Ատանայի եղեռնը. Տեղեկագիր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

 

Պիտի չի կրկնեմ այսօր այն խորհրդածութիւնները՝ որոնց մասին խիստ յաճախ գրած եմ, մատնանիշ ընելով այն տեղը՝ ուր պէտք էր դնել Հայկական Հարցը հաշտութեան [1] դաշնագրին մէջ։ Չիկայ ուղղամիտ մարդ մը որ անգիտանայ թէ անիկա անյետաձգելի հրաբորբոք խնդիր մըն է։ Եւրոպա պարզապէս վտանգաւոր բան մը ըրած պիտի ըլլար՝ կարճ ժամանակէն արիւնալի հաշուեյարդարութիւն մը պատրաստելով։

Ներքին գաւառներէ հասած լուրերը հետզհետէ կը դառնան աւելի վրդովիչ։ Յայտնապէս կ՚երեւի որ Քիւրտերը մտադրած են վերանորոգելու իրենց քսան տարուայ շահատակութիւնները։ Աշխատաւոր ժողովրդի՝ Հայերու մեծամասնութիւնը կ՚ապրի անստուգութեան մէջ, մշտնջենական հարուածին տակ։ Պոլսոյ մէջ թուրք իշխանութիւնները ո՛չ ժամանակը, ո՛չ ոյժը եւ ոչ թերեւս հաստատ կամքը ունին Քիւրտիսթանի աւազակ ցեղերուն հարկադրելու՝ հանրային կարգապահութեան եւ խաղաղութեան յարգանքը։

Այս իրողութիւնները պէտք է կրկնել, պէտք է անդադար յայտարարել որպէսզի անոնք ծանօթացուին հանրութեան կողմէ. որպէսզի անոնք անոր մտքին մէջ հրեղէն տառերով քանդակուին եւ անոր տան անհրաժեշտ եզրակացութիւնները։ Եւրոպա զուր տեղ կ՚անցընէ գործնական նիւթապաշտութեան եւ բարոյական թուլութեան մը երեւոյթը։ Անիկա պիտի չի կրնար ականատեսը ըլլալ դէպքերու կրկնութեան մը, նոյն իսկ ամենափոքր աստիճանով Հայկական Հալածանքներուն, առանց ցնցուելու այն դիմումներու հարուածէն՝ որոնց հետեւանքները անհաշուելի պիտի ըլլային։ Եթէ կ՚ուզուի որ ներկայ առաջադրուած հաշտութիւնը տեւական կեանք ունենայ, միակ անվրէպ միջոց կայ, այն է՝ Թուրքիան վերածել իր ասիական Կայսրութեան, ատով թոյլ չի տալու համար որ ճակատագրօրէն չիյնայ նոր տագնապի մը մէջ՝ որ պիտի վտանգէր անոր ամբողջութիւնը, նոյն իսկ իր ասիական ստացուածքները։ Ոչ ոք իրաւունքը ունի ուրանալու այն ճշմարիտ վտանգը՝ որ կը ծանրանայ Հայաստանի եւ հետեւաբար բոլոր քաղաքակիրթ աշխարհի վրայ։ Եթէ պէտք ըլլար նոր ապացոյցներու, բաւական է ամէն անկեղծ մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել իրապէս ջախջախիչ փաստաթուղթի վը վրայ։

Կ՚ուզեմ ակնարկել օսմ. երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի տեղեկագրին՝ ի մասին 1909 Ապրիլի Ատանայի կոտորածներուն։ Այս տեղեկագրին գոյութիւնը յայտնի էր, գիտէին որ լուր ելած էր թէ տարաբաղդ Պապիկեան դէպքերը ուսումնասիրած եւ գրի առած ըլլալու եւ իր եզրակացութիւններէն մէկ քանին հանրային ուշադրութեան յանձնելու իր անխոհեմութեանը համար՝ իր կեանքը վրայ տուած էր։ Գաղտնի մնացած էր նոյն իսկ բնագիրը, մինչդեռ իր թուրք պաշտօնակցին՝ Եուսուֆ Քէմալ պէյի տեղեկագիրը կ՚անյայտանար Չրաղանի պալատի հրդեհին մէջ։ Ներկայ պահուն պարզուած է գաղտնիքը։ Պապիկեանի տեղեկագրին սեւագրութիւնը ձեռքը անցած է Հայերուն՝ որ զայն տպագրել տալով գաղտնիօրէն ցրուած են, ուրկէ օրինակ մը ձեռքը ինկած է Թալմզի թղթակցին՝ որ անոր մասին վերլուծում հրատարակած է ընդարձակ մէջբերումներով։ Նպատակ չունիմ անկից հատակոտորներ հրամցնել. կը բաւէ որ ըսեմ թէ այդ տեղեկագիրը կը լուսաբանէ կարգ մը աչքառու կէտեր։ Ատանայի ջարդերը ամենամեծ չափով ցոյց կուտան Կառավարութեան ուղղակի պատասխանատուութիւնը։ Այդ Կառավարութիւնը իր շնորհը ընդունած էր Իթթիհատ եւ Թէրաքքըէն։ Երիտասարդ-Թուրքերը, յեղափոխութեան հանդէպ Հայերու սնուցած բարի տրամադրութեան եւ տարած եռանդուն մասնակցութեան հակառակ, այս ողբալի գործի ընթացքին՝ Հայ տարաբաղդ ցեղին ի նպաստ գործելու եւ կառավարութեան վրայ ծանրացող պաշտպանելու տարրական պարտականութեան մէջ բացարձակ անկարողութիւն մը ցոյց տուած են։ Անկէ վերջ անոնք ամէն ինչ ըրին՝ խեղդելու համար զոհերու գանգատները եւ ապահովելու համար անպատիժ մնալը յանցապարտ պաշտօնէութեան։

Նմանօրինակ իրողութիւններ դժնէ լոյս մը կը սփռեն Հայկական Հարցին վրայ։ Ապացուցած է որ, Օսմ. կառավարութիւնը, ըլլայ այն Ապտիւլ Համիտի գործակալներուն՝ թէ յեղափոխութիւնը կեղծողներու ձեռք, ի վիճակի չէ քանի մը միլիոն Հայերուն երաշխաւորելու ամենաբնական կեանքի, ազատութեան եւ ինչքի իրաւունքներ՝ զոր ամէն ընկերութիւն կը ջանայ ապահովել։ Դժուարութիւնը ուրեմն պարզ է. այն որ Եւրոպա, Հայոց ի նպաստ փոխանորդ կը կանգնի այս դաշնագրին մէջ՝ որ նոր Թուրքիոյ դիրքը պիտի բնորոշէ՝ ստեղծելով առանձնայատուկ պայմաններ այսինքն փորձառութիւնն է որ զայն կը թելադրէ Եւրոպայէ ընտրուած կառավարիչ մը, իրմէ հակակշռուած եւ իր հաւանութենէն դուրս անխախտելի։ Եւրոպա, կա՛մ պէտք է հրաժարի իր պարտականութեան այս էական բաժինէն եւ առաջուց պիտի համակերպի դիտելու ճնշուած Հայաստանը, մարդկային ազգի վրդովուած խիղճը. կամ այն է որ պիտի ընդունի այս զոհերը իրենց դահիճներուն ձեռքէն ազատող օտար միջամտութեան մը հետ՝ ազատ ասպարէզ մը տալ բոլոր ցանկութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն՝ Ասիական Թուրքիայի բաժանմամբ։

Աշխարհի բոլոր ճարտարութիւնները եւ հնարամտութիւնները այդ մասին բան մը պիտի չի կրնային ընել։ Հաշտութեան Ժողովի օրակարգէն վերցնել Հայկական Հարցին խորազնին քննութիւնը, պիտի նշանակէր ձախողանքներու ամենէն ահռելին գործել։ Որ եւ է պատճառաբանութեամբ հրաժարիլ՝ Հայաստանի ընծայելու միակ դրութիւնը. որուն անվրէպութիւնը նմանօրինակ պարագայի մը մէջ փորձառութիւնն ապացուցած է Լիբանանի կամ Սամոսի տեսակ մը ընդլայնուած ծրագրով, պիտի նշանակէր ո՛չ թէ ստեղծել իրաց վիճակ մը, որ ամբողջ ժողովուրդի մը չարչարանքներուն գնով պիտի արժէր որ ըլլար, այլ շտապել՝ արիւնի եւ արցունքի յաճախանքէ մը ետք՝ բախումը Ասիայի եւ Եւրոպայի, այսինքն Իսլամութեան եւ ինչ որ կը կոչեն՝ Քրիստոնէութեան միջեւ։ Այս վերջին տարիներու ընթացքին մենք հարկադրուեցանք արձանագրելու բազմաթիւ ողբալի սնանկութիւնները արեւմտեան դիւանագիտութեան. այս կարգի նոր սնանկութեան մը հեռապատկերին մասին ո՛րքան ալ քիչ համոզուած ըլլամ, կը խոստովանիմ որ դժուար է ինձ՝ անոր կարելիութեանը վրայ հաւատք ընծայել։

ՖՐԱՆՍԻՍ ՏԸ ՓՐԷՍԱՆՍԷ

Բարիզ, 25 Ապրիլ, 1913



[1]        Ողբացեալ Փրէսանսէ կ՚ակնարկէ պալքանեան պատերազմի հաշտութեան։