Քերթուածներ ու Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Հակառակ Աբբահայր Գերապայծառին՝ ամբողջ Միաբանութեան միահեծան ու միապետական ղեկավարը ըլլալուն, Վենետիկի Մխիթարեանները ունին իրենց գործունէութեան եղանակները ճշտող կանոններու ամբողջութիւն մը՝ զոր իրենք, Վենետիկեան Հայրերը, կը կոչեն իրենց «Սահմանադրութիւն»ը։

Այդ Սահմանադրութիւնը հաստատուած է Մխիթար Աբբայի մահուրնէն քիչ ետքը, վանականներու ընդհանուր ժողովի մը մէջ, անանկ որ մօտաւորապէս մէկ ու կէս դարու կեանք մը ունի արդէն։

Վենետիկի Մխիթարեանց Սահմանադրութիւնը կը բաժնուի գլխաւոր երեք մասերու.

Ա. Կրօնական։

Բ. Ուսումնական։

Գ. Վարչական։

Կրօնական մասը կը խօսի մասնաւորաբար քահանաներու պատրաստութեան, նորընծայութեան շրջանի պարտականութեանց մասին, յետոյ ուխտի մասին, քարոզչութեան մասին եւ վերջապէս, բոլոր այն զանազան փուլերուն նկատմամբ որոնք կղերականի մը գործունէութիւնը կը յատկանշեն։

Մխիթարեան Սահմանադրութեան աս մասին, ինչպէս արդէն յաջորդներն ալ, առնուած են ուղղակի Բենեդիկտեան կրօնաւորներու կանոնագրութենէն, որուն հիման վրայ Մխիթարեանները շինած են տեսակ մը ատափդասիօն, աւելի մօտ հայութեան եւ աւելի յարմար՝ հայ մարդերու եւ հայ պէտքերուն։

Երկրորդ մասը, ուսումնական, կը խօսի ուսուցչութեան եւ դաստիարակութեան վրայ ինչպէս նաեւ վանականներուն՝ կրօնականէն զատ՝ մտաւորական աշխատութիւններ ալ ունենալու պարտքը կը հաստատէ կերպով մը։ Բան մը ասի՝ որով ահաւասիկ կը տարբերին բոլոր Բենեդիկտեան կրօնաւորները, հետեւապէս նաեւ Մխիթարեանները՝ միւս զատ կրօնական միաբանութիւններու անդամներէն, ինչպէս են, օրինակի համար, Զմմարեան Վանքի քահանաները եւ Երուսաղէմի ու Էջմիածնի վանականները։

Բնականաբար, սակայն, ամէնէն կարեւորը Մխիթարեան Սահմանադրութեան աս երեք մասերուն մէջ, վարչականն է։ Ասիկա ուղղակի ա՛յն մասն է ուր գծուած կան վանքին զանազան պաշտօնները եւ անոնց իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնները։

Այս օրէնքին համաձայն, վանքին միահեծան ղեկավարը որ Աբբահայր կը կոչուի, կը ընտրուի բոլոր Մխիթարեաններու ներկայութեամբ կատարուած Ընդհանուր Ժողովի մը մէջ, գաղտնի, հաւասար քուէարկութեամբ եւ քուէներու բացարձակ առաւելութեամբ։ Աբբահայրին պաշտօնավարութիւնը ցկեանս է եւ թէեւ բացառիկ պարագաներու մէջ Առաջիկաներու Ժողովը, որուն ինչ ըլլալը քիչ յետոյ պիտի ըսեմ, կրնայ պաշտօնանկ ընել զայն, բայց ցարդ այդ տեսակ դէպք տեղի ունեցած չէ, Վանքին հաստատումէն ի վեր։

«Առաջիկայ» կը կոչուին վեց վարդապետներ, որոնք դարձեալ Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին մէջ կʼընտրուին, գաղտնի, հաւասար եւ բացարձակ մեծամասնութեան քուէարկութեան սիսդէմով։ Սակայն ասոնց պաշտօնը ինը տարուան տեւողութիւն մը միայն ունի, որմէ յետոյ անհրաժեշտօրէն պէտք է գումարուի նոր Ընդհանուր Ժողով նոր քուէարկութիւն ընելու եւ կա՛մ նոր Առաջիկաներ ընտրելու կամ նախորդները իրենց պաշտօնին վերահաստատելու համար, որովհետեւ վերընտրութեան իրաւունքը տրուած է իրենց Սահմանադրութեամբ։

Առաջիկաները կը կազմեն Վանքին բոլոր գործունէութեանց Խորհուրդը, այսինքն, կերպով մը, եթէ Աբբահայրը թագաւորն է, իրենք նախարարներն են։ Բայց Նախարարապետը կը կոչուի Աթոռակալ եւ Առաջիկաներէն անջատ քուէարկութիւնով կʼընտրուի ու կրնայ ըլլալ ինքն ալ Առաջիկայ մը կամ ոչ։

Այսպէս Աթոռակալը միշտ բարձր կը մնայ Առաջիկաներէն եւ ինքն է մասնաւորաբար ամէնօրեայ խորհրդականը Աբբահայրին՝ որուն հետ ինքն է որ կʼորոճայ, կը ծեծէ, կʼուսումնասիրէ նախ առնուելիք բոլոր կարեւոր քայլերը, անանկ որ ահագին, թերեւս մեծագոյն կշիռը եւ հետեւաբար նաեւ մեծագոյն պատասխանատուութիւնը ունեցող անձը ինքը, Աթոռակալն է, Վանքին գործերուն նկատմամբ։

Աբբահայրը եւ Աթոռակալը՝ վանքին նիւթական կամ բարոյականշահերու տեսակէտէն որոշ կարեւորութիւն ներկայացնող բոլոր խնդիրները առանձինն ուսումնասիրելէ ետք՝ կը գումարեն Առաջիկաներու Ժողովը եւ հոն սեղանի վրայ կը դնեն զանոնք վերջնական լուծումները տալու համար։

Վանքին ու անոր պատկանող բոլոր գործունէութեանց ընդհանուր համարառուն է աս Առաջիկաներու Ժողովը, որ այսպէսով պարտաւորութիւնը ունի հսկելու վանքին ոչ միայն զանազան հոգեւորական, ուսումնական եւ նիւթական մատակարարութեանց ու գործունէութեանց ընթացքին, այլ նաեւ Վանքին ընդհանուր թաքթիքին վրայ, որպէսզի ինքն ալ, իր կարգին, յետոյ, ինը տարին անգամ մը գումարուող Ընդհանուր Ժողովին առջեւ ընէ իր հաշուետուութիւնը։

֍ ֍ ֍

Այսքանը՝ խօսքերը, օրէնքներ էին, հիմա պէտք է ուսումնասիրել նաեւ գործքերը եւ իրականութիւնը։

Եթէ վանքին ներքին, իրական կեանքը ձեւակերտուած ըլլար ճիշտ այս օրէնքներու հիման վրայ եւ ճշմարտապէս անոնց գծած ուղիներուն վրայովը ընթանար, երբեք ոչ ոք իրաւունքը պիտի ունենար անոր կազմակարպութեան մէջ փնտռելու որոշ պատասխանատուութիւն մը կատարուած գործերու նկատմամբ եւ այն ատեն անհրաժեշտ էր որ տարբեր պատճառներու ուսումնասիրութեան ու տարբեր փաստերու պրպտումին դիմէր քննադատը։

Բայց ահաւասիկ ճիշտ հիմա է որ մենք մեր մատը կը դնենք բուն վէրքին վրայ, որովհետեւ ճիշտ այդ Օրէնքին ու Իրականութեան իրարու համաձայն չըլլալն է որ կը կազմէ Վենետիկեան Մխիթարեան Միաբանութեան ահագին գործարանաւորութեան փտախտացած կողմը։

Ամբողջ այն աղուոր «Սահմանադրութիւն»ը զոր նկարագրեցի քիչ առաջ իր երեք բաժանումներով, իր քուէարկութեան օրէնքներով, պարզ ինքնախաբութիւն մըն է՝ վարդապետներու համար եւ անորակելի խաբեբայութիւն մը՝ Դուրսէն նայողներուն համար։

Սահմանադրութիւնը Ս. Ղազարու մէջ կատարեալ «ձայն բարբառոյ անապատի» մըն է. ան՝ իր նուիրական առաւելութիւնները կորուսած, եղած է այլեւս տեսակ մը սովորութիւն, միայն, աւելի ճիշտը՝ տեսակ մը ձեւակերպութիւն, որուն համաձայն, զոր օրինակ, Մխիթարեանները կը գումարեն ինը տարին անգամ մը Ընդհանուր Ժողով, պարզապէս անոր համար որ ատանկ ընելու է, մէկ խօսքով, սոսկ երեւոյթները փրկելու համար եղած եւ հետեւաբար նաեւ չափազանց անկանոն, անխնամ ու անգիտակից Սահմանադրութեան քարիքաթիւր մըն է եղածը։

Եւ ասի տարիներէ ի վեր ու մանաւանդ այսօր Ս. Ղազարու մէջ տիրող ամբողջ ամօթալի իրականութեան պատկերն է մերկապարանոց եւ Ս. Ղազարը, ինքը՝ պաշտօնապէս, կամ իր մէկ անդամը Բարձր Ստիպումի մը տակ պիտի չկրնան հակառակը պնդել, որովհետեւ բացի իմ անձնական շատ մօտիկ ուսումնասիրութենէն գոյացուցած համոզումներուս, նոյնը լսած եմ նաեւ գաղտնապէս ու խորհրդաւորապէս շատ մը Մխիթարեան Քահանաներու բերնէն ուղղակի [1] ։

Ընդհանուր Ժողովը, այդ հիմնաքարը ամբողջ Մխիթարեան Սահմանադրութեան, արդէն քմահաճոյքի պարզ հասարակ տեղիք մըն է։ Նախ, անոնք որոնք պաշտօնի վրայ ըլլալով այսօր իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ունին գումարելու այդ կարգի ժողովներ, տոգորուած են այնքան անիմանալիօրէն ներքին ու անձուկ հաշիւներու ազդեցութեամբ, որ յաճախ չեն հրաւիրեր այսինչ կամ այնինչ վարդապետը որ, զոր օրինակ, Ընդհանուր ժողովի գումարման պահուն կը գտնուի Բատօվա, մինչդեռ հարկը կը տեսնեն այս կամ այն պատրուակով, բայց իսկապէս Ընդհ. Ժողովին մէջ ձայն տալու համար, մինչեւ Պոլիսէն կամ Տրապիզոնէն բերել տալու «իրենց» ները։

Ահա՛ սոսկալի անարդարութիւնը իր բովանդակ գարշելիութեան մէջ, ահա նաեւ Ս. Ղազարու մէջ Կուսակցութեանց եւ տարբեր տարբեր ու հակընթաց Հոսանքներու գոյութեան ամէնէն զօրէղ, ամէնէն պերճախօս փաստը։

Ու աս դեռ գործքով կատարուած անուղղութիւնն է եւ սակայն դուք պէտք չէ մոռնաք որ մենք մտածելու վրայ ենք Վանքի մը մասին ու պէտք է հետեւաբար նկատի ունենաք նաեւ լռին, առանց ձայնի, ու բարոյական ներգործութիւնները՝ որոնք կը կատարուին հոն, ամէն մէկ վարդապետի վրայ։

Ես չպիտի չափազանցած ըլլամ եթէ ըսեմ որ, ա՛յնտեղ, Մխիթարեան Ընդհանուր Ժողովին մէջ էապէս ո՛չ քուէն ազատ է ՜ ունի այն իմաստը զոր պէտք է տալ իրեն, ոչ վիճաբանութիւնը բացայայտօրէն ներելի, ոչ բողոք մը իսկապէս արդարանալի, ոչ պահանջք մը լսելի, այլ տեսակ մը շատ ծիծաղաշարժ կատակախաղ է, եթէ կʼուզէք այս Ժողովը, որ յաճախ սակայն ու ի մեծ դժբաղդութիւն զգացող սիրտերուն եւ տրամաբանող միտքերուն, տխուր եղերերգութեան մը կը փոքուի, քանի որ հոն շատ անգամ ամէն ինչ Վախին արիւնաքամ ազդեցութեան տակ է որ տեղի կʼունենայ եւ Երկիւղին անբարոյականացնող ուրուականին մղձաւանջը կը սաւառնի շարունակ ամէնուն մտքին մէջ, որովհետեւ, գրեթէ միշտ Աբբահայրին, կամ Աթոռակալին կամ այսինչ Առաջիկային նկատմամբ բռնազբօսիկ, չի զգացուած հարկեցուցիչ, ստիպողական տեսակ մը Պատկառանք կը տիրէ հոն… Դուք ըսէք Կեղծի՜ք…։

Քանի քանի անգամներ պատահած է որ Ընդհանուր Ժողով գումարուած է շատ մեծ թուով վարդապետներու ներկայութեամբ եւ որոշումներ, յաճախ շատ իսկ կարեւոր որոշումներ տրուած են, կրօնական կամ մատակարարական խնդիրներու վրայ, առանց վիճաբանութեան, այլ որոշ վարդապետի մը առաջարկութիւններուն առջեւ ամբողջովին ոչխարային խոնարհումին շնորհիւը, կամ ասոր ճիշտ հակառակը ըլլալով, պատահած է նաեւ որ ժողովներ տեղի ունեցած են որոնց մէջ բողոք մը բարձրացուած ըլլալուն համար մեծ իրարանցումներու դուռ բացուած է։ Այս այսպէս եղած է, այո՛, որովհետեւ եթէ առաջին պարագային խօսելու փափաք ունեցողները իրենց տրամադրութիւնները եւ իրենց անձեռնմխելի իրաւունքները խեղդած են իրենց կոկորդին մէջ, երկրորդ պարագային գտնուած են՝ մարդիկ որոնք չեն ուզում ներել որ ուրիշներ ալ յայտնեն իրենց խորհրդածութիւնները այս կամ այն ձեռնարկի մասին խուլ―համրի համակերպութիւն մը պահանջելով անոնցմէ [2] ։

Անցնելով Ընդհ. Ժողովէն Առաջիկաներու Ժողովին, որ, ինչպէս տեսանք, ընդհանուր համարատուն է բոլոր բարոյական եւ նիւթական մատակարարութեանց, ըսեմ անմիջապէս որ նոյնքան ձեւակերպական ու աչախաբ գոյութիւն մը միայն ունի նաեւ աս վերջին գործունէութիւնը։

Համարառութի՜ւն…

Բայց ի՞նչ համարառութիւն, երբ ոչ տոմար կայ, ո՛չ տետրակ կայ, ո՛չ տոմարակալութիւն. ի՞նչ համարառութիւն, երբ գէթ տարին անգամ մը, գէթ հինգ տարին անգամ մը իսկ հաշուեկշիռ (պիլան) մը չի շինուիր, մօտէն, թուանշաններու վրայ, դրականօրէն տեսնելու համար հարստութեանց իրական կացութիւնը…

Համարառութի՞ւն…

Վստա՛հ եղէք որ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւնը, եթէ ուզէ իսկ, այսօր չի կրնար գիտնալ թէ ճշտիւ քանի՜ միլիոնի հարստութիւն ունի իբր հնչուն դրամ կամ կալուած։

Չի կրնար գիտնալ, որովհետեւ ենթադրելով նոյն իսկ որ ան ունենայ որոշ մէկ ցանկը իր կալուածներուն, այսօր անոնցմէ իւրաքանչիւրին արժէքը կարենալ ճանչնալու համար ստիպուած է նոր գնահատում (էսթիմասօին) ընել տալու, որպէսզի կարելի ըլլայ հասկնալ թէ արդեօք այնքան լայնատարած այգիներու տարիներով տարիներով մշակումը աւելցուցա՞ծ է անոնց պտղաբերութիւնը եւ հետեւաբար նաեւ արժէքը, թէ, ընդհակառակը, վերակացու վարդապետի մը անհոգ անխնամատարութեամբը խոպանացած են անոնք, այգիները, եւ հետեւապէս մեծապէս կորսնցուցած իրենց իսկական արժէքէն։

Ասանկով, ամէն պարագայի մէջ, Միաբանութեան համար, վերջին աստիճան խաւարամած եւ թաղուն տարտամութիւն մըն է իր իսկ հարստութեան իսկական վիճակը։

Առաջիկաներու Ժողովին կողմէ կատարուած համարառութիւն մը ահաւասիկ թէ ինչի մէջ սահմանափակուած է. Անոնք կը նային, իր խոշոր գիծերուն մէջ եւ չափազանց կրօսօ մօտօ, թէ օրինակի համար, ֆիէսսօի [3] հողերուն պատասխանատու վարդապետը կրցա՞ծ է իր պաշտօնավարութեան շրջանի միջոցին, ծախքերը գոցել այնչափ դրամով միայն, որչափ կրցած էր ընել իր նախորդը կամ աւելի քիչով, եւ փոխադարձաբար կրցա՞ծ է անոր չափ, կամ աւելի, հասոյթ բերել Վանքին։

Ա՛յսչափ ահա։ Այո՛, սակայն այսչափն իսկ արդէն ուժգնօրէն կը մատնանշէ, սրատես մտքերուն համար, ամբողջ ապսիւրտիթէն ընկալեալ այդ այլանդակ սիսդէմին, մանաւանդ որ այդ բոլոր գործողութիւններն ալ կը կատարուին տակաւին բերանացի, միայն խօսքով…

Միմայն թէ, արտաքուստ այնքան ծիծաղելի չեն այդ տարօրինակ համարատուութիւնը եւ համարառութիւնը, այնքան նուազ որքան որ օրինակի համար, մարդիկը, ինչպէս տեսաք, կը պահանջեն որպէսզի վերակացու մը միշտ նախորդին չափ ծախք ընէ առ առաւելն եւ առնուազն անոր չափ արդիւնք առաջ բերէ։ Բայց իրականութեան մէջ շատ անօրինակ, շատ եղկելի փարատօքս մըն է աս ամբողջը։ Որովհետեւ, չի՞ կրնար ըլլալ որ այգի մը, աս տարի, 10, 000 ֆր. ծախքով միայն, տայ 30―40, 000 ֆրանքի գինի, ու յաջորդ տարի մը, քիչ մը աւելի լաւ խնամուելով ու պարագաներու եւ բարեխառնութեան աւելի յաջող պատեհութեամբ մը, արտադրէ, միշտ նոյն 10000 ֆր. ծախքով դարձեալ, այս անգամ 40―50000 ֆր. ի գինի։

Եւ Առաջիկաներու Ժողովը ատկէ լուր չունենար ահաւասիկ։

Ասի պարզ, ամէնէն պարզն է եղածներուն մէջ զոր առաջ բերի աւելի դիւրահասկանալի կերպով դուրս ցայտեցնելու համար ողորմելի հաշուետեսութիւնը, զոր կը կատարէ Մխիթարեան Միաբանութիւնը իր գործակալներուն վրայ։

Ճիշտ այդ այգիին օրինակին վրայ ձեւելով՝ կրնաք դուք տրամաբանել դեռ միւս բոլոր մատակարարութիւններուն մասին, ինչպէս են Վանքին տնտեսութիւնը, Մուրատեան կտակի գործադրութիւնը, Ռափայէլեան կտակը, Լիտօի հողերուն տեսչութիւնը, Պոլսոյ վարժարաններուն գործերը եւն. եւն։

Մասնաւորաբար, Վանքին Սահմանադրութիւնը՝ Մուրատ―Ռափայէլեան եւ կարգ մը Մխիթարեան վարժարաններու հիմնուելէն շատ առաջ արդէն հաստատուած ըլլալով, անոր մէջ կանոններ գոյութիւն չունին այդ վարժարաններուն պատասխանատուութիւններու մասին եւ հետեւաբար անոնք շատ աւելի քմահաճ, ինքնագլուխ կամ աւելի ճիշտ, անգլուխ ու անպատասխանատու վազքով մըն է որ կʼերթա՜ն, կʼերթա՜ն…

Դեռ վերջերս, ինչպէս կʼիմանամ Բատօվա բնակող բարեկամէ մը, Լիտօի [4] վանքապատկան հողերը ծախուեր են մէկ միլիօն ֆր. ի փոխարէն. ինչո՞ւ, գիտէ՞ արդեօք Առաջիկաներու Ժողովը, գիտէ՞ նաեւ արդեօք թէ ատկէ աւելիի կարելի չէր ծախել ատ կալուածները, վստա՞հ է արդեօք թէ իրապէս անկէ աւելիի չծախուեցան արդէն, գիտէ՞ արդեօք դարձեալ թէ ո՞ւր է հիմա մէկ միլիօն ֆրանքի ատ շատ կլորիկ, շատ աղուոր գումարը…

Ի՜նչ կասկածներ ազգին անհատներուն եւ Մխիթարեան անհատ―վարդապետներու մտքին մէջ մանաւանդ…

Կասկա՛ծ, կասկա՛ծ, որովհետեւ ոչ թուղթ կայ, ո՛չ հաշիւ, ո՛չ տոմարակալութիւն…

Ռափայէլեան վարժարանին տեսչութիւնները 1836 թուականէն ի վեր երբեք գրաւոր եւ իր յարակից տօքիւմաններով օժտուած հաշիւ մը ներկայացուցած չեն ո՛չ ոքի, ո՛չ Վանքին, ո՛չ Ազգին։ Միշտ, ըստ կտակի, գանձած են ամէն տարի հողերէն եկած եկամուտները եւ Դրամատունէն եկած տոկոսները ու ապրեցուցած են վարժարանը, այո՛, ապրեցուցած են զայն ու ատչափ միայն… Բայց գացէ՛ք անգամ մը փնտռել թէ անպատճառ դպրոցին վրա՞յ ծախսած են ատ իրենց գանձած բոլոր դրամները…

Նորէ՜ն կասկած…

֍ ֍ ֍

Եւ սակայն, թող չխրտչին սիրելի Մխիթարեանները, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնեն, ես որոշ ամբաստանութիւն մը չէ որ կʼընեմ իրենց Միաբանութեան դէմ, մանաւանդ որ եթէ ատանկ բան մը ընել հարկ ըլլայ, կարգը յետոյ է եւ ան ատեն խօսքս անմիջապէս կը դարձնեմ անհատներու վրայ։ Միայն թէ ես առայժմ կʼուզեմ հասկցնել ամէնէն առաջ Մխիթարեան Միաբանութեան թէ, ինքզինքը փրկելու համար, ըսել կուզեմ՝ տարակոյսէ ազատելու համար ինքզինքը, անհրաժեշտ է որ իր շահուն եւ անդորրամտութեան ի նպաստ գործելով ու այնպէս դատելով խնդիրը, հաճի՜ վերջապէս ըմբռնել միանգամ ընդմիշտ թէ իրապէս ալ չէ՛ կարող առաջ երթալ հաշիւի աս տարօրինակ եղանակը…։

Ողջամիտ ուղեղներու համար ամէնէն ապուշ արարքն է բան մը ընել անպատճառ այս ինչ որոշ ձեւով, որովհետեւ մինչեւ հիմա անանկ եղած է…։



[1]            Աւելի բացայայտ փաստեր եւ մանաւանդ անուններ չեմ ուզեր տալ, պատասխանատուութեան տակ չձգելու համար անձեր՝ որոնք վանքին մէջ կը գտնուին այսօր։  Բ. Շ.

[2]            Վերյուշելով Մխիթարեան Ընդհ. Ժողովներու այս խեղճութիւնները, յանկարծ ահա միտքս կուգայ զուարճալի միջադէպ մը որ տեղի ունեցած է Ս. Ղազար, Ընդհ. Ժողովի մը միջոցին, որուն ներկայ է եղեր նաեւ նշանաւոր Հ. Արսէն Բագրատունին։ Չորս-հինգ ժամ շարունակական ժողովէ ետք, օգտուելով տրուած դադարէ մը, Հ. Արսէն, որ չափազանց կատղած է եղեր, կը վազէ շիտակ վար, Նորընծայարան։ Հոն, բնական է, կը սկսի հարցումներու տարափը՝ հետաքրքիր նորընծաներուն կողմէ.

              Վարդապե՛տ, ի՞նչ ըրիք…

              Վարդապե՛տ, ի՞նչ եղաւ…

              Վարդապե՛տ, ո՞վ ընտրուեցաւ…

              Օ՜ֆ, կը պատասխանէ Բագրատունին, ի՞նչ պիտի ընէինք, Ընդհ. Ժողովին մէջ ի՞նչ կʼընեն, երկու «Ք»ին մէջը «Ա» մը ձգեցինք…։ Բ. Շ.

[3]            Ֆիէսսօ, Վենետիկէն քիչ հեռու, նոյն նահանգին մէջ գիւղ մըն է ուր Մխիթարեանները մեծ ագարակներ ունին։  Բ. Շ.

[4]            Լիտօ, Վենետիկ քաղաքին ճիշտ դէմը Ս. Ղազարու քովը, ահագին կղզի մըն է, համբաւաւոր իր շատ արգասաբեր հողով, գեղեցիկ դիրքով եւ օդով։ Բ. Շ.