սկիւթացի Թուրքաց հետ պատերազմելով եւ վռընտելով՝ երբոր յաղթութեան ասպարիզին մէջ առանձնացեալ երկրպագությամբ Աստուծոյ գոհութիւն կը մատուցանէր, դարանակալ թշնամիէ մը զարնուելով (1021), նահատակաց կարգը դասեցաւ ազգայնոց։ Եղբայրն Վահրամ՝ ՚ի Հայոց պատուեալ իբրեւ Իշխանաց իշխան, եւ ՚ի Յունաց կայսերաց՝ Անթի-հիւպատ պատրիկ, դեռ 25 տարի ալ առաջնորդեց Հայոց ՚ի քաղաքի եւ ՚ի բանակի, եւ անոնց թագաւորին եւ մայրաքաղաքին՝ Անոյ՝ մատնութեան ատեն, ազգային ոգւոյ ներշնչողն էր եւ պաշտպան, եւ յետ տարագրության պատանի թագաւորին Բ Գագկա՝ ատեն մը պահեց եւ պաշտպանեց զԱնի Յունաց յափշտակութենէն. մինչեւ որ նոյն իսկ թագաւորին եւ Պետրոսի կաթողիկոսի կիսակամ հաւանութեամբ հարկ եղաւ Անոյ դռները բանալ առ Յոյնս. սակայն ծերունի սպարապետն եւ հայրախնամ առաջնորդն չդադրեցաւ զազգը պաշտպանելէ, մինչեւ յետին ծերութեան օրերուն՝ զէնք ՚ի ձեռին՝ հայրենեաց եւ կրօնից համար կռուելով. եւ եղբօրը պէս ընկաւ, եւ նահատակաց դասն անցաւ (1047)։ Իրմէ վերջը Պահլաւունի բազմաթիւ իշխանաց նախապատուութիւնն անցաւ Վասակայ անդրանկան՝ Գրիգորի. որ նոր նահապետ մ՚եղաւ տոհմին, միանգամայն թէ քաղաքական եւ թէ եկեղեցական առաջնորդաց։ Իր Հոր Վասակայ նահատակութեան դաշտին մէջ պատերազմակից էր, եւ անոր սեփական կալուածները ժառանգեց, որոց գլխաւորն էր Բջնի բերդաւանը, որու մօտ Կեչառուաց վանքը շինեցին եւ զարդարեցին։ Գրիգոր թէ եւ զինաշարժ իր հարց նման, այլ աւելի գրիչ շարժելու վարժ եղաւ. պզտիկուց կայսերաց պալատտը երթալով՝ լաւ սովրեցաւ յունարէն լեզու, յորմէ եւ շատ գրքեր թարգմանեց. հարցը նման ալ պատուեցաւ յինքնակալացն եւ Մագիստրոս կարգեցաւ. այս անունս իրեն սեփական որոշիչ մնաց։ Ազգասիրութեան հետ յունասիրութիւնն ալ խառնեց. եւ այն ազգային մեծ խնդրոյն եւ վիճակին մէջ, որ է Անոյ վաճառումն, ինքն ալ աւելի կաթողիկոսին կողմը բռնեց՝ քան իր հօրեղբօրը Վահրամայ, որուն քաջութիւնը չունէր՝ այլ ազգին դիրքն եւ չափն ալ լաւ կը տեսնէր, եւ կը գուշակէր որ Աշոտոյ եւ Սմբատայ Շահնշահից օրերն անցեր են, եւ Գագիկ դեռահասակ՝ պիտի չկարենար կառավարել զազգը։ Արդէն շատ տարի չանցած՝ նոր տիրապետք աշխարհի (Թուրքք) եկան, եւ զԱնի խլեցին ՚ի Հայոց եւ ՚ի Յունաց, մինչ անոր հին տէրն՝ Գագիկ՝ դեռ յօտարութեան կը դեգերէր։ Իսկ երբ Յոյն կողմնակալք եկան ՚ի Մեծ Հայս, եւ Բագրատունիք ու Արծրունի թագաւորազունք անցան գացին ի Փոքր Հայս, իրենց երկիրները ծախելով Յունաց կամ փոխելով ուրիշ երկիրներու հետ ՚ի Փոքր Ասիա, Գրիգոր Մագիստրոս ալ իր բնիկ հայրենի աթոռը՝ Բջնին՝ տուաւ Յունաց, եւ անոր տեղ առաւ Տարօնոյ եւ Միջագետաց կողմը երկիրներ. ուր եւ յետոյ ՚ի կողմանէ կայսեր կողմնակալ դրուեցաւ, Արեւելեան դուքս անուանելով. հօն իր որդիքն եւ թոռունք ալ իրմէ վերջը քիչ շատ իշխանութեամբ պայծառացան, մինչեւ ՚ի ժամանակս Ա Խաչակրաց , որք տիրեցին ասոնց իշխած երկիրներուն ալ։

Գրիգոր Մագիստրոս իր ընդարձակ իշխանութեամբ եւ հարստութեամբը՝ յարմար առիթ եւ դիւրութիւն ունեցաւ իր մտաւոր եւ հոգեւոր ախորժակները բանեցընելու. գրասիրութեան հետ՝ հոգեսիրութեան եռանդն ալ ունէր, եւ այն ալ իբրեւ ժառանգութիւն մը ՚ի Հարց եւ ՚ի նախնեաց, որով եւ իրենց վեհագոյն նահապետին՝ Ս. Գրիգ. Լուսաւորչի՝ համանման յաջորդաց արժանաւոր՝ ցեղապետ եղաւ։ Իշխանական զօրութեամբ խաղաղցընելով իր սահմանները, ջանաց թէ զինուց թէ բանից ուժով նուաճել նաեւ մտաւոր մոլորութիւնները. մասնաւորապէս Թոնդրակեցի Հայ աղանդաւորաց դէմ վիճեցաւ, եւ ամենեւին անհաւանները եւ պիղծերը բռնութեամբ ալ պատժեց եւ խոշտանգեց, ինչպէս Մեծն ՍաՀակ իր ատենի Բորբորիտոնները։ Իսկ ուր որ հաւանութիւն եւ խաղաղութիւն կար՝ հօն ձեռք եւ ստակ ալ տալով՝ կանգնեց բարեկարգեց վանքեր, եւ անոնց մէջ ուսումնարաններ. ուր որ նոր պիտանի գիրք մը գտնէր՝ բերել կամ օրինակել կու տար. ուր որ գիտնական մը կար՝ անոր հետ կը թղթակցէր , ոչ միայն ընդ ազգայինս, այլ եւ ընդ Յոյնս, Ասորիս, Արաբացիս եւ Պարսս, որոց լեզուաց ալ բաւական հմտութիւն ունէր. ինչպես վկայեն իր մնացեալ գրուածքն, մանաւանդ Քերականութիւնն եւ Թուղթքն։ Հին Յունաց հեղինակաց ալ զանազան գործերը թարգմաներ էր, ինչպես ինքնին յիշէ թղթոցը մէջ, բայց քիչ բան հասած է մեզի, հաւանօրէն իր թարգմանութիւնն է Պղատոնի քանի մը գրուածքը, Եւկլիդեայ երկրաչափութեան քանի մը հատուածք, եւ այլն։ Այսպիսի խառն եռատեսակ ջանից եւ վաստակոց մէջ, այսինքն՝ քաղաքական իշխանութեան, դպրութեան եւ հոգեւոր հոգոց՝ չէր մոռնար ընտանեկան պարաքերն ալ. տանուտէր եւ հայր էր բազմաթիւ զաւակաց, յորոց յիշուին չորս արու եւ չորս աղջիկ զաւակք. զորս եւ այնպէս հոգով կը սիրէր, որպէս թէ մէկ հատիկն ըլլային, կամ ուրիշ արտաքին զբաղանք չունենար եւ դպրութեան չպարապէր. իր մէկ վաղամեռիկ զաւակին հիւանդութեան եւ մահուան վրայ գրած թուղթերն՝ ճշմարիտ ծնողական եւ քրիստոնէական սրտի եւ հոգւոյ թափանցիկ թելադրութիւնք են. եւ կարդացողն հաւասար մեծ կը գտնէ թէ անոր որդեսիրութիւնը թէ աստուածսիրութիւնը։ Ուրիշ մէկ զաւակն ալ նոյնպէս ծաղիկ հասակի մէջ վախճանած է։ Յիշեալ չորս դստերքը՝ ըստ արժանւոյն ազնուական տուներու հարսնացուց. երկուքն օտար տոհմերու, երկուքն ալ իր բնիկ ընդարձակ Պահլաւունի տոհմին պայազատաց։ Իսկ մնացեալ երկու որդւոց մէկն, Վասակ, իրեն պէս իշխանութեամբ պայծառացաւ, Անտիոքայ դուքս եղաւ, եւ խաչակրաց հօն գալէն քիչ տարի առաջ (1095) վախճանեցաւ. միւսն՝ որ էր կարգաւ երկրորդն՝ Վահրամ, որ իր հօրը անունն ալ առաւ (Գրիգոր), իրմէ վերջը մեր պատմութեան գլխաւոր անձն պիտի ըլլայ - ինչուան որ կարգն գայ ասոր քեռորդեաց։ Գրիգոր Մագիստրոս վախճանած կարծուի յամին 1058, իր կենակիցն յետ 1075 թուականին։

Տարակոյս չկայ որ Գրիգորի որդիքն բուն Հայոց աշխարհին մէջ ծնած են, դեռ Բագրատունեաց թագաւորութեան ատեն, եւ առջինեկներն անոնց արքունիքը մտած ելած, անշուշտ հայրերնին ալ անոնց պատշաճ վիճակ եւ պաշտօն կը պատրաստէր, սակայն ինչպէս որ ինքն աւելի ուսմանց եւ գիտութեանց հակամէտ էր, որդիքն ալ իր արեանն հետ այս ախորժակն առած պիտի ըլլան. գոնէ Վահրամայ համար բնաւ տարակոյս չկայ. արդէն հայրն ասոր համար գրեր էր Քերականութեան մեկնութիւնը. եւ իր երկու ազնուագոյն բերմունքն՝ հոգեսիրութիւն եւ գիտութիւնք՝ այնպէս խորագոյն տպաւորեալ էին ՚ի Վահրամ, որ թէ եւ աշխարհի կարգ մտաւ ամուսնութեամբ, թուի թէ հարկաւորեալ ՚ի ծնողացն, այլ ժուժկալութեամբ կ՚ապրէր [1]. եւ մեծապատիւ իշխանութիւնն ալ թողլով ուրիշներու՝ աղօթից եւ ուսմանց տեղուանք կ՚առանձնանար, վանքէ վանք, անապատէ անապատ, երկրէ երկիր պտըտելով, երբեմն ծածկուելով եւ երբեմն յայտնուելով։ Գուցէ ականատես իր պապուն, եւ անշուշտ անոր եղբօր նահատակութեանց, մասնաւոր սէր մ՚ունեցաւ քրիստոնէութեան վկայից, մարտիրոսաց, որոց վարքերն ալ հաւաքեց ինչ եւ ուր որ գտաւ, եւ հայերէն չգտածը՝ ՚ի գրոց Յունաց եւ Ասորւոց թարգմանելով եւ թարգմանել տալով եւ ինքնին սրբագրելով եւ կոկելով շարադրութիւնը, քովէն ալ աւելցընելով ինչ որ պատշաճ սեպէր. ասոր համար փոխանակ Մագիստրոս, Հիւպատ, Պատրիկ եւ Դուքս կոչուելու՝ մականուանեցաւ՝ Վկայասէր. եւ կըրնայ ալ ըսուիլ թէ յետ Մեծին Սահակայ եւ Մեսրովբայ եղաւ Երկրորդ Թարգմանիչ եւ գլուխ երկրորդ թարգմանչաց եւ Դպրութեան Հայոց. կամ թէ ինչպէս որ սովորութիւն է մեր գրագիտաց մէջ ըսել, մեր Դպրութեան Արծաթի դարուն Պարագլուխ։

Այս բանիս փափագն եւ գործը կանուխ սկսած Էր. իսկ կերպով մը երկրորդ Լուսաւորիչ մ՚ալ ըսուելու՝ անշուշտ ոչ փափագ եւ ոչ կարծիք ունէր. եւ շատ զարմանք եւ ընդդիմութիւն պատճառեց իրեն, երբ եօթն ամսէ (կամ տարիէ) վեր  Հայոց խափանուած կաթողիկոսութեան աթոռը՝ իրեն ընծայուեցաւ, ջանիւք եւ աղաչանօք վտարանդի թագաւորաց Հայոց (երկուց Գագկաց) եւ թագուհեաց, եւ բոլոր եկեղեցւոյ ուխտին. որք եւ մեծ աշխատանօք, գանձեր եւ երկիրներ տալով հակառակող Յունաց կայսերաց՝ վերջապէս յաջողեր էին ազատօրէն կաթողիկոս դնելու Հայոց ինքնագլուխ գահուն։ Կարուց թագաւորն Գագիկ եւ իր դշխոյն (կամ դուստրն) Մարիամ, որ այս բանիս ամենէն աւելի հետամուտքն էին, եւ ինչուան իրենց թագաւորական քաղաքն Կարսն ալ ծախեցին, ըստ կարծեաց ոմանց ՚ի պատմըչաց մերոց, գուցէ կանխիկ կայսեր իմացուցեր էին իրենց դիտաւորութիւնը՝ Վահրամայ համար, որ իր հօր եւ եղբարց երախտեօք շատ ծանօթ եւ սիրելի էր Յունաց. աւելի դժար եղաւ համոզել զինքն Վահրամ. այլ վերջապէս յանձն առաւ, տեսնելով այնքան աւագ մարդկան եւ եպիսկոպոսաց ջանքն եւ աղաչանքը եւ հասարակաց հաւանութիւնը. թերեւս զգալով եւ խղճի ներքին դրդում մը, աստուածային կամաց չհակառակելու, վասն զի կ'ըսէ մերձաւոր պատմիչ մը. «զսա յայտնեաց Ս. Հոգին՝ նստուցանել յաթոռ Ս. Լուսաւորչին Գրիգորի՝ նախնոյն իւրոյ». զի եւ «յամենայն դիմաց կարող էր օգնել հօտին Քրիստոսի» [2] ։ 

  Բնիկ հայրենի աշխարհէն դուրս, Փոքր Հայոց մէջ օծուեցաւ Վահրամ յամի 1065, հիմայ մեզի անծանօթ տեղ մը, Տաւրոսի եւ Անտիտաւրոսի լեռնաձորոց մէջ, ՚ի Ծամնդաւ (Զամանտոս) բերդաքաղաքի, զոր Գագիկ իր Կարուց երկրին փոխարէն առեր էր. բայց իր երկար 40-ամեայ կաթողիկոսութեան ատեն երբեմն կամաւ եւ երբեմն ակամայ պանդխտօրէն շրջեցաւ. վասն զի Անիէն ելնելէն վերջը հաստատուն կայան մը չունեցաւ Լուսաւորչի աթոռն՝ ինչուան որ դրուեցաւ ՚ի Հռոմկլայ։ Այսպէս Ս. Սահակա մահուընէն 626 տարի վերջը՝ իր պարթեւական ցեղէն հայրապետ մը յաջորդեց Լուսաւորչի աթոռոյն, որոյ անունն ալ առաջին անգամ աներկիւղ կրեց Վահրամ, կոչուելով Գրիգոր Բ, զոր ոչ ոք ի կաթողիկոսաց իրմէ առաջ համարձակեր էր առնուլ, իսկ իրմէ եւ իր տոհմակիցներէն ետեւ՝ շատերն ալ։

Ինքնին իր յիշատակարանաց մէջ կը յիշէ Պարթեւ, Պահլաւունի եւ Լուսաւորչի ցեղէն ըլլալն, եւ իր պապուն աթոռը նստիլը, որոյ արդարեւ մեծ փառք եւ զարդ եղաւ, եւ արժանաւոր առաջին դասու Պահլաւունի հայրապետաց։ Եւ լիովին կատարեց իր հօրն երբեմն իբրեւ կտակաւ առ ինքն գրածը եւ խնդրածը, իր հայրական իրաւանց եւ տուած դաստիարակութեան փոխարէն. «Փոխարէն հարցեմ ՚ի քէն՝ զաւանդութիւն մեր ոչ մոռանալ երբեք, եւ զփոյթ սիրոյն առ Քրիստոս Աստուած մեր. եւ զլոյս ճրագի նախնոյն մերոյ ոչ շիջուցանել զՊարթեւին ասեմ, քոյոյ հաւուն»: Գրականութեամբ եւ լեզուագիտութեամբ ալ թերեւս գերազանցեց իրմէ առջի կաթողիկոսները. բայց աւելի մեծ արդիւնքն եղաւ Հայոց եկեղեցին զարդարելով եւ զարգացընելով. եւ այս բազմապատիկ կերպով:

Նախ, վերոյիշեալ սիրով վկայից Քրիստոսի՝ թարգմանութեամբ վարուց նոցա յայլեւայլ լեզուաց, որով  յօրինեց կատարեալ վկայաբանութեանց գիրք մը, կամ Տօնամակ մը. վասն զի մասնաւոր անուամբ չի յիշուիր կամ չի գտուիր իր գործն կամ հաւաքումն։ Սրբոց վկայից Քրիստոսի եւ հայրապետաց վարքը եւ նահատակութիւնը գրել թարգմանել եւ հաւաքել, եւ եկեղեցեաց մէջ կարդալ, մեր քրիստոնէութեան առաջին դարերէն ալ կար։ Ս. Թարգմանիչք ալ շատ սրբոց վարքեր թարգմանած են, բայց հետզհետէ աւելցընելով ամբողջ գործ մը ձեւանալն՝ յետ ժամանակաց եղաւ, եւ զանազան անուամբք։ Առաջին հաւաքումն հաւանօրէն կոչեցաւ յունական անուամբ՝ Մարտիրոլոգ, որ կը յիշուի Ս. Շուշանկայ վարուց մէջ, եւ բառական թարգմանութեամբ Վկայաբանութիւն կ՚ըսուի հայերէն, եւ այսպէս գըրուին ՚ի ճառընտիրս եւ յայլ գիրս, ասոնց առաջին հաւաքողն եւ գիրք մը ձեւացընողն յայտնի չէ. այլ այս յայտնի է որ Ս. Սահակ եկեղեցական գրքերը թարգմանելու ատեն սահմանեց, որ յօտարաց եւ ՚ի վաղուց ծանօթացեալ սուրբք եւ տօնք՝ Հռովմայեցւոց ամսոց անուամբ եւ օրերով դասուին կամ դրուին, անոր համար անոնք Հոռոմադիր ըսուեցան, իսկ ազգային սրբոց եւ աւելի ծանօթից յիշատակք՝ հին Հայոց ամսոց անուամբ եւ օրերուն վրայ դրուեցան, վասն որոյ ըսուեցան Հայադիր ։ Ը դարուն սկիզբները իմաստուն եւ սրբասէր վարդապետն Սողոմոն՝ Մաքենոցաց վանահայրն՝ հաւաքեց ամենայն տօնից եւ սրբոց վերաբերեալ ներբողեան եւ վկայաբանութիւնները ՚ի  մէկ գիրք, որ կոչեցաւ Տօնական. ասկէ համառօտած կամ քաղուած գիրքն՝ Տօնականի Ձագ կոչուած է. նոյն Տօնականն կոչի եւս Տօնանամակ, եւ աւելի յաճախ համառօտութեամբ Տօնամակ ։ Ժ դարուն վերջերը Ատովմ՝ վանահայրն Վարագայ՝ նոր հաւաքում մ՚ըրաւ Սրբոց վարուց եւ դասաւորեց հռոմէական ամսոց օրերով. այս պատճառաւ յոմանց իր անուամբ Ատոմադիրք կոչուեցաւ, եւ յոմանց Հոռոմադիր [3]. ոմանք ալ Տօնացոյց կամ Տօնացուցակ կ՚անուանեն Ատոմայ գործը։ Իրեն գրեթէ ժամանակակից անուանի վարդապետ մ՚ալ Սամուէլ վանահայր Կամրջաձորոյ՝ հրատարակեց զ Տօնապատճառն, որ անունէն կ՚իմացուի ինչ ըլլալն. յետոյ ուրիշ վարդապետք ալ ԺԲ դարու մէջ՝ շատ բան աւելցուցին ՚ի Տօնապատճառս, կամ նոր ՚ի նորոյ գրեցին եւ հաւաքեցին. անոր համար շատ հեղ իրարմէ կը տարբերին այս անուամբ գրեանք. ինչպէս նաեւ Ընթերցուածոց մէկնութիւն ըսուած գիրքն, որոց առաջին հեղինակ է Գրիգոր Արշարունի քորեպիսկոպոս Է դարու վերջերը, Գրիգոր Գանձակեցի [4] ԺԲ դարուն սկիզբը, եւ այլք։

Արդ մեր Պահլաւունի կաթողիկոսն իրմէ առջիններուն դրածներէն եւ գրածներէն հաւաքելով եւ նորանոր աւելցընելով՝ ուզեց մեծ Տօնական մը կարգել եւ Տարէգրոց այսինքն Ճաշոց գըրքին մէջ անցընել, որ ամեն տօներու կարդացուին եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս կը պատուիրէ իր յիշատակարանին մէջ. եւ կ՚իմացընէ ալ որ ձանձրութիւն կամ ծանրութիւն չըլլալու համար՝ չափաւոր գրած եւ դրած է. եւ ասկէ կրնայ կարծուիլ, որ  այն երկայն երկայն ճառից եւ վկայաբանութեանց համառօտութիւն մ՚ալ ըրած էր, զոր Յայսմաւուրաց նախօրինակ պէտք է սեպել։ Թէպէտ եւ, ինչպէս առաջ յիշեցինք, դեռ Գրիգորի Վկայասիրի այնքան երկար տարիներ աշխատած գործոց եւ գրոց ամբողջ հաւաքում մը չենք տեսած. իր յիշատակարանն գրուած է Տարեգրոց կամ Ճաշոցի մէջ, զոր ինքն կանուանէ Տօնամակ, եւ շատ Տօնամակներէ հաւաքած եւ ըստ Հոռոմի ամսոց դասաւորած կ՚ըսէ. այլ այն գրոց մէջ միայն սրբոց յիշատակն եւ պատարագի ատեն կարդալու սուրբ գրոց ընթերցուածքն կան, եւ ոչ վկայաբանութիւնք ոչ ճառք. նոյնպէս Տօնամակ կ՚անուանէ այս գործը՝ նաեւ Կիրակոս վարդապետ իր գործակիցն, որու՝ իբրեւ կտակաւ յանձնեց Գրիգոր այս գործս աւարտել. ըսել է որ չէր շատանար իր այնչափ տարի հաւաքածովը, եւ կ՚ուզէր ամենակատարեալ ընել։ Կիրակոս կ՚իմացընէ որ Վկայասէրն 46 Ս. Հայրապետաց տօն կարգեր էր, որոց վրայ ինքն յետոյ աւելցուց 30 ալ, եւ եղաւ 76. իսկ Ս. Վկայից թիւը չի յիշեր, որ հարկաւ շատ աւելի պիտի ըլլայ. մեր ձեռք հասած վկայաբանութեանց մէջ իբրեւ 10 կամ 15 հատի ներքեւ կը գտնենք Գրիգոր Վկայասիրի յիշատակարան, եւ կ՚իմանանք որ զանազան վանքերու եւ քաղաքաց մէջ երկասիրած է։ Դարձեալ յայտ է որ ոչ միայն Վկայաբանութիւն կամ Սրբոց վարքեր թարգմաներ եւ հաւաքեր է, այլ թէ՛ տէրունական եւ թէ՛ սրբոց տօնից պատշաճ ներբողներ եւ ճառեր. անոր համար ոմանք իր ըրած հաւաքումը պարզապէս Ներբողեան կ՚անուանեն, բայց ոմանք ալ իր թոռին` Փոքր Վկայասիրին՝ կ՚ընծայեն զՆերբողեանն։ Այս է մեծ Վկայաuիրին գլխաւոր գործն մեր դպրութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ։ Սակայն ասոր վրայ աւելցընելու է ուրիշ եկեղեցական կարԳաց եւ գրեանց լրմունքն. ինչպէս Մաշտոցի քանի մը կարգ (Ոտնլուային). Ս. Գրոց Մեկնութեան գրքեր, զոր օրինակ Յովհ. Ոսկեբերանի Յովհ. Աւետարանին մեկնութիւնը, զոր յամին 1076 Կ. Պօլիս եղած ատեն թարգմանել տուաւ քաջ յունագէտ Կիրակոսի մը, եւ յետոյ միւս Կիրակոս վարդապետին սրբագրել տուաւ եւ կոկել հայերէն լեզուն, Սեաւ լերանց վանքի մը մէջ։

Երկրորդ թէ գրաւոր եւ թէ հոգեւոր մեծ գործն եղած է՝ կրօնաւորական կարգեր եւ վարքեր թարգմանել եւ մտցընել ի Հայս, կամ նորոգել զվանական եւ միանձնական կեանս, որոյ այնչափ սիրող էր. եւ որոյ համար յանձն առաւ գրեթէ հրաժարիլ ՚ի կաթողիկոսութենէ, յամի 1069–70 եւ երթալ ՚ի Պաղեստին, պտըտիլ Հին ճգնաւորաց միայնարանները, եւ հաւաքել անոնց վարքը. որ թէ եւ իրմէ առաջ ալ անծանօթ չէր ՚ի Հայս, այլ ինքն երկրորդ հաւաքող կամ թարգմանող եղած է ՚ի ձեռն քեռորդւոյն՝ Գրիգորի, զոր Եգիպտոսի արքեպիսկոպոս ձեռնադրեց. եւ սա աւարտած կարծուի թարգմանութիւնը յետ մահուան քեռւոյն, յամի 1110, ըստ թուականի յիշատակարանին, այլ հաւանական է ՇԾԹ թիւը կարդալ ՇԺԹ, եւ ըսել թէ ինքն Վկայասէրն գլխաւորեց կամ սկսաւ այդ գործը յամին 1070, յորում առաջին անգամ այն կողմերը գացած կը ցուցընէ զնա Ուռհայեցոյն պատմութիւնն. որ եւ կը վկայէ, թէ «պայծառացոյց զկարգս կրօնաւորութեան»:

Իր մեծ եւ լուսաւորչանման մեկ գործն ալ եղաւ՝ խոհեմաբար եւ ընտանեբար վարմունքն ընդ օտար եկեղեցեաց. օտարութիւնը՝ ըստ ծիսից եւ լեզուի միայն իմանալով, իսկ ըստ կրօնից վարդապետութեան՝ հաւանելով եւ զիջանելով. եւ ոչ միայն Յունաց հետ կըրցաւ խաղաղութեամբ անցընել, քանի մ՚անգամ անոնց մայրաքաղաքն ալ երթալով, նաեւ ՚ի պաշտպանութիւն ազգայնոց, բաց ՚ի հոգոյ թարգմանութեան գրոց, այլեւ յետ իր նախահաւուն՝ առաջինն կը յիշուի՝ Լատինաց մեծ եկեղեցւոյն հետ յայտնապէս հաղորդակցիլն, եւ անձամբ իսկ ՚ի Հռովմ երթալն, յամի իբր 1074, իր անուանակից եւ մեծանշան Գրիգոր Է Պապի ատեն։ Հարկաւ մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն մը պէտք է ունենալ Վկայասիրին այս գործը, թէ եւ անոր բուն շարժառիթն քաջայայտ չըլլայ։ Արդեօք այն մեծ կրօնից եւ գիտութեանց աղբիւրէն ալ նոր եւ վաւերական գրքեր պիտի որոնէր, ինչպէս երկու դար եւ կէս առաջ՝ Սիւնեաց իմաստասէրն եւ քերդողն Ստեփանոս, եւ մեր հին քերդողահայրն Մովսես Խորենացի՝ դասակցօքն. թէ այն տիեզերական քաղաքին սրբութեանց ուխտաւոր գնաց. կամ թէ ինչուան Իտալիոյ կենդրոնը գտուած ազգայնոց ալ այցելո՞ւ ելաւ. թէ մանաւանդ Եկեղեցւոյ վեհագոյն հովուապետին հետ խորհըրդակցելիք ունէր, ըլլայ Յունաց եկեղեցւոյ պահանջմանց համար, ըլլայ ուրիշ բան։ Դժբաղդաբար ոչ իր վարուց եւ գործոց մանրամասնաբար տեղեկութիւնն մեզի հասած է, թէ եւ գրուած ըլլալն հաւաստի է, եւ ոչ Լատին պատմիչք եւ յիշատակք ժամանակին կան. սակայն իր Հայաստանեայց աթոռոյն եւ Հռովմայ մեծ գահուն յարաբերութեան անժխտելի վկայ մնան թուղթք Գրիգորի Է սրբազան քահանայապետին։ Սա թղթոց մէկուն մէջ` գրուած նոյն տարւոյն վերջը (7 դեկ. 1074) առ կայսրն Ենրիկոս Դ, կ՚ըսէ որ Հայք եւ ուրիշ արեւելեայք՝ իրենց կրօնական խնդրոց որոշումը կը սպասեն յաթոռոյ գլխաւոր Առաքելոյն: Ուրիշ թուղթ մ՚ալ ուղղած է յամին 1080 (6 յունիսի) առ Գրիգոր Հայոց արքեպիսկոպոս Սիւննադայ այս քաղաքս Փռիւգիոյ մէջ է, եւ այն կողմերն ալ Հայոց եպիսկոպոս ըլլալ՝ մեզ հաւանական չերեւիր. այլ կ՚ուզեմք կարծել թէ Սիւննադա՝ Ծամընդաւն ըլլայ, ուր նստէր երբեմն Վկայասէրն. մանաւանդ որ գրուածն ուղղեալ է առ գլուխ եպիսկոպոսաց Հայոց. որ Յովհաննէս անուամբ քահանայ մը նուիրակ խաւրած Էր առ Պապն՝ ծանուցանելով, որ մոլորեալ Մակար մը յԻտալիա փախեր եւ Հայոց եկեղեցին կը զրպարտէր։ Պապն խոստացաւ քննել տալ, եւ գրեց առ արքեպիսկոպոսն Պենեւենդի, որոյ վիճակին մէջ պահուըտեր Էր Մակար, քննել, դատել, եւ թէ պէտք ըլլայ՝ հալածել։ մեր Գրիգորին ալ կը յանձնէ իր եկեղեցւոյն քանի մը խնդրոց հոգ տանից, ինչպէս Դէոսկորոսի վարդապետութեանը, եւ պատարագի բաժակին վրայօք, մտիկ չընելով Յունաց ըսածին։ Ասկէ առաջ կամ վերջը, ուրիշ թուղթեր ալ գրածնին յայտնի չէ, եւ այս առաջին հնացեալ թուղթն է մեր եկեղեցւոյ մէջ ՚ի Հռովմայ քահանայապետաց եկած առ Հայս. եւ անկէ ետեւ ալ դարձեալ դար մը միջոց եղած թղթակցութեանց մնացորդ չկայ կամ դեռ չէ յայտնուած, ինչուան Լուսիոսի Բ-ի թուղթն առ Գրիգոր Տղայ (1182). իսկ ասկէ ետեւ հարիւրաւորք գտուին եւ պահուին: Թուի թէ այս առթիւ ժողով մը գումարած է Վկայասէրն, (ուր տեղ ըլլալն անյայտ), եւ մասնաւորապէս տօնից կարգադրութիւնը սահմանած, հաւանօրէն Յունաց եւ Լատինաց խնդիրներն ալ առաջ բերած։ Այսչափս կը գուշակենք մեր ԺԴ դարու վերջերը գրող հետաքնին հեղինակէ մը, փափագելով աւելին գտնել այլուստ

Գր. Վկայասէր նոր ծանօթութիւն ալ ունեցաւ Լատինաց եւ Փռանկաց հետ՝ իր վերջին տարիները, երբ Առաջին Խաչակրաց նշանաւոր գործն կատարեցաւ, առմամբ Երուսաղեմի հօն էր այն  ատեն ալ մեր ծերունի հայրապետն. եւ ոչ սակաւ վախ ու վտանգ կրեց յայլազգեաց՝ քաղքին պաշարման ատեն. բայց անոր հետ ազատելով՝ ներկայ եղաւ եւ տեսաւ այն քրիստոնէից ուրախութեան մեծ օրը. եւ անտարակոյս հանդիսակից եղաւ եկեղեցական դասու գլխաւորաց եւ Կոտոփրէից եւ Պալտինաց հետ. եւ կըրցաւ ըսել ընդ Սիմէոնի՝ «Տեսին աչք իմ զփրկութիւն քո, Տէր»: Վերջին ազատ բարեւները տալով սուրբ եւ նորէն սրբեալ քաղաքին, ուր շատ անգամ այցելութեան եկեր էր, վերջին գրաւոր աւարներով, (որոց մէկն կրնայ ըլլալ Ս. Յակովբայ ժամատետր ըսուած՝ Պատարագի եւ ժամակարգութեան գիրքն ալ, կամ հին Թարգմանչաց գործը չգտնելով, կամ անոնցմէ մնացած մասը թարգմանելով) թողլով զՅորդանան՝ եկաւ Եփրատայ հեռաւոր հովիտներուն մէջ ծածկուելու, Մարաշայ եւ Սեաւ Լերանց վանորէից մէջ. ինչուան կենաց վերջի տարիներն ալ աշխատելով իր Sօնամակին վրայ որոյ յիշատակներէն յայտնուի որ յամին 1100 թարգմաներ կամ թարգմանել տուեր է շատ «ներքողական եւ վկայական» Ճառեր. յամին 1101–2, Ոսկիբերանի եւ Գր. Աստուածաբանի ընդարձակ վարքերը։ Արդ կը մնար զինքն ալ այնպիսի հայրապետաց կարգը յուղարկել տալ, եւ երախտագիտաց՝ իր յիշատակն ալ անմահացնել այնպիսի կերպով։ Բայց մեզի հարկ է պահ մը թողլով իր վարդապետութիւնն եւ սրբութիւնը՝ աչք մը տալ իր կաթողիկոսութեան արտաքին վարչութեանը կամ քաղաքական կենաց, յորմէ լոյս ծագէ իր յաջորդաց քաղաքավարութեան վրայ ալ, որ է բուն նպատակ մեր այս գրուածիս։

Վահրամ իր դքսութեան ոսկի գօտին արձըկելու եւ թողլու ատեն՝ տիրական ոգին ալ թողած կ՚երեւի. հօրը գրասիրութիւնը եւ հոգեսիրութիւնը  ժառանգեր էր եւ զարգացուց, այլ ոչ եւ նուաճող կամ ահարկու կերպը, ինչպէս ունէր Պետրոս կաթողիկոս եւ անոր ցեղին նախասկիզբն (Անանիա Մոկացի). Գրիգոր Վահրամ ՚ի մանկութենէ սիրող միանձնական կենաց, անոր հեզութեամբն տոգորուած Էր, ձեռքն՝ թերեւս խիստ առ ինքն, շատ կակուղ էր առ այլս՝ պետական սանձ մը բռնելու եւ կառավարելու Հայոց, մանաւանդ այնպիսի ժամանակի քաղաքական հանգամանաց մէջ. զուտ ոսկին պէտք էր քիչ մ՚ալ եր կաթախառն ըլլալ, եթէ ներելի է զայս ըսել։ Կաթողիկոսական աթոռն չփոխեց Վահրամայ բնութիւնը եւ ախորժակը. եւ գուցէ իրաւամբք ալ կը հրաժարէր այն աստիճանէն, թէ եւ կարելի ջանքն եւ զգուշութիւնն ալ ըրաւ իր պաշտամանց մէջ։ Եթէ մէկ կողմէն իր բնաւորութիւնն, միւս կողմէ ալ ազգային վիճակն կը դժարացընէր բացարձակ կառավարութիւն մը. վերցուեր էր այն ազգային քաղաքական միապետութիւնը՝ զոր իր մանկութեան ատեն տեսեր էր ՚ի Մեծ Հայս. ուսկից տարագրեալ արքայազունք եւ իշխանազունք՝ Փ. Հայոց մէջ անստոյգ եւ շիջելափառ կեանք մը վարէին. իրաւ ՚ի սկզբան դեռ հօս ալ թագաւորական անուններ եւ նշաններ ունէին, այլ երթալով կը նուազէին, եւ չկարցան աւանդել զայն իրենց որդւոց՝ ոչ Գագիկն Շահնչած Անեցի, ոչ Գագիկ թագաւորն Կարսեցի, եւ ոչ Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորի որդիքն Ատովմ եւ Աբուսահլ. ասոնք ամենքն ալ մէկմէկ թագաւորի պէս ժողովեցան զինքն ընտրելու եւ օծելու, ու իրարմէ անկախ թագակիրք, եւ ամենքն ալ Յունաց իշխանութեան տակ. ամենքն ալ քիչ շատ փայլփըլեցան Վահրամայ աչքին տակ եւ նոյնպէս իր աչաց տակ մէկիկ մէկիկ մարեցան։ Սեբաստիայի եւ Կեսարիոյ սկսեալ մինչեւ ՚ի Կիւլիկեան Միջերկրականի ծովափունքը՝ ընդ հարաւ, իսկ ընդ արեւելս մինչեւ յԵփրատ, սկսեալ ի Խարբերդէ մինչեւ յԱնտիոք, եւ նաեւ մինչեւ ՚ի Տարօն եւ Սասունք, այս ընդարձակ երկիրը, որ Յունաց, Հայոց եւ Ասորւոց, եւ Հին Արաբկաց ուզնորեկ Թուրքաց խառնարան մ՚էր, այս ԺԱ դարուն մէջ ցրուած էին շատ իշխանք եւ բռնակալք Հայոց. որոց՝ միացեալ ոյժն կըրնար բաւական մեծ եւ զօրաւոր տէրութիւն մը ձեւացընել. վասն զի դեռ ունէին ձիաւոր զօրք եւ բազմաթիւ հպատակներ. այլ առանձնակ տեարք ըլլալով՝ չկարցան երկար ատեն իրենց իշխանութիւնը պահել. Յունաց, Լատինաց եւ Թուրքաց իշխանութեան տակ ընկան հետզհետէ։ Միայն մէկ իշխանութիւն մը Տօրոսի Ժայռերուն մէջ՝ իբր արծուի բոյն մը կախուած՝ կըրցաւ դիմանալ, զօրանալ եւ վերջապէս յայտնի տիրապետութեան եւ թագաւորութեան ալ հասնիլ. այն է Ռուբինեանց հարստութիւնն. սակայն մեր Վահրամայ օրերը՝ դեռ բունին մէջ կըրնար ըսուիլ. եւ Խաչակրաց գալըստեան ատեն՝ անոնց յարուելով Կոստանդին՝ որդին Ռուբինի, անոնցմէ պատիւ առաւ եւ սկսաւ երեւնալ իբրեւ պատուաւոր իշխան եւ սեբաստոս մը. բայց դեռ հարիւր տարի ալ պէտք եղաւ իր պայազատաց՝ կռուելու Յունաց եւ շրջակայ ազգաց եւ բռնաւորաց հետ՝ մինչեւ որ աշխարհք ճանչցաւ Հայ Լեռնացոց տէրութիւնը եւ զԼեւոն թագաւոր։ 

Արդ մեր երկրորդ Պահլաւունի կաթողիկոսաց պարագլուխն այսպիսի անստոյգ եւ բռնաբարեալ ժամանակ մը՝ բնականապէս տատանեալ վիճակի մը մէջ Էր. զոր քիչ մ՚ալ ինքն իր յատուկ բնաւորութեամբն աւելցուց, երբեմն հարկաւ եւ երբեմն կամաւ թափառելով այն իշխանաց նստած սահմանները, եւ անոնցմէ շատ հեռու սափհաններ։ Առաջ Հայոց կաթողիկոսն հօն գտուէր՝ ուր որ էր աթոռն, իսկ հիմայ աթոռն հօն գտուէր՝ ուր  էր կաթողիկոսն յետ վերնալուն յԱնոյ՝ Վահրամայ նախորդքն նստան, մանաւանդ թէ տեղափոխեցան յԱրծն Կարնոյ, ՚ի Ս. Նշան Սեբաստիոյ (ուր Պետրոս), ՚ի Տարընտա եւ ՚ի Թաւբլուր, ուր արգելուեցաւ Խաչիկ Բ. իսկ ինքն Գր. Վկայասէր՝ նախ ՚ի Ծամընդաւ նստաւ, Կարսեցի Գագկայ երկիրը, յետոյ կամաւ յԵգիպտոս, ՚ի Պաղեստին, ՚ի Կ. Պօլիս, շատ եւ մէջ ընդ մէջ տարիներ պանդխտանալէն զատ, երբեմն նստաւ Սասնոյ կողմերը, երբեմն Անի գնաց [5], երբեմն Սեաւ լերանց վանաց մէջ։ Իր ընտրութենէն չորս հինգ տարի չանցած՝ յօժարեցաւ նորէն իր առջի միանձնական կեանքը վարել հաւանեցընելով իրեն սրտակից եւ գործակից անուանի Գէորգ Լօռեցի վարդապետը, որ տարւօք իրմէ ալ մեծ էր եւ իրեն Դպրապետ կարգեր էր. երբ իշխանք եւ եպիսկոպոսունք դէմ կեցան, պատճառելով որ չէր վայլեր կաթողիկոսի մը իր աթոռէն հեռանալ այսպիսի պատՃառաւ, ինքն դիտածէն ետ չկենալով՝ ընտրեցէք, ըսաւ, ձեզի ուրիշ կաթողիկոս մը։ Իշխանք եւ առաջնորդք գրեթէ իրենք իրենց հնարքէն բռնուելով՝ ստիպուեցան, եւ առաջարկեցին իրեն փոխանորդ մը։ Այլ ի՞նչ զարմանք եւ գրեթէ սոսկում եղաւ բարեսիրտ Վկայասիրին՝ երբ տեսաւ այն ընծայեալը, որ իր մէկհատիկ ուղեկիցն եւ ճգնակիցն պիտի ըլլար. նոյն ինքն Գէորգ Վ. Լօռեցի։ Ասիկայ ալ ընտիր անձն, այլ աւելի բարեմիտ կամ պարզամիտ գտուեցաւ՝ իշխանաց եւ եպիսկոպոսաց գաղտ յորդորանքին հետեւելու, թողլով իր հոգեւոր տիրոջ խոստումը, իբրեւ թէ հասարակաց օգուտը կը վերադասէր քան մէկ անձի  մը։ Տրտմեցաւ Վկայասէրն. այլ ինքն ալ իր խօսքով պարտաւորեալ՝ կամայ ակամայ ձեռնադրեց զԳէորգ, անոր թողուց զաթոռը, եւ ուրիշ ընկերօք գնաց իր ուխտերուն եւ թարգմանութեանց, (1069 - 70)։ Քանի մը տարիէ դառնալով իր տեղը իբրեւ իրաւատէր կաթողիկոս՝ աթոռը պահանջեց, երեսէ ձգեց զԳէորգ, որ սրտակտուր քաշուեցաւ ՚ի Տարսոն (1072) եւ հօն վախճանեցաւ։ Բայց գրեթէ նոյն ժամանակը ուրիշ նոր կաթողիկոս մը դնելու հաւանեցաւ կամ ստիպեցաւ, տարօրինակ պատճառէ կամ պատճառողէ։

Այն ատենները Հայ, Յոյն եւ Թուրք իշխանաց մէջ՝ այլանդակ իշխող մ՚ալ կար. ազգաւ Հայ, դաւանութեամբ երբեմն յոյն, յետոյ մսլիման, ամենէն վերջն՝ անյայտ. յանդուգն եւ խարդախ, բռնակալ քան տէր. զանազան հնարքներով շատ քաղաքաց եւ գաւառաց տիրեց, ՚ի Խարբերդէ եւ Մարաշայ մինչեւ յԱնտիոք եւ յՈւռհա, թէ եւ ոչ ամենուն մէկ ատեն, եւ ոչ մէկն ալ մինչեւ ետքը կըրնալով պահել։ Այս նորանշան մարդս ըստ դաւանութեանն ալ աւելի յոյն անուամբ Փիլարետ կամ Փիլարտոս կոչի, ծանօթ եւ Հայոց եւ Յունաց եւ Լատինաց եւ Թուրքաց, յիշեալ ամենուն պատմութեան եւ գործոց մէջ ալ, ամենէն ալ անարգուած։ Սակայն իշխանութեանն ատեն՝ հարկաւ ահարկու եւ հնազանդեցուցիչ էր. շատերը նուաճելով՝ ուզեց Տարօնոյ եւ Սասնոյ կողմերը տիրող Թոռնիկ իշխանն ալ նուաճել, որ եւ Վկայասիրին փեսայն էր [6]. եւ յարմարագույն միջոց սեպեց զնոյն ինքն կաթողիկոսը ղրկել առ նա ՚ի յորդոր եւ հաւանութիւն (1073)։ Թոռնիկ՝ քաջ միանգամայն եւ բարեպաշտ իշխան Էր. զարմացաւ Փիլարետայ լրբութեանը, եւ արհամարհեց. եւ երբ կ'ըսէին իրեն թէ Փիլարետ պատերազմաւ կու գայ վրադ 20, 000 զօրօք, Ես 1000 քրիստոսասէր ձիաւոր ունիմ, ըսաւ, որոնք բավական են Փիլարետայ բանակին դէմ։ Գործով ալ ցըցուց քաջութիւնը։ Սակայն Վկայաuիրի դեսպանութիւնն չյաջողելով՝ Փիլարետի ատելի եղաւ, եւ չգնաց անոր քով՝ որչափ ալ կանչեց. իսկ երբ սպառնացաւ նա ուրիշ կաթողիկոս դնել [7], դարձեալ հաւանեցաւ եւ առաջարկեց որ դնէ զՍարգիս՝ քեռորդի Պետրոսի Գետադարձի, եւ ասոր քողն ու գաւանզանը՝ որ իր քովն էր, ղրկեց առ նա։ Սարգիս ալ Հաստատեց աթոռը ՚ի Հոնի Մարաշայ մօտերը, Փիլարետայ իշխանութեան տակ. որ նաեւ յաջորդ ունեցաւ յետ մահուանը՝ զԹէոդորոս Ալախոսիկ  մեծանուն երաժիշտ վարդապետը։

Վկայասէր սրտանց չհաւանելով ըրածին եւ եղածին, եւ գուշակելով ալ աւելի անպատշաճ գործեր յապագայն, իր հօրքրոջ թոռը՝ Բարսեղ՝ եպիսկոպոս ձեռնադրեց Անոյ (1874), որ մեծ նշանակութիւն մ՚ունէր՝ Հայոց մայրաքաղաքն ըլլալով, եւ իբրեւ իրեն փոխանորդ թողուց: Շատ տարիներ ալ չանցած (1081) հաւանեցաւ որ նա ալ այն կողմերու կաթողիկոս անուանի, ապագա յուսով իրեն յաջորդելու: Բարսեղ գնաց ՚ի Հաղբատ ու հօն օծեցաւ կաթողիկոս ՚ի կաթողիկոսէն Աղուանից, ներկայութեամբ մնացեալ թագաւորազանց Հայոց։ Քանի մը տարի ետեւ Վկայասիրի նոր պանդխտութեանց ատեն՝ ինքնագլուխ իշխանք եւ եպիսկոպոսունք ոմանք ուզեցին նոր կաթողիկոս մ՚ալ դնել եւ հրաւիրեցին Վանայ երկրին եպիսկոպոսներէն. որոցմէ Վարագայ վանահայրն Պօղոս յանձն առաւ, եկաւ, ձեռնադրեցաւ կաթողիկոս, եւ աթոռը դրաւ ՚ի Մարաշ՚ բայց քանի մ՚ամսէ ետեւ զղջալով ըրածին՝ դարձաւ ՚ի տեղը։ Այս շփոթութիւնները տեսնելով Բարսեղ, միանգամայն եւ իր հայրադիր Վկայասիրին տկարութիւնը՝ գնաց ի Պարսկաստան առ Մէլիքշահ Թուրքաց տիեզերակալ սուլթանն, եւ մեծ պատուով եւ հրովարտակաւ դարձաւ. եկաւ ՚ի Փոքր Հայս (1090), մերժեց զԹէոդորոս Ալախօսիկն, եւ հաստատելով Վկայասիրի իշխանութիւնը եւ իրեն փոխանորդութիւնը, յետ այցելութեան գլխաւոր քաղաքաց՝ դարձաւ իր աթոռը՝ յԱնի(1092)։ Ահա այս 20-ամեայ շփոթ ժամանակն է (1070–90) յnրում պատմիչք մեր միանգամայն 4 եւ ինչուան 6 կաթողիկոս կը համրեն, մէկ տեղ համրելով Աղթամարայ արքեպիսկոպոսն ալ. որք առանձինն եպիսկոպոս կ'օծէին եւ միւռոն կ'օրհնէին։ 

Հիմայ Վկայասէրն վերջին անգամ Երուսաղէմէն թախանձանօք հրաւիրուելով՝ յիշխանաց Հայոց, մանաւանդ ՚ի Գող Վասիլ ըսուած Հայոց մեծ եւ բարեպաշտ իշխանէն, որ կը նստէր ՚ի Քեսուն քաղաքի, Մարաշայ եւ Սեաւ լերանց միջոց, գնաց նստաւ այս տեղի Արեգի եւ Կարմիր Վանաց մէջ (1101). ուր եւ վախճանեցաւ յետ այսպիսի 40-ամեայ հայրապետութեան (1105) [8] ։ Սակայն ինչպէս իր եռանդն եւ վկայաuիրութիւնն չէր պակսած ինչուան վերջը, այսպէս մտաց կամ հոգւոյն սրատեսութիւնն ալ աւելի եւս լուսաւորեալ կերեւի, իմանալով որ մօտեցեր է ժամանակն հանգուցեալ հայրապետաց կարգը դասուելու, կանչել տուաւ զփոխանորդը Բարսեղ՝ յԱնիէ, եւ պատուիրեց որ նստի Շուղրի վանքերը, եւ երբ յետին հրաւէր մը հասնի՝ փութայ գալու իր վերջի կտակն ընդունելու։ Քիչ ատենէ հասաւ հրաւէրն. փութացաւ Բարսեղ հանգուցանելու ալեւորեալ հայրապետը, եւ ատոքացեալ հասկը  շտեմարանելու Կարմիր Վանաց եկեղեցւոյն մէջ, ուստից փոխադրեցաւ ՚ի Ծովք, եւ անկից ՚ի Հռոմկլայ։

Ի՞նչ Էին Գր. Վկայաuիրի կտակած աւանդներըն։ Երկու բան մեզի յայտնի է. մէկ մը նախայիշեալ Տօնամակին լրումը, զոր յանձնեց Կիւրակոս վարդապետի, եւ նա կատարեց: Երկրորդն աւելի մեծ եւ թանկագին. ջուխտակ ակունք կամ լուսածին մարգարիտք, զոր Քրիստոսի հարսին կ՚ուզէր ընծայել, երկու եղբարք, դեռաբուսիկ զաւակք իր քեռորդւոյ՝ Ապիրատ իշխանին. մէկն Գրիգորիս, հազիւ 10-ամեայ, միւսն Ներսէս իբրեւ քառամեայ։ Ոչ այնքան արեան ժառանգութեան ջանքով՝ որքան աստուածային նախատեսութեամբ գուշակեց ներանձնացեալ ծերունի հայրապետն՝ իր թոռանց ապագայն եւ գերազանցութիւնը. գրեթէ մարգարէաբար կը տեսնէր կամ դիտէր, կամ գուցէ իրեն եղած Էր այն հրեշտակային յայտնութիւնն, թէ Ներսէս՝ Շնորհալի պիտի ըլլայ. գուցէ եւ ինքնին կանխեալ այնպէս անուանէր զկայտառ   երախայն, եւ անտարակոյս ըլլալով անոր եւ երեց եղբօր՝ Հոգւոյն սրբոյ շնորհաց օթեւան ըլլալուն, զոր յայտնէր եւ իրենց շարժմունքն եւ բնաւորութիւնն եւ հասակէն վեր ցուցած զգաստութիւնն եւ հանճարն, անդարձ կտակի պէս պատուիրեց Բարսղի, որ սրբութեան դադարներու մէջ սնուցանէ այն երկու տատրակները, ինչպես որ ինքնին զանոնք ծնողացմէ կորզելով իր ծնգաց վրայ կը մեծցընէր, եւ հետ իրեն՝ ինքն ալ կտակէ եւ յաջորդեցընէ իր եւ իրենց նախնի Լուսաւորչի աթոռոյն: Անշուշտ եթէ իր երկար եւ անհաստաստ ժամանակի կաթողիկոսութեան ատեն թերութիւն ունեցեր էր, ասկէ լաւ աւանդով չէր կըրնար լնուլ զայն։ Այս յուսով եւ սրտի հանգըստութեամբ վախճանեցաւ Գրիգոր Բ., թողլով մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ մէջ անանկ մեծանուն եւ պայծառ լոյս մը, որ իսպառ կ՚աղօտացընէ իր ատենի անուանեալ օտարաթոռ կաթողիկոսները, եւ միակ օրինաոր հայրապետ կը ճանչցուի, յաջորդ Խաչկայ Բ-ի եւ նախորդ Բարսղի, եւ երկրորդ նահապետ Պահլաւունի հայրապետաց մերոց



[1]    Թոռնիկ Տարօնոյ եւ Սասնոյ իշխանն Գր. Վկայաuիրի փեսայ կոչուի, որ ըստ նախնեաց կըրնայ կարծեցընել, թէ Վահրամ զաւակ ալ ունեցած ըլլայ, եւ աղջիկը տուած է ՚ի կնութիւն Թոռնկայ։

[2]    Մատթ. Ուռհայ։ - Վահրամ՝ ընտրութեանն ատեն Հարկ է որ գոնէ չափահաս երիտասարդ ըլլայ, թէ եւ Մատթ. Ուռհ. կ՚ըսէ. «Գտին մանուկ մի յազգէ Պահլաւունեաց». յետ յիշելու որ կարգուած էր եւ ատեն մը վերջը հրաժարած կընկԷն եւ իշխանութենէ. 1075 թուէն վերջ ալ դեռ մօրն ողջ ըլլալն յիշուի։ Մահուան ատենն խոր ծերութեան եւ ալեւորութեան հասած ըլլալը կը յիշեն պատմիչք, որով ընտրութեանն ատեն ալ երիտասարդութենէ վեր կ'երեւի։ Հայոց–թառ վանքին մէջ արձանագրութիւն մը կայ (յամին 2015), յանուն Գր. Մագիստրոսի եւ Գրիգոր Վահրամ պատանւոյ այլ այս մեզի ծանօթ Գր. Մագիստրոսն եւ Գրիգոր - Վահրան չեն։

[3] Մխիթ. Այրիվանեցի:

[4] Սա յետոյ մեր պատմութեան մէջ պիտի յիշուի, ուրիշ առթով

[5] ԶԲարսեղ իր ազգականը փոխանորդ եւ յաջորդ դնելու համար, բայց ոմանք՝ միայն հրաման խաւրած Է հօն կ՚ըսեն որ Բարսեղ ձեռնադրուի։ 

[6] Թոռնիկ Գ. Վկայաuիրի փեսայ ըլլալու համար՝ կամ անոր քույրը առած պիտի ըլլայ, կամ դուստրը. Վկայաuիրին ամուսնացեալ ըլլալը կը յիշուի, այլ զաւակ ունենալն ոչ. իր հօր Մագիստրոսի ալ այլեւայլ դստերքն յիշուին, այլ ոչ իբրեւ հարսն Թոռնկայ. ստուգութեան կարօտ եւ արժանի է այս խնամութիւնս, ինչպես վերն ալ յիշեցինք

[7]     Կաթողիկոս հաստատելը թագաւորաց իրաւունք էր. Փիլարետ բռնաւոր՝ իրեն սեփականեր էր այս իշխանութիւնս ալ եւ ոչ միայն Հայոց՝ այլ եւ Ասորոց կաթողիկոսներ հաստատեց, ինչպէս Աբտոն ըսուած մէկը, անկէ կաշառք առնըլով. յետոյ զայն բռնի ձեռնադրող եպիսկոպոսք ալ կաշառքով հրաման առին ուրիշ կաթողիկոս մը ձեռնադրելու (1075), եւ այսպէս իրենք ալ մեկ ատեն չորս եպիսկոպոսապետ ունեցան ( Ասսեմ, Բ, 356—7)։

[8] Վախճանած տարին ըստ ոմանց էր 1106. իսկ օրն թուի 10 յունիսի. զի Մատթ. Ուռհայեցի կ'ըսէ. «Ի տրէ ամիս, յառաջին շաբաթն ամռան աղուհացիցն, յաւուր շաբթու». որ կ՚ըլլայ Է օր Հոգեգալստեան. իսկ Վարդան Պատմիչ Երեմիայ մարգարէի տօնին շաբաթ օրը կ՚ըսէ, որ հիմկու կարգով կ՚ըլլայ օգոստ. 26։