Նիւթեր Աղեքսանդր ջուղայեցիի կենսագրութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ. Վկայաթուղթը։

Կոնդակ ի Նոր Ջուղայի Դիւանը։

  Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի Ծառայ Տէր Աղեքսանդր Կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս… առ, հարազատ մեծարգոյ եղբայր մեր Մովսէս Ա[ստուա]ծաբան վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ. Զի ահա յամսեան յուլիսի ԺԸ (18) քո մայիսի ԻԶ (26) թուղթն մեզ եհաս ի տեղ Երավանք, զորոյ հանգամանաց ծանուցեալ իմացաք, եւ նոցին պատասխանին Խաչատուր փայեկաւն Յարութի[ւն] եւ Ալէքսան՝ տարմաջուր բերող տղայովն ծանուցեալ եմք, եւ նոցին պատասխանին ակնադէտ եմք թէ երբ ժամանելոց է մեզ, այդ մերդ չգիտեմ ձեզանէ ինչ է ուզում, դուք իմ զամին խօյ չէք, մանաւանդ այդ միայն՝ Էջմիածին խօյ չէ տուող Ժ, Ժ, եւ Ե (10. 10 եւ 5) վանորեայք պիտի տան, երբ որ գայ իւր հախ սապիտթ աճէ, ամէնքս մեր հախն տամք, ինքն այn գիտէ որ զըլթախ է նորա համար բանն տեղտ է բռնել ես Թ (9) ամիս տեղդ կացի թէ խօսք անէր ինձ հետ էր չէր խօսիլ, որ հիմայ այդ շլթախտ առնել է, ձեր նապաթն այս է որ ասէք, թէ ինչ տեղ բարաթ ունիս միայն Էջմիածնյ վերայ չէ, Ժ, Ժ, եւ Ե (10. 10 եւ 5) վանորէից վրայ է։

Դարձեալ զայս եւ գիտեաց սիրելի յաւուրս տօնի պայծառակերպութե[ան] Ք[րիստոս]ի Ա[ստուծո]յ մերոյ, մետասան եպ[ի]ս[կոպոս] ձեռնադրեցացաք, եւ ի նոյնում աւուր մետասաներր[որ]դ ժամու երեկոյացեալ մեր Խաչատուր վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տն՝ փոխադրեցաւ առ պայծառակերպացեալն Ք[րիստո]ս Ա[ստուա]ծ հնկէտասան օր, բայց ի ջրոյ այլ ոչ ինչ եմուտ ի բերանն, բարակցաւ անկաւ երկար ամանակօք, եւ ապա վախճանեցաւ որոյ տ[է]ր Յ[իսու]ս Ք[րիստո]ս Ա[ստուա]ծ ողորմեսցի, եւ երկրորդում աւուր Բ (2) շաբաթին ըստ արժանոյն՝ օծումն արարի ձեռամբ իմով, եւ տարեալ թաղեցաք դիր հանգստեան եղբարց մերոց հասարակաց, դուք ողջ կենայք Ա[ստուա]ծ ձեր սիրուն մխիթարէ։

Այլ եւ յաստաց մինչեւ ցայդր յոյժ բարկացեալ եմ քեզ եւ նեղացեալ, յաղագս անպատշաճ արամանցդ. կարծեմ թէ այր հեզահոգի ես դու քան՝ զլուսահոգի մեծ վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տն, որ Բ (2) անգամ Գանձասարու Պետրոս կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]սն եկն՝ տեղդ լուսաւոր հոգին ոչ յաջ դասն կագնեցաց, եւ ոչ մախտանք ասել ետուր, եւ ոչ սեղանումն իւր տեղն նստացոյց, եւ այդ զինչ ակնարկու[թիւն] է զոր արարեալ ես եւ սէղանումն  քո տեղն նստացուցանես Եսային, եւ աթոռումդ կանգնասցես, մի թէ քո կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս էր դա. մի… լուռ լեր, որ ըստ պատշաճին մարդոց աստիճանն ոչ ճանաչես բաւ է խոհեմութի[ւն]դ, ահա ես եկի քեզ ողջոյն եւ ս[ուր]բ ուխտիդ երկրպագու[թ]ի[ւն] ոչ էր արժան՝ քեզ գալ մեզ ողջոյն, եւ ս[ուր]բ Աթոռոյս երկրպագութի[ւն], հեթանոսք որ զօրէնս ոչ ունին բնութ[եամ]բ օրինացն գործեցին անձանց իւրեանց, իսկ են՝ օրէնք չես լսած՝ որ կասեն թէ դիդն վադիդ (Հարտիչ ի պաղտիդ պարսկերէն այսինքն այցելութիւն փոխայցելութիւն), այլ դու ողջ լեր, ամէն։ Գրեցաւ ՌՃԿԲ (1713) թուին. յուլիսի Ամսոյ քսան, Թ (9) վերջ ի տեղ Երավանք գրեցաւ։ Յոյժ կարօտիւ ողջոյն մատուցանեմ միաբանական դասուց, ք[ա]հ[ա]ն[ա]յ[ի]ց դաշտակ[ա]ն[ա]ց եւ լեռնակ[ա]ն[ա]ց, իշխանաց, եւ տօլվաթաւորաց»։

  Կոնդակին մէջ գործածուած քանի մը դժուար բառերուն իմաստը կուտամ հոս։ Շըլթաղ կը նշանակէ խաբէութեամբ կատարել։ Զամին կը նշանակէ երաշխաւոր։ Նապաթ վերաբերմունք։

  Կոնդակը՝ ուղղեալ Նոր Ջուղայու Վանքին առաջնորդ Մովսէս Ջուղայեցիի՝ կուտայ քանի մը մանրամասնութիւններ։ Նախ. կ՚երեւայ թէ Աղեքսանդր այդ տարին այցելեր է Նոր Ջուղայի վանքը եւ փոխ այցելութիւն մը կ՚ակնկալէ Մովսէսէն։

  1713ին Խաչատուր վարդապետ կը մեռնի յէջմիածին եւ նոյն ատեն 11 եպիսկոպոսներ կ՚օծուին Աղեքսանդէ՝ Էջմիածնի մէջ։

  «Լուսահոգի մեծ վարդապետը» որ կը յիշուի. անտարակոյս Ստեփանոս Ջուղայեցինէ. որուն օրով կ՚երեւայ թէ Գանձասարի կամ Աղուանից Պետրոս Կաթողիկոսը երկու անգամ Նոր Ջուղայու վանքը այցելեր է։

ԺԵ. Վկայաթուղթ։

Նամակ ի Նոր Ջուղայի դիւանը։

  Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի Ծ[ա]ռ[ա]յ Տէր Աղէքսանդր… առ ա[ւ]րհ[ն]եալ Ջուղայեցի եւ մեր սիրելի Պ[ա]ր[ո]ն Գրիգորիդ, եւ ի քոյոցդ ամ[ենայն] խնդալ… ծանիր սիրելիդ մեր, զի լուաք եթէ լոյսահոգի Վանճօլի առ Ա[ստուա]ծ է փոխե[ա]լ որ եւ ս[ուրբ հոգին Ա[ստուա]ծ քեզ մխիթարակից լինի եւ մնացեալ կեանս ն[ո]ր[ա]յ քեզ պարգեւէ. Ամէն։ Դ[ա]րձ[եա]լ սիրելի մեր որդի Պօղոս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տն եկաւ տեղս ի քէն յոյժ շնորհակալ եղաւ որ դու յամ[ենայ]ն կողմանց օգնու[թ]ի[ւն] եւ քօմակի (դիկունք) էիր արարեալ եւ մանաւանդ որ փող իր խարճեալ եւ ձեռն էիր բռնել. Ա[ստուա]ծ քեզ յերկար կեանք պարգեւէ… եւն։ Գրեցաւ ի ս[ուր]բ Աթոռս Էջիմածին ՌՃԿԲ (1713) թիվն, յամսեանն սեպտեմբերի Ի. եւ Ե. (25)»։

  Յիշեալ Պօղոս վարդապետը նոյն այլն Պօղոսն է որ կը յիշուի թիւ ԺԲ. վկայաթուղթին մէջ. ուր Աղեքսանդր կ՚ապահովցնէ Մովսէսը թէ՝ ան Համատանէն այդ կողմ. այսինքն վանքին եւ Նոր Ջուղայի իրաւասութեան ենթակայ երկիր պիտի չանցնի. գէթ նուիրակի հանգամանքով եւ իշխանութեամբ։

ԺԶ. Վկայաթուղթ։

Նամակ ի Նոր Ջուղայի դիւանը։

  Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ծառայ Տէր Աղէքսանդր կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս ամ[ենայն] հ[ա]յ[ո]ց, եւ Պատրիարք վաղարշապատու Լուսակառոյց եւ Տիրանկար լուսազարդ եւ Ա[ստուա]ծաէջ Սրբոյն Աթոռոյս Էջմիածնի. Յորմէ Սիրով ս[ուր]բ Հոգւոյն եւ ք[րիստո]սական ողջունիւ ծանիր սիրելի եւ հարազատ մեծարգոյ եղբայր մեր Մովսէս Ա[ստուա]ծաբան վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ.

Զի ահա ըստ քո խօստմանն, որ գրեալ էիր, թէ Ա[ստուծո]վ ամենայն ինչ կարելի է այս օր, եւ գլուխ կու ելանէ, ահա այն չընչավատի մահսարն բազում ջանիւք եւ աշխատու[թեամ]բ յեզերեալ եմք, տեղւոյս շարի եւ մեծամեծ աղայներաց մհրովն այս քան ժամանակ յետանալն պատճառն այն էր որ չէաք գտանում մէկ այնպիսի մարդ իմաստուն եւ ճարտար, որ այդ բանդ կարեր յեզերէր եւ ի բազում խուզելն եւ քննելն մեր, զմելիք Ներսէսն գտաք, որ այդ բանդ կարէ շինել, վ[ա]ս[ն] որոյ հարազատ սիրելի մեր՝ ամենայն ինչ որ հասարակաց օգտի է, առաւել վարձադրելի է, դու գիտես որ այս երկրիս աւերութի[ւ]ն՝ այսմ պատճառի է շատ մարդիք գնում են զՔրիստոս ուրանում մամոնայի համար, ուստի ըստ հրամանին Ք[րիստոս]ի պարտիս անյիշաչար լինել, եւ զառաջիին մոռանալ, այս բանիս գլուխ դնել, եւ գօտի ի վերայ գօտոյ ածել եւ ի կատարած հասուցանել, այս ժամանակիս այս բանս այլ դիւրիւ կու լինի, զէրա քաղքիս բէկլար բէկին տեղդ է ամենայն աֆալն եւ երկրիս աւերութի[ւ]ն գիտէ, որ դովաւ է, մանաւանդ քաղաքիս որ չափ մեծամեծ աղայք կան տեղդ են որ ամէնն այս մահսարս կնքեալ են, թէ որ այս բանս կու լինի այս օրէ ժամանակն, քեզ մեծ յիշատակ կու մնայ, մեզ այլ բարի անուն կու լինի. ահա մէլիք Ներսէսն եկաւ մահսարն բերաւ, փողն իւրմէ խարճին քեզ իլախայ չկայ միայն թէ խօսիւք քօմակի եւ օգնութի[ւ]ն առնես, եւ մանաւանդ թէ հաւատոյ բան է, պարտիս գլխովին կանգնիլ եւ ջանալ, այդ բարեգործութի[ւն]դ կատար հասուցանել, որ յոյժ հարկաւոր է եւ օգոյտ ազգիս մերոյ զերա տեղոյս ողորմելի քրիստոնեայքն թէ ինչ նեղութի[ւն] եւ վիշտ կու քաշեն չնչավատի ձեռաց, որ ասել եւ գրել չի լինիլ, զինչ երկարեցից դու այսր շատ ես բնակեալ, լաւ տեղեակ ես, որպէս որ քո հանճարեղութի[ւն]դ է այս բարերարութի[ւնդ] արա մի խնայիր, որ մեզ եւ քեզ բարձրու[թիւն] է, եւս առաւել մեծ յիշատակ է, անջն[ջ]ելի մինչ ի կատարած աշխարհիս կու յիշուի, եւ որքան վիշտ նեղութի[ւն] եւ չարչարանք, որ կրես վ[ա]ս[ն] հաւատոյս մերոյ, վարձն ի Ք[րիստոս]է եւ ս[ուր]բ Լուսաւորչեն առցես, զմիոյն Ճ (100) ապատիկ Ռ (1000) ապատիկ եւ բիւրապատիկ աստ եւ ի հանդերձելումն, Ամէն։ Գրեցաւ ՌՃԿԳ (1714) թուին յամսեանն յունիսի ԻԴ (24)ի դրան ս[ուր]բ Սարգիսին»։

ԺԷ. Վկայաթուղթ

ի Նոր Ջուղայու դիւան։

  «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի Ծառայ Տէր Աղէքսանդր Կաթողիկոս… առ… հոգեւոր որդոց մերոց Ստեփաննոս, եւ Եսայի վարդապետացդ, եւ ընդ ձեզ եղելոց, Ահա զմեր անցք եւ որպիսութի[ւ]նն կարծեմ եկողաց իմացեալ լինէք կամ թէ իմնայաք, ապա համառօտն այս է որ ես միամիտ ի տանս նստեալ կայի, եւ շիւարեալ յաղագս վանացս եղեալ պարտուց, թէ ո[ր]պ[էս] պարտ է հոգալ եւ առնել, յանկարծ յԵրեւանայ չափառ եկաւ որ Երեւանայ բէկլարբէկին էր գրեալ ի վ[ե]ր[ա]յ… (բնագրին մէջ պարապ) թէ ահա այդ, Աղեքսանդր խալիֆային հրամայես գալ աստ ի կաթուղիկոսութիւն որ բոլոր հայք զդա կամին թէ ի ներքոյ հնազանդութե[ան] քում հայք եւ թէ հոռոմոք։ Եւ ընդ իւր ունելով մահսարներ զարմանալի գրով գրեալ եւ մըհրեալ, եւ իսկոյն ցուցեալ էին, ձեռամբ անդիմատօլվին… (բնագրին մէջ պարապ) մեք միամիտ ի խցի մերոյ նստէաք յանկարծ հասին հրաւիրակք անթիմայտօլվէ թէ կոչէ զքեզ, եւ իբրեւ կացաք ատենի ասաց, խանն թէ հրամայէ… (բնագրին մէջ պարապ) որ գնաս Յուչ Քիլիսէ ի կաթուղիկոսութի[ւն], իբրեւ հրաժարեցաք ի բազում անգամ պէսպէս կերպս, մանաւանդ թէ ոչ կարեմ գնալ յաղագս յոլովակի պարտուց մերոց զոր ունիմք աստ, որով ոչ տան թոյլ պարտատերքն ի գնալն մեր, իսկ նա խստացոյց զբանս իւր եւ ասէ… ոչ ահաւասիկ աստ է Մովսէս խալիֆայն եւ նա հոգասցէ զպարտքն քո, եւ սաստիկ սպառնայր, թէ ոչ գնայցեմք, իբրեւ ակամա կամօք յանձն առաք եւ իսկոյն պատմեաց (բնագրին մէջ պարապ) եւ նա առժամայն հրամայեաց տալ ըզռաղամն եւ զխիլայն, եւ յետ քանի աւուրց կատարեցաւ զգործսն այսինքն զյռաղամն եւ զխիլայն զոր ետան մեզ, այս էր զոր համառօտագոյն գրեցաք.

Ահա սիրելիք մեր եւ հաւատարիմք, այժմ ժամ է ձեզ այսու հետեւ առաւելուլ զջանս եւ զաշխատանս ձեր որ այսքան պարտք թողուք ի վանս մեր, որ զամէնն ս[ուր]բ Էջմիածնայ համար է եղել այս պարտքս այժմս մեր բանն այսպէս եզերեցաւ։ Ես պիտէր զՄովսէս վարդապետն ինձ հետ տանէի ապա պարտքս ի տեղն կու մնայր մեզ մեծի խղճամտանքէ նորա համար հարկաւոր եղեւ, որ Մովսէս վարդապետն մնաց, որ զպարտս մեր վճարէ։ Եւ դուք սիրելիք մեր, Ստեփաննոս եւ Եսայի վարդապետք, զՄովսէս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տին գրածն հաստատուն իմանայք եւ կատարէք. եւ ի նա հատուցանէք զժողովեալ ողորմութիւնսն որ ընդ ձեռամբ ձեռով տացին ժողովուրդքն, այսուհետեւ այլիմ եւ քո ոչ գոյ ի մէջ մեր, ս[ուր]բ Էջմիածնայ, զոր ինչ խոստմունք եւ հոգէբաժին որ լինի յիք առէք թէ մեր վանքին եւ թէ ս[ուր]բ Էջմիածնայ եւ ուղարկեցէք Մովսէս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տին ձեռն, որ մեր մնացեալ պարտքն տայ, եւ զմեզ անպարտս առնէ, ի խղճմտանաց մերոց, Ա[ստուծո]վ թէ՛ պ[ա]ր[ո]ն Դիլանջէ սանատն եւ թէ՛ պ[ա][ո]ն Էլիազին սանատն յետ լինէք ուղարկած, որ Մովսէս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տն ինձ գրէ, եւ ես այլ ուրախանամ ձեզանէ, եւ տուողացն, շնորհակալ լինիմ, եւ օրհնող կենդանեաց եւ ննջեցելոցն խնդրող մինչեւ բարեւ գնամ, ի ս[ուր]բ Էջմիածինն տեղէի (լուսանցքի վրայ) ձեզ եւ ա[ստուա]ծասէր վաճառականաց հատուկ հատուկ օրհնութե[ան] թուղթ կու գրեմ… եւն։ Դուք եւս ծանիք ի Հնդկաց երկրի եղեալ քահանայք ահա այսու հետեւ որ ինչ բան անէք եւ տուրք յամ[ենայն] կողմանէ ընդ Մովսէս վարդապետին հետ տեսէք եւ ի նա հասուցէք որ զմեր պարտքն վճարէ… եւն։ Դ[ա]րձե[ա]լ ծանիք սիրելի որդեակք իմ Ստեփաննոս եւ Եսայի վարդապետք զի ուրախութեամբ եւ մեծաւ յուսով վարեսցիք գործս…»։

  Դժբախտաբար այսքան արտագրած եմ այս շահեկան կոնդակին ուր թէեւ թուական եւս չունիմ նշանակած. սակայն որոշ կերպով Աղեքսանդրի հնագոյն կոնդակն է. նախ քան անոր Էջմիածին երթալը ի Նոր Ջուղայի վանքը գրուած. ուր ան կը պատմէ իր կաթողիկոս ընտրուելուն մնրամասնութիւնները։

  Ստեփաննոս եւ Եսայի վարդապետները. զորս կը յիշէ. որոնց ուղղեալ է կոնդակը. այլուստ անծանօթ կը մնան ինծի։

  Աղեքսանդր կը վկայէ որ ինք իր ընտրութեան անտեղեակ՝ «միամիտ ի խցի մերոյ» նստած էր. երբ Երեւանի Պէյլէրպէյէն խնդրագիր եւ յանձնարարական կուգայ Էդիմատօվլէին ի Սպահան. որ Աղեքսանդր կաթողիկոս ընտրւած է։ Խանը՝ Աղեքսանդրը իր քով կը հրաւիրէ եւ կը տեղեկացնէ։ Աղեքսանդր առաջին անգամ կը մերժէ ընդունիլ այդ ընտրութիւնը. թէեւ կը տեսնէ ընտրութեան գրեալ եւ կնքեալ թուղթերը. «հրաժարեցաք ի բազում անգամ պէսպէս կերպս». սակայն ի զուր։ Էդիմատօվլայի սպառնալեաց տակ Աղեքսանդր կ՚ընդունի ընտրութիւնը։

  Աղեքսանդրի գլխաւոր մտահոգութիւնը Նոր Ջուղայի Ամենափրկչի վանքին պարտքն է. որ գոյացած է Ստեփանոս Ջուղայեցիի եւ իր օրով, Նահապետ կաթողիկոսին դէմ պայքարելու ատեն։

  Նոր Ջուղայի մէջ այսպէս. ան կ՚ընդունի իր ընտրութիւնը. կը ստանայ արքունի հրովարտակը եւ պատւոյ պարեգօտը (խիլա) ։ Աղեքսանդր այստեղ բան մը չ՚ըսեր իր ստացած ներբանածեծին շուրջ. որուն մասին ինչպէս տեսանք կը գրէ Դոմինիկեան Ֆրա Բէթէր Մարդիրը 30 Հոկտեմբեր. 1706 Հռովմ գրած նամակին մէջ։ Ըստ Ֆրա Բէթէրի իբր թէ Աղեքսանդր պատժուած է արքունի պաշտօնեայէ մը. իր Կաթողիկոս ընտրութեան առթիւ պահանջուած 500 դահեկանի նուէրը ստացած չըլլալուն համար։ Աղեքսանդր. ըստ Ֆրա Բէթէրի. առարկած է թէ ինքը ուղղակի Շահէն ստացած է հրովարտակն ու խիլան. որով ստիպուած չէ արքունի պաշտօնեային նուէր մը տալ։ Այս մերժումին վրայ է որ ան ենթարկուած է ներբանածեծի պատիժին։

  Ընդհանրապէս. վստահելի են Հռովմ ղրկուած տեղեկութիւնները. սակայն այս պարագային կ՚երեւի թէ Ֆրա Բէթէր ինքզինքն թոյլ տուած է արձագանգ ըլլալ տեղեկութեան մը որ ճիշդ ըլլալէ աւելի հաճելի էր լատիններուն։ Աղէսքանդր ըլլալով խիստ հակալատին մը. բնական է որ անոր որեւէ կերպով պատժուած ըլլալը՝ մեծ աւետիս մըն էր կաթոլիկներուն համար։

  Աղէքսանդր սակայն իր կոնդակին մէջ կը վկայէ որ Էդիմատօվլէէն ստացած է իր ընտրութեան լուրը, հրամանագիրը (ռաղըմ) եւ պատւոյ պարեգօտը (խիլա). եւ ոչ թէ Շահէն. ինչպէս իմացած ըլլալ կը ծանուցանէ Ֆրա Բէրէր։ Ուրեմն. Աղեքսանդր առիթ չի կրնար ունենալ նոիրաբերութեան սովորութեան դէմ մեղանչած ըլլալու. եւ Ֆրա Բէթէրի Հռովմ ղրկած տեղեկութիւնը պարզապէս ըսի ըսաւ մըն էր եւ անիրական։

  Աղեքսանդր կը խոստանայ Էջմիածին հասնելուն «թուղթ» գրել։ Անտարակոյս այդ «թուղթերը» հոս իմ հրատարակած թիւ Ա. եւ Գ. վկայաթուղթերն են։

ԺԸ. Վկայաթուղթ։

Կոնդակ ի Նոր Ջուղայի դիւանը։

  «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի Ծառայ Տէր Աղեքսանդր կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս ամենայն Հայոց։ Յորմէ ք[րիստո]սական ողջունիւ ծանիր սիրելի եղբայր մեր Մովսէս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ։ Ահա գրեալ էիր թէ քալանթարն՝ շատ նեղութիւն կրեաց այս ռաղամին սաֆդին վերայ, լաւ շնորհակալութի[ւն] գրես, գրագիրս տեղդ՝ տկար է, այժմ մէկ համառօտ գրեցի մինչեւ Ա[ստուծո]վ ս[ուր]բ Էջմիածնայ կատարեալ գրելոց եմ։ Նա եւ զայս եւս գիտեա որ ի թօղչումն Բդզենց պ[ա]ր[ո]ն Մարտիրոսն մեզանէ մեծաւ թախանձանօք խնդրեաց, թէ մէկ ողորմեսցի ասա ինձ վ[ե]ր[ա]յ եւ զիս օրհնէս, եւ ես այլ ըստ խնդրոյ նորին ողորմեսցի ասացի եւ օրհնէսցի, որ եւ օրհնեալ լիցի, ապա չլինի թէ գայ քեզ ասէ՝ թէ զիս արձակեաց՝ որ աղջիկս տամ պ[ա]ր[ո]ն Մանուէլին տղային, քաւ եւ մի լիցի թէ այն չհասին անունն յիշած լինի տեղն, պ[ա]ր[ո]ն Մանուէլին ասա զգոյշ կենայ, իմ կամքն այն է որ երկու գրով գրեալ եմ եւ կնքեալ, որ այլ հրաման չունին այն անօրէն եւ անկարգ չհասն մի միանց հետ յիշեն կամ մտածեն թէ այլ յանդգնին՝ զիմ գըրած անիծիցն տէր են, եւ զիմ գրած գրերն՝ այլ հաստատուն իմասցին, եւ զայս վասն զգուշութե[ան] գրեցի՝ զի գիտասցես, որ ցայլ եւ այլ խօսք չանեն եւ չասեն, որ ի թօղչումն եղեւ, այս է որ գրեցի առ սիրելութիւնդ, ահա զգուշ լեր՝ եւ պատրաստ Ողջ լեր։ Գրեցաւ ի Քաշան, յամսեանն՝ յուլիսի, եօթն»։

  Դժբախտաբար տարեթիւ մոռցեր են նշանակել գրութեն տակ։

 

Յաջորդ վկայաթուղթը զոր պիտի ներկայացնեմ նամակ մըն է 1703ին գրուած Աղեքսանդրին. երբ ան դեռ Նոր Ջուղայի վանքին առաջնորդն էր։

ԺԹ. Վկայաթուղթ։

Նամակ ի Նոր Ջուղայու Դիւան։

«Սրբազ[ա]ն  եւ առաքելաշնոր[հ] Աղէքսանդր ա[ստուա]ծաբան վարդայպետին եւ սրբակրօն, բանիբուն Մօվսէս ա[ստուա]ծ[ա]բան վարդապետին»։

Ի վշտանգալ եւ յոյժ տաքնապի նուաստ եւ նուաստագուն, եթ անուամբ ծ[ա]ռ[ա]յիդ ծ[ա]ռ[ա]յէդ հասցէ թուխտ աղաջանաց, ի հեռայստանէ, իբրեւ մօտոյ, ծն[րա]դրադրակայն (այսպէս), երկրպագութիւն մատուցանեմ, առաջի վեհին եւ խնդրեմ ի բարերարէն Տ[եառ]նէ որ ամ[ենայն] ժամ վեհին օրհնութիւն եւ աղօթքն ամ[ենայն], քրիստոնէից վերայ լինի եւս առաւել անպիտան ծ[ա]ռ[ա]յիդ անպակաս. ամէն, եւ խնդրեմ, ի սրբութենէդ որ այս ներքոյ գրեալք յայտ առեմք, վեհին չլինի թէ ձայնձրութիւն լինի վեհին, այս է որ Բանկալայ (Պէնկալ) Լանկ Յովանի թոռ Վարդանիսին որդի Յարութիւն առ Ա[ստուա]ծ փոխվեցեւ, ծ[ա]ռ[այիդ եւ Գ (3) հոգի վէքիլ ար[ա]ր, նանքան, խօյ, մոդկացան ոչ… գիր արետ, թէ ես վէքիլ չեմ, որն ասաց թէ ես վէքիլութիւն չեմ անում, հալայ ինչ եւ իցէ ընկաւ մեր վիզն, սորայ ինչ առ եւ տուր որ ունէր թայմամին գիր տվին, կտրեցին, այս Արութիւնս կենդանի իքան ապրանք է բառցել աղարկել էր աղա Մարտիրոսին ձեռն, ապրանքն գոլոյ Մարտիրոսն կու վախճանի կու խասանի ուր ախտիար Հերապետին ձեռն եւ Յարութիւնն կտակ էր ար[ա]րէլ թէ իմ ԲՌ (2000) օյէ սարմայայ ունեմ իմ խսէպն (հաշիւ) տեսնեմ այս փողիցս Է (7) թ[ու]մ[ա]ն տան իմ հայր Վարդանիսին, ինչ մնայ խասանի իմ արախէն, ես ել  քանի տարի այ Բանկալայ ինչ ապրանք որ ուղարկում ի ողորմած հոգի Մարտիրոսին ժամանակօվն, թէ Մարտիրոսէն յետ, էլ յետ չեն աղարկում ներքոյ թարեղումն եկի Սուրաթս, հազար դավով (դատով), կռվօվ ի խսէպն կտրեցի Հէրապետին հետ, գիր տվի դիր հինք առի պռծայ չունօր Յարութի[ւ]նին վէքիլ ացի դատաստան չի թէ նապալուղի ապրանքն տեղս ջումք մնայ ես նիաթ (նպատակ) ունի որ վեռի գի ըսհն նիաթս էս այ որ էս մին տարիս էլ գնամ մին երիդ առնեմ, որ մինքանի ղզէկի ընկանի իմ խիզանիս ըռըզդի լինի։ Յարութիւննին հայր Վարդանէսն էլ Սուրաթումս էր, նորայ խօստմունքն Է (7) թ[ու]մ[ա]ն որ տղեն ասացել ԱՃՁԶ (186) յի տվի գիր հինք առի եւ Յարութիւնին խսէպն Հէրապետին հետ սմջայ ելայ, ԳՌԶՃՀԱ (3671) յուր ԲՌ (2000)ի ըռղնի սարմայովն ավաք տվի խօճայ Ավետի որդի Յովանիսին զմէի բիջուր ամ Ֆի թ[ու]մ[ա]ն իբիյօվն ջումնայ ԱՃԿԵ (175) թ[ու]մ[ա]ն վեյին (վեհին) անունիվ սանադ յինք առի որ Ըսպ[ա]հ[ա]ն խօճայ Շմասի որդի պ[ա]ր[ո]ն Աղայ Դավութն տայ վեհին թվին փոքր ՁԸ (88) ում (1703) շ[ա]ոս ԻԵ (25)էն թարեղ որ ԱՃԾ (150) օր վայգայ. Թամասուկէս էլ էս բարեւ այ գրում սայ Թամայսուկիցս մին թմասուկ Ա (1) բարեւ այ գրում որ Բ (2) բարեւագիր Բ (2) սանադն, մին մազբունայ հասանի վեյին որ հրայմանքդ ախտիար ունիս, մէկ լավ է հտիբարի մարդ քաթխուտի շախօվ տաս չուրի մէկ տարիս գոնք գարշապարտ համբուրեմք թէ կենդանի լինիմք. չուն որ ես Բանկալայ գիր ամ տվոտէլ դրայ, փողէրն բոլորէլ, մինչեւ գամ մեզ մին գիր տան ուրենց հախըն ուրենց հասանի եւ այլ ծառէ տամ որ Յարութիւնէց տան մէկ Ի (20) թ[ու]մ[ա]ն տաս պ[ա]րթք ունեն տան կամ արախին խա[ր]ճլուղ լինի քոյ հր[ա]մ[ա]ն[ա]ց անմանիվ  (անունով) գիր յինք առ տուր եւ ծ[ա]ռ[ա]յէդ [ա]մ չնի թէ նեղանաս չուն որ ժամանակիս ում ձեռ որ փող այ ընկայումն վերջումն ձանձրութիւն եւս խռօվութի[ւ]նն այս օր մեր հայոց ասգիս թագ եւ պարձա[ն]ք ես մեր հոգեյոր մարմնայոր ախտիար աս էս վերոյ Ավաքն որ տվել ամ Բ (2) թամասուկ[ա]յ որ մին մազբուն որ անովն տայ մինն Բաթլայ, Բ (2) թամասուկն էլ կըգոյ, Վեհին ձեռռն. որն որ հառէջ գայ, մինն աղարկես Աղայ Դավութն սէիառե, որ ուրն ղաբ[ա]լոյ բերեյ մնայ չուրի վադէն թամամվէ (մինչեւ որ ժամանակն ամբողջանայ), յետոյ ում կշտին որ ուզենայք նրայ կշտին մարթ պախես եւ այլ սանդր դրիք էս գրումս տվիք տ[է]ր Յակոբին որ աղարկե վեհին թիվն փոքր ՁԸ (88) ումն  (1703) շամս ԻԶ (26) ումն Բանդրի Սուրաթումս»։

  Նամակս հետաքրքրական է իբրեւ հին հայ դրամական գործառնութեան վաւերաթուղթ։ Հետաքրքական է նաեւ լեզուն. հնչաբանութիւնը։ Թէ՛ ասիկա եւ թէ՛ ասոր նման բազմաթիւ ուրիշներ ցոյց կուտան որ այդ ատենները Հայ Եկեղեցին իբր տնտեսական հաստատութիւն՝ կարեւոր դեր ունէր։ Բազմաճիւղ եւ աշխարհասփիւռ դրամատուն մըն էր անիկա. վստահելի կապ մը աշխարհածաւալ հայ առեւտուրին համար։

«Հասկ», 1959, նոյեմբեր, թիւ 11, էջ 456-461