Տիգրան Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԳՐԱՆ Բ

ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԲԱԺԱՆԵԱԼ Ի ՀԻՆԳ ԵՐԵԿՈՅԹՍ

ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԵԿՈՅԹ ԿԱՄ ՄԱՍՆ Ա ՓԻՆՆԱ ՀԻՆԳ ԱՐԱՐ ԵՒ ՄԷԿ ՊԱՏԿԵՐ

   ԱՆՁԻՆՔ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԻՆ

ՏԻԳՐԱՆ Բ, արքայ Հայոց

ՄԻՀՐԴԱՏ, փոխարքայ Տիգրանայ

ԱՐԻՈԲԱՐԶԱՆ, արքայ Կապաթովկիոյ

ԱՐՏԱՒԱԶԴ, գահաժառանգ Հայոց

ՏԻՐԱՆ, արքայորդի Հայոց

ԱՍՈՒԴ, Բագրատունի ասպետ

ԲԱԿՈՒՐ, զօրապետ

ՄԻՀՐԱՆ, զօրապետ

ՎԱՀԱԳՆ ՔՐՄԱՊԵՏ

ԿՈՒՌՆԵԼԻՈՍ, զօրավար Հռովմայ

ՈՊՊԻՈՍ, զօրապետ

ՄԱՆԻՈՍ, դեսպան

ՍԻՐԱՆՈՅՇ, դուստր Միհրդատայ

ՓԻՆՆԱ, դուստր նախագահին ծերակոյտի

Նախարարք, զօրապետք, զօրք

Քուրմք եւն, եւն

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

Տեսարանն է Տիգրանայ պալատը։ Ասուդ եւ Սիրանոյշ կը յիշեն, թէ ինչպէս Ասուդ որսի մը ատեն ազատած է Սիրանոյշի կեանքը ահագին վարազի մը ճիրաններէն։ Այն օրէն ի վեր կը սիրեն զիրար։ Սիրոյ արտայայտութիւնքը կ՚ընեն։ Ասուդի մեկնման պահուն, Միհրդատ կը տեսնէ անձիքն. պէտք է պատուար մը կանգնիլ անոնց մէջ, կ՚ըսէ, որովհետեւ Տիգրան արդէն խօսք բացած է իրեն Արտաւազդ արքայորդւոյն եւ Սիրանոյշի միութեան վրայ։ Ասի Միհրդատայ քաղաքական նկատառամներուն յարմար կու գայ։ Միհրդատայ հետ տեսակցութեան մը միջոցին Տիգրան կը հաստատէ այդ միութիւնը եւ զՄիհրդատ թագաւոր կ՚անուանէ Պոնտոսի՝ անոր ծովեզր այ սահմանները պաշտպանելու համար Հռովմէացւոց դէմ, որք եկած են Փիննան պահանջելու, որ գերի է Տիգրանայ քով, ապա թէ ոչ պատերազմ։ Տիրան՝ Տիգրանայ փոքր տղան, սիրահարեալ է Փիննայի, որ կը կեղծէ եւ անորն ըլլալ կը խոստանայ, իւր ազատման ի գերութենէ։ Տիրան ալ խօսք կու տայ զայն ազատիլ։

ՏԻՐԱՆ. Կ՚երդնում քու աչերուդ վրայ... կ՚երդնում սրոյս վրայ...

ՓԻՆՆԱ. Ուրեմն ի՞նչ կը խնդրէիր ինձմէ։

ՏԻՐԱՆ. Գիրկդ։

ՓԻՆՆԱ. ( թեւերը բանալով ) Ահաւասիկ ( կը գրկախառնին

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

         Միհրդատ Ասուդի լեզուն կտրել տուած է, որովհետեւ սրիկայ է եւ կուռքերուն երկրպագութիւն չըներ։ Արդարեւ կը յաջողի Միհրդատի բլանը։ Սիրանոյշ զայս ըսելէ յետոյ անմիջապէս Արտաւազդայ հաւանութիւն կու տայ։ Իրենց միութիւնը եւ միանգամայն Միհրդատայ թագաւորութիւնը մէկ աւուր մէջ կը կատարուի մեհեանի մէջ։

ՏԻԳՐԱՆ. Արդ քաջդ Միհրդատ, ահա Պոնտոսի թագաւոր եղար յանուն աստուածոց, ա՛ռ զօրքերդ, ճամբայ ե՛լ դէպ ի Պոնտոս, խորտակէ՛ Հռովմէացւոց խրոխտ ճակատները, թափէ՛ անխնայ արեան հեղեղներ եւ այն հեղեղները մեր աստուածոց փառքը եւ Հայաստանի յաղթանակը մանել են։

ՎԱՀԱԳՆ. Թող աստուածոց շուքը վրադ սփռի... Ի ծունր ամէնքնիդ ալ ( ամէնքը կը ծնրադրին։ Աղօթք ) [1] ։

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ

Հռովմէացի զօրապետք Սիղղան եւ Ոպպիոս բանակին կարգադրութեանը մասին կը խորհրդակցին։ Նոյն միջոցին Արիոբարզան՝ Կապաթովկիոյ թագաւորը, կու գայ իր բանակով միանալ իրենց, որովհետեւ Միհրդատ զինքը գահընկէց ընելով իր 8֊ամեայ տղուն՝ Արիարաթը թագաւորեցուցած է անոր տեղ։ Հռովմէացիք իրենց աջակցութիւնը կը խոստանան Արիոբարզանի։ Սիղղա զՄանիոս կը յղէ առ Տիգրան՝ Փիննայի արձակումը պահանջելու, եւ Ոպպիոս ալ կ՚երթայ բանակին պատրաստութիւններ հոգալու։

Տեսիլ Ե

ՍԻՂՂԱ, յետոյ ԱՍՈՒԴ

ՍԻՂՂԱ. Տիգրա՜ն... Միհրդա՜տ...

ԱՍՈՒԴ. ( երեւնալով սուրը Սիղղայի առջեւ կը նետէ) ։

ՍԻՂՂԱ. Ո՞վ ես դու։

ԱՍՈՒԴ. ( ձեւով ) Պիտի գիտնաս։

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ

Տիրան եւ Փիննա կը խօսին փախստեան վրայ.

ՏԻՐԱՆ. Պալատին պահնորդապետը կաշառաւ ինձ շահեցայ... Երեքնիս միատեղ այս գիշեր պիտի փախչինք... Սա ամէն բան պիտի պատրաստէ մեր փախստեան համար... Գիշերուան չորրորդ պահուն [2] ատենները սենեկիդ պատուհանին սլաքի մը հարուածը զգալուդ պէտք է որ պատրաստ գտնուիս եւ չուանի մը եւ իմ օգնութեամբ կրնաս պատուհանէն վար իջնիլ եւն։

Տիգրան եւ նախարարք կը մեծախօսին [3] ։

Հռովմէացւոց դեսպանը կու գայ։

ՄԱՆԻՈՍ. Հռովմէացւոց լիազօր հրամանատար Սիղղայի առ արքայդ Հայոց խնդալ (!!!) Փիննայի արձակումը կը պահանջէ։ Կը մերժուի։ Պատերազմ։

ՏԻԳՐԱՆ. Այո՛, պատերա՜զմ... քաջ նախարարք իմ Միհրան եւ Բակուր. Գացէ՛ք այդ խրոխտ Հռովմէացւոց հետ սրով տեսնուելու Միհրդատայ հետ միացած։ Հայ անունը խոր դրոշմեցէք աւերակաց եւ դիակաց վրայ... Քաջդ Բակուր, դու Հռովմայ աւերակէն քար մը բեր ինձ, եւ դո՛ւ, քաջդ Միհրան, Սիղղայի գլուխը։

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ե

Տեսիլ Ա

ՏԻԳՐԱՆ. ( մենակ ). Որչա՜փ պայծառ է երկինը եւ... այս լուռ գիշերուան մթութեանը մէջ արդեօք մտաբերող կա՞յ Տիգրանը, որ աշխարհի տիրապետելու վրայ կը մտածէ... Ահա՛ աստղ մ՚ալ թռաւ երկնքէն։ Ահա ազգի մը բախտն ալ կը տապալի ... Կը սիրեմ զձեզ, վար իյնող աստղեր... եւն (կ՚երթայ, կը նստէ նստարանի մը վրայ մտազբաղ)։

Տեսիլ Բ

         Տիրան եւ Փիննա փախչելու վրայ են. Փիննա Տիրանայ օգնութեամբ պատուհանէն վար կ՚իջնայ։ Տիգրան, որու ականջին ձայներ կու գային, մութի մէջ կը նշմարէ զանոնք.

ՏԻԳՐԱՆ. ( բարձր ) Կեցէ՛ք։

ՏԻՐԱՆ. ( մեկուսի ) Հա՜յրս...

ՓԻՆՆԱ. ( մեկուսի ) Թագաւո՜րը...

ՏԻԳՐԱՆ. Ո՞վ էք դուք։

ՏԻՐԱՆ. ( մեկուսի ) Մատնութիւնք։

ՓԻՆՆԱ. ( մեկուսի ). Ո՜վ երկինք...

ՏԻԳՐԱՆ. Դեռ չէք պատասխաներ... ( փայլակ մը զանոնք կը լուսաւորէ) Տիրա՜ն...

ՎԵՐՋ Ա ԵՐԵԿՈՅԹԻՆ


ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵԿՈՅԹ [ՈՐ է] ՄԱՍՆ ԵՐԿՐՈՐԴ

ԱՍՈՒԴ ԿԱՄ ԼԵԶՈՒԱՀԱՏՆ

  ԱՆՁԻՆՔ Բ ՄԱՍԻՆ

ՏԻԳՐԱՆ Բ, արքայ Հայոց

ՄԻՀՐԴԱՏ, արքայ Պոնտոսի

ԱՐՏԱՇԱՄԱ, թագուհի Պոնտոսի

ԼՈՒԿՈՒՂՂՈՍ, զօրավար Հռովմայ

ՓԱՌՆԱԿԷՍ, որդի Միհրդատայ

ԱՐԻԱՐԱԹ, կրտսեր (որդի) Միհրդատայ

ԿՈՏՏԱՍ, զօրապետ Հռովմայ

ԱՍՈՒԴ, Բագրատունի ասպետ

ՈՊՊԻՈՍ, զօրապետ

ԿՈՐԴԻԱՍ, ծովահէններու գլխ<աւոր>

ՍՈՒՐԷՆ, իշխան Պոնտոսի

ԳՈՐԴԻՈՍ, խնամակալ Արիարաթայ

ԲԱԿՈՒՐ, զօրապետ Հայոց

ՄԻՀՐԱՆ, զօրապետ Հայոց

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

         Միհրդատ թագաւոր է Պոնտոսի։ Տիգրանէն օգնութիւն խնդրած է Արիարաթը վերստին թագաւորեցնելու Կապաթովկիոյ վրայ։ Միհրան եւ Բակուր զօրապետք կը հասնին։ Միհրդատ Միհրանին կը յանձնէ Արիոբարզանը կրկին տապալել եւ անոր տեղ թագաւորեցնել Արիարաթը։ Փառնակէս՝ Միհրդատայ անդրանիկ որդին, կը կատղի իր անդրանկութեան իրաւանց ոտնակոխ ըլլալուն համար եւ, ինչպէս որ առաջին անգամ, այս անգամ եւս Ասուդի կը յանձնէ տապալիլ զԱրիարաթ Հռովմէացւոց միջոցով։ Միւս կողմանէ կ՚ուզէ հօրմէն վրէժ առնել եւ ասոր համար իրեն դաւակից կ՚ընտրէ բացի Ասուդէն Պոնտացի Սուրէն նախարարը եւ Կորդիաս՝ ծովահէնաց գլուխը։ Մինչդեռ Կորդիաս, Փառնակէս եւ Ասուդ Կղխարք քարայրը ժողով մը ընելու ժամադրութեան վրայ կը խորհրդակցին, Բակուր վրայ կու գայ եւ կը սպառնայ Միհրդատի իմացնել ամէն բան։ Կորդիաս եւ Ասուդ կը վազեն ետեւէն ու կը զարնին։

ՓԱՌՆԱԿԷՍ. Երթանք... այսպէս ջախջախինք մեր թշնամիները ( կը մեկնին

ԲԱԿՈՒՐ. ( երեւալով, վիրաւորուած ) Ո՞ւր կ՚երթաք... Պիտի մեռնիմ... Հոգ չէ, բայց Միհրդատը չի պիտի կրնամ ազատել... ( ծնկան վրայ կ՚իյնայ

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

         Միհրդատ հոգեվար Բակուրի կը հանդիպի, որ հոգին՛ կու տար, կրնայ արտասանիլ. «Փառնակէս քեզ կը դաւաճանէ... զիս սպաննեց», ուստի Միհրդատ առաջի նախարարաց ժողովոյն կը դատէ զՓառնակէս.

ՓԱՌՆԱԿԷՍ. Վճռէ՛։

ՄԻՀՐԴԱՏ. Զօրակա՛նք, շղթայք զարկէք։

ՓԱՌՆԱԿԷՍ. Զի՞ս... Դահիճ հայր...

ԱՐՏԱՇԱՄԱ. ( առ Փառնակէս ) Ոտքը ինկիր...

ՄԻՀՐԴԱՏ. Բանտարկեցէ՛ք...

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ

Փառնակէս բանտին մէջ կը մտածէ հօրմէն առերես ներողութիւն խնդրելով բանտէն ազատել։ Ասուդ կու գայ իրեն իմացնել, թէ Արիարաթ գահընկէց եղած է։ Փառնակէս կը խնդրէ Ասուդէն, որ մէկու մը միջոցաւ մայր թագուհին իրեն կանչէ։ Ասուդ կը մեկնի անմիջապէս։ Մայր թագուհին կու գայ ինքնին ու խորհուրդ կու տայ Փառնակէսի ներումն խնդրել։ Փառնակէս կը հաւանի։ Արտաշամա շղթաները կը քակէ, ու կ՚երթայ ներումն խնդրել։ Նոյն միջոցին դաւակիցներէն Սուրէն կը յայտնէ ամէն ինչ Միհրդատի եւ կու տայ անոր իր զգեստները, որպէսզի իրեն տեղը Կղխարք քարայրի ժողովքին ներկայ գտնուի։ Փառնակէս եւ Արտաշամա կը ներկայանան Միհրդատի։ Փառնակէս հպատակութեան երդում կ՚ընէ։ Միհրդատ գիտութեամբ ( անընթռն. ) Միհրդատի կու գան իմացնել, թէ Արիարաթ վերստին տապալած է։

ՄԻՀՐԴԱՏ. Ո՜հ, մեր ահեղ բանակները դուրս հանինք այդ հպարտ ժողովրդեան դէմ... պատերազմի դաշտը։

ՓԱՌՆԱԿԷՍ. ( մեկուսի ) Կղխարք քարայրը։

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ

         Փառնակէս, Ասուդ, Կորդիաս, Միհրդատ (ծպտեալ իբր Սուրէն) հաւաքուած են Կղխարք քարայրին մէջ ու կը խորհրդակցին։ Միհրդատ խոչընդոտներ կը յարուցանէ միշտ, վերջապէս «Անիրաւ էք» կ՚ըսէ ու չուզիր մասնակցիլ։ Սուրերնին կը քաշեն զայն սպանելու, Միհրդատ կը յայտնէ ինքզինքը։

ԱՄԷՆՔԸ. ( սարսափած ) Միհրդա՜տ...

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ե

         3 Հռովմէացի պահնորդներ կը վիճաբանին. 2֊ը դժգոհ են պատերազմէն, իսկ մին միայն գոհ է։ Կոտտաս զօրապետը կու գայ ու կ՚երթան ի դիմաւորութեան Լուկուղղոս հրամանատարին։ Տիգրան կը հասնի իր բանակով, փողեր կը զարնուին. Հայերը կրակ կը ձգեն Հռովմէացւոց նաւերուն։

ՏԻԳՐԱՆ. Փա՜ռք, փա՜ռք Հայերուն... ( երկու բանակները կատաղաբար իրարու վրայ կը յարձակին. Հռովմէացիք կը յաղթուին

ՎԵՐՋ Բ ԵՐԵԿՈՅԹԻՆ 1



[1]         Բայց գրուած չէ, տեղը բաց է։ Վերջաւորութիւնները յատուկ կ՚օրինակեմ կոր, որպէսզի դատես այս խաղին մէջ այնչափ աչքի չեն զարնիր կոր։ ՄՄ

[2]         Ժամը 4֊ին ըսել կ՚ուզէ։ ՄՄ

[3]        Նոր բառեր կը շինիմ, ինչ ընեմ։ ՄՄ