Արեւմտեան հայոց արդի գրականութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ. «Արեւելք»ին հիմնադրութիւնը։ Ծրագիրը։ Խմբագրական տկարութիւնները։ Ձգտումը։ Ռուսահայոց հետ յարաբերութիւնները։
      
       Երբ 1884 թուականը կը մտնենք, գրական նորութիւնը եւ ազգային կարեւոր դէպքը՝ «Արեւելք» թերթին երեւումն է, յունուարի 1ին։
       Կ. Պոլիս 1876ին Հայաստանի կրթութեանը համար ընկերութիւններ կազմող երիտասարդութեան պարագլուխներէն ոմանք հիմակ ալ իրենց սեփական մեծ օրաթերթի մը հրապարակմանը կը ձեռնարկէին, հանրային ընդհանուր կեանքին մասնակցելու խորհրդով։ Նոր թերթին առաջին թիւը ծրագրի նմանող յայտարարութիւն մը կը հրատարակէ, որուն մէջ ուշագրաւ է Ռուսիոյ հայոց մամուլին ակնարկութիւնը։ «Հայոց մամուլը, կ՚ըսէ «Արեւելք», երկուքի կը բաժնուի. թրքահայոց մամուլ, ռուսահայոց մամուլ. բայց տարբերութիւն մը կայ այս երկու պաշտօնակից մարմիններու միջեւ։ Ստեփաննոս Նազարեանց գծեց ռուսահայոց մամուլին համար միանգամ ընդ միշտ մի այնպիսի ուղղութիւն, որուն սթափիչ ազդեցութեան ներքեւ հասարակաց գիտակցութիւնը զարգանալով, պարբերական մամուլը դարձաւ անհրաժեշտ պիտոյք մը ռուսահայ ժողովրդի մտաւորական պահանջներուն համար»։
       Այս տողերը գրողները անշուշտ իւրովի հարցուցած ըլլալու չեն, թէ պատրաստուած Ստեփաննոս Նազարեանց մը ունի՞ն կամ ոչ. սակայն յայտարարութեան կարեւորութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ հայերը քառասուն տարի շարունակ ճոխ օրագրութիւն մը ունենալէ յետոյ, նոր երիտասարդութիւնը իրեն համար հրապարակագրութեան մտատիպար օրինակը կ՚երթայ Ռուսիոյ հայոց դպրոցին մէջ կը փնտռէ։ Այս յայտարարութիւնը միանգամայն նշան մըն է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հայոց միջեւ մտաւորական աւելի սերտ յարաբերութեանց ստեղծման փափաքներու։
       Նորածին թերթը շատ փափկանկատ վարմունքով չի վերաբերիր Պոլսոյ եւ Իզմիրի մամուլին համար։ Յիշատակելով իր պաշտօնակիցները, կարեկցութեան, արհամարհանքի շեշտով մը կ՚աղաղակէ անոնց համար. «Այո՛, դեռ կապրին, այլ որքա՜ն շիջելափառ։ Եւ ինչո՞ւ։ Ահա այդ «ինչո՞ւն» է, որ ուսումնասիրել ուզեցինք։ Կարօտ չէինք դժբախտաբար երկար հետազօտութիւններ ընելու։ Խնդիրը պարզ էր։ Ժողովրդի մտաւոր եւ բարոյական պահանջը շատ աւելի է, քան մամուլէ ստացած գոհացումը»։
       Բայց «Արեւելք» ի՞նչ պիտի ընէ այդ գոհացումը տալու համար։ «Արեւելք» իր պարտականութեանց առաջինը պիտի համարի լաւ ուսումնասիրել հայ ժողովրդին ժամանակակից կեանքը, իր ամէն երեւոյթներուն ներքեւ, եւ հետամուտ ըլլայ ըստ կարելոյն գոհացում տալ նորա բարոյական եւ մտաւոր պահանջներուն։ Պիտի իրագործուի՞ն այս խորհուրդները։ Պատասխանը ապագան պիտի տայ։ Բայց մինչ այս մինչ այն, նորեկ թերթը խեղճուկ զգեստաւորմամբ կը ներկայանայ հասարակութեան։ «Արեւելք»ի առաջին տարուան հաւաքածոն հիմակ աչքէ անցնող մը կ՚ապշի տեսնելով նիւթերուն խառնակ դասաւորութիւնը, յօդուածներուն անխնամ լեզուն ու կիսատ ոճով խմբագրութիւնը եւ տառասխալներու շատութիւնը։ Բայց ուշադիր դիտող խորհող մը իր ընթերցումը երբ առաջ կը տանի, կը զգայ թէ նորութեան մը հանդէպ կը գտնուի։ Գրականութիւնը որոշ նպատակի մը կը ծառայէ։ Ապագայի մը պատրաստութիւնները կը տեսնուին։ Մասնաւորապէս ջանք մը կայ Ռուսիոյ հայերը սիրել եւ յարգել տալ, ու անոնց սրտին զուգատրոփ բաբախել տալ Թիւրքիոյ հայոց սիրտը։ Քրոնիկին անմեղունակ երեւոյթովը կը պատմուին դէպքեր, որոնք կրնան մտքերու զարկ տալ եւ զանոնք արթնցնել։ Ահա կովկասեան կեանքէն լուր մը, տեղեկութիւն մը, որ հասկցողին համար ազգային քաղաքական դաւանանք մըն ալ է։
       «Եւ կովկասցիներն ալ, կ՚ըսէ «Արեւելք», ունին առաքինութիւններ, որոնք մեզի համար անհաւատալի են։ Օր մը, երբ մեզի կը նկարագրէին Կովկասի նոր երիտասարդութեան սիրտն ու հոգին, մենք թերահաւատ էինք, բայց այսօր աչքիս առջեւ ունիմ նամակ մը Թիֆլիսէն, որ շատ տարակոյսներ կը փարատէ։ Ի՜նչ նոր ոգի կը տիրէ։ Պատանի մըն է, որ կ՚աներեւութանայ, ոչինչ տարօրինակ. բայց աներեւութանալու պատճառները գուցէ զարմանալի թուին։ Պատանին՝ Աղէքսանդր Գրիգորեան Գօլօշեանց՝ ուսանող է Լազարեան ճեմարանին եւ մեծապէս յառաջադիմած է. կը մեկնի հոնկէ, կը մտնէ Թիֆլիս արքունի բարձրագոյն վարժարանը, ուր լաւ կը գնահատեն զինքը։ Ոտանաւորներ կը գրէ եւ բառարան կը շինէ. հոգին կը սլացնէ, յիշողութիւնը կը սրէ եւ իր միակ տենչն է, իր երազն է երթալ թափառիլ նախնի աւերակներուն մէջ։ Ընկերները կը ծափահարեն եւ արդէն կ՚ողջունեն ապագայ Աբովեան մը։ Խեղճ հայրը այժմ կը գրէ. «պարծենում էր թէ՝ պէտք է գնայ աւերակները հետազօտելու եւ իրա բանաստեղծութիւնները ճոխացնելու։ Ես նորա բոլոր խօսակցութիւնները երախայական ցնորք էի համարում, եւ յորդորում էի նորան աւարտել ուսման ընթացքը, որի հետ սաստիկ սէր ունէր։ Բայց տարաբախտաբար իմ բոլոր աշխատութիւնները ի զուր անցան»։ Ի զուր այդ խրատները եւ ահա օր մը կ՚աներեւութանայ մեր Աղէքսանդրը։ Գողթնացիի մը սիրահար, ինքն ալ կ՚ըսէ՝ «արձակեցէք, որ տեսանեմ զորչափութիւն աւերածոյ տան իմոյ հայրենի». ու կ՚երթայ այդ աւերակներուն մէջ, նախնեաց յիշատակներով պարարել իր սիրտն ու միտքը։ «Նա առանց ինձ իմաց տալու, կը գրէ հայրը, անյայտացաւ եւ իւր կիսահիւանդ եւ կիսամեռ մայրը թողեց թշուառ դրութեան մէջ»։ Այսպէս, ո՛չ հայրական գորով, ո՛չ մայրենի խանդակաթ սէր ու արցունքներ չեն սանձեր անզուսպ ոգին։ Հայրը այսօր ամէն ազգասէրներու բարեխօսութեանը կը յանձնէ իւր անառակ որդին։ Կովկաս միայն կ՚ընծայէ այսպիսի օրինակներ։ Երանի՜ անոնց, որոնք դեռ պատանի եւ արդէն իրականութիւն կ՚ընեն երէկի երազները։ Շատերն ալ երազեցին այդ երազները, երբ իտալական դրօշներու շուքին ներքեւ Մանինի դագաղին կ՚ընկերանային, եւ այսօր՝ իրենց սրտին գերեզմանացեալ փլատակներու սուգը միայն կը պահեն»։
       «Արեւելք»ի առաջին թիւերուն մէջ Րաֆֆիին «Խաչագող»ը իբր թերթօն երեւնալ սկսաւ։ Կառավարական տրամադրութիւնը զննելու նախափորձ մըն էր. «Խենթ»ին հետ կապուած անունի մը հանապազօրեայ յիշատակութիւնը ուշադրութիւն պիտի գրաւէ՞ր, թէ ոչ։ Փորձը առանց ո՛ եւ է դիտողութեան անցնելով, խմբագրութիւնն ալ համարձակեցաւ իր ընթերցողներուն ծանօթացնել նոյն հեղինակին ուրիշ մէկ գործը, որ ազդեցիկ տպաւորութիւն առաջ բերելու կոչուած էր։ «Խամսայի մէլիքութիւնները» թեթեւ իմն փոփոխութեամբ եկան հանրային միտքը գրաւել եւ յուզել։ Դեռ մեզի շատ մօտ ժամանակի մը մէջ գոյութիւն ունեցող այդ տեսակ մը հայկական անկախութեան պատմութիւնը իբր դասախօսութիւն կը հաղորդուէր այն ժողովրդին, որուն դպրոցներուն մէջ ազգային հին անցեալի մը ուսուցումն իսկ գրեթէ արգիլուած կը մնար։
       Միեւնոյն ժամանակ, Պոլիս տաքութեամբ կը յուզուէին Ռուսիոյ հայոց օրուան խնդիրները։ Մասնաւորապէս կաթողիկոսական նոր ընտրութեան մը այժմէութիւնը հանրային հետաքրքրութիւնը կը հրահրէր։ Բայց յայտնի կ՚երեւնար, թէ նոր օրագրութիւնը իրեն կոչումը Էջմիածնի շուրջը դեգերման մէջ չէր փնտռեր միայն։ Ամէն ատեն հայը իր կաթողիկոսական խնդիրներովը շահագրգռուած էր. նոր օրագրութիւնը նորութիւն մը պիտի չստեղծէր, ո՛եւէ հարց այս կամ այն կերպ ուսումնասիրութեամբ։ Ա՛յլ էր երիտասարդ գրագէտներուն մտահոգութիւնը։ Հայոց արդի կեանքին փոփոխութեանց ուշադիր հետամտողը կ՚անդրադառնար, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հայոց զարգացման պայմանները ու հանրային կեանքի կազմակերպութիւնները հետզհետէ տարբերելով, իրենք հայերն ալ կամաց կամաց իրարու կրնային օտարանալ լեզուով, գաղափարով, զգացումով. եւ օր մը զիրար բոլորովին մոռնալ։ Հայութեան երկու մեծ զանգուածները՝ ռուսահպատակն ու թրքահպատակը, անշուշտ Էջմիածինով իրարու կապուած կը մնային, բայց պաշտօնապէս միայն, առանց հոգեկան ու մտական հաղորդակցութեանց։ Օրին մէկը գրականութիւնը պիտի ջանար բարեյաջող հանգամանքներէն օգտուելով, Արեւելեան եւ Արեւմտեան հայոց մտքերը եւ սրտերը իրարու կապել միացնել։
       Կ. Պոլիս 1876ին կազմուած Արարատեան ընկերութիւնը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հայոց ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան սեւեռեց։ Պոլսեցի մը՝ Մկրտիչ Փորթուգալեան՝ Հայաստան կ՚երթար իբր Պոլսոյ կրթական եւ գաղափարական պատգամաւորը։ Թիֆլիսցի մը՝ Գրիգոր Արծրունի՝ կովկասեան ձեռքը անոր կ՚երկնցնէր։ Վասպուրականը հայ հայրենիքը անձնաւորեց. Թիֆլիսն ու Պոլիսը անոր շուրջը բոլորեցան, եւ իրենց հետ, ամբողջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հայերը։ Հայաստանի մտաւորական վերածննդեան գաղափարն էր, որ Արեւելեան եւ Արեւմտեան հայերը կը միացնէր։ Միեւնոյն ժամանակ կը ծագէր ռուսեւթուրք պատերազմը։ Ռուսական զէնքով ձեռք բերուած յաղթանակ մը բնականաբար հզօրապէս պիտի ազդէր Թուրքիոյ հայոց վրայ եւ զանոնք ուժգնօրէն դէպի ռուսահայերը պիտի մղէր։ Պատերազմին յաջորդեց Հայաստանի մեծ սովը։ Ռուսիոյ հայերը փութացին իրենց թրքահպատակ եղբայրները անօթութենէ փրկել։ Սրտակցութեան թուականը ողջունուեցաւ։ Այդ քանի մը տարուան ժամանակամիջոցին, Ռուսիոյ հայերը Թուրքիոյ հայոց ամենամեծ ծառայութիւններ կը մատուցանէին, առանց փոխադարձ ակնկալութեան մը, վասն զի անոնցմէ ո՛եւէ կերպով օգտուելու հարկին մէջ չէին բարեբախտաբար։ Այս անշահախնդիր բարեացակամութիւնը մեծ ոյժ մըն էր համերաշխութեան գաղափարին համար։
       Յարաբերութիւններու սկզբնաւորութեան բարեյաջող տարիները, Թուրքիոյ հայերը ո՛եւէ որոշ գաղափար մը չունէին Արեւելեան հայոց մտաւորականութեան վրայ։ Դեռ 1876—ին՝ Արարատեան հիմնարկութեան թուականը՝ «Մշակ»ը անծանօթ էր։ Նոյն իսկ այն Արարատեանները, որոնք քիչ յետոյ այնքան սերտ յարաբերութիւններ պիտի ունենային Կովկասու յառաջդիմական թերթին հետ, անոր երեւումէն չորս հինգ տարի ետքը անունն իսկ լսած չէին։ Պոլսեցիներէն ոմանք գիտէին թէ «Մեղու Հայաստանի» մը կայ, այսքան։ «Մայր Արաքս»ին ամենուն բերանն էր, առանց հեղինակին անուանը։ Միակ հանրահռչակ գրագէտը Նալբանդեանցն էր, իր «Ազատն Աստուած»ովը ու զինքը կենսագրող վիպազրոյց յիշատակարաններովը։ «Մշակ»էն յետոյ եկաւ «Փորձ»ը, որ կովկասեան պարբերականի մը՝ Պոլսոյ եւ Իզմիրի նմանօրինակ հրատարակութեանց վրայ ունեցած անբաղդատելի գերազանցութեամբը զարմացում պատճառեց. ու զարմացումէն՝ հիացում կը ծնէր Ռուսիոյ հայոց համար։
       * ։
       Երբ 1876էն սկսեալ Ռուսիոյ հայերը հետզհետէ կը գրաւէին Թուրքիոյ հայոց սիրտն ու միտքը, Թիֆլիսի մամուլն ալ հոգածու ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պոլիս, Հայաստան, Կիլիկիա պատահած ամէն դէպքերու, խոշոր ըլլան անոնք թէ մանր, սակայն մեր գրականութիւնը իրենց շատ հետաքրքրական չէր երեւնար։ Այդ մամուլին Պոլսէն ստացած եւ հրատարակած ահագնաքանակ թղթակցութիւնները, յօդուածները հիմակ աչքէ անցընող մը պիտի տեսնէ, թէ հոն գրական կեանքին շատ քիչ տեղ տրուեր է։ Գաղափարական գրականութիւնը անցեալը կը ցոլացնէ ու հեռաւոր ապագան պատրաստելու կը նկրտի. իր զարգացմանը համար մտաւորական հանդարտութեան կարօտ է։ Մենք 1884էն ետքն էր, որ գաղափարական նոր գրականութիւն մը սկսանք պատրաստել։ Ու այդ թուականին ալ Ներսէս Պատրիարքը կը վախճանէր, եւ անմիջական վերածնունդի լոյսը շա՜տ տկարացած էր. ուստի երիտասարդութեան մէկ մասն ալ իր գործունէութիւնը գրականութեան նուիրեց, որպէս զի մտքերը ուղղութեան մը մէջ դնէ ապագային համար։ Բայց 1884էն ետքն ալ գիրքը հազուադէպ երեւոյթ մը եղած է. մտաւորական կեանքը մամուլին մէջ կը խտանար առաջուընէ աւելի։ Դիւրին չէր անոր վրայ խօսիլ, մանաւանդ որ չափազանցօրէն անխոհեմութիւն պիտի համարուէր գրականութեան հոգին ու ձգտումը ամենուն հստակափայլ պարզել։
       Այսպէս ահա, ռուսահպատակ եւ թրքահպատակ հայերը, որ տակաւին ութ տարի առաջ իրարու գրեթէ անծանօթ կը մնային, հիմակ գաղափարական կուսակցութեան մը կապովը միացած են։ Այդ կապը օրէ օր կ՚ամրապնդի Պոլսոյ մէջ իսկ, թուրք կառավարութեան աչքին առջեւ իսկ, եւ անոր խիստ հսկողութեանը հակառակ։