Վարդ եւ Շուշան կամ հովիւք Մասեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

      
Գիշեր է. Դաշտավայր մը. Խորը լուսնով լուսաւորուած անտառ մը. Տեսարանին աջ կողմէն առուակ մը կը սահի, ձախ կողմը փոս մը կայ։
       Տեսիլ Ա
       ՍՈՒՐՄԱԿ (առանձին)
       Ահա գեղեցիկ գիշեր մը, որ ոճրագործին համար զմայլելի եւ հեշտ վայրկեան մ՚է, որ երազի պէս կ՚անցնի, իր խիղճը միայն կը ննջէ, ինքը կը կարծէ, թէ այս գեղեցիկ գիշերը միայն անմեղին հանգիստն է. երկնից սիրուն թագուհին անգամ հայրասպան եղեռնագործին դատաւոր մը կը թուի, իսկ անմեղին համար՝ սիրոյ աստուածուհի մը... ո՞ւր թռար մանկութի՜ւն, վաղանցուկ վերջալոյս մ՚էիր, որ սահեցար եւ կենացս հորիզոնը մթագնեցիր... մանկութեանս ատեն կեանքն ու մահը, երկուքն ալ լուսաթեւ հրեշտակներ էին, երկուքն ալ կը ժպտէին ինծի, երբ երիտասարդութիւնը հասաւ, մահը սոսկալի կերպարանք մ՚առաւ, մահն ատեցի եւ կեանքը սիրեցի... աղէտալի սէր մը ծնաւ սրտիս մէջ՝ սեւ պատուար մը խղճիս առջեւ... երեւակայութիւնս կը տանջէ զիս երբեմն, կը տեսնեմ ոտիցս տակ անմեղ կին մը, գունատ եւ խոժոռ դէմք մը եւ կը լսեմ երբեմն անէ՜ծք մրմնջող ձայն մը... ի՞նչ է եղեր ուրեմն հեշտութիւնը. զեփիւռ մը որ հրատապ սիրտ մը զովացնելով եւ իր հետքին վրայ արցունք սփռելով կը սահի, որուն զովութիւնը մանր երկրորդ մը կը տեւէ... բայց որչափ ալ տեւէ դարձեալ այն զեփիւռին կը տենչանք... ուրեմն կը սիրեմ ես եւ թող սիրուիմ... ոտնաձայն մը կայ... անշուշտ ճամբորդ մ՚է... քաջալերութի՜ւն։
       Տեսիլ Բ
       ՍՈՒՐՄԱԿ եւ ԳԵՂԱՄ
       ԳԵՂԱՄ. (աջ կողմէն գալով) Ո՜հ, այո՛, դառն է այս սէրը։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (դաշոյն ի ձեռին մօտենալով) Քսակդ կամ կեանքդ...
       ԳԵՂԱՄ. Ի՜նչ քսակ կը խնդրես ինձնէ, խեղճ աւազակ... ես միայն վշտահար սիրտ մ՚ունիմ...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Ես անանկ խօսքերու ականջ չեմ կախեր... քսակըդ կամ կեանքդ...
       ԳԵՂԱՄ. Ուրեմն մեռցո՛ւր զիս... բայց գիտցիր, որ բան մը չունիմ... եթէ որբ, խղճալի ու թափառական երիտասարդի մը արեան ծարաւի ես՝ խողխողէ զիս եւ իմ արիւնլուայ դիակս տարածէ անոր առջեւը, զոր ես կը սիրեմ ի բոլոր սրտէ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (մեկուսի) Խե՜ղճ տղայ, իր խօսքերը սիրտս կը շարժեն, չեմ համարձակիր ձեռք վերցնել իր վրայ, կարծես թէ աներեւոյթ ձեռք մը կը բռնէ զիս։
       ԳԵՂԱՄ. Ի՞նչ վճռեցիր, ո՜վ աւազակ...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Գնա՛, կը գթամ քեզի...
       ԳԵՂԱՄ. Կը գթա՞ս, ո՜հ, շնորհակալ եմ, վասնզի դեռ յուսոյ փոքրիկ նշոյլ մ՚ունիմ խաւար երկնքիս երեսը, որ ամպէ սիւնի մը պէս զիս լեռնէ լեռ կ՚առաջնորդէ. ա՜հ, Աստուծոյ սիրոյն համար ըլլայ, եթէ Մարիամ անուն հերարձակ կին մը տեսնես, որ որդի մը կը փնտռէ Գեղամ անուամբ, ըսէ իրեն, թէ իր որդին թշուառ է եւ քիչ ատենէն պիտի մեռնի՝ անիծելով միշտ իւր հայրը, ինչպէս որ ինքը պատուիրած էր...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (սարսափած) Ո՜վ երկինք, որդիս է... քիչ մնաց որ որդւոյս արիւնն ալ պիտի թափէի (բարձր) գնա՛, գնա՛, խեղճ տղայ, բայց մի՛ անիծիր քու հայրդ... (մեկուսի) քու հայրդ ալ թշուառ է, բայց անիծապարտ։
       ԳԵՂԱՄ. Շուշա՛ն, Շուշա՛ն, քեզի համար է որ մեռնիլ կ՚ուզեմ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Շուշա՞ն ըսիր։
       ԳԵՂԱՄ. Այն հովուուհւոյն քաղցր անունն է, զոր ես կը սիրեմ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (մեկուսի) Որդիս իմ հակառակո՜րդս (բարձր), ա՜հ, հեռացիր շուտ այս տեղէն, վասնզի կրնայ ըլլալ որ վտանգ մը պատահի քեզի ( Գեղամ տխրութեամբ կը հեռանայ) Ո՜հ, ի՞նչ եմ ես աշխարհիս վրայ. անիծից նպատակ մը, ամէնքը զիս կ՚անիծեն... բայց դարձեալ սիրտս չի դողար ոճիրներ նիւթելու... ոտքի ձայն մը կայ... ուրիշ ճամբորդ մ՚է անշուշտ, այս անգամ պահուըտիմ։
       Տեսիլ Գ
       ՍՈՒՐՄԱԿ (պահուըտած) եւ ՏԻՐԱՆ
       ՏԻՐԱՆ. ( ձախ կողմէն կ՚երեւի, չորս դին կը զննէ եւ Սուրմակը չի տեսներ) Դեռ չէ եկեր, պիտի մատնեմ զինքը... ատենէ մը ի վեր է, որ իր հօրը Վահրամ նախարարին սպաննիչը կը փնտռեն, չը գիտեն, թէ իր հարազատ որդին է։ Թագաւորը մեծ գումար մը կը խոստանայ զայն մատնողին... ո՞վ չուզեր պատրաստ ստակ ձեռք բերել։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Երդմնազանց վատ, ճշմարիտ բարեկամ կը կարծէի զքեզ։
       ՏԻՐԱՆ. Ինքն է... (մեկուսի, սարսափած) մատնուեցայ...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Տիրա՛ն, ստակի համար քու վաղեմի բարեկամդ մատնե՜լ... միտքդ բեր Անիի հազար ու մէկ եկեղեցիներուն վրայ ըրած երդումդ, դու ալ իմ ոճրիս գործակից ես, մանաւանդ որ դու դրդեցիր զիս... եթէ կուզես ինծի հետ բանտարկիլ կամ մեռնիլ՝ մատնէ՛ զիս։
       ՏԻՐԱՆ. (երգիծանօրէն) Յիրաւի ճշմարիտ բարեկամ մ՚ես եղեր, ես այս առթիւ կ՚ուզէի փորձել զքեզ. տեսնենք թէ ոչինչ խօսքի մը համար բարեկամիդ կենացը կը դաւե՞ս... այս բանը գիտնալու համար հետաքրքիր եմ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (մեկուսի) Մատնուեցա՛ր, անմիտ, (բարձր) բարեկա՜մ, դու ինքդ ես իմ թշուառութեանս պատճառը... եթէ դու չըլլայիր, Տիրան, ես հիմա հանգիստ քուն կը քնանայի, դու զիս ոճրագործ ըրիր քու հանգստութեանդ համար... մինչեւ անգամ աւազակութիւն ընելու ստիպեցիր զիս, ուսկից շահ մ՚ալ չիկայ, եւ վերջապէս իմ կեանքս քուկինիդ հետ զուգակշիռ ըրիր... հիմա երկինք գլխուս վերեւ դահիճ կը թուի ինձ եւ ամէն քայլափոխիս կը կարծեմ, որ դժոխք բացուելով զիս պիտի լափեն... ծաղիկն անգամ ինծի համար թունաւոր է... նենգաւո՛ր, քու դրդմամբ սպաննեցի հայրս եւ անկէ ժառանգած հարստութիւններս քեզի հետ կեր ու խումի եւ մոլութեանց տուի. ապերա՛խտ Տիրան, ես քեզի համար օրհնութեան տեղ հօրս անէծքն ընդունեցի... ուստի թշուառ եմ եւ թշուառ պիտի ըլլամ, վասնզի ապերախտի մը համար հայրասպանութիւն ըրի... երբեմն նախարարի մը զաւակ էի, իսկ հիմա՝ աւազակ։
       ՏԻՐԱՆ. Ձգէ՛ սա ոչինչ խօսքերը, քաջասիրտ եղի՛ր, տղայամիտ մի՛ ըլլար, գիտցիր որ այս աշխարհս ոճրագործին եւ անմեղին համար նոյնն է. երջանկութիւնն ամէնուն սրտին ալ կը տեղայ, ինչպէս փշոտ ու ծաղկաւէտ հովիտ մը, զոր առհասարակ կը թանայ առաւօտեան ցօղը, եւ արեւը իր լուսովը զայն կը կենդանացնէ... գիշերը կը թառամի, առաւօտուն կը թարմանայ, մարդոյս կեանքն ալ այսպէս է, այսօր թշուառ է, վաղը երջանիկ... վերջապէս կեանքը գետի մը կը նմանի, որ երբեմն ծաղիկներու եւ երբեմն ալ ժայռերու մէջէն կը սահի։ Հիմա մեր գործին նայինք, ի՞նչ էր մեր ժամադրութեան նպատակը։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Պարէտի որդեգրուհին՝ Շուշանը հիմա անպատճառ պիտի առեւանգենք։ Պարէտի որդին՝ Վարդ, զայն կը սիրէ եւ սովորապէս լուսին եղած գիշերները շրջագայելու կ՚ելնեն։ Ձեռնարկութիւննիս քիչ մը դժուար է, բայց ես մինչեւ անգամ մահն աչքս առեր եմ... մէկ մը Շուշանը թեւերուս մէջ գտնեմ։
       ՏԻՐԱՆ. Անհոգ եղի՛ր, յուսամ որ վտանգ մը չի պատահիր, առանց ձայնի կը լմննայ գործը, արդէն դուն ալ իմ ճարտարութեանս տեղեակ ես... քաջալերութի՜ւն. ես եկած ատենս մարգերուն մէջ շրջագայութիւն կ՚ընէին եւ բաւական հեռու էին իրենց բնակարանէն։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Երջանի՜կ լուր, վերջապէս ձեռացս մէջն ես, Շուշա՛ն, այն արհամարհոտ նայուածքդ ժպիտի պիտի փոխեմ, եւ իմ սրտիս հետ բաբախել պիտի տամ բռնութեամբ քու սիրտդ ալ։
       ՏԻՐԱՆ. Կեցի՛ր... ինծի հատուցում պիտի հանե՞ս...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Անշուշտ (մեկուսի) քու հատուցումդ մահն է այս գիշեր, եթէ յաջողի։
       ՏԻՐԱՆ. Երթանք ուրեմն... երկչոտութիւն չուզեր, անվախ սիրտ, ճարտար հարուած...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Երթանք անմիջապէս... սպանութիւնը քեզի, հսկողութիւնն ինծի. կեցցե՛ս Տիրան, եթէ յաջողիս...
       ՏԻՐԱՆ. Կը տարակուսի՞ս (մեկուսի), կասկածը փարատեցինք... (բարձր) օ՜ն, այս կողմէն, զգուշութիւն, գուցէ դիմացնիս ալ ելնեն... սա լուսինն ալ ի՞նչ աղէկ մեր գործին կու գայ. եթէ ճշմարտութիւնը փնտռես, ինքն ալ մեզի մեղսակից է, եթէ ըրածնիս կրնայ մեղք համարուիլ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (երթալով, մեկուսի) անմիտը կը կարծէ, թէ մատնութեան խօսքը իբրեւ ոչինչ անհետացաւ. թող այնպէս կարծէ. ( ձախ կողմէն կը հեռանան. Տեսարանը պարապ կը մնայ պահ մը):
       Տեսիլ Դ
       ՎԱՐԴ եւ ՇՈՒՇԱՆ (ձեռք ձեռքի աջ կողմէն կը մտնեն)
       ՎԱՐԴ. Յոգնեցար, սիրելի Շուշանս... եթէ կ՚ուզես, սա առուակին քով նստինք քիչ մը։
       ՇՈՒՇԱՆ. Քանի որ քու հետդ եմ, սիրելի Վարդս, գիտես որ երբեք չեմ յոգնիր։
       ՎԱՐԴ. Շուշա՛ն, երբ առաջին անգամ սէրը փափկիկ մատներովը կուրծքս բախեց, ես միայն այն ատեն կ՚երեւակայէի գիրկ մը եւ քնքուշ թեւեր... կ՚ըսէի ինքնիրենս. «Ե՞րբ պիտի գայ այն երջանիկ վայրկեանը յորում սիրուհւոյ մը հեշտ ձայնը պիտի մրմնջէ ինծի, «գրկէ զիս, Վա՛րդ». եւ ահա քու գիրկդ եմ, Շուշան, երջանիկ է այն ծաղիկը, որ քու շրթանցդ վրայ կը թառամի, երջանիկ է այն հողմիկը, որ քու ճակատդ կը շոյէ, երջանիկ է այն ճառագայթը, որ քու մազերուդ մէջ կը նուաղի եւ ամէնէն աւելի երջանիկ է այն, որ զքեզ կը սիրէ ի բոլոր սրտէ։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ա՜հ, յիրաւի, ի՞նչ քաղցր է սէրը, Վարդ, սէրը կենաց գարունն է, որ մեր սրտին մէջ կը փթթի եւ համբոյրն անոր զեփիւռն է, որ մեր սիրաբորբոք սրտերը կը զովացնէ... տէ՛ս, Վա՛րդ, բոլոր բնութիւնը սիրով կը խայտայ... լուսինը սէր կը ցօղէ, ծաղիկը սէր կը բուրէ, հողմիկը սէր կը շնչէ, թռչունը սէր կը գեղգեղէ, տերեւը սէր կը սօսափէ, առուակը սէր կը մրմնջէ, ո՜հ, ամէն ինչ սէ՜ր... սէ՜ր...
       ՎԱՐԴ. Շուշա՛ն, որչա՜փ քաղցր ես, քու սրտիդ ծալքերը շուշանայ թերթերուն պէս անբիծ են, քու նայուածքդ արշալուսոյն առաջին ճառագայթին նման քաղցր է, քու շունչդ առաւօտեան զեփիւռին չափ հեշտալի է... ո՜հ, եթէ դու չըլլայիր, փուշերով ծածկուած վարդի կոկոն մը պիտի ըլլայի ես եւ դեռ չի բացուած պիտի թառամէի։
       ՇՈՒՇԱՆ. Գիտցաւ Արարիչը, որ մենք առանց իրարու չի պիտի կարենայինք ապրիլ, ուստի իրարու գիրկ նետեց զմեզ, եւ հիմա սէր կը շնչենք միատեղ։ Այնպէս չէ՞, Վարդ, միշտ պիտի սիրենք զիրար, ինչպէս որ ծաղիկն ու զեփիւռը միշտ զիրար կը սիրեն... ո՜հ, տես ի՜նչպէս ուժգին կը բաբախէ սիրտս. կարծես թէ կուրծքս ծակելով՝ քու սրտիդ քով թռչիլ կ՚ուզէ. մօտեցի՛ր ինձ, սիրելիդ իմ Վարդ, միշտ գրկէ՛ զիս... տես, լուսինը ի՞նչպէս կը ժպտի մեզի, կարծես թէ նա ալ աստեղազարդ կամարէն մեր գիրկը թռչիլ կ՚ուզէ, նա ալ զմեզ կը սիրէ, մեր վրայ կը հսկէ, մենք ո՞ւր երթանք, ինքն ալ մեզի կը հետեւի... Ո՜վ լուսնակ, միայն կենդանի եղած ատեննիս չի պիտի լուսաւորես զմեզ, այլ երբ մեռնինք՝ մեր շիրիմներուն վրայ ալ պիտի ծագես... ( առ Վարդն) եւ այն ատեն սիրոյ տեղ արցունք պիտի ցօղեն մեր շիրիմներուն վրայ... քանի որ մեր երջանկութեան ատեն կը ժպտի, անշուշտ մեր մահուան ատենն ալ պիտի տխրի. խե՜ղճ լուսին, իր գերեզմանը թուխ ամպ մ՚է միայն։
       * արշալոյսն եղաւ այն։
       * զքեզ այն ատեն, դեռ չէի զգացած քու քաղցրիկ սէրդ... բայց հիմա կը հասկնամ, թէ անխելք եմ եղեր այն ատեն։
       ՎԱՐԴ. Եւ ի՞նչ կը կարծես, Շուշա՛ն, եթէ ուրիշներն ալ մեզի պէս սիրեն զիրար, այն ատեն ծաղկունք անգամ նախանձելով չի՞ պիտի թառամէին եւ այն ատեն ի՞նչ բան պիտի ըլլար Շուշանայ սիրոյ նուէր, թռչունները նախանձելով չի պիտի երգէին, եւ ո՞վ պիտի արթնցներ զմեզ արշալուսին ճառագայթներուն հետ՝ մեր համբոյրներն իրարու տալու համար. ի՜նչ քաղցր է այն վայրկեանը։
       * արօտներն կ՚ելնենք , այնպէս չէ՞, Վա՛րդ։
       ՎԱՐԴ. Շատ աղէկ, Շուշա՛ն, բայց այս ի՞նչ ձայն է, մտիկ ըրէ... (հեռուէն հետեւեալ երգը կը լսուի)։
       ՈՂԲԵՐԳ
       Ո՜վ դու գիշեր, գիշեր լռիկ, լուսավառ,
Որ կը շնորհես ինձ ժամանակ, իմ թշուառ
Կեանքիս վրայ արցունք թափել վշտահար,
Միայն զքեզ գտայ ցաւոյս մխիթար։
       Եւ դուք, երկի՛նք, երկինք գըթած, զօրութիւն,
Տըւէ՛ք գոնէ այս իմ շրթանց դողդոջուն,
Անէ՜ծք կարդալ անոր, որ զիս արտասուաց
Մատնեց խաբեց դերեւացոյց յոյսս կենաց։
       Թշուառ եմ ես թշուառութեանս վերջ չը կայ,
Ուրեմն անէ՜ծք թափին գլխուն Սուրմակայ
Եւ ինձ հիքիս որ եղայ վատ սիրադրուժ,
Երկի՜նք, գթա՛ եւ արցունքներս բեր դու յուշ։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ի՞նչ ողորմագին ձայն է այս... Ո՞վ է արդեօք...
       ՎԱՐԴ. Անշուշտ թշուառ կին մ՚է, ո՞վ գիտէ, ի՞նչ աղէտքի հանդիպեր է։
       * կու լա՞ս, Վա՛րդ... բայց ինչո՞ւ, ըսէ՛, կ՚աղաչեմ։
       ՎԱՐԴ. Այս ձայնը... այս ձայնը սրտիս խորը թնդաց, չը գիտեմ, ակամայ արցունք հոսեցին աչուըներէս։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ա՜հ, խե՜ղճ կին, արդեօք ի՞նչ է իր վիշտը, միթէ դարման կրնա՞նք տալ իրեն, Վա՛րդ։
       * գաղտնիքը եւ սփոփանք գտնել... Թշուա՜ռ կին։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ի՜նչ գորովալից սիրտ մը ունիս, Վա՛րդ, ի՜նչ շուտով արտասուեցին անուշ աչքերդ... (ձեռքն անոր սրտին դնելով) ո՜րչափ ալ ուժգին կը բաբախէ սիրտդ... հանդարտէ՛, սիրելի՛դ իմ, անշուշտ կրնանք մեր ձեռքէն եկած ձեռնտուութեամբը մխիթարել զինքը։ Դէպի այն կողմը երթանք...
       ՎԱՐԴ. Կեցի՛ր... Ահա յամր ոտնաձայն մը կը լսուի... Կ՚երեւի որ ինքն է... սպասենք։
       ՇՈՒՇԱՆ. Բայց կ՚աղաչեմ, հանդարտէ՛։
       Տեսիլ Ե
       ՆՈՅՆՔ եւ ՄԱՐԻԱՄ
       ՄԱՐԻԱՄ. (ձախ կողմէն մտնելով) Իզո՜ւր կ՚աղաղակեմ... ձայնս լսող չկայ, Աստուած անգամ երես դարձուցեր է ինձնէ... Թշուառ եմ ես, խելացնոր մը, որ ուր երթալը չը գիտեր եւ իր ոտիցը ներքեւ գերեզման կը փնտռէ միշտ... Մա՜հ... Մա՜հ, ինչո՞ւ կը դանդաղիս... ալ յոյս չունիմ ես... թշուառութեանս չկայ վերջ... Սուրմա՛կ, անիծեա՜լ ըլլաս դու յաւիտեան եւ թո՛ղ իմ անէծքս միշտ քու կեանքդ խռովէ։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ի՞նչ ունիս, կին դու, ի՞նչ աղէտք պատահեցաւ քեզ... Միթէ դո՞ւ էիր հիմա ողորմագին երգողը...
       * ո՞վ ես դու, սիրուն աղջիկ... գիշեր ատեն ի՞նչ բան ունիս հոս։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ես այս գիւղէն որբ հովուուհի մ՚եմ, բարի երկրագործի մը որդեգիրը, այս երիտասարդին հետ հոս շրջագայելու ելած ենք... զիրար կը սիրենք։
       ՄԱՐԻԱՄ. Զիրար կը սիրէ՞ք։ Ուրեմն երջանիկ եղիք եւ թողէ՛ք որ ես իմ թշուառութիւնս ողբամ առանձին, դուք չգիտէք, թէ ի՜նչ է թշուառութիւնը։
       ՎԱՐԴ. Քաջալերուէ՛, թշուառ կին, պատմէ մեզ աղէտքդ եւ պիտի տեսնես, որ մեր ձեռքէն եկած օգնութիւնը չի պիտի զլանանք քեզ։
       ՇՈՒՇԱՆ. Գիտցիր, որ ես ալ քեզ նման թշուառ էի, խեղճ ու մինակ մնացած աշխարհիս վրայ՝ երբ այս ազնիւ երիտասարդը զիս իր տունը ընդունեց եւ իր սիրով երջանիկ ըրաւ զիս։
       ՄԱՐԻԱՄ. Եւ եթէ պատմեմ իմ աղէտքս՝ պիտի տեսնէք թէ ասոր պատճառը սէրն է։
       ԱՄԷՆՔԸ. Սէ՜րը...
       ՎԱՐԴ. Միթէ սէրը թշուառութեան պատճառ կրնա՞յ ըլլալ։
       ՇՈՒՇԱՆ. Բայց ըսէ՞, ի՞նչպէս սիրեցիր եւ թշուառացար։
       ՎԱՐԴ. Այո՛, ըսէ՛, կ՚աղաչենք։
       ՄԱՐԻԱՄ. Եթէ պատմեմ, չի՞ պիտի անարգէք զիս։
       ԱՄԷՆՔԸ. Ոչ, երբե՛ք։
       * դարձեալ ճամբաս շարունակել սկսայ. նորէն լսեցի ձայնը. դարձայ եւ տեսայ երիտասարդ մը, որ քիչ մը անդին ծունր եկած զիս կը կանչէր...
       ՇՈՒՇԱՆ. Եւ ո՞վ էր այդ անձը...
       * յանցաւոր եմ, ներեցէ՛ք ինձ։
       ՎԱՐԴ. Կը ներենք քեզի, խե՜ղճ կին։
       ՇՈՒՇԱՆ. Եւ կը պաղատինք Աստուծոյ, որ ինքն ալ ներէ։
       ՎԱՐԴ. Բայց ո՞վ է քու առջի ամուսինդ, անշուշտ կը ճանչնանք զինքը, եթէ այս գիւղը կը բնակի։
       ՄԱՐԻԱՄ. Պարէտ երկրագործն է. հիմա եթէ զինքը տեսնեմ, չեմ ճանչեր, վասնզի զինքը թողելէս ի վեր 17 տարի է։
       ՎԱՐԴ. Պարէտ երկրագո՞րծն ըսիր... Ո՜վ երկինք...
       ՇՈՒՇԱՆ. Որդի ունի՞...
       ՄԱՐԻԱՄ. Բայց ինչո՞ւ խռովեցաք... այո՛, Վարդ անուն որդի մ՚ունի... Զաւա՜կս...
       * ատեն կորսնցուցի։
       ՄԱՐԻԱՄ. Քու մայրդ... Ա՜հ...
       ՎԱՐԴ. Այո, մայրի՛կ, Վարդն եմ ես, քու որդիդ եւ դեռ կը սիրեմ զքեզ։
       ՄԱՐԻԱՄ. Եւ ներեցիր քու մօրդ, այնպէս չէ՞ ( զիրար կը գրկեն)։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ի՜նչ անակնկալ դիպուած։
       ՎԱՐԴ. Ալ երջանիկ ես, մա՛յր իմ, վասնզի քու որդիդ գիրկդ է։
       ՄԱՐԻԱՄ. Այո՛, երջանիկ եմ... Որդեակ իմ...
       ՎԱՐԴ. Թէ որ զքեզ հօրս քովը տանիմ, ալ չի պիտի վշտանաս, այնպէս չէ...
       * քաղցր սիրոյն եւ յարգանացը... Եւ գուցէ հիմա նա կ՚ատէ զիս, եւ եթէ երթամ ՝ կը վռնտէ զիս։
       * գիրկը։
       ՄԱՐԻԱՄ. Իսկ եթէ գաղտնիքս իմանայ, պիտի...
       ՎԱՐԴ. Ներէ քեզի... Շուշա՛ն, դու ալ գրկէ մայրս... Քանի մը օրէն, մա՛յր իմ, դու ալ մեր հարսանեացը ներկայ պիտի ըլլաս, դու ալ պիտի օրհնես մեր երջանիկ միութիւնը...
       ՁԱՅՆ ՄԸ. (հեռուէն) Օգնութի՜ւն... Օգնութի՜ւն...
       ՎԱՐԴ. Ո՜հ. տղու մը ձայնն է... Երթամ, տեսնեմ, ի՛նչ կայ (կ՚երթայ):
       ՄԱՐԻԱՄ. Կեցի՛ր... Կեցի՛ր... Վտանգ մը չըլլայ ( ետեւէն կ՚երթայ)։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ի՞նչ խօսք էր որ Վարդի բերնէն թռաւ... Հարսանի՜ք, ո՜հ, քիչ ատենէն Վարդ իմ ամուսինս պիտի ըլլայ... քիչ ատենէն ամուսինս պիտի կոչեմ զինքը... Ի՜նչ երջանիկ միութիւն...
       Տեսիլ Զ
       ՇՈՒՇԱՆ եւ ԳԵՂԱՄ
       * ) Շուշա՜նն է... ( ծունր կու գայ):
       ՇՈՒՇԱՆ. Երիտասարդ մը դիմացս ի ծո՜ւնր... ոտք ելի՛ր եւ ըսէ՛, ի՞նչ կը խնդրես ինձնէ (ոտք կը հանէ)։
       ԳԵՂԱՄ. Նայուա՜ծք մը... ժպի՜տ մը... բա՜ռ մը...
       ՇՈՒՇԱՆ. Չեմ հասկնար ըսածդ, բացատրէ՛ միտքդ։
       ԳԵՂԱՄ. Եթէ ըսեմ՝ լեզուս առաջ չերթար... ո՜հ, կը սիրեմ զքեզ, Շուշա՜ն։
       ՇՈՒՇԱՆ. Եկո՛ւր Վա՛րդ։
       ԳԵՂԱՄ. Ո՜հ, լռէ՛, լռէ՛, կ՚աղաչեմ, գթա՜ ինծի...
       * զիս քու խօսքերդ , կը հասկնամ որ...
       ԳԵՂԱՄ. Ո՜հ, մտիկ ըրէ՛... Ոտքերուդ տակ սիրտ մը կը կոխկռտես, եւ այն սիրտը ամէն մէկ քայլափոխիդ մէկ մէկ կաթիլ արիւն կը հեղու... Սիրտ մը ունիմ՝ քեզ կը նուիրեմ եւ դու զայն կ՚արհամարհես... Ուրեմն ծակէ այս սիրտը, որ ամէն մէկ վայրկեան քեզի համար կը բաբախէ եւ աւրէ՛ դաշոյնով մը այն անունը, զոր սէրը իր կրակէ գրիչովը սրտիս խորը գրեց։ Թո՛ղ թառամին այս շրթունքները, որոնք ամէն վայրկեան քու անունդ կը մրմնջեն... Եթէ անարժան եմ քու սիրոյդ... դեռ «չեմ սիրեր» չըսած՝ խողխողէ զիս կ՚աղաչեմ... Ո՜հ, անգութ ես եղեր, Շուշա՛ն, ես կարծեցի որ պիտի գթաս վրաս... բայց խաբուեր եմ... բառ մը՝ այո կամ ոչ. պիտի սիրե՞ս զիս... Դու կու լա՜ս... Ուրեմն հաւատա՞մ, որ կը սիրես դու զիս... Ո՜հ, ինձ դարձուր նայուածքդ, խօսէ՛, սիրտս մի՛ հատցուներ։
       * , խեղճ երիտասարդ, վասնզի գիտեմ, թէ ի՞նչ է սիրելը եւ չը սիրուիլը։
       ԳԵՂԱՄ. Ի՞նչ կը մտածես, պիտի սիրես զիս, այնպէս չէ՞... Ո՜հ, ուրեմն գրկէ զիս, եւ երջանիկ ըլլանք, գիրկս հանգչած՝ հնչէ՛ սրտիս քու սիրոյ խօսքերդ եւ յուսահատութիւնս փարատէ, ինչպէս որ սոխակն անտառին խորը առաւօտեան երգով բնութեան վրայ տիրած գիշերային արհաւիրքը կը փարատէ...
       ՇՈՒՇԱՆ . Չեմ կրնար սիրել զքեզ... Խե՜ղճ պատանի, ես յերկինս ուխտեցի միայն Վարդս սիրել, եւ ի՞նչպէս դրժեմ ուխտ մը. ո՛չ, ո՛չ, չե՛մ կրնար թողուլ իմ սիրելի Վարդս օտարականի մը համար, որ կրնայ ուրիշ մը սիրել... երբ իմ Վարդս...
       * յատակը պիտի իջնեմ։ Վերջապէս ցաւօք ծնայ եւ ցաւօք պիտի մեռնիմ... խանձարուրէս մինչեւ գերեզմանս փշալից ճամբայ մը պիտի ունենամ... Ուրեմն ուզեցիր որ ասանկով մեռնի նա, որ զքեզ հոգիէն աւելի կը սիրէ... կ՚ուզե՞ս որ մեռնիմ ես, Շուշա՛ն։
       ՇՈՒՇԱՆ. Չէ՛մ կրնար սիրել զքեզ (քովէն կը հեռանայ)։
       Տեսիլ Է
       ՆՈՅՆՔ եւ ՎԱՐԴ
       ՎԱՐԴ. (մտնելով) Երթանք, Շուշա՛ն... Մայրս հոն մեզի կը սպասէ։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ի՞նչ էր այն օգնութեան ձայնը...
       ՎԱՐԴ. Տղայ մը լճին եզերքը զուարճացած ատեն՝ դիպուածով մէջն ինկեր է։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ազատեցի՞ր զինքը։
       ՎԱՐԴ. Այո՛ եւ իր մօտակայ բնակարանը տարի։
       ՇՈՒՇԱՆ. Ո՜հ, Վա՛րդ, պահապան հրեշտակ մ՚ես դու... (կ՚երթան առջեւէն)։
       ԳԵՂԱՄ. Ո՜հ (յուսահատ հեռանալով):
       Տեսիլ Ը
       ՍՈՒՐՄԱԿ եւ ՏԻՐԱՆ (ձախ կողմէն կու գան)։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Որչա՜փ պտտցուցիր զիս եւ դեռ չը գտանք... միթէ խաբեցի՞ր զիս։
       ՏԻՐԱՆ. Ինչո՞ւ պիտի խաբեմ... Թշուառականները եկած ատենս կը շրջագայէին։ Այս բարկութեանս ատեն եթէ գտնեմ՝ այնպիսի հարուած մը պիտի տամ ինծի դէմ դնողին, որ երկու կտոր պիտի ըլլայ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Լռէ՛, պոռոտախօ՜ս, զանոնք գտնելու է հիմա, վասնզի կէս գիշերուան մօտ է... Գուցէ բնակարաննին դարձած ըլլան։
       ՏԻՐԱՆ. Ուրեմն վաղ գիշերուան ձգենք մեր ձեռնարկութիւնը, վաղ գիշեր անպատճառ կը կատարենք եւ ալ կը յաջողի։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Միթէ մինչեւ վաղը մտատանջութեան եւ կարօտանաց դա՞ր մ՚ալ պիտի անցնեմ ես. Ո՛չ, ո՛չ, չեմ կրնար այս սիրոյն դիմանալ, միթէ չգիտե՞ս, թէ ի՞նչպէս կ՚այրի սիրտս...
       ՏԻՐԱՆ. Ուրեմն մէկ մը երթամ տանը կողմերը դիտեմ, դու հոս կեցիր. եթէ օգնութեան հարկ ըլլայ, ես նշան կ՚ընեմ եւ իսկոյն հասիր։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Ուրեմն գնա՛, Տիրա՛ն, պարապ չը դառնաս ( Տիրան աջ կողմէն կը հեռանայ):
       Տեսիլ Թ
       ՍՈՒՐՄԱԿ (առանձին)
       * նաելով), Տիրանն է... Յաջողեր է... Շուշանն է իր գրկացը մէջ (մեկուսի) քաջալերութի՜ւն... մի՛ դողաք, բազուկնե՛ր, պէտք է որ Տիրան մեռնի եւ այս փոսը անոր գերեզմանն ըլլայ, ուսկից անկարելի ըլլայ ելնել... որպէսզի իմ գաղտնիքս գիտցող չըլլայ եւ բախտիս ալ ընկեր չունենամ։
       Տեսիլ Ժ
       ՍՈՒՐՄԱԿ, ՏԻՐԱՆ, ՇՈՒՇԱՆ (մարած)
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Կեցցե՛ս, Տիրան... քաջ ես եղեր...
       ՏԻՐԱՆ. (Շուշանը գիրկը) Շունչս կտրեցաւ... Յոգնեցայ...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Մարա՞ծ է։
       ՏԻՐԱՆ. Այո՛։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Ի՞նչպէս յաջողեցար։
       ՏԻՐԱՆ. Երբ ասկէ բաւական հեռացայ՝ տեսայ, որ առջեւէս կ՚երթային. աղէկ մը վերարկուիս մէջ պլլուեցայ չը ճանչցուելու համար. քիչ մը մօտեցայ եւ տեսայ որ Մարիամ, կինդ, հետերնին կը խօսակցէր։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Մարիա՞մ, կի՞նս... Ի՞նչ կը խօսակցէին... (սոսկալով):
       ՏԻՐԱՆ. Ականջ չի դրի... իսկոյն Վարդի վրայ յարձակեցայ եւ դաշոյնի հարուածով մը գետին տարածեցի զայն։
       * ։
       ՏԻՐԱՆ. Ո՛չ... բայց խորունկ... Յետոյ Շուշանը գիրկս առած երբ կու գայի տեսայ, որ ձեռք մը զիս կը բռնէր, «որդի՜ս» կ՚աղաղակէր... Դարձայ եւ տեսայ, որ Մարիամն էր, ուժգին կից մը տուի եւ զայն շնչասպառ գետին փռեցի, որով առանց արգելքի հասայ հոս... օ՜ն, ուրեմն ի՞նչ պիտի ընենք... շուտ, վտանգ մը չը պատահի։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Գիրկս տուր (Շուշանը մէկ թեւին վրայ առնելը եւ դաշոյնով մը Տիրանը զարնելը մէկ կ՚ընէ). դու մեռի՛ր, որ ես աղէկ մը խորհիմ ընելիքս։
       ՏԻՐԱՆ. Ա՜հ, ապերա՜խտ... նենգաւո՜ր...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Մատնէ՛ զիս հիմա... Հանդարտէ՛ սիրտ իմ, ալ մատնիչ չի կայ, հանգիստ կեանք վայլէ։
       * սպաննեց...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Խե՜ղճ Տիրան, միայն գիշերային լռութիւնը կը լսէ քեզի...
       ՏԻՐԱՆ. Ո՛չ... Աստուած մը կը լսէ... ( կը մեռնի. Սուրմակ՝ Շուշանը գիրկը, երթալու կ՚ըլլայ)։
       ՄԱՐԻԱՄ. (դրսէն) Ա՜հ... ո՞վ զարկաւ զաւակս...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Ո՜վ երկինք, ինքն է... մի՛ կթոտիք, ծունկե՛ր, յառաջ գացէք... Եւ դու, վա՛տ սիրտ, ինչո՞ւ կը զարհուրիս կնոջմէ մը, դու որ այսչափ եղեռն գործելէ չը զարհուրեցար... հանդարտէ՛...
       Տեսիլ ԺԱ
       ՆՈՅՆՔ եւ ՄԱՐԻԱՄ
       ՄԱՐԻԱՄ. (հերարձակ գալով) Մարդասպա՛ն, ի՞նչ ըրիր զաւակս։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Մարիա՜մ, բաւական է, թո՛ղ զիս, խոչընդոտ մի՛ ըլլար ինձ, ապա թէ ոչ կը սպաննեմ զքեզ ալ։
       ՄԱՐԻԱՄ. Այս ձա՜յնը... այս ձայնը պիտի ճանչեմ ես... Ո՞վ ես դու...
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Մի՛ հարցներ անունս... Քու յիշատակդ բաւական հալածեց զիս, գիշեր ցորեկ ձայնդ ականջէս չի դադրեցաւ, ալ բաւական անիծեցիր զիս...
       ՄԱՐԻԱՄ. (քովը երթալով եւ դիտելով) Սուրմա՜կ... ( ճիչ մը արձակելով) Ա՜հ... մարդասպա՜ն, դարձեա՞լ դու ես... Անիծեա՜լ ըլլաս յաւիտեան... ( յուսահատ ծանր կ՚իջնէ, Սուրմակ Շուշանը գիրկը առած կը հեռանայ։ Վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       *