Քրիստոնէական բողոքականութեան եւ գըզըլպաշներու աղանդին ծնունդը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. Մանիքեցութիւն (Manicheisme)

Մանիքէութեան հիմնադիրը Մանի կամ Մանէս [1] (225-274) Զրադաշտական կրօնի մէջ մեծցած, Քրիստոնէութիւնն ուսաւ, եւ ուզեց Զրադաշտական ու Քրիստոնէական կրօնից վարդապետութեանց խառնուրդով նոր կրօն մը հիմնել, ու իբր մարգարէ եւ յԱստուծոյ ղրկուած անձ մը ներկայացաւ ժողովրդեան: Հալածուեցաւ ի Քրիստոնէից, եւ Միջագետաց ու Պարսից սահմանագլուխը գտնուող Արաբիոն դղեկին մէջ հաստատուելով սկսաւ քարոզել:

Մանէս յաջողեցաւ Մարկեղոս անուն հարուստ մը համոզել եւ որոյ յորդորական նամակ մ՚ալ գրած է, յորում «զԱստուած իբր հրեշտակ Չարին, իսկ զՔրիստոս իբրեւ լոկ մարդկանանցածին» ներկայացուցած է: Մանէս շահեցաւ եւ Շապհոյ Ա. ի բարեկամութիւնը, սակայն մոգերու հալածանաց առջեւ խոյս տուաւ եւ Կեդրոնական Ասիոյ այրի մը մէջ ապաստանելով՝ գրեց իր Էրդենկի-Մանի անուանեալ գիրքը, զոր յԵրկնից ընդունած ըլլալ կը յայտարարէր: Մոգերը իբր մոլորեցուցիչ ամբաստանեցին զայն, ուստի եւ Վռամ արքայն զան մորթազերծ ընել տուաւ (274):

Պարթեւք, Քրիստոս՝ դար առաջ տիրելով Պարսից, անոնց Զրադաշտական պարզ կրօնը կռապաշտութեան վերածած էին: Արտաշիր Ա. Սասանեան Պարսիկ իշխանութեան գլուխը անցնելով (226) հին Զրադաշտականութիւնը նորոգել փորձեց. իսկ Մանի այդ բարեկարգութեան գործը աւելի յառաջ տանել ուզեց՝ Քրիստոնէական վարդապետութեամբ պատուաստելով զայն:

Մանիքէական աղանդին մէջ կը նշմարուին բոլոր հին կրօններու վարդապետութիւնները Քրիստոնէական գոյնի տակ. շատ բան առնուած է Մարկիոնութենէ եւ Զրադաշտականութենէ: Աւասիկ իրենց կրօնի սկզբունքները.

1. Կ՚ընդունէին բարւոյ եւ չարի Զրադաշտական սկզբունքներն իբր անստեղծ ստեղծիչներ՝ որք իրարու դէմ կը պայքարին:

2. Կը հաւատային Եգիպտական եւ Հնդիկ հոգեփոխութեան, եւ հոգւոյ հետզհետէ ազնուացման ձգտումին: Այսինքն թէ՝ հոգիք անմահ են, եւ մարմնէ մարմին անցնելով կը մաքրուին, եւ ըստ իրենց արժանեաց աւելի կամ նուազ ազնիւ էակաց մէջ կը մտնեն, մինչեւ որ կատարելապէս զտուին ու աստուածանան: Որով անուղղակի կերպով կ՚ընդունէին մեղաւորաց պատուհաս եւ հանդերձեալ կեանքի պէս բան մը: Հոգւոյ ազնուացման համար կուսակրօնութիւնն իբր կարեւոր միջոց կը համարէին:

3.      Անոնց վարդապետութեանց մէջ Պրահմանական համաստուածութեան սկզբունքներն ալ կը նշմարուին:

4.      Գնոստիկեան արտահոսման դրութեամբ Երրորդութիւն մը կ՚ընդունէին:

5.      Յիսուսի եւ սրբոց հոգիներն իբր մասն Աստուծոյ կը դաւանէին, եւ Արեգակն անոնց ներկայացուցիչը կը համարէին, ուստի եւ կը յարգէին Արեգակն ու հուրը:

6.      Հին Կտակարանը չար սկզբունքի գործ կը համարէին ու կը մերժէին, իսկ Նոր Կտակարանը մասամբ բարի Աստուծոյ գործ դաւանելով կ՚ընդունէին:

7.      Քրիստոսի չարչարանքն ու մահը իրական չէին համարեր, այլ երեւութական:

8.      Խաչը չէին յարգեր:

9.      Մարիամը չէին ընդուներ իբր կոյս՝ այլ կին:

10.    Մկրտութիւնը կը մերժէին՝ իբր աւելորդ ձեւաբանութիւն մը:

11.    Հաղորդութեան Խորհուրդը միայն հացով կը կատարէին, զի գինին դիւական ըմպելի կը համարէին:

12.    Մանիքեցիք կատարեալ խոտաճարակներ էին. արգիլեալ էր անոնց համար ոչ միայն միսն այլ եւ ձուն ու կաթն. արգիլեալ էր նոյն իսկ կենդանի սպաննելը:

13.    Իրենց կրօնի լաւ ուսումնասիրութենէն ետք միայն ներելի էր ամուսնութիւնը:

Մանիքեցութիւնը բաւական լաւ կազմակերպուած պաշտօնէութիւն մ՚ունէր: Մանի Քրիստոսի նման 12 աշակերտ ունէր, որոց մին մեռնելուն՝ ուրիշ մը անոր կը յաջորդէր, այնպէս որ առաքելոց թիւը միշտ 12 կը մնար: Ասոնք կը ձեռնադրէին եպիսկոպոսներ, որոց թիւը 72ը չէր անցներ (թիւ Յիսուսի աշակերտաց): Եպիսկոպոսները քահանաներ կը ձեռնադրէին, ունէին նաեւ սարկաւագներ ու քարոզիչներ:

Այս աղանդը տեղական չմնաց, տարածուեցաւ ի Հայս, յԱսորեստան, եւ մինչ Եգիպտոս ու Հարաւային Եւրոպա (Ֆրանսա), եւ ծնունդ տուաւ շատ մը երկրորդական աղանդներու [2]: Եզնիկ Կողբացւոյն Մանիքէութեան մասին՝ իր «Եղծ Աղանդոց»ին մէջ գրած հերքումներն ենթադրել կուտան մեզ անոր ի Հայս երբեմն բաւական տարածուած ըլլալը:

Յուստիանոս կայսրն եւ անոր յաջորդները հալածանք հանեցին Մանիքեցութեան դէմ Զ. դարուն:



[1]            Ըստ ոմանց Մանիքեցութեան հիմնադիրն է Սկիւթիանոս Արաբացին, որոյ Տերիբենթ անուն աշակերտը չորս գիրք գրեց (Գաղտնիք, Գլխաւոր կէտեր, Աւետարան եւ Գանձ) ու գնաց քարոզել ի Բաբելոն: Յետ իւր մահուան անոր այրին եօթնամեայ Կումբրիկոս անուն գերի մը գնելով՝ զայն իր ամուսնուն վարդապետութեամբ մարզել տուաւ: Այրիի մահէն ետք՝ Կումբրիկոս՝ Մանէս անունն առաւ ու գնաց Պարսից մայրաքաղաքը (Տիզբոն) քարոզել իր որդեգրած վարդապետութիւնը:

[2]            Բորբորիտք, Արեւորդիք, եւ Երեւութականք՝ Մանիքեցութենէ սերեալ աղանդաւորներ էին, որք եւ ժամանակ մը բաւական տարածուեցան ի Հայս, զորս արմատախիլ ըրին մեր թարգմանիչք: Կորիւնի յիշատակած «Սատանայական» աղանդն եւս Մանիքէութեան մի ճիւղն էր՝ անկեալ բարոյականով: