Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՕՂՈՍ-ՄԿՐՏԻՉ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
24 Մարտ 1692-1701

Սեբաստիանոս արքեպիսկոպոս Քնապ հազիւ իր թեմը հասած, տեսնելով տեղւոյն կարօտութիւնը, 1684-ին Եւրոպա կը ղրկէ գաւառական Հայր ֆրա Պօղոս-Մկրտիչ Յովհաննէսեանը` հանգուցեալ Մատթէոս արքեպիսկոպոսի եղբօրորդին, որպէսզի շրջի եւ հանգանակէ ի նպաստ Նախիջեւանի: Եւրոպա կատարած առաքելութեան մասին ՀՍ-ի դիւանին մէջ չհանդիպեցանք հետքերու, բացի 24 Օգոստոս, 1686 թուակիր թուղթի մը, ուր կը յիշուի իր Հռոմ գտնուիլը եւ Սուրբ Աթոռին ներկայացնելը Քնապ արքեպիսկոպոսի 24 Օգոստոս, 1684 թուակիր նամակը: Ալիշան զանազան աղբիւրներէ հաւաքելով հիւսած է ֆրա Պօղոս-Մկրտիչի Եւրոպա ունեցած գործունէութեան մասին [1]:

  Եւրոպա կատարած իր առաքելութիւնը աւարտելուն կը դառնայ Նախիջեւան, ուր 8 Նոյեմբեր, 1690-ին կը վախճանի Քնապ արքեպիսկոպոս: 8 Նոյեմբեր, 1690-ին կրօնաւորներ ու հաւատացեալներ կը գրեն պապին, իմացնելով թէ` միաձայն հաւանութեամբ ընտրած են իրենց նոր արքեպիսկոպոսը յանձին ֆրա Պօղոս-Մկրտիչ Յովհաննէսեանի. ու կը խնդրեն, որ զայն վաւերացնէ [2]: Նամակն ստորագրած են ութը աշխարհականներ եւ ութը կրօնաւորներ, նախնական գեղագրութեամբ, որ կը մատնէ իրենց զարգացումի մակարդակը: Վանականներն են`

1) Padre Michaele priore Abaraner.

2) Ճահկոյ վանից մեծաւոր տէր Դօմինիկոս.

3) Ապրակոնաց վանից մեծաւոր տէր Գրիգորս.

4) Խօշկաշինու վանուց մեծաւոր Ստէֆանս.

5) Քռնոյ վանից մեծայոր տէր Պետրոս:

4 Յուլիս, 1691 հինգ վանքերու մեծաւորները միասնաբար կը ստորագրեն իտալերէն նամակի մը, հաւանաբար ուղղուած Հռոմի դոմինիկեան ընդհանուր մեծաւորին, որմէ կը խնդրեն, որ ընդունի եւ հաւանութիւնը տայ իրենց թեկնածուին` նոր ընտրուած արքեպիսկոպոսին [3]: Այս զոյգ նամակները առնելով ֆրա Պօղոս վեց ամիս ճամբորդելէ յետոյ կը հասնի Լիվոռնոյ ու 3 Դեկտեմբեր, 1691-ին կը գրէ Հռոմ` «իրենց արքեպիսկոպոսը Քնապ վախճանեցաւ. ժողովուրդն ու վարդապետները զինք ընտրած են անոր յաջորդ, ճամբայ հանած զինքը, ներկայանալու պապին, որ այս առիթով պիտի ներկայացնէ այդ ժողովուրդին կարօտութիւնները եւ թէ վեց ամիս ճամբորդելէ յետոյ հասած է Լիվոռնոյ ու կը խնդրէ, որ իմացնէք իրեն Հռոմի փափաքը» [4]:

Նախիջեւանէն գրուած յիշեալ զոյգ նամակները կը զեկուցուին ՀՍ-ի 14 Յունուար, 1692ի նիստին [5]: 31 Յունուար, 1692-ին կը ներկայացուի ՀՍ-ի Ժողովին տեսակէտը, թէ ֆրա Պօղոս-Մկրտիչ Յովհաննէսեան ունի ամէն պահանջուած յատկութիւն ըլլալու Նախիջեւանի թեմին արքեպիսկոպոս, պապը կու տայ իր հաւանութիւնը [6]: Նորընտիր արքեպիսկոպոսը եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ստացած ըլլալու է 24 Մարտ, 1692-ին եւ իսկոյն կը պատրաստուի մեկնելու իր թեմը, խնդրանք կը ներկայացնէ ստանալու բոլոր այն առանձնաշնորհութիւնները, որ իր նախորդներուն շնորհուած է: Կը խնդրէ նաեւ Հռոմ տպագրուած գիրքեր` տանելու համար Նախիջեւան [7]: Փափաքած գիրքերն են` 3 Կալանոսի Միաբանութիւն հայոց, 3 Համահետեւումն Քրիստոսի, 3 Նորագոյն ծաղիկ, 3 Ձեռբացութիւն fifi, 4 Քերականութիւն (Հոլովի), 5 Մանաւանդական առարկութիւնք, 5 Վարդապետութիւն քրիստոնէական (Բելլարմինոս), 8 Դաւանութիւն հաւատոյ: Խնդրուած գիրքերը շնորհուած են 21 Ապրիլ 1692-ի նիստով [8]: Գիրքերը ստանալուն` 11 Մայիս, 1692-ին ստորագրած է` «Io Fra Paolo Batta Arciv. o di Naxivan ho ricevuto gli sopradetti libri» [9]:

Պօղոս արքեպիսկոպոսը Հռոմէն մեկնելէ առաջ, բացի պապական նամակէն ուղղուած պարսից Շահին, հետամուտ կ՚ըլլայ ստանալու եզական նուէր մըն ալ: 3 Յունիս, 1692-ին Վենետիկի նուիրակին հրահանգ կը տրուի գնել ու պատրաստել 100 տուքադ արժող հայելի մը` Շահին համար նուէր: Պօղոս արքեպիսկոպոս Վենետիկ հասնելուն, 5 Յուլիս 1692-ին կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ 100 տուքադի նուէր մը վայել չէ պապին բարձրութեան համար, ուստի 9 Օգոստոս, 1692-ին կը խնդրէ, որ Հռոմէն սահմանուի նոյնքան գումար եւս արժանաւոր նուէր մը տանելու համար, «ժողովուրդիս կրածին փոխարէն թագաւորին սիրտը սիրաշահելու համար, մանաւանդ որ նոր լուրեր կը հասնին, թէ խստացած է հալածանքը» [10]: Վենետիկի նուիրակն ալ (արքեպիսկոպոս Թեսաղոնիկէի) 5 Յուլիս, 1692 թուակիրով կը զգացնէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ 100 տուքադով չի կարելի գնել բիւրեղ մը Շահին բարձրութեան վայել [11]:

15 Օգոստոս, 1692-ին Պօղոս արքեպիսկոպոս կը մեկնի Վենետիկէն ու 24 Դեկտեմբերին կը հասնի Զմիւռնիա (Պօղոս արքեպիսկոպոս Զմիւռնիոյ մէջ յանձնարարական մը տուած է Հռոմ մեկնող Ստեփանի` որդի Բարսեղի, Սպահանի գլխաւոր հայերէ, կաթողիկէ, «կրնայ օգտակար ըլլալ Սպահանի մէջ կաթողիկէ հաւատքը տարածելու. կը յանձնեմ պաշտպանութեանդ. կը փափաքի համբուրել պապին ոտքը եւ ունենալ քանի մը սուրբերու մասունքներ». յանձնարարականի թուականն է 27 Յունուար, 1693, ուղղուած ՀՍ-ի քարտուղարին) [12]:

Հինգ ամիս ճամբորդելէ յետոյ, 1693-ի Յունիսին, կը հասնի Ապարաներ եւ առաջին նամակով, գրուած Օգոստոս ամսուն, կը հաղորդէ ՀՍ-ի, թէ «անհաւատալի է թուրքերէ հասած վնասը. երկու տարուան ընթացքին 200 կաթողիկէ փախած են եւ եթէ ես ու հետս ճամբորդող վարդապետները ուշանայինք, ամէնքը փախած կ՚ըլլային կամ ուրացած իրենց հաւատքը: Այժմ քաջալերուած են, որովհետեւ Շահին պիտի երթամ ստանալու թոյլտուութիւններ: Այս բոլորին վրայ հասած է նաեւ մարախ եւ այս տարի չեն կրցած հաւաքել ոչ իսկ ցորենի հատիկ մը». կը շարունակէ գրել, թէ ինք Էրզրումի մէջ կողոպտուած է աւազակներէ, ճանապարհի ծախսը սպառած եւ հազիւ վերագտնէ առողջութիւնը` պիտի ներկայանայ Շահին [13]: Նախ 24 Դեկտեմբեր, 1693-ին, ապա 22 Մարտ, 1694-ին Պօղոս արքեպիսկոպոս կը ներկայանայ Շահին եւ ներկայացուցած նամակներուն եւ յատկապէս տարած վենետիկեան բիւրեղեայ զարդին համար կը գտնէ ամէն պատիւ, սակայն գործնական գրեթէ ոչինչ, բացի խոստումէ (այս տեղեկութիւնը քաղած ենք Պօղոս արքեպիսկոպոսի Սպահանէն գրած 13 Մարտ, 1694 թուակիր նամակէն) [14], որ զեկուցուած է ՀՍ-ի 28 Փետրուար, 1695-ի նիստին [15]: 6 Մայիս, 1696-ին Պօղոս արքեպիսկոպոս կը գրէ պապին. «Անցեալ տարի պարսից թագաւորէն  ստացայ Ձեր նամակներու պատասխանը ու յանձնեցի գաւառիս կրօնաւորներէն մէկուն, որ Էրզրում հասնելուն սպաննուած է. Շահին նամակը եւ իմ հաշուետուութիւնս կորսուած, ուր գրած էի, թէ քիչ եղաւ յաջողութիւնը ի նպաստ գաւառիս, որովհետեւ Շահը մեռաւ, իսկ նոր Շահը անփորձ է այս իրերուն: Գիտնայ Սրբութիւնդ, որ մեծ հալածանք կը կրենք անհաւատներէն եւ հերձուածողներէն: Մեզի օգնելու կերպը հետեւեալն է. հաճէր Սրբութիւնդ նամակ մը գրել Շահին եւ Լեհաստանի կամ Ֆրանսայի դեսպանին ձեռքով, որոնք ստէպ այս կողմերը կու գան, որպէսզի Շահէն օգնութիւն գտնենք ու չհալածուինք, ապրինք խաղաղ քու հովանիիդ ներքեւ» [16]:

Պապին ուղղուած նամակի մէջ Պօղոս արքեպիսկոպոսի ակնարկը, թէ «մեծ հալածանք կը կրենք անհաւատներէ եւ հերձուածողներէ», մանրամասն նկարագրուած էր նախապէս 24 Յուլիս, 1694 թուակիր նամակով, ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին. պատմելով Շահին անցուցած շռայլ եւ մեղկ կեանքը, որու ներքինիներէն մէկուն անգութ եղբօր ձեռքին է Նախիջեւանի կառավարումը եւ յոյս չկայ Շահէն շնորհք մը ստանալու ի նպաստ տառապող ժողովուրդին: Ապա կ՚անցնի պատմելու, թէ Սպահանի մէջ լատին նորընտիր եպիսկոպոսը` Եղիա, Շէհրիմանեան եղբայրներու օժանդակութեամբ, կը ձեռնարկէ շինելու եկեղեցի մը, սակայն Ստեփանոս վարդապետ Ջուղայեցի կը սկսի հալածանքը եւ թուրքերու օժանդակութեամբ կը վտարէ բոլոր լատին միսիոնարները [17]: Զանց կ՚ընենք մտնելէ աւելի մանրամասնութիւններու մէջ, չզիջելու համար մեր գլխաւոր նիւթը:

Պօղոս արքեպիսկոպոս մարդասիրութենէ մղուած, տեսնելով իտալացի Եղիա եպիսկոպոսի եւ անոր կրօնակիցներու խեղճութիւնը, կը հիւրասիրէ իր մօտ: Ժամանակ մը յետոյ կը ծագի տարաձայնութիւնը երկու եպիսկոպոսներուն միջեւ: Պօղոս արքեպիսկոպոս 6 Յունիս, 1696 թուակիր նամակով կը դիմէ ՀՍ-ի միջամտութեան, քանի որ Եղիա եպիսկոպոսը ձեռքին ունէր ՀՍ-ի վճիռը, որու զօրութեամբ իր իրաւասութեան սահմանները կը տարածուէին Վրաստան, Փոքր Հայք ու Մեծ Հայք, երկրամաս մը, որու մէկ ծայրէն միւսը երեք ամսուան ճամբայ է, եւ յատկապէս վնասաբեր Նախիջեւանի թեմին: Ուստի Պօղոս արքեպիսկոպոս կը խնդրէ ՀՍ-ի Ժողովէն, որ յստակէ հարցը եւ ինք մնայ իր իրաւական սահմաններուն մէջ, այն է` Ատրպէյճան, որ է Մեծ Հայք, Թաւրիզ եւ Երեւան քաղաքներով, ուր Եղիա եպիսկոպոսը չի կրնար միջամտել [18]: ՀՍ-ի 26 Փետրուար, 1697-ի նիստին կը զեկուցուի նամակը եւ կը տրուի լուծումը, խաղաղացնելով մթնոլորտը, սակայն Պօղոս արքեպիսկոպոսի խնդրած 2000 սկուդի օժանդակութեան, վճարելու համար վանքին պարտքերը, կը տրուի ժխտական պատասխան [19]:

Պապին միջամտութիւնը կը մեղմացնէ կարգ մը դժուարութիւններ: Պօղոս արքեպիսկոպոս 4 Հոկտեմբեր, 1696-ին կը գրէ թէ Շահը 400 սկուդ թեթեւացուցած է տարեկան տուրքէն, հրահանգ տալով, որ ամառուան ընթացքին չպակսեցնեն ջուրը քրիստոնեաներէն եւ կարգ մը զինուորներ, որոնք բնակելով Ապարաների շրջակայքին մէջ կը նեղէին բնակիչները` հեռացուին, որպէսզի ժողովուրդը որքան կարելի է ապրի խաղաղ: Այս բոլորին փոխարէն կը սկսի շրջիլ լուր մը, թէ Շահը Նախիջեւանէն պէտք է հաւաքէ փոքր աղջիկները, ինչ-որ ժողովուրդին մէջ կը ստեղծէ ահագին յուզում [20]: 1696-ին Պօղոս արքեպիսկոպոս Հռոմ ղրկած է ֆրա Յովհաննէս Առամալցի (da Sumal), որ հետը բերած է երկու աշակերտ, մին Ուրբանեան վարժարանի համար եւ միւսը` իր միաբանութեան համար: 15 Ապրիլ, 1697-ի նիստին ֆրա Յովհաննէս ՀՍ-էն կը խնդրէ անոնց համար ըրած ծախսը, որպէսզի դառնայ Նախիջեւան: Կը տրուի 40 սկուդ (Acta, vol. 67, f. 91, n. 5): Նախիջեւանէն հասնող ուսանողին անունը հաւանաբար ըլլայ ֆրա Պետրոս, որ 1696-ին թողած է յիշատակարան մը ջահկեցիներու Միսալին մէջ:

Ունինք վերջին նամակ մը Պօղոս արքեպիսկոպոսէ գրուած Ապարաներէն 1 Սեպտեմբեր, 1698-ին, ուր կը ներկայացնէ իր կրօնակիցներու եւ հաւատացեալներու անհաւատներէն կրած հալածանքը, որ կը գերազանցէ նախորդ տարիներունը, ուստի կը խնդրէ պապին յանձնարարական նոր նամակ մը գրուած Շահին, ինչպէս նաեւ տարեկան թոշակը [21]: ՀՍ-ի Ժողովը իր 4 Մայիս, 1699-ի նիստով կը մտածէ պայմանի մը մասին ու թոյլ կու տայ, որ Պօղոս արքեպիսկոպոս զանց ընէ  28 Յուլիս, 1626-ի վճիռին համաձայն Հռոմ կատարելիք եօթամեայ այցելութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը չմնայ անտէր [22]:

Պօղոս արքեպիսկոպոսի գահակալութեան տարիներուն, լատին միսիոնարներ աւելի մօտէն շփում ունենալով Նախիջեւանի թեմին հետ, տեսնելով անոր տարուէ տարի տկարանալը եւ անհետանալու վախը, կարծէք վերջին փորձի մը մասին մտածելով, կը խորհին վերակենդանացնել վարժարան մը, պատրաստելու նոր սերունդ:

Ալիշան կը գրէ թէ 1694-ին դոմինիկեաններու ընդհանուր ժողովին «հաստատեցան վերստին սահմանեալքն 50 ամաւ յառաջ վասն դաստիարակութեան նորընծայից միաբանողանացն, գալ նոցա յԻտալիա, մարզիլ ի վանորայս իւրեանց եւ վերադառնալ անդրէն» [23]:

Այս գաղափարին հետ կը մշակուի դեռ նախորդ ծրագրի մը իրագործումը. այն է` առանձին վարժարան մը այլազան նպատակներու համար: Այս գաղափարը կը ծագի Պոլոնիացի (Իտալիա) Fra Dom. Maria Cleani-է, թէ քրիստոնէութիւնը վտանգի մէջ է, կորսուելու սպառնալիքի տակ, յատկապէս Հայաստանի մէջ, եթէ Իտալիայէն 4-5 կրօնաւորներ չղրկուին օգնելու համար անոնց: Կ՚առաջարկէ, որ ՀՍ-ը ստանձնէ անոնց ամբողջ ծախսը, որպէսզի հայերու մէջ մտնելով գործեն, որու պտուղը կրնայ տեսնուիլ աւելի ուշ [24]:

Ներկայացուած աղերսագիրը շատ ընդհանուր է եւ չկայ առաջարկ վարժարան մը բանալու, մինչ Թոսքանայի դուքսը` Cosimo Terzo, 1 Մարտ, 1695 թուակիրով ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին, կը գրէ նոյն անձին, Fra Dom. Maria Cleani-ի մասին, թէ դարձած Պարսկաստանէն եւ Հայաստանէն, կ’առաջարկէ հաստատել վարժարան մը աւելի պտղաբեր առաքելութիւն ընելու եւ հոգիներ դարձի բերելու նպատակով, որովհետեւ կարելի է հայ պատանիներու սորվեցնել թէ' հոգեւոր եւ աշխարհիկ գիտութիւն, որոնցմէ կարելի է պատրաստել նաեւ կղերականներ: Դուքսը լսելով այս առաջարկը, կը գրէ. «Չենք կրնար մենք անտարբեր մնալ նման գաղափարի դիմաց եւ կը յանձնարարենք ձեզի ալ, որ նկատի առնէք այս միսիոնարին եռանդը: Մանաւանդ թէ առաջարկուած վարժարանը կարելի է հաստատել հոս, այս նաւահանգիստին վրա (իմա' Լիվոռնոյ), ու մեր կողմէ ամէն օգնութիւն կը խոստանանք կատարել»: Կը յիշատակէ, թէ այս վախճանին համար արդէն Վենետիկի դրամատուն պահեստի դրուած են 12. 000 սկուդ, ուրիշ 10. 000 ալ հաւաքուած է քրիստոնեայ աշխարհէն. «ինչ որ կարելի է ի նպաստ վարժարանին գործածել, որպէսզի շատ միսիոնարներ պատրաստուին ի շահ եկեղեցւոյ տարածումին, որու դուք եւս հետամուտ էք» [25]:

Նման շեշտով է Ֆիրենցէի դոմինիկեան սուրբ Մարքոյ վանատան մեծաւորին նամակը, 7 Մարտ, 1695 թուակիր, հաւանաբար  գրուած Հռոմի իրենց ընդհանրական մեծաւորին: Նամակագիր Fra Tommaso Betti կը խօսի հայոց հիմնուելիք վարժարանին մասին. «հոս` Լիվոռնոյ կամ ուր դուք պատշաճ կը նկատէք, պատրաստելու համար եռանդուն կրօնաւոր առաքեալներ, սորվեցնելով անոնց պարսկերէն, հայերէն, թրքերէն, արաբերէն, միսիոնար ըլլալու համար տալով անոնց հարկաւոր բոլոր գիտութիւնները. միաժամանակ արգիլելով Նախիջեւանի գաւառին, որ չկարենան ընդունիլ նորընծաներ` եթէ ոչ անոնք, որ կատարած են այս նոր վարժարանի ամբողջական ընթացքը. դնելով խիստ օրէնք, որ վարժարանի աշակերտները քանի մը տարուան ընթացքին ուսումները աւարտելով պարտական են դառնալ իրենց երկիրը, աշխատելու այդ այգիին մէջ, ուր պակաս էր մշակը եւ առատ անմշակ հողը: Այս նպատակին համար Վենետիկի դրամատունը կայ արդէն գումար մը, որ եթէ Padre Cleani դժուարութիւն ունենայ ստանալու, կրնաք դուք միջամտել. նոյն նպատակին համար ՀՍ-ն ալ ունի որոշ գումար: Վերջապէս Padre Cleani կը յանձնեմ ձեզի, որ եռանդով լեցուն է» [26]:

Այս շարժումը հաճելի չէր կրնար անցնիլ Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսին, որովհետեւ հեռու պիտի ըլլար իր վարժարանը իր սահմաններէն եւ անորոշ արդիւնքը, մինչ իր աչքին տակ ըլլալու պարագային կրնար աւելի ապահով զգալ: Չենք գիտեր, թէ վերեւ առաջարկուած ծրագիրը ինչ կերպով հասած է Նախիջեւան. ահա պապին կը ներկայացուի աղերսագիր մը, Պետրոս Մխիթարցի (Michitarezzi) հայ դոմինիկեանէն, խնդրելով, որ Ապարաների մէջ վերահաստատուի վարժարանը: Աղերսագիրը անցած է ՀՍ-ի Ժողովին, որ 18 Օգոստոս, 1698-ի նիստին կը քննէ եւ ոչ մէկ պատասխան կու տայ, շատ հաւանաբար, հարցը միաբանական ըլլալով, յանձնելով դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին [27]:

Դոմինիկեան ընդհանրական մեծաւորը, տեղեակ իր միաբանութեան բոլոր հարցերուն, պապին կը ներկայացնէ գրութիւն մը, ներկայացնելով իր մէկ ծրագիրը վերարծարծելու համար այն առաքելութիւնը, որ ունին 400 տարիներէ ի վեր Պարսկաստան, Հայաստան ու Սպահանի մէջ: Իրեն համաձայն այժմ առաքելավայրերու չզարգանալուն եւ չյառաջադիմելու գլխաւոր պատճառը անոնց յետին աղքատութիւնն է, քանի այդ վանքերու կրօնաւորները ապրելու համար չարաչար պարտական են նուիրուիլ նաեւ դաշտի ու ձեռային տաժանակիր աշխատանքին:

Դոմինիկեանց մեծաւորը իրը կ՚ընէ Fra Gio. Bartolomeo Torre di S. Giacinto-ի 11 Սեպտեմբեր, 1697 թուակիր նամակով ներկայացուցած ծրագիրը, այն է` հիմնել նորընծայարան մը Արեւելքի համար (Պարսկաստան եւ Հայաստան) Հռոմի կամ Սպահանի մէջ, որու պատասխանատուութիւնը յանձնուի եւրոպացի երկու կամ երեք կրօնաւորներու: Առ այս գործածել Cittadini արքեպիսկոպոսի Նախիջեւան վարժարան մը հիմնելու համար հաստատած գումարը, որ առատօրէն բաւարար է երկու կամ երեք կրօնաւոր ապրեցնելու համար, մանաւանդ որ նոյն այդ գումարով է որ, - դիտել կու տայ դոմինիկեան ընդհանրական մեծաւորը, - անցեալին, Կալանոսի օրերուն, Հռոմի մէջ հաստատուեցաւ հայոց համար վարժարան ու յուսացուած պտուղը ձեռք չբերելով` փոխադրուեցաւ Լէոպոլիս տարեկան 600 սկուդով: Դեռ աւելի մանրամասնութեան անցնելով, կըսէ` այդ դրամագլուխը տարեկան կը բերէր 529 սկուդի շահ, այսօր` 353 սկուդ, իսկ Սուրբ Ժողովը 1658 տարիէն սկսեալ Լէոպոլսոյ վարժարանին տարեկան կանոնաւոր վճարած է 600 սկուդ, աւելի քան դրամագլուխէն եկած շահը [28]:

Այս ընդարձակ գրութիւնը անցած է ՀՍ-ի Ժողովին, որ 9 Փետրուար, 1699-ի նիստին քննած է, առանց սակայն դրական քայլ մը առնելու [29]: Ասով հանդերձ կը տեսնենք շարժում մը այս ուղղութեամբ, որովհետեւ Հռոմի Santa Sabina դոմինիկեանց վանահայրը աղերսագիր կը ներկայացնէ ՀՍ-ի Ժողովին, որու 4 Մայիս, 1699-ի նիստին արձանագրութեան մէջ կը կարդանք. «Santa Sabina-ի վանահայրը աչքի դիմաց ունենալով մեր Սուրբ Ժողովին տուած վերջին վճիռը, կ՚ըսէ թէ` քանի մը օրէն պիտի բացուի նոյն վանքին մէջ ուսումնարան մը (uno studio), սորվեցնելու համար այն կրօնաւորներուն, որոնք պիտի մեկնին Պարսկաստան` ուսուցանելու հայերուն: Նոյն ուսումնատան մէջ հարկ ըլլալով կարդալ հայերէն լեզուով, նոյն վանահայրը կը խնդրէ, որ հոգացուին հայերէն լեզուով գիրքերը վեց ուսանող կրօնաւորներու համար» [30]:

Այս շարժումին արդիւնքը պիտի չտեսնէ Նախիջեւանի Պօղոս արքեպիսկոպոսը, որ 1 Սեպտեմբեր, 1698-ին կը գրէ Վենետկոյ դոմինիկեան գործակատար Հայր Կալլոյի, թէ «եղաւ տարի մը, որ հիւանդ եմ. այս օրհնեալ երկրին մէջ ոչ բժիշկ կը գտնուի եւ ոչ դեղ» (տե'ս Հաւաքածոյ Ալիշանի): 45 տարեկանին ընտրուած էր արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի ու 51 տարեկանին կը գրէ այս տողերը: ՀՍ-ի Ժողովն ալ մտահոգ Նախիջեւանի կարօտութիւններուն, կը դիմէ Վիեննայի լատին կրօնաւորներուն, որպէսզի օգնութեան երթան Նախիջեւանի թեմին: Fra Felice Մարիա քաբուչինը Վիեննայէն 26 Մայիս, 1699-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ պատրաստ է երթալու Նախիջեւան, սակայն ոչ առանց նուէր մը տանելու Շահին ու կը խնդրէ 100 սկուդ, բացի 150 սկուդ տարեկան թոշակէն [31]: Իսկ Fra Corrado dell'Assunta կարմեղականը, 10 Յունիս, 1699-ին Վիեննայէն կը գրէ ՀՍ-ի նախագահին. «Զիս կը յորդորէք, որ օգնութեան երթամ Նախիջեւան` դոմինիկեան հայերուն, բայց չեմ գիտեր, թէ ի՞նչպէս կարելի է հոն օգտակար ըլլալ, որովհետեւ Պարսկաստան կը նմանի Գերմանիոյ, քանի ոչ իսկ թագաւորը կարող է վերցնել զինուորներու անգթութիւնը: Կրնամ երթալ ու աղաչել Շահին, սակայն գիտեմ նաեւ, որ աղաչանքս ոչ մէկ պտուղ պիտի ունենայ: Սակայն պատրաստ եմ երթալու եւ արիւնս անգամ թափելու» [32]:



[1]           ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ. Սիսական, էջ 401: Պօղոս արքեպիսկոպոս Յովհաննէսեանի եղբօրորդին` Դաւիթ Յովհաննէսեան (Avanisens) 21 նոյեմբեր, 1677-ին աշակերտած է Հռոմի Ուրբանեան վարժարանին, 19 տարեկան հասակին: Ծնած է Նախիջեւան, հօր անունն է Ճանսա (Giansa), մօրը` Մարգարիտ, 6 մարտ, 1684ին հրաման տրուած է, որ ստանայ եկեղեցական փոքր աստիճանները (խնդրագիրը` SOCG, vol. 490, f. 114; Acta, vol. 54, f. 16, n. 12): 1687-ին կ'անդամակցի դոմինիկեաններու ՀՍ-ի 21 ապրիլ, 1687-ի նիստի թոյլտուութեամբ (Acta, vol. 57, f. 60, n. 9): Երկու տարի յետոյ զինքը կը գտնենք Մարսիլիա, fra Giacinto David Avanisense անունով, 10 փետրուար, 1689-ին կը գրէ Հռոմ կանոնիկոս Buonavicini-ի, իմացնելով թէ` կը կատարելագործէ աստուածաբանական ուսումները, սպասելով իր հօրեղբօր, այն է ֆրա Պօղոս-Մկրտիչ Յովհաննէսեանի, «որ Սպանիա գացած էր կարեւոր խնդիրներու համար եւ այժմ հասաւ Մարսիլիա. մեկնելու վրայ էինք, երբ վախճանեցաւ տէր Թոմաս Հայրապետ»: Ազգայիններ կը դիմեն քաղաքին եկեղեցական իշխանութեան, զինքը ունենալու համար իրենց հովիւը: Մինչ այս «հօրեղբայրս մեկնեցաւ Livorno, ուրկէ պիտի երթայ հայրենիք, իսկ ես մնացի հոս» ու կը խնդրէ կանոնիկոսէն, որ բարեխօսէ ՀՍ-ի քարտուղարին մօտ, որպէսզի ինք մնայ Մարսիլիայ (SOCG, vol. 503, f. 291): ՀՍ-ի 25 մարտ, 1689-ի նիստին այս հարցը «կը յետաձգեն» (Acta, vol. 59, f. 95, n. 12): Fra Giacinto Դաւիթ անմիջապէս մեկնած ըլլալու է Նախիջեւան, ուր երկու տարի մնալէ յետոյ ղրկուած է Սպահան, ուրկէ գրած է հետեւեալ կարեւոր նամակները. 24 յունուար եւ 22 ապրիլ, 1692-ին` Սուրբ Ժողովին կը տեղեկացնէ Սպահանի մէջ պատահած եկեղեցական հալածանքները Եղիազար կաթողիկոսի մահէն յետոյ (SOCG, vol. 516, f. 141-148; Acta, vol. 62, ff. 145-147, n. 10): Հետաքրքրական է նաեւ իր հօրեղբօր` Պօղոս արքեպիսկոպոսի ուղղած 22 ապրիլ, 1692 թուակիր նամակը, որ մեկնած էր Հռոմ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալու համար (SC Armeni, vol. 4, ff. 224-225): Fra Յակինթոս Սպահան գտնուած շրջանին յանձնարարական գիր մը տուած է Գասպար Սահրատի` որդիի Բարսեղի, որ կ’երթար Հռոմ Ուրբանեան վարժարանի աշակերտելու համար (SC Armeni, vol. 5, f. 664): Fra Յակինդոսի մասին բարի վկայութիւն կուտան դոմինիկեանց ընդհանուր մեծաւորը եւ Պիդու եպիսկոպոսը (SOCG, vol. 517, f. 301-302; Acta, vol. 63, f. 145-147, n. 10; vol. 64, f. 53-55, n. 26)

[2]           SOCG, vol. 511, f. 19.

[3]           SOCG, vol. 511, f. 18.

[4]           SC Armeni, vol. 4, f. 193.

[5]           Acta, vol. 62, f. 4-5, n. 8.

[6]           Udienze, vol. 3, մոռցուած է  fol.

[7]           SOCG, vol. 512, f. 25-26.

[8]           Acta, vol. 62, f. 82, n. 11.

[9]           SC Armeni, vol. 4, f. 221.

[10]        SC Armeni, vol. 4, f. 239-240, 245, 255.

[11]        SC Armeni, vol. 4, f. 142.

[12]        SC Armeni, vol. 4, f. 278.

[13]        SC Armeni, vol. 4, f. 302.

[14]        SOCG, vol. 520, f. 181.

[15]        Acta, vol. 65, f. 37, n. 2.

[16]        SC armeni, vol. 4, f. 403.

[17]        SC Armeni, vol. 4, f. 331-332.

[18]        SOCG, vol. 680, f. 197+200.

[19]        Acta, vol. 67, f. 33-35, n. 13.

[20]        Նամակը զեկուցուած է 20 յուլիս, 1696-ի ժողովական նիստին, որու արձանագրութենէն քաղած ենք այս մանրամասնութիւնները (Acta, vol. 67, f. 253, n. 13):

[21]        SOCG, vol. 533, f. 48-49.

[22]        Acta, vol. 69, f. 139-140, n. 14.

[23]        ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ. Սիսական, էջ 401:

[24]        SC Armeni, vol. 5, f. 606.

[25]        SC Armeni, vol. 5, f. 407.

[26]        SC Armeni, vol. 5, f. 608.

[27]        Acta, vol. 68, f. 244, n. 3. Համապատասխան 531 հատորին մէջ ոչ մէկ վկայութիւն կը գտնենք այս ուղղութեամբ, բացի ժողովական նիստի արձանագրութիւններէն:

[28]        SOCG, vol. 532, ff. 206-217.

[29]        Acta, vol. 69, ff. 44-47, n. 15.

[30]        Acta, vol. 69, f. 137, n. 8.

[31]        SC Armeni, vol. 4, f. 594.

[32]        SC Armeni, vol. 4, f. 598