Քրիստոնէական բողոքականութեան եւ գըզըլպաշներու աղանդին ծնունդը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. Մարկիոնութիւն (Marcionisme)

Մարկիոնի [1] աղանդը որ Բ. դարուն Պոնտոսի մէջ քարոզուցեաւ ու Ե. դարու կիսուն (449) մեծ յուզումներ յառաջ բերաւ Ասորւոց մէջ, հաւանականաբար մեր մէջ եւս ունեցաւ հետեւողներ. զի Եզնիկ Կողբացին անոնց վարդապետութեան դէմ հերքումներ գրած է իր «Եղծ Աղանդոց» գործին մէջ:

Այս աղանդը Գնոստիկեան [2] (Gnosticisme) էր, խառնուրդ Քրիստոնէութեան եւ հեթանոսական փիլիսոփայութեան: Մարկիոնեանք կը մերժէին Հին Կտակարանն, եւ Նոր Կտակարանէն Ղուկասի Աւետարանն ու Պօղոսի թուղթերը կ՚ընդունէին, Յիսուսի մարդեղութիւնն երեւութական կը համարէին. մկրտուելու համար կուսութիւնը անհրաժեշտ էր, ամուրիութիւնը յարգի էր, ձկնեղէնէ զատ մսեղէն կերակուր չէին ուտեր:



[1]            Մարկիոն ծնեալ ի Սինոպ, իր վարդապետութիւնը 150ի ատենները քարոզեց ի Հռովմ եւ ապա ի Պարսկաստան:

[2]            Գնոստիկեանք ժամանակի իմաստասէրներն էին (Գնոստիք՝ Յունական հմտութիւն բառէն) եւ Սուրբ Գիրքն ըստ իմաստասիրութեան կը մեկնաբանէին, տիեզերագիտական, եւ տիեզերածնական խնդիրներով կը պարապէին. բղխումներով կը բացատրէին շատ բան: Գնոստիկեանց հիմնադիրը կը համարուի Սիմէոն Մոգն: Ա. դարու այս աղանդը մեծապէս զարգացաւ Բ. դարուն ի Սուրիա եւ յԵգիպտոս: Սուրիոյ Գնոստիկեանք Երկուորեան են, այսինքն կ'ընդունին բարւոյ եւ չարի սկզբունքներն, իսկ Եգիպտոսի Գնոստիկեանք ընդհանրապէս համաստուածեան էին: Պաուր (Baur) Գնոստիկեանները ըստ իրենց վարդապետութեանց երեքի կը բաժնէ.

              Ա. Անոնք՝ որոց վարդապետութիւնը Քրիստոնէութեան, Մովսիսականութեան եւ Կռապաշտութեան խառնուրդ մ՚են (Վաղենտիանոսութիւն, Սփիտիանութիւն, Բարտածան, Սատուրնինոս, Բասիլիտէս):

              Բ. Անոնք որոց վարդապետութիւնը Քրիստոնէութենէ եւ զայն կանխող կրօններէ կը հեռանան (Մարկիոն եւ իր աշակերտն Ապեղէս):

              Գ. Անոնք՝ որոց վարդապետութիւնը Մովսիսականութեան եւ Քրիստոնէութեան խառնուրդ մ՚է եւ հակառակ կռապաշտութեան (Կերինթոս, եւ Հրէա-Քրիստոնէականք կամ Սուտ Կղեմականք):

              Գնոստիկեաններէ շատեր երեւութական էին, այսինքն Յիսուսի ծնունդը, կեանքը, ու մահը երեւութական կը համարէին եւ ոչ իրական: Ըստ Վաղենտիանոսի Յիսուս իր մարմինը յերկնից բերաւ և այդ մարմնով անցաւ Մարիամի մարմնոյ մէջէ՝ առանց եղծանելու անոր կուսութիւնը: Ըստ Սատուրնինոսի Յիսուս մարմին չունէր, մարդոց այնպէս երեւցաւ: Ընդհանրապէս կ՚ըսեն թէ՝ Յիսուս չէր խաչուողը՝ այլ Սիմէոն Կիւրենացին, որ անոր խաչը տարաւ: Երեւութական վարդապետութեանց զարկ տուաւ Մարկիոն: Մանիքեցիք եւ Պաւղիկեանք երեւութական էին: