Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Նոյն օրը դեռ արեւը չելած մութն ու լուսուն, Որմեայ լճին արեւմտեան եզերքին վրայ` կիսաւէր գիւղի մը քով երկու մշակի զգեստներով մարդիկ անշարժ կեցէր ծովուն կը նայէին. այդ մարդկանց մէկը գրեթէ վաթսնամեայ ալեւոր մ՚էր, որու կերպեն եւ ձեւեն կ'երեւար թէ կորովը բոլորովին չէր կորուսէր, եւ իւր լայն ճակտին վրայ յայտնի ծանր մտատանջութիւն մը զինք կը տագնապէր: Իսկ միւսը քառասունն անցած կորովի սովորական մարդ մը կ'երեւար եւ պատկառանոք կը սպասէր ծերուն առջեւ, որ անթարթափ դիմացի եզրը կարծես թէ կը չափեր մտքով: Վերջապէս ծերը դարձաւ իւր ընկերոջ եւ կամաց ձայնով ըսաւ.

Դու հիմա ապահո՞վ ես, Վահրիճ, որ նաւավարք մութին հետ այստեղ պիտի գտնուին:

Այո՛, Տէր:

Ամէնքն էլ Վասպուրականի հաւատարիմ նաւավարք ե՞ն:

Այո՛, Տէր:

Նաւը լաւ՞ է եւ սրընթաց` ինչպէս ես քեզ հրամայել էի:

Այո ծովուն վրայ անկից լաւը չի գտնուիր:

Ինչչա՞փ ժամանակի մէջ ասկից դիմացի ափը կրնայ հասնիլ` լաւ թիավարելով:

Երեք ժամ, առագաստի օգնութեամբ` աւելի շուտով: Վայրկեան մը լուռ կ'ենալեն վերջ ծերը հարցուց.

Մեր զինուորները ո՞ւր են:

Մէկ մասը սա բլուրին ետին թուփերուն մէջ կը սպասեն միւսները այս աւերակ գիւղին մէջ զետեղուեցան: Խումբ մ՚էլ ձկնորսի զգեստներով ուրիշ նաւակով մը ձկնորսութիւն կ'ընեն:

Իմ ձիս ո՞ւր ղրկեցիր:

Ձիապանը եւ ձին, միւս երեք ձիերուն հետ մօտակայ հայոց գիւղ մը կայ` հոն ապահովցուցի:

Սանդուխները, չուանները, երկաթէ գործիքները եւ դարբինը ո՞ւր են:

Այս ժայռին ետին խորշ մը կայ հոն են ամէնքը:

Լռեց ծերը, որ Խոսրով Ակէացին ինքն էր, եւ սկսաւ ծանր ծանրը քալել ծովեզրը, երբ յանկարծ ձիերու տրոփի ձայն լսուեցաւ եւ հինգ տար արացի ձիաւոր տեսնուեցան, որ սրընթաց կ'ուգային: Կանգնեցաւ Խոսրով եւ եկողները կը դիտէր. իր սուր աչքերը որ առաջ դժդոհութեան նշան տուին հանդարտեցան եւ իւր ճակատին կնճիռքը պարզեցան քանի որ սկսաւ զանոնք ճանչել: Երկու տարիքն առած մարդ երկու երիտասարդ եւ մէկ պատանի էին եկողները:

Խոսրով առանց խօսելու մօտեցաւ պատանուոյն, որ երկու ծերերուն մէջեն կը ձիավարէր, եւ ձեռքը երբ կ'երկնցնէր, որ օգնի իջնելու համար ձիեն` նա արագութեամբ վար թռաւ ծիծաղելով:

Անշուշտ, իշխան, ինձի չէիր սպասէր դու, ըսաւ:

Դու ճանչեցիր զիս` եւ իմացար թէ ոչ իմ տարիքիս եւ ոչ իմ բնաւորութեանս մէջ կայ այսպիսի անխոհեմութեանց սպասել, պատասխանեց ծերը քաղցր մեղադրանոք:

Եւ պատանուոյն թեւէն բռնած շտկուեցաւ դէպ աւերակ գիւղը` ակնարկելով Վահրիճի, որ միատեղ գա.

Մեզի շուտ առանձին տեղ մը գտիր, ըսաւ:

Պատրաստ է ձեր տեղը: Եւ Վահրիճ զիրենք մաքուրկեկ` գորգերով շտկուած գետնափոր եւ բաւական մութ նկուղ մը մտուց:

Երբ պատանին նստաւ, դարձաւ Խոսրով ըսաւ Վահրիճի.

Հիմա դու գնա, այս իշխանին ընկերները տար հայոց մօտակայ գիւղը, որ հանգչեն:

Եւ երբ Վահրիճ հեռացաւ, եւ մինակ մնացին ծեր իշխանն ու պատանին

Այսչափ անխոհեմութիւն քեզմէ չէի սպասէր, իշխանուհի, շարունակեց Խոսրով հայրական գթով:

Այսչափ տարի խոհեմութեան մէկ անխոհեմութիւն պէտք էր, իշխան. եթէ կնոջ պատիւ պահել էր` պահեցի, եթէ հիւանդ նայել էր` նայեցայ, եթէ տկարամիտ մարդ մը գործածել էր` գործածեցի, եթէ ծանր պարագայներու մէջ խորհուրդ տալ էր` տուի. բայց Գուրգէնի պէս դիւցազնի մը անողորմ բանտի հալելուն տանիլ անկարելի էր ինձ. ուստի պէտք էր զանի ազատելու համար զոհել կեանք, պատիւ… եւ ամէն բան. այո՛, ես յանձն առած եմ ամէն բան:

Հանդարտէ, դուստր իմ, հանդարտէ: Միայն ինձ այն զրուցէ թէ մեզի հետ պիտի գա՞ս բերդին յարձակման:

Մինչեւ վերջին կէտը հոն պիտի գտնվիմ, եւ երբ տեսնեմ Գուրգէն ազատ շղթայներէ եւ բանտէ ան ատեն ես իմ շղթայներու կ'երթամ` նա էլ իր բախտին:

Մուշեղ ի՞նչ կընէ:

Ի՜նչ պիտի ընէ խեղճը. արդէն տղայ էր երբ ամէնքը զինք հասուն մարդ կը կարծէին, հիմա այս հիւանդութիւնն էլ որ վրայ հասաւ, բոլորովին տղայ եղաւ. բժիշկը. որ Կարնոյ բերել տուի, եւ որ քու երթալեդ վերջ հասաւ, Դուինի բժշկին կարծիքը հաստատեց թէ ուղեղի հիւանդութիւն էր իւր հիւանդութիւնը եւ հնար չի կար բժշկութեան:

Իմացաւ՞ քու հոս գալդ:

Եթէ իմանա՛ր, երբ ըսի թէ Գուրգէն` որ զինք ազատէր էր գերութենէ` հիմա բանտն էր, թէ մեզի էլ կը վայելէր նորա ազատութեան աշխատիլ, թէ ես որոշէր էի ամէն բան ոսկի, արծաթ, մարգրիտ, կալուած տալ գնա ազատելու համար, նա` ամէն խօսքիս «Այո, լաւ` իրաւունք ունիս» ըսաւ. բայց եթէ այս ամէնուն հակառակն ըսէի, դարձեալ «Այո, լաւ` իրաւունք ունիս» պիտի լսէի: Ուստի պէտք եղածը առի, Մուշեղի մնաս բարով ըսի, Խուրենն ու վանահայրը հետս, այսպէս ծպտեալ ելայ ճամփայ եւ եկայ, վասնզի սիրսէս անհանգիստ էր: Հիմա դու, հայրիկ իշխան, ինձ այն զրուցէ թէ ինչ կարդաւորութիւնք` որ մենք մտածէր էինք ամէնքը նոյն կերպով պատրա՞ստ են թէ պէտք եղաւ փոփոխութիւններ ընել:

Ոչինչ փոփոխութիւն չի կայ. քու ինձ տուած ծրագրիդ համեմատ ամէն բան կարգադրուած էր: Ութ օր հոս անցուցի եւ գնացի Ակէ. մշակի հագուստով ներսեն զինեալ տասը հաւատարիմ քաջ զինուոր բերի այս առաւօտ: Վահրիճ Գուրգէնի թիկնապահներէն բերել էր ընտրանոք, եւ տասներկու էլ Վասպուրականի քաջ թիավար, երկաթի ձողեր, լախտէր, սանդուխներ, պարաններ, բրիչներ, ամէն ինչ պատրաստ է:

Դարբինը՞:

Նա էլ պատրաստ է: Այդ ողորմելի կ'իստուէր ամրոցին համար մեր պատրաստ ութիւնք շատ եւ չափազանց են: Գիշերուան հասնելուն կը սպասենք միայն:

Բայց ես գիշերվքնէ առաջ ուրիշ բանի էլ կսպասեմ… Կնոջ մը կը սպասեմ:

Ի՜նչ տեսակ կնոջ:

Բանտապանին կնոջ:

Դեռ նոր բա՞ն կայ:

Ինձ համար հին է, քեզ համար նոր: Մտիկ ըրէ՛: Արծաթասիրութիւնը մարդկանց առաջին մոլութիւն տեսայ ես. տեսայ քահանայ, աշխարհական, եպիսկոպոս եւ նախարար, ազնուական եւ ռամիկ, այդ անարդ մետաղին գերին են, ուստի գործը ապահովելու համար` իմացայ, որ Գումբեթի բանտապանին` որոմս անունը Օմար է` երիտասարդ կինը Խոյ կը բնակի. բերել տուի Կ'անգուար, հետը խօսեցայ` տեսայ որ արծաթ, ոսկի եւ գոհարեղէն շատ կը սիրէ. շարք մը հարիւր արաբացի ոսկուոյ եւ մանաւանդ ադամանդեայ մանեակ մը զինք դիւահար դարձուցին. աչքերը սկսան փայլիլ եւ մարմինը բոլոր ուրախութեան սարսուռ առաւ, երբ յայտնեցի թէ երկուքն էլ իրեն պիտի լինէին եթէ Գուրգէն կարէնար ազատել, եւ իմ մարղիկներուս յանձնել արեւը մտած ժամանակ: Հիմա կինը գնացած է այրը դիւթելու. շատ կարելի է, որ մեր միւս պատրաստութեանց պէտք չունենանք:

Խոսրով ափ ի բերան մնաց, երբ այս բանը լսեց եւ այսչափ միայն զրուցեց.

Իրաւ՛, դու միայն արժանի կին էիր Գուրգէնի:

Լռութիւն մը յաջորդեց այս խօսքերուն, երկուքն էլ դիմացնին կը նայէին: Վերջապէս Հեղինէ գլուխը վեր առաւ եւ հարցուց

Մեծ լուրն իմացա՞ր:

Ոչինչ, նո՞ր կայ:

Ամիրապետին մահը:

Ի՞նչ, Ապու Ջափր մեռե՞լ է:

Այո, որդին հայրը սպաննել եւ տեղը թագաւորել է:

Իմ սիրուն աղջիկս, այս ի՞նչ լաւ լուր ունիս, ո՞ւր իմացար:

Ես Խոյէ կ'ուգամ. հոն այս լուրը տարածուեցաւ. քաղաքը վերջին յուզման մէջ էր. Օմարի կինը երէկ առտու ճամփայ հանեցի, երեկոյին էլ ես ճամփայ ելայ:

Դու յոգնած պէտք է լինիս, ուրեմն քիչ մը յանգիր, ես երթամ նայիմ թէ ամէն բան կարգի՞ն է… Միայն իշխանուհի, այն զրուցէ թէ բանտապանին կինն իմացաւ՞ ամիրապետին մահը:

Ինչպէ՞ս կարելի էր չիմանալ. տաճկաց շփոթութիւնը մեծ էր. ամէնքը զէնքի կը դիմէին հայոց վախեն: Ամիրան քարոզ կ'ուտար կարդալ փողոցները, որ ոեւիցէ՛ անկարգութիւն խստիւ պատժել պիտի տար: Ճշմարիտն ըսելով ես այս մեծ Չդիպուածին անտարբեր էի. վասնզի իմ նպատակս ինձ համար ամենամեծ էր:

Խոսրով ելաւ դուրս, իւր հաւատարիմներէն պարկեշտ մարդ մը պահապան գրաւ, որ ոչ ոք անհանգիստ չընէ պատանի իշխանը, եւ ինք խորհրդածելով կ'երթար մեծ օգուտ նշմարելով Ապու Ջափրի մահուամբ Հայաստանի` ինչպէս նաեւ Գուրգէնի ազատութեան համար: Մանաւանդ երբ կը մտածէր թէ որդին զհայրն սպաննելով թագաւորել էր, երբ րնտանեկան կապերը այնչափ խզեալ էին, երբ սէրը որդուոց եւ ծնողաց մէջեն անհետացած ապականութիւնը ուրեմն վարը եւ վերը հաւասար էր եւ անկումը մերձ, եւ Հայաստան պէտք էր ազատել, բայց Հայաստան ազատելու համար պէտք էր ունենալ իմաստ ոմն գլուխ մը, կրօնքի բարոյականին ուսուցի՛չ եկեղեցական անշահասէր եւ առաքինի մարմին մը, վասնզի ժողովուրդը դիւրաւ կրնար առնուլ բանի եւ գործս ուղղութեան դրոշմը եթէ գտնուէր լաւ եւ արժանաւոր ձեռք եւ օրինակ:

Այս խորհրդածութեամբք կ'երթար Խոսրով շինականի զգեստներու տակ տեսնելու եթէ ամէն ինչ լաւ կարգադրեալ էր. եւ գոհ սրտով դարձաւ ու գտաւ Հեղինէ քնոյ հանգիստն առած եւ կազդուրեալ: