2.
Մանիքեցութիւն
(Manicheisme)
Մանիքէութեան
հիմնադիրը
Մանի
կամ
Մանէս
[1]
(225-274)
Զրադաշտական
կրօնի
մէջ
մեծցած,
Քրիստոնէութիւնն
ուսաւ,
եւ
ուզեց
Զրադաշտական
ու
Քրիստոնէական
կրօնից
վարդապետութեանց
խառնուրդով
նոր
կրօն
մը
հիմնել,
ու
իբր
մարգարէ
եւ
յԱստուծոյ
ղրկուած
անձ
մը
ներկայացաւ
ժողովրդեան:
Հալածուեցաւ
ի
Քրիստոնէից,
եւ
Միջագետաց
ու
Պարսից
սահմանագլուխը
գտնուող
Արաբիոն
դղեկին
մէջ
հաստատուելով
սկսաւ
քարոզել:
Մանէս
յաջողեցաւ
Մարկեղոս
անուն
հարուստ
մը
համոզել
եւ
որոյ
յորդորական
նամակ
մ՚ալ
գրած
է,
յորում
«զԱստուած
իբր
հրեշտակ
Չարին,
իսկ
զՔրիստոս
իբրեւ
լոկ
մարդկանանցածին»
ներկայացուցած
է:
Մանէս
շահեցաւ
եւ
Շապհոյ
Ա.
ի
բարեկամութիւնը,
սակայն
մոգերու
հալածանաց
առջեւ
խոյս
տուաւ
եւ
Կեդրոնական
Ասիոյ
այրի
մը
մէջ
ապաստանելով՝
գրեց
իր
Էրդենկի-Մանի
անուանեալ
գիրքը,
զոր
յԵրկնից
ընդունած
ըլլալ
կը
յայտարարէր:
Մոգերը
իբր
մոլորեցուցիչ
ամբաստանեցին
զայն,
ուստի
եւ
Վռամ
արքայն
զան
մորթազերծ
ընել
տուաւ
(274):
Պարթեւք,
Քրիստոս՝
2½
դար
առաջ
տիրելով
Պարսից,
անոնց
Զրադաշտական
պարզ
կրօնը
կռապաշտութեան
վերածած
էին:
Արտաշիր
Ա.
Սասանեան
Պարսիկ
իշխանութեան
գլուխը
անցնելով
(226)
հին
Զրադաշտականութիւնը
նորոգել
փորձեց.
իսկ
Մանի
այդ
բարեկարգութեան
գործը
աւելի
յառաջ
տանել
ուզեց՝
Քրիստոնէական
վարդապետութեամբ
պատուաստելով
զայն:
Մանիքէական
աղանդին
մէջ
կը
նշմարուին
բոլոր
հին
կրօններու
վարդապետութիւնները
Քրիստոնէական
գոյնի
տակ.
շատ
բան
առնուած
է
Մարկիոնութենէ
եւ
Զրադաշտականութենէ:
Աւասիկ
իրենց
կրօնի
սկզբունքները.
1.
Կ՚ընդունէին
բարւոյ
եւ
չարի
Զրադաշտական
սկզբունքներն
իբր
անստեղծ
ստեղծիչներ՝
որք
իրարու
դէմ
կը
պայքարին:
2.
Կը
հաւատային
Եգիպտական
եւ
Հնդիկ
հոգեփոխութեան,
եւ
հոգւոյ
հետզհետէ
ազնուացման
ձգտումին:
Այսինքն
թէ՝
հոգիք
անմահ
են,
եւ
մարմնէ
մարմին
անցնելով
կը
մաքրուին,
եւ
ըստ
իրենց
արժանեաց
աւելի
կամ
նուազ
ազնիւ
էակաց
մէջ
կը
մտնեն,
մինչեւ
որ
կատարելապէս
զտուին
ու
աստուածանան:
Որով
անուղղակի
կերպով
կ՚ընդունէին
մեղաւորաց
պատուհաս
եւ
հանդերձեալ
կեանքի
պէս
բան
մը:
Հոգւոյ
ազնուացման
համար
կուսակրօնութիւնն
իբր
կարեւոր
միջոց
կը
համարէին:
3.
Անոնց
վարդապետութեանց
մէջ
Պրահմանական
համաստուածութեան
սկզբունքներն
ալ
կը
նշմարուին:
4.
Գնոստիկեան
արտահոսման
դրութեամբ
Երրորդութիւն
մը
կ՚ընդունէին:
5.
Յիսուսի
եւ
սրբոց
հոգիներն
իբր
մասն
Աստուծոյ
կը
դաւանէին,
եւ
Արեգակն
անոնց
ներկայացուցիչը
կը
համարէին,
ուստի
եւ
կը
յարգէին
Արեգակն
ու
հուրը:
6.
Հին
Կտակարանը
չար
սկզբունքի
գործ
կը
համարէին
ու
կը
մերժէին,
իսկ
Նոր
Կտակարանը
մասամբ
բարի
Աստուծոյ
գործ
դաւանելով
կ՚ընդունէին:
7.
Քրիստոսի
չարչարանքն
ու
մահը
իրական
չէին
համարեր,
այլ
երեւութական:
8.
Խաչը
չէին
յարգեր:
9.
Մարիամը
չէին
ընդուներ
իբր
կոյս՝
այլ
կին:
10.
Մկրտութիւնը
կը
մերժէին՝
իբր
աւելորդ
ձեւաբանութիւն
մը:
11.
Հաղորդութեան
Խորհուրդը
միայն
հացով
կը
կատարէին,
զի
գինին
դիւական
ըմպելի
կը
համարէին:
12.
Մանիքեցիք
կատարեալ
խոտաճարակներ
էին.
արգիլեալ
էր
անոնց
համար
ոչ
միայն
միսն
այլ
եւ
ձուն
ու
կաթն.
արգիլեալ
էր
նոյն
իսկ
կենդանի
սպաննելը:
13.
Իրենց
կրօնի
լաւ
ուսումնասիրութենէն
ետք
միայն
ներելի
էր
ամուսնութիւնը:
Մանիքեցութիւնը
բաւական
լաւ
կազմակերպուած
պաշտօնէութիւն
մ՚ունէր:
Մանի
Քրիստոսի
նման
12
աշակերտ
ունէր,
որոց
մին
մեռնելուն՝
ուրիշ
մը
անոր
կը
յաջորդէր,
այնպէս
որ
առաքելոց
թիւը
միշտ
12
կը
մնար:
Ասոնք
կը
ձեռնադրէին
եպիսկոպոսներ,
որոց
թիւը
72ը
չէր
անցներ
(թիւ
Յիսուսի
աշակերտաց):
Եպիսկոպոսները
քահանաներ
կը
ձեռնադրէին,
ունէին
նաեւ
սարկաւագներ
ու
քարոզիչներ:
Այս
աղանդը
տեղական
չմնաց,
տարածուեցաւ
ի
Հայս,
յԱսորեստան,
եւ
մինչ
Եգիպտոս
ու
Հարաւային
Եւրոպա
(Ֆրանսա),
եւ
ծնունդ
տուաւ
շատ
մը
երկրորդական
աղանդներու
[2]:
Եզնիկ
Կողբացւոյն
Մանիքէութեան
մասին՝
իր
«Եղծ
Աղանդոց»ին
մէջ
գրած
հերքումներն
ենթադրել
կուտան
մեզ
անոր
ի
Հայս
երբեմն
բաւական
տարածուած
ըլլալը:
Յուստիանոս
կայսրն
եւ
անոր
յաջորդները
հալածանք
հանեցին
Մանիքեցութեան
դէմ
Զ.
դարուն:
[1]
Ըստ
ոմանց
Մանիքեցութեան
հիմնադիրն
է
Սկիւթիանոս
Արաբացին,
որոյ
Տերիբենթ
անուն
աշակերտը
չորս
գիրք
գրեց
(Գաղտնիք,
Գլխաւոր
կէտեր,
Աւետարան
եւ
Գանձ)
ու
գնաց
քարոզել
ի
Բաբելոն:
Յետ
իւր
մահուան
անոր
այրին
եօթնամեայ
Կումբրիկոս
անուն
գերի
մը
գնելով՝
զայն
իր
ամուսնուն
վարդապետութեամբ
մարզել
տուաւ:
Այրիի
մահէն
ետք՝
Կումբրիկոս՝
Մանէս
անունն
առաւ
ու
գնաց
Պարսից
մայրաքաղաքը
(Տիզբոն)
քարոզել
իր
որդեգրած
վարդապետութիւնը:
[2]
Բորբորիտք,
Արեւորդիք,
եւ
Երեւութականք՝
Մանիքեցութենէ
սերեալ
աղանդաւորներ
էին,
որք
եւ
ժամանակ
մը
բաւական
տարածուեցան
ի
Հայս,
զորս
արմատախիլ
ըրին
մեր
թարգմանիչք:
Կորիւնի
յիշատակած
«Սատանայական»
աղանդն
եւս
Մանիքէութեան
մի
ճիւղն
էր՝
անկեալ
բարոյականով: