ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐԲԱԽՆԱՄԻՍ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆՊԱՍՏԻ ՀԱՒԱՔՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մինչ Գռուզեան էֆէնտի Կիլիկիա մեկնելով որբերը հաւաքելու եւ որբանոցներ հաստատելու բազմածախս գործին կը ձեռնարկէր, Յանձնաժողովս կատարեալ վստահութեամբ թէ իր ներկայացուցիչները Օսմ. Կառավարութեան բարեացակամ աջակցութեամբ՝ յաջողութեամբ ի գլուխ պիտի հանեն զայն, ձեռք առաւ անմիջապէս այն միջոցները որոնցմով կարելի պիտի ըլլար որբոց խնամարկութեան գործը ապահովել։

Որբախնամը տեսաւ որ իր դրամագլուխը կը կազմեն 1. Ազգայնոց ազնիւ զգացումները եւ 2. Կառավարութեան բարեացակամութիւնը։ Տեսաւ միեւնոյն ատեն որ առանց իր կողմէ նպաստահաւաքման մասին ջանք ու հոգածութիւն ի գործ դրուելու եւ հետեւաբար քիչ շատ ապահովուելու՝ կրնային ապարդիւն մնալ Կիլիկիոյ իր ներկայացուցիչներուն ընելիք կարգադրութիւնները, ուստի միաձայնութեամբ որոշեց որ որբանոցներու կազմակերպութեան եւ մատակարարութեան դերը ստանձնելով հանդերձ, իրաւասութիւն ու պաշտօն ունենայ հասոյթի աղբիւրներ փնտռելու եւ նպաստ հաւաքելու։ Եւ առ այս՝ արտօնութիւն ուզեց Ազգ. Կեդր. Վարչութենէն որ բանաւոր եւ ընդունելի դատելով այս առաջարկը, արտօնեց Որբախնամը իր յարմար դատած եղանակաւ հասոյթի աղբիւրներ փնտռելու եւ նպաստ հաւաքելու։

Յանձնաժողովը այս արտօնութեան վրայ, ձեռնարկեց իսկոյն նպաստահաւաքման դժուարին գործին զոր արդիւնաւորելու համար հարկ տեսաւ Կիլիկիոյ ահաւոր աղէտին հանդէպ հայ ժողովուրդին պարտականութիւնը զգացնող կոչ մը հանել շրջաբերութեան, ուղղուած ամբողջ Հայութեան։

Ահաւասիկ այդ կոչը, պատրաստուած Բրօֆ. Յակոբոս էֆ. Ճէճիզեանէ, որմէ բազմաթիւ օրինակներ ղրկուեցան գրեթէ ամէն կողմ ուր Ազգը իր գաղութը ունէր։

ԿՈՉ ՄԸ
ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ԱՏԱՆԱՅԻ ՈՐԲՈՑ ՀԱՄԱՐ

Որբախնամ Յանձնախումբը, որ Ազգ Կեդր. վարչութենէն պաշտօն ընդունած է խնամելու Կիլիկիոյ ահեղ աղէտին հետեւանքը եղող հազարաւոր որբերը, հարկադրուած է ամենասրտառուչ կոչ մը ուղղելու ամբողջ Հայութեան։ Տակաւին թաց են աչքերնիս այն լեղի արցունքներով որոնք թափուեցան մեր հազարաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որոնց արիւնալից ու խողխողուած մարմինները ահաւոր եւ կսկծեցուցիչ վայրի մը փոխեցին Կիլիկիոյ գեղեցիկ երկիրը. բայց մեր անհուն ցաւը պէտք չէ որ թմրեցնէ մեզ եւ մոռցնել տայ մեր պարտականութիւնը ասանկ անօրինակ տարաբաղդութեան մը մէջ. ու պէտք չէ որ վայրկեան մը իսկ կորսնցնենք։ Աչքերնուս առջեւ բերենք այն հազարաւոր մատղաշ, փափուկ եւ անօգնական մանկիկները որոնց սրտակեղեք ձայները մինչեւ մեզի կը հասնին. անոնց ի զո՜ւր կը փնտռեն գուրգուրոտ մայրեր ու գորովալից հայրեր. Կիլիկիոյ ապառաժները տխուր արձագանգ մը միայն ունին իբր պատասխան այդ լալագին ձայներուն ու հառաչներուն։ Անոնց հայրերը արիւնաշաղախ դիակներ եղան. ու անոնց մայրերը, եթէ երբեք ողջ են, տխուր, վտիտ գիրկեր ունին միայն, հոն զանոնք ողողելու իրենց յուսահատ եւ տրտմաթախիծ արցունքներով։ Ի՜նչ աղէխարշ պատմութիւններ ունին այս պզտիկները։ Անոնցմէ մէկը, իր մօր կարօտով այրած, ա՛լ չկրցաւ դիմանալ եւ գիշերով որբանոցի որմերէն դուրս նետուեցաւ, իր մայրը գտնելու եւ անոր գիրկը դառնալու համար։ Կը համարձակի՞նք մեր երեսը մէկդի դարձնել թափառայած որբերուն տխուր տեսարանէն։ Անոնք մերիններն են արդեամբ։ Ցորչափ Հայ ազգը կը մնայ, անոնք պէտք չէ որ լքուած եւ որբ մնան. մենք ենք անոնց հայրն ու մայրը։ Անոնց ծնողքը մեր եղբայրներն ու քոյրերն էին, հոն արիւնաթաթաւ Կիլիկիոյ մէջ ինկան իբր նահատակ ու մարտիրոս, ու իրենց ջախջախուած ձեռներով մեզի աւանդ տուին այս որբերը։ Հայ ազգը պիտի չմերժէ այս սրբազան աւանդը, անոր հոգածութեամբ, անոր գորովոտ ձեռներուն ներքեւ այս մատղաշ Հայերը պիտի մեծնան, եւ թոյլ պիտի չտանք բնաւ որ անոնք անտուն, անհայր, անմայր թափառին Կիլիկիոյ այն գեղեցիկ ու արգաւանդ երկրին վրայ զոր իրենց հայրերն ու նախնիքը այնքան ծաղկեցուցին։ Որբախնամ Յանձնախումբին վաւերական տեղեկութեանց համեմատ, հազարաւոր որբեր կան որոնք իրենց հայրը կորսնցուցած են, ու երեք չորս հազարի կը հասնի անոնց թիւը, որոնք ոչ իսկ այրի, աղքատ մայր մը ունին զիրենք հոգացող։ Գոհութեամբ կը յիշենք որ մեր Սահմանադրական Օսմ. կառավարութիւնը գթութեամբ կը նայի անոնց ու կարելի եղած օգնութիւնը կ՚ուզէ ընձեռել. սակայն նախապէս մեր պարտաւորութիւնն է զանոնք հոգալ։ Այսօր այս ահագին, թշուառ խումբը ձեզի կը դարձնէ իր ողորմուկ, արցունքոտ աչքերը, ո՛վ Հայեր, ձեզմէ կը սպասէ այս անհուն աղէտին դարման մը։ Ո՞ր Հայն է որ իր վերջին լուման պիտի չտայ յօժարակամ, գէթ մասամբ սփոփելու համար այս խեղճերուն վիշտը։ Այս ամբողջ Հայ սերունդը մեզի կը յանձնուի այժմ Նախախնամութենէն. ցոյց տանք աշխարհին թէ մենք ճշմարիտ ազգասէրներ ենք, ու չխնայելով մեր օգնութիւնը, մեծցնենք այս Հայ սերունդը, գուրգուրանք անոնց վրայ եւ անոնցմէ յառաջ բերենք Հայեր որոնք կրթուած, զարգացած ու բարձր զգացումներով վառուած անդամներ ըլլան մեր համայնքին, իբր ճշմարիտ Հայ ու իբր ճշմարիտ Օսմանցի։ Այս կերպով տարաբաղդ ինկածները պիտի վերակենդանանան, այս կերպով նոր ուժեղ տարր մը պիտի ընծայենք մեր գեղեցիկ երկրին ու անոր ապագային։ Ոճիր է չգործածել այս մեծ պատեհութիւնը. ոճիր է մերժել սա տժգոյն, ազազուն ու մատաղ ձեռները որոնք ահա մեզի կարկառուած են ողորմութիւն հայցելու, ի՜նչպէս պիտի կրնանք հանգիստ քնանալ հոս մեր կակուղ բարձերուն վրայ, եթէ թողունք զանոնք հոն անպատսպար, չունենալով տեղ մը հանգչեցնելու իրենց մանկական, անմեղունակ գլուխը. մինչ մօտալուտ ձմեռը կուգայ իր բոլոր խստութեամբը, ի՞նչպէս պիտի կրնանք վայելել հոս մեր ճոխ կամ աղքատիկ սեղանները, երբ գիտենք թէ հոն Ատանայի, Մերսինի, Հաճընի եւ ուրիշ վայրերու տխուր ամայութեան մէջ անօթի կը հիւծին այս փոքրիկ անմեղները, եւ կը տառապին անպատսպար։ Բանանք, ուրեմն մեր քսակները, հարուստ, աղքատ ամէնքս ալ, գթալից օգնութեան ձեռք երկնցնենք անոնց, հիմա, առանց յապաղումի, մեր չքաւորութենէն իսկ հարստութիւն մը վազցնենք հոն այդ թշուառներուն գիրկը, ու Աստուած ինքը, որ որբին ու որբեւայրիին հայրն ու տէրն է, ինք իր օրհնութիւններով պիտի բեռնաւորէ, եւ իր վարձատրութեամբ պիտի հատուցանէ մեզ։

Ի Բացակայութեան Ս. Պատրիարք Հօր

Պատրիարքական փոխանորդ

ՂԵՒՈՆԴ Ծ. Վ. ԴՈՒՐԵԱՆ

Ի դիմաց Կիլիկիոյ Կեդր. Որբախնամ Յանձնախումբի եւ նորին որոշմամբ

Գանձապետ
Ա. ԹՕՓԱԼԵԱՆ

 

Ատենադպիր
Ս. ՍՈՒԻՆ

 

Ատենապետ
Ա. Գ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ

 

Նպաստահաւաքման գործը ամենուրեք կանոնաւոր հիման մը վրայ դնելու նպատակով ալ՝ Որբախնամս որոշեց ինչպէս մայրաքաղաքիս այլեւ այլ թաղերու եւ գաւառներու, նոյնպէս արտասահմանի մէջ, վերջապէս ամէն տեղ ուր կարելիութիւն կար, կազմել Որբախնամ Մասնախումբեր, համաձայն հետեւեալ հրահանգին.

 

ՀՐԱՀԱՆԳ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՈՐԲԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՆՊԱՍՏԱՄԱՏՈՅՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆՊԱՍՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔՄԱՆ

ՄԱՍՆ Ա.
ՈՐԲԱԽՆԱՄ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

1. Կեդրոնական Յանձնաժողովը կը հաստատէ մասնաճիւղեր նպաստ հաւաքելու համար։

2. Կիլիկիոյ Որբախնամ Կեդրոնական Յանձնաժողովոյ Ելեւմտից ճիւղը արտօնուած է Պոլսոյ թաղերուն մէջ ուղղակի իր նախաձեռնութեամբ, իսկ գաւառներու եւ արտասահմանի մէջ, ուղղակի կամ տեղւոյն ազգային մարմիններուն (Քաղաքական Ժողով, Թաղական Խորհուրդ, Հոգաբարձութիւն, Առաջնորդ), միջոցաւ առանց դաւանական խտրութեան ներկայացուած ընտրելիներէ մասնաճիւղեր կազմել։ Անոնց կազմութիւնը կը տեղեկագրուի Կեդրոնական Յանձնաժողովին, որ կը հաստատէ, եւ յետոյ հրատարակութեան կուտայ։

3. Նպաստահաւաք Մասնաճիւղերը առ նուազն երեք եւ առաւելն հինգ անձերէ կը բաղկանան, եւ կ՚ունենան Ատենապետ, Ատենադպիր եւ Գանձապահ։

4. Նպաստներու գանձման ձեւը մասնաճիւղերը կ՚որոշեն տեղական պայմաններու համաձայն։

5. Մասնաճիւղերը անպայման պարտաւոր են ամէն ամիս իրենց գանձումները ղրկել Կեդրոնական Յանձնաժողովոյ Գանձապետին։

6. Մասնաճիւղերը պարտին ուղարկել նաեւ,

Ա. Նպաստներու եւ ելեւմտից հաշիւը,

Բ. Պաշտպաններու յաւելեալ կամ փոփոխեալ ցուցակը։

7. Կեդրոնական Որբախնամ Յանձնաժողովոյ Ելեւմտից Ճիւղը ամէն ամիս մասնաճիւղերէն եկած հաշիւները հրատարակութեան կուտայ եւ հաշուեկշիռն ալ կը ներկայացնէ Կեդր. Յանձնաժողովին։

8. Մասնաճիւղերու հաշիւները եւ գործառնութիւնները միշտ Կեդրոնական Յանձնաժողովոյ հակակշռին ներքեւ կը գտնուին։

ՄԱՍՆ Բ.

Նպաստներու համար ընդունուած է երկու տեսակ դրութիւն,

Ա. Որբերու պաշտպանութիւն,

Բ. Պարբերական նուիրատուութիւն։

9. Որբախնամ Յանձնաժողովի Ելեւմտից ճիւղը կը դիմէ ամէն կարգի անձանց, անոնց կարողութեան համաձայն մէկ կամ աւելի որբերու պաշտպանութիւնը ստանձնել տալու համար։

10. Իւրաքանչիւր որբի տարեկան ծախք հաշուուած է 5 Օսմ. լիրա. պաշտպանները յանձնառու կ՚ըլլան մէն մի որբի համար վճարել նոյն գումարը։

11. Ինչպէս անհատներ, նոյնպէս ո եւ է Մարմին կրնայ պաշտպան արձանագրուիլ ներկայ հրահանգին համաձայն։

12. Պաշտպաններու յատուկ մասնաւոր արձանագրութեան տետրակ մը կ՚ըլլայ, ուր կ՚արձանագրուին նաեւ որբերու անունը, մականունը եւ այլ մանրամասնութիւնները։

13. Վճարումները կ՚ըլլան տարեկան, վեցամսեայ կամ եռամսեայ։

14. Պարբերական նուիրատուութիւնը տեւական ըլլալու պայմանաւ բաժնեգինի մը ձեւով ալ կ՚ըլլայ, շաբաթական կամ ամսական վճարումներով, որուն փոխարէն կանոնաւոր ստացագիր կը տրուի մասնաճիւղերուն կողմէ։ Այդ ստացագիրները Կեդրոնական Յանձնաժողովոյ կողմէ կնքուած՝ իրեն յատուկ ընկալագիրներն են։

15. Ասոնցմէ զատ կ՚ընդունուին նաեւ միանուագ նուէրներ։

(Կնիք Յանձնաժողովոյ)

 

Հոն ուր կը ղրկուէր կոչերէն, կը ղրկուէր նաեւ հրահանգներէն եւ առանձին նամակներով ալ կը խնդրուէր որ փութով կազմուին Մասնախումբերը։

Մինչ Յանձնաժողովս ի գործ կը դնէր այս միջոցները, միւս կողմէ Ազգային մամուլը իրեն բաժին ինկած պարտականութիւնը լիովին կը կատարէր, հրաւէր կարդալով հայ ժողովուրդին, օգնութեան իր վերականգնող ձեռքը կարկառելու աղէտահար որբերուն։

Եւ ահա հետզհետէ կ՚սկսէին հասնիլ նպաստները ամէն զգացման տէր հայերէ, ո՛չ միայն մայրաքաղաքէս ու գաւառներէն, այլ եւ արտասահմանէն, ինչպէս կը տեսնուի տեղեկագրիս հաշուական բաժնին մէջ։ Հոն պիտի տեսնուի նաեւ, որ մինչեւ անգամ… Քէմախի Մարէգ արկածեալ ու թշուառ գիւղին Հայն ալ իր այրիի լուման է բերեր որբերու սնտուկին։

Մինչ այս, մինչ այն, կը կազմուէին մասնախումբերը, կը գործէին գնահատելի եռանդով, իբր կարեւոր օժանդակները Կեդր. Յանձնաժողովիս, մէկ կողմէ ջանալով սպառել՝ կեդրոնէս ղրկուած նուիրատոմսերը եւ միւս կողմէ գտնելով ժողովուրդին մէջէն որբերու պաշտպաններ, մէկ կամ աւելի տարիներու յանձնառութեամբ։

Տեղեկագրիս մէջ կը գտնուի լիակատար ցանկը այս Որբախնամ Մասնախումբերուն ինչպէս նաեւ ցանկը այն մարմիններուն որոնք թէեւ ոչ՝ իբր մեր մասնաճիւղերը, սակայն եւ այնպէս իբր որբապաշտպան իրենց թանկագին աջակցութիւնը ընծայեցին Յանձնաժողովիս։

Ահա ա՛յս միջոցներով էր որ Որբախնամս կրցաւ իր պաշտօնավարութեան առաջին տարւոյն մէջ՝ մատակարարել իր որբանոցները հասցնելով անոնց պէտքերուն համապատասխան չափով դրամ։ Պէտք է խոստովանիլ սակայն թէ՝ երբեմն պատահեցաւ որ յապաղում կրէ դրամի առաքման գործը, որովհետեւ Սնտուկը դրամ չէր գտնուեր եւ Որբանոցները՝ մինչեւ դրամի գոյանալը՝ պարտաւորուած կ՚ըլլային սպասելու, այդ միջոցին՝ փոխառութեամբ կամ պարտքով հոգալով իրենց պէտքերը, այս պարագաներուն՝ բնական է թէ, ի վնաս որբախնամ գործին։

Տեղեկագրիս այս գլուխը փակելէ առաջ, կարեւոր կը համարինք յայտնել թէ Որբախնամ Յանձնաժողովս շնորհիւ Ազգին առատաձեռնութեան, մինչեւ իր հաշուեկշռին թուականը, իր միջոցաւ, կրցաւ ձեռք բերել՝ 5748. 32½ Օսմ. ոսկւոյ գումար մը, գոյացած մասնախումբերու ձեռամբ վաճառուած նուիրատոմսերէ, որբապաշտպանութենէ եւ պարզ նուիրատուութիւններէ, ապահովելով նաեւ 2625 Օսմ. ոսկւոյ գումար մը, յառաջիկային համար, յանձնառութիւն յայտնող որբապաշտպաններէ։