«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՅԹՈՒԱԾՔ

Մեղու այս օրերս ապահովութեան սենեակ մը բացած է, եւ կ՚ապահովէ այն ամէն բաները, որք կորսուելու ենթակայ են:

Ուզողը կրնայ մեզ գտնել եւ ուզածը սիկուրթայ ընել:

Առ այժմ սիկուրթայի դրուածները հետեւեալներն են.

1. Պեկեան էֆենտիի փաստի կողովները:

2. Տէրոյենց պատուելիին համբաւը:

3. Մանզումէին ականջները:

4. Ասիային սկզբունքը:

5. Պտտիլ շատ սիրող կնիկները:

6. Բաղնիք գացողներուն ծխախոտի տուփը:

7. Պատրիարքարան գացող եւ դռնապանին պախշիշ չտուողներուն ոտքի ամանները:

8. Շոգենաւ մտնելով քնացողներուն պիլեթները:

9. Իզմիրցոց` Խորէն եպիսկոպոսին վրայ ունեցած համարումը:

10. տին առաջնորդութեանը տակ ապրող ժողովրդեան կրօնքը:

11. Մատմազել Մարթային փոքրիկ գլխարկը:

12. Մեղուին զուարթութիւնը:

Սիկուրթայ բռնել ուզողները չյոգնեցնելու համար մենք իրենց ոտքը պի­տի երթանք. բայց որովհետեւ չենք կրնար մեր գրասենեակէն բաժնուիլ, որո­շեցինք աղաչել Խրիստաքի էֆենտիին, որ մեզի օմնիպիւս մը տայ` որպէսզի գրասենեակնիս օմնիպիւսի մէջ դնենք եւ այնպէս պտտինք:

Այս առթիւ պարտք կը համարիմք Մեղուէն առնելիք ունեցող էֆենտինե­րուն յայտնել, որ պարապ տեղը չբարեհաճին մեր սենեակը գալ, որովհետեւ հոն չպիտի կրնան գտնել մեզի:

***

Դատապարտեալ մը առջի օրը կ՚ըսէր ինձ թէ` եթէ զոյգ մը ոտքի աման տայի իմ դատաւորիս, դատը կը վաստկէի:

Ահա ոտք մը` որ կաշառ կ՚ուտէ, ահա ոտք մը` որ իրեն կօշիկ տուողին իրաւունք կու տայ:

Սթափեցէ՛ք, ազգայինք:

***

Ով որ կարգուելու նպատակաւ աղջիկ մը տեսնել կ՚ուզէ, պէտք է որ աղջիկը տունը տեսնէ եւ ոչ թէ փողոցը:

Որովհետեւ,

Աղջիկ մը` տան մէջ նիհար` իսկ փողոցը գէր է.

Տան մէջ ամբարտաւան` փողոցը հեզ ու խոնարհ է.

Տան մէջ թուխ` փողոցը ճերմակ է.

Տան մէջ տարիքն առած` փողոցը մատղաշ է.

Տան մէջ աղքատ` փողոցը հարուստ է.

Տան մէջ սատանայ՝ փողոցը հրեշտակ է.

Տան մէջ ծոյլ` փողոցը ժիր է.

Տան մէջ թեթեւ` փողոցը ծանր է.

Տան մէջ վանողական` փողոցը քաշողական է.

Տան մէջ (մօտէն) տգեղ՝ փողոցը (հեռուանց) գեղեցիկ է:

Անոնք կրնան միայն փողոցին մէջ աղջկան մը հաւնիլ եւ հետը ամուս­նանալ՝ որոնք որ իրենց կնիկը միշտ հեռուէն տեսնել կ՚ուզեն:

Մի՛ բարկանաք, օրիո՛րդ, ձեզի այսպէս հարուածելուս համար:

Եթէ ձեր ընթացքը այսպէս շարունակէք՝ պիտի սկսիմ ակնարկութիւններ ալ ընել:

Պուալո երգիծաբանի մը համար կ՚ըսէ թէ՝ ոչ թէ միայն ծաղրած անձին անունը կու տար, այլ արուեստը, տեղն ու թաղն ալ կ՚ըսէր, որ չըլլայ թէ սխալ­մամբ ուրիշ մը հասկցուի:

***

Ինչպէս որ հարուստ մը սիրտը նեղանալուն պէս սա նարտը բերէ՛ք, կ՚ըսէ, ինչպէս որ տղայ մը ձանձրանալուն պէս խաղալիքը կ՚ուզէ` ես ալ քիչ մը ձանձրանալուս պէս կ՚ըսեմ.

—Ցրուի՛չ:

—Ի՞նչ կ՚ուզէք:

—Սա Ասիան բեր:

***

Անցեալ շաբաթ օր Էտիրնէ երթալու համար ճամբայ ելնող շոգեկառքը ճամբուն գծէն դուրս ելեր եւ աւազին վրայ կայներ է:

Մեր քաղ. ժողովն ալ գծէն դուրս ելեր է, բայց առանց վհատելու դարձ­եալ կը քալէ. ինչէ՞ն է, որ այս շոգեկառքը կեցեր է:

—Որովհետեւ շոգեկառքը գծին վրայէն քալելու համար շինուած է:

—Անանկ է նէ` քաղ. ժողովն ալ գծէն դուրս քալելու համար շինուած է:

***

—Զարմանալի չէ՞, որ Միսաքեան էֆենտին քսանեւհինգ տարի Բարիզ կեցած ըլլայ ու պարապ դարձած ըլլայ:

—Զարմանալի չէ, որովհետեւ քաղաքը չէ, որ զմարդ կը լուսաւորէ, այլ մարդն է, որ զքաղաք կը լուսաւորէ:

***

Ասիան լրագրաց արժանիքը քննադատելով ի՞նչ սկզբունք քարոզած կ՚ըլլայ։

—Սա սկզբունքը քարոզած կ՚ըլլայ՝ թէ մարդ իր չգիտցած բանին վրայ կրնայ քննադատութիւն ընել:

Ասիային այդ յօդուածը կարդացած ատենդ ի՞նչ կու գայ միտքդ։

—Միտքս կու գայ այն առակը` որուն բարոյականն է թէ` Աստուա՛ծ, մի՛ մատներ զմեզ ի ձեռս յիմար դատողաց…

***

Օրագիր այս օրուան թերթին մէջ կինն էրկըն է ն զատելու սկզբունքը դատապարտող անզուգական իմաստակներուն վրայ գրած յօդուածը այսպէս կը վերջացնէ.

«Աստուած մարդուս խելքի պակասութիւն չտայ»:

Ահա մարդ մը, որ միշտ իրեն համար կ՚աղօթէ…

***

Խօսիլ մի՛ տար զիս, ընթերցող, որովհետեւ բնութեան մէջ ալ այլանդակ բաներ տեսնել սկսայ:

Ի՞նչ հարկ կայ ականջ տալ այն մարդուն` որուն խօսելու պաշտօն տուեր է բնութիւնը. ի՞նչ հարկ կայ լեզու տալ այն մարդուն` որուն լսելու պաշտօն տուեր է բնութիւնը:

Գլուխը մարդուս ջրամբարն է, որուն ծորակն է լեզուն: Ո՛վ բնութիւն, ինչո՞ւ ծորակ դրեր ես այդ ջրամբարին` որուն մէջ ջուր լեցուցած չես:

Այդ տեսակ մարդիկ կը նմանին աղբիւրի մը, որ ծորակ ունին եւ ջուր չունին: Այդ տեսակ մարդիկ ըստ իս զարդի համար ստեղծուած են, եւ կը նմա­նին հայկական այն բառերուն` որք զարդի համար միմիայն կը գործածուին պերճախօսութեան մէջ:

Ո՛վ Մանզումէ, եկո՛ւր իմ զուարճական պերճախօսութիւնս քիչ մը զար­դարելու…

***

—Բարեկա՛մ, յօդուած մը գրած եմ, եւ կ՚ուզեմ Օրագրոյ խմբագրին տալ:

—Գնա՛ տուր:

—Ես չեմ ճանչնար զինքը, հետեւապէս իմ յօդուածս չընդունիր, անոր մէկ բարեկամին հետ երթալու եմ, որ ընդունի: Կը ճանչնա՞ս անոր բարեկամներէն մէկը, որ կարենայ յօդուածս հրատարակել տալ:

—Այո, կը ճանչնամ:

—Ո՞վ է։

—Ստակը:

***

—Մանչուկ, սա լիսթան բեր, նայինք ի՞նչ կերակուր եփեր էք այսօր:

—Հրամմեցէք:

—( Կարդալէն ետքը ): Աս լիսթան ալ մեր լրագիրներուն կը նմանի. Ամէն օր միեւնոյն բաները կը գրուին մէջը:

***

Երեսփոխանական ժողովին մէջ երբ ժողովրդեան կողմէ ձայն մը ելնէ` ատենապետը իսկոյն զանգակը հնչեցնելով կը յայտարարէ` թէ ժողովը պի­տի գոցեմ երբ ժողովուրդը հանդարտ չկենայ:

Ասիկա բարի սովորութիւն մ՚է, բայց ինչո՞ւ համար մեծկակ զանգակ մ՚ալ ժողովրդեան ձեռքը չեն տար, որ ան ալ միեւնոյն յայտարարութիւնը ընէ, երբ ժողովին մէջ երեսփոխանաց մէկուն կողմէ անկարգութիւն մը պատահի…

***

Գաղղիացիք ալ տղայ են, գործերնին թողած` դրօշակի խնդրով կը զբաղին:

Ամէնն ալ գրեթէ համաձայն են դրօշակ մը ունենալու մասին, բայց տա­րաձայն են այդ դրօշակի գոյնին մասին: Ոմանք կարմիր կ՚ուզեն եղեր, ոմանք ալ դեղին:

Ինչպէս որ կ՚երեւի, խնդիրը ճաշակի վրայ է. մէկուն ճաշակին ճերմակը կու գայ, միւսին ալ դեղինը: Իմին ալ ճաշակս հարցունես նէ` ես ալ կ՚ըսեմ` թէ սեւին վրայ ճերմակը աղէկ կը վայլէ, եւ կ՚առաջարկեմ, որ դրօշակին մէկ կողմն ալ իմ ըսածիս պէս ըլլայ:

Ո՛վ գաղղիացիք, այնչափ գոյներու ներկեցիք Գաղղիան, որ գոյն չմնաց, եւ հիմա գոյն մը չէք կրնար գտնել ձեր դրօշակը ներկելու…

***

—Հարուստները ինչո՞ւ համար դեռ վաստկիլ կ՚ուզեն:

—Օր մը Ռոչիլտին հետ մրցելու համար:

—Ռոչիլտ որո՞ւ հետ մրցիլ կ՚ուզէ:

—Տիեզերքին հետ:

—Չըսե՞ս, որ խենդ է:

—Դուն ըսիր:

***

—Ստեփան էֆենտի Փափազեանը ազգասէ՞ր է:

—Էջմիածին տպուած օրացոյցը բեր, մէջը նայինք, ազգասէր է նէ` հարկաւ մէջը գրուած է:

—Ի՞նչ կ՚ըսես, օրացոյցին մէջ անանկ բան կը գրուի՞:

—Գրես նէ` չը՞գրուիր: Մինչեւ հիմա մէկու մը ազգասէր ըլլալը անոր գործերէն կը հասկցուէր, ասկից վերջը օրացոյցէն պիտի հասկցուի:

—Ատ ի՞նչ ըսել է:

—Ահաւասիկ Էջմիածնայ օրացոյցին գրածը. հինգերորդ տարեդարձ օծ­ման վեհ. Գէորգ ազգասէր կաթողիկոսին:

—Ո՞ւր ես, տէր Երեմիա, ո՞ւր է սխալացոյցդ:

***

—Ի՞նչ են ազգային երեսփոխանները:

—Մէյմէկ դերասան:

—Ի՞նչ կը ներկայացնեն:

—Ազգը:

—Փափազեան էֆենտին ի՞նչ դեր կը կատարէ այս ներկայացման մէջ:

—Չարագործի դերը:

Քննիչ յանձնաժողովի տեղեկագիրը անցեալ շաբաթ դէպի խնդրոց կարգը ուղեւորուեցաւ:

—Խնդրոց կարգը ի՞նչ է:

—Լաբիւրինթոս` ուսկից ներս մտնողը դուրս չկրնար ելնել:

***

Աղտեղութեամբ մածեալ եւ լրագիր անուան անարժան եղող Մամուլը իւր վերջին թիւերուն մէկուն մէջ Մեղուին համար անանկ խօսք մը կ՚ընէ` զոր հոս բառ առ բառ դնելու կ՚ամչնայինք` եթէ յիշեալ գարշահոտ թուղթին արժէքը անգամ մ՚ալ հասարակութեան ճանչցունել չուզէինք: Ահաւասիկ իր խօսքը.

—Ծօ՛, սա Մեղուն արտաքնոցին ծակը նետեցէք:

Ոմանք աս կարդացած ըլլալով` կ՚ըսեն.

—Ի՜նչ մեծ անպատւութիւն Մեղուին համար…

Իսկ մենք կ՚ըսենք.

—Ասիկա մեծ անպատւութիւն չէ Մեղուին համար, այլ մեծ պատիւ է արտաքնոցին համար:

Արժանիքէն աւելի անձի մը կամ բանի մը տրուած պատիւն շողոքորթու­թիւն ըլլալով` Մամուլ այդ խօսքովը արտաքնոցը շողոքորթած կ՚ըլլայ: Կը յորդորենք Մամուլը, որ մէյ մ՚ալ ասանկ բան չընէ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ յիշեալ արտաքնոցը վաղը ելնէ գոռոզանայ եւ ինքզինքը բանի մը տեղ դնէ:

Մամլոյ արդի վիճակը մեր ըսածը լիովին կը հաստատէ:

***

Հինգշաբթի օրը ըստ լատինացւոց Յիսուս ծնած ըլլալով` պորսան չբաց­ուեցաւ:

Ո ՛ ւր էր թէ Յիսուս ամէն օր ծնանէր` ի գոհութիւն բիւրաւոր ընտանեաց։

***

Աւստրիոյ մէջ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլալ կը կարծուի, որով­հետեւ ընկերութիւն մը կազմուեր է հոն տատրակներուն նամակ բերել տանել սորվեցունելու համար:

Ըսել է թէ ամէն պատրաստութիւն տեսնուեր եւ գործը միայն տատրակ­ներու մնացեր է, եւ թէ տատրակները այս արուեստը սորվելնուն պէս՝ կռիւը պիտի սկսի:

***

Լրագրի մը մէջ կարդացի, որ այս օրերս Եւրոպայի չգիտեմ ո՞ր կողմը չորս ոտքով տղայ մը ծներ է:

Ահաւասիկ տղայ մը` որ Պոլսոյ մէջ անվախ կրնայ քալել ուզած տեղէն, որովհետեւ եթէ դիպուածով թրամուէյը անոր մէկ ոտքը կտրէ նէ` անդին երեք հատ ալ ունի եւ անոնցմով կրնայ քալել:

***

—Հայրի՛կ, ի՞նչ են հարուստները:

—Մեծ գողեր են, տղաս, որ պզտիկները կը կողոպտեն:

—էյ, ասոնք գողցածնին որո՞ւ կու տան, որ պահէ:

—Սնանկութեան:

***

Վաղը բոլոր դպրոցներուն մէջ Վարդանանց զօրավարաց առթիւ ճառեր կը կարդացուին: Այս ճառերը Վարդանանց քաջութեամբը կը սկսին ու ազգային դպրոցներուն խեղճ վիճակին վրայ ցաւելով կը վերջանան: Քանի մը տարիէ ի վեր կարդացուած ճառերուն վերջաբանը գրեթէ միշտ դպրոց է` ինչ որ ալ ըլլայ այդ ճառին վերջաբանը:

Ճառերը կարդացուելէն ետքը քաջն Վարդանայ ողբերգութիւն մը կը ներ­կայացուի: Ամէն դպրոց իրեն համար զատ ողբերգութիւն մը ունի, մէկուն մէջ կը նայիս, որ Վարդանը պատերազմին մէջ կը մեռնի, միւսին մէջ Տղմուտ գետին մէջ կը խեղդուի, մէկալին մէջ պատերազմէ դառնալէն ետքը կը մեռնի, վերջապէս ամէն մարդ ուզածին պէս կը մեռցունէ քաջն Վարդանը. եկու տես, որ քաջն Վարդան այս ողբերգութեանց մէջ ալ կը ցցունէ իւր քաջութիւնը. զինքը մեռցնող ողբերգակներուն մեծագոյն մասն ալ ինքը կը մեռցունէ…

Արդ, վաղը քաջն Վարդան կը պատերազմի ոչ թէ պարսկաց դէմ, այլ մեր ողբերգուներու դէմ, եւ ես ապահով եմ, որ քաջն Վարդան յաղթանակը պիտի տանի:

***

—Բարեկենդանը ի՞նչպէս կ՚անցունէք կոր:

—Այնչափ կը խմենք կոր, որ ինչպէս անցնիլը չենք կրնար կոր իմանալ:

—Շատ խմելը վնասակար չէ՞:

—Վնասակար է, բայց հաճոյքն ալ դժբախտաբար միշտ շատին մէջն է… չափաւորութեան մէջ հաճո՞յք կայ:

—Բայց ատով ապագան կը վնասուի, պէտք է որ ապագան ալ մտքէ չհանենք:

—Այնչափ նեղ վիճակի մէջ եմ, որ ներկային վրայ խորհելէն ապագային վրայ մտմտալու ժամանակ չեմ ունենար կոր: Այսօրուայ հացը ճարելու կը նա­յիմ կոր եւ վաղուան համար հոգ ընելու ատեն չեմ ունենար կոր:

Ահաւասիկ ակամայ աշակերտ Աւետարանի` որ կ՚ըսէ. «վաղուանը մի հոգար»:

***

—Եղբա՛յր, դուն գրագրութի՞ւն կ՚ընես կոր եղեր:

—Այո՛:

—Դուն առաջ խոհարար էիր նէ:

—Այո՛, խոհարար էի, բայց օր մը աղէկ կերակուր եփեր էի, տէրս հաւ­նեցաւ, խոհարարութենէ հանեց՝ սենեակը տարաւ, ամսականս աւելցուց՝ գրագիր ըրաւ:

—Կրնա՞ս կոր ընել:

—Չեմ կրնար կոր, առջի օրը սխալմունք մը ըրի եւ կարծեմ ճամբայ պի­տի տան…

Յանցանքը խեղճին չէ, այլ տիրոջը. կերակուրին հաւնեցաւ նէ` թո՛ղ խոհանոցի պետ ընէր եւ ամսական աւելցնէր ու հիմա ալ չճամբէր…

Ասանկ անյարմար պաշտօնաբաշխութիւնները նոր չեն, հիներուն մէջ ալ կը տեսնենք:

Նաբուգոդոնոսոր երազ մը կը տեսնէ. Դանիէլ այս երազը կը մեկնէ. Նաբուգոդոնոսոր զինքը իրեն երկրորդը կը կարգէ:

Նաբուգոդոնոսորին տեղը ես ըլլայի նէ` Դանիէլը երազագէտ կ՚անուանէի:

***

Հայրենիքին մէջ կը կարդանք, որ Պաթումի ազգայինք եկեղեցիի մը շի­նութեան ձեռնարկած ըլլալով` տեղւոյն կառավարութիւնը եկեղեցին կո­խեր է:

Կը կոխէ եա՛, տեղւոյն կառավարութենէն հրաման չառած` Աստուծոյ աղօթել ի՞նչ ըսել պիտի ըլլայ…

***

—Հայրի՛կ, թատրոնի մը մէջ կատակերգութիւն մը ներկայացուած ժա­մանակը հանդիսականք խնդան նէ` ի՞նչ ըսել է:

—Դերասանները ծափահարել ըսել է:

—Էյ, ողբերգութիւն մը ներկայացուած ժամանակը դերասանները խնդան նէ` ա՞ն ինչ ըսել է:

***

—Մարդ Աստուծոյ, ամէն գիշեր գինո՞վ պիտի գաս ասանկ:

—Դուն ալ ամէն գիշեր սա խօսքը պիտի ընե՞ս:

—Գինով մի՛ գար, որ չըսեմ:

—Մի՛ ըսեր, որ գինով չգամ:

Տեսա՞ր, ընթերցո՛ղ, մարդը յանցանք չունի եղեր, բոլոր յանցանքը կնկանն է, որ կը բարկացնէ կոր իր էրիկը եւ գինով ըլլալուն պատճառ կ՚ըլ­լայ կոր:

Ասոր սկզբնաւորութիւնը ի՞նչպէս է արդեօք: Նախ էրիկը գինով գացեր է տէ` կնիկն ալ գինո՞վ ըսեր է, չէ նէ` նախ կնիկը կեցած տեղը գինով ըսեր է տէ` էրիկն ալ բարկացեր ու խմել սկսեր է:

***

Կար կարելու մեքենայ տեսած ու լսած էինք, բայց աղօթելու մեքենայ ո՛չ տեսած, ո՛չ ալ լսած ունէինք. այս անգամ Աւետաբերին մէջ աս ալ տեսանք։

Չեմ յիշեր, ո՛ր ժողովուրդը ընելիք աղօթքը մեքենային ընել կու տայ եղեր: Եթէ ասիկա հնարաւոր է, ի՞նչ հ արկ կայ եկեղեցի երթալու, ամէնքնիս ալ այն մեքենաներէն մէյ մէկ հատ բերել տանք, եկեղեցիին մէջը դնենք, դռները գոցենք, թո՛ղ մեր տեղը անոնք աղօթեն՝ լմննայ երթայ:

Ասկից զատ` մեզի համար շարունակ աղօթողներ ըլլան նէ` մենք ալ հան­դարտ սրտով ուզածնուս չափ կրնանք մեղք գործել, միայն թէ ձէթը մեքենա­ներէն պակաս ընելու չէ, որ աղէկ եւ շուտ բանին:

***

Ամէն թատերասէր ազգայինք գիտեն, որ մեր հայերէն ողբերգութեանց մէջ հրեշտակ մը եւ ոգի մը կայ:

Աս լմնցաւ:

Երէկ գիշեր երազիս մէջ կը տեսնէի, որ Աստուած մէկուն հոգին առ­նելու համար հրեշտակ մը կ՚ուզէր: Հրեշտակ չունինք, պատասխանեց հրեշ­տակապետը, ամէնն ալ հայոց ողբերգութեանց մէջն են:

Արթնցայ եւ ըսի.

«Անշուշտ հայ ողբերգութեանց հոգին առնելու համար…»:

Մեր ողբերգակները՝ որպէսզի ըսուի թէ այս խաղին մէջ ոգի կայ, ոգի մը կը դնեն կոր իրենց ողբերգութեանց մէջ: Ինչ օգուտ, որ հրեշտակ մ՚ալ կը դնեն կոր եւ հրեշտակը խաղին ոգին կ՚առնէ կ՚երթայ կոր…