Մարգարիտ արքայութեան երկնից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏԹԷՈՍԻ Զ. ԳԼԽ. ՎԵՐԱՅ
      
       ԴԱՍ ԻԱ.
      
       ԶԳՈՅՇ ԼԵՐՈՒՔ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՁԵՐՈՒՄ
      
       Յիսուս Մովսէսի օրինաց թերի մնացած դասերն` իւր Աւետարանի բարձրագոյն դասերով լրացոյց. այս վեցերորդ գլխոյն մէջ կ՚ սկսի զգուշութեան նոր դասեր աւանդել. որով կը դաստիարակէ իւր նորընծայ աշակերտք ու միանգամայն բոլոր հաւատացեալներն, որպէս զի չի նմանին դպրաց ու փարիսեցւոց, որոց ամէն գործքեր արտաքին կեղծաւորութեամբ խառնուած էր. ողորմութիւն, պահք եւ աղօթք իրենց համար միայն խաբէութեան միջոց մի էր։ Երուսաղէմի հրապարակին մէջ, բազմախուռն ժողովրդոց առաջ փող հարկանելով, աղքատներ հրաւիրելով ՚ի տես աշխարհի ողորմութեան նուէրք կը բաշխէին։ Ի՞նչ էր նոցա մտաց գաղտնի նպատակ, ուրիշ բան չէր, այլ թէ մարդիկներ տեսնան եւ գովութեամբ հռչակելով փառաւորեն զիրենք։ Այս մոլորամիտ կեղծաւորներն երկնաւոր Հօրէն վարձք մի չէին յուսար. բաւական կը համարէին մարդոց տուած գովութիւն եւ փառք։ Դուք, կ՚ ասէ Յիսուս, հեռացէք փարիսեցւոց կեղծաւոր կերպերէն. այնչափ զգուշութեամբ ու ծածուկ տուէք ձեր ողորմութիւն կարօտեալ անձին, մինչեւ աջ ձեռին տուած ` ձեռք ձեռք չիմանայ. վստահ եղերուք մի՛ կասկածիք, Աստուած հաւատարիմ է. նա երբ ծածուկ կը տեսնայ ձեր տրոց նուէրք` յայտնապէս ՚ի տես աաշխարհի կը վճարէ վարձք. ուստի հարկ չէ, որ տեսնող մարդիկ իբրրրրեւ վկայ կացուցանէք ձեր առաքինութեան։
      
       ԴԱՍ ԻԲ.
       ԵՒ ՅՈՐԺԱՄ ԿԱՑՑԷՔ ՅԱՂՕԹՍ
      
       Յիսուս աղօթից պատշաճագոյն դասն նոյնպէս ամենայն զգուշութեամբ կ՚աւանդէ, որ կեղծաւորաց նման հրապարակներու անկիւններ շշնջիւն ձայնով չաղօթենք, մարդկանց առաջ իբրեւ ջերմեռանդ Աստուածապաշտ երեւնալով. Փարիսեցիք ի՞նչ նկատումն ունէին այս կերպ աղօթքէն. դարձեալ նոյն փառք եւ գովութիւն որսալ մարդիկներէն. թէ իրենք հասարակ մարդոցմէն որոշուած` աւելի արդար, կրօնապաշտեւ պատուիրանապահ երկիւղած մարդիկ են։ Այսպէ՜ս էին այո՛ արտաքին երեւոյթով, այլ իրենց սիրտ եւ երիկամունք բոլորովին զուրկ էր սուրբ կրօնի զգացումէն։ Խաբէութեան դասերու մէջ խիստ վարժ լինելով` քաջ գիտէին արտաքին կերպարանքով բարեպաշտ ձեւանալ։
       Յիսուս վարդապետ իւր նորավարժ աշակերտները կը հանէ փարիսեցւոց կեղծաւորութեան դպրոցէն եւ կը մուծանէ Աւետարանին պարզութեան դպրոց. որուն դասն այս է, չաղօթել փողոցներու անկիւն ՚ ի լուր մարդկանց, այլ մտանել առանձին իւր սենեկին մէջ, կամ լաւ եւս իւր սրտի խորութեան մէջ եւ այնպէս աղօթել առ երկնաւոր Հայրն. քանզի սրտին անձայն մրմունջ ու հառաչանք շուտ կը հասնեն երկինք Հօր ականջ, քան թէ շրթունքներուն բարձր աղաղակ։ Դանիէլ Բաբիլօնէն երես դէպ ՚ի Երուսաղէմի տաճար դարձուցած կ՚ աղօթէր, տաճարին Տէր կը լսէր. երից մանկանց օրհնութեան ձայն հնոցի շառաչող բոցոյն մէջէն մինչեւ երկինք կը հասնէր. Յովնանու ձայն ծծովու խոր անդունդէն, կէտ ձկան փորէն ալիքներ պատառելով դէպ ՚ի վեր կ՚ելլէր։ Սրտի ձայն արագընթաց է եւ միշտ հաճելի Աստուծոյ առաջ։
      
       ԴԱՍ ԻԳ.
      
       ՄԻ՛ ՇԱՏԱԽՕՍ ԼԻՆԻՔ
      
       Յիսուս ոչ միայն կը խոտէ փարիսեցական աղօթից ձեւ, այլ նոր դաս մի եւս կ՚ աւանդէ, որ հեթանոսներուն պէս աղօթելոյ ժամ շատախօս չլինիմք։ Այս պատուէր ուղիղ հասկցիր, ո՛վ Աւետարանի հետեւող աշակերտ. մի՛ կարծեր բնաւ թէ Տէր կը մերժէ երկարատեւ աղօթք կամ անձանձրոյթ խնդրուածք. քա՛ւ ոչ երբէք. եթէ այսպէս, ապա ուրեմն ինքն իւր վարդապետութեան դէմ հակառակ կը գործէր, որ շատ անգամ առանձնանալով ՚ի Ձիթենեաց լեռ, ողջ գիշեր կ՚աղօթէր եւ նոյն ինքն կ ը պատուիրէր յամենայն ժամ աղօթել ու չձանձրանալ։ Ուրեմն հեթանոսաց շատախօսութիւն միայն երկարաժամ աղօթից վրայ չէր, հապա աւելի անպատշաճ բազմադիմի խնդրուածներ կը պարունակէր իրենց աղօթագրեանց մէջ. ինչ որ աշխարհիս ունայն մեծութեան կը վերաբերէր. զոր օրինակ թագաւորութիւն, իշխանութիւն ճոխութիւն, հարստութիւն, բախտի յաջողութիւն. մէկ խօսքով, աշխարհիս, մարմնոյն եւ այլ պէս պէս ունայնասիրութեան վայելչութիւններ, որոց կը յօժարամտէր հեթանոսական մարմնապաշտութիւն։
      
       ԴԱՍ ԻԴ.
      
       ՀԱՅՐ ՄԵՐ ՈՐ ՅԵՐԿԻՆՍ ԵՍ
      
       Աւետարանին սուրբ գիտութիւն երբ աշխարհիս խաւարեալ որդիքներ լուսաւորեց, բացեց նոցա առաջ հանդերձեալ աշխարհին դուռն. սորվեցուց իրենց թէ դուք որդիք մարդկան, այսուհետեւ երկնաւոր Հօր ընտանեկան զաւակներն էք, ձեր մեծախնամ գորովալից Հայր գիտէ թէ ինչ պէտք է ձեզ. նա աշխարհիս մահկանացու հայրերուն պէս տխմար եւ ապուշ չէ։ Ահա ձեր աղօթից նոր համառօտ դասն. սորվեցէք ամենայն ուշադրութեամբ։ « Հայր մեր որ յերկինս ես»։ Դրախտի հայրենի տունէն տարագրուած որդիք` բազմաստուած հեթանոսութեան մէջ մոլորուելով` մոռցան այն ճշմարիտ Հօր Ատուծոյ Ամենակալ անուն, որ երկնից բարձրութեան մէջ կը բնակի։ Յիսուս նորա միածին Որդին յայտնեց մեզ Հօր անուն եւ պատուիրեց որ խնդրենք այսուհետեւ նոյն սուրբ անուն յիշուի իւր հաւատացեալ որդւոց վրայ. թող եղծուին ու կորսուին աշխարհիս խաւար իշխանին դրած Արամազդայ, Անահտայ եւ Բահաղի պիղծ անուններն. թող գայ տիրէ մեր վրայ երկնից մշտնջենաւոր ազատ թագաւորութիւն. նորա ոոտից պատուանդանի տակ փշրին Նաբուգոդոնոսորի բարձրագոյն արձան եւ հին աշխարհի բռնակալութեանց գահերն։ Բարձրելոյն իշխանութեան վէմ բոլոր տիեզերք լեցուց եւ իւր տակ ճմլեց ամէն բարձրացած հպարտութիւններն։ Աստուած երբ տիրեց արդարութեամբ, այլ եւս տիրապետող աշխարհիս կամք չի մնաց։ Աւետարանի որդիք շուտ մոռցան աշխարհ եւ աշխարհիս բազմանուն հայրեր, վաղ ու վարժ արտասանեցին Յիսուսին այս դասն «Եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի»։ Այսինքն ո՛վ Տէր մեր եւ Հայր, ինչ որ երկնից աստուածապետական ա ատենիդ մէջ կը կամիս եւ կը տնօրինես հաւատացեալ որդւոցդ համար` բարի են։ Գիտեմք քո կամք, որ մարդոյն յաւիտենական կեանք է, ամօթապարտ դէմքով կը խոստովանիմք ստոյգ թէ աշխարհիս բռնաւոր հայրեր ՚ ի զուր զմեզ չարչարեցին ու խաբեցին. ոչ ոք ՚ի նոցանէ յաւիտենական կեանք խոստացաւ մեզ. իրենք իրենց սնոտի յոյսերով մէկտեղ գերեզմանին մէջ կորսուեցան։
      
       ԴԱՍ ԻԵ.
      
       ԶՀԱՑ ՄԵՐ ՀԱՆԱՊԱԶՈՐԴ ՏՈՒՐ ՄԵԶ ԱՅՍՕՐ
      
       Յիսուս մեր հոգւոյն համար կենաց հաց կը մատակարարէ, բայց մեր մարմնոյն աճման առօրեայ պարէնն եւս չի մոռնար, այլ կ՚ուսուցանէ նոյն իսկ կորստական հացին համար եւս թախանձել զՀայր. « Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր»։ Այո՛, ամէն քաղցեալներ հացի կ՚ սպասեն, մարդ, անասուն, թռչուն. Հօր Աստուծոյ ձեռքն է որ կը բանայ եւ կը կերակրէ զայսոսիկ։ Նա` չքոտի ճճին անգամ կը տեսնայ ու կը խնմաէ, չի մոռնար. եթէ խռովելով իւր երես դարձունէ, եթէ արեւն եւ անձրեւ արգիլէ, մեր մարմնոյ կեանք եւ ուժ պակսելով` մեք իսկոյն ՚ ի հող կը դառնամք։ Շնորհալի սուրբ Հայրապետ այս կէտ քաջ կը բացատրէ. «Հացն զմարմինըն բուծանէ, բանն զհոգին կեցուցանէ»։ Այս երկու կարեւոր պարէն` որ մեր իսկական կենդանութիւն է, կարօտ ենք հանապազ խնդրել մեր երկնաւոր Հօրէն։
      
       ԴԱՍ ԻԶ.
      
       ԹՈՂ ՄԵԶ ԶՊԱՐՏԻՍ ՄԵՐ
      
       Յիսուս, որ իբրեւ պարտապան երաշխաւոր եղեւ մարդկային անվճարելի պարտուց` կ՚ ուսուցանէ այս խօսքով որ միշտ աղերս մատուցանեմք իւր գթած Հօր առաջ. «Թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»։Ի՞նչ են մեր պարտիքներ. յանցանք, որով Աստուծոյ սուրբ օրինաց դէմ կամակարութեամբ մեղանչելով` պարտապան գտնուած եմք։ Այս խնդրուածոց մէջ անհրաժեշտ պայման մի կայ. թող, կը խնդրենք Հայր, եւ մեր պարտուց մուրհակներ պատռէ. այլ ՚ ի զուր է այս խնդրուածք, ոչ կը ներէ, ոչ կը թողու եւ ոչ կը պատռէ մուրհակներն, եթէ մեք նախ մեր ընկրոջ պարտքեր չի թողումք։ Այս տեղ հաշիւ մի տեսնալ հարկ է. ո՞րչափ է մեր պարտուց որքանութիւն առ Աստուած եւ որչափ մեր ընկերին առ մեզ։ Մեր խղճին գիտակցութիւնգիտէ այս եւ կը վկայէ, թէ մեր պարտք առաւել բազմապատիկ է քան մեր ընկերին։ Աւա՛ղ մեզ, մոռնալով իրաւունք եւ դատաստան, առ Աստուած եղած պարտքեր ժխտելով չենք վճարեր, խստութեամբ վարուելով մեր ընկերին հետ, բանտի շղթաներուն մատնելով զինքն կը խեղդեմք չարաչար. մինչեւ չվճարէ մեր պարտուց փոքրիկ պահանջ, ազատութիւն չունի։ Երբ մեք այս դատաստանաւ կը դատեմք մեր ընկեր, մեր յոյս եւ ակնկալութիւն ՚ ի դերեւ է, ի՞նչ համարձակութեամբ կարող եմք մեր երկնաւոր Հօրէն ներողութիւն գտնել, երբ յանցաւոր որդիքներս չթողումք նախ ներելով մեր յանցաւոր եղբարց. վասն զի Ատուած յայնժամ կը ներէ, երբ մարդ մարդոյն ներէ։
      
       ԴԱՍ ԻԷ.
      
       ԵՒ ՄԻ՚ ՏԱՆԻՐ ԶՄԵԶ Ի ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ
      
       Յիսուս Աստուած ինքնին յաշխարհ եկաւ ու մարդկանց մէջ բնակելով փորձով իսկ տեսաւ թէ անզօր եւ ապիկար մարդիկ կարող չեն աշխարհիս բազմադիմի փորձանաց ալիքներուն դէմ դնել. ուստի կ՚ուսուցանէ ամէն ժամու մէջ երկնաւոր Հօր կազդուրիչ օժանդակութիւն զօրավիգ կանչել ու խնդրել միշտ` չտալ զմեզ այն փորձանքներուն ձեռք, որում կարող չեմք հանդուրժել կամ անսասան մնալ Յովբայ մեծ նահապետին պէս։ Տէր, Հայր մեր, դու գիտես իսկ քու թշուառ զաւակներուդ անհաստատ տկարութիւն, որ իբրեւ խռիւ եւ փոշի կը տարուբերին թեթեւ հողմերէն անգամ. ձեռն տուր երկինքէն ու ամէն վերահաս չարիքներէն պատսպարէ անօգնական զաւակներդ. չիկայ աշխարհիս վրայ մարդկային ձեռք մի, որ կարենա զիրենք փրկել. Տէր, դու միայն ձեռն տուր ինչպէս Պետրոսին, մարդիկներէն յոյս չիկայ. վասն զի քոյ է արքայութիւն, քոյ է զօրութիւն, քոյ են երկինք, քոյ է երկիր, քոյ է մարդն, որ զքեզ կ՚ օրհնէ ու կը փառաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից։
      
       ԴԱՍ ԻԸ.
      
       ԵԹԷ ԹՈՂՈՒՑՈՒՔ ՄԱՐԴԿԱՆ ԶՅԱՆՑԱՆՍ
      
       Որչա՞փ կարեւոր կը դատի ներողութեան դասն, զոր ՀԱՅՐՄԵՐԷՆ յետոյ դարձեալ կը կրկնէ Յիսուս եւ իբրեւ անհրաժեշտ պայման մի դնելով կը վերջացնէ այս մեծ պատուէր։ Ի՞նչ է այս անդրժելի պայման, զոր Աստուած վճռեց ու կնքեց, ահաւասիկ. « Եթէ թողուցուք մարդկան զյանցանս նոցա, թողցէ եւ Հայրն երկնաւոր զյանցանս ձեր» եւ այլն։ Այսինքն եթէ դուք ՚ի սրտէ թողուք ձեր եղբօր, ես ալ կը թողում ձեզ. իսկ եթէ աններող խստասրտութեամբ ձեր համակարիք եղբարց չէք թողուր, ստոյգ եւ ճշմարիտ այժմէն կ՚ըսեմ ձեզ, բնաւ մի՛ ակնկալէք, մի՛ յուսաք, թէ ձեր երկնաւոր Հօրէն ներողութիւն կը գտնէք. առանց ներելոյ` ներողութիւն չիկայ։ Պետրոս հարցուց Յիսուսին. Տէր, ասաց, քանի՞ցս անգամ պէտք է ներեմ մեղուցեալ եղբօրն. մինչեւ եօ՞թն անգամ։ Յիսուս պատասխանեց, ես չասացի քեզ թէ եօթն անգամ, այլ եօթանասնիցս եօթն։ Պէտք չէ այնպէս հասկնամք որ Յիսուս այս որոշեալ թուով ներողութեան չափ ու սահմանը կը դնէ։ Ո՛չ, այլ բացարձակ կը հրամայէ, որ մեք մեր եղբօր անսահմանաբար ներեմք թէ եւ մի աւուր մէջ եօթանասնիցս եօթն անգամ մեղանչէ մեր դէմ։ Մարդիկ քանի որ այս աշխարհիս վերայ ընկերական կեանքով կապուած են իրարու հետ, անհնարին է, որ նոքա ընկերական յարաբերութեանց մէջ իրարու դէմ չմեղանչեն։ Ուստի խաղաղութեան հրեշտակ Յիսուսը ներողութեան անսահման օրէնքը կը հաստատէ, որպէս զի մշտնջենաւոր խաղաղութիւն պահէ իւր հաւատացեալ եղբարց մէջ։
      
       ԴԱՍ ԻԹ.
      
       ԵՒ ՅՈՐԺԱՄ ՊԱՀԻՑԷՔ
      
       Յիսուս աղօթից դասին հետ նոյն զգուշութեամբ կ՚աւանդէ եւ պահեցողութեան դասն® բոլորովին տարբեր դպրաց ու փարիսեցւոց մարդահաճոյ կերպերէն. որք միայն վերին երեսով կը կեղծաւորէին մարկանց առաջ իբրեւ խիստ պահեցող, սրբակաց, ժուժկալասէր եւ պարկեշտ։
       Աստուած, որ ատաքին պահեցողութեան հետ, հոգւոյ եւ սրտի սրբութիւնն ալ ՚ ի միասին կը պահանջէ, երբեմն Եսայիաս մարգարէին բերանով այսպէս կը կշտամբէր Յակովբայ ազգի կեղծաւորութեան անօրէնութիւն, մինչդեռ Իսրայէլի ազգն ինքնին կը սրտմտէր թէ ինչո՞ւ համար իւր պահքն Աստուած չի տեսնար. «Զի՞ է, զի պահեցաք մեք եւ դու ոչ գիտացեր»։ Այո՛, բնաւ չուզեր Աստուած տեսնալ այնպիսի պահք, երբ մարդիկներ կը տեսնան. Աստուած չի նկատեր արտաքին խոնրահութեան կեղծաւոր ձեւեր, երբ ներքուստ սիրտն ամբարտաւանութեամբ լցուած է. երբ սրտին գաղտնի պահած անիրաւութեան վճիռն չի քակեր, երբ վաճառաշահութեան մէջ խարդախութիւն կը գործէ ՚ի վնաս ընկերին. երբ կը կռփէ զանաւագն եւ կը հարստահարէ. երբ աղքատին ողորմադէմ ժտանաց ձայն չի լսեր. երբ մատնուած ճարահատ տնանկն մեղաւորին ձեռքէն չի փրկեր. երբ այրին եւ որբն դատաստանի ատենէն մերժելով` իւր իրաւունքէն կը զրկէ. երբ իբրեւ փարիսեցի Աստուծոյ տաճարին մէջ պարծենալով կը մեծամտի իւր պահեցողութեան վրայ. երբ աղօթելոյն ժամ իւր ընկեր մաքսաւորն` մեղաւոր կը դատի։ Այս կերպն էր ահա փարիսեցւոց կրօնապաշտութեան հանդէս. զոր խոտելով կը կշտամբէ Յիսուս` կեղծաւոր, կոյր եւ յիմար կոչելով զիրենք. որք բռեալ գերեզմանի նման միայն արտաքուստ սուրբ կ՚երեւային մարդոց առաջ, իսկ իրենց ներքին սիրտ ու հոգին ապականուած էր մեռելոտի ոսկորներով` որ է հնացեալ չարութեամբ։
       Ո՞րն է ապա Աստուծոյ հաճելի եւ ընդունակ պահքն. այս դարձեալ նոյն մարգարէն կ՚ ուսուցանէ. « Թո՛ղ եւ արձակէ նեղեալներն, անիրաւութեան մուրհակները պատռէ. քաղցեալներուն առատութեամբ բրդէ ու բաշխէ քո հացն. անյարկ աղքատներ պատսպարէ տունիդ մէջ. մերկանդամ ընկերդ հանդերձով ծածկէ»։ Ճշմարիտ պահոց եղանակին մէջ` Յիսուս կը պատուիրէ թէ քուրձ եւ մոխիր պէտք չեն Իսրայէլի որդւոց պէս, հապա օծել գլուխ, լուանալ երես, մարդկանց առաջ չմթնացնել դէմք սեւ ատելութեամբ, այլ պայծառ ու զուարթամիտ երեւիլ սիրոյ ժպիտներով. աներեւոյթ սրտիդ սուգ եւ տրտմութիւն թող միայն Տէր տեսնայ ՚ի ծածուկ, ու տայ քեզ յայտնապէս ինաչ որ քո զգուշաւոր առաքինութեանդ վարձքն է։
       Այս պարզ եւ անկեղծաւոր շաւղէն հեռի էր բնաւ փարիսեցւոց ճանապարհ. որք խոժոռ դէմքով, տխուր ու ծանր կերպարանքով իբրեւ խստագոյն պահեցող կը ձեւանային միամիտ ժողովրդոց առաջ. իրենց այս շինծու կերպին մէջ իսկի չէր նշմարուեր սրտի կատարեալ զղջումն. ոչ Աւետարանին ուսուցած հոգւոյ հեզութիւն եւ ոչ եւս եղբայրսիրութեան քաղցր ներողութիւն. վասն զի փարիսեցիք առաւել դատող էին քան թէ ներող։
      
       ԴԱՍ Լ.
      
       ՄԻ՚ ԳԱՆՁԷՔ ՁԵԶ ԳԱՆՁՍ ՅԵՐԿՐԻ
      
       Յիսուս, որ երկնից մեծութեան տէր եւ միանգամայն գանձապետն էր` իւր Աւետարանի աշակերտաց նորալուր դաս մի կ՚աւանդէ, որ բացէ ի բաց հակառակ է աշխարհիս փարթամներուն։ «Մի՛ գանձէք ձեզ գանձս յերկրի». այսինքն անապահով եւ միշտ կասկածելի երկրին վրայ գանձ չի պահել. ուր թէ ոսկի է` բռնակալներ կը յափշտակեն, թէ գեղեցիկ կալուած է` Աքաաբի եւ Յեզաբէլի պէս ամբարիշտ անիրաւներն. թէ հանդերձ է`կ՚ուտեն եւ կը մաշեն ցեցերն, թէ թագ է` կը գլորի. թէ գահ է` կը կործանի, թէ վայելչութիւն է` կ՚ անցանի, թէ որդիքներ են` կը մեռանին։ Եթէ մեր դիզած գանձերուն աշխարհս հաւատարիմ աւանդապահ չէ, հապա ո՞ւր տեղ կայ անկասկած ապահովութիւն, որ անկորուստ կը մնայ։ Սահուն երկրիս վրայ տեղ մի՛ որոներ. երկինքն է միայն այդ քո փնտռած ապահով տեղ. Յիսուս պատրաստեց զայն իբրեւ գանձարան իւր սիրելեաց համար. որոց յոյս Աստուած եւ երկինքն է. ուր ոչ աշխարիս բռնակալներուն ձեռք կը հասնի եւ ոչ եւս ական հատանող գողին հնարք կը զօրէ։ Մինչեւ ՚ի Քրիստոս աշխարհիս մոլորեալ որդիքներն կը կարծէին թէ իրենց դիզած գանձ, մեծութիւն եւ կեանք ապահով է երկրիս վրայ, որ իբրեւ գողադարան տեղ մի է։ Այս անկայուն եւ տաժանելի ծովուն մէջ չարաչար աշխատեցին. բոլոր իրենց վաստակ եւ ճոխութիւն այն ինչ նաւերու բեռնաւորելով ապահով նաւահանգիստ մի հանել կ՚ ուզէին, բայց ընդունայն էր միշտ իրենց ջանք եւ վաստակ, սկսեցին Պետրոսին պէս գանգատել. «Տէր, զամենայն գիշեր աշխատեցաք եւ ոչ ինչ կալաք։ Տէր. ձեռն տուր մեզ ու փրկէ ամեհի ալիքներէն. մեր գանձին հետ, ահաւասիկ մեր անձն եւս կը կորնչի»։
       Ստոյգ, խաւարին հեթանոսութեան ծովուն մէջ բան մի չի կարողացան ըմբռնել Ադամայ ողորմելի որդիք` չարավաստակ աշխատելով կեանքի նաւարկութեան մէջ, մինչեւ եկաւ Հօր Աստուծոյ իմաստուն որսորդն` սորվեցոյց մեր աշխատութեան ուռկան յաջակողմ ձգել. այսինքն թող տալ աշխարհ եւ իւր ամէն երազայոյս անկայուն բարիքներ, վերին երկնից համար խորհել, ինչպէս կը յորդորէ երկնաքաղաքացին Պօղոս։ Ի զուր կ՚աշխատիմք. աշխարհիս ձախակողմն ունայն է, բան մի կարող չեմք ըմբռնել, ընդ վայր կը տառապինք ուրեմն, մեր կեանք մաշեցաւ, մեր մարմնոյն ուռկաններուն հիւսուած կը քայքայուի օր ըստ օրէ ծերութեամբ, բաւական է, թող տանք այս նանրավաստակ աշխատութիւն. Յիսուսի հրամանին հնազանդելով` այսուհետեւ մեր ուռկան միշտ յաջակողմ ձգենք. եւ ինչ որ կարող ենք ըմբռնել` զայն վաղվաղակի փոխադրենք երկնից գանձարանին մէջ։ Չվհատինք բնաւ թէ երկինք մեր ստոր վիճակէն անհուն հեռաւորութեամբ բարձր է. ո՞վ կարող է իւր գանձ դիւրութեամբ փոխադրել անդ։ Այլ մի՛ վարանիք, ո՛վ դուք, որ ձեր գանձ երկինք հանել կ՚ուզէք. ահա պատրաստ կան բեռնատար աղքատներ, ահա պատրաստ նստեր կ՚ սպասեն աշխարհիս մեծատանց դուռներուն առաջ. ամէն հրապարակներու մէջ լի են անհամար վշտակիր Ղազարոսներ։ Մի՛ կասկածիք, Աստուծոյ հաւատարիմ մշակներն են նոքա. տուէք ձեր գանձերու բեռներն, թող տանեն երկինք. ուր անկորուստ պահելով կը յանձնեն ձեզ այն օր յորում Տէրն` ձեր ողորմութեան նուէր ձեզ յուշ բերելով կը յիշատակէ մեծ գոհութեամբ. «Որովհետեւ արարիք միում ՚ ի փոքրկանցս յասցանէ ինձ արարիք»։
      
       ԴԱՍ ԼԱ.
      
       ՃՐԱԳ ՄԱՐՄՆՈՅ ԱԿՆ Է
      
       Նախասացեալ Աւետարանի պատուիրանաց ուղիղ ճանապարհի մէջ անխոտոր քալելու համար աչք եւ լոյս պէտք է. այս լոյս արեւուն լոյս չէ. այլ Աւետարանին, որ կը լուսաւորէ այն ամէն մարդիկ, որ յաշխարհ պիտի գան. ուստի կը խօսի Յիսուս. «Ճրագ մարմնոյ ակն է, եթէ ակն քո առատ է, ամենայն մարմինդ լուսաւոր եղիցի»եւ այլն։ Այնչափ ճշմարիտ է այս օրինակն, որ մարդ կարող չէ ժխտել. դուրսէն կամ հեռաւոր առարկաներէն չի բերեր, այլ նոյն իսկ մարդոյ անձնէն կը ցուցնէ. ռամիկն եւ իմաստուն գիտեն փորձով թէ աչք մարմնոյ ճրագն է, երբ լոյսն առատ է` բոլոր մարմին լուսաւոր կը դառնայ. իսկ երբ վատատես է, թշուառ է մարդ իւր բոլոր կեանքի մէջ, խարխափելով կը շրջի եւ կը գործէ կոյր- զկուրայն առանց ընտրութեան, որով կը զրկուի կատարեալ կեանքէն, զոր կը վարեն ակնառողջ մարդիկ։ Եթէ աշխարհիս մահկանացու կեանքին համար այսքան պիտանի է մարմնոյ աչք, հապա հոգւոյ յաւիտենական կեանքին համար որչա՞փ կարեւոր է բանին մտաւորական աչք, որ մոլեկրօնութեան խաւարին մէջ իսպառ կուրացեր էր, երկինք չէր տեսներ, երկրիս վրայ մոլորեալ կը շրջէր։ Տեսաւ Յիսուս ու հարցուց, ի՞նչ կը խնդրես, թշուառ կոյր։ Տէր, ուրիշ ոչ ինչ չեմ խնդրեր, միայն լոյս կը խնդրեմ. հրաման արա, թող աչքս բացուի, տեսնամ երկինք ու աշխարհ եւ պաշտեմ նոցա Արարչագործն։ Յիսուս ինչպէս մարմնոյ աչք` նոյնպէս մեր հոգւոյ կուրութիւն նոր լուսաւորեց իւր Աւետարանին լուսով, Քրիստոսի բան ճրագ է. Դաւիթ այս ճրագին լուսով կը քալէր ու կ՚ըսէր. «Ճրագ են բանք քո ոտից իմոց եւ լոյս տան շաւղաց իմոց»։ Ով որ այս լոյս չունի` մահուան խաւարին մէջ կը ննջէ։ Այս լոյս սքանչելի է, աշխարհիս արեւուն պէս միայն տիեզերք չի լուսաւորեր, յլ թափանցելով մեր ներքին մարդն` հոգին, սիրտ եւ խիղճ առհասարակ կը լուսաւորէ։ Աստուած այս արեւ նոր արարչագործեց հոգւոյ աշխարհին համար. հաստատեց զայն եկեղեցւոյ կամարին վրայ, որուն լուսով կը շրջին ճշմարտութեան որդիքներ։
      
       ԴԱՍ ԼԲ.
      
       ՈՉ ՈՔ ԿԱՐԷ ԵՐԿՈՒՑ ՏԵՐԱՆՑ ԾԱՌԱՅԵԼ
      
       Յիսուս իւր Աւետարանին հետեւող ազատագիր աշակերտաց կ՚ուսուցանէ երկու տերանց չը ծառայել. այսինք Աստուծոյ եւ մամոնային։ Տէր` աշխարհիս համայն փարթամութիւն, եւ սուտ կրօնի պաշտօն` մէկ բառով` մամոնայ կը կոչէ. որոց ծառայեցին մարդիկ իւրեանց մոլորամտութեամբ, մինչեւ իջաւ երկնից Քորեբէն յաշխարհս նոր Մովսէս եւ նոր փրկիչ. որ հին Մովսիսին պէս չէ թէ միայն փոքր ժողովուրդ մի ազատեց Փարաւոնի գերութեան մէջ տանջող կաւագործութենէն, այլ բովանդակ աշխարհը փրկեց հեթանոսութեան սուտ կրօնին ծառայեցուցիչ փրկութենէն. ինքնին առաջնորդեց տարաւ զիրենք մինչեւ երկինք։ Յիսուսի այս փրկութիւն Մովսիսէն գերազանց է. ուստի խնամով կը պատուիրէ իւր ազատեալ նոր ժողովրդոց այլ եւս չի ծառայել հեթանոսական սուտ կրօնին, կամ աշխարհիս փարթամութեան մամոնային։ Երկնից Հայրն է միայն ձեր Աստուած եւ Տէր, թող տուէք ձեռագործերն, որ մարդկային մոլորամտութեան չարարուեստ գիւտն է, ճանչցէք ու պաշտեցէք միայն երկնից Աստուած, որ ձեր բարերար եւ ճշմարիտ Հայրն է։ Ձեր սիրտն Աստուծոյ տուէք. մի՛ նուիրէք անիրաւ մամոնային. թողէք, բաւական է, մինչեւ ցարդ անմտութեամբ ծառայեցիք ընդունայնութեան, աշխարհի մեծութեան, աշխարհի փառաց, աշխարհի ոսկւոյն. թողէք այսուհետեւ այդ նիւթապաշտութեան կրօն։ Դուք մարդ էք, դուք Աստուծոյ պատկերն էք, ձեր տիրական հոգին վեհ է, մի՛ նուաստացնէք ոչնչութիւն պաշտելով։ Այդպիսի կեանք մարմնոյ ցանկութեան ունայնասէր հաճոյքներն են. դուք հոգի էք, հոգւոյ կեանք վարեցէք. թող տուէք այսուհետեւ մարմնոյ կեանք որ հեթանոսներուն համար է միայն, թող պաշտեն ու ծառայեն մամոնային, ու մարմնոյ ցանկութեան։
      
       ԴԱՍ ԼԳ.
      
       ՄԻ՛ ՀՈԳԱՅՔ ՎԱՍՆ ՈԳՒՈՑ ՁԵՐՈՑ
      
       Յիսուս այն ինչ կը տեսնայ Հօր Աստուծոյ խեղճ զաւակներն, որ աշխարհիս մէջ հացի եւ հանդերձի համար չարաչար զբաղմանց եւ սրտամաշ հոգածութեան մէջ կը տառապին տիւ եւ գիշեր, կ՚ուսուցանէ որ այսուհետեւ անյոյս թերահաւատութեամբ չի հոգան։, ոչ հացի համար, ոչ հանդերձի համար, ոչ տունի եւ ոչ շտեմարանի համար. այդ ամէն երկնաւոր Հօր սիրոյ պարտքն է` կը պատրաստէ ձեզ համար։ Նա կը լսէ առիւծի կորեան մռնչիւն խոր անտառի մէջէն. նա ձկներ կը կերակրէ ծովու խորութեան մէջ, նա թռչուններ կը խնամէ իրենց բունին մէջ։ Մի՛ կարծէք թէ որսորդն, որ կը զարնէ ճնճղուկ եւ իւր ձագեր վար կը ձգէ` զանխուլ է. ո՛չ, առանց Հօր Աստուծոյ գիտութեան` թռչուն մի գետին չիյնար։ Ո՛վ ապուշ մարդիկ, զարմացէք ձեր Հօր նախախնամութեան վրայ. եթէ ճնճղկան ձագերու հնգին արժէք երկու դանկ է` Աստուած զայն չի մոռնար, միթէ զձեզ կը մոռնա՞յ, ո՛վ պակասամիտ թերահաւատներ. դուք, որ թռչնոց անասնոց վրայ տիրապետող իշխան էք. Գողգոթայի նոր խորանին առաջ անարատ զոհին արեան մէջ թաթաւելով յազատութիւն թռչող նուիրական հաւն էք։ Տեսէք դաշտի ինքնաբոյս ծաղիկներն, ո՞վ է որ կը դարմանէ զայնս ո՞ր ձեռքն է որ կարմիր, կապոյտ, ծիրանի եւ դեղին գոյներով կը զարդարէ զանոնք. ո՞վ կը յօրինէ նոցա վայելչագեղ թեւերուն փետուրներ։
      
       ԴԱՍ ԼԴ.
      
       ՀԱՅԵՑԱՐՈՒՔ Ի ՇՈՒՇԱՆՆ ՎԱՅՐԵՆԻ
      
       Առաւել զարմացէք շուշան ծաղկի վրայ, որուն դիւրաթառամ փառքն` անհամեմատ է։ Թողում աշխարհի այլ եւ այլ թագաւորաց պերճութիւններն, եւ ոչ իսկ Սողոմօն իւր արքայական փարթամութեան մէջ կարողացաւ նախանձելի շուշան ծաղկի մի չափ փառք վայելել։ Ի՞նչ է շուշան, դաշտի մէջ բացուած վայրենի խոտ մի, որ այսօր զուարթ է, վաղիւ կը թառամի, կը ժողվեն մարդիկ ու հնոցին մէջ կը վառեն։ Եթէ այս չնչին խոտին բոյս` հայր Աստուած մեծ խնամով կը դարմանէ, միթէ զձեզ կը մոռանա՞յ, ո՛վ թերահաւատ որդիք, դուք որ Աստուծոյ նմանութեան պատկեր կը կրէք. դուք անեղծ եւ անմահ հոգի ունիք. դուք եկեղեցւոյ նոր գերդաստանին ընտիր եւ ընտանի զաւակներն էք։ Դուք հոգի էք, մարմնոյ համար մի՛ հոգայք. ես իսկ եմ ձեր նորաճաշակ կերակուր, կենդանի հաց երկինքէն իջած։ Աստուծով յագեցէք, հոգւով զԱստուած զգեցէք, կերակուր կը չքանայ, հանդերձ կը մաշի, ես յաւիտեան կը մնամ։ ՈՒրեմն հաւատացէք ինձ, բնաւ մարմնոյ պիտոյքներու համար չարաչար հոգածութեամբ մի՛ տատամսիք. թող տուէք այդպիսի հոգերու ծանրաբեռն զբաղմունք, որ մարմնապաշտ հեթանոսներունէ միայն, որոց յոյսն աստի աշխարհն է, որոց կեանք մարմին է, որոց որովայն Աստուած է. երկնից մէջ հայր չունին, երկրիս վրայ մարմին, աշխարհ, փառք եւ մամոնայն կը պաշտեն։
      
       ԴԱՍ ԼԵ.
      
       ՄԻ ՀՈԳԱՅՔ ՎԱՍՆ ՎԱՂՈՒԻՆ
      
       Այլ ձեզ երանի՛, դուք երկնաւոր Հայր մի ունիք, որուն անուն ես ծանուցի ձեզ, նա գիտէ թէ ինչ պէտք է ձեր սակաւօրեայ կեանքին համար . Ամէն բանէն աւելի եւ ամէն բանէն յառաջ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ արքայութիւն եւ նորա արդարութիւն տիրէ ձեր վրայ. մարմնոյ կենաց այն ամէն պիտոյքներն չափէն աւելի կը տրուի ձեզ` մինչեւ ցյագ կերէք ու վայելեցէք կշտապինդ։ Վաղուան պարէնի համար հոգալ աւելորդ է, հապա միշտ եւ առաւել հոգացէք այն անկարծելի չարիքներուն համար, զոր իւրաքանչիւր աւուր արեւ ծագելով իւր հետ կը բերէ։ Ո՛վ կարէ վշտաբեր օրերուն պատահարներ թուել, որուն տակ յարաժամ կը հեծեն աշխարհիս թշուառ որդիքներ։ Ահա սոյնպիսի դժուարակիր փորձանքներէն ազատ մնալու համար` անդադար հոգալ եւ աղօթել պէտք է։
       Աշխարհիս անյագ ցանկութենէն գինովցած խելացնոր ագահներ միշտ ապագայ օրերուն բարեբախտութեան կը յուսան, միշտ երջանկութիւն կ՚երազեն, այն անմիտ մեծատան պէս հին շտեմարաններ քակելով` նոր եւ մեծամեծներ շինելու պատրաստութիւն կը տեսնեն, չյիշելով բնաւ թէ Աստուած է իրենց հոգիներուն եւ անձանց տէր. յանկարծ գիշերուան պահու մէջ իւր աւանդ կը պահանջէ եւ իւր ձեռաց ահաւոր մանգաղով կը քաղէ նոցա հոգիներ։ Այս անմիտներուն պատրաստած մեծութիւններն որո՞ց կը մնան. իրենցմէ առաւել անմիտ են իւրեանց ժառանգներ եթէ կը կարծեն թէ իրենց հօրերուն ագահութեան կըղկղանքներ իրենց կը մնայ։ Ո՛չ բնաւ, աշխարհին` աշխարհ կը մնայ. մարդ կարող չէ աշխարհի ամուր ձեռքէն բան մի խլել իւր հետ տանել. ո՛վ որ այս կը խորհի` անիրաւ է. մեծութիւն եւ մամոնայն աշխարհի բաժին է, իսկ մեր բաժին Աստուած եւ երկինքն է. «Բաժին իմ ես դու, Տէր» կը վկայէ Դաւիթ. առաւել եւս Յիսուս, «Դուք չէք յաշխարհէ աստի»։ Եթէ աշխարհէն չեմք, ուրեմն աշխարհին` մեր չէ. աշխարհին` յաշխարհ կը մնայ, Աստուծոյն` առ Աստուած կ՛երթայ։ Աւետարանին իրաւունք եւ հրաման այս է, Կայսերին` կայսեր տալ, եւ Աստուծոյն` Աստուծոյ։ Ապա ուրեմն զուր ջան եւ ընդունայն վաստակ են մեր ամէն հոգածութիւններ, որ մարմնոյ կեանքին համար է. առաւել եւս պէտք է հոգւոյն համար հոգանք, «Հոգին է կենդանարար, մարմին ինչ ոչ օգնէ». ինչ որ Յիսուս կը խօսի, այն է մեր հոգւոյն կեանք եւ անմահութիւն։