Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Ա

ՏԵՍԻԼ Ա

ԲՐՈԻՏՈՍ, ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ու՞ր քեզի հետ բռնի տանիլ զիս կ'ուզես, ո՜վ Բրուտոս, տուր ինծի այդ դաշոյնս, որ դեռ սիրելւոյս արեամբը կը ծխայ, տու՛ր, որ սրտիս մէջ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այդ դաշոյնը, որ ալ սրբազան գործիք մը եղաւ մահուան, կ'երդնում, որ նախ ուրիշներուն արեանը մէջ պիտի լողայ: Առայժմ պէտք է, որ հոս բոլոր Հռովմայ ժողովուրդը վկայ ըլլայ անհուն ցաւոցդ ու իմ արդար տրտմութեանս:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ա՜հ, ո՛չ. ամէնուն աչքէն կ՚ուզեմ պահուըտիլ ես. չկայ մխիթարութիւն ահաւոր թշուառութեանս. սուրը, ադ սուրը միայն արցունքներուս վերջ տայ պիտի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Սարսափելի վրէժխնդրութենէ մը պիտի բղխէ քեզի մխիթարութիւն, ու գոհ պիտի ըլլաս, կ՚երդնու քեզի Բրուտոս. ո՜վ պարկեշտ ու անմեղ արիւն արիասիրտ հռովմայեցի տիկնոջ. Հռովմայ ազատութեան կրակներ պիտի ցատկեցնես դուն այսօր։

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Երանի, թէ այդ յոյսը ունենայի ես. մեռնելէս առաջ կատարեալ վրէժխնդրութիւն…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Յուսա՞լ, մանաւանդ թէ ստոյգ եւ ապահով եղիր, փափագելի օրն ու վայրկեանը հասաւ վերջապէս: Հնուց ի վեր սրտիս մէջ պահած վտանգաւոր, բայց վեհ խորհուրդներս կրնան վերջապէս յայտնուիլ Հռովմայ դիմացը. դուն, վատաբախտ ամուսին, կրնաս, կրնաս վրէժխնդիր քաղաքացի մի դառնալ այսօր. դու ինքնին պիտի օրհնես այդ անմեղ արիւնը, որ փուճ տեղը թափուած պիտի չըլլայ, թէ որ դուն ալ քու արիւնդ ուզես զոհել հայրենեացդ: Այո՛, հայրենիք, որուն համար քեզի հետ կ'ուզէ ապրիլ ու մեռնիլ, Բրուտոս:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ո՜հ, ինչ սրբազան անուն ելաւ բերնէդ, մինակ հայրենեաց համար կ՚երդնում ապրիլ ես ալ. մեծ պիտի ըլլայ նաեւ վրէժխնդրութիւնս պիտի տեսնայ Հռովմ, որ եթէ այդ նախատինքը կայծակի պէս զարկաւ զիս, կայծակնահար հարուածով մը կրնայ պատժել Կոլլատինոս անօրինի գլուխը, որ այնչափ յանդգնեցաւ:

ԲՐՈԻՏՈՍ. Կեցցե՛ս, ուրեմն, ու ինծի հետ մէկտեղ վազէ՛ այդ ասպարէզը, որուն ծայրը Հռովմայ փրկութիւնը կեցած է: Աստուած մը շունչ կու տայ ինծի, աստուած մը կը քաջալերէ զիս ու կ'որոտայ սրտիս մէջ. «Բրուտոսէն ու Կալլատինոսէն կ'սպասէ Հռովմ կեանք ու ազատութիւն»:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Վսեմ ու Բրուտոսի արժանի յոյս է քուկինդ: Վատ է անիկա, որ կասկածով կը պաշարուի, երբ հայրենիքը վտանգի մէջ է. կամ անօրէն Տարկուինոսէն բռնութեան լուծը կը թոթուենք այսօր, կամ Հռովմայ հետ մէկտեղ կը կործանինք մենք, բայց նախ` վրէժնիս առնելով:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ազատ ըլլանք կամ թէ ոչ, մեր անկմանը մէջէն պիտի կանգնին, բարձրանան վրէժխնդրութիւն ու փառքը: Դուն գուցէ լսած չես այդ սարսափելի երդումը, որ Լուկրետիային դողդոջուն սրտէն սուրը ետ քաշելու ատենս ըրի, այդ սուրը, որ դեռ ձեռքիս մէջ կը սխմեմ: Նոյն երդումը պիտի կրկնեմ ու հրատարակեմ այսօր բոլոր Հռովմայ դիմացը ու թշուառ Լուկրետիայիդ անկենդան մարմնոյն վրայ: Երբ արեւը ծագի, ժողովուրդը գունդագունդ պիտի դիզուի հրապարակը, ու սարսափը պիտի պատէ զիրենք. արդէն Վաղերիոսի ձեռքով տարածուեցաւ աղէտալի դիպուածին համբաւը: Բայց ի՞նչ պիտի ըլլան ամէնքը, երբ լսեն գեղեցիկ ու պարկեշտ Լուկրետիային անձնասպանութիւնը` իւր նախատինքը ջնջելու համար: Վստահ եմ իրենց կատաղութեանը` որչափ իմինիս, բայց դուն պէտք է, որ գերմարդկային սիրտ մը ստանաս այսօր, կրնաս աղեկտուր տեսարանէն աչուըներդ մէկդի դարձնել, կը շնորհեմ այդչափը քու անհուն ցաւոցդ, բայց պէտք չէ հեռանաս ասկէ: Իմ կատաղի խօսքերէս աւելի քու տխուր ու ցաւագին կերպարանքդ կրնայ բարկութիւնը գրգռել ժողովրդին, որ բռնութեան տակ կը տառապի:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ո՜վ Բրուտոս, այն աստուածը, որ քու բերնովդ կը խօսի, արդէն իմ ցաւս անողոքելի կատաղութեան փոխեց: Մեծասիրտ Լուկրետիային վերջին խօսքերը աւելի սաստիկ կը հնչեն ականջս ու սրտիս մէջ. կրնա՞մ ես տկարանալ իրեն վրէժը առնելու, երբ ինքը այնչափ դիւցազնական քաջութեամբ իւր իսկ ձեռուըներովը ծաղիկ կենացը թելերը կտրեց: Անօրէն Տարկուինոսին արիւնէն ըլլալս ցաւ է ինծի. այդ նախատինքը իւր արեանը մէջ կրնամ սրբել ես այսօր:

ԲՐՈԻՏՈՍ. Ո՜հ, անոնց պիղծ արիւնէն ծներ եմ ես ալ, բայց պիտի տեսնայ աշխարհքը, որ ես աւելի Հռովմայ որդին եմ, քան թէ Տարկուինեանց քրոջը, ու որչափ հռովմայեցիի անարժան արիւն, որ կայ երակներուս մէջ, կ'երդնում ես, ամէնն ալ փոխել` հայրենեաց համար թափելով զայն. բայց ահա ժողովուրդը բազմութեամբ հոս կը դիմէ. ժամանակն է խօսելու:

ՏԵՍԻԼ Բ

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ, ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ

ԲՐՈԻՏՈՍ. Հոս եկէ՛ք, ո՛ հռովմայեցիք, մտիկ ըրէք ինծի. մեծ ու ահաւոր պատմութիւններ պիտի լսէք ինձմէ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜վ Բրուտոս, իրաւ՞ է, ինչ որ լսեցինք:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Տեսէք, այս անմեղ ու անձնասպան հռովմայեցի տիկնոջ դաշոյնը, որ դեռ իւր արեամբը կը ծփայ. Ահա՛ իւր ամուսինը, լռութիւնը, ցաւն ու սոսկումը զինքը պատեր են: Դեռ կ'ապրի, ինչուան որ տեսնայ կտոր-կտոր եղած ձեր բարկութեանը դիմացը այդ վատշուեր Սեստոսը. ես ալ կ՚ապրիմ, որպէսզի տեսնամ ան օրը, որ Տարկուինեանք բոլորովին հալածուին Հռովմայէն:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ո՜վ անլուր դիպուած:

ԲՐՈԻՏՈՍ. Դուք հիմա ապշութեամբ ու ցաւով լեցուած՝ դժբախտ ամուսնոյն վրայ տխուր աչուըներ մը նետէք: Այո՛, ո՛ հռովմայեցիք, տեսէք զինքը, իւր ճակտին վրայ նկարուած՝ տեսէք դուք ամէնքնիդ ալ ձեր նախատինքը. այդպիսի դառն վիճակի մը մէջ պէտքը չէ, որ ինքզինքը սպաննէ, բայց չի կրնար առանց վրէժխնդրութեան ապրիլ: Սակայն թո՛ղ դադրին արցունքները, սգոյ ու ապշութեան ժամանակը չէ։ Ինծի, ո՜ հռովմայեցիք, իմ վրաս դարձուցէք կատաղութեամբ ձեր աչուըները, գուցէ իմ աչուըներէս ազատութեան մէկ քանի կայծեր թռչին ու բորբոքեն զձեզ: Ես եմ Յունիս Բրուտոս, որ այնչափ ատեն յիմար կարծեցիք, վասն զի այնպէս կեղծեցի: Միշտ բռնաւորներու մէջ գերի ապրելով` կը սպասէի այն ժամուն, որ զիս ու հայրենիքս միանգամայն ազատեմ անոնց անգութ ճիրաններէն: Աստուածներուն որոշած այդ հանդիսաւոր ժամը հասաւ վերջապէս, գերութեան վիճակէն մարդկութեան վիճակը հասնիլ ձեր ձեռքն է հիմա. ես ձեզի համար մեռնիլ կը փափագիմ միայն, միայն թէ ես ըլլամ առաջինը ազատութեան մէջ մեռնող ու քաղաքացի Հռովմայ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜հ, ի՞նչ կը լսենք. ի՜նչ վեհութիւն եւ ոյժ ունին իր խօսքերը բայց տկար ենք մենք, ինչպէ՞ս կրնանք դէմ դնել զօրաւոր բռնաւորաց:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Դուք տկա՞ր էք, ի՞նչ կ'ըսէք, այդպէ՞ս կը ճանչնաք դուք զմեզ. ձեր սրտին մէջ շատոնց ճշմարիտ ատելութիւն կար անօրէն Տարկուինեանց դէմ, իրենց բռնակալ իշխանութիւնը, վերջին սոսկալի ու անգութ օրինակը աչուըներնուդ դիմացը բերէք մէյ մը: Ձեր բորբոքեալ բարկութեանը գրգիռ, համախոհ ու գլուխ ըլլայ Կոլլատինոսին ու Բրուտոսին կատաղութիւնը. ձեր ազատութիւնը կը խորհիք դուք ու ինքզինքնիդ տկա՞ր կը կարծէք ու զօրաւո՞ր կը սեպէք բռնաւորները. ո՞րն է իրենց ոյժը, որո՞նք են իրենց զէնքերը, հռովմէական ոյժ եւ հռովմէական զէնքեր: Լուկրետիոս, դժբախտ աղջկանը արիւնովը թաթխուած` արդէն իմ խորհրդովս բռնաւորին բանակը գնաց. տեսան զինքը զինուորները ու լսեցին սոսկալի դիպուածը: Գուցէ հիմա վատութեան դրօշակները պատռելով ու ազատութեան դրօշները բացած մեզի փութով օգնութեա՞ն կը վազեն: Դո՛ւք, քաղաքացիք, ուրիշներո՞ւն պիտի թողուք բռնաւորաց դէմ նախ եւ առաջ զէնք վերցնելու պատիւը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜հ, ի՞ [1] նչպէս կը բորբոքեն մեր սրտերը քու խօսքերդ, ալ ի՞նչ բանէ կը վախնանք, եթէ ամէնքս միաբան ենք:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ձեր ազնուական ու անհամբեր ցասումը կարծես թէ նոր կենաց կը հրաւիրեն զիս. ես բան մը չեմ կրնար խօսիլ, վասնզի արցունքը իմ ձայնս կը կտրէ, բայց թո՛ղ իմ տեղս խօսի իմ հռովմէական սուրս: Ես առաջին կը մերկացնեմ զայն, ու գետնի վրայ կը նետեմ պատեանը, որ հոն կենայ ինչուան ետքը: Ո՜վ սուր, զքեզ կամ բռնաւորին, կամ իմ սիրտս կ՚երդնում մխել: Դուք առաջին պիտի ըլլաք ինծի հետեւելու, ո՜վ հարք եւ ամուսինք… բայց ի՞նչ տեսարան է այդ…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜վ ահագին տեսիլ. տեսէ՛ք, ազնուական տիկնոջ դագաղը կը տանին հրապարակին մէջ:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Այո՛, ո՛ հռովմայեցիք, այդ ազնուական տիկնոջ վրայ դարձուցէք ձեր աչուըները, եթէ կրնաք. իւր անշունչ մարմինը, մահառիթ վէրքը ու անմեղ, մաքուր արիւնը կը պոռան ձեզի. «Այսօր կամ ազատ պիտի ըլլաք, կամ պիտի մեռնիք, ո՛, հռովմայեցիք»:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Այո՛, ամէնքնիս ալ կամ ազատ պիտի ըլլանք, կամ պիտի մեռնինք:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մտիկ ըրէք հիմա Բրուտոսին. թշուառ կնոջ արիւնալից դիակին վրայ նոյնիսկ այն սուրը, որ իւր սիրտը մխեց, կը բարձրացնէ հիմա Բրուտոս, որ բոլոր Հռովմայ դիմացը կը նորոգէ այդ երդումը, որ արդէն անոր օրհասական մարմնոյն վրայ երդուընցեր էր: Քանի որ սուր մը կը կրեմ ես, քանի որ օդը կը շնչեմ, Տարկուինոս ոտք պիտի չի կոխէ Հռովմայ մէջ, եւ ոչ ոք բռնաւորի գարշելի անունը կամ իշխանութիւնը պիտի ունենայ: Աստուածները մոխիր դարձնեն Բրուտոսը, թէ որ ճշմարիտ ու անկեղծ չխօսիր: Կ՚երդնում նաեւ Հռովմայ բոլոր բնակիչները ազատ, հաւասար ու քաղաքացի ընել. քաղաքացի եմ ես ալ եւ ո՛չ աւելի. մինակ օրէնքն է թագաւոր, ու ես անոր առաջին հպատակ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Այո՛, օրէնքը, ամէնքնիս մէկ բերան նոյնը կ'երդնունք մենք ալ, ու Կոլլատինոսէն աւելի թշուառ ըլլանք, թէ որ երդումնիս ոտքի տակ առնենք:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ճշմարիտ հռովմայեցիի մը պէս կը խօսինք հիմա: Ձեր միութեան զօրութեանը դէմ բռնաւորն ու բռնութիւն պիտի փշրին ու կործանին: Առայժմ ուրիշ բան պէտք չէ, բայց եթէ՝ գոցել քաղաքին դռները անոնց դէմ. ի՞նչ բարեբախտութիւն, որ արդէն Հռովմէն դուրս գտնուեցան իրենք:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Բայց դուք Հռովմայ հիւպատոս ու հայր պիտի ըլլաք միանգամայն. դուք` ձեր միտքն ու իմաստութիւնը, իսկ մենք մեր սուրերն ու սրտերը պիտի մատուցանենք Հռովմայ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Գացէք, ուրեմն, ու քարոզեցէք բոլոր քաղքին մէջ, որ բռնաւորք դուրս մնացին ու ալ պիտի չի կրնան ներս մտնալ, ազատութիւնը մեզի հետ է, բայց օրինաւոր եւ սուրբ ազատութիւնն: Կոտրե՛ն ամէնքը գերութեան ժանգոտած շղթաները, ու վախի եւ սարսափի հաջորդեն քաջութիւն եւ յոյս, ու անխախտ հիմանց վրայ հաստատենք մեր ազատութիւնը:

Ձգի վարագոյրն



[1] [1][1]