Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԲԺԻՇԿԸ

Բարեկամիս` տոքթ. Ռ. Պազարճեանին
Իրա՞ւ. գիտե՞ս ըսպաննել Մահը, խեղդել
Ոսկըրներու, ջըղերու մէջ, զետեղել
Գլուխդ հէգերուն խոթ կուրծքին.
Յանդուգն գործ` ուր կայ վըտանգն ահարկու
Խաբուած սիրոյ ըմբոստութեան դիպելու,
Կամ հիւծախտի մը յորձքին:
Գիտե՞ս համրել բաբախումները սըրտին,
Կեանքին քայլերն` որոնց ներքեւ կը թափին
Մեռած կրակներն այտերէ:
Հին սուրբի պէս դու բարի ես եւ կարո՞ղ.
Զերդ մանգաղուած կակաչներու ինկած շող`
Սիրտըդ վէրքե՞ր կ’համբուրէ:
Արդ, եկո՛ւր, ո՜վ եղբայր, ծընած` չըգիտեմ
Արգանդէն ո՛ր յղի վարսամին լուսադէմ:
Եկո՛ւր, թռիչքիս վրայ զերդ ճայ`
Քեզ պիտ’ տանիմ Աշխարհ մ’անհո՜ւն գերեզման,
Որուն վերեւ կախուած արփին, լուսընկան
Դամբանի միշտ կ’ըլլան ջահ:
Հոն հիւղէ հիւղ տըրտում քալես պիտի դուն`
Բանալով խուլ ողբի դըռները զաղփուն.
Վերմակներէ դուրս` նիհար
Թեւեր քեզի պիտ’ երկըննան վերամբարձ.
Պիտի շողայ մըրոտ խըրճիթը յանկարծ
Իբրեւ ոսկւոյ հանք մ’ըլլար:
Ու առջեւդ հոն պիտի տեսնես մահահոտ
Էակներու գալարուող կոյտ մ’հիւանդոտ,
Թաց խորշերու մէջ` տըժգոյն
Դէմքեր վըտիտ, բիբեր ջերմի վառարան,
Որ փոխանակ արեգակին կը տեսնան
Հըրդեհն իրենց գիւղերուն.
Լանջքեր վիրոտ, վիրոտ սըրտեր` լի արդար
Վըրէժներով, սարսափներէ խելագա՜ր,
Ճակատներ` ուր թըշնամւոյն
Անարգ սուրերը կ’արձակեն բոց եւ ահ,
Հոն կը գըրեն - ըստ կամքի - կեանք, վաղը` մահ,
Ճակատագիր անկայո՜ւն…
Ջարդուած կողեր` որ կը դողդղան սուիններէն`
Ինչպէս եզ մ’իր անդէորդին խըթանէն.
Ցուրտի, սովի մէջ` դեղին
Ծիւրախտ թոքեր, աղիքներ չոր ու ցամքած`
Որոնց միջեւ Քաղցն, երիզորդ մարմնաքանց,
Կը քաշէ մորթը ոսկրին:
…Ահա - ո՜վ վրէժ - եղբայրներուդ այս անվերջ
Քայքայումին առջեւ` սըրտմիտ, հոգւոյդ մէջ
Խեղդած պաշտօնդ, ընդվի՜զ, վէ՜ս,
Շանթի նըման` որ կ’երկըննայ պողպատին,
Գուցէ՛, գուցէ՛, ո՜վ եղբայր, դու մոլեգին
Նըշտրակին տեղ սո՜ւրն ուզես: