Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՅՂԱՑՔԻՆ

Իմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը, Արեւմտահայ գրականութեան սկզբնական ձգտումներուն, մշակման պայմաններուն շուրջ իր առաջին գիրքովը, տուաւ այդ գրականութիւնը ըմբռնելու, արժեւորելու, գնահատելու արարքներուն մասին քանի մը հիմնական փաստեր: Անոնք ոչ զարդ են, ո՛չ ալ օրինակուռ ջատագովականներ: Ատենը եկած կը նկատեմ ընդհանրութիւնները ձգելով, անձերու եւ գործերու մասնաւորուած, չըսելու համար մասնագիտացած վերլուծումին

Մուտքի բաժանումներէն առաջին սերունդը, այն զոր սովորութիւն է ա՛լ Զարթօնքի Սերունդ անուանել, նիւթը կը կազմէ այս երկրորդ գիրքին։ Ինչպէս դիտել տրուեցաւ, միշտ այդ մուտքին մէջ, մեր գրական սերունդները դժուար է բանտարկել ժամանակի եզրերով, քանի որ մեր գրողները գրեթէ միշտ քանի մը սերունդի վրայ կ՚երկարաձգեն ապրելու արարքը (նիւթականէն դուրս իմացական ալ երանգով մը առէք այս տարազը մէկ քանիներու համար)։ Բայց ստոյգը ան է որ աւելի յաճախ, առ առաւելն քառորդ դարու մը վրայ, գրական յղացքը կը յեղաշրջուի կատարելապէս: Գրողներէն շատեր, քիչ տարբերութեամբ, պիտի սպասարկեն նոր ըմբռնողութեան: Տիկին Սիպիլ, հարազատ ծնունդ մը մեր ռոմանթիզմին, իր պատանեկան ներշնչումները ռոմանթիկ վահանին պաշտպանութեամբը գրի առած (Ողջոյն տամ քեզը գրուած է 1885ին), 1890էն վերջ կը ստորագրէ մեր Իրապաշտ քերթուածները: 1901ի Ցոլքեր հաւաքածոյին մէջ, յիշուած քերթուածին՝ լեզուական սրբագրութեամբ մը (ի՜նչ տրտում չարագրութիւն) տեղ տալով, կը կարծէ ծառայած ըլլալ Իրապաշտներու դատին: Տիկին Տիւսաբի վէպերը լոյս կը տեսնեն երբ ռոմանթիկ ըմբռնողութիւնը իր  նահանջը գրեթէ վերջացուցած է մեր գրական անդաստանէն: Խաչատուր Միսաքեանի վարկը 1850ին արդէն ամրախարիսխ, պաշտօնական իրողութիւն մըն է: Երբ ուզենք այդ վարկը գունաւորել գրական ըմբռնողութեամբ մըն ալ, կ՚ունենանք Արեւմտահայ Գրականութիւնը կանխող մտավիճակին ցոլքերը։ Բայց այդ 1850էն վերջ այս մարդը պիտի գրէ Սոֆիան, որմէ հրատարակուած պատառիկներ մեզ կը թելադրեն իրապաշտիկ, «բարուական» (de mœurs) վէպին առաջին մտայղացքը: Նոյն այդ մարդէն լրագրական յօդուածները (1858–62) մեզի կը բերեն Զարթօնքի Սերունդին ամէնէն շեշտ ախորժակները։ Տէրոյենց կ՚իյնայ իբր գրող 1850էն ետ, Վենետիկէն փախստական աշխարհիկ աբբայի մը ուղեղովը, լեզուովը, հետաքրքրութիւններովը, բայց պիտի շարունակէ պայքարիլ Զարթօնքի Սերունդին սկզբունքներուն դէմ, վայելելով լայն ժողովրդականութիւն: Իր մահը (1888։ Միսաքեան մեռած է 1891-ին) թուական մըն է ուր արդէն մեր իրապաշտ վէպը տուած է իր առաջին գործերը (Վարժապետին աղջիկը, Անհետացած սերունդ մը)։ Մ. Աճէմեան, Թ. Թէրզեան, Ե. Դուրեան երեք սերունդի հանգանակները հասկնալու, դատելու չափ ապրած են: Այս իրողութիւնները հոս արձանագրել կը նշանակէ մեր գրական սերունդներուն կենդանագրումը, անոնց գրական հասկացողութիւնը եւ ասոր կարելի շրջափոխութիւնը նկատի առնել այնպէս ինչպէս տրուած է մեզի զանոնք տեսնել իրական ժամանակի մը մէջ։ 

Որո՞նք, ուրեմն, անունները, այդ ընդհանուր տարազով մեր գրականութեան մէջ պիտակուած։ Պատասխանը դարձեալ ենթակայ կը մնայ շփոթութեան, առնուազն հակասութեան։ Մկրտիչ Աճէմեան 1850ի սերունդին մէջ իր սկիզբը կ՚ընէ: Կ՚անցնի մեր շողշողուն ռոմանթիզմին բոլոր շահատակութիւններէն: 1890ին մօտերը անիկա Իրապաշտ բանաստեղծ մըն է: Մահուան տարին (1911) չարհամարհեր Վարուժանի փառքը (անձնական վկայութիւն)։ Ո՞ւր դնել այս անունը: Մեր գրագէտները շատ բաժանական չեն ինչպէս են Վոլթեռ, Հիւկօ, որոնց ընդարձակ գործունէութիւնը կը տոկայ նման դժուարութեանց։ Ո՞ւր դնել Նար–Պէյը, նոյն նկատումներով։ Այս անստուգութիւնները կը միջամտեն ահա որպէսզի շատ կարծր կաղապարներ չնկատուին այդ տարազները։ 

Զարթօնքի Սերունդ յորջորջումին ետին ես կ՚ուզեմ տեսնել բոլոր այն անունները որոնք Արեւմտահայ գրականութեան սկզբնածագ շրջաններուն կա՛մ կ՚ուսանին կա՛մ կը գործեն կա՛մ կը ստեղծեն, բոլորին համար ալ հասարակաց են քանի մը նախնական տրամադրութիւններ, չըսելու համար հանգանակներ: Թէ այդ խումբը չէ բաղկացած բացառաբար գրական խառնուածքով անձնաւորութիւններէ, թէ այդ խումբին ախորժակները բազմաբղետ են, նոյնիսկ հակասական՝ խումբին ընդհանուր գաղափարագրութիւնը վտանգելու չափով մը . Զօրայեան գրական հասկացողութիւն ունի անշուշտ բայց վարժապետութիւն միայն ըրած է, առանց դպրոց մը ոտք կոխելու [անգամ մը միայն Տնօրէն] եւ տնտեսագիտական դրութիւններ հայացուցած, առանց շուկայի զգայարանք մը յայտնաբերած ըլլալու), ոչ մէկ կասկած: Բայց Տէրոյենց մը այդ սերունդին գաղափարագրութեան դէմ արձակադրօշ իր պայքարովը չի դադրիր այդ ժամանակին մարդը ըլլալէ: Պ. Դուրեան, 1852ին ծնած, 1872ին իր մեռնելովը չի փակեր մեր ռոմանթիզմը: Այս օրինակները կը ծառայեն հաստատելու որ խումբին զանազանութիւնը ընդարձակ շեղումներու կ՚առաջնորդէ տարազը։ Այս անպատեհութիւնները մեղմելու համար է որ տարազը բռնած եմ առաձիգ։

Սերունդին մէջ որոշ ներքին բաժանում մը՝ ուրիշ անհրաժեշտութիւն: Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, Ալիշան, Պ. Դուրեան վաւերական գրագետներ են (չեմ լայննար այս տարազով, ՀԱՄԱ ՊԱՏԿԵՐը այդ տարազին ապացուցումն է ամէն բանէ առաջ)։ Բայց Ն. Ռուսինեա՞ն, Ն. Զօրայեա՞ն, Խաչատուր Միսաքեա՞ն, Ստ. Ոսկա՞ն: Բացայայտ է որ այս վերջին անուններուն հետ գրագէտ տարազը մեզի դուռ կը բանայ անլուծելի հարցերում: Ստիպողութիւնը ուրեմն՝ սերունդին ներսը ճշտելու՝ 

 

ա) Զարթօնքի Սերունդին աշխատաւորները

բ) Սերունդին գրագէտները (որոնց` պիտակ անունը արդար է որ չզեղչուի իրենց՝ իրենցմէ), Ռոմանթիկներ։ 

գ) Կրտսեր Ռոմանթիկներ.

դ) Դէպի Իրապաշտներ։ 

 

ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին առաջին բաժանումը, ուրիշ խօսքով Արեւմտահայ Գրականութեան առաջին շրջանը կը զբաղի չորս դասակարգ գրողներով, որոնք ժամանակի վրայ պարտադիր միութիւններ պարզելով հանդերձ, խորունկ տարբերութիւններ ունին խորքէ, ձգտումներէ, իրագործումներէ։ Դիւրութեան համար այսպէս դասաւորուած, սա կաղապարներուն տակ մեր ժողովուրդը, իր աշխատաւորներուն եռանդովը, դրեր է շատ ու շատ բան։ Ատոնք բոլորը մէկիկ մէկիկ բանալ, ցոյցի հանել, ատոնց գեղեցկութիւնն ու գինը վերստին արժեւորել պիտի անցնէր գրական համապատկերի մը սահմանները: Միւս կողմէն գրականութեան մը պատմութիւնը միշտ դժբախտութիւն մըն է, ըսեր եմ, քանի որ պարտաւոր է այդ բոլոր թաքնուած, հնոտի ու աղօտ մոյնքի մը տակ իրենց կեանքը կորսնցուցած, կրացուցած իրողութիւնները, փաստերը, ապրումներու յայտարար նշանները շատ զգուշութեամբ օգտագործել։ Սերունդի մը մեզի ձգած վկայութիւններուն քանակը որքան առատ է երբեմն։ Հապա որա՞կը։ Ի՞նչը առնել Ն. Զօրայեանի մը հրիտակէն, ասոր արժէ՞քը՝ իր ժամանակին համար, թէ զայն կանխող աւելի ընդարձակ շրջանի մը վրայ իբր հակապատկեր այնքան ընդարձակ թելադրութիւնները: Մա՞րդը՝ որ այդ սերունդի ընդհանուր ձգտումները կը համադրէ, զանոնք կը վարէ՝ ինչպէս կը տարուի անոնցմէ, ըլլալով նոյն ատեն մեր ժողովուրդին մէջ խաւի մը, նմոյշը, այն անձնաւորութիւններէն որոնք անհանդարտ, nրոնող, յանդուգն, բարի, քմշոտ, յաւակնոտ, նորապաշտ, կը նետուին մէկ ծայրէն միւսը իրենց ցանկութիւններուն խթանին ներքեւ, ու, համաձայն իրենց ոտքերուն տակ ինկած կրկէսին, կը բարձրանան գահերու բարձունքը, կը վարեն բանակներ ու երկիրներ…։ Եւ սակայն Ն. Զօրայեանի մօտ մարդուն սա շահեկանութիւնը իր կարգին կ՚անդրադարձէ շրջանին ալ հազար ու մէկ ախորժակները: Մէկ հատիկ այդ օրինակը բա՞ւ՝ որպէսզի հասկնալի դառնան գրեթէ անյաղթելի դժուարութիւնները: Մեր գրական սերունդներուն լիակատար ուսումնասիրութիւնը տասնեակ մը պատրաստուած, իրենց դերին լիովին ընդունակ ու գրագէտ աշխատաւորներով իսկ հազիւ նուաճելի պարտականութիւն մըն է: Այս գիտակցութիւնը իմ տառապանքն է ահա, նոյն ատեն իմ յանդգնութիւնը ինծի ներելի ընծայող սփոփանք մը։ Կը հաւատամ որ մեծ բարիք մը կը կազմէ այս ժողովուրդին հոգեկան առողջութեան տեսակէտէն, փորձել այդ սրբազան ճիգը մանրամասն ճանչնալ մեր սերունդներէն իւրաքանչիւրին հոգեգրութիւնը։ Այն ատեն միայն Սփիւռքի տժգոյն ուրացողները պիտի տառապէին իրենց կարգին, լաւ հայհոյելը, արուեստով արհամարհելը երբ կը վերածեն գրականութեան…

*

Այս չորս դասակարգերէն ա)ը 

Զարթօնքի Սերունդին աշխատաւորները, կը կազմէն Արեւմտահայ գրականութեան Ա. շրջանին ամէնէն պղտոր, մթագնած բայց կեանքով, եռուզեռով, կիրքով ու հսկայ ցանկութիւններով չափազանց հարուստ բաժին մը։ Արդարեւ Խաչատուր Պարտիզպան (1809-1856) այսօր անուն մըն է մեզի համար այնքան անարտայայտ որ հազիւ կը հանդուրժենք Գ. Օտեանին շքեղ ջատագովականը, արտասանուած անոր մահուան հանդէսին, եթէ երբեք չըլլայինք համոզուած Գր. Օտեանին խորունկ անկեղծութեան, հայրենասիրութեան, առնուազն ազնուազգի մարդկայնութեանը: Խաչատուր Պարտիզպանը սակայն չափազանց թիփիկ անձնաւորութիւն մըն է: Իր մեղքը՝ գրաւոր վաստակ մը ձգած չըլլալը ապահովաբար։ Բայց ահա ձեզի ուրիշ անուն մը, աս ալ Խաչատուր՝ Միսաքեանը, որմէ մեզի հասած տպագիրը անշուշտ անբաւական՝ գրագէտի դէմք մը պարտադրելու մեզի, բայց որուն ձեռագիրները (իր կենսագիրը՝ Ց. Գ. Մրմրեան, կը հաւաստէ թէ քանի մը հազարը կ՚անցնէին իբր էջ անոր անտիպները, քերթուած, մտածում, վէպ, թարգմանութիւն, բոլորը Իւսկիւտար, ժամու մը Խորհրդարանին մէկ նկուղը թխմուած ու հաւանաբար այսօր ալիւր դարձած՝ ժամանակին, առնուազն մուկերուն ատամներովը) թերեւս կը հերքէին տրտում առասպելը այդ մարդուն կեանքին երկայնքովը հիւսուած, կը պարզէին մահէն ասդին անկէ յամառող հէքիաթ մը, բայց ապահովաբար կը բերէին մեզի հաստատ վկայութիւններ, վաւերաթուղթ՝ կանխող դարու մեր ընկերային, իմացական, գրական վիճակներուն վրայ: Գրականութեան պատմութիւն մը երկու Խաչատուրներն ալ բաւարար տուեալներ չունի արժեւորելու: Բայց նոյն այդ պատմութիւնը կը գորովի երկու այդ աշխատաւորներուն դերէն, իրենց ժողովուրդի տարիքին համար իրենց վատնած կորովէն, կամքէն: Ընդարձակեցէք քիչիկ մը ձեր նայուածքը որպէսզի տեսնէք բժիշկները, ճարտարապետները, քարտուղարները, թարգմանները, մասնագետները, պետական պաշտօնատարները, նուիրուած ուսուցիչները, պատրաստուած, արի լրագրողները, եկեղեցական գործիչները, նկարիչները, ազատ արուեստներու սպասորեարը բայց բոլորը որոնք այդ 1850էն քիչ առաջ ու քիչ ետքը անհուն խանդով մը իջան պայքարի կրկէսը իրենց ժողովուրդին, ու «բարւոք պատերազմը պատերազմելու» մէջ եղան սրտայոյզ զինուորներ …։ Այս անունները կ՚անցնին հարիւրը։ Բայց ահա ողբերգականը։ 

Անոնցմէ հազիւ քանի մը տասնեակ՝ գրականութեան մը պատմութեան մէջ մուտքի մը փառքը կը վայելեն: Ու այդ տասնեակներէն ալ շատ քիչերը անոնք որ այդ գրականութեան պատմութեան ատաղձը կուտան։ Զբաղիլ, առանձին առանձին, անոնց իւրաքանչիւրով, հայ պատմութեան համար պիտի նշանակէր փորձել գեղեցիկ հանդիսարանի մը փառքը ուր իրենց կեանքին վկայութիւններովը առնուազն անոնք պիտի արդարացնէին իրենց վրայ վատնուած աշխատանքը: Ատիկա վեր է իմ ուժերէն

Տրտում այդ գիտակցութիւնն է որ ահա կը միջամտէ ու համադրական եղանակը կը պարտադրէ իմ աշխատանքին։ Յետոյ երբ կը գործադրեմ այս եղանակը, վստահ եմ, որ այդ անունները չունեն տուժելիք իմ մասնակի զանցումէն: Գրիգոր Օտեան կենսագրուած է քանիցս (Երուանդ Օտեանի յիշատակները 1892–93ի Մասիսին մէջ եւ իր արժէքաւոր յօդուածները հատորիկներու արժանացող Կազմարարեանի մը կողմէն)։ Նահապետ Ռուսինեան ներշնչած է դարձեալ Հ. Ասատուրը, Երուանդ Օտեանը (յիշուած հանդէսին մէջ) եւ թելադրած Տքթ. Վ. Թորգոմեանի ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը Հանդէս Ամսօրեայի մէջ (1902–3), եթէ նկատի իսկ չառնենք Արփիարեանի կցկտուր բայց այնքան հարուստ նշմարները՝ Գրիգոր Օտեանի յառաջաբանը՝ այդ մարդուն փիլիսոփայութեան դասագիրքը բացող, ուրիշ վկայութիւն: Խաչատուր Միսաքեան հատորիկ մը արժած է Գ. Մրմրեանին: Հոգածու միտք մը պիտի կրնա՞ր Ն. Զօրայեանէն հանել նման հատորիկ մը։ Կը հաւատամ:

Այսպէս առաջին թեւը այդ սերունդին կը համախմբէ սա անունները Խաչատուր Միսաքեան (1805-1891), Նիկողոս Զօրայեան (1821-1859), Նահապետ Ռուսինեան (1819-1876), Ստեփան Ոսկան (1825-1901), Գրիգոր Օտեան (1834-1887)։ Այսօր, դժուար՝ եթէ ոչ անկարելի՝ այդ անուններով մեզի հասած պատառիկներէն ազատագրել գրագէտի արդար տիտղոս մը՝ գրական, պատմութեան մը մէջ իրենց մուտքը արտօնող։ Բայց նոյնքան դժուար՝ զանցել անոնց իմաստը, դերը, Արեւմտահայ Գրականութիւնը իր սկզբնական շրջանին մէջ պաշտպանելու տեսակէտէն։ Չեմ մոռցած անունն ալ Իւթիւճեանին՝ իր կարգին մեծ երախտիքներու տէր աշխատաւոր մը: Կան տակաւին Իզմիրի դպրոցին աշխատաւորները, Գալուստ Կոստանդեան, Գրիգոր Չիլինկիրեան, հոն աշխատող Արմենակ Հայկունին: Ստիպուած եմ յիշել Յովհաննես Հիսարեանը որմէ երկու վէպ եւ քերթողական դիւան մը հասած են մեզի, Յակոբ Ոսկանը որ 1848ի սերունդին  բոլոր խանդը կրելով հանդերձ իր ջիղերուն մէջ, փշրանքներ միայն ձգած է մեզի։ 

Զարթօնքի Սերունդին այս թեւը կը տեսնեմ միակտուր, en bloc, ինչպէս պիտի ըսէին գաղիացիները: Միանգամ ընդմիշտ պարտաւոր եմ յայտարարելու որ այդ թեւը, ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐԻՆ մէջ իր մուտքին իրաւունքը լիուլի կ՚արժեւորէ գործօնական մարզերու վրայ հսկայ իր դերով եւ ոչ թէ գրականին մէջ իր վաստակած երախտիքներովը:

Այս թեւին հասարակաց յայտարարները գտնելէ առաջ, սխալ չըլլար զատորոշում մը, այս անգամ ոգիի տեսակէտէն, գործադրել: Այսպէս գրական ախորժակներու մէջ ակնբախ հանգիտութեան մը հակառակ, մտքի, հոգիի յօրինուածքով գլխովին ներհակ անձնաւորութիւններ են Գրիգոր Օտեան եւ Ստեփան Ոսկան, Խաչատուր Միսաքեան եւ Նիկողոս Զօրայեան։ Այս զանազանութիւնը վեր է երանգային պայմանէն: Տուէք պատեհութիւն որպէսզի Ստեփան Ոսկան գործադրութեան դնէ իր գաղափարագրութիւնը, դուք պիտի ունենաք բացարձակ հակապատկերը այն մտատիպարներուն որոնք Գրիգոր Օտեանի մը ուղեղը բարեզարդած են վաղ պատանութենէն մինչեւ վաղ կործանումը, չափահասութեան դռներուն: Աւելի սեղմելով բառերը մենք  կ՚ունենանք ոգեպաշտ եւ դրապաշտ ցանկութիւններ

Զօրայեանի եւ Ռուսինեանի թեւը (որուն կը պատկանի Իզմիրի դպրոցին մէջ Կոստանդեանի ներկայացուցած մտահոսանքը) հազիւ թէ այցուած է գրական ռոմանթիզմէն, թաթխուած ըլլալով հանդերձ, ամբողջութեամբ, իմացական ռոմանթիզմին ամէնէն տաք մղումներուն մէջ։ Գրականութիւնը, անոր մօտ, վերածուած է շատ համեստ թէեւ շատ արդիւնաւէտ դերի մը: Այդ դերը ընդհանրացման նպաստն է, զանգուածներու ընկալչութենէն ներս այն տուեալներուն, յստակ ու հաստատ գաղափարներուն որոնց արժէքին, ազդեցութեան ու մեր ժողովուրդին ընձեռելիք շատ հսկայ բարիքին վրայ այդ թեւը դրաւ իր գործունէութեան բովանդակ հրայրքը։ Աւելի քան յատկանշական է որ բանաստեղծական խառնուածքով, շատ իրաւ ընդունակութիւններով ու մանաւանդ Բարիզի 1848ի գրական շրջանակներուն մէջ իր ճաշակը յօրինող երիտասարդ մը՝ Ն. Զօրայեան, Պոլիս ինքզինքը նուիրէ գրեթէ մանկավարժական հետաքրքրութեանց: Իր գործերէն հատորի մտնողները (Նկարագիր ազգային դաստիարակութեան, Տէղեկութիւններ քաղաքական տնտեսութեան վրայ, Վարժութիւն ընթերցանութեան, (1848–1852) բաւարար փաստեր են այդ ոգիէն: Ու ինչպէս վերը դիտել տրուեցաւ, այս հետաքրքրութիւնը մեզի պիտի չթուէր այնքան տարօրինակ եթէ երբեք Զօրայեան իր ուժերը ըլլար մասնաւորած ուսուցման աշխատանքին: Յայտնի է որ, այդ շրջանին, այդ երիտասարդութիւնը, ամէն բանէ առաջ, հիմնական պակասներու սարսափին մէջն էր որ կը գործէր։ Ունէ՞ր այդ երիտասարդութիւնը այն յստակ մտատեսութիւնները որոնք դրուեցան Իրապաշտներուն Արուեստագէտներուն իմացական խղճմտանքին առջեւ իբր անյետաձգելի առաջադրութիւններ: Դիւրին չէ պատասխանը: Բան մը միայն յստակ է սակայն, ատիկա մեր զարթօնքին սրտառուչ, խանդոտ ու երիտասարդ կրակն է, բոլորին ալ հոգիները իրարու հաղորդ պահող։

Պէտք չեմ զգար այդ սերունդին համար պատմական սկիզբներ, զարգացման նախապայմաններ, շրջափոխումը ընդունելի ընծայող ընդլայնումներու։ Բաւ է յայտարարել որ բոլորն ալ կը մնան ենթակայ իմացական այն ճնշումներուն որոնք տիրական էին 1850էն առաջ Պոլսոյ պայմաններուն մէջ։ Զօրայեան Ամիրաներու կը սպասարկէ ոչ միայն ուսումին ստացման այլ եւ այդ ուսումը արժեւորելու տեսակէտին մէջն ալ, վարելով քարտուղարի պաշտօն: Ռուսինեան hայ Ամիրայութենէն ազատագրուելու կերպը յաջողած է փոխել պետական պաշտպանութեան։ Բան մը չգրող (Մանկատածութիւնը գրականութիւն չէ) Սերվիչէնը, Մետաքսի վրայ մաքուր հայերէնով traité մը հրատարակող Կրճիկեանը կը պատկանին, Ռուսինեանի գիծով, Թրքական շրջանակներու: Օտեան, իր հօրը մէջ վայելած է ամիրայութեան լաւագոյն շնորհները (Պօղոս Եազըճեան՝ Օտեանի հայրը, չէ գործածած Տիտղոսը, բայց ապրած է տարազին թելադրած բարքն ու մտայնութիւնը) Միսաքեան hետն ունի հին ամիրայութեան բոլոր թելադրանքները եւ նոր կարգին ալ (Ազգային Սահմանադրութեան յաջորդ իրերու վիճակը) լաւագոյն տրամադրութիւնները։ Իւթիւճեան ամիրայութեան եւ երիտասարդութեան officier de liaisonը կը թուի ըլլալ, երբ գիտէ պատրիարքն ու ջոջերը իրարու մերձեցնել։ Նոյնիսկ ամէնէն անկախ, լծընկէց Ոսկանը (Ստեփան) ճամբայ է բացած պետական բարձր շրջանակները դէպի։ Իր Բարիզը ճշմարիտ յաղթանակ մըն է, 1848ի մարդոց մօտիկ ընտանութիւնը, բարեկամութիւնը երբ կը վայելէ, ու իր Իտալիան՝ ուրիշ գեղեցկութիւն, երբ այդ երկրին ամէնէն արժանաւոր եւ 19րդ դարու ամէնէն մեծ պետական անձնաւորութեան՝ Քավուրի տունին մէջ, ասոր զաւակներուն իբր դաստիարակ իր մուտքը կ՚ընէ: Այս գիծերը կը ճշդեն բոլոր այդ անձնաւորութեանց մօտ տիրական արժանիքներ: Մեր ցեղին երբեք չպակսող, իր տմոյն դարերը այնքան տրտում բայց գեղեցիկ փայլով մը քաղցրացնող մարդոց արիւնէն կուգան անոնք

Բոլորն ալ հսկայ մարդեր են: Ժամանակը անշուշտ մեղմած է անոնց բացառիկ կողմերուն սրութիւնը, երբեմն նոյնիսկ աւրած ալ: Այսօր քիչ բան կուգայ մեր մտքին առջեւ երբ կ՚արտաբերենք Ոսկանը կամ Միսաքեանը: Բայց իրենց օրերուն այդ անունները մեծութիւններ էին հաւանաբար [1] եւ ապահովաբար: Անշուշտ գրական սերունդի մը լիակատար հանգամանքները չէին լրացներ իրենց վրայ, քանի որ այդ գրականութիւնը դեռ գոյութիւն չունէր, ու քանի որ 1850ին, մարդիկ երիտասարդութիւնը մեծ հորիզոններու լայնքին դիմաց անկարող կը զգային իրենք զիրենք արեւելու: Պոլսոյ մէջ աւանդութիւն եւ օրինակ իբրեւ, այդ երիտասարդութիւնը իր աչքին ունէր Մխիթարեաններու փաստը, սեպհական աւագանին ու պատրիարքական շրջանակները: Այդ է պատճառը որ այդ սերունդը քալէ առ խարխաբ, նուաճուած՝ ընելիքին հսկայ հեռանկարէն, բայց մանաւանդ այդ ընելիքին վրայ իր իսկ անգիտակցութենէն: Զուր մի՛ կարծէք Տէրոյենցի փառքը: Այս մարդը դպրոց մըն է առանձինն ու 1850էն առաջը կը մարմնաւորէ։ Անիկա յիմար մըն ալ չէ, ինչպէս ուզած են ներկայացնել իր հակառակորդները եւ Լուսաւորեալ եւ խաւարեալ բառերը, ըսի անգամ մը, աւելի են քան պարզ տիտղոսներու միամտութիւնը, ծիծաղելիութիւնը: Անոնց ետին ոչ միայն մեծ կիրքեր կը զգամ ես տակաւին, այլ գրեթէ այն ստոյգ իմացական բարեխառնութիւնը, սրտազարկը որոնք 1880ին, 1900ին, 1920ին իրական են մեր մտաւորական ընտրանիին համար:

Ըսի թէ մեծ մարդեր էին: Ըսել կ՚ուզէի չէին նմաներ մեր զոյգ գրական սերունդներու պարզած պատկերին։ Ո՞րն է Իրապաշտներէն այն դէմքը որ բարձրագոյն կրթութեան մը բարիքը ըլլար տուած նախ իր անձին: Ատոնցմէ Հրանդ Ասատուրին Բարիզ, անժուռ (անլի) միջակութեան մարզանք մըն է երբ բաղդատուի Ռուսինեանի մը, Ծերենցի մը ուսանողութեան: Զոհրապ բոպիկ միտք մըն է 1880ին, ու պիտի մնայ այդ բոպիկութեամբ` նոյնիսկ երբ Պոլսոյ Իրաւաբանական վարժարանին մէջ դասեր պիտի աւանդէ, եւ կամ՝ 1910ին Օսմանեան Խորհրդարանին մէջ քաղաքական տարողութեամբ ճառեր արտասանելու առիթներ պիտի ստեղծէ, իր բնածին հռետորութեան յագուրդ մը ճարելու համար։ Ո՞րն է Արուեստագէտ Սերունդէն դէմքը որ սանկ միջին Եւրոպա մը ըրած ըլլար։ Վարժապետ Սեղբոսեանի Գերմանիա՞ն, այնքան մօտիկէն յիշեցնող վարժապետ իսկ ըլլալու անկարող Մ. Շամտանճեանի մը Գերմանիան։ Տիրան Չրաքեանի Պոլի՞սը, այդ Եւրոպային մեծ ճամբաներուն վրայ որպէսզի արտօնէր ինքզինքը յանուն այդ մշակոյթին բաներ մը մրոտելու  Ներաշխարհին մէջ։ Տիկին Եսայեանի Սորպո՞նը՝ ուրկէ անիկա տրտում, անկանգնելի յիշատակներ միայն պիտի պահէ։ Ինչպէս կը տեսնուի այս ակնարկութիւններէն, Զարթօնքի մարդերը պատրաստուած, լեցուն, բաց իմացականութեամբ, իրենց օրերուն ի բաձրագոյն ուսումը իւրացուցած անձնաւորութիւններ են: Ու եթէ երբեք այս ստորոգելիները միշտ գրագէտ մը չեն թելադրեր, առնուազն աւելի կ՚արժեն քան սուտ ու փուտ ոճի հտպտանքները որոնք 1900ին գրական սերունդի մը նկարագիրները պիտի կազմեն։ 

Այդ պատրաստութիւնը, անշուշտ Եւրոպա ընելու բախտէն զրկուածներու մօտ, տկարութեան ազդակ մը պիտի կազմէ։ Խրիմեան մը չես գիտեր ուր սորված է ոչ թէ գրականութիւն  ընելը, այլ նոյնիսկ նախադասութիւն կազմելու տարրական արուեստը: Սրուանձտեանց մը տարբեր չեմ կրնար նկատել։ Պարոնեանի մը կրթութիւնը գիտենք թէ ուր կը սկսի եւ ուր կը վերջանայ: Բայց Զարթօնքի Սերունդին մեզի կտակած արդիւնքին մէջ նորէն այս վերջին անուններուն բաժինը կը մնայ ան բաղդատելիօրէն գերազանց՝ Ռուսինեանի մը տարեցոյցներէն, թարգմանութիւններէն, ատենաբանութիւններէն, կամ՝ Զօրայեանի մը վաճառականութեան վրայ ճառերէն։ Գրիգոր Օտեան մը, առանց այդ Եւրոպան ըրած ըլլալու, մնալով հանդերձ Խրիմեաններու մտապատկերներուն ծիրին ներսը, թէ՛ սպասարկած է 48ին Բարիզի պողոտաներուն վրայ ժողովրդավար սկզբունքները ծափահարող իր ընկերներուն ազատականութեան, գաղափարագրութեան ու անոնց չափ ու աւելի յստակ տեսած իր ժողովուրդին բարիքը, եւ թէ քիչ շատ աղապատանք է ցոյց տուած գրականութեան հանդէպ՝ «բանիւ եւ գործով» ինչպէս կ՚ըսեն: Միտք բանի՞ն այս հպումներուն, մերձեցումներուն. - ան որ՝ Զարթօնքի սերունդը կ՚օգտագործէ երկու զօրաւոր ուժեր, չըսելու համար շնորհներ։ Ասոնցմէ մէկն է հանգոյցը այն ընդունակութիւններուն որոնք անզգալաբար բայց անտեղիտալի կերպով մը սերունդի մը հոգեյատակը կը յարդարեն, այն առհաւօրէն հաւաքուած տուրքերը, որոնք սխալ չըլլար ճանչնալ իբրեւ իմացական ժառանգութիւն, ճիշտ ու ճիշտ մարմնականին նման: Միւսը` պարագայական determinationներն են, ըսել կ՚ուզեմ շրջանէ մը, ժամանակէ մը, անհրաժեշտութենէ մը սերունդի մը աչքին ուրուացող միջոցներուն յարմարուելու իմաստութիւն մը, չգործածելու համար Սբէնսըրեան մեծ տարազները: Մեր մէջ բարիքը ան եղաւ որ անոնք որ Եւրոպա ըրին, հոն սորվեցան նոր եղանակները այդ տուրքերը շահարկելու: Հայրենիք դարձին անոնք ջանացին արժեւորել ցեղին ընդունակութեանց գումարը նոր կարիքներու ի խնդիր, կազմակերպեցին իրենց ընկերներուն ընդոծին առաքինութիւնները: Վերցուցէք այդ Եւրոպայէն եկող տղոց փաղանգը, անշուշտ չի ջնջուիր հայ ժողովուրդը, բայց 1850էն ասդին մեր կեանքը կ՚ունենար բոլորովին տարբեր արեւելում [2] ։ Դառնալով իրականութեան, հարցուցէք  դուք ձեզի թէ ի՞նչ ընթացք պիտի առնէր Մկրտիչ Խրիմեան ըսուած վարժապետին գործունէութիւնը, ինք իր գլխուն: Անիկա շատ՝ շատ Վանանդեցիներու, Տէրոյենցներու, Ալիշաններու, մանաւանդ Բագրատունիներու ըրածին մէկ աւելի անկազմակերպ, սանձարձակ, որով եւ զուր կրկնութիւնը կրնար դառնալ, գրաբար ոտանաւորին ստենդորեան փողարը, աւելի հաստ՝ վասն զի անտաշ։ Մտնելով շփումի Բարիզէն վերադարձող երիտասարդութեան հետ, անիկա կրկնապէս բարերար մը եղաւ նախ իր անձին, երկրորդաբար՝ այդ տղոց: Գրիգոր Օտեան մը երբ անոր պատրիարքութիւնը կը պաշտպանէ Պոլսոյ Աթոռին, անշուշտ զգածուած է այդ լեռնցիին անհուն կորովէն, իսկապէս peuple մարդու հրապոյրներէն ու անոր բուխ, իրաւ, հայ սիրտէն, այնքան քիչ` այս վերջինը, այդ օրերուն (եօթանասնական թուականներ) Պոլսոյ եպիսկոպոսական փայլուն կուրծքերուն տակ: Եօթը լեզու ջուրի պէս խօսող ու գրող Նար-Պէյ մը որ դեսպանական, նոյնիսկ վեհապետական առաքինութիւններ կը պարզէր, կը նսեմանայ Հայաստանցի այդ գեղջուկ եպիսկոպոսին այդ պարզ ուժին դիմաց։ Անիկա հայրենիքը, հայ ժողովուրդը, այդ օրերուն ամէնէն սրբազան կարգախօսը կը մարմնաւորէր Հայաստանը

Առանձին առանձին, այդ սերունդին ամէն մէկ անձնաւորութիւնը երեւան կը բերէ այլազան յատկանիշներ, նոյնիսկ գրական մարզին վրայ, եթէ պահ մը զիջինք իրենց ըրածը ընդունիլ այդ կալուածին վրայ: Ինչ քիչ է թիւը Իրապաշտներուն՝ հազիւ վեց-եօթ։ Բայց որքան նման են անոնց կարողութիւնները: Դարձեալ, Արուեստագէտ Սերունդը կազմող փաղանգը աւելի թիւով մը չի ներկայանար իր առաջին գիծի տաղանդներուն մէջ։ Երկու սերունդներն ալ իրարու հաշտ յատկութիւններ կ՚արժեւորեն։ Բայց անդունդ կայ Թէրզեանի մը եւ Խրիմեանի մը հոգիներուն, Ոսկանի մը եւ Նար–Պէյի մը աշխարհայեացքին ընդմէջ։ Նոյնիսկ իրարու կրկնութիւնը թուող Պէշիկթաշլեան Դուրեան երկեակը խորապէս կը տարբերին իրարմէ ոչ միայն իրենց տաղանդներուն տեսակարար կշիռովը, այլ եւ իրենց ժողովուրդը հասկնալու, սպասարկելու իրենց կեցուածքովը։ Բայց այդ սերունդին համար թերեւս անիրաւութիւն մը պիտի նշանակէր գործադրել, շեշտը դնելով գրականին վրայ: Այդ սերունդին շնորհները ըսի թէ բազմազան էին։ Թերեւս տեսնելու կերպ մըն է ասիկա հեռուներէն, երբ կը ջանամ Ռուսինեան մը պահել գրականութեան համապատկերի մը մէջ, մինչ աւելի քան յիստակ է որ այդ բժիշկին գրական հասկացողութիւնը՝ դրապաշտ, օգտապաշտ, գործնապաշտ, իր շրջանակէն իրեն թելադրուած ընդհանուր պէտքերու յստակ իւրացումի մը կը յանգի։ Անոր  գերազանց մտահոգութիւնը իր ժողովուրդը օժտելն էր եւրոպական վարչութեանց (ամէն կալուածի վրայ) բարիքովը։ Ահա թէ ինչու պիտի սկսի լեզուէն, յանգելու համար Խորհրդարանական ներքին կանոնագիրներու խմբագրութեան ու իր ժամանցները պիտի յատկացնէ թարգմանութիւններու: Ի՞նչ կը հասկնար բանաստեղծութիւն յղացքէն ձիու կռնակին Տաւրոսը անցնող այդ պատուական բժիշկը։ Հարկաւ այնքան քիչ որքան խնկաբոյր վանքերու ստուերներուն խորը անցելասոյզ Ալիշանը կամ Պոլսոյ հարուստ տուներուն երջանիկ երէցը Հ. Անթիմոս (Բագրատունին)։ Եւ սակայն իբր ժամանց այդ թարգմանութիւնները բոլոր ինքնաստեղծ քերթուածներէն աւելի իրաւ, հայկական էին։ Ուրեմն, տարեցոյց, թարգմանութիւն, ուղղախօսութիւն, Խորհրդարանական աշխատանք, բանաստեղծութիւն այդ բժիշկին ուղեղին մէջ համազօր ու համակարգ կրթանքներ են, քանի որ անոնց բոլորէն գոյանալիք բարիքը միշտ իր ժողովուրդին քիչ մը աւելի ազնուանալուն, լուսաւորուելուն, նորոգուելուն պիտի ծառայէ։ Միայն Ռուսինեանի մը մօտ չէ որ կը դիտուի այս կեցուածքը, հասկնալու կերպը եւ իր ընկերները, նոյնիսկ իր հակառակորդները, իր համակիրները (կան անոնց մէջ շրջանին գերագոյն անձնաւորութիւնները։ Ծերենց անմոռանալի էջի մը մէջ [քրոնիկ մը] տուած է հոգին իսկ այդ օրերուն երբ Յակոբ Պէյ Պալեանի մը սրահը կը նկարագրէ, ուր խօսքը, խօսակցութիւնը, շունչն ու մտածումը մեր ժողովուրդին յարութիւնն է որ իրենց օրակարգ են ընտրած) տարբեր չափերու պէտքը չեն զգար: Մարդ կը փորձուի սա հանգամանքը մօտեցնել այն միւսին որ դարեր շարունակ ի զօրու մնաց մեր գրիչ շարժողներուն: Փաւստոսին համար քրօնիկ մը բանաստեղծական ամենանուրբ զգայութիւններու, սարսուռներու հանդէս մըն է: Փարպեցին իր Հայոց Պատմութիւնը կը յօրինէ իր երկիրը, անոր վրայ ապրող ժողովուրդին հոգեխօսութիւնը, զայն շրջապատող փոքր ժողովուրդները, ասոնց մասնայատկութիւնները ու անոր վրայ տիրակալող մեծ պետութիւններու մտածելու դրութիւնները համադրելու: Ուրիշ բան չէ ըրած Թովմա Արծրունին, Յովհաննէս պատմաբան կաթողիկոսը ու բոլոր այն միւսները որոնք մինչեւ 19 րդ դար գրեցին, պատմեցին: Բայց նոյն ատեն ըրած եղան գրականութիւն, վասնզի նոյն այդ մարդոց գործին մէջ մեզի կը տրուի պատեհութիւն, դէպքերու կողքին՝ հոգիներու, մտայնութեանց, մտածումներու սխրալի ալ հանդէսը զգալու, վայլելու: Պատմութիւնը մեր հին դարերուն կը հաւաքէ իր մէջ մեր  ստեղծումներուն մէկ շատ կարեւոր մասը։ Զարթօնքի Սերունդին գրականութիւնն ալ նախնական ու անաւարտ, մանաւանդ խճող ու խռով, ես կը փորձուիմ տեսնել այդ տրամադրութեանց ներքեւ

Զարթօնքի Սերունդին շուրջ իմ նկատողութիւնները ընդարձակ ու բազմազան են, ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին ծրագիրը ընդոտնելու չափ: Դադար կուտամ սակայն անոնց ընթացքին, այն մտածումով որ, քանի մը քառորդ դար յետոյ, այս ժողովուրդը պիտի ըլլայ անշուշտ բաւական իմաստուն, իր միտքին սպասարկուները ենթարկելու ազատ, մանրամասն ուսումնասիրութեան։ Պոլիսը, Մխիթարեան երկու վանքերը իրենց նախանիւթերու յորդ մթերքովը պիտի պաշտպանէին ամէն առաջադրութիւն վերագտնելու այդ մարդերը, գոնէ երբ միւս դարերուն համար մեր պատմութեան այնքան դժուարացած է այդ աշխատանքը, աղբիւրներու նիհարութեան պատճառով: Համալսարանական սերունդ մը, յիսուն տարի յետոյ, կը հաւատամ թէ պիտի խանդավառուի այդ աշխատանքին սրտառուչ ալ գեղեցկութեամբը:

Զարթօնքի Սերունդը միայն մարդոց փաղանգ մը չէ, այլ եւ ժամանակ մը լեցնող գործօնութիւն մը, որուն ծաւալման դաշտը եղած է կանխող դարու երկու քառորդներուն (երկու միջինները) մեր ժողովուրդին վերելքին ասպարէզը: Այդ տարածութեան մանրակրկիտ վերարտադրումը, ես կը ձգեմ ինձմէ աւելի բախտաւորներու

Կ՚անցնիմ մարդոց։ 



[1]       Տեղ մը արտայայտուած եմ թէ ինչ մեծ գեղեցկութիւն կը պարունակեն արեւմտահայոց 18-րդ դարը, 19րդին կէսը, ոչ միայն իմացական, այլ մանաւանդ հանրային, ընկերական մարզերու վրայ: Զարթօնքի Սերունդին մոլեգնութիւնը քիչ մը պատճառ անշուշտ որպէսզի ամիրաներու տարազը ըլլայ այնքան աղաւաղուած։ Կ՚ընդունիմ որ այդ մարդոց մէջ գոյութիւն ունէին հսկայ կիրքեր, ծանր մեղքեր, ասիական անխուսափելի մոլութիւններ, բայց չէին դադրեր անոնք ըլլալէ յայտարարներ մեր ժողովուրդի մեծ տուրքերուն։ Ըսել թէ մեր ժողովուրդը պահուած է մեր եկեղեցիով, կը նշանակէ խորհիլ այն անձնաւորութեանց, որոնք այդ եկեղեցիները ոտքի հանեցին ուր որ հաստատուեցան։ Սփիւռքի սա քաւարանեան մշուշը մեզի կ՚ընէ գրեթէ կոյր մեր հին փառքերուն գեղեցկութեանց հանդէպ: Մարդեր էին այդ ամիրաները, անոնցմէ ուղղակի սերած ճարտարապետներու փաղանգը։ Իրենց հանրային դերէն դուրս, իբրեւ հոգեբանական խտութիւններ, անոնք երբ բաւարար խղճմտութեամբ ուսումնասիրուին (ատոր համար մենք ունեինք Մխիթարեան եւ Էջմիածնի դիւանները) մեզի կուտան շատ հզօր թելադրանքներ միշտ այս ժողովուրդին շնորհներէն ինչպէս կիրքերէն։ Մեր գրականութեան այժմեան փոքրութիւնը, փոքրոգութիւնը, ճիղճ եսապաշտութիւնը ու ստորին ախորժակները պատճառներ անշուշտ որպէսզի մոռցուին այդ դարերը, կամ ճանչցուին սխալ սուտ պիտակներու տակ։ Այս ժողովուրդը չէ այն ոչխարներու հօտը որուն վրայ զանազան ու զարմանազան վարդապետութիւններ իրենց դաւանանքը կը ջանան փորձարկել։ Մէկ ամիրայ հին օրերու թագաւորի մը չափ ընդարձակ ապրումներու հանգոյց է եղած: Բացէք այդ մարդերը, դուք պիտի շինէք պատմութիւնը այս ժողովուրդին։

[2]       Ատեն մը նորութիւն էր, ինքնատպութիւն էր, վերջաստաց իմաստութիւն, մեր աղէտներուն պատասխանատուութիւնը բեռնալ այդ սերունդի գործունէութեան եւ իտէալներուն: Իրողութիւն է որ մեր պապերը ապրել էին իրենց դարերը ցեղային խելքի միջինով մը, ու հասցուցեր մեր արիւնը մինչեւ դռները նոր ժամանակներուն: Իրողութիւն է որ 1850էն ասդին մեր միտքը կ՚ընդվզի իրեն պարտադրուած դարաւոր պատգամներուն դէմ ու կը փոխէ հուն, ուղղութիւն։ Խրամատը մեր անցեալն եւ 1850էն ասդին հետապնդած քաղաքականութեան մինչեւ կը հասնի խելացնոր խորութիւններու: 1850ին մէջն է 1915ը: Այսպէս մտածեցին ու կը մտածեն իմաստութեան փերեզակները, մանաւանդ մեր հայրենիքին ներկայ սոցիոլոկները։ Այդ ոգիին դէմ (1850ը ոգի մըն է թուական մը ըլլալէ առաջ) յարձակումը կար իր ծագման օրերուն ալ, ու ամիրաներ, ճարտարապետ պէյեր, բարձրաստիճան փաշաներ երբ Եւրոպայի վտանգը կը չափազանցէին, թուրքերուն հետ օր մը կարելի բախումի մը հեռանկարը անշուշտ ունէին աչքի առաջ, բայց մանաւանդ իրենց սեպհական ճիղճ փառասիրութիւնները: Ապագան արդարացուց այդ քաղաքականութեան ջատագովները քանի որ արեւմտահայ ժողովուրդը գոյութիւն չունի։ Բայց այս աղէտին զսպանակը միամտութիւն է տեսնել այն աժան, պատրաստ, գլիշէ համոզումներուն ետին որոնցմով գօտեպինդ կրկէս էին իջած օրինակի մը համար խաւարեալները (1860ին) կամ 1900ին պահպանողականները, 1920ին մեր յեղափոխութիւնը իր անյաջողութեան պատճառով դատապարտողները: Մեր կործանումը կու գայ Եւրոպայէն, այո՛, բայց ոչ Զարթօնքի սերունդին Եւրոպայէն, այլ այն Եւրոպայէն որ 1870էն վերջ կը սկսի… ոչ թէ Բարիզ, այլ… Պերլին։ Եւրոպացի մատենագիր մը արդի քաղաքակրթութեան կորանքը կը բացատրէ երկու կապոյտ աչքերով ։ Ասոնցմէ մէկը կնիկի մը բութ դէմքին վրայ դուրսէն դրուած կապոյտ ուլունքներն են, այն հռչակաւոր կինը որ անգլիական պատմութեան մէջ կիսադարեան շրջան մը առաւ իր écussonին տակ: Այսօր պատմիչները այդ շրջանը կ՚անուանեն Վիգթորեան շրջան։ Այսինքն դրամին, շահին, conformismeին, կեղծ բարոյամոլութեան եւ անհուն շահապաշտութեան շրջանը: Երկրորդը՝ արեւելեան Բրուսիացիի մը կապոյտ աչքերն են, ան որ Պիզմարգ անունով վարեց Գերմանիոյ ճակատագիրը, ստեղծելով ցեղային ահաւոր ատելութիւններ, ու մարդկութեան պատմութեան մէջ շղթայազերծելով իրենց նմանը երբեք չունեն ցող երկու ահաւոր պատերազմներ (1914 եւ 1939) որոնք ուղղակի կուգան այդ մարդէն: Բայց այդ մարդէն կուգայ մանաւանդ փոքր ժողովուրդներու բնաջնջումին Նիցչէական տեսութիւնը եւ զինուորական յաջողութիւններովը արդարացած, գերման զօրապաշտութեան մէջ մարզուած  թուրք սպայութեան արմատական կեցուածքը իրենց կայսրութիւնը կազմող փոքր ժողովուրդներու դէմ։ Այդ ոգիով սնած սպայութիւնն էր որ ծրագրեց սրբագրել Սուլթաններու սխալը։ Իր յաջողութիւնը դուրս է կասկածէ։ Արաբները միայն ազատեցան աղէտէն, վասնզի Թուրքերը երբեք այդ տարրը թրքացնելէ յոյսերնին չեն սպառած։ Ո՞ւր են քիւրտերը։ Ո՞ւր՝ յոյները, չէրքէզները: Պատմութիւնը փաստը կ՚արձանագրէ։ Մերինները սահմանուած էին բնաջնջումի՝ Նիցչէի տեսութեամբ: