Գրական դեմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱՊ
       Հանգուցեալ տիկին Տիւսապ ծանօթ է հանրային կեանքովը եւ հրատարակութիւններովը։ Այս քանի մը տողերը գրագէտին յատկացուած են։
       Հայ հեղինակուհին երեք վէպ գրած է. «Մայտան», «Սիրանոյշը», «Արաքսիան»։ Վերջին երկուքը բազմաթիւ ընթերցողներ չունեցան։ Առաջինը ընդունելութիւն գտաւ նորոյթին հրապոյրովը։
       Այս վիպասանութիւնները ամենքն ալ ազնուագին զգացումներէ ներշնչուած են, բայց ամենքն ալ կարդացողին հոգին բերանը կը բերեն, այնքան ձանձրացուցիչ են։ Քարոզ վէպեր։ Քարոզը՝ ժամը։ Շատ երկայնամիտ համբերութեամբ զօրացած պէտք է ըլլալ, աւարտել կարենալու համար այն հարիւրաւոր էջերը, ուր սիրող սրտերը սիրելու տեղ վարդապետելու ելեր են։ Վէպէն ալ ու մանաւանդ վէպեն—«գործ եւ ոչ խօսք» կը պահանջուի։ Առաքինասերները հանրային բարոյականի դէմ մեղանչում կը համարեն վէպին մէջ մոլութեան հոլանի դեգերումը։ Բայց ընդունինք նաեւ, որ վիպասանը մահացու մեղք կը գործէ, երբ խստամաղձոտ դէմքով առաքինութիւնը ամենուրեք մեզի մը հանդիպեցնէ։
       Տիկին Տիւսապ միանգամայն մեծ վստահութիւն մը չէր կրնար ներշնչել նոյնիսկ իբր հայ կնոջ դատը պաշտպանող փաստաբան քարոզիչ։ Ֆրանսերէնի հմտութիւն եւ ֆրանսական վիպասանութեանց ընտելացումը բաւական չեն ստեղծելու համար առաքելական պաշտօնով գրագիտուհին։ «Մայտային» հեղինակը ո՛չ հայ կինը կը ճանչնար, ո՛չ հայ ընկերութիւնը, ո՛չ հայ կեանքը։ Եւրոպականացեալ հայուհի մըն էր։ Թէ՛ ինքը, եւ՛ թէ իրեն հետեւողները երբ «հայ կին» կ՚ըսեն, թուի թէ կը հասկնան Պոլսոյ կամ Իզմիրի հայ գաղթականութեանց պատկանող, եւրոպական տարազով պճնազարդիկ հայուհին միայն։ Պաշտպանելով անոր «դատը», կը կարծեն հայ կնոջ դատը պաշտպանած ըլլալ։ Կը սխալին։
       Ու՞ր է հայ կինը, ի՞նչ է իր դատը։
       Հայ կինը հայ հողին վրան է։ Ով որ անոր դատը պաշտպանել կ՚ուզէ, պէտք է. որ նախ անոր կեանքը ուսումնասիրէ, հետը ապրելով։ Ինչ որ հեռուէն «չարիքը» կը թուի եւրոպաբնակ ֆրանսագէտ հայ կնոջ աչքին, թերեւս անդին «բարիք» է։ Հայաստանի հայ կինը ունի իր կրօնքը, իր աւանդութիւնները, իր յիշատակները, իր ընկերական կեանքը, որոնք անցեալի մը ծնունդ են։ Այդ անցեալը, պոլսեցի հայ կնոջ համար գրեթէ խաթարեալ, բայց Հայաստան միշտ կը պայծառափայլի եւ տոհմային կեանքը կը պահպանէ։ Ոչ ոք կրնայ հայ կնոջ դատին պաշտպանութիւնը լրջօրէն ստանձնել, պարզապէս տիկին Սթալ, տիկին Ժորժ Սանդ, Դիւմայ Որդի կարդալով։ Տիկին Տիւսապ ֆրանսերէն վէպերու ընթերցումէն ուսումնասիրեց եւ դատեց հայ կինը։ Իր տեսութիւնները ուրեմն մնացին առանց ոեւէ հիւթեղ գաղափարի։
       Այսպէս ահա Տիկին Տիւսապին գրքերը մեր ժամանակակից մատենագրութեան մէջ նշանաւոր տեղ մը չգրաւեցին, ու նաեւ զգալի ազդեցութիւն չունեցան հայ կնոջ եւ հայ ընկերական կեանքին վրայ։ Այդ գրքերուն կը պակսեր թէ՛ ընկերական կեանքի գիտութիւն, թէ՛ վիպասանութեան արուեստը։
       Կը փափագինք, որ այդ աշխատասեր հայ տիկնոջ, որ ազնիւ զգացումներով տոգորուած էր, այս գրական դժբախտութենէ օգտուին ամէն անոնք, որ հայ կնոջ դատը պաշտպան կուզեն։
       Նախ հայ կինը ճանչնան։