Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Ազգային զբաղմանց եւ առտնին հոգերու մէջ` ատեն ատեն` դէպքի կամ զգացումի մը տպաւորութեան ներքեւ` Հայկական նամականի անուամբ մրոտած թղթերս, որ զանազան լրագիրներու` Ծաղկի. Մեղուի, Կիլիկիայի եւ այլ թերթերու մէջ ցիր ու ցան կը գտնէին մէկ հատորի մէջ ամփոփել եւ հրատարակել կը յորդորէն զիս քանի մը բարեկամներ: Արդ` այս բարեկամաց խնդիրը կատարելու կը զիջանիմ` քանի մ՚անտիպ նամակներ ալ աւելցնելով, ոչ այնչափ հեղինակի ինքնասիրութիւն մը գոհ ընելու, որչափ անոնց նպատակին պատասխանելու համար:

Եւ արդարեւ` որչափ որ այս նամակներն` որ 1864էն սկսեալ գրուած են, ինքնին գրական կամ պատմական արժէք մը չունին, կցկտուր եւ իրենց ծնունդ առած ժամանակին յարմար բաներ են, հետեւապէս յարութիւն առնլու պէտք չունէին, սակայն դարձեալ ճշմարտութիւն մ՚երեւան պիտի հանեն հետաքրքիր ընթերցողին, այս է` թէ յիշեալ թուականէն վեր` ինչ ցաւեր եւ գանգատներ, ինչ դառն խորհրդածութիւններ, որ յայտնէր ենք սոյն նամականիով ազգին վիճակին վրայ, միեւնոյն ցաւերն ու մտածութիւնները այսօր եւս կրնանք կրկնել դժբախտաբար առանց զգալի տարբերութեան:

Ուստի այս նամականին ալ սոյն նկատմամբ չէ` թէ իբր հին, այլ նոր կամ, լաւ եւս ըսեմ, մշտատեւ վշտաց թեթեւ մէկ արձագանքը կրնան համարուիլ:

Հայը հին անցեալ մ՚ունի, որուն վրայ բաւական ատեն լիաձեռն ծաղիկներ թափեցին դպրոցական հռետորներ` ազգն ոգեւորելու յուսով` մինչդեռ այն ազգը փուշերու եւ տատասկներու վրայ կը ննջէր եւ կը տառապէր: Այժմ` հռետորական ծաղիկները հին անցյալին հետ թոռմեցան իրաւ, առանց պտղատու ծիլ մը թողլով ներկային մէջ, վասն զի հինին եւ նորին մէջ վիհ մը կայ, բայց նոր անցեալ մը կազմելու միջոցներն եւս ապարդիւն մնացին եւ մեր ապագան գրեթէ վիժելու աստիճանին հասուցին: Ի՞նչ է ասոր պատճառն. երկու ծայրայեղ դրութիւն, առաջինն` այսինքն հնապաշտները նոր հայն` ինչպէս որ է` հին Հայաստանի մէջ ամրափակել կամեցան, երկրորդն այսինքն նորապաշտներն` ազգն իր հին անցյալէն գլխովին կտրել եւ նոր աշխարհի մը մէջ բնակեցնելու ելան, ուստի ծագում առաւ մեր ազգային արդի տարտամ, երերուն եւ անշէն վիճակն եւ մեզ տարաւ Կիւլիվէրի Լակատօ քաղաքն` ուր ամէն հին բան նորոգ շինելու համար կը քանդեն, պատմութիւն, աւանդութիւն, գրականութիւն, տուն, եկեղեցի, եւ բնիկներն աստանդական կը թափառին` մինչեւ որ տեղաւորուին, եթէ երբէք կարենան…:

Եթէ կայան մը կայ մեզի համար` ըստ իս` սա է, նորը հինին վրայ պատուաստել, նախ ներկայ մը հիմնել եւ ապա ապագայ մը յարդարել: Ժողովուրդ մ՚իր անցեալէն զատելը` լիովին մահացնել է, միմիայն անցեալին մէջ պահելը` հաշմել:

Հայաստանցին մեզի իր մութ լեզուն, իր տրտում երեսն, իր հալումաշ սիրտը կը ցուցնէ վիրալի ձեռքով մը, եւ նախ` տունը, կինը, զաւակն, եկեղեցին, հացը կը փնտրէ, զորս ի վաղուց կորուսէր է, մենք անոր ցոյց կը տանք մեր հոյակապ պալատները, մեր զարդերը, մեր սնափառութիւններն, եւ ասկից զատ` հոգեբանութեան, աստղաբաշխութեան, հանրավարութեան, հասարականութեան եւ չգիտեմ ինչ նիւթերու վրայ անոր դասեր կը կարդանք: Է՜հ, այն մարդն` որ հազիւ քիւրտին սրէն ազատէր` արիւն քրտինք կը խմէ եւ աշխարհէս զզուած անկից օր առաջ ելնել կը փափաքի, ինչպէ՞ս կ՚ուզես, որ մինչեւ, հոգւոյ եւ երկնից վերնագաւառներն ելնէ քեզի հետ` իրական աղէտիցը լուծը թոթուելով:

Յուսահատական է, սակայն հարկ է կրկնել, որ տակաւին չունինք չէ թէ միայն ազգին յարմար ներկայ մը կազմելու տարրեր, այլ նոյն տարրերը գտնելու համար հաստատուն սկզբունքներ եւ խորհուրդներ անգամ: Անջատական կարգագրութիւններ՝ եսութեան կամ փառամոլութեան ցոյցեր են եւ չեն կրնար ազգային նկուն մարմինը վերականգնել:

Եւ ահա այս պատճառվ այսքան տարիներէ վեր գայթ ի գայթ կը քալենք, ծանր հիւանդութիւններու ամոքիչ դեղեր կը գործածենք` ինքզինքնիս խաբելու համար, եւ չէ թէ հիմնական դարմաններ, եւ մեր ազգային կենաց պէս խառնիխուռն է եւ մեր գրականութիւնն, աննպատակ, առօրին, քմածին, ստեպ մութ այս նամականիին պէս: Եթէ մարդկային կեանքն ոմանց համար հանելուկ մ՚է, ազգայինները կոչում մ՚ունին աշխարհիս մէջ, որ ժամանակաց շրջանին մէջ կատարելու սահմանուած են եթէ շարժիչ գիտնան, եթէ մերինին պէս գրեթէ առեղծուած մը չդառնան:

Թող հայ օրէնսդիրներ օրէնքներ գրեն, բարձր գլուխներ թող վերէն թռին, թող երեւելի գիտուններ բնութիւնը վերլուծեն, նշանավոր քաղաքագէտներ տէրութիւններ վարելու լափ ճարտար լինին, բայց ասոնք ամէնն ալ մեր ազգին համար երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող բաներ կը դառնան` եթէ նոյն ազգին ներսը մտնելով` վէրքերն ու անմիջական պիտոյքը քննելով` պէտք եղած ազդու դարմաններ գործնապէս չմատակարարուին:

Սակայն այս դարմաններն, այս միջոցներն ո՞վ պիտի խորհի եւ գտնէ, ո՞վ պիտի շինէ վերջապէս նախ ազգին տունն: Այս տան բնիկը մինակ ընտանեաց, ընկերին եւ Աստուծոյ հետ գործ չունի, այլեւ այն մարմնոյն հետ, որ պետութիւն կը կոչուի: Ընկերութեան մէջ մարդս բազմապատիկ է եւ բազմադիմի յարաբերութեանց տէր էակ մը: Նախ` տուր անոր հաստատուն դիրք մը, ապահովէ զինքն, որ իր տան մէջ ազատ է, ըստ հաճոյս` աշխատութիւն մ՚ընտրելու եւ իր աշխատութեան պտուղը վայելելու, բայց անոր առջեւ այն ամէն հաղորդակցութեան միջոցներն, որ ընկերային աստիճանին մէջ զարգանալու հակամէտ եւ հետեւապէս զանազան պիտոյից ենթակայ մարդուն անհրաժեշտ են, ըսէ անոր որ օտար ոտք մ՚իր արտն ոտնակոխ չպիտի ընէ, յափշտակիչ ձեռք մը իր քրտանց արգասիքը չպիտի թալլէ, փորձով հասկցուր անոր, որ մարդս եւ իր կարողութեանց արտադրած բաները նուիրական հինելով` անոնց դէմ շարժողն արդարութեան սրով պիտի պատժուի, մէկ խօսքով ապահովցուր զինքն, որ իր աշխատութեան, պաշտաման, ամէն օրինավոր շարժման մէջ ազատութեան եւ օրինաց առջեւ հաւասարութիւն վայելելու սահմանուած է, եւ անմիջապէս այս նիւթական երաշխավորութեանց հետեւանքը պիտի լինի բարօրութիւն, որուն կը յաջորդեն մտային անդորրութիւն եւ հետեւապէս միտք եւ սիրտ մշակելու դիւրութիւններ:

Ահա այն ատեն առ այն մարդն, այս է Հայաստանի բնիկն, եւ անոր բարոյական տան հետ մտայինն ալ զարդարէ` միշտ իր վիճակին եւ ոգւոյն հանգամանաց միտ դնելով: Առանց այս նախնական պայմաններու մեր շինելիք շէնքն աւազի վրայ հիմ պիտի ունենան…:

Վ.

Զմիւռին, 3 յունուար 1872