[2]
Գնոստիկեանք
ժամանակի
իմաստասէրներն
էին
(Գնոստիք՝
Յունական
հմտութիւն
բառէն)
եւ
Սուրբ
Գիրքն
ըստ
իմաստասիրութեան
կը
մեկնաբանէին,
տիեզերագիտական,
եւ
տիեզերածնական
խնդիրներով
կը
պարապէին.
բղխումներով
կը
բացատրէին
շատ
բան:
Գնոստիկեանց
հիմնադիրը
կը
համարուի
Սիմէոն
Մոգն:
Ա.
դարու
այս
աղանդը
մեծապէս
զարգացաւ
Բ.
դարուն
ի
Սուրիա
եւ
յԵգիպտոս:
Սուրիոյ
Գնոստիկեանք
Երկուորեան
են,
այսինքն
կ'ընդունին
բարւոյ
եւ
չարի
սկզբունքներն,
իսկ
Եգիպտոսի
Գնոստիկեանք
ընդհանրապէս
համաստուածեան
էին:
Պաուր
(Baur)
Գնոստիկեանները
ըստ
իրենց
վարդապետութեանց
երեքի
կը
բաժնէ.
Ա.
Անոնք՝
որոց
վարդապետութիւնը
Քրիստոնէութեան,
Մովսիսականութեան
եւ
Կռապաշտութեան
խառնուրդ
մ՚են
(Վաղենտիանոսութիւն,
Սփիտիանութիւն,
Բարտածան,
Սատուրնինոս,
Բասիլիտէս):
Բ.
Անոնք
որոց
վարդապետութիւնը
Քրիստոնէութենէ
եւ
զայն
կանխող
կրօններէ
կը
հեռանան
(Մարկիոն
եւ
իր
աշակերտն
Ապեղէս):
Գ.
Անոնք՝
որոց
վարդապետութիւնը
Մովսիսականութեան
եւ
Քրիստոնէութեան
խառնուրդ
մ՚է
եւ
հակառակ
կռապաշտութեան
(Կերինթոս,
եւ
Հրէա-Քրիստոնէականք
կամ
Սուտ
Կղեմականք):
Գնոստիկեաններէ
շատեր
երեւութական
էին,
այսինքն
Յիսուսի
ծնունդը,
կեանքը,
ու
մահը
երեւութական
կը
համարէին
եւ
ոչ
իրական:
Ըստ
Վաղենտիանոսի
Յիսուս
իր
մարմինը
յերկնից
բերաւ
և
այդ
մարմնով
անցաւ
Մարիամի
մարմնոյ
մէջէ՝
առանց
եղծանելու
անոր
կուսութիւնը:
Ըստ
Սատուրնինոսի
Յիսուս
մարմին
չունէր,
մարդոց
այնպէս
երեւցաւ:
Ընդհանրապէս
կ՚ըսեն
թէ՝
Յիսուս
չէր
խաչուողը՝
այլ
Սիմէոն
Կիւրենացին,
որ
անոր
խաչը
տարաւ:
Երեւութական
վարդապետութեանց
զարկ
տուաւ
Մարկիոն:
Մանիքեցիք
եւ
Պաւղիկեանք
երեւութական
էին: