«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖԷՄԻՆԻԶՄԻ ԱՌԹԻՒ

Վերջերս չեմ գիտեր ի՛նչպէս առիթը ներկայացւա որ մեր կին գրողներէն երկուքը (Սիպիլ եւ Զարուհի Գալէմքեարեան) իրենց կարծիքը յայտննեն ֆէմինիզմի մասին Ծաղիկ ի մէջ. բնականաբար, ինչպէս կ’ըսէին այդ ազնիւ Տիկինները, կնոջ հարցը ո եւ է կնոջ համար շահագրգիռ է եւ ինչ ալ ըլլան նախասիրութիւնները ամէն կին կը տարուի իր կարծիքը յայտնելու այդ մասին։

Անձնական ըղկարծիք մը յայտնի է որ հիմնուած կ’ըլլայ անհատական խառնուածքի եւ նկարագրի վրայ եւ ատով իսկ նուիրական է նոյն իսկ անոնց՝ որոնք հակառակ կարծիք ունին. նաեւ անձնական համոզում մը որոշակի յայտնելու մէջ քաջութիւն եւ ինքնավստահութիւն կայ անշուշտ երբ մանաւանդ այդ համոզումը մեծամասնութեանը չէ։

Ահաւասիկ թէ ինչո՞ւ ինքնին հետաքրքրական է մեր ամէնէն զարգացած կիներէն մինչեւ խոնարհ մտաւորականութեան մէջ գտնուող կիներուն կարծիքը. անիկա մասամբ պիտի ցոյց տայ մեզի թէ դէպ ի ո՛ւր կ’ընթանանք, թէ ընդհանուր մտաւորական շարժումը ֆէմինիզմի ի նպա՞ստ է թէ ոչ։

Առ այժմ սպասելով աւելի կատարեալ enquêteի գոհանանք մեր երկու ազնիւ գրագիտուհիներու կարծիքովը։ Նախ ըսեմ թէ իմ նպատակս չէ ֆէմինիզմի ի նպաստ դարձնելու ինչ որ տարտամ եւ անորոշ մնացած է այդ երկու յօդուածներուն մէջ որոնք այնքան թեր կրնան համարուիլ որքան դէմ, մինակ թէ պիտի ցանկային որ տիեզերական հանգամանք ունեցող այս խնդիրը որ մէկէ աւելի գիտուններու, իմաստասէրներու եւ գրագէտներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է իր վրայ, աւելի լրջութեամբ ի նկատի առնուէր եւ յեիոյ անիկա չըլլար պատճառ մը անիրաւ եւ անվեհանձն խօսքեր ուղղելու տեսակ մը կիներու որոնք դժբաղդութիւններ ունեցած են եւ որոնք ստիպուած են աշխատիլ իրենց հացը ճարելու։ Հոս մասնաւորապէս պիտի զբաղիմ Տիկին Զարուհիին յօդուածով, որուն մէջ յայտնի կերպով ձգտում կայ երջանիկ եւ դժբաղդ դասակարգերուն մէջ որոշ սահման մը դնելու. այսինքն թէ անոնք որ երջանկութիւնն ունին կարող եւ բարեկեցիկ հայր ու ամուսին ունենալու, անոնքիրաւունք ունին գեղեցիկ եւ կին մնալու իրենց փափուկ եւ նրբին ձեռքերով, տնական հաճելի գործեր ընելու, ոնոնք իրաւունք ունին զօրաւոր եւ հսկայ հանճարի մը, տունը սիրելու հանճարին (?). իսկ դժբաղդնե՞րը, ի՞նչ կ’ըլլայ, թող անոնք աշխատին, ահաւասիկ պարագայ մը ուր ըստ Տիկին Զարուհիի ֆէմինիզմը օգնութեան կը հասնի, այլ եւ կնոջ հացը ճարելու համար աշխատութեան հետեւանք եղող վատթարացումները նկատի չեն առնուիր, ի՞նչ կ’ըլլայ, աղքատ կինը պէտք չէ շատ դժուարահաճ ըլլայ, իրաւ է որ վառարանին քովը իր տղեկը օրօրելը աւելի սիրուն բան է, բայց հաց պէտք է եւ կարող ամուսինմը չկայ որ պակսած հացը հայթայթէ բոյնին, ու աղքատ կինը պէտք է զրահաւորէ իր սիրտը բոլոր գորովանքներու, բոլոր մայրական սիրոյն եւ խանդաղատանքներուն դէմ, պէտք է մոռնայ իր բոյնին հանգստաւէտ հանդարտութիւնը դուրսի ժխորին մէջ մտնելու համար. բայց ասոր դէմ բողոքող չի կայ, ասոր դէմ ցաւի ճիչ մը ունեցող չի կայ եւ ահաւասիկ ինչ որ սակայն հաճելի պիտի ըլլար լսել մեր կիներէն։

Անմիջապէս ըսենք թէ մեզի համար խնդիրը բոլորովին տարբեր հանգամանքով կը ներկայանայ. եթէ ֆէմինիզմ անուամբ խօսինք կրնանք սխալ հասկցուիլ. անիկա առաձգական բառ մըն է որ իր մէջ նոյն իսկ ներհակ գաղափարներ կը պարունակէ եւ կրնայ ըլլալ որ անոնց մեծ մասին համամիտ չըլլանք. այլ սակայն հոս կ’առնենք ֆէմինիզմի ամէնէն էական կէտը, գլխաւոր պայմանը, աշխատութիւնը, պէտք է որ կիները աշխատին ինչպէս ամէն կենդանի էակ. պէտք է որ դադրին մակաբոյծներ ըլլալէ, պէտք է որ դադրին ուրիշի մը՝ ըլլայ այդ ամուսին, հայր, եղբայր, եւայլն. կորովին, սպառած ջանքերուն, յոգնութեանարդիւնքը շռայլել անպատկառօրէն, առանց այդ ջանքերուն մասնակից ըլլալու, պէտք է որ դադրին կ’ըսենք ուրիշի քսակը գործածելու նախ արժանապատուութեան եւ վեհանձնութեան զգացումով եւ յետոյ որովհետեւ իրենց պարտքն է. ամէնկենդանի էակի նուիրական պարտականութիւնն է իր գոյութիւնը ապահովել ինչ չափով որ կրնայ, ու այդ չափէն աւելի վայելելու իրաւունք չունի. երբ աշխատութիւն կ’ըսենք բնականաբար չեն հասկնար այնպիսի աշխատութիւններ որ կնոջ բնութեան հակառակ են եւ հետեւաբար վատթարացնող, բայց վերջապէս, արտաքոյ կարգի իմաստութեան մը պէտք չկայ հասկնալու համար թէ ամէն ոք իր խառնուածքին համեմատ գործ մը պէտք է ընտրէ. եւ այս պարզ խնդիրն է սակայն որ չէ հասկցուած եւ որ միշտ թիւրիմացութեանց տեղի տուած է։ Եւ յետոյ աշխատութիւնը կը դաւանինք ամէնուն համար առանց բացառութեան դասակարգի, կարողութիւններու եւայլն. մենք սիրտ չունինք ըսելու թէ հարուստը այսպէս ընէ աղքատը այնպէս. անտարակոյս նուազ բաղդաւորը խելացի բան մը կ’ընէ իր կարողութեանը համեմատ ասպարէզի մը մէջ մտնալով ուր սակայն բարձրացման սերմերը ըլլան. ասկէց զատ իմ մասիս ոչ միայն անտրամաբան այլ նաեւ անիրաւ կը գտնամ ըսելը թէ ֆէմինիզմը լաւ է աղքատներուն համար եւ թէ հարուստները, բարեկեցիկները պէտք չունին անոր, թող այս վերջինները հաճելի եւ հրաշալի տունը սիրելու հանճարովը գոհանան։

Եւ իրաւ, արդէն ո՞վ իր տունը չի սիրեր, եւ շատ աւելի դուրսը աշխատողը չէ՞ որ տունին կարօտը ունի, իր անկիւնին բաղձանքը օրն ի բուն ուրիշներուն տանը կամ գործատեղին դեգերելէ ետքը. քիչ մը անգութ չէ՞ ըսելը այդ անժառանգներուն այդ անբաղդներուն որոնք յաճախ իրենց զաւակը սնուցանելու հրճուանքէն զրկուած են։ «Նայեցէ՛ք մենք ինչպէս տունը կը նմանք, մեր տունը կը զարդարենք, մեր տանը գործերով կը զբաղինք (et encore!) կը թողունք որ մեր ամուսիններուն գորովանքովը շրջապատուինք մեր զաւակներուն սիրելի բեռը ունենանք թեւերնուս վրայ, մինչդեռ դուք այդ բաներէն զրկուած էք որովհետեւ կ’աշխանինք»։

Նաեւ հոս անհրաժեշտ է ըսել թէ հաց ճարելու համար աշխատողները խիստ շատ անգամ աւելի կը զբաղին տնական գործերով քան թէ բարեկեցիկ տիկինները եւ այդ պարագան համարժէք դնելը լուրջ աշխատութեան մը դէմ, պարզապէս մեր աչքին փոշի փչել է. ու յետոյ վերջապէս տունի գործերը կը վերջանան, յաւիտենականութիւն մը չեն կրնար ըլլալ, բաւական անճարակ ըլլալու է կին մը եթէ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն գլուխը չի կրնայ ազատել վերջապէս abrutissant գործերէն. կ’ընդունիմ որ յաճախ տանը գործերով զբաղիլը անհրաժեշտութիւն մըն է կնոջ համար եւ իր առաջին պարտականութիւը, բայց անով պարծենալ, անոր մէջ մասնաւոր հաճոյք մը զգալ քիչ մը հետքերն են մեր մամիկներուն տարօրինակ ճաշակներուն որով երբ ուրիշ գործ չէին կրնար գտնալ եւ երբ դրացիները բաւական բամբասած էին իրենց երկայն անգործ ժամերուն մէջ, ձանձրոյթէն տախտակ շփելու կ’ելլէին եւ կամ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն բաղնիքը կը մնային ըէս թմրած վիճակի մէջ։

Ինքզինքը գիտցող կին մը այսօր ոչ կը գանգատի տնական գործերէն ոչ անոնցմով կը պարծենայ. բարքերը փոխուած են. ինչպէս ամէն այրէ՝ կիներէ ալ կը պահանջուի այնպիսի յատկութիւններ որ բարեբաղդաբար առանց դասակարգի խտրութեան կրնան գտնուիլ ամէնէն խոնարհ ինչպէս ամէնէն բարձր շրջանակի մէջ ապրող կնոջ քով եւ որոնք մասամբ պատճառ կ’ըլլան ամէնէն արժէքաւորները, ամէնէն խելացիները, ամէնէն տաղանդաւորները իրարու մօտիկցնելու, ինչ որ չեն կրցած ընել մինչեւ հիմա ոչ կրօնական եւ ոչ ալ աշխարհական շատ մը սկզբունքներ։

Մտաւորական բարձրութիւնը որ միայն աշխատութիւնով կը նուիրագործուի, կնոջ համար ինչպէս այր մարդուն ընկերային բարձրութիւնը կ’ապահովէ այսօր, տեսակ մը ազնուականութիւն կը կազմէ որուն անդամները կրնան ընտրուած ըլլալ ամէն խաւերէն։ Բայց, ազնիւ Տիկին, ապահով կրնանք ըլլալ որ հոգ ընելու պէտք չի կայ թէ ֆէմինիզմը որ աղքատներուն համար լաւ կը գտնէք՝ բարեկեցիկ ընտանիքներու մէջ ալ պիտի սպրդի. ըլլայ կին, ըլլայ այր, մարդկային արարածներ կան որոնց վրայէն ամէնէն վեհանձն եւ ամէնէն սրտապնդող, աշխատութեան եւ կատարելագործումի հրաւիրող սկզբունքները կ’անցնին կ’երթան, կը փճանան, առանց զիրենք դղրդելու ինչպէս ամէնէն բեղմնաւոր սերմերը ամուլ հողերու վրայ։