Վերջին հայերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՂՋԱԿԷԶ

Իմ մտերիմ Ա. Գարակէօզեանի հուժկու յիշատակին

Ահաւասիկ դուն կը ժպտիս ինձ հիմա,
Չը հասկցուա՜ծ Սուրբի հանդա՜րտ, հոգեհմա՜յ,
Միապաղա՜ղ սառն ժպիտովդ անայլայլ։
Ա՜խ, քարեղէն քու որբ ժպի՛տըդ մըռայլ…։

Ո՜վ զզուելի կենդանագիր դեղնափա՜ռ.
Դէմս ես. կ՚ապրի՜մ, կ՚ըմպեմ զքեզ ամբարբառ.
Մինչ քու առջիդ՝ կռապա՛շտ մոմ մը վտիտ
Կու լա՜յ դողդոջ ու կ՚աղերսէ՜ միամիտ…։

Ու ճարճատուն իր ճաճանչին մէջ ճերմակ՝
Ճառագայթի ճախրանքով մը՝ լճունա՜կ
Կը ջըրոտին պահ մը աչերդ՝ ու կարծես
Թուղթին մէջէն յանկարծ պիտի հեծեծես…։

Գուցէ՞…։ Ահա կեա՛նքն է եկեր գարունի.
Արեւն է նո՜ր. ամէն բան երգ մը ունի.
Ահա՛ չքնաղ ծաղկանց ամի՜սը Ապրիլ…
Կ՚ուզէի՞ր հողըդ դղրդել, ու ապրի՜լ…։

Գո՞ւցէ։ Բայց ո՛չ։ Քու ամբողջ կեա՛նքըդ անա՜հ
Ու ծարաւա՜ծ արշաւ մըն էր դէպի Մա՜հ.
Դէպի չքնաղ ու մաքուր Մահն հերոսի
Ուր ծիրանի արիւնը խրո՜խտ կը հոսի…։

Ու մինչ Քերթո՜ղը միայնակ դեգերո՜ւն՝
Սի՜րտ կը ջամբէր իր երգերուն, վէրքերուն…
Իրմէ հեռու ու անհաղորդ՝ դո՛ւն քեզ մէջ՝
Կ՚որոճայիր հսկայական ցաւ մ՚անվերջ։

Ա՜ԶԳԸ։ Ինչո՞ւ հազարներու, բիւրերու,
Դիակներուն վրայ ապրիլ այս հըլո՛ւ,
Այս գետնաքա՛րշ կեանքը ստրուկ պոռնիկի…
Կեանք մուրալէն լաւ չէ՞ր մեռնիլ ուղղակի…։

Որովհետեւ տըղու աչքերդ խելայեղ,
Տեսեր էին կարմիր Սարսա՜փը ահեղ,
Փախչող կոյսե՜րը, հրդեհնե՜րը անշէջ,
Կախաղաննե՜րը լուռ ցցուող ցայգին մէջ…։

Ու քու ցեղիդ ցեխի՛ն առջեւ գետնամած՝
Ռունգերըդ կո՜ւշտ ծծեր էին ծարաւած՝
Տաք արիւնէն բարձրացող բոյրը ցեղիդ…
Այդ բոյրն Մահուան տենչ էր տուեր ուղեղիդ…։

Այլ եղո՜ւկ քեզ…։ Դուն չի մեռար իբր հերոս,
Օդերուն մէջ ճօճող բիրէն բարբարոս,
Դանկըդ սրուա՜ծ կացինի մը տակ ջախջա՜խ,
Գազաններու մռնչիւնին մէջ. «Ալլահ»…։

Ո՛չ։ Բանտերու աղջամուղջին մէջ անշուք,
Դիւցազնօրէ՛ն, ժայռօ՛րէն լուռ, անշշո՜ւկ,
ԳԱՂԱՓԱ՛Րի խորանին վրայ՝ սիրակէ՜զ,
Քու պարմանի մարմինդ ըրիր ողջակէզ…։

Ու քու աչքե՛րըդ հրճուանքէդ խելագա՜ր՝
Կը տեսնէին թէ բոցը ինչպէ՜ս կու գար,
Կարմի՜ր, ուրա՜խ, սրբազա՜ն բոցը ահեղ,
Պարանոցէդ, մարմինէդ վեր, դէպ՝ ուղեղ…։

Օգնութի՜ւն…։ Ո՛չ։ Կը ջահուէ՜իր լռելեայն…։
Ու դէմքիդ վրայ գալարուող բո՛ցն էր միայն
Որ ճզրտաց խօլ աչքերուդ վրայ խոնա՛ւ…
Այսքա՜ն։ Մեռար առանց ճիչի մը բընաւ…։

Երնէ՜կ այն Հայ Արգանդին որ քեզ ծնաւ…։

Լօզան, 27 Մայիս 1909