Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ

Հեղինակ

Բաժին
eBooks  

Թեմա
Fiction  

ԺԶ.
ՍԱՄԱԹԻԱ

Օղի չխմողները զատուին անոնք իրաւունք չունին այս թաղը մտնելու ։

Բաժնուին մեզմէ նաեւ անոնք, որք սովորած են ծառայ եմ ֊ի. հոս ամեն մարդ տէր է, վասնզի ամենքն ալ իրենց աշխատութեամբն եւ արհեստովը կապրին եւ, հետեւաբար, պէյ֊ երու, էֆէնտի֊ ներու ոտները լզելու պարտաւոր չեն ։

  Մեզի հետ չգան նաեւ այն անձերն, որք արձակ հայհոյել գիտեն. անոնք հոս կծաղրուին, վասնզի սամաթիացիներուն հայհոյութիւնն գրեթէ միշտ ոտանաւոր է ։

Բնաւ հոս պտըտելու չեն այն օրիորդներն կամ տիկիններն, որոնց երեսներուն վրայ կարմիրը անպակաս է. սամաթիացին կարմիրն միշտ հաւկիթներու վրայ տեսնել կ ՚ ուզէ ։

Ամենեւին գործ չունին հոս այն կիներն, որք ամեն քայլափոխին կէս մէջքէն կկոտըրտուին թղթեայ կիներուն պէս, զորս հէյալ ը կներկայացնէ. վասնզի սամաթիացին այնպիսիներու վրայ կխնդայ ։

Այս թաղին մօտենալու չեն նաեւ այն երիտասարդները, որք կամ շատ թեթեւ են եւ կամ շատ ծանր ։

—Մարդ երթալու չէ ուրեմն հոս ։

—Ինչո՞ւ. ամեն մարդ ստիպուա՞ծ է այդ թերութիւններն ունենալու։ Եկո՛ւր քեզի հետ երթանք. բայց այնպիսի փողոցէ մը մտնենք, որ մէկէ մը չտեսնուինք. վասնզի տեսնուելնուս պէս մեր օձիքէն կքաշեն ու գինետուն կտանին։ Տեսնուեցանք ահա քանի մը երիտասարդներ սա փողոցէն ելան եւ խնդալով մեզի կը մօտենան մօտեցան ։

—Օ՜օ՜օ՜, բարի էք եկեր ։

—Շնորհակալ ենք ։

—Եկէք նայինք, եկէք. Հայկական ընկերութիւնը երթանք եւ քանի մը հատ տնկենք ։

—Հայկական ընկերութիւնը օղի խմելու համա՞ր հաստատուած ընկերութիւն մ ՚ է ։

—Նպատակն այն չէ բայց ո՞ր ընկերութիւնն է, որ նպատակին ծառայած ըլլայ ։

—Գոնէ անունը փոխեն ։

—Ինչո՞ւ աղէ՞կ գիտես, որ Հայկ օղի չէր խմեր ։

—Պետրէ, Հայկական ընկերութեան օղին թէ՛ աղէկ չէ եւ թէ՛ սուղ է. Օրմանօզին տանինք մեր բարեկամները ։

—Օրմանօզիին ալ երեսուն աստիճան է, եղբայր. անցեալ շաբթու օխա մը տիւզ խմեցի հոն եւ դպաւ ինձի ։

—Եթէ ինձ հարցուէր՝ ես Կիւմիւշ հալգալը ֊ին կը տանէի բարեկամներս ։

—Եղբա՛յր, ան ալ օղիի հետ կտոր մը պանիր միայն կու տայ ։

Ալթը ն օլուք֊ ին երթանք ։

—Եղբայրներ, մենք թաղին մէջ քիչ մը պիտի պտըտինք ։

—Թաղին մէջ մարդ չկայ. ամենն ալ գինետուններու մէջ են այսօր ։

—Մահտեսիին երթանք. մարդը հայ է եւ պատուական օղի ալ ունի ։

—Շատ աղէկ, Մահտեսիին երթանք ։

—Լա՛ւ երթանք

Քանի մը փողոց դառնալով՝ մտանք Մահտեսիին գինետունն, որու գինւոյ սեղանին առջեւ կայնած կը խմէին տասնի չափ հաստաբազուկ ձկնորս ազգայիններ ։

Տամ աման, աման էֆէնտիմ, աման

—Թարալալա թարի լալալա, թիրալալա, թարիլլալալա ։

Պինի վար

—Թարալալա թարիլլալամ

—Թիրալալա թարիլլալամ

Սէնին կիպի մանիճիլէր տէֆթէրիմտէ… պինի վար ։

—Այս բարեկ

—Թարալալա թարիլալիլալիլա թիրալալալիլալամլամ օ՜օօօ՜հ ։

—Այս բար

Տամ աման աման աման եէր պէնի

—Ա՛ռ նայինք տա՛յը եւ տնկէ՛, ըսաւ ասոնց մին իր քովինին՝ անոր կուրծքին հարուած մը տալով իւր ափով ։

Այս հարուածն, որ անոնց քով մտերմութեան նշան կը համարուի, եթէ մեզ տրուի՝ գերեզմանի նշան կը

Պիր կիւզէլի մայիլ օլտում եէր պէնի

—Թարալալա թարիլլալալամ

Եէր պէնի… իշէրիմէ պիր քուրտ տիւշմիւշ կէճէ կիւնտիւզ

—Աա՜ա՜ա՜ա՜հ թարալալալալիլալամ ։

—Հոս նայեցէք, տայի ՛ներ, մանին ձգեցէք ու ցնծացէք… վարժանին գանձանակն է ։

—Ծօ տղաք, դպրոցին թապախ ն է. տուէք նայինք խմենք, բայց դպրոցնիս ալ չմոռնանք ։

  —Ա՛ռ վարպետ ։

—Բռնէ վարպետ ։

—Ա՛ռ ։

—Շէն կեցէք ։

Տամ աման… ակա՜ն.

Պիզ վէրէլիմ բարալարը եէսին թաղական ։

Ծօ տղա՛յ, ինչո՞ւ անանկ բաներ կխառնես ։

Քեզի ի՛նչ պէ, վայ կէչմիշի քընալը ։

—Հիմա մեռելներուդ պառկած տեղէն կը սկսիմ, հա՛ ։

—Երթանք աֆ կ ՚ ընէք, աղա ներ. ձեզի ձանձրութիւն տուինք ։

—Չէ, չէ ։

—Զրուցեցէք նայինք, բարեկամներ. քիչ մը ձեր թաղին վրայ խօսինք ։

—Բարեկամ, մեր թաղին ժողովրդեան մէկ մասին պատգամաւորութիւնը տեսաք ահա. ասոնք ձկնորսներն են, որ իրենց օրականը հանելուն պէս գինետուն կու գան եւ կը խմեն. այսու ամենայնիւ, ինչպէս տեսաք՝ դպրոցին համար միշտ ստակ կու տան. մասնաւոր սէր ունին թաղին վարժարաններուն համար։ Միւս մասին ալ ներկայացուցիչները կրնանք համարուիլ մենք, արհեստաւորներս։ Հոս ազնուապետութիւն չկայ. մեր դրօշակն է ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն։ Եթէ դրօշակին վրայ պարապ տեղ մնացած ըլլար՝ տիւզ բառն ալ պիտի աւելցնէինք հոն։ Հոս բնիկ էֆէնտի չկայ. իբրեւ արտաքին բերք՝ քանի մը էֆէնտի ներ կը գտնուին երբեմն ։

—Թաղական խորհուրդ ունի՞ք կանոնաւոր ։

—Թաղական ըլլալն շատ դժուար է հոս, իսկ ըլլալէն վերջն եթէ առաջին շրջանն առանց կռուոյ անցունէ՝ արուեստահանդէս ղրկուելու չափ հազուագիւտ բան մը եղած կ ՚ ըլլայ. իսկ եթէ երկրորդ շրջանին դարձեալ թաղական ընտրուի՝ անպատճառ կարտաքսուի։ Հոս ամեն թաղէն աւելի շարժում կայ։ Ասկէ երկու֊երեք ամիս առաջ քսան ֊ երեսուն երիտասարդներ թաղական խորհրդարանը մտան եւ թաղական խորհրդին թեւէն բռնելով դուրս հրամցուցին զայն ։

—Ինչո՞ւ ։

—Վասնզի դպրոցն աղէկ չէին նայեր։ Պատրիարքարանն ալ առժամանակեայ թաղական մը տուաւ մեզի ։

—Նոր թաղականն ե՞րբ պիտի ընտրուի ։

—Երբ որ հին թաղականը դուրս հրամցնող երիտասարդներն մեղայ ըսեն ։

—Եթէ չըսե՞ն ։

—Քուէարկութեան չպիտի մասնակցին ։

—Վարժարաններն ի՞նչպէս են ։

—Երկու տարի է, որ շտկելու կաշխատին. ընդհանուր կարծիքն այն է, թէ տաս տարիէն կարելի պիտի ըլլայ զանոնք բարեկարգելը։ Հոս ծնած է Մինէճի Անդրանիկն, որ ժամանակաւ շատ աշխատած է այդ վարժարաններուն համար. անգղիերէն խօսող հայն առաջին անգամ Սամաթիայէն ելած է. ջրհանկիրներու մէջ ալ այսօր անգղիերէն կարդացողներ կգտնուին ։

—Հիմա ո՞վ կը հսկէ դպրոցներու վրայ ։

—Այսինքն ո՞վ չհսկեր, ըսել կ ՚ ուզես ։

—Հիմա ո՞վ է, որ չհսկեր դպրոցներուն վրայ ։

—Երբեմն հոգաբարձուներու եւ հոգաբարձուհիներու մէջ կարծիքներու անհամաձայնութիւն ծագած ըլլալով՝ հիմա որոշուած է, որ ամուսնացած թաղականներն իրենց կիներովը չհսկեն վարժարաններու վրայ։ Հիմակուան թաղականներն այնչափ օրինապահ են, որ ընդհանուր Ընդհանուր Դատախազի դրութիւնն կառավարութենէ ընդունուելէն ի վեր՝ թաղական խորհրդոյ մէջ ալ ամեն օր հարիւրէն աւելի մասնաւոր դատախազներ կը գտնուին ։

—Հայկականէն զատ ընկերութիւն չկա՞յ հոս ։

—Շատ մը ընկերութիւններ կային ատենօք, բայց հիմայ չկայ ։ Պարզասիրաց ընկերութիւն մը կայ միայն, որ կիներուն պարզ հագնիլ պիտի սորվեցնէ. կարծեմ ասոր ալ անունը կայ միայն ։

—Եկեղեցասիրութիւն կա՞յ հոս։

—Այո՛, բոլոր թաղերէն աւելի. թաղեցին հաւասարապէս կսիրէ ազգն եւ եկեղեցին. բայց ասկէ հետեւցնելու չէ, թէ նուազ կսիրէ օղին, զոր կխմէ երեկոյեան ժամը մինչեւ մէկ ու կէսին։ Գինետան մէջ մէկուկէսէն աւելի նստողներն կբամբասուին, իսկ մինչեւ մէկ ու կէս նստելով ճաթելու չափ օղի խմողներն մեծ համակրութիւն կը վայելեն՝ իբրեւ օրինաւոր մարդեր։ Եկեղեցւոյն գորգերն այնչափ շատ կհամբուրուին, որ ամիսն անգամ մը կը պատառուին. թաղականը այս կէտը նկատողութեան առնելով տեսաւ, որ այդ համբոյրներուն գորգ չպիտի դիմանայ, ուստի որոշեց գորգերը վերցնել։ Ժողովուրդը հիմայ հողի վրայ կը կայնի եւ հողը կը համբուրէ. թող որ եկեղեցւոյ հողն ալ հինցած է այդ համբոյրներէն ։

Սամաթիացին ցած ձայնով խօսիլ չգիտեր. թէպէտեւ երբեմն գաղտնիք մը հաղորդելու համար ականջդ ի վայր կխօսի, բայց դարձեալ այդ խօսքը Եէնի Գաբուէն կլսուի ։

Ինչպէս վերը յիշեցինք՝ քծնիլ չսիրեր, շողոքորթութենէ կփախչի, բայց երբ ազգային կռիւ մը ելնէ՝ հոգւով մարմնով կնետուի. իսկ եթէ ազգային վէճ մը չըլլայ՝ կաշխատի վէճ մը հանելու։ Առանց վէճի կարելի չէ իրեն ապրիլ ։

  Սամաթիացիներուն մէկ մասն ոսկերիչ է, եւ այս հերիք է հասկցնելու համար, թէ կերակուրի մասին ո՛րքան բծախնդիր է։ Ամենէն լաւ միսն, ձուկն, կարագն, պանիրն, ապուխտն եւ պտուղն սամաթիացիին կ ՚ երթան։ Մեծ կարեւորութիւն կը տրուի հոս փորին, զոր գոհացնելու համար բան մը չխնայուիր։ Հոս փորը պճնասէր է ։

Սամաթիացին թաղին մէջ հայերէն, իսկ շուկան տաճկերէն կը խօսի ։

  Դառնանք գեղեցիկ սեռին, որ իրօք գեղեցիկ է, պարզասէր եւ աշխատասէր։ Սամաթիոյ տիկինները դաստիարակութեան պէտքը զգացած են եւ կ ՚ աշխատին, որ իրենց աղջիկներն ալ ուսում եւ կրթութիւն առնեն, մինչդեռ ուրիշ թաղի մը տիկիններն կփափագին, որ իրենց աղջիկներն բրինձի փոշի եւ կարմիր ներկ առնեն։ Թաղիս տիկիններն շատ մը թաղերու այրերէն աւելի ազգասէր են։ Առաջին անգամ Սահմանադրութեան տարեդարձը պատուող կինը սամաթիացի էր ։

Եթէ Պօլսոյ միւս թաղերն Սամաթիոյ հետեւող ըլլան՝ Պօլսոյ ժողովուրդն քիչ ատենի մէջ զգալի փոփոխութիւն կկրէ, բայց օղիին գինն ալ շատ կբարձրանայ ։

Թաղիս օդն շատ աղէկ չէ. ուստի զայն բարեխառնելու համար է, որ թաղեցին օղին շատ կխմէ ։