«Թատրոն»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ԱՊՐԻ՛ ԿԱՏՈՒՆ, ՈՐ ԻՐ ՓՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄՈՒԿ է ԲՌՆՈՒՄ»

Երբ շրջահայեաց ակնարկ նետէ մարդ աշխարհի գործոց ընթացից վերայ, Մեծ Նալբանդեանցի սա խօսքն յիշէ` ապրի կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Ուստի երբ տեսնես, ազնիւ ընթերցող, որ փիլիսոփայ քու մէկ բարեկամն փոխ ստակի տեղ տայ քեզ, խղճալով, մի պաթալ սենեթ, որ գործդ տեսնես, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ բանը բանէն է արդէն անցած, ազգին մարտիրոսն հոգին աւանդած, ու մեր պատրիարքն խստիւ կը խօսի դէմ` մահուան առթիւ խեղճ Այուատ եանի, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ անարժաններ թաղական ըլլան եւ անճոռնիներն ալ հոգաբարձու, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ դու հարուստ ես եւ շողոքորթներ կ՚առաքեն քեզի շատ թեմեննաներ, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ աղքատ ես դու եւ հօրդ մահուան չորս հոգի հազիւ գան ներկայ ըլլան, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ դու հարուստ ես եւ անուան տօնիդ խումբ֊խումբ բարեկամք գան տօնել օղիդ, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ էշդ կամ ձիդ իրիկուան դարձին առտըւնէ շատ շուտ շուտ տուն քալէ, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ տան երէցդ պատարագուոր է եւ քեզի առատ նշխարք, մաս ղրկէ, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ մեր ամուճայն Մեծն Ռուսիոյ քրիստոնէից օգուտին համար այսպէս մեծամեծ զոհողութիւններ ընել ցըցնէ, ըրածը չի կա՛յ, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում:

Երբ ամերիկեան մեծ դեսպանն ու կին մեր դպրոցներուն այցելու եկին, ըսէ՛ անոր պէս, թէ ապրի՛ կատուն, որ իր փորին համար մուկ է բռնում: