Հողային հարցը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՆԴՐՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր հողագործ ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական կապ ունեցող այս մեծ հարցը՝ իր կարեւորութեան եւ կենսականութեան չափով պէտք եղած ուշադրութիւնը չէր գրաւած Սահմանադրութեան առաջին շրջաններուն, որ ատեն ա՛լ աւելի դիւրին էր գործը յանգեցնել արագ եւ գոհացուցիչ կարգադրութեան մը։ Ոչ միայն այն ատեն լուրջ ու յարատեւ հետապնդումներու առարկայ չեղաւ, այլ կը կրկնեմ թէ ցաւալի է որ մինչեւ հիմայ իսկ չունացանք լիակատար ու ամբողջական վիճակագիր մը՝ կանոնաւորապէս ճշդուած գրաւմանց բոլոր քանակին եւ այլ հանգամանքներուն մէջ։

Արդէն գաւառներէ Պատրիարքարանի եւ թէ մեզի հասած հատ ու կտոր տեղեկագիրները ամբողջութիւնը չեն բոլոր գրաւումներու, որովհետեւ շատերու մէջ կը պակսին կարեւոր մասնրամասնութիւններ. օրինակ՝ շէնքերու տեսակներ, հողերու տարածութիւններ, գրաւմանց եղանակները եւ այլ հանգամանքներ։ Շատ քիչ են կանոնաւորութեան դրոշմ ունեցողները. Երկրորդ, շատ մը գաւառներ ու գիւղեր ալ չեն կրցած, կամ չեն գիտցած իրենց կալուածական յափշտակութիւնները տեղեկացնել, որպէս զի կարելի ըլլար լիակատար տեղեկագիր մը կազմել։ Կան ալ որ չեն համարձակիր ձայն հանել, վախնալով որ բան մը չշահելէ զատ՝ աղային ալ բարկութիւնը հրաւիրեն։

Խնդրոյն կարեւորութեան եւ տեսղի ունեցած առաջարկութեան վրայ՝ Պատրիարքարանը անեալ Նոյեմբերին գործը ուսումնասիրելու համար յանձնաժողով մըն ալ կազմեց, որուն ես ալ կʼանդամակցէի։ Հողային Յանձնաժողովը 6-7 ամիս տնտնաց այս գործով, թէեւ այս դանդաղութեան մասին ես քանիցս դիտողութիւններ ըրի եւ վիճակագրի կազմութեան ձեւի մասին անհամաձայնութիւն ալ ունեցանք, բայց եւ այնպէս Յանձնաժողովին կազմած տեղեկագիրն ալ ամբողջական բան մը չեղաւ, ինչ որ արդէն ես զգացուցեր էի թէ՛ իրենց եւ թէ՛ Պատրիարքարանին։ Ես կը պնդէի որ նախ համառօտ այլ կուռ ամփոփումով մը աճապարելու էր խնդիրը Բ. Դրան ներկայացնելու, գարնանացանքէն առաջ, որուն անհամբեր կը սպասէին հողազուրկ ընտանիքներ։ Հաւանական էր՝ ինչպէս կը կարծէի, տեղեկագրի մատուցումը իրականացնելով՝ հնարաւորութիւն ունենայինք առաջքը առնել Պետական Խորհուրդի այն որոշումին, որ ամլութեան դատապարտեց վարչական եղանակով լուծման համար հերու ձեռք բերուած նախարարական որոշումը, որու մասին քիչ մը յետոյ պիտի խօսիմ։

Տեղեկագրին կազմութիւնը վերջին անգամ բաւական երկարաձգուեցաւ, աւելի ընդարձակ եւ ընդլայնուած կազմուելու համար, բայց եթէ այսքան պիտի ուշանար ամփոփոյքը, այն ատեն աւելի լաւ էր՝ վիճակագրի մը օրինակը Պատրիարքարանէն պատրաստուելով՝ ղրկուէր բոլոր գաւառները եւ Առաջնարդարանները, որպէս զի անոնք պարտադիր ըլլային՝ ճշգրտօրէն լրացնել զայն ու ղրկել: Տարակոյս չկայ, որ 5-6 ամսուայ մէջ կրնար լրանալ։ Սակայն Յանձնաժողովն ալ իր տարբեր հայեացքը ունէր, ա՛յնքանով մը բաւականանալ եւ տարակոյս չկայ թէ խնդրոյն լուծման համար ջերմագին փափաքներ ունենալով հանդերձ: Ինչ որ է: Քանի մը խօսք ալ Յանձնաժողովի վիճակագրի պարունակութեան մասին: Ըստ այդ տեղեկագրին, հողային գրաւումները կատարուած են ընդարձակ տարածութեան մը վրայ. այսինքն 32 սանճագներու մէջ միանգամայն ու զանազան համեմատութեամբ: Կալուածական զրկումներու քանակը Յանձնաժողովի տեղեկագրովը 7000է աւելի է եւ բաժնուած չորս դասակարգութիւններու. այսպէս՝

Ա. Եկեղեցական եւ ազգապատկան կալուածները (ամէն տեղերուն):

Բ. 100 արտավար տարածութեամբ կամ 100 ոսկի արժէքով գրաւումները:

Գ. Ասոնցմէ աւելի նուազագոյն չափով եղած գրաւումները:

Դ. 1890է վերջ տեղի ունեցած պաշտօնական եւ անպաշտօն զրկումները:

Ի բաց առեալ մեր նշանակած վեց վիլայէթները, Յանձնաժողովի տեղեկագրին մէջ ցոյց տրուած են այն գրաւումներն ալ որոնք եղած են Ատանայի, Հալէպի, Պրուսայի, Գասթէմունիի, Էնկիւրիի վիլայէթներուն եւ Իզմիթի սանճագի մէջն ալ, որոնց մանրամասնութիւններուն մտնելու պատեհութիւնը չունեցայ:

Վերագրեալ ամէն շրջանակներու մէջ ոտնձգութիւններ եղած են՝ ինչպէս դիտել տուինք եկեղեցական-ազգապատկան այլ եւ այլ կալուածներու դէմ. այսինքն գրաւուած են աւելի քան 13 վանքերու, 36 եկեղեցիներու գետիններ, 65է աւելի ազգապատկան հողեր, գերեզմանատուններ, սրբավայրեր, նույնիսկ եկեղեցիներ եւն.:

Ամէնէն առաջ՝ գաւառի ժողովուրդն էր, որ այս մասին թէ բողոքելով կառավարութեան, Պատրիարքարանի, հայ երեսփոխանութեան ըրած դիմումներով եւ թէ մայրաքաղաքի հայաթերթերու միջոցաւ, խնդիրը ուշադրութեան առարկայ ընել տուաւ: Եւ հերու ընէ Բ. Դրան մօտ հետանդումները սկսան:

Պատրիարքարանի կողմէ կառավարութեան եղած դիմումներէ վերջ, հերու, Օգոստոսի սկիզբը Վանի եւ Մուշի հայ պատգամաւորներուն կողմէ առանձին թագրիրներ դրուեցան ներքին գործերու նորընտիր նախարար Թալէաթ պէյի՝ անյապաղ կարգադրութիւն մը առաջարկելով՝ թէ՛ իսլամ մուհաճիրներու տրուած եւ թէ՛ զանազաններէ յափշտակուած հողային խնդրոյն համար, որու պատճառով հազարաւոր հայ հողագործներ զրկուած կը մնան իրենց ապրուստի միակ ու բազմադարեան միջոցէն: Ներքին գործերու նախարարութենէն խոստումներ տրուեցան, հետապնդումները շարունակուեցան, եւ պէտք է ըսել, որ ըստ խոստման՝ խնդիրը նախարարական ժողօվին ալ հանուեցաւ: Արդէն նախարարապետ Հիլմի փաշան ալ ուշադրութեան առած էր գործը, եւ տրուեցաւ հետեւեալ որոշումը, որ կայսերական իրատէով հաստատուեցաւ եւ 27 Օգոստոս թիւ հեռագրով հաղորդուեցաւ կուսակալութիւններուն՝ այսպէս.

1. Երբ վիճելի անշարժ կալուածներու տիրապետութեան համար երկու կողմէ միանգամայն կալուածագիր ներկայացուի, իրավունքը հին կալուածագրի տիրոջն է, պայմանով որ ըստ օրինի եւ յօժարութեամբ ծախած չըլլայ զայն:

2. Եթէ միայն մէկ կողմին ձեւոքը պաշտօնական կալուածագիր գտնուի, վիճելի գետինը անոր կը պատկանի:

3. Եթէ երկու կաղմն ալ կալուածագիր չունին, հողը տուրք վճարողին եւ մշակողին կը պատկանի: Բայց այդ երեք պարագաներուն ալ՝ դժգոհ կողմը իրաւունք ունի դատարանին տանելու խնդիրը:

Նոյն հրամանագրով՝ այս տեսակ բոլոր վէճերու կարգագրութիւնը վարչական ժողովներու թողուած էր: Ասկէ զատ՝ 31 Օգոստոս թիւ հեռագրով մըն ալ կը յանձնարարուէր տեղական իշխանութեանց՝ վերագրեալ կանոններու համաձայն վարուիլ իսլամ մուհաճիրներէ գրաւուած հողերու մասին ալ եւլն.:

Թէպէտ՝ ասիկա վճռական ամբողջական լուծումը չէր բոլոր գործին վարչային եղանակով, քանի որ դատական միջամտութիւնը տեղի պիտի ունենար. միւս կողմէ, այս կանոնին գործադրութիւնը ընդդիմութեան կամ անսաստութեան պարագային դիւրացնելու համար՝ վճռական տրամադրութիւններ պակաս էին. բայց տարակոյս չկայ թէ՝ որոշ չափով օգտակար պիտի ըլլար այն եւ եթէ գաւառական իշխանութիւնները անկողմնակալ եւ անյապաղ գործադրութիւններու ձեռնարկէին, բազմաթիւ դատեր շատ դիւրութեամբ պիտի լուծուէին: Սակայն տեղ տեղ իշխանութիւնք էմրը քա թի լագը մ տըր ըսելով, ձգձգեցին. տեղ տեղ ալ՝ ինչպէս Կարնոյ, եւ առաւելապէս Վանի կողմերը՝ կուսակալներու նախաձեռնութեամբ հողային ինչ ինչ վէճեր, ո՛ եւ է լուծման յանգեր են, ինչպէս ըսուեցաւ, որոնց մանրամասնութեանց տեղեակ չեմ: Սակայն՝ ընդհանրապէս, հողային բարդ խնդիրը մնաց իր յափշտակած ձեւին մէջ, եւ եթէ երբեք՝ վարչական ժողովներէ ալ ինչ ինչ վճիռներ տրուեցան, անոնց ալ մեծագոյն մասը անգործադրելի մնացին, դատարանի միջամտութեամբ չէզոքացան, մինչեւ որ վրայ հասաւ Պետական Խորհուրդի այս գարնան տուած ծանօթ մէկ որոշումը, որով՝ վերին կանոնագրի տրամադրութիւնը չափազանց սահմանափակեց կամ ոչնչացուց՝ յայտարարելով թէ վարչական ժողովները միմիայն մէկ տարուայ ընթացքի մէջ առաջ եկած հողային վէճերը կրնան լուծել, ոչ թէ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցողները, որոնք դատարանի իրաւասութեան կը պատկանին, մինչ Պետական Խորհուրդը գիտնալու էր թէ Հայերու եւ րայաներու հողային լացը 30 տարիներէ ի վեր սկսած էր:

Անկէ ետեւ սակայն հետապնդումները կանգ չառին ու շարունակուեցան թէ՛ Պատրիարքարանի, թէ՛ Դաշնակցութեան եւ թէ՛ Հայ երեսփոխաններու կողմէ: Կազմուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ գրաւեալ կալուածներու ցուցակը, որքան որ հնարաւոր էր ու մատուցուեցաւ Բ. Դրան. միեւնոյն ատեն հայ երեսփոխաններու մեծագոյն մասին հաւաքական ստորագրութեամբ ետեւէ ետեւ երկու թագրիր ալ արուեցան ու քանի մը հեղ բերանացի բանակցութիւններ տեղի ունեցան վարչապետ Հագգր փաշայի եւ ներքին գործերու նախարար Թալէաթ պէյի հետ, ու միշտ խոստումներ չխնայուեցան խնդրոյն նկատառման ու կարգադրութեան համար: Տրուած թագրիրներով, ի մէջ այլոց առաջարկուած էր 1325 Օգոստոս 27ի հրամանագրին հիման վրայ, վարչական եղանակով կարգադրութիւնները փութացնել, վերջ մը տալու այս վէճին, որ կը սպառնայ սուր հանգամանք ստանալ: Մեծ Եպարքոսին բացակայութիւնը եւ ներքին գործոց նախարարութեան կատարելիք քննութեան արդիւնքին ուշացումը գործը ձգձգեցին մինչեւ հիմա, եւ ինչպէս կʼիմանանք, այս օրեր դարձեալ խորհրդակցութիւններու եւ բանակցութեանց առարակայ եղած է:

Ամէն պարագայի մէջ սակայն՝ այս խնդիրը վարչական եղանակով միայն կրնայ կարգադրուիլ. դատական ճամբով ենթադրուած լուծում մը, լուծում չի կրնար ըլլալ, այլ խնդրոյն թաղումը, որովհետեւ անկարելի է հազարաւոր խնդիրներ ու վէճեր կարճ ատենի մէջ դատարանով լուծել, մինչ հողազուրկները անմիջական կարգադրութեան կը սպասեն ապրիլ կարենալու համար:

Հողային յափշտակութիւնները թէեւ բազմերանգ են, բայց գլխաւորապէս երկու դասակարգութեան կը բաժանուին, դիւրահարթելիներ եւ կնճռոտներ: Հայ երեսփոխաններու վերջին թագրիրով (խմբագրուած Զօհրապ էֆէնտիի կողմէ) կʼառաջարկուէր վարչային եղանակով անմիջական կարգադրութեան ենթարկել առաջին մասը, որ օրինական հնարաւորութիւն ունի անյապաղ վերադարձուելու:

Այդ առաջարկը հետեւալ իմաստը ունէր.

1. Վերադարձնել այն ամէն հողերը, որոնք բացարձակ բռնութեամբ խլուած են:

2. Վերադարձնել տեղական իշխանութեանց միջոցով իսլամ մուհահիրներու տրուածները:

3. Վերադարձնել ո՛ եւ է անհատական պահանջքի փոխարէն, առանց դատարանի գրաւուածները, կամ քանի մը արտերու կալուածագիր միայն ունենալով՝ խլուած համայնական հողերը:

4. Վերադարձնել եօգլամա մէմուրներու ձեռքով առանց օրինական ձեւականութեան անկանոն փոխանցումները:

5. Վերադարձնել ազգապատկան անշարժ կալուածները, եկեղեցիներ, գերեզմանատուններ եւն.:

6. Իրենց բնիկ տեղեր զրկել այն ամէն Քիւրտերը, որոնք բռնապետական շրջանին հայ գեղեր մտած եւ տուներ, հողեր խլած են եւն.:

7. Վերադարձնել խաֆիրութեան՝ հողային իճարէի գոյն տալով գրաւուած, կամ գրաւումի ենթակայ հայ գեղերու հողերը, որոնց մեծ մասը՝ թէեւ թափու չէ եղած, սակայն դարաւոր տիրապետութեամբ, հագգը գարար են եւն.:

8. Վերադարձնել սահմանակցութեան պատրուակով խլուածները. ինչպէս եւ այն հողերը, որոնց մասին դատավարութիւն եղած, դատարանէ Հայերու դէմ թէեւ աննպաստ վճիռ տրուած, բայց այդ վճիռը վերաքննիչ կամ վճռաբեկ ատենի որոշումը չընդունած՝ խլուեր են բնիկ հողատէրերէն:

Բարձրագոյն իշխանութենէն կտրուկ հրաման մը բաւական էր՝ այս մասը անմիջական կարգադրութեան մը յանգեցնելու. ձգձգումները դարման մը չեն վէճին, պատճառներ ունինք յուսալու թէ վերին շրջանակներու մէջ ալ աննկատ չէ թողուած այս ճշմարտութիւնը ու չենք կարծեր որ դժուարութիւններ ծագին գործը արդարամիտ լուծման մը առաջնորդելու: