Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԵՒ
ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ԹԵՄԸ (ԺԷ ԴԱՐ)

Կղեմէս Կալանոս 1660-1661 տարիներուն Հռոմի մէջ կը բանայ վարժարան մը հայոց համար: Դժբախտաբար երկու տարուան կեանք կ՚ունենայ եւ կը փակուի: Վարժարանի բացումը անակնկալ կամ կամայական որոշումի մը արդիւնք չէր, այլ իր ետին ունէր ընդարձակ պատմութիւն: Հռոմի Սուրբ Աթոռը միշտ փափաքած էր, որ հայերը ունենային սեփական վարժարան, սակայն անոր իրագործումը կ՚ունենայ զանազան հանգրուաններ` երբեմն յաջող, ընդհանրապէս անյաջող: Յաջորդ էջերուն մէջ պիտի քննենք անոր պատմութեան ընթացքը` ընդառաջելով նիւթովս հետաքրքրուող բանասէրներու փափաքին:

ԳՐԻԳՈՐ ԺԳ ՊԱՊԻ ԿՈՆԴԱԿԸ
(13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 1584 ԹՈՒԱԿԱՆ)

«Վարժարան» բառը ընթերցողին մտքին կը պարզէ ներկայ վարժարան մը, ուր կը կատարուին բնական գիտութիւններու ուսումներ: ԺԷ դարուն Հռոմի հեղինակութեան համար վարժարանը չունէր այս բնոյթը, այլ էր զուտ եկեղեցականներու համար ժառանգաւորաց վարժարան մը, այն է` կղերանոց մը, ուր պիտի աւանդուէր հոգեւորականներ պատրաստելու համար հարկաւոր ուսումը` կաթողիկէ վարդապետութեան համաձայն: Թեկնածուները քահանայական ձեռնադրութիւն ստանալէ յետոյ պէտք էին դառնալ հայրենիք` քարոզելու Աւետարանը իրենց ազգայիններուն տարածելու համար կաթողիկէ վարդապետութիւնը:

Այս նպատակը կը հետապնդէր Հռոմ ոչ թէ միայն հայոց, այլ արեւելեան միւս Եկեղեցիներուն համար. յոյները մեզմէ առաջ Հռոմի մէջ ունեցած են իրենց վարժարանը, եւ սկզբնական շրջանին, երբ հայոց համար չէր գտնուեր գործնական լուծում, կար առաջարկը, որ առժամապէս հայ աշակերտները տեղաւորուէին յոյներու վարժարանը:

Թէ ինչ եղած են արտաքին պարագաները, որ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետ իր մահէն տարի մը առաջ, այն է` իր գահակալութեան 13-րդ տարին, 13 Հոկտեմբեր, 1584-ին, հանած է յատուկ կոնդակ հայոց վարժարանի մը հաստատութեան, ծանօթ չէ մեզի: Այսքանը կրնանք ըսել, որ սա այն պապն է, որ կարգաւորած է Տոմարը առանձին հատորով, թարգմանել տուած է զանազան լեզուներու եւ ղրկած Արեւելեան Եկեղեցիներուն, որպէսզի ամէն տեղ տիրէ միաձեւութիւն, յատկապէս Զատիկին առընչութեամբ: 1584-ին, ճիշտ այն թուականին, երբ հռչակած է հայոց վարժարանին հաստատութեան համար առանձին կոնդակ, նոյն տարին Հռոմի մէջ տպուած է հայատառ «Տօմար Գրիգորեան» հատորը եւ յաջորդ տարիներուն ղրկուած Արեւելքի հայերուն:

Գրիգոր ԺԳ-ի յիշեալ կոնդակը կը սկսի հաստատումով մը, թէ Հռոմէական Եկեղեցին, իբր մայր մը, հետամուտ է ջամբելու ուղիղ վարդապետութիւնը իր որդիներուն, որքան ալ հեռաւոր վայրերու մէջ գտնուելու ըլլան անոնք: Այս ժողովուրդներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւեն հայերը` իրենց բազմաթիւ որդիներով, որոնք անուանի են ամբողջ Արեւելքի մէջ իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար` սկսեալ իրենց Եկեղեցւոյ ծագումէն, այն է` սուրբ Թադէոս եւ սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներու քարոզութեան օրերէն, ու յաջորդաբար դարերու ընթացքին նոյն կապը պահած են Հռոմի Աթոռին հետ, նոյնը վերանորոգած Փլորենտեան ժողովին, որու մասնակցած են իրենց ներկայացուցիչներով: Այս պատճառով միւս Եկեղեցիներէն աւելի եզական կերպով յիշատակելու արժանի կը համարի, մանաւանդ որ անցեալին հայերը չեն խնայած ոչ մէկ միջոց` օգնելու խաչակիրներուն, Սուրբ Երկիրը ազատելու անհաւատներու ձեռքէն: Այն շրջանին, երբ հայ ժողովուրդը կը մնայ թրքական լուծին տակ, ամենահաւատարիմ կերպով կը պահէ իր քրիստոնէական հաւատքը` պահելով միաժամանակ իր ջերմ յարաբերութիւնը Հռոմի Աթոռին հետ: Իսկ եթէ սպրդած են հոն զանազան սխալներ, այդ բոլորը արդիւնք են ոչ թէ չարութեան, այլ պտուղ ժամանակներու անպատեհութեան:

Այս համառօտ յառաջաբանով, յետ նկատելու հայ ժողովուրդին արժանիքները, Գրիգոր ԺԳ «կը հռչակէ» անոնց իրաւունքը` առանձին վարժարան մը ունենալու Հռոմի մէջ: Վարժարան պիտի յաճախեն ընտրուած ու ատակ երիտասարդներ ստանալու համար ողջամիտ վարդապետութիւն, որպէսզի, դառնալով Հայաստան, նոյնը քարոզեն իրենց ազգակիցներուն: Վարժարանը պիտի մնայ մասնաւոր կարդինալի մը հովանիին ներքեւ, իսկ ծախսերը պիտի հոգացուին ուղղակի կերպով պապական գանձարանէն:

Ընդհանուր այս սկզբունքը դնելէ յետոյ կոնդակը կ՚իջնէ մանրամասնութիւններու` թուելով առանձնաշնորհութիւնները վարժարանի տեսուչին, ուսուցիչներուն, ստորակարգեալ պաշտօնեաներուն եւ ուսումնական ծրագրին [1]:

Տարի մը չանցած` Գրիգոր ԺԳ-ի կոնդակը կը հասնի Սիս, Ազարիա կաթողիկոսի, որ 10 Ապրիլ, 1585-ին կը գրէ պապին. «Յառաջմանէ ի Սիս եւ այժմ ի Հալապ կացաք, իմացաք եւ գիտացաք զգթութիւնն, զմտածութիւնն եւ զշտապն առանձնական, որ քո սրբութիւնդ ունի ի մեզ` քո որդւոցդ հայոց, աւելի քան զայն ընդհանրական, որ ունի զայն քրիստոնեայք, քանզի ի Հռոմ տուեալ ես քո երանութիւնդ մեր ազգին եկեղեցի եւ օթարան եւ բազում ողորմութիւն, եւ յետոյ մէկ դասատուն մի վասն ուսուցանելոյ տղայոց հայոց, եւ տվեր շինել նոր պասմագիր գեղեցիկ ի հայոց լեզու... Կու ղրկենք այս գրովս զասացեալ Յովհաննէս վարդապետն եւ եպիսկոպոսդ մեզ փոխանորդ, եւս առաւել կու ուղարկեմք ի հետն զասացեալ Գրիգոր սարկաւագն քանի մի տղայով վասն ուսման ի դասատունն եւ Աստուածաշունչ գրովք... » [2]:

Անծանօթ կը մնայ, թէ ի՞նչ պատճառի համար Գրիգոր ԺԳ-ի կոնդակը չէ գործադրուած, եւ որով չենք ունեցած առանձին վարժարան Հռոմի մէջ: Գիտենք սակայն, թէ հայոց Սուրբ Մարիամ Եգիպտացւոց եկեղեցւոյ եւ հայոց հիւրանոցին կից բացուած է փոքրիկ վարժարան մը, որու կ՚ակնարկէ Սիմէոն Լեհացին, որ 1611-ին անցնելով Հռոմէն` տեսած է, թէ պապը «ժողովել է իւր քաղաքն ի Հռոմ ՀԲ [72] ազգ, եւ ունին ամենայն ազգն եկեղեցի, սբիդալ, դպրատուն, կերակուր, անկողին, տօշակ: Նոյնպէս հայք եւ ունին ժամ, սբիդալ, դպրատուն, բայց տղայք չկան, միայն երկու տղայ կայր, զի հայք սակաւ են» [3]: Սիմէոն Լեհացին, տեսնելով Հռոմի համալսարանին վեց հազար աշակերտութիւնը, կը գրէ սրտի ցաւով. «Իսկ ազգս մեր բնաւ չունի փոյթ եւ սէր ուսման եւ ոչ որդիքն, թէպէտ եւ տան զորդիս` ի փոքրկութեան տան` մինչ բանի գործի չէ. եւ երբ ի չափ հասակի լինի, առնուն զնա` ասելով, թէ` այս բաւական է, թող գայ տուն. եւ տուեալ անկատար զտղայն` մնայ այնպէս ախմար» [4]: Անկարելի չէ, որ Սիմէոնի յիշած երկու հայ ուսանողները յաճախէին հասարակաց վարժարան մը եւ ոչ թէ միասին կազմէին աշակերտութիւնը առանձին վարժարանի մը:

Մինչ Հռոմի մէջ այս վիճակին մէջ էր կացութիւնը, կը հաստատուի Հաւատոյ Տարածման Ժողովը (այսուհետեւ` ՀՍ), 1622-ին, որ կը սկսի մասնաւոր եւ ուղղակի կերպով զբաղիլ արեւելեան ազգերով, որոնց մէջ հայերը: Եւ որովհետեւ զանազան հարցերու կողքին կար նաեւ հայոց համար առանձին վարժարան մը հիմնելու գաղափարը, կը մտածուի առժամապէս վարժարանը բանալ Նախիջեւանի մէջ, որովհետեւ արտաքին պարագաները այդ պահանջը կը ներկայացնէին:

ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Ուզելով անցնիլ ուղղակի մեր նիւթին, առանց ծանրանալու ունիթոռներու պատմութեան` ըսենք, թէ Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսը` ֆրա Մատթէոս Էրազմոս, 12 Մայիս, 1622-ին կը գրէ Գրիգոր ԺԵ պապին, թէ ծերութեան եւ տկարութեան պատճառով անկարող է ճամբորդելու, ուստի Հռոմ կը ղրկէ իր ներկայացուցիչը` յանձին ֆրա 0գոստինոս Բաջենցի` խնդրելով դրամական օգնութիւն եւ միւռոն, ինչպէս նաեւ առաքելական օրհնութիւն, որովհետեւ շրջապատուած անհաւատներէ` անչափ կը տառապի կաթողիկէ բոլոր հաւատացեալներուն հետ [5]:

ՀՍ-ի քարտուղարութիւնը կը պատրաստէ պատասխան նամակը, որու սեւագիր օրինակէն կ՚իմանանք Սուրբ Ժողովի կարգադրութիւնները, այն է` թէ ֆրա 0գոստինոս Բաջենց պիտի դառնայ Նախիջեւան չորս ընկերներով, ուսուցանելու համար այդ կողմի մանուկներուն եւ կաթողիկէ երիտասարդներուն` Աստուծոյ երկիւղին եւ գրագիտութեան ուսումով. կը տրուի հրահանգ` բանալու հոն վարժարան մը, որու ուսուցիչներուն համար կը սահմանուի տարուէ տարի 400 սկուդ. իսկ եպիսկոպոսին հրաւէր կը կարդացուի, որ անձամբ երթայ Հռոմ` հնգամեայ սովորական այցելութիւնը կատարելու համար [6]:

Նոյն տարւոյն (1622) Նոյեմբեր ամսուն ֆրա Օգոստինոս «հայ ֆրանք» ՀՍ-ի Ժողովին կը ներկայացնէ երկու աղերսագիր. առաջինով կ՚իմացնէ, թէ ղրկուած է Հռոմ իր արքեպիսկոպոսէն` անոր յարգանքները մատուցանելու պապին, եւ թէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ եղած պատերազմներու պատճառով կորսնցուցած են 57 վանքեր եւ այժմ կը փափաքին վերաշինել անոնցմէ գոնէ գլխաւորները. «եւ հաստատել վարժարան մը, ուր կարելի ըլլայ սորվեցնել կրօնաւորներուն եւ կաթողիկէ հայ աշակերտներուն, որպէսզի այդ տարրերով կարենան տարածել սուրբ հաւատքը` ազատելով հերետիկոսներէ եւ հերձուածողներէ գրաւուած վանքերը»: Այս նպատակին համար կը խնդրուի դրամական օգնութիւն:

Երկրորդ աղերսագրով նկատել կու տայ Սուրբ Ժողովին, թէ Մատթէոս արքեպիսկոպոս, ծերացած ըլլալով, պէտք ունի օգնականի հովուելու հօտը, ուր կան բազմաթիւ եղծումներ [7] ` լռելեայն հասկցնելով իր ներքին տրամադրութիւնը` վարելու այդ պաշտօնը:

Հայոց համար վարժարան մը հիմնելու գաղափարը վաղուց կը շրջէր Հռոմի մէջ. երբ ֆրա Օգոստինոս եւս կու տայ վերոյիշեալ աղերսագիրը` առաջարկելով Նախիջեւանի մէջ վարժարան հիմնելու ծրագիրը, պատճառ կ՚ըլլայ որ ՀՍ-ի Ժողովը հարցը լրջօրէն քննէ 5 Նոյեմբեր եւ 6 Դեկտեմբեր, 1622-ի նիստերուն [8], որոնց եզրակացութիւնը կը գտնենք 24 Յունուար, 1623-ի նիստի արձանագրութեան մէջ: Հոն կ՚որոշուի Նախիջեւանի մէջ բանալ վարժարան-կղերանոց մը 30 աշակերտի համար` 300 սկուդ տարեկան թոշակով, որու 150 սկուդը տրուի Հռոմի մէջ բացուելիք վարժարանի եկամուտէն, իսկ երկրորդ 150 սկուդը Սուրբ Ժողովի գանձանակէն: Կ՚որոշուի չորս իտալացի դոմինիկեան միաբաններ ղրկել` Նախիջեւանի վարժարանի իբր ուսուցիչ, այսինքն` Fra Angelo Santinello, տեղապահ Պոլսոյ դոմինիկեաններու վանքին, Fra Gregorio Orsino, Fra Francesco Donato, երկուքն ալ Հռոմէն, եւ Don Bartolomeo Bargaro (այլուր` Abagaro), «որ հոգն ունի Հռոմի հայոց վարժարանին»: Սա վերջինս, դոմինիկեան չըլլալով, Նախիջեւանի մէջ պէտք էր ստանալ նոյն կարգի զգեստը եւ անդամակցիլ անոր կրօնաւորական ուխտերով: Չորս ճամբորդներուն համար իբր ճանապարհի ծախս կը սահմանուի որոշ գումար մը ու կը տրուին ուղղութիւններ, թէ ինչ կերպով անոնք պիտի խօսէին Սուրբ Էջմիածնի Մելքիսեդ կաթողիկոսին հետ Եկեղեցիներու միութեան մասին [9]:

Դոմինիկեան վարժապետ կրօնաւորները ճամբայ ելլելէ առաջ ՀՍ-ի Ժողովէն կը խնդրեն յանձնարարական նամակներ` ուղղուած Նափոլիի եւ Սիկիլիոյ փոխարքաներուն, Պոլսոյ ֆրանսական եւ վենետիկեան դեսպաններուն, «ինչպէս նաեւ ջերմ յանձնարարական մը Մելքիսեդ կաթողիկոսին» [10]:

Մելքիսեդ կաթողիկոսին ուղղուած 2 Փետրուար, 1623 թուակիր նամակով Սուրբ Ժողովը կը յայտնէ ցաւ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն համար անհաւատներու լուծէն, ցոյց կու տայ պատրաստակամութիւն` օգնելու թէ' կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ թէ' անոնց, որոնք չեն ճանչնար Հռոմի Աթոռին գերակայութիւնը քարոզիչներու սակաւութեան պատճառով: Ապա կը հրաւիրէ կաթողիկոսը` հաստատելու ամբողջական հաղորդակցութիւն Հռոմի Աթոռին հետ, որպէսզի սա իր կարգին միջամտէ հայ ժողովուրդին հոգեւոր բարիքին ի նպաստ. բայց «այս նիւթերուն մասին Ձեր հայրութիւնը կրնայ խօսիլ դոմինիկեան հայրերուն հետ, որոնք ուղղուած են Նախիջեւան եւ այս նամակը անձամբ կը բերեն Ձեզի» [11]:

Նախիջեւանի վարժարանին բացումին սահմանուած դրամագլուխին համար Սուրբ Ժողովէն կը տրուին հարկաւոր հրահանգները: Ունինք նամակ մը, 9 Մարտ, 1623 թուակիր, գրուած Վենետիկի առաքելական նուիրակէն ՀՍ-ի Ինկոլի քարտուղարին, թէ Սուրբ Ժողովի պատուէրին վրայ Պոլսոյ վենետիկեան դեսպանին փոխանցուած է 590 սկուդ եւ գրուած է նոյն դեսպանին, թէ պահէ գումարը, մինչեւ Հռոմէն Պոլիս ժամանէ դոմինիկեան ֆրա Գրիգոր Օրսինոյ, «որու պէտք է յանձնէ [գումարը] ի ծառայութիւն վարժարանին, որ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ» [12]:

Դոմինիկեան իտալացի երեք կրօնաւորները, ֆրա Օգոստինոսի ընկերակցութեամբ, 23 Յունուար, 1623-ին կը մեկնին Հռոմէն: Պոլսոյ մէջ իրենց պիտի միանար Fra Angelo Santinello, որ խումբին Պոլիս հասնելէն առաջ մեկնած էր Հռոմ: 19 Ապրիլ, 1623-ին կը հասնին Պելկրատ, ուր Fra Francesco Donato, ծանր կերպով հիւանդանալով, կը դառնայ Հռոմ: Ճամբու ընթացքին Ղարաքիլիսէի մօտ մեր ուղեւորները կ՚ենթարկուին թուրքերու յարձակումին, եւ ֆրա Նիկողայոս հայազգին (հաւանաբար Պոլիսէն միացած խումբին) անդամ-անդամ կը յօշոտուի թուրքերէն, իսկ Օրսինոյէ կը կողոպտուի Նախիջեւան բացուելիք վարժարանին դրամագլուխը: Ֆրա Բարթուղիմէոս հայազգին Թոխաթ` իր ծննդավայրը հասնելուն ծանր կերպով կը հիւանդանայ եւ խումբին մեկնելէն յետոյ կը մեռնի իր ազգականներուն մօտ: Գործնականին մէջ Նախիջեւան կը հասնին ֆրա Օգոստինոս Բաջենց եւ ֆրա Օրսինոյ, որ կրած յարձակումին հետեւանքով կը կորսնցնէ ձախ բազուկին գործածութիւնը [13]:

ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Ծերունի Մատթէոս արքեպիսկոպոս, 67ամեայ, 26 Յունուար, 1624-ին հետեւեալ կերպով կը ստորագրէ պապին ուղղուած լատիներէն լեզուով նամակին` «Իօ ֆրայ Մաթօէօ Էրազիմոյ առջայվիսկօպօ դէ Նախչվան Էրմանի Մօսօր», ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ պապէն ստացած նամակին, որու չէր կրցած անմիջական պատասխանել պատերազմներու պատճառով, եւ երկրորդ` թէ Նախիջեւան հասած են ֆրա Օգոստինոս եւ ֆրա Օրսինոյ [14]:

Օրսինոյ Նախիջեւան հասնելուն, հակառակ որ զրկուած էր ձախ բազուկին գործածութենէն, 16 Հոկտեմբեր, 1623-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ Ապարաների մէջ սկսած է «վարժարանը կամ կղերանոցը» 15 երիտասարդներով, եւ թէ կը յուսայ անոնց թիւը հասցնել 30-ի, բաւական է Սուրբ Ժողովը տրամադիր ըլլայ օգնելու նիւթականով: Օրսինոյ կը խոստովանի, թէ գտած է կաթողիկէ խանդավառ եւ ջերմեռանդ երիտասարդութիւն մը` ծարաւի ուսման: Նորաբաց վարժարանին մէջ, բացի Օրսինոյէ, կը դասաւանդէ նաեւ ֆրա Օգոստինոս Բաջենց` սորվեցնելով հայերէն լեզուն [15]:

Ֆրա Օրսինոյ ոչ իսկ տարի մը կը մնայ Ապարաներ: Մատթէոս արքեպիսկոպոս 29 Ապրիլ, 1624-ին կ՚իմացնէ պապին, թէ Օրսինոյ մեկնած է դէպի Իտալիա [16]: 9 Սեպտեմբեր, 1624-ին Օրսինոյ հասած է Սպահան, ուրկէ կը գրէ Հռոմ դոմինիկեան ընդհանրական մեծաւորին` տեղեկացնելով, թէ ուղղուած է Իտալիա բազուկին բժշկութեան համար, քանի անկարող դարձած է պատարագելու եւ գործելու, եւ թէ կ՚ուզէ անձամբ երթալ Հռոմ` տալու տեղեկութիւն Հայաստանի առաքելութեան մասին, ուր կարելի է ընել անբաւ բարիք, յատկապէս` վարժարանին մէջ, եւ թէ պէտք է Հռոմէն հոն ղրկուին ուրիշ չորս միաբաններ` գործելու, եւ եթէ սկսուած գործին չտրուի պէտք եղած զարկը, ապագային կրնայ ուշ ըլլալ [17]: Ֆրա Օրսինոյ, որ իր նամակներուն կը ստորագրէ` “Vicario Generale dell'Ordine dei Predicatori per l'Armenia”, 16 Սեպտեմբերին (1624) Սպահանէն կը գրէ Պոլսոյ վենետիկեան հիւպատոսին` Giorgio Giusti-ի, թէ Նախիջեւանէն հասած է Սպահան կարմեղականներու վանքին մէջ դարմանուելու նպատակով, ու հակառակ տարուած խնամքին` ձախ բազուկը կը մնայ անզգայ. ուստի կը խնդրէ, որ հաճի Հռոմէն ստանալ իր անձին համար սահմանուած թոշակը եւ հասցնել Հալէպի ճամբով, որպէսզի կարենայ ճամբորդել դէպի Հռոմ [18]:

Շուրջ տարի մը յետոյ է, որ ֆրա Օրսինոյ կը շարունակէ ճամբան` անցնելով Հալէպ, Կիպրոս, Մալթա, ուր կը հասնի 28 Հոկտեմբեր, 1625-ին ու 17 Նոյեմբերին կ՚իմացնէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ ծրագիր կը մշակէ Հռոմ հասնելէ առաջ Նափոլիի մէջ տպել տալ իր գրած տեղեկատուութիւնը Հայաստանի մէջ կատարած առաքելութեան մասին ու առ այդ` կը խնդրէ յանձնարարական նամակներ ու դրամ [19]: Ֆրա Օրսինոյ Հռոմ դառնալուն, ՀՍ-ի Ժողովէն կը ստանայ հաստատուն թոշակ չծանրանալու համար իր միաբանութեան:

Օրսինոյի Ապարաներէն հեռանալէն յետոյ նորաբաց կղերանոց ու վարժարանին հոգը կը մնայ ֆրա Օգոստինոս Բաջենցի վրայ, որ 16 Օգոստոս, 1624-ին կը գրէ Սուրբ Ժողովին` շնորհակալութիւն յայտնելով Նախիջեւան ղրկուած միսիոնարներուն համար, որոնց շնորհիւ բացուած է կղերանոցը եւ պտղաբեր կերպով կը յառաջանար, առ այս կը խնդրէ տարեկան 400 սկուդի օգնութիւնը: Լատիներէն լեզուով գրուած նամակին ստորագրած է. «Ես` ֆրա Աւգոստինոս, մեծաւոր Ամենայն Սրբոց դրանն վերայ գրելուս, ծառայ եմ եւ հաստատեմ. եւս աւելի ամենեքեան կարգաւորքս, որ կան ի Հայաստան, նոցա անուանօքն գրեցի, եւ հնազանդ են ամենեքեան վերոյ գրելուս, եւ ճշմարտութեան բանիս այս եդաք կարգիս կնիքն» [20]:

Տարի մը յետոյ, 11 Հոկտեմբեր, 1625-ին, Բաջենց կրկին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին ըսելու համար, թէ բացուած վարժարանը կը շարունակէ 15 ուսանողներով, որոնցմէ ոմանք կիսասարկաւագներ են, եւ թէ վարժարանի հոգը մնացած է իր եւ ուրիշ միաբանակիցի մը ուսերուն. կը խնդրէ, որ վարժարանին համար ղրկուի 400 սկուդ տարեկան թոշակ` կա'մ Պոլսոյ եւ կա'մ Հալէպի վենետիկեան դեսպանին ձեռքով [21]:

ՀՍ-ի 23 Յունուար, 1626-ի նիստին կը զեկուցուի Նախիջեւանի Մատթէոս արքեպիսկոպոսի նամակը, ուր կը խնդրէ Սուրբ Ժողովէն չորս նոր օգնական դոմինիկեաններ, որոնք քաջատեղեակ ըլլան աստուածաբանական ուսումներու սորվեցնելու համար վարժարանին մէջ, միաժամանակ 300 սկուդ: Ժողովը որոշում առնելէ առաջ կը սպասէ ֆրա Օրսինոյի, որ հասած էր Նափոլի քաղելու համար ծանօթութիւններ [22]: Օրսինոյ Մալթա հասնելուն, 17 Նոյեմբեր, 1625-ին իր տեսակէտը գրաւոր ղրկած էր Սուրբ Ժողովին, թէ փոխանակ 30 աշակերտի, ինչպէս որոշուած էր Սուրբ Ժողովի 10 Յունուար, 1623-ի վճիռով, միայն 15 աշակերտով սկսած էր գործը, որովհետեւ վարժարանի համար սահմանուած գումարը մեծ մասով կողոպտուած էր թուրքերէն, ու մնացած հարիւր սկուդը հազիւ բաւած էր 15 աշակերտի [23]:

Օրսինոյ Հռոմ հասնելուն, յուշագիր մը կը յանձնէ պապին Նախիջեւանի առաքելավայրին մասին` խղճի պարտք համարելով ըսելը, թէ Հայաստանի 7000 հայ կաթողիկէներ` բոլորն ալ ընտիր հաւատացեալներ, կարօտ են օգնութեան. ու կը թելադրէ հոն ղրկել վեց պատրաստուած քահանայ քարոզիչներ, որպէսզի վերածաղկի ոչ միայն առաքելավայրը, այլ յատկապէս` վարժարանը, որ շուրջ երեք տարուան կեանք ունէր [24]:

Նախիջեւանի մասին գրաւոր տեղեկութիւններն ու Օրսինոյի տուած ծանօթութիւնները կը քննուին ՀՍ-ի 30 յունիս, 1626-ի նիստին ու կ՚որոշուի փութով Նախիջեւան ղրկել վեց նոր քարոզիչներ, ինչպէս նաեւ 300 սկուդ եւ թէ Մատթէոս արքեպիսկոպոսի կը սահմանուի օգնական եպիսկոպոս մը` յանձին Fra Paolo-Maria Cittadino-ի [25]:

Հոս պահ մը կ՚ընդհատենք Նախիջեւանի վարժարան-կղերանոցի մասին մեր ծանօթութիւնները` տեսնելու, թէ Սուրբ Ժողովը ի՞նչ կը մտածէր հայոց վարժարանին մասին:

ՖՐԱ ՊՕՂՈՍ-ՄԱՐԻԱՄ ՉԻՏՏԱԴԻՆՈՅ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Նախիջեւանի հայ դոմինիկեանները, 1583 թուականէն սկսեալ, կախումնաւոր էին Հռոմի դոմինիկեան ընդհանրական մայր տունէն, եւ 1622-էն սկսեալ` ՀՍ-ի Ժողովն է, որ ուղղակի կերպով կը զբաղի այդ առաքելավայրով:

3 Օգոստոս, 1614-ին Հռոմէն Նախիջեւանի առաքելութեան կը ղրկուի իտալացի դոմինիկեան ֆրա Պօղոս-Մարիամ Չիտտադինոյ, որ հայ դոմինիկեաններուն համար կը բանայ փոքրիկ վարժարան մը նախ Ջահուկի մէջ, եւ ապա նոյնը կը փոխադրուի Ապարաներ [26]: Նոյն այս առաքելութեան բարգաւաճումին համար Չիտտադինոյ 1618-ին կ՚ուղղուի Արեւելեան Հնդկաստանի Կօա քաղաքը հանգանակելու համար, ապա կը դառնայ Հռոմ ու դոմինիկեան կարգէն կ՚անցնի կարտուսեան խստակրօն կարգը: Այն շրջանին, երբ Նախիջեւանի Մատթէոս արքեպիսկոպոսը նամակով կ՚իմացնէ ՀՍ-ի Ժողովին իր ֆիզիքական անկարողութիւնը ճամբորդելու դէպի Հռոմ. ՀՍ-ի Ժողովը յարմար կը նկատէ Մատթէոս արքեպիսկոպոսի նշանակել օգնական մը: 1624-ին Ուրբանոս Ը պապին հրահանգով Չիտտադինոյ կը ստիպուի կրկին մտնել դոմինիկեան կարգը եւ ձեռնադրուիլ արքեպիսկոպոս` Միւրացւոյ (Myra) տիտղոսով, իբր օգնական Նախիջեւանի Մատթէոս արքեպիսկոպոսին` յաջորդութեան իրաւունքով:

Հայոց համար վարժարան մը բանալու ծրագիրը ՀՍ-ի Ժողովը կը շարունակէ մշակել, եւ Նախիջեւանի 1623-1624-ին բացուած վարժարանը պատահական եւ տեղւոյ մը անմիջական պահանջին լուծումն էր: Վերեւ տեսանք, որ ֆրա Օրսինոյ Նախիջեւանէն Հռոմ դարձին` տուաւ հարկաւոր ծանօթութիւններ նոյն առաքելավայրին մասին, եւ ՀՍ-ի Ժողովը անոր համաձայն առաւ որոշումներ: Նոյն հարցերը կը շարունակուին քննարկուիլ ՀՍ-ի յաջորդ նիստերուն, ու 30 Ապրիլ, 1624-ին կ՚որոշուի, որ Հնդկաստանի Կօա քաղաքին մէջ բացուի հայոց համար վարժարան մը, ուր յաճախեն շրջակայքը գտնուող հայ վաճառականներու որդիները:

Յիշեալ բացուելիք վարժարանի շինութեան եւ աշակերտներու ապրուստի ծախսին համար ՀՍ-ի Ժողովը կը մտածէ դիմել Սպանիոյ թագաւորին, որու մասին ամենեւին տարակոյս չունէր, թէ պիտի նպաստէր եւ օգնէր նման օգտակար եւ բարեպաշտ ձեռնարկի: Այս որոշումին հետ միասին ՀՍ-ի Ժողովը կը մտածէ հրահանգ տալ Հռոմի դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորին, որպէսզի Կօայի առաքելավայրէն Նախիջեւան փոխադրել տար զարգացած միաբաններ, «որպէսզի ուսուցանեն հայ եղբայրներուն, սորվեցնեն ժողովուրդին եւ դաստիարակեն երիտասարդութեանը» [27]: 31 Մայիս, 1624-ի նիստին կ՚որոշուի, որ Ուրբանոս Ը պապը յատուկ կոնդակով հաստատէ Չիտտադինոյի Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսին օգնական ըլլալը եւ յաջորդութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատուի Կօայի մէջ հայոց վարժարան մը բանալու ծրագիրը [28]:

Չիտտադինոյ նորընտիր եպիսկոպոսին կը յանձնուի պաշտօնը` ներկայանալու Սպանիոյ թագաւորին յաջողցնելու համար Կօայի մէջ բացուելիք վարժարանի հիմնադրամը: Ունինք Չիտտադինոյի խնդրագիրները` ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին, որմէ կը խնդրէ ունենալ գումար մը իր եպիսկոպոսական զգեստներուն համար, իր եւ ուղեկիցներուն դէպի Սպանիա կատարելիք ճամբորդութեան համար, ինչպէս նաեւ յանձնարարական նամակներ զանազան անձերու, այսինքն` Կօայի եւ Փիլիպպեան կղզիներու փոխարքաներուն եւ արքեպիսկոպոսներուն, Պարսկաստանի Շահին, Սպանիոյ առաքելական նուիրակին, Վրաստանի իշխաններուն եւ այլն [29]:

ՀՍ-ի Ժողովը, արդար գտնելով եղած խնդրանքը, կու տայ հարկաւոր վկայականները: Հոս կը դնենք ՀՍ-ի 19 Յուլիս, 1624 թուակիր նամակը` ուղղուած Սպանիոյ առաքելական նուիրակին դեռ աւելի պարզելու համար պատմութեան էջը:

«Նկատի առնելով այն պատճառները, որոնք մեր տէրը (իմա' Ուրբանոս Ը) իւր հրամանագրին մէջ, որուն պատճէնը ներփակ պիտի գտնէք` տուած ի Սուրբ Ժողովին Տարածման Հաւատոյ վասն իրաց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյն Հայաստանի` որոշեց Նորին սրբութիւնը Կօայի մէջ հայ մանուկներու կրթութեան համար դպրոց մը բանալ, որպէսզի կարենան անոնք պահել եւ պահպանել այն Եկեղեցին եւ նաեւ օգնել, որպէսզի սրբուին այն մերձակայ վայրերը, որոնք վարակուած են արեւելեան հերձուածէն եւ հերետիկոսութենէն: Միւս այլ վայրերէ աւելի այս քաղաքը յարմար գտաւ, որովհետեւ հայ վաճառականները, Արեւմտեան Հնդկաստանի հետ անդադար տուրեւառ ունենալով, շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ հայ մանկտին այս դպրատունը բերել, քան հոս ի Հռոմ, որ թէ' հեռու է եւ թէ' չունին այն ազգին հետ որեւէ վաճառականական կապ, թէեւ կայ հոս օթեւան մը դոյզն-ինչ կերպով հիւրասիրելու համար այն հայերը, որոնք երբեմն կու գան սուրբ տեղերը այցելելու համար:

Այս գործին հոգը յանձնուած է Միրայի գերապայծառ արքեպիսկոպոսին, որ Նորին երանութենէն ընտրուած է մէկ եւ միւս Հայաստանի արքեպիսկոպոսին առընթերակայ` ապագայ յաջորդութեան իրաւամբ: Ան այդ տեղ կու գայ Արեւելեան Հնդկաստանի ճամբով երթալու համար իւր գահանիստ վայրը: Պիտի գայ Ձեր սրբութեան, որպէսզի ներկայացնէք զինքը կաթողիկէ թագաւորին եւ միջնորդէք, որ Նորին վեհափառութենէն որեւէ նպաստ մը ստանայ. որովհետեւ այն գումարը, որ այն դպրոցին համար երբեմն-երբեմն պիտի մատակարարուի ասկէ, պիտի չկարենայ բաւական ըլլալ: Այս կէտի մէջ պէտք է Ձեր սրբութիւնը նպաստամատոյց ըլլայ յիշեալ գերապայծառին, այնպէս ինչպէս Դուք ի դէպ եւ պատշաճ կը համարիք. կարող էք գործածել նաեւ մեր Տեառն եւ Սուրբ Ժողովին անունը: Ապացուցէք Նորին վեհափառութեան, թէ որչափ հաճելի պիտի ըլլայ Աստուծոյ անոր այս առատաձեռնութիւնն եւ մեծանձնութիւնը այսպիսի կարեւոր գործի մը համար, որ կոչուած է փրկելու մեծաթիւ հայ ժողովուրդը, որ պէտք ունի օգնութեան. յիշեցուցէք դարձեալ Նորին վեհափառութեան այն փառքը, զոր պիտի գտնէ այս ազգին քով, որ թերեւս անօգուտ չըլլայ իր ժամանակին նաեւ Սպանիոյ թագին համար. եւ վերջապէս ըրէք այն ամէնը, ինչ որ յարմար թուի Ձեր խոհեմութեան եւ կարող է նպաստաւոր ըլլալ յիշեալ գերապայծառին» [30]:

Այս նամակին Սպանիոյ առաքելական նուիրակը կը պատասխանէ 30 Հոկտեմբեր, 1624 թուակիրով, թէ կարելին պիտի ընէ օգնելու համար Չիտտադինոյի` ներկայացնելով զինքը թագաւորին, ի նպաստ Կօայի մէջ հայոց բացուելիք վարժարանին [31]:

Ժամանակ շահելու համար Չիտտադինոյ ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Սպանիա` խնդրելով, որ գրուելիք պապական յանձնարարական նամակները ղրկուին Մատրիտի առաքելական նուիրակին, որպէսզի ինքը Սպանիոյ մէջ թագաւորին ներկայանալէ յետոյ շարունակէ ճամբան դէպի Հնդկաստան: 9 Օգոստոս, 1624-ին Չիտտադինոյ Ճենովա է, ուրկէ կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` յիշեցնելով, որ չուշացնեն յանձնարարական նամակները [32]:

Սեպտեմբեր ամսուն (1624) Չիտտադինոյ կը գտնուի Բարչելլոնա, ուր դոմինիկեան վանքի մեծաւորին հետ կը համաձայնի, որ նոյն վանքէն իրեն ուղեկից տրուի երկու սպանացի դոմինիկեաններ` Fra Tommaso Pasquale եւ Fra Vincenzo Ferreri: Ֆրա Թոմաս անձամբ կը դիմէ ՀՍ-ի Ժողովին 26 Հոկտեմբեր, 1624 թուակիր նամակով` խնդրելով հրաման եւ հեղինակութիւն` իր ընկերակիցով օգնելու Չիտտադինոյի [33]: Չիտտադինոյի 21 Սեպտեմբեր, 1624 թուակիրը կը զեկուցուի ՀՍ-ի 5 Նոյեմբեր, 1624-ի նիստին, ու ժողովականները համաձայն կը գտնուին եղած առաջարկին [34]:

Նոյեմբեր ամսուն (1624) Չիտտադինոյ Մատրիտէն կը գրէ չորս նամակ` 8, 13, 16, 28 թուակիր, որոնց բովանդակութիւնը հետեւեալն է. Չիտտադինոյ, ներկայանալով Սպանիոյ Փիլիպպոս Դ թագաւորին, կը գտնէ զինքը համաձայն, որ Կօայի մէջ իր նպաստով բացուի հայոց վարժարանը, եւ 12 դոմինիկեան միաբաններ իր հետ միասին մեկնին նուիրուելու համար այս առաքելութեան: Չիտտադինոյ թագաւորին կը ներկայացնէ երկու աղերսագիր` գրուած սպաներէն, որոնց օրինակները կը ղրկէ ՀՍ-ի Ժողովին [35], իսկ Olivarez կոմսին հետ կը խօսի բերանացի, միշտ հայոց համար բացուելիք վարժարանին եւ դէպի արեւելեան Հնդկաստան կատարելիք ճամբորդութեան մասին:

Չիտտադինոյի աղերսագիրները կը զեկուցուին խորհրդարան, ուր յատկապէս յիսուսեաններու կողմէ կը հանդիպի ընդդիմութեան, որոնք կ՚ակնարկեն, թէ Հնդկաստանի մէջ հայոց համար վարժարան բանալ կը նշանակէր հայոց հերետիկոսութիւնները տարածել այդ քաղաքին մէջ: Յիսուսեաններու ընդդիմութիւնը ծագած էր յատկապէս Չիտտադինոյի ներկայացուցած գրաւոր հաշուետուութենէն, որու համաձայն հայերը 330 տարիէ ի վեր եղած են կաթողիկէ եւ հնազանդ Հռոմի Աթոռին եւ հակառակ նիւթապէս հեռու մնալով Հռոմէն` թուրքերու եւ հերձուածողներու մէջ պահած են իրենց կաթողիկէ հաւատքը: Յիսուսեանները անհամաձայն էին այս կարծիքին: Չիտտադինոյ դեռ կը շարունակէ խնդրել ՀՍ-ի Ժողովէն իրեն խոստացուած յանձնարարական նամակներն ու դրամական օգնութիւնը, որովհետեւ մատնուած է աղքատութեան [36]:

ՀՍ-ի Ժողովը ամէն կերպով համաձայն էր Չիտտադինոյի եւ բացուելիք վարժարանին: 7 Յունուար, 1625-ին գրելով Fra Tommaso Pasquale-ի` հրաման կու տայ թէ' իրեն եւ թէ' Fra Vincenzo-ի, որ ուղեկից ըլլան Չիտտադինոյի դէպի Հնդկաստան` տալով նաեւ հեղինակութիւն` շարունակելու նոյն առաքելութիւնը, եթէ ճամբու ընթացքին որեւէ անհաճոյ դէպք պատահելու ըլլայ Չիտտադինոյի [37]: Ծրագիրը այնպէս էր, որ 12 դոմինիկեաններ ընկերանային Չիտտադինոյի, սակայն խօսարանը անհամաձայն կը գտնուի նաեւ այս առաջարկին: 12-էն մէկն էր յիշեալ Fra Tommaso Pasquale, որ այս ժխտական լուրը կ՚իմացնէ ՀՍ-ի` միշտ ցոյց տալով պատրաստակամութիւն հասնելու Չիտտադինոյ արքեպիսկոպոսին ետեւէն, եթէ իրեն մատակարարուելու ըլլար ճանապարհի ծախսը [38]: ՀՍ-ի Ժողովը կը միջամտէ ու կը գրէ Սպանիոյ առաքելական նուիրակին. «Որովհետեւ Սուրբ Ժողովս որոշած է, որ Չիտտադինոյ արքեպիսկոպոսի հետ Հայաստանի եւ Վրաստանի առաքելութեան համար մեկնին նաեւ Fra Tommaso Pasquale եւ Fra Vincenzo Ferrero di S. Catherina di Barcellona, կը յանձնարարենք, որ կարելիդ ընես ու ձեռք բերես անոնց ճանապարհի ծախսը արքունի գանձանակէն: Այս որոշումը առած ենք, որովհետեւ երկու տարի առաջ ֆրա Օրսինոյ Հայաստանի մէջ սկսաւ վարժարանը 15 աշակերտով եւ գտաւ մեծ յաջողութիւն եւ կ՚ուզէ, որ չորս միաբան ղրկուի հոն, քանի վարժարանի աշակերտութեան թիւը կրնայ հասնիլ քառասունի, ինչ որ օգտակար է մեր կաթողիկէ հաւատքին համար: Սուրբ Ժողովս տարեկան 300 սկուդ կը տրամադրէ այդ վարժարանին» [39]:

Մատրիտի առաքելական նուիրակի 8 Փետրուար, 1625 թուակիր նամակէն գիտենք, որ Չիտտադինոյ աճապարանքով անցած է Լիզպոն, առանց սպասելու վերջնական պատասխանի մը` նկատմամբ իր խնդրագիրներուն, իսկ նուիրակը դիտել կու տայ, թէ նման ձեռնարկներ այդ երկրին մէջ կը կարօտին երկար համբերութեան [40]:

ՀՍ-ի Ժողովը վերջապէս պատրաստած էր Չիտտադինոյի խնդրած յանձնարարական գիրերն ու վճիռները [41] եւ ղրկած նուիրակին, որ 17 Մարտ, 1625 թուակիրով կ՚իմացնէ ստացած ըլլալը` խոստանալով հասցնել Չիտտադինոյի ձեռքը, որ Սիվիլիայէն անցած էր Սանլուկար` յոյսով նաւարկելու դէպի Հնդկաստան [42]:

Չիտտադինոյ 1625-ի Ապրիլին կը գտնենք Քատիչէ, ուրկէ կը գրէ երկու նամակ 24 եւ 28 թուակիր` ուղղուած Ուրբանոս Ը պապին եւ ՀՍ-ի Ժողովին, իմացնելով, թէ Ապրիլ 30-ին պիտի մեկնի Հնդկաստան` խոստանալով կարելին ընել իրեն յանձնուած գործը իրագործելու համար [43]: Իսկ Fra Tommaso Pasquale, որ պիտի ընկերանար Չիտտադինոյի, 22 Օգոստոս, 1625-ին Բարչելլոնայէն կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` արդարացնելով ինքզինքը ու իր ընկերը, թէ չեն կրցած երթալ Հայաստան հայերէն լեզուին անտեղեակ ըլլալուն համար ու կ՚առաջարկեն յատուկ վանք մը հաստատել, ուր կարելի ըլլայ պատրաստուիլ առաքելական կեանքի` սորվելով արեւելեան լեզուներ: Իր այս նամակը Հռոմ կը տանի Padre Desiderio da Ragusi` նոյնը բերանացի կերպով առաջարկելու Սուրբ Ժողովին [44]:

Չիտտադինոյ չի յաջողիր բանալ հայոց վարժարանը. գիտենք, որ 1629-ի Ապրիլ ամսուն վերջին օրը Սպանիայէն մեկնած է Հնդկաստան եւ 10 Դեկտեմբեր, 1629-ին` վախճանած: ՀՍ-ի 26 Փետրուար, 1630-ի նիստին կը զեկուցուի Չիտտադինոյի 15 Ապրիլ, 1626 թուակիր նամակը (որու մենք չհանդիպեցանք ՀՍ-ի դիւանին մէջ), ուր խորհուրդ կու տայ, որ հայոց համար վարժարանը չբացուի Կօայի մէջ զանազան դժուարութիւններու համար, այլ նոյնը կանգնի Հռոմ [45]:

Այս օտար եպիսկոպոսին հայոց համար ըրած զոհողութիւններն ու նուիրումը արժանի է արդարեւ սքանչացումի: Բայց թէ ինչ վախճան կ՚ունենայ իր ձեռքով հաւաքուած գումարը, պիտի տեսնենք ստորեւ:

ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԵՒ ՊԱՐՍԿԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Կօայի մէջ հայոց համար վարժարան մը բանալու ծրագիրը կը սկսի Չիտտադինոյ արքեպիսկոպոսով ու կը վերջանայ իր մահով: Մինչ այս, սակայն, Հռոմի մէջ սկսած էր նոր խմորում եւ նոր գաղափարներու մշակում, որու խայծը տրուած էր պարսկահայերէն:

ՀՍ-ի 9 Հոկտեմբեր, 1627-ի նիստին նիւթ կ՚ըլլայ Հռոմի մէջ բացուելիք հայոց վարժարանը: Նոյն օրուան արձանագրութիւնը կ՚ըսէ. «Տոռինելլօ ներկայացուց հայոց համար վարժարան մը (executionem Collegii armenorum) իրագործելու վերաբերեալ գրութիւնները եւ հայոց հիւրանոցի կանոնագիրքը, Գրիգոր ԺԳ-ի նոյն վարժարանի կառուցման կոնդակը, որ մեռնելէ հինգ ամիս առաջ հրատարակած է որոշ եկամուտով, որու քանակը թէեւ չէ բացայայտուած, սակայն բաւարար կրնայ ըլլալ Առաքելական աթոռէն սահմանուածը. եւ ի վերջոյ Սուրբ Ժողովի 1623 տարւոյն հրամանագիրը, որով նոյն ազգին համար Հայաստանի մէջ բացուելիք դպրանոցին ի նպաստ տարեկան 150 սկուդ կը նշանակէր: Մեծապայծառ հարք յանձնեցին յիշեալ վերապատուելի տեղեկատուին, որ հայոց հիւրանոցին եւ անոնց Եկեղեցւոյն եւ հիւրանոցին վերաբերեալ տուները այցելէ եւ անոնց մտից եւ ելից մասին հաւաստի տեղեկութիւններ հաւաքէ. եւ ապա մեծապատիւ տեառն Բուրգեզիօ կարդինալին` հայոց պաշտպանին, յայտնէ Սուրբ Ժողովին դիտաւորութիւնն եւ բաղձանքը եւ հարցնէ, թէ հիւրանոցին եւ անոր պաշտօնեաներու համար եղած ծախքէն դուրս կ՚աւելնա՞յ գումար մը, զոր հնար ըլլայ այն հայ պատանիներու համար գործածել, որոնք կաթողիկէ հաւատքի, լատին լեզուի եւ ուսմանց մէջ կը կրթուին. որովհետեւ Սուրբ Ժողովը, գիտակից իր պարտականութեան, կը խորհի գէթ այժմ բանալ քանի մը հայ պատանիներու համար փոքր դպրանոցի մը սահմանի մէջ տուն մը, մինչեւ որ Աստուծոյ օգնութեամբ աւելի լայն չափով միջոցներ գոյանան ամբողջական եւ կատարեալ վարժարան մը շինելու համար» [46]:

Նոյն այս օրերուն ՀՍ-ի 5 Նոյեմբեր, 1627-ի նիստին կ՚ակնարկուի 9 Հոկտեմբեր, 1627-ի նիստին առնուած որոշումին եւ յետ լսելու Ուրբանոս Ը պապին կամքը եւ ժողովականներու տեսակէտը կը վճռուի կարդինալ Բուրկէզիոյի առաջնորդութեամբ «շինել գոնէ քանի մը հայ երիտասարդի համար հասարակաց բնակարան մը (convictus), մինչեւ որ կառուցուի կատարեալ վարժարանը Նախիջեւանի մէջ հայոց հիւրանոցի եկամուտով ապրեցնելու համար» [47]:

Զարմանալի զուգադիպութեամբ Հալէպի կարմեղականներէն Luigi Ramero կը գրէ Սուրբ Ժողովին, թէ ազատած է տասը տարեկան հայ մը թուրքերու ձեռքէն, որոնք կ՚ուզէին թրքացնել մանուկը, ու լաւ յատկութիւններով օժտուած ըլլալուն համար կը մտածէ ղրկել Հռոմ, որպէսզի զարգանայ եւ ապագային ըլլայ օգտակար եկեղեցւոյն: Նոյն այս նամակին կից կայ ՀՍ-ի քարտուղարութեան պատասխան նամակին սեւագիր օրինակը, որ հրահանգ կու տայ չղրկել մանուկը Հռոմ, «... որովհետեւ այժմ հետամուտ ենք բանալու հայոց համար վարժարան մը, եւ երբ պատրաստ ըլլայ, կը գրենք քեզի» [48]:

Մինչ այս Հռոմ կը գտնենք Յովհաննէս Մկրտիչ անունով ուսանող մը, որ ՀՍ-ի Ժողովէն կը խնդրէ դրամական նպաստ, եւ ՀՍ-ի Ժողովը կ՚ընդունի առաջարկը, «մինչեւ որ հաստատուի հայոց համար վարժարանը» [49]: 22 Փետրուար, 1628-ի նիստին կը սահմանուի Յովհաննէս Մկրտչի տալ ամսական 5 սկուդ [50]:

Քանի մը ամիսներու ընթացքին միշտ աւելի կը հասուննայ վարժարանը հիմնելու ծրագիրը: ՀՍ-ի 4 Փետրուար, 1628-ի նիստին կը յայտնէ կարդինալ Ուբալդինոյ, թէ հայոց դպրանոցի բացման համար կարելի պիտի ըլլայ հիւրանոցի եկամուտէն 150 սկուդ ստանալ. 150 սկուդ ալ պիտի տրամադրէ Սուրբ Ժողովը այն գումարէն, որ Նախիջեւանի դպրոցին յատկացուած էր: Ասոր վրայ կ՚որոշուի, որ նոր բացուելիք դպրոցին մէջ այնքան աշակերտ միայն ընդունուի, որքան կարելի է հոգալ 300 սկուդով [51]:

Հայոց վարժարանի խնդիրները հասած էին այս կէտին, երբ կը սկսի նոր հանգրուան մը, այն է` պարսկահայոց կողմէ եղած առաջարկը:

ԺԷ  դարու առաջին քառորդին լատին միսիոնարներ, յատկապէս` կարմեղականներ, ջերմ յարաբերութիւն կը մշակեն Սպահանի եւ Ջուղայի հայոց հետ, որոնց պտուղն է Մովսէս Գ կաթողիկոսի առ Ուրբանոս Ը 17 Օգոստոս, 1626 թուակիր նամակը, ուր միսիոնարներուն համար կը գրէ. «Զի որպէս մեք աստ զսիրելի եղբարքն մեր` զպատրիքն  ձեր սիրեմք իբրեւ զհարազատ եղբայր մեր եւ զնոյն սէր հայցեմք ի ձէնջ... » [52]: Մովսէս այս նամակին ստորագրած է կաթողիկոսական աթոռ բարձրանալէ առաջ` իբր «Մովսէս արքեպիսկոպոս Հայոց Մեծաց եւ Փոքր Սիւնեաց», որու հետ ստորագրած են «եւ Խաչատուր եպիսկոպոս (իմա' Կեսարացին)` համախոհ սմին, եւ Առիստակէս վարդապետ, հանդերձ աշակերտաւք մերովք եւ ամենայն միեղէն եղբարքս»: Այս նամակը Հռոմի մէջ քննարկուած է, ու դաւանաբանական հարցերու մասին նկատողութիւններ կատարուելէ յետոյ արձանագրութեան մը մէջ մեր նիւթին մասին կը գտնենք հետեւեալ տողերը. «Այսքան բազմաթիւ ազգի համար, որոնք շատ դիւրաւ կարելի է շահիլ, ինչպէս ցոյց կու տայ Պարսկաստանի մէջ կարմեղականներու կատարած ներկայ փորձառութիւնը եւ Թաթարիոյ մէջ` դոմինիկեաններունը, եւ ինչ որ տեսնուեցաւ Պոլսոյ Յովհաննէս պատրիարքի (իմա' Խուլ) մօտ կատարուած այցելութենէն. ուստի պէտք է ամէն կերպով հիմնել Հռոմի մէջ հայոց վարժարանը: Սա կարելի է իրագործել քիչ ծախսով, որովհետեւ (հայերը Հռոմի մէջ) ունին արդէն տուներ եւ եկեղեցի, 300 սկուդ իբր եկամուտ, որ կը ծախսուի քանի մը հայու համար, որոնք ուխտաւորի անունով կը ներկայանան եւ են սակաւաթիւ» [53]:

1629-ին Նոր Ջուղայի կարմեղական միսիոնար Հայր Յովհաննէս Թադէոս (Padre Giovanni Taddeo) Պարսկաստանէն կ՚ուղղուի Հռոմ առաքելական նպատակներով: Նոյն տարւոյն Սեպտեմբեր ամսուն կը հասնի Նափոլի եւ հուսկ նոյն ամսուն 16-ին` Հռոմ: 24 Հոկտեմբերին (1629) կը ներկայանայ Ուրբանոս Ը պապին, որ կը գտնուէր Castelgandolfo ամարանոցը, եւ յետ բերանացի ներկայացնելու Պարսկաստանի առաքելութիւնը, նոյնը կը յանձնէ նաեւ գրաւոր: Տուած տեղեկութիւնը շատ ընդարձակ է եւ պատմական տեսակէտով շատ արժէքաւոր, որովհետեւ նախ կը ներկայացնէ Ջուղայի տեղահանութիւնը, Շահ Աբբասի` ջուղայեցիներու ուղղուած նամակին իտալերէն թարգմանութիւնը, Էջմիածնի տաճարէն քարեր բերելու եւ նոր տաճար կանգնելու մասին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ եւ հուսկ առանձին հատուած մը, որու վերնագիրն է. «Յանձնարարութիւններ` կատարուած Պարսկաստանի հայոց կողմէ Հայր Յովհաննէս Թադէոսի, իրենց կողմէ խօսելու համար Նորին սրբութեան հետ»:

Առաջարկուած չորս կէտերէն առաջինով կը խնդրեն լատին առաջնորդ մը, որ իրենց սորվեցնէ կաթողիկէ վարդապետութիւն, պաշտպանելու համար զիրենք Շահին դիմաց. երկրորդ` թէ պատրաստ են սրբագրելու իրենց վարդապետական սխալները, երբ կատարուի հարկաւոր ուսուցումը. երրորդ` կը խնդրեն, որ տպագրուին սրբազան գրքեր, յատկապէս` Աստուածաշունչը. իսկ  չորրորդ` «նոյն ազգը կը փափաքի, որ Հռոմի մէջ բացուի վարժարան մը իրենց որդիներուն համար, որպէսզի սորվին քրիստոնէական վարդապետութիւնը` կաթողիկէ սկզբունքներու համաձայն, որ դառնալով հայրենիք` կարենան սորվեցնել ուրիշներու: Եթէ վարժարանը սկզբնական շրջանին ունենայ քիչ աշակերտներ, չունի կարեւորութիւն, որովհետեւ շատ մը հարուստներ եւ ազնուականներ հոն պիտի ղրկեն իրենց որդիները, որոնց պատճառով կրնան սորվիլ նաեւ աղքատներ» [54]:

Յովհաննէս Թադէոս, շատ հաւանաբար, պատասխան ստացած չըլլալով, պատրաստած է երկրորդ մը` աւելի համառօտ` ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին, ակնարկելով իր նախկին գրութեան: Հոս կրկին անգամ նոյնը կը համառօտէ` յիշեցնելով Սուրբ Ժողովին, թէ` «Հայերը զիս Հռոմ ղրկեցին, որպէսզի իրենց կողմէ խօսիմ Ձեր հետ իրենց գործառնութիւններուն մասին: Պարսկաստանի մէջ բազմաթիւ են հայերը եւ գրած են շատ նամակներ Հռոմի իշխանութիւններուն, առանց պատասխան մ՚իսկ ստանալու: Ինծի յանձնեցին, որ իրենց անունով խօսիմ Նորին սրբութեան եւ Սուրբ Ժողովին հետ իրենց կարօտութիւններուն մասին, եւ այս պատճառով իսկ տուին ինծի յանձնարարական նամակներ, որպէսզի իրենց անունով խօսիմ հետեւեալ նիւթերու մասին. այնու որ զինքը կը ճանչնան իբր փոխանորդ Քրիստոսի, կը խնդրեն, որ հրամայէ, եւ Հռոմի մէջ բացուի հայոց համար կղերանոց (seminario) մը... »: Ապա կը խօսի դաւանաբանական հարցերու, Սուրբ Գիրքի տպագրութեան եւ վաճառականութեան մասին [55]:

19 Մարտ, 1630-ի նիստին այս հարցերը կը ներկայացուին ՀՍ-ի ժողովականներուն, ուր ոչինչ կ՚որոշուի [56]: Նոյն հարցերը դարձեալ սեղանի վրայ կը դրուին 23 Յուլիս, 1630-ի մասնական ժողովի մը մէջ, ուր կը հասնին հետեւեալ եզրակացութեան.

«Ջուղայի հայ իշխաններու փափաքին, որով կը բաղձան Հռոմ հայ մանուկներու կրթութեան համար դպրանոց մը բացուած տեսնել, Ժողովս կրնայ գոհացում տալ, եթէ անոնք յանձն առնեն գնել դպրանոցին համար կարեւոր շէնքն ու կարասիները: Այն գումարը, որ Սուրբ Ժողովս եւ Հռոմի հայոց հիւրանոցը կարող են տարեկան տրամադրել, պիտի կարենայ միայն հինգ ուսանող, անոնց վերակացուն եւ ծառայ մը ապրեցնել: Այս գումարը կը գոյանայ հետեւեալ կերպով. Միրայի արքեպիսկոպոսի գումարէն, որ 200 սկուդ է, կարելի է տարին 100 սկուդ ստանալ: Նորին սրբութեան տնօրինելով կարելի է նոյն նպատակին յատկացնել 70 սկուդ եւս` երկու կարդինալական մատանիներէն. դարձեալ` նոյն դպրանոցի կրնայ գործածուիլ այն 250 սկուդ գումարը, որ կրնայ գոյանալ հայոց հիւրանոցի մուտքէն եւ վարձքէն, եթէ հաճի Նորին Սրբութիւնը, այնպէս ինչպէս շնորհուած էր Գրիգոր ԺԳ-էն անգլիական դպրոցի կառուցման ժամանակ, որովհետեւ հայոց հիւրանոցի մուտքը մեծ մասով ծառաներուն կը գործածուի, որոնց ըրածը աննշան բան է: Իսկ հայ աղքատներու համար, որոնք երբեմն-երբեմն կը հանդիպին քաղաքս, հազիւ թէ 26 սկուդ ծախք ըլլայ: Այս ծառայութիւնը դպրանոցն ալ կարող է ընել, եւ հիւրերը աւելի պատշաճ է դպրանոցին մէջ ընդունիլ, քան այն հիւրանոցի տան մէջ, որ տեղւոյն եւ տան անպիտանութեան պատճառաւ աւելի շուներ, քան մարդիկ պատսպարելու յարմար է» [57]:

ՀՍ-ի 6 Սեպտեմբեր, 1630-ի լիակատար նիստին, նախագահութեամբ Ուրբանոս Ը պապին, կը վաւերացուին 23 Յուլիսի մասնական ժողովի որոշումները` «այս տարբերութեամբ, որ նկատմամբ շինուելիք կղերանոցին հարցը յետաձգուի, մինչեւ որ հայ վաճառականները հաստատուին Արեւմուտքի մէջ. այն ատեն դիւրագոյն պիտի ըլլայ կղերանոցի (seminario) հարցը» [58]:

30 Սեպտեմբեր, 1630-ին ՀՍ-ի Ժողովէն հետեւեալ նամակը կը գրուի Պարսկաստանի հայ վաճառականներուն. «Ջուղայի հայ քրիստոնեաներուն. ձեր տէրութեան պնդումով` Հայր Յովհաննէս Թադէոս ներկայացուց մեզի զանազան հարցեր, որոնք քննուեցան մեր ժողովին մէջ եւ առնուեցան վճիռներ, որոնց օրինակները կը գտնէք ներփակ, որպէսզի տեղեակ ըլլաք մեր բոլոր որոշումներուն: Նոյն հօր  ըսուած է նաեւ աւելին, որ կը հայի այս նիւթին մասին. ինքը ձեզի մանրամասն պիտի ներկայացնէ այն, ինչ պէտք է ընէք դուք»: Նամակին ստորագրողներն են` ՀՍ-ի նախագահ card[inal] Ludovisi եւ քարտուղար Franc[esco] Ingoli [59]:

Այս որոշումներէն յետոյ կը տիրէ երկու տարուան լռութիւն մը, եւ նոյն իսկ կը տարակուսինք, որ 30 Սեպտեմբեր, 1630 թուակիր վերոյիշեալ նամակը, ուղղուած հայ վաճառականներուն, ղրկուած ըլլայ: Երկու տարի յետոյ Հայր Յովհաննէս Թադէոս կարմեղականը կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ կը պատրաստուի դառնալու Պարսկաստան: Այս առիթով Սուրբ Ժողովը կրկին կը գրէ թէ' Ջուղայի հայ վաճառականներուն, թէ' Խաչատուր արքեպիսկոպոս Կեսարացիի եւ թէ' Մովսէս կաթողիկոսի` միշտ անդրադառնալով նաեւ հայոց վարժարանին մասին:

ՀՍ-ի 5 Յունուար, 1633 թուակիր նամակին օրինակը, ուղղուած Ջուղայի հայոց գլխաւոր պատասխանատու խոջայ Նազարի, հետեւեալն է.

«Հայր Յովհաննէս Թադէոս Բոկոտն կարմեղեան տեղեկացուց Նորին սրբութեան եւ այս ՀՍ-ի Ժողովին այն օգնութիւնները եւ շնորհքները, զոր նա գտած է Ձեզմէ, եւ այն ամէն բան, որ Դուք ըրած էք եւ կ՚ընէք մեր լատին կրօնաւորներուն, որոնք այդ կողմերը կը գտնուին, մասնաւորապէս` Բոկոտն կարմեղեաններուն:

Յիշեալ հօր այդ կողմերը դարձին առթիւ կը յայտնէ [Նորին սրբութիւնը] իր շնորհակալութիւնը Ձեզի եւ կը խնդրէ միանգամայն, որ շարունակէք նոյնը հանդէպ անոնց, որպէսզի Ձեր հզօր պաշտպանութեան տակ կարենան ապրիլ այդ պետութեան մէջ եւ կատարել իրենց ծառայութիւնը Աստուծոյ եւ սուրբ Եկեղեցւոյ, որուն համար ղրկուած են այդ կողմերը:

Բացի ասկէ, Նորին սրբութիւնը ձեռնադրած է յիշեալ Հայր Յովհաննէսը եպիսկոպոս. եւ որովհետեւ յառաջացեալ տարիքի մէջ կը գտնուի, այս պատճառով ալ տուաւ անոր ուրիշ եպիսկոպոս մը յառընթերակայութիւն: Սուրբ Ժողովը կը խնդրէ Ձեր տէրութենէն, որ ընդունիք զանոնք իբր յանձնարարեալներ եւ անոնց բոլոր պէտքերուն եւ կարօտութեան մէջ օգնէք եւ պաշտպանէք զիրենք` Ձեր կարողութեան համաձայն: Ձեր այս սիրալիր վերաբերմունքը հանդէպ անոնց մեծապէս հաճելի պիտի ըլլայ Նորին սրբութեան:

Նկատմամբ այն խնդիրներուն, որոնք յիշեալ Հայր Յովհաննէս հայ վաճառականներու կողմէն դրաւ մեր դիմաց, նոյն Հայրը անձամբ պիտի հաղորդէ Ձեզի կարեւորները:

Կը մնայ այժմ, որ Դուք եւ Ջուղայի հայ վաճառականները այս քաղաքի [Հռոմի] մէջ Ձեր ազգին համար բացուելիք դպրանոցի ի նպաստ ընէք այն, ինչ որ Ձեզի կ՚իյնայ: Ես կը վստահեցնեմ Ձեզ եւ հայ վաճառականներուն, որ այս պիտի ըլլայ մեծ ծառայութիւն Աստուծոյ եւ փառք եւ օգուտ համօրէն հայ ազգին» [60]:

Նոյն թուականին, այն է` 5 Յունուար, 1633-ին, ՀՍ-ի Ժողովը գրած է նաեւ Խաչատուր արքեպիսկոպոս Կեսարացիի: Մեր նիւթին մասին հոն կը կարդանք. «Հայ ազգին համար Հռոմի մէջ շինուելիք կղերանոցի (seminario), հայ վաճառականներու ու յատկապէս` խոճայ Նազարի փափաքած (վաճառական) կայաններու մասին յիշեալ Հայր Յովհաննէս ցոյց պիտի տայ Ձեր հայրութեան այն որոշումները, որ առած է Սուրբ Ժողովս եւ Նորին սրբութիւնը, ուր աւելի եւս պատուելու համար վերոյիշեալ Մովսէս արքեպիսկոպոսը (փոխանակ կաթողիկոսը գրելու), Ձեր հայրութիւնը, միւս եպիսկոպոսները եւ հայ ժողովուրդը... ուզեց զինքը բարձրացնել եպիսկոպոսական աստիճանին, բայց իր յառաջացած տարիքին համար տուաւ անոր օգնական մը` յանձին Տիմոթէոս Պաղտատի եպիսկոպոսին: Նորին Սրբութիւնը ինծի յանձնեց` Ձեր հայրական հովանիին յանձնել զինքը» [61]:

Բոլոր այս պատրաստութիւնները եւ համաձայնութիւնները կ՚ելլեն թերեւ, որովհետեւ նորօծ ծերունի եպիսկոպոս Յովհաննէս Թադէոս իր աթոռը հասնելէ առաջ կը վախճանի: ՀՍ-ի 15 Նոյեմբեր, 1633-ի նիստին կը զեկուցուի այս լուրը, թէ եպիսկոպոսը վախճանած է ջորիէն վար իյնալով, եւ յաջորդ մը որոշելու համար Սուրբ Ժողովը կը դիմէ կարմեղականներու ընդհանրական մեծաւորին [62]:

Այնուհետեւ ՀՍ-ի Ժողովը կը մնայ իր կարծիքին վրայ. այն է` Հռոմի մէջ բանալ հայոց համար վարժարան-կղերանոց: 3 Սեպտեմբեր, 1633-ին ՀՍ-ի քարտուղարը կը գրէ Ջուղա` Հայր Եմիդիօ Բորդիլլոյի. «Սուրբ Ժողովս կը խորհի Հռոմի մէջ հայոց համար դպրանոց մը բանալ: Առ այս շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ Ձեր վերապատուութիւնը լատին լեզուն դասաւանդէ այն Յովհաննէս վարդապետին, որ Մովսէս կաթողիկոսին աշակերտն է, որպէսզի անիկա կարենայ յետոյ հոս գալ եւ նոյնը հայ աշակերտներուն սորվեցնել» [63]:

Հոս անցողակի կերպով ըսենք մանրամասնութիւն մըն ալ` քաղուած Հալէպի կարմեղական միսիոնար Padre Prospero-ի 27 Նոյեմբեր, 1629 թուակիր նամակէն, ուր կը տեղեկացնէ Մովսէսի կաթողիկոս ընտրուիլն ու յանկարծական կերպով ժխտական դիրք բռնելը Լատին Եկեղեցւոյ հանդէպ եւ թէ իմացած է Սպահանի կարմեղականներէն, թէ կը ծրագրուի վարժարան մը բանալ Ջուղայի մէջ, ինչ որ անհնարին կրնայ դառնալ, եթէ Մովսէս կաթողիկոս անհաւան գտնուի [64]: Ասոր հակառակ Սպահանի կարմեղականներէն Padre Dimas 25 Նոյեմբեր, 1629 թուակիր նամակով կ՚իմացնէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ լաւ բարեկամութիւն կը մշակէ Մովսէս կաթողիկոսի հետ, որ հաւան ալ գտնուած է` հայ մանուկներուն սորվեցնելու լատիներէն լեզուն եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սկզբունքներ, ապագային հաւաքելու համար անոնց պտուղը [65]: ՀՍ-ի Ժողովը 18 Յուլիս, 1631-ին կը պատասխանէ Հայր Դիմասի` քաջալերելով սկսուած գործը առաջ տանելու համար, որովհետեւ` «Սուրբ Ժողովին հաճոյ է, որ սորվեցնէք նաեւ հայ մանուկներուն, եւ կը փափաքի, որ նոյնը շարունակէք, քանի ժամանակով այդ անձերէն շատեր կրնան դառնալ կաթողիկէ հաւատքին» [66]:

ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՉԻՏՏԱԴԻՆՈՅԻ ԹՈՂԱԾ ԳՈՒՄԱՐԸ

Տեսանք, որ Չիտտադինոյ, Նախիջեւանի թեմին օգնական եպիսկոպոս անուանուելով, Սուրբ Ժողովին կողմէ իրեն յանձնուեցաւ հայոց համար վարժարան բանալու պատասխանատուութիւնը: Չիտտադինոյ Սպանիոյ թագաւորէն կը յաջողի ձեռք բերել գումար մը նոյն վախճանին համար ու առանց հասնելու իր թեմը, կը վախճանի Հնդկաստանի մէջ: Այնուհետեւ Սուրբ Ժողովը հետամուտ կ՚ըլլայ չկորսնցնելու այդ գումարը, որպէսզի իրագործէ հայոց վարժարանը:

ՀՍ-ի 22 Նոյեմբեր, 1630-ի նիստին կարդինալ Բորճիայի կողմէ կը զեկուցուին զանազան նամակներ, որոնց նիւթն է Չիտտադինոյի թողած ժառանգութեան մասին` գրուած Սպանիոյ առաքելական նուիրակ Francise de Albicio-է եւ Չիտտադինոյէ: Սա վերջինս Ուրբանոս Ը պապին կը թողու հաւաքած երկու մեծ գումարները, այն է` 12. 500 րէալէ եւ 2. 239 երկրորդ գումար մը` գանձելի Joannes Casanova-է: Ժողովի ընթացքին կ՚որոշուի գրել Սպանիոյ առաքելական նուիրակին, որպէսզի կարելին ընէ եւ այս երկու մեծ գումարները, գանձելով Սպանիոյ արքունիքէն, ղրկէ Հռոմ: Յատուկէն կը յանձնարարուի նուիրակին, որ անյետաձգելի կերպով հետամուտ ըլլայ այս գործին, որպէսզի գումարները չկորսուին, որովհետեւ` ա) այդ գումարը ժառանգութիւն թողուած է Ուրբանոս Ը պապին, բ) Չիտտադինոյ եպիսկոպոս չէր Հնդկաստանի, այլ Հայաստանի, եւ գ) գումարը ձեւացած է ողորմութիւններով շինելու համար հայոց վարժարանը [67]:

12 Ապրիլ, 1631-ի նիստին Սուրբ Ժողովը կրկին հրահանգներ կը ղրկէ նոյն իր նուիրակին նկատմամբ 2239 րէալէն գանձելու` նկատել տալով, որ 12. 500 րէալէն պէտք է փութով գանձել Հնդկաստանէն եւ անցնել Հռոմ, որովհետեւ սահմանուած է հայոց վարժարանին կառուցումին [68]: Նոյն այս հարցին մասին կը խօսուի յաջորդաբար 7 Մայիս, 4 Յուլիս, 5 Դեկտեմբեր, 1631-ի նիստերուն` միշտ թելադրելով Սպանիոյ առաքելական նուիրակին, թէ ինչ միջոցներ գործածելով կրնայ գումարները անվտանգ հասցնել Հռոմ [69]:

26 Յունուար, 1632-ի նիստին կը զեկուցուի, թէ 2. 239 րէալէի գումարը Սպանիայէն հասած է Ճենովա, եւ թէ պէտք է փոխադրել Հռոմ [70]: 17 Օգոստոս, 1632-ի նիստի արձանագրութեան համաձայն` յիշեալ գումարը Padre Giovanni Battista Duralli-ի ձեռքով հասած է Հռոմ, ու կը մտածուի շահագործելու կերպին մասին [71]: 27 Օգոստոս, 1632-ին հասած գումարը կը դրուի Հռոմի դրամատունը, եւ 2. 212 (եւ ոչ թէ` 2. 239) րէալէն կը վերածուի 4. 316 սկուդի` նշանակելով, թէ այս գումարը սեփականութիւնն է ՀՍ-ի Ժողովին, որ պիտի գործածէ հայոց վարժարանին շինութեան համար [72]:

Առաջին մեծ գումարը ստանալէ յետոյ ՀՍ-ի Ժողովը հետամուտ կ՚ըլլայ երկրորդին, այն է` 12. 500 րէալէին, որ կը գտնուէր Հնդկաստան: ՀՍ-ի 5 եւ 19 Յունիս, 1634-ի նիստերուն կը զեկուցուի, թէ թագաւորական պաշտօնեաներ կը դժուարին գումարը Հռոմ անցընել, քանի Չիտտադինոյ այդ գումարը ստացած է Հնդկաստան գտնուած շրջանին, Հնդկաստանի Կօա քաղաքին եւ ոչ թէ Հռոմի մէջ հայոց վարժարան կանգնելու համար: Կ՚որոշուի գրել Հնդկաստանի արքեպիսկոպոսին (տիտղոսաւոր` Jucataniensis), որպէսզի տէր դառնալով գումարին` փոխադրէ Հռոմ [73]:

Նամակներու երթեւեկը դիւրին չէր նոյն դարուն, երբեմն տարիներ կ՚անցնէին պատասխան մը ստանալու համար: 21 Օգոստոս, 1635-ի նիստին կը զեկուցուի Սպանիոյ առաքելական նուիրակին նամակը, թէ ինքն ալ իր կարգին հետամուտ է պաշտպանելու 12. 500 րէալէն, որպէսզի փոխանցուի Հռոմ [74]: 14 Նոյեմբեր, 1637-ի նիստին ժողովականները կը պնդեն, թէ այդ գումարը պէտք է գանձուի Սպանիոյ արքունիքէն եւ ղրկուի Հռոմ: Ժողովը, որ գումարուած էր Ուրբանոս Ը պապին ներկայութեան, կ՚որոշէ երեք պատասխանատու կարդինալներ, որպէսզի հետամուտ ըլլան այս հարցին [75]:

Երկար լռութենէ յետոյ, երբ ոչ մէկ շարժում կը տեսնուի նկատմամբ գանձելի 12. 500 րէալի գումարին, դարձեալ ՀՍ-ի Ժողովն է հետամուտ եղողը` գրելով 6 Դեկտեմբեր, 1642-ին թէ՛ Սպանիոյ կարդինալ Ալբորնոզիի եւ թէ՛ առաքելական նուիրակին, որպէսզի կենդանացնեն նոյն հարցը [76]:

ՀՍ-ի 14 Փետրուար, 1645-ի նիստի արձանագրութենէն կ՚իմանանք, թէ Սպանիոյ եկեղեցական հեղինակութիւնը, Սուրբ Ժողովի պնդումին վրայ, կատարած է իր կարելին, եւ թէ Սպանիոյ թագաւորը տուած է վճիռ, որպէսզի յիշեալ 12. 500 րէալէն անցնի Սպանիոյ պապական նուիրակին [77]:

15 Նոյեմբեր, 1647-ի ՀՍ-ի մասնական նիստին կը ներկայացուի, թէ Սպանիոյ նուիրակին ջանքերով, վերջապէս, ստացուած է 12. 500 րէալէն, որմէ պակսած է 1634 րէալէ կատարուած ծախսերուն, տուրքերուն եւ դրամական փոփոխութեան պատճառով: Կ՚որոշուի քաջալերական նամակ մը հասցնել նոյն նուիրակին, որ տարիներ ամբողջ աշխատած էր անխոնջ կերպով եւ վերջապէս, ստացած 10. 866 րէալէն [78]:

3 Օգոստոս, 1648-ի նիստին կը կարդացուի Սպանիոյ առաքելական նուիրակին նամակը, ուր կ՚իմացուի, թէ Don Hyronimo Uricaldo-ի ձեռքով Սուրբ Ժողովին ղրկած է 5. 514 ոսկի` «Հռոմի մէջ հայոց վարժարանը շինելու սահմանուած գումարը» [79]:

Այս գումարը յաջորդաբար հասած է Հռոմ: Ունինք ՀՍ-ի մասնական նիստի մը արձանագրութիւնը (որու թուականը չկրցանք ստուգել)` գումարուած 1649 տարւոյն ընթացքին, ուր քննարկուած է դրամական այս հարցը ներկայացնելու համար ընդհանրական նիստին, որ պիտի գումարուէր Իննովկենտիոս Ժ պապին ներկայութեան: Յիշեալ մասնական նիստին արձանագրութիւնը կ՚ըսէ. «Չիտտադինոյ` Միրայի արքեպիսկոպոսը, իր վերջին կտակին մէջ 12. 000 սկուդ սահմանած էր Հռոմի մէջ հայոց համար կղերանոց (seminario) մը շինելու համար: Այս նպատակին համար հոս, Հռոմի մէջ, սկսանք շահագործել նոյն գումարը բազմապատկելու համար ու ներկայիս հասած ենք x (տեղը պարապ ձգուած) գումարին: Պէտք է պապին առաջարկել, որ այս գումարին շահը տրամադրուի հայ աշակերտներու այնքան թիւով, որքան կարելի է պահել նոյն շահով` կազմելով վարժարան մը (collegio), հոգալով նաեւ անոր վարժապետները, սպասաւորները, կահկարասիները, խոհանոցը եւ ուրիշ կարեւոր ծախսերը: Կարելի է նաեւ հիւանդանոցը եւ Սուրբ Մարիամ Եգիպտացւոց հայոց հիւրանոցը միացնել մերձակայ Vaccino դաշտին եւ հոն շինել յիշեալ կղերանոցը (seminario), որ ինքնին բաւական պիտի ըլլայ նոյն նպատակին` մանաւանդ նկատի առած, որ կայ տարեկան 500 սկուդի եկամուտ մը եւս, որ չի ծախսուիր ուխտաւորներու սակաւութեան պատճառով» [80]:

20 Յունիս, 1651-ի նիստին, ներկայութեամբ կարդինալ Barberino-ի, Cornelio-ի, Cesio-ի, Ludovisi-ի, Vidam-ի եւ Maidalchino-ի, կը ներկայացուի հայոց վարժարանին համար ձեւացած գումարին կացութիւնը, այն է` 8. 381 սկուդի դրամագլուխը, որ տարիներու շահերով վերածուած էր 10. 523 սկուդի, եւ թէ պէտք է հարցը ներկայացնել պապին [81]:

Տարիներ ամբողջ սպասելէ յետոյ, որպէսզի վերջապէս կանգնի հայոց համար վարժարան-կղերանոց մը, ՀՍ-ի 5 Մարտ, 1652-ի նիստով կը տրուի վերջնական վճիռը, թէ հայոց վարժարանը միանայ ՀՍ-ի վարժարանին, այն է` հայ աշակերտները յաճախեն Ուրբանեան միջազգային վարժարան, խառն միւս ազգերուն հետ [82]:

Այնուհետեւ այլեւս ակնարկ չենք գտներ Չիտտադինոյի անունին եւ կամ թողած կտակին, սակայն ՀՍ-ի Ժողովը, գիտակից իր ստանձնած պատասխանատուութեան, բարեացակամ է հայերու հանդէպ ամէն անգամ, որ կը ներկայանայ առիթը: Կղեմէս Կալանոսի կեանքին ու գործունէութեան մասին խօսած ատեն պիտի տեսնենք, որ Պոլիսէն Հռոմ դառնալուն, 1643-ին, հայ աշակերտներու կը դասաւանդէ Ուրբանեան վարժարանին մէջ միշտ ՀՍ-ի ծախսով. ապա 1647-1650 տարիներուն հայ աշակերտներ պարագայական կերպով կը յաճախեն Կալանոսի մօտ ՀՍ-ի ծախսով, եւ հակառակ որ 5 Մարտ, 1652-ին կ՚ելլէ վճիռը միացնելու հայոց վարժարանը Ուրբանեանի հետ, 1660-1661-ին կը կատարուի փորձ մը` բանալու առանձին վարժարան հայոց համար` Կալանոսի առաջնորդութեամբ, ՀՍ-ի հովանիին ներքեւ. սակայն երկու տարի յետոյ կը փակուի ընդ միշտ: Ապա 1664-ին կը սկսի Լէոպոլսոյ հայոց վարժարանը` միշտ ՀՍ-ի հսկողութեան տակ եւ վճարումով: Ասոնց մասին առանձին անդրադարձած ըլլալով` կը խուսափինք կրկնութենէ:

ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՆԿԻՒՐԱՑԻ ՄՈԼԻՆՈՅ

Յովհաննէս Անկիւրացի, ճանչցուած «Մոլինոյ» մականունով, ծանօթ է մեզի հայ տպագրութեան պատմութեան էջերէն [83]: Եղած է ԺԷ դարու Պոլսոյ երեւելի անձերէն մէկը ու իբր զարգացած անձ` յարաբերութիւն մշակած է Հռոմի Սուրբ Աթոռին հետ: 1619-ին գտնուած է Հռոմ, հաւանաբար, կատարելու ուսումները, եւ Պօղոս Ե պապէն ունի մագաղաթեայ անցագիր ճամբորդութեան համար [84]: 1632-1634 տարիներուն Պոլիսէն ՀՍ-ի Ժողովին կը հաղորդէ Հայ Եկեղեցւոյ նոյն օրերուն լուրերը, վէճերն ու խնդիրները` առնելով Հռոմէն ուղղութիւններ:

Այս շրջանիս, երբ Հռոմի մէջ կը  մտածուէր կանգնել հայոց վարժարանը, Մոլինոյի թելադրութեամբ եւ միջնորդութեամբ կը ծագի հարց մը, որու հանդէպ ՀՍ-ի Ժողովը չէր կրնար անտարբեր մնալ:

1632-էն սկսեալ` Պոլսոյ պատրիարք Յովհաննէս Խուլ հաստատուած էր Հռոմ եւ նամակագրութեան մէջ էր Մոլինոյի հետ: Մոլինոյ 24 Յունիս, 1633 թուակիր նամակով առաջարկ կ՚ընէ ՀՍ-ի Ժողովին, որ Յովհաննէս Խուլ պատրիարքին Հռոմի մէջ շնորհուի առանձին եկեղեցի, եւ, եթէ սա իրագործուելու ըլլայ, պատրաստ է ինք Պոլիսէն Հռոմ ղրկել խումբ մը կրօնաւորներ հոն հաստատելու համար առանձին հայկական վանք [85]: Այս նամակէն քանի մը օր առաջ Մոլինոյ գրած էր ուրիշ մը` 8 Յունիս, 1633 թուակիր` յանձնարարելով ՀՍ-ի քարտուղարին, որ բարեացակամ կերպով նայի Յովհաննէս պատրիարքի, եւ «եթէ իրեն շնորհուի եկեղեցի, ուր արարողութիւններ կատարուին, ասկից [Պոլիսէն] շատ մը հայեր հոն կը փոխադրուին, եւ [կաթողիկէ] հաւատքը, անոնց հոգիին վրայ տպաւորուելով, կ՚աճի պապին հպատակներու թիւը» [86]:

Պոլիսէն հայ ընտանիքներ Հռոմ փոխադրելու առաջարկը շարժումի մէջ կը դնէ Հռոմի իշխանութիւնները, որոնք նոյն օրերուն կը մտածէին հայոց համար վարժարան բանալու մասին: Հարցը կը քննուի ՀՍ-ի 19 Յուլիս, 1633-ի նիստին, եւ պապը կ՚ուզէ, որ կարդինալներու յաջորդ նիստին կրկին անգամ քննարկուի այս խնդիրը [87]: 13 Օգոստոս, 1633-ի նիստի արձանագրութիւնը կ՚ըսէ. «Նկատմամբ հայ ընտանիքներու Պոլիսէն Հռոմ փոխադրութեան կարդացուեցաւ Մոլինոյ հայուն նամակը, եւ, տուած ծանօթութիւնները անբաւարար նկատուելով, Ժողովս կ՚որոշէ գրել Մոլինոյի, որպէսզի աւելի ընդարձակ ծանօթութիւններ տայ այդ ընտանիքներուն մասին, թէ անոնք փափաք ունի՞ն ապրելու Հռոմի մէջ կաթողիկէ դաւանութեամբ, եւ թէ եկողները ունեւո՞ր են կամ աղքատ. եւ եթէ աղքատ են` ի՞նչ կերպով պիտի շահին իրենց ապրուստը» [88]:

17 Նոյեմբեր, 1633-ին Յովհաննէս Մոլինոյ կը գրէ երկու նամակ` ուղղուած ՀՍ-ի նախագահին եւ քարտուղարին. «Գրած էիր, թէ կ՚ուզես գիտնալ, թէ քանի հոգի են հայերը, որոնք Պոլիսէն կը փափաքին անցնիլ Հռոմ: Ճշգրիտ թիւը չի գիտցուիր, բայց այս առաջին անգամը 30-40 ընտանիք կ՚ուզեն ճամբորդել ոչ միասնաբար թուրքին տարակոյսը չարթնցնելու համար, այլ զանազան ճամբաներով, որոնց մէջ կան հարուստներ եւ աղքատներ: Առաջինները պիտի ապրին վաճառականութեամբ, իսկ երկրորդները` երկրագործութեամբ եւ ձեռային աշխատանքներով»: Ապա ՀՍ-ի Ժողովի ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ հայերը Հռոմի մէջ կ՚ուզեն ապրիլ իրենց ծէսով եւ արարողութիւններով, այնպէս ինչպէս թուրք իշխանութեան տակ կ՚ապրին` աւելցնելով, թէ «շուրջ երկու հազար ընտանիք քիչ տարիներու ընթացքին կ՚ուզեն [Հռոմ] անցնիլ` կեանքերնին ազատ կերպով ապրելու եւ թուրքին բռնութենէն ազատելու համար» [89]:

Մոլինոյի առաջարկը կը քննարկուի ՀՍ-ի 30 Յունուար, 1634-ի նիստին, որու կը նախագահէ Ուրբանոս Ը պապը, ու կ՚որոշուի, որ կարդինալներու յաջորդ ժողովին խորապէս քննութեան ենթարկուի այս հարցը [90]: 13 Փետրուար, 1634-ի նիստին կը կարդացուին Յովհաննէս Անկիւրացիի գրած նամակները, ու առանց դրական բան մը որոշելու, դարձեալ կը յետաձգուի հարցին քննարկութիւնը [91]: Մոլինոյի 17 Նոյեմբեր, 1634 թուակիր նամակին վրայ` ՀՍ-ի քարտուղարութիւնը թողած է խորհրդածութիւն մը. «Նախ հարցնել Հաւատաքննութեան Ժողովին, թէ երբ հայեր գալու ըլլան Հռոմ, կրնա՞ն շարունակել պահել իրենց ծէսը» [92]:

Այս հարցին զուգահեռ ահա Սուրբ Ժողովին կողմէ նոր առաջարկ մը: 17 Օգոստոս, 1633-ին Մոլինոյ կ՚իմացնէ ՀՍ-ի քարտուղար Ինկոլիի, թէ վախճանած է Մովսէս կաթողիկոս, եւ հաւանաբար, յաջորդէ Փիլիպպոս եպիսկոպոսը: Նոյն նամակին վրայ կը գտնենք քարտուղարին պատասխանը, ուր կը ցաւակցի Մովսէս կաթողիկոսի մահուան համար եւ ապա անցնելով մեր նիւթին` կը գրէ. «Հնդկաստանէն Սպանիա հասած է 10. 000 դահեկան, իսկ երեք տարի առաջ ալ 2. 000 դահեկան, ու կը մտածուի այդ գումարով կանգնել հայոց վարժարան: Եթէ հայ վաճառականներ գնելու ըլլան շօշափելի հողամաս մը, կարելի է սկսիլ գործը: Իսկ դու քու կողմէդ կրնաս շատ գովելի գործ մը ընել, եթէ եռանդնաւորելու ըլլաս հայերը, որպէսզի ձեռք ձեռքի տալով իրագործեն ծրագիրը, ուր պիտի դաստիարակուին արժանաւոր եւ բարի վարքով տարրեր» [93]:

ՀՍ-ի քարտուղարին այս նամակը, գրուած սեւագիր, Մոլինոյի յիշեալ նամակին ստորեւ, ունի երկրորդ խմբագրութիւն մըն ալ (պաշտօնական օրինակը) աւելի համառօտ, ուր դարձեալ կը յայտնէ իր ցաւը Մովսէս կաթողիկոսի վախճանելուն համար, որովհետեւ սկսած էր գործել եկեղեցական միութեան ի նպաստ, կ՚աւելցնէ. «Ասով հանդերձ, Ժողովիս կարդինալները կը յուսան, որ Աստուած պիտի հոգայ ուրիշ միջոցներ նոյն միութիւնը իրագործելու համար, յատկապէս`  երբ գտնուի միջոցը, եւ քաղաքիս մէջ հաստատուի հայոց վարժարանը [collegio] [94]:

Եղած առաջարկը զարմանալի կը թուի Մոլինոյի, որ 7 Յունուար, 1634-ին պատասխանելով` կը գրէ. «Նկատմամբ Հռոմի մէջ շինուելիք հայոց վարժարանին կ՚ուզես, որ օգնեն հայ վաճառականները: Սակայն այս առաջարկը նախատինք է Ձեզի համար, որովհետեւ այդ նպատակով փոխադրուած է Հռոմ ահագին գումար, որ ինքնին բաւական է հսկայ ձեռնարկներ իրագործելու: Այս գործին պէտք է անձնապէս դու անցնիս գլուխ, որպէսզի անունդ անջնջելի մնայ մեր պատմութեան մէջ»: Նոյն օրերուն Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը գրաւած էր Գրիգոր վարդապետ Կեսարացի, որու դիրքը, Հռոմի հակառակ, բացայայտ էր: Մոլինոյ կը շարունակէ նամակը հետեւեալ կերպով. «Գրիգոր պատրիարք [Կեսարացի], սաստիկ հակառակ Հռոմի, կը սպառնայ, որ եթէ Հռոմի մէջ հայոց համար վարժարան կանգնելու ըլլայ, պիտի չթողու հայ պատանիներուն, որ հոն երթան ուսանելու. նոյնպէս արգելք եղաւ, որ ոչ մէկ ընտանիք Պոլիսէն մեկնի Հռոմ»: Ասով հանդերձ, Մոլինոյ փափաքն ունի անձամբ նպաստելու բացուելիք վարժարանին եւ որով կը յայտնէ իր տրամադրութիւնը փոխադրուելու Հռոմ. «Բայց եթէ ես Ձեր կողմէ կանչուելու ըլլամ Հռոմ, լաւ կերպով պիտի մատուցանեմ ծառայութիւնս Եկեղեցւոյ. հակառակ պարագային, իբր թարգման, կանչուած եմ Գահիրէ` տարեկան 600 սկուդ թոշակով» [95]:

Յովհաննէս Մոլինոյ այլեւս չէր ուզեր մնալ Պոլիս, որովհետեւ նոյն նամակով կը պատմէ, թէ թուրքերը, առանց պատճառի, հրապարակի վրայ կախաղան հանած են քաղաքին ամէնէն անուանի հայազգի թարգմանը` Պաղտասար Մոտտա անունով [96], որու մօտ կը գտնուէին Յովհաննէս Խուլ պատրիարքի ինչքերն ու ձեռագիրները, որոնցմէ մաս մը Մոլինոյ կը յաջողի ազատել եւ ղրկել Հռոմ: Ուրիշ առիթով ալ, այն է` 10 Դեկտեմբեր, 1633 թուակիր նամակով Մոլինոյ յայտնած էր արդէն Հռոմ երթալու փափաքը, «որովհետեւ ունիմ ութը տարեկան տղայ մը եւ ուրիշ երկու եղբօրորդիներ, որոնք կ՚ուզեմ Հռոմ բերել` առաջինը ժանտախտէն ազատելու [97] եւ միւսները` թուրքերէն. կ՚ուզեմ, որ քրիստոնեայ դաստիարակութիւն ստանան: Ուստի կը խնդրեմ, որ յոգնութիւն չխնայէք եւ այս շնորհքը ընէք ինծի: Երբ Հռոմ գամ` տեղաւորելու տղաքը եւ ընելու թարգմանութիւնը [98], կը զբաղիմ նաեւ ուրիշ գործերով, որոնց մասին չէ կարելի նամակով արտայայտուիլ» [99]:

Տեսնելով, որ Հռոմի պատասխանը կ՚ուշանայ` Մոլինոյ 11 Մարտ, 1634-ին դարձեալ կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին` Ինկոլիի, թէ ինք կը պատրաստուի մեկնելու քաղաքէն, եւ «եթէ հարկը կայ օգնութեանս [Աստուածաշնչի] տպագրութեան եւ հայոց վարժարանին համար, հաճէիր գրել. հակառակ պարագային պիտի նուիրուիմ ես իմ գործին» [100]:

Հռոմ իր գործելակերպին մէջ միշտ դանդաղ շարժած է եւ որով չի տար անմիջական պատասխան, իսկ Մոլինոյ օրը օրին կը սպասէր անոր: ՀՍ-ի 13 Մարտ, 1634-ի նիստին կը քննուի Մոլինոն Հռոմ կանչելու հարցը ու կ՚որոշուի յաջորդ նիստի մը աւելի եւս քննել, ժամանակ շահելու եւ անդրագոյն ծանօթութիւններ հաւաքելու համար Մոլինոյի անձին նկատմամբ [101]: Մինչ այս, Մոլինոյ կը թողու Պոլիսը եւ կ՚ուղղուի Գահիրէ, ուրկէ 16 Հոկտեմբեր, 1634-ին կը պատասխանէ ՀՍ-ի նախագահին 18 Մարտ, 1634 թուակիր նամակին. «Կը սպասեմ Ձեր կարգադրութեան, որովհետեւ ներկայիս կը գտնուիմ վենետիկցիներու ծառայութեան մէջ` տարեկան 600 դահեկան [reale] թոշակով, յարգուած եմ ամէնքէն, սակայն յոգնած եմ թուրքերու երեսը տեսնելէն... Այնպէս ըրէ, որ Հռոմ գամ եւ ես ունիմ զանազան միջոցներ շահելու ապրուստս` տպելով հայերէն եւ արաբերէն գրքեր: Կ՚ուզեմ շահածիս մէկ մասը յատկացնել հայոց համար բացուելիք վարժարանին... Երբ Հռոմ հասնիմ, հետս պիտի բերեմ ինը տարեկան զաւակս եւ ուրիշ տղաներ վարժարանին համար: Կը գրեմ նամակ մը կարդինալ Բորճիայի [հայոց պաշտպան կարդինալին]` յայտնելով տրամադրութիւնս ծառայելու վարժարանի հիմնարկութեան» [102]: Նոյն բովանդակութեամբ նամակ մը եւս կը գրէ Մոլինոյ 4 Դեկտեմբեր, 1634-ին` խնդրելով, որ իմացնեն իրեն Հռոմ կանչուելու պարագային «հայոց վարժարանին հիմնարկութեան ծառայելու համար», որպէսզի գիտնալով` անոր համաձայն իր ընտանիքը Գահիրէէն փոխադրէ Հռոմ [103]: ՀՍ-ի 28 Փետրուար, 1634-ի նիստին կը կարդացուին Մոլինոյի նամակները, եւ կ՚որոշուի պատասխանել, թէ Սուրբ Ժողովը զինք Հռոմ պիտի կանչէ այն ժամանակ, երբ ձեռնարկէ հայոց վարժարանին շինութեան [104]:

Ուրիշ բան չէր մնար Մոլինոյի, եթէ ոչ շնորհակալութիւն յայտնել Սուրբ Ժողովին, քանի վստահութիւն ցոյց տուած էին իր անձին: Ինքն ալ իր կարգին 25 Սեպտեմբեր, 1635 թուակիր նամակով կը նորոգէ իր պատրաստակամութիւնը` «ծառայելու հայոց վարժարանի հիմնարկութեան` անչափ կերպով յայտնելով շնորհակալութիւնս. եւ պատրաստ եմ Սուրբ Ժողովիդ ամենափոքր ակնարկին հնազանդելու եւ Աստուծոյ օգնութեամբ կը յուսամ` օր առաջ իրագործուի այնքան հարկաւոր եւ փափաքուած գործը, յօգուտ հայոց եւ ի պարծանք Հռոմէական Կաթողիկէ սուրբ Մայր Եկեղեցւոյ»: Ապա Մոլինոյ դարձեալ կը յիշեցնէ, թէ ծրագրած է յաջորդ տարին Հռոմ ղրկել ինը տարեկան իր Միքայէլ որդին, որպէսզի դրուի նորադարձերու կամ մարոնիներու վարժարանը, «մինչեւ որ հիմնուի հայոց վարժարանը» [105]:

Հռոմի մէջ հայոց վարժարանը հեռու էր բացուելէ: Մոլինոյ 1636-ին կը դառնայ Պոլիս, ուրկէ 9 Մարտ, 1637-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ Զաքարիա պատրիարք մտադիր է զինքը ղրկել Հռոմ` իբր ներկայացուցիչ իր անձին: «Առաջին առիթով ճամբայ կ՚ելլեմ` հետս առնելով 12 տարեկան զաւակս դնելու համար հոն որեւէ վարժարան, մինչեւ որ բացուի հայոց վարժարանը» [106]:

Մոլինոյ կ՚ուղղուի Պոլիսէն Հռոմ` իբր ներկայացուցիչ Զաքարիա պատրիարքի, որ 22 Ապրիլ, 1637-ին Ուրբանոս Ը պապին կը գրէ. «Վասն առաւել սիրոյս եւ միաբանութեան մերոյ առաքեցաք առ քոյին սրբութիւնդ զմեր հոգեւոր որդին` զՅովհաննէս Մաւլինաւ, թարգմանիչ քաջ եւ ճարտար, որ է նամակիս բերաւղն, որոյ պատուէր տուեալ եմք բազում ինչս, որ առ սրբութեանդ առանձին խաւսք» [107]: Հոս չի բացատրուիր, թէ ինչ են այդ «բազում ինչս», սակայն Զաքարիա պատրիարքի ՀՍ-ի քարտուղարին ուղղած նամակին մէջ, որու միայն լատիներէն անթուական թարգմանութիւնը պահուած է ՀՍ-ի դիւանին մէջ, կը բացայայտուի, այն է` տպել Աստուածաշունչը Հռոմի մէջ հազար եւ աւելի օրինակներ եւ երկրորդ` հիմնել Հռոմի մէջ հայոց վարժարան մը, որու վարչութիւնը յանձնուի Պօղոս Պիրոմալլիի կամ Յովհաննէս Մոլինոյի: Նոյն նամակին վրայ կը գտնենք քարտուղարութեան պատասխանը, ուր կը խոստանայ իրագործել Աստուածաշունչի տպագրութիւնը, սակայն նկատմամբ հայոց վարժարանին` ոչ մէկ ակնարկ [108]: Սակայն 9 Հոկտեմբեր, 1638-ի մասնական ժողովի մը ընթացքին ՀՍ-ի քարտուղարը, համադրելով նոյն օրերուն գլխաւոր հարցերը, խօսելով հայերէն Աստուածաշունչին մասին, կ՚ըսէ, թէ` «Պոլսոյ հայոց պատրիարքը Հռոմ ղրկած է յատուկ անձ մը տպել տալու համար Աստուածաշունչը բազմաթիւ օրինակներ` ըսելով, թէ` Սուրբ Ժողովը պիտի գանձէ փոխարժէքը, եւ ինքը, իր եկեղեցիներուն մէջ ծախելով, պիտի գանձէ 30 սկուդ (իւրաքանչիւր օրինակի համար)` շինելու վարժարան իր ազգին համար (da far un collegio per la sua nazione)» [109]:

1637-1643 տարիներուն Յովհաննէս Մոլինոյ կը մնայ նախ Հռոմ, ապա Վենետիկ, կը նուիրուի հայ գրքի տպագրութեան, եւ այդ տարիներուն իր գործունէութեան մէջ ոչինչ կը գտնենք, ի նպաստ հայոց վարժարանին:



[1]           Bullarium diplomatorum et privilegiorum sanctorum Romanorum Pontificum Tauriensis ed., t. VIII, Neapoli, 1883, pp. 493-496.

[2]           Ms. Vaticano Armeno, N 2, ff. 34-35.

[3]           Սիմէոն դպիր Լեհացւոյ Ուղեգրութիւն, հրատ. Ակինեան  հ. Ն., Վիեննա (Ազգային մատենադարան, ՃԽԱ), 1936, էջ 145:

[4]           Անդ, էջ 140:

[5]           SOCG, vol. 293, f. 344. Նոյն նամակը տե՛ս նաեւ Վատիկանի Մատենադարան, Barberini, Latino, N 7816, f. 42:

[6]           SOCG, vol. 293, f. 339.

[7]       SOCG, vol. 382, ff. 199, 207.

[8]           Acta, vol. 3, f. 20, n. 6; f. 22, n. 5-6. Դժբախտաբար, արձանագրութիւնները գրեթէ անընթեռնլի  են, թուղթը կիսով փճացած եւ էջերուն մելանները իրարու անցած են:

[9]           Acta, vol. 3, f. 26, n. 27.

[10]        SOCG, vol. 383, f. 28.

[11]        SOCG, vol. 112, f. 439.

[12]        SOCG, vol. 358, f. 15.

[13]        Ճամբորդութեան ընթացքին գրած են զանազան նամակներ` ուղղուած Սուրբ Ժողովին (SOCG, vol. 293, ff. 267-268), որոնք զեկուցուած են ՀՍ-ի 13 յունիս եւ 4 սեպտեմբեր, 1623-ի նիստերուն (Acta, vol. 3, f. 48, n. 12; f. 56, n. 14): Ֆրա 0րսինոյ Ապարաներ հասնելէն յետոյ զանազան նամակներով կը նկարագրէ ճամբու ընթացքին կրած վիշտերը: 1623-ի 2 սեպտեմբերին կը գրէ ՀՍ-ի նախագահին եւ քարտուղարին (ff. 286, 287), 16 հոկտեմբերին` Achille Venero-ի (SOCG, vol. 293, f. 285) եւ ՀՍ-ի քարտուղարին` խնդրելով հրաման դառնալու Հռոմ (f. 293): Վերեւ մեր տուած ծանօթութիւնները քաղած ենք ՀՍ-ի քարտուղարութեան մէկ գրութենէն, որ համառօտութիւն մըն է ֆրա 0րսինոյի 17 նոյեմբեր, 1625 թուակիր նամակին` գրուած Նախիջեւանէն դարձին Մալթայէն (SOCG, vol. 112, ff. 435-436):

[14]        SOCG, vol. 293, f. 285. Պոլսոյ դոմինիկեան fra Raimondo da Brescia կը գրէ 29 յուլիս, 1624-ին Հռոմի ընդհանրական մեծաւորին, թէ Ապարաներէն հասած լուրերուն համաձայն` ֆրա 0րսինոյ ժամանած է վանք, մինչ  բնական մահով մեռած է միւս ծերունի հայը իր հայրենիքին մէջ, այն որ Հռոմ ալ գտնուած է. իսկ Պարսկաստանի սահմաններուն վրայ միւս հայ երիտասարդը «կտրուած է մասերու» (SOCG, vol. 293, f. 283):

[15]        SOCG, vol. 293, f. 295.

[16]        SOCG, vol. 112, f. 445.

[17]        SOCG, vol. 293, f. 295.

[18]        SOCG, vol. 183, ff. 580+587.

[19]        SOCG, vol. 112, f. 436.

[20]        SOCG, vol. 112, ff. 447-448.

[21]        SOCG, vol. 112, f. 449.

[22]        Acta, vol. 4, f. 12, n. 25.

[23]        SOCG, vol. 112, f. 436.

[24]        SOCG, vol. 386, f. 303: Ֆրա 0րսինոյ նոյն այս խնդրագրին հետ ներկայացուցած է ուրիշ երկու հատ, ուր կը նկարագրէ իր վիճակը, յատկապէս` ձախ ձեռքին գօսանալը, որու պատճառով կը կարօտի ծառայի մը` կարենալ ապրելու համար. «Կը համարձակիմ խնդրանքը ընել, որովհետեւ Սուրբ Աթոռէն ղրկուեցայ Հայաստան եւ սուրբ հաւատքին համար տուի արիւնս» (SOCG, vol. 386, ff. 305, 527): 1 հոկտեմբեր, 1626-ի նիստին կ՚որոշուի տալ որոշ գումար ապրելու համար (Acta, vol. 4, f. 155, n. 20):

[25]        Acta, vol. 4, f. 79, n. 17/ Տե'ս նաեւ SOCG, vol. 112, f. 447/ ՀՍ-ի 26 մարտ, 1627-ի նիստին կ՚որոշուի գումար մը ղրկել Նախիջեւանի առաքելութեան   (Acta, vol. 4, ff. 203-204, n. 1, 12):

[26]        ՀՍ-ի դիւանը հանդիպած ենք Չիտտադինոյի 6 եւ 8 ապրիլ, 1616 թուակիր նամակներուն, ուր կը նկարագրէ Ատրպէյճանի հայ բնակիչներու ջերմեռանդութիւնը, աղօթասիրութիւնն ու հոգեւոր հրահանգներու հանդէպ սէրը. «Չկայ եկեղեցի, մանաւանդ թէ չկայ կաթողիկէ հաւատացեալ, որ ամէն երեկոյ եկեղեցի չգայ` ջերմեռանդութեամբ ըսելու սուրբ Կոյսին վարդարանը, որու մասին ծանօթութիւն չունէին ո՛չ աշխարհականներ եւ ո՛չ կրօնաւորներ» (Miscel. varie, vol. 22, ff. 247-248, 251-253): Այս հատորին մէջ կը գտնուի նաեւ Չիտտադինոյի` Նախիջեւանի եւ շրջակայքը իր կատարած առաքելութեան մասին տեղեկատուութիւն մը` տպագիր, լատիներէն լեզուով, “Sincera Relatio” սկզբնաւորութեամբ (ff. 223-228):

[27]        Acta, vol. 3, f. 107, n. 17.

[28]        Acta, vol. 3, f. 109, n. 6.

[29]        SOCG, vol. 384, ff. 369, 381, 382.

[30]        Lettere volgari, vol. 3, f. 130-131. Նամակը հրատարակած է Ակինեան հ. Ն, Մովսէս Գ Տաթեւացի Հայոց կաթողիկոս եւ իր ժամանակը (Ազգային մատենադարան ՃԼԹ), Վիեննա, 1936, էջ 394-395. ուրկէ առած ենք նաեւ մենք:

[31]        SOCG, vol. 293, f. 324.

[32]        SOCG, vol. 293, f. 322.

[33]        SOCG, vol. 293, ff. 332+335.

[34]        Acta, vol. 3, f. 155, n. 13.

[35]        SOCG, vol. 293, f. 300.

[36]        SOCG, vol. 293, ff. 302-304, 330, 331+336, 333+334.

[37]        SOCG, vol. 293, f. 335.

[38]        SOCG, vol. 293, f. 299.

[39]        SOCG, vol. 293, f. 305.

[40]        SOCG, vol. 293, f. 320.

[41]        Acta, vol. 3, f. 183, n. 13-14.

[42]        SOCG, vol. 293, f. 321.

[43]        SOCG, vol. 293, ff. 307, 308.

[44]        SOCG, vol. 293, f. 310.

[45]        Acta, vol. 7, f. 22, n. 10.

[46]        Acta, vol. 4, f. 297, n. 9. Նոյն այս արձանագրութիւնը տե'ս Ակինեան հ. Ն, Մովսէս Գ Տաթեւացի..., էջ 397-398:

[47]        Acta, vol. 4, f. 311, n. 16.

[48]        SOCG, vol. 147, ff. 159-161.

[49]        Acta, vol. 4, f. 317, n. 13.

[50]        Acta, vol. 6, f. 29, n. 13.

[51]        Acta, vol. 6, f. 10, n. 11.

[52]        SOCG, vol. 181, ff. 97-98. Նոյն նամակին լատիներէն թարգմանութիւնը տե'ս SOCG, vol. 293, f. 278, իսկ համառօտութիւնը` ff. 276-277:

[53]        SOCG, vol. 293, f. 277.

[54]        SOCG, vol. 209, f. 175.

[55]        SOCG, vol. 209, f. 354 .

[56]        Acta, vol. 7, f. 34, n. 15.

[57]        Acta, vol. 7, f. 107, n. 2. Նոյնը տե'ս Ակինեան հ. Ն., Մովսէս Գ Տաթեւացիfi, էջ 398-399:

[58]        Acta, vol. 7, f. 126, n. 6.

[59]        Lettere volgari, vol. 10, f. 102. Նոյնը տե'ս SOCG, vol. 209, f. 283:

[60]        Lettere volgari, vol. 13, ff. 3-4, զոր հրատարակած է Ակինեան հ. Ն., Մովսէս Գ Տաթեւացի..., էջ 388-390, ուրկէ առինք նաեւ մենք:

[61]        Այս նամակին առաջին օրինակ մը տե'ս SOCG, vol. 209, ff. 269-270, ուր նամակին թուականն է 22 նոյեմբեր, 1632, եւ վրան կատարուած են զանազան սրբագրութիւններ: Նոյն օրինակը սրբագրուած  տե'ս Lettere volgari, vol. 13, f. 4: Նոյնը ընդարձակ խմբագրութեամբ կը կրկնուի 11 սեպտեմբեր, 1638-ին, եւ հայոց վարժարանին մասին գրութիւնը կը կրկնուի բառացի կերպով (Lettere volgari, vol. 18, ff. 106-107):

[62]        Acta, vol. 8, f. 323, n. 19; f. 332, n. 13. Հայր Յովհաննէս Թադէոս եպիսկոպոս Սպահանի եկեղեցւոյ  համար Հռոմի մէջ գծել տուած է սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մեծադիր պատկերը. գծագրիչն է Alberto de Rossi, որու կանխավճար կը տրուի 100 սկուդ, իսկ մնացած 298 սկուդ ալ` գծագրութիւնը աւարտելուն տալու պայմանով: Կը մեռնի թէ՛ եպիսկոպոսը եւ թէ՛ գծագրիչը, որու կինը ետ կը պահանջէ նկարը կարմեղականներէ, որոնք իրենց կարգին կը պահանջեն 100 սկուդ կանխավճարը: Հարցը երկարելուն, կը միջամտէ ՀՍ-ի Ժողովը: Այս ուղղութեամբ տե'ս հետեւեալ վկայութիւնները` SOCG, vol. 209, ff. 324-328; vol. 13, ff. 1-2; Acta, vol. 10, f. 7, n. 25; ff. 55-56, n. 27; f. 278, n. 19

[63]        Lettere volgari, vol. 13, f. 92.

[64]        SOCG, vol. 115, f. 333.

[65]        Acta, vol. 7, f. 343, n. 14.

[66]        Lettere volgari, vol. 11, f. 78.

[67]        Acta, vol. 7, f. 163, n. 2

[68]        Acta, vol. 7, f. 305, n. 14.

[69]        Acta, vol. 7, f. 321, n. 30 f. 346, n. 22; f. 409, n. 4.

[70]        Acta, vol. 8, f. 7, n. 21; f. 59, n. 3.

[71]        Acta, vol. 8, f. 90, n. 1.

[72]        SOCG, vol. 7, f. 321; Acta, vol. 8, f. 116, n. 1.

[73]        Acta, vol. 10, f. 55, n. 26; f. 64, n. 8.

[74]        Acta, vol. 10, f. 296, n. 8.

[75]        Acta, vol. 12, f. 395, n. 36

[76]        Lettere volgari, vol. 21, ff. 117-118.

[77]        Acta, vol. 16, f. 244, n. 21

[78]        CP, vol. 9, ff. 189-190, n. 4.

[79]        Acta, vol. 18, f. 140, n. 17.

[80]        CP, vol. 7, f. 413.

[81]        Acta, vol. 20, f. 63, n. 1.

[82]        Acta, vol. 21. f. 24, n. 15.

[83]        ՃԵՄՃԵՄԵԱՆ հ. Ս., Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմ, Վենետիկ, 1989, էջ 32-55:

[84]        Յիշեալ մագաղաթեայ անցագիրը տե՛ս SOCG, vol. 59, ff. 188-189:

[85]        SOCG, vol. 291, ff. 105-106.

[86]        SOCG, vol. 117, f. 169.

[87]        Acta, vol. 8, f. 268, n. 3.

[88]        Acta, vol. 8, f. 279, n. 4.

[89]        SOCG, vol. 151 ff 107-108.

[90]        Acta, vol. 10, f. 14, n. 7.

[91]        Acta, vol. 10, f. 25, n. 1.

[92]        SOCG, vol. 151 f 113.

[93]        SOCG, vol. 117, ff. 172, 175.

[94]        Lettere volgari, vol. 13, f. 107.

[95]        SOCG, vol. 151, f. 115.

[96]        Baldassaro Motta հայազգի թարգմանը գտնուած է Հռոմ եւ Պոլիս դառնալուն, ՀՍ-ի Ժողովին գրած է երկու նամակ` 20 ապրիլ, 1632 եւ 5 յունիս, 1633 թուականներով` տալով մանրամասն տեղեկութիւններ Զաքարիա պատրիարքի գահակալութեան եւ կրած նեղութիւններուն մասին (SOCG, vol. 150, f. 184; vol. 117, f. 219):

[97]        23 սեպտեմբեր, 1633-ին Յովհաննէս Մոլինոյ կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ ժանտախտին պատճառով կորսնցուցած է իր աղջիկը. իսկ կինն ու տղան, հիւանդանալով հանդերձ, ազատած են ժանտախտէն (SOCG, vol. 151, f. 101):

[98]        Այս «թարգմանութիւնը» ակնարկ է նոյն նամակին մէջ գրած ուրիշ հատուածի մը, որ կ՚ըսէ. «Կը ղրկեմ Ձեզի Յովհաննէս պատրիարքի [Խուլ] ձեռագիրներու ցանկը, որոնց մէջ կայ  Գրիգոր Տաթեւացիի քարոզները, որ հայերու կողմէ պաշտուելու աստիճան կը կարդացուի: Նա իր գրութիւններուն մէջ շատ գէշ կը խօսի Հռոմի Եկեղեցւոյ մասին: Լաւ կ՚ըլլայ, որ Հռոմի մէջ թարգմանուի եւ պատասխան մը տրուի, որպէսզի հոս [Պոլիս] հայերը կարդան եւ խոնարհին, որովհետեւ զինքը կ՚անուանեն «Անյաղթ-անգերազանցելի»: Ունի քարոզներ ամբողջ տարուան համար. լաւ կ՚ըլլայ այդ ալ թարգմանել, որովհետեւ հոն ալ կան կէտեր` կարօտ պատասխանի: Այդ թարգմանութիւնը, եթէ հաճոյ է պապին եւ մեր ազգին պաշտպան կարդինալ Բորկեզիի, ես ալ կրնամ ընել, որովհետեւ ունիմ փափաք ծառայելու. հոս իմ տէրս հրաման տուաւ ինծի մեկնելու, եթէ Դուք փափաքելու ըլլաք»:

[99]        SOCG, vol. 151, f. 109.

[100]     SOCG, vol. 151, f. 114.

[101]     Acta, vol. 10, f. 32, n. 3.

[102]     SOCG, vol. 59, f. 187. Այս նամակին հետ Մոլինոյ Հռոմ ղրկած է Պօղոս Ե պապէն ստացած մագաղաթեայ անցագիրը` 23 ապրիլ, 1619 թուակիր, ցոյց տալու համար, թէ անցեալին ինք ծանօթ դէմք եղած է Հռոմի մէջ: Անցագիրը տե'ս անդ, ff. 188-189:

[103]     SOCG, vol. 59, f. 186.

[104]     Acta, vol. 10, f. 191, n. 17.

[105]     SOCG, vol. 135, f. 516. Մոլինոյ Գահիրէ գտնուած շրջանին 30 մայիս, 1635 թուակիր նամակով կու տայ հետեւեալ հետաքրքրական լուրը. «Ձեռքս պատահեցաւ Սուրբ Մարիամ Եգիպտացւոց [Հռոմի հայոց հիւրանոցի] մէկ ձեռագիրը Հայոց պատմութեան` 400 տարուան հնութեամբ: Գիրքը ճանչցայ, որովհետեւ Հռոմ ուսանող եղած շրջանիս շատ անգամներ կարդացած էի: Պոլիս գտնուած շրջանիս ալ շատ մը ձեռագիրներու հանդիպեցայ, որոնք նոյն եկեղեցւոյ պատկանած են: Իմ ժամանակս ձեռագիրները շատ զգուշութեամբ կը պահուէին հանգուցեալ տէր Բարթուղիմէոս Աբգարի խնամքով: Ես կը ջանամ ձեռքս հանդիպածը ղրկել Հռոմ, բայց կը տեսնեմ, որ անկից դուրս կ՚ելլեն ու կը ծախուին: Իմ հաւաքածներս կը դարձնեմ Հռոմ` կարդինալ Բորկէզիի ձեռքը, որպէսզի հրահանգ տայ, եւ պահուին գիրքերը» (SOCG, vol. 59, f. 193):

[106]     SOCG, vol. 156, f. 279.

[107]     SOCG, vol. 180, f. 284.

[108]     SOCG, vol. 106, f. 291.

[109]     CP, vol. 2, ff. 30-32.