Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ  ՀԻՍԱՐԵԱՆ 

Յովհաննէս Հիսարեան, ծնած 1827-ին, մահուընէն վեց տարի առաջ` 1910-ին, հրատարակած է Դիւան անունով բանաստեղծութեանց հատոր մը։ Ութսունը անցած մարդու մը մօտ խենդութիւն, փառասիրութիւններ, մարմնական ու իմացական խօթութիւններ՝ այնքան բնական ու հասկանալի, քիչ անգամ իրենց հետ պիտի ունենան քերթողական հիւանդութիւնը որ պատանութեան, շատ շատ երիտասարդութեան շրջաններու կը զուգադիպի խիստ յաճախ։ Կ՚աւելցնեմ որ այդ Դիւանը ունեցած է առաջին տպագրութիւն մը 1870-ին, գրեթէ գրաբար Ներածութեամբ մը որ նոյնութեամբ թերեւս (առաջին տպագրութիւնը չեմ տեսած) մուտք մը ունի 1910-ի հրատարակութեան մէջ։ Պատուական ծերունին երկրորդ տպագրութիւնը «ըստ պարտեաց եւ արժանեաց», կատարած է յաւելեալ եւ ճոխացեալ, քանի որ ծանօթութեան մը մէջ կը տեղեկացնէ որ Դեպանին «երրորդ եւ չորորդ մասերը կը բովանդակեն 1900-ն ի վեր Շարագրուած տաղեր»: Այս յիշատակութիւնը, իր պարզութեան ու լրջութեան մէջ իր ետին կը թողու ծիծաղելիին, յիմարականին պայմանները որոնք ինքնաբերաբար պիտի յառնէին ձեր ներսը, նոյնիսկ բնագիրներուն ընթերցումէն առաջ։ Ուրեմն ունինք վկայութիւնը մարդու մը աւելի քան վաթսուն տարիներուն (գիտենք որ անոր առաջին գրութիւնները լոյս են տեսած Տէրոյենցի խմբագրած Հայաստանին (1849–51) մէջ։ Այսինքն մարդ մը որուն հասակը գրեթէ ամբողջութեամբ կը չափէ Արեւմտահայ գրականութիւնը, մինչեւ իր վախճանը (ինծի համար Արեւմտահայ գրականութիւնը կը հասնի մինչեւ 1915)։ Յետոյ, նոյն այդ քերթուածաշարքին սկիզբը կը կարդանք որ Յովհաննէս Հիսարեանի երկասիրութիւնքն են.  

ա) Կարճառօտ կենսագրութիւն մեծին Նաբոլէոնի (1848)

բ) Բանասէր, Հանդես ամսօրեայ, երկաhատոր (1851)

գ) Նեռն կամ կատարած Աշխարհի (1866) 

դ) Խոսրով եւ Մաքրուհի գաղիերէն թարգմանութիւն Բանասէրի մէջ հրատարակեալ նոյն մատենագրի հայ վէպին (1869) 

ե) Դիւանք բանք չափաւ, առաջին տպագրութիւն (1871)

Կենսագրական նշմարներ, հոս ու հոն ցրուած, կուգան լրացնելու սա տարօրինակ ցանկին խորհրդանշանական իմաստը

Այդ ցանկը թելադրանքը կ՚ընէ հրապարակագրի մը, քերթողի մը, վիպասանի մը, այսինքն գրականութեան հիմնական կրթանքներէն գոնէ երկուքին մէջ հաւատաւոր աշխատողի մը: Եւ որովհետեւ իր Հանդեսը՝ Բանասէր, արեւմտահայ անդրանիկ հանդէսն է, եւրոպական ըմբռնումով, իմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը կուտայ այդ ջանքին ոչ միայն արժանաւոր գնահատանք, այլեւ կը կենայ յարգանքով գրեթէ քսանամենի երիտասարդի մը միւս փառասիրութեան առջեւ, փառասիրութիւնը անդրանիկ արեւմտահայ վեպը գրած ըլլալու:

Աս ալ, իր կարգին Մխիթարեան մը, իր ուսումը ըրած Վենետիկ: Շատ կանխահաս (1844-ին Պոլիս է արդէն), անիկա կ՚ընդգրկէ ընթացիկ ասպարէզը Զարթօնքի Սերունդին միւս ներկայացուցիչներուն գրագրութիւն եւ տուներու մէջ ուսուցչութիւն: Իր Բանասէրը այդ գործունէութեան մէջ յանդուգն նորութիւն մըն է: Բայց տակաւին ունինք, Աստուծոյ տուածէն սանկ վաթսուն, վաթսունըհինգ տարիներ, գիտակից եւ լուրջ աշխատանքի: Հիսարեան այդ տարիները պիտի սպառէ իր միւս գործերուն կերտումին, ուսուցչութեան (1885էն մինչեւ 1908 պետական վարժարաններու մէջ դասախօս է հայերէնի), առանց շատ խօսելու, մանաւանդ խօսեցնելու: Այս ժուժկալութիւնը, լրջութիւնը, անհոսոսութիւնը (եթէ կը ներուի բառը) իրաւ որ տպաւորիչ են սա մարդուն վրայ: Հրանդ Ասատուր որ զինքը տեսած է իր ալեւոյթին մէջ, կը պատկերէ զայն նուրբ, զգօն, կենցաղագէտ, կեանքին հիմնական հարցերէն տեղեակ անձնաւորութիւն մը իբրեւ, որ կրնայ, որ այդ տարիքին մէջ իսկ մօտէն խօսակցութեան մը մէջ մաս առնել, առանց ծիծաղելի ըլլալու

Զարթօնքի Սերունդին ո՞ր կողմերը, սակայն, սա մարդուն մէջ ժամադրուած էին, գործածելու համար գէշ բացատրութիւն մը։ Իր Բանասէրը [1], շրջանին հասարակաց կիրքերը ունի յորդ  կերպով մը, լեզուական, պատմագիտական, ընկերաբանական, զարգացական մեծ ձգտումները 1850-ի մարդոց: Բայց ունի նաեւ ատոնցմէ աւելին։ Աղաթօնի թերթը (Հայաստան) մտքէն իսկ պիտի չանցընէ թարգմանածոյ անգամ վէպ մատուցանել իր ընթերցողներուն, ուր մնաց՝ ինքնագիր վէպ մը հանդուրժել։ Աշուշտ դիւրին չէ ստեղծագործ ձգտումը սեպհականութիւն մը դարձնել Հիսարեանին, բայց նոյնքան ստոյգ է որ երկրորդ ինքնագիր հայ վէպը գտնելու համար (անցնելով Էլիզային Հայկունի վրայէն, առանց կանգ առնելու, մենք պիտի քալենք ժամանակն ի վեր, աւելի քան քառորդ դար (1885-ին Զօհրապի Անհետացած Սերունդ մը վէպը)։ Բանասէր, այս իսկ հանգամանքով կը պարզէ նկարագիր մը որ հաղորդ ըլլալով հանդերձ Զարթօնքի մտադրութեանց ընդհանուր միջինին, աւելի է անոնցմէ գրական ալ ցանկութիւններով։ Աւելի անդին ես կը դատեմ Խոսրով ու Մաքրուհին իբր վէպ

Յետոյ պարտաւոր եմ հոս յիշել իր շատ չերեւալը, աւելի ճիշտ ախորժ չառնելը գործունէութեան այն կերպերէն որոնք իր սերունդին համար այնքան յատկանշական, այնքան ընթացիկ կը ներկայանան, մանաւանդ երբ դիտուին քիչիկ մը հեռուէն: Շատ չենք հանդիպիր իր անունին, սահմանադրական պայքարներուն մէջ։ Թատրոն մը չէ ճամարտակած, նմանելու համար գոնէ… Սրուանձտեանց Գարեգինին (Շուշանն Շաւարշանայ) կամ Թովմաս Թէրզեանին: Եթէ զիջած է իր դիւանը հրատարակելու, ապահովաբար ըրած է այդ տրտմութիւնը, հպատակելու համար շրջանին քնարերգական մոլուցքին (Դուրեանին եւ Պէշիկթաշլեանին, Չերազին եւ Եղիային փառքերը կ՚ամրանան… ոտանաւորով)։ Բայց ատկէ առաջ անիկա հրատարակած է Journal Asiatiqueը (1858) հայերէնի բաժինով մը։ Այս փոքր մանրամասնութիւնը եթէ ազատագրէք տպագրական, ըսել կ՚ուզեմ՝ գործնական մտահոգութիւններէ, թերեւս կը դառնայ Հիսարեանի իմացական ընդունակութեանց մասին բաւարար փաստ։ Իր բազմաթիւ ճամփորդութիւնները Թուրքիա, Կովկաս, Եւրոպա բոլորն ալ գիտական շատ չոր, շատ լուրջ նպատակներով, իր հոյակապ որակուած բայց լոյս չտեսած հատորը (բեւեռագրային արձանագրութեանց հաւաքածոյ) կը վկայեն թէ գրագէտին չափ անխառն գիտունը իրական էր այս մարդուն մէջ։

Անշուշտ Բանասէրը Հիւսիսափայլ մը չէ, գրականութիւն մը, իմացական մեծ ատարած շարժում մը սկսող ու զայն մեծ ուժգնութեամբ մը առաջ վարող, քանի որ Յովհաննէս Հիսարեան ըսուած զգօն, իմաստուն, շրջահայեաց շուկացին, տուներու մէջ պատուակալ դասատուն, մեծահարուստներու եւ ամիրաներու շուրջը իր մտաւորականի դիրքը պահելու մէջ որոշ ճարտարութիւն, հաւասարակշռութեան զգայարանք պարզող տիպարը հեռուէն իսկ բաղդատելի չէ ան միւսին որ կը կոչուի Միքայել Նալպանտեան, բոլորովին ներհակ շնորհներու հանդէս մը ասիկա: Հիսարեանի թերթին մէջ օտար ըլլալով կան Տէրոյենցը Յ. Հ. ստորագրութեամբ, Գրիգոր Օտեան պատանին, Մ. Պ. ստորագրութեամբ հաւանաբար Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանը (որմէ քերթուած մը՝ Եւփիմէ, սեռին մէջն է Պէշիկթաշլեանի քնարական իրագործումներուն ոգի, նիւթ, թէքնիկ, բառարան, բոլորը շեշտօրէն կը թելադրեն սկսնակ քերթողը Յետին Հառաչքին, բայց որ մուտք չէ ունեցած Տաղք եւ  Թատրերգութիւնքին մէջ, հաւանաբար անչափահաս տիոց երկունք նկատուելուն), Ս. Հ. ստորագրութիւն մը, հաւանաբար՝ Սրապիոն Հեքիմեանը եւ ուրիշ քանի մը մանր մունր անուններ: Այս ճշտումները կը հետապնդեն սակայն ճիգ մը, հասկնալու՝ այս երիտասարդին քանքարաւոր ինչպէս պատրաստուած մեկուսացումը իր սերունդին։ Իրեն շնորհուած տարիները Յովհաննէս Հիսարեան պիտի գործածէ այդ մեկուսացումը ընելու աւելի արմատական, չըսելու  համար բացարձակ: Չեմ կրնար այս հանգամանքը բխում մը ընդունիլ խառնուածքի, պարզ այն պատճառով որ հանդէս մը խմբագրելը ձեռնարկութիւն մըն է՝ պայմանաւոր ամէնէն առաջ լայն հաղորդականութեամբ մը։

Ապահովաբար բծախնդիր, ինքնասոյզ, գիտական շատ շեշտուած հակումներով հանդերձուած մարդ մըն էր, ինչպէս արդէն կը թելադրեն իր Դիւանին քերթուածները որոնք թէ եւ տաղաչափութիւն, բայց կը շօչափեն ԺԸ. դարու շատ համբաւեալ քնարական ուսուցանող բանաստեղծութեան սիրական նիւթերը, ըլլալով խրատ, բարոյախօսութիւն, առանց հռետորութեան ու առանց լեզուական զարդարանքի։ Այս կղզիացումը կամաւոր թէ բռնադիր ազդա՞ծ է իր ստեղծումներուն

Իր երկրորդ վէպը՝ Նեռն կամ կատարած Աշխարհի, չեմ տեսած։ Բայց գիտեմ որ անցած է աննշմար: Կարելի չեղաւ օրինակը ունենալ: Իր ամէնէն խնամեալ գործին անտիպ մնալն ալ՝ ուրիշ պատմութիւն։ Հրանդ Ասատուր որ ապահով մարդ մըն է, կը վկայէ թէ Հիսարեան հետեւած էր Արեւմտահայ գրական շարժումին մինչեւ Զօհրապի Մասիսներուն տարին, որով աւելորդ տագնապ մը կը ստեղծէ իմ մտքին իր անարգաւանդ կէս դարը կշռելու արարքիս համար։ Դարձեալ Նէռն վէպը Հրանդ Ասատուր կը յայտարարէ գրաբարախառն ոճով գրուած։ 1851-ի Խոսրով եւ Մաքրուհին, առնուազն բարիքը կ՚ընէ արեւմտահայ բարբառը, իր սկզբնական պարզութեան եւ թարմութեան մէջ գործածելու ճշմարիտ գրական սեռի մը մէջ։ 1885-ի յետաշրջութիւնը (գրաբարախառն մոլուցքը Օտեաններու, Գարագաշներու) երբ կը զգացնէ այս յստակ միտքը, իր կարգին կ՚ըլլայ դժբախտութիւն մը, զոր անտեղի չէ մատնանիշ ընել ոչ թէ միայն ճաշակի իբր պարզ խաթարում, այլ եւ գրական ստեղծումը դժուարացնող, ամլացնող հիւանդութիւն: Յովհաննէս Հիսարեան լեզու պիտի հետապնդէ, գրականութիւն ընելու տեղ։ Ու ասիկա դժնդակ հաստատում մըն է հոս։ 

Բանասէրը իբր ձգտում ու իրագործում՝ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ չի կրնար գրաւել տրուածէն աւելի ուշադրութիւն։ Մեր լրագրութեան պատմութիւնը անով պարտաւոր է խանդավառուիլ սակայն, այն գլխաւոր փաստին պատճառով որ իր գոյութիւնն է, հպարտ ու առանձնակի, ընելու համար սպասը իր ժամանակէն անդին նայող գրական հասկացողութեան մը։ Անշուշտ, իր ետին ոչ ոք, ոչ մէկ խումբի նպաստ կամ համակրութիւնը ապահոված այս ձեռնարկը, իր այդ իսկ հանգամանքով, թէեւ սրտապնդիչ, պիտի մնար անբաւարար, արդարացնելու իմ զիջումը, ընդհանուր արդիւնքներու սա հանդէսին մէջ որուն արտայայտութիւնը ըլլալ կը հետապնդէ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը: Ու չեմ զարներ քննութեան հրապարակագրին պատրաստութիւնը, իր ժամանակին զգայարանքը իրացուցած ըլլալու պարտականութիւնը, իր իմացական կացութիւնը, իր առաքելական տրամադրութիւնները: Կա՞ր Հիսարեանին մէջ կորիզը ի ծնէ լրագրողին: Է՞ր աս երիտասարդը ազնուական, անզիջող գրագէտ. հաստատ ու հաւատաւոր, իր ձգտումներուն իրագործումը հետամտող մտքի արի բանուոր։ Բոլոր այս հարցականները կ՚այցելեն ինծի, առանց վճռական ճնշումի։ Ի՛նչ որ այս ամէնուն փշրանքները խնամքով օգտագործող ի ծնէ միջակ միտք մը պիտի յաջողի իրագործել, անցնելով Մասիսի խմբագրումին (1852), թելադրութիւն մը եւ փաստ մը կը կազմէ նոյն ատեն մարդոց արժանիքներէն: Իւթիւճեան իր շուկացիի խելքէն դուրս իմացական մարզին վրայ ուշագրաւ ոչ մէկ ընդունակութիւն կը պարզէ: Բայց իր թերթը կը դիմանայ: Հիսարեանին թերթը պարկեշտ եղաւ գոնէ տարին լրացնելու չափ, չընմանելով Ոսկանի Արեւմուտքին, Արեւելքին որոնք կէս շրջանի իսկ չհասան եւ կամ տասնեակներով այդ ժամանակի միւս հանդէսներուն որոնց համար ճահաւոր է յիշել Աւետարանին պատկերաւոր խօսքը «ընդ ծնանելն չորացան…»։ Իր ժամանակի ամէնէն գործօն ու պատրաստուած մարդերէն Զօրայեանի, Ռուսինեանի, Աղաթօնի, Կրճիկեանի, Սերվիչէնի անուններուն պակասը այդ հանդէսին մէջ չեմ մեծցներ, բայց չեմ ալ ձգեր աննշմար։ Ըսի քիչ վերը թէ պարբերական հրատարակութիւն մը համամիտ մարդոց ժամադրավայր մըն է, առանց այլեւայլի: Ի՞նչն էր որ կը զատէր Հիսարեանը այդ երիտասարդութեան ընդհանուր ձգտումներին: Եթէ երբեք հետեւինք Հիսարեանի կեանքին մնացեալ շրջաններուն, պիտի փորձուինք յարմարցնել ոչ թէ հաւաստի պատասխան մը, գէթ պիտի՛ կարծենք հասկանալ թէ իր նկարագրին (իմացական առաւելապէս) բխումն իսկ էր սա հանգամանքը: Հիսարեան գրեթէ նոյն գաղափարները կը պաշտպանէ որոնց համար Զօրայեան մեծ գրագէտի համբաւ մը կը լաստակերտէ: Հիսարեան հետամուտ է գրական, պատմական այն մշակումներուն որոնց շնորհիւ Ալիշան աւելի շքեղ փառք մը լաստակերտեց։ Վեցհազարեակ Յայտնեալը որ Բանասէրին գրեթե բոլոր թիւերուն մէջ լայն էջեր կը գրաւէ, անշուշտ աւելի պարկեշտ աշխատանք մըն է քան Ալիշանի Հին հաւատք հայոցը։ Այն ատե՞ն: Ո՞ւր է լուծումը  Հիսարեանի վրիպանքին, վասնզի պարտաւոր եմ ըսել որ այդ անունը եւ ատկէ մեզի եկած գործը դժուար է ձգել ուրիշ որակումի մը ներքեւ: Այս փաստը կ՚ըլլայ անով աւելի ծանրակշիռ որ 1900էն վերջն ալ այս մարդը չէ յուսահատած մուսաներու դարպասէն: Եկան ու անցան մեր Ռոմանթիկները, Իրապաշտները, Արուեստագէտները իրեն հետ, իրմէ վերջ ու ինք մնաց իր մռայլութիւնը զգուշութեամբ, լրջութեամբ շուրջառած, իր փառասիրութիւններուն ամրօրէն փաթթուած, բայց ատոնց սիրոյն տեղէն թիզ մը իսկ չշարժած, գրողի շատ բացառիկ իր ճակատագիրը միայն իրագործելով

Կուգամ այն գլխաւոր փաստին որ զիս զինաթափ է ըրած, պարտադրելով Ինծի անխուսափելի զիջում մը. Ատիկա Խոսրով եւ Մաքրուհի վէպն է: Անշուշտ միամիտ չեմ անոր անդրանկութիւնը արժեւորելու աւելի քան իր իրաւունքը, ոչ ալ այդ գործին համար Հիսարեանի համարումը (1869-ին զայն ֆրանսերէնի թարգմանող փառասիրութիւնը բաւական պերճախօս է ինքնին) մեկնակէտ ընդունիլ։ Բայց կը լրջանամ պատկերին դիմաց մատաղատի երիտասարդի մը որ միս մինակը ինքզինքը կարձակէ իրեն անծանօթ ջուրերու խորհուրդին ու կը գրէ իր վէպը։ 

Ահա գործը։ Անիկա պատմութիւնն է սիրային պատահարի մը, ուր Վէրթէրը, Պօղ եւ Վերգինէն, Գորինը, Նուվէլ Էլօյիզը, Մաթըլտը, Ռաֆայէլը, Քլարիսը, Աթալան, այսինքն բոլոր անուանի ռոմանթիկ վէպերը դրած են մէյ մէկ քիչ բան, որպէսզի կերպարանուի այդ ութը-տասը պրակնոց կառոյցը: Մաքրուհի աղջիկն է Տիգրանի մը որ զայն ունեցած է եգիպտացի Ռիզա պէյի կնոջմէն։ Խոսրով մանչն է Սոֆիայի, Տիգրանի օրինաւոր կինը, անիկա՝ որ Ռիզա պէյի կողմէ բռնի տարուած է իր տունը եւ այդ յարաբերութենէն աշխարհ է բերած այդ մանչը՝ Հիսարեան այսպէս յարդարելէ յետոյ երկու հերոսներուն ծնունդը, կը յարդարէ ոճիրը որ ԺԹ. դարու սկիզբները մեզի շատ տարօրինակ չի թուիր, բայց կ՚անցնի ընդունելի իրականութեան ալ սահմանները։ Ռիզա կը սպաննէ երկու կիները, կը նետէ ասոնց դիակները Ֆէնէր–Պահչէի (Պոլսոյ ասիական եզերքին վրայ հրուանդան մը) բացերը, իրենց կուրծքերուն դրած իրենց զաւակները՝ Խոսրովն ու Մաքրուհին: Հէքիա՞թ. Ինչո՞ւ չէ: Այդ արեւելքը նոր չէ որ ծնունդ կուտայ այս կարգի հեքիաթներու: Կու տամ բնագրէն մաս մը.  

«… Ինը ամիս այս պատահարէն ետքը, ձկնորս մը առտուան արշալոյսին Ֆէնէր– Պահչէի ծովեզերքը ելլելով, աւազին վրայ պառկած երկու կնկան դիակներ գտաւ…:

Երկուքն ալ ճերմակ վարշամակներու մէջ պատած. իրենց դէմքովը եւ պատանքին զարդարուն մաքրութեամբը, աւելի ազնուականութիւն կը յայտնէին քան թէ աղքատութիւն։

Երկուքին գիրկն ալ մէյ մէկ մատաղ երախայներ, նոյնպէս ճերմակ փաթթոցներու մէջ ծրարած, որոնք իբր թէ իրենց մայրը յաւիտենական քնէն չարթնցնելու համար, անմեղ լռութեամբ կը ննջէին

Ձկնորսը կանանց վրայ նշան մը չի կրցաւ գտնել որ ո՛վ կամ ինչ դժբախտութեան զոհ ըլլալնին իրեն իմացնէ, միայն երախային մէկուն կուրծքին վրայ զմռած թուղթ մը գտաւ, ու երկուքին վզէն ալ կախուած երկու ոսկի մահիկ տեսաւ զատ խորագիրներով, ասանկ

Սոֆիային որդին,
Խայրիյէին աղջիկը».

(Բանասէր, էջ 406–407)։

Ձկնորսը պիտի վազէ տունը Տիգրանին որ կը ճանչնայ իր՝ կինն ու սիրուհին՝ այդ դիակներուն վրայ, եւ պիտի նուաղի։ Յետոյ դիակները պիտի թաղէ տեղին վրայ, ամարանոց մըն ալ կառուցանելով, ծածկելու ասոնց շիրիմները։ Տղաքը պիտի մկրտէ: Խոսրովը պիտի ղրկուի Եգիպտոս, բարեկամի մը։ Մաքրուհին պիտի մնայ իրեն, դայեակի մը խնամքովը։ 

Վէպը կը բացուի Մաքրուհին հասունութեանը վրայ՝ Բնութեան եւ արուեստին բոլոր շնորհներովը գեղակերտուած այդ աղջիկը իրենց պարտէզին մէջ ներկայ է ալեկոծութեան մը ուր առագաստանաւ մը կը բախի եզերքին ու կը փշրուի: Երկու  նաւաստի հրաշքով կ՚ազատին, իյնալու համար Մաքրուհիին պարտէզը։ Այս նաւաստիներէն մէկն է Խոսրովը, Եգիպտոս մեծցած, առոյգ երիտասարդ, որ պիտի գայ իր նաւը խորտակելու իր քրոջը պարտէզին առջեւ ու պիտի խնամուի, առանց աղջկան կողմէ որ եւ է ծանօթութեան այդ հեռու անցեալէն, պիտի ազատի մահուընէ ու՝ պիտի իյնայ սիրահար զինքը խնամող աղջկան

Հէքիաթը հոս կանգ չառներ սակայն: Էջերով վերլուծում կեանքի, սիրոյ, մահուան վրայ, կնոջական թեթեւ ու տժգոյն քմայքներ որոնք յուսահատութեան կը մղեն երիտասարդը, որ կրկին ծով կ՚ելլէ մոռնալու համար իր տառապանքը: Իր երկու օր աներեւութացումը կախարդական այդ վիլլայէն Մաքրուհին  կ՚ընէ գիտակից իր ալ զգացումներուն: Ու ահա խելակորոյս կը թափառի ծովեզերքը որպէսզի ալիքներէն բռնավար քշուի դէպի բացերը, առիթ տալու համար այս անգամ Խոսրովին զինքը ջուրէն ազատելու: Ան ալ նաւով իր ցաւը կը պտտցնէր Պոլսոյ բացերը։

Կը հետեւի հասկնալի եզրակացութիւնը: Երկու սիրահարները իրենց հօրը կը պարզեն իրենց սրտին պատկերը: Խելակորոյս հայրը ստիպուած է այդ զոյգին պատմելու վաւերական պատմութիւնները իրենց ծնունդներուն։ Արդիւնքը՝ կործանումը երեքին ալ:

Այսպէս ամփոփուած այս պատմումը կը թուի հազար ու մէկ գիշերներէ վերցուած առասպել մը։ Հիսարեան կարդացած էր գէթ այն վէպերը որոնց յիշատակութիւնը կ՚ընէ իր վէպին մէջ եւ որոնցմով կը յօրինէ հոգին իր Մաքրուհիին: Ինչո՞ւ իրականութեան զգայարանքը այնքան նախնական ըլլար իր մօտ, մինչ Բանասէրին բովանդակութիւնը առաւել քան իրական կը հանդիսանայ մեզի այսօր երբ կշռենք իր հանդէսը։ Ինչո՞ւ մարդերը տարուին այդքան ռոմանթիկ կացութիւններու, երբ շատ իրաւ, հաստատ երիտասարդ մըն էր անոնք յարդարողը իր կարգին, թէեւ պտոյտներու հետամուտ, բայց միշտ գործնական նպատակներու վրայ, երբեք արկածախնդրական ցանկութիւններէ բռնավար։ Ինչո՞ւ, այնքան իրաւ այդ երիտասարդ վիպողը այն քան սուտ մարդեր ըլլայ ստիպուած յօրինելու: Շատ կ՚երկարի այս հարցականներուն թիւը: Ու աժան հերոսութիւն՝ այս ամէնուն ճարել կախարդ պատասխան մը` ռոմանթիզմը: Հիսարեան կը ճանչնայ Պալզագը, Ժoրժ-Սանը, Ռուսօն, Պերնանդէ Սեն Բիեռը, Շաթոպրիանը որոնց ռոմանթիզմը մարդոց հոգիներուն խորքով է որ կը զարգանալ, եւ ոչ թէ՝ Հիսարեանի մօտ եղածին նման, իրողութեանց ալեկոծ շրջումներով, բռնաբարումներով։ Վէպ մը կառուցանելու մէջ սա ֆանթասթիք երեւակայութիւնը մաս կը կազմէ՞ր Հիսարեանի տաղանդին յատկանիշներուն: Իր հերոսուհին կ՚ախորժի խորհրդածելէ: Կ՚ընդունինք որ Հիսարեան մտածման հանդէպ միշտ ցոյց է տուած շատ զօրաւոր հակումներ: Իր հերոսը, հայածնունդ Եգիպտացի, զաւակն է նոյն ատեն ազատ, վայրի բնութեան, անապատին ու ծովուն: Սրտոտ, յանդուգն, հրապոյրներով հարուստ ու նոյն ատեն մահուան համար յարդարուն: Չենք կրնար հաշտուիլ այս երկուքին իրականութեան, հակառակ անոր որ վէպին մէջ տիրական իրաւ դէմքը, Եգիպտաgի Ռիզա պեյը որ նոյն ատեն կը վարէ գործողութեան թաքուն  զսպանակումը, ըլլայ կատարեալ յաջողուածք մը, այդքան անբնականութեանց մէջ ինքզինքը իբրեւ բնական մեզի պարտադրող: Կուտամ դրուագ մը, այդ մարդը պատկերող, ինչպէս Հիսարեանի կարելիութիւններէն պատմող.  

«… Ռիզա պէյ անուամբ Մամլուքներու գլխաւորներէն մէկը Կոստանդնուպոլիս փախած կը բնակէր

Աս մարդը Եգիպտոսի փաշաներուն դէմ կռուի մէջ ծերացեր էր, շատ յաղթութիւններ վաստկեր, շատ թշնամւոյ արիւն թափեր էր, որոնց մէջ քանի մը կուսակալներ ալ, եւ որոնց ահն ու դողը եղած էր։ Դուռը՝ աս սարսափելի մարդուն գլխէն գալու ուրիշ ճար մը չի գտնալով, զօրաւոր բանակ մը խաւրեց անոր դէմ, միանգամայն հրովարտակ մըն ալ հանելով, որն որ գլուխը կաշառքի կը դնէր քսան հազար տոպրակ ոսկւոյ: Այսպիսի վարձք մը Ռիզա պէյին ընկերներուն շահասիրութիւնը դրդելով, երեք անգամ զինքը մեռցնելու ելան. երեք անգամ ալ իր անձնական քաջութիւնը ան տիրասպան մատնիչներուն ձեռքէն զինքը ազատեց: Բայց վախը զինքը առնելով, ատանկ վատութեան մը զոհ չըլլալու համար, օր մը կանուխ իր ամբաւ հարստութեան ազնիւ նիւթերը հետն առած ու ծպտեալ, երկու ընկերներով, ձի հեծաւ, ինջաւ Աղեքսանդրիա ու նաւ մը մտնելով, հասաւ շիտակ Կոստանդնուպոլիս, ուր Մեքքէի ուխտաւորի անուամբ զինքը ճանչցընելով` խնդրեց Սուլթանին առջեւ ներկայանալու

Երբ թագաւորին ոտքը պագաւ,

Տէր, ըսաւ, ձեզի անհաշտ թշնամւոյ մը գլուխը բերեր եմ։

  Ի՞նչ կ՚ըսես,

Այո, Տէր արքայ։

Որո՞ւն գլուխն է

Ռիզա պէյին, պատասխանեց առանց այլայլութեան, անվեհեր արիութեամբ մը։ 

Ո՞ւր է նայիմ, հարցուց ուրախութեամբ թագաւորը, որպէսզի խոստացած վարձքս տամ

Ուսիս վրան է, Տէր արքայ, պատասխանեց խոնարհելով Ռիզա, որն որ ձեր արդար սրոյն կը յանձնեմ

Ապշեցաւ մնաց թագաւորը, ու պահ մը ան վիճակին մէջ, վերէն վար դիտելէն ետքը առջեւի քաջ հսկան, որ ատանկ վեհանձնական արհամարհութեամբ մը ինքզինքը թշնամւոյն ձեռքը կը` մատնէր

Ռիզա, ըսաւ, դուն սրտոտ ու գովելի մարդ մըն ես ապրիս, Ռիզա, քեզի պէս մարդէ երդում չեմ պահանջեր ասկէ ետեւ, ինծի հաւատարիմ մնալուդ, եւ կ՚ուրախանամ որ ըրած խոստմանս դուն՝ արժանացար

Մամլուքը արքային ոտքը պագաւ»։ 

(Բանասէր, էջ 359 –61)

ԺԸ. դարու մանր պատմումին սեռէն աս դրուագը հին քրոնիկներուն պարզութիւնը, շահեկանութիւնը ու հարազատ մարդկայնութիւնը այնքան մօտիկէն յիշեցնող, Հիսարեանի կարելիութիւնները մեզի ափսոսալ կուտայ գիրքին մնացեալ մասերուն մէջ այնքան անպէտ, անընդունելի կացութիւններուն, վերլուծումներուն անքաւելի մեղքին

Խոսրով եւ Մաքրուհի վէպը Արեւմտահայ գրականութեան մէջ սկիզբի մը առաւելութեան դէմ բեռնաւոր է ծանր թերութիւններով։ Ու յատկանշական պարագայ. նոյն այդ գրականութեան բոլոր ինքնագիր վէպերը, մինչեւ Անհետացած սերունդ մը-ին հրատարակումը, կը տառապին նոյն այդ թերութիւններով։ Ծերենցի վէպերը անշուշտ ունին աւելի յաջող դարձուածք, խնամեալ գործողութիւն բայց կնիքին տակն են իրականութիւնը զանցող՝ չըսելու համար արհամարհող մտայնութեան մը: Անոնց պատմական հանգամանքը ուրիշ ազդակ՝ այդ իրականութիւնը նուաճելու վճռական անկարողութեան: Կայ Սեւ Լերին Մարդը, դարձեալ մեղաւոր՝ իրականութիւնը այլանդակելու անըմբռնելի սանձարձակութեամբ մը: Պէտք կա՞յ հոս յիշելու Մայտան որ այս հիմնական թերութեան մէջ կը մեռնի գրեթէ։ Չեմ կարծեր որ Ծերենց, Մամուրեան, Տիւսաբ միայն ու միայն զոհն են իրենց ընթերցումներուն։ Բնական չէ՞ խորհիլ աւելի պարզ պատճառի մը որ այս անգամ տաղանդին տեսակարար յօրինուածքով է պայմանաւոր։ Հիսարեան ունի իր երկրորդ վէպը, առաջինէն մօտ քսան տարի վերջը լոյս տեսած։ Մամուրեան՝ Անգլիական Նամականին, Տիւսաբ` իր միւս վէպերը: Ծերենց՝ նմանապէս։ Ինծի կուգայ թէ վիպող տաղանդի սա խաթարումը, անշուշտ որոշ չափով հրապարակի ազդեցութիւն (թերթօնին կայսրութիւնն է Արեւմտահայ գրականութեան համար շրջանը որ կը սկսի 1850էն հասնելու համար 1890), արդիւնք է ամէնէն առաջ այդ մարդոց իսկ անբաւարարութեան: Մեր գրականութեան բախտէն որ ամէն գրիչ բռնող ինքզինքը ընդունակ նկատէ ամեն բան գրելու, ասոր շարքին վէպ ալ գրելու: 1860-ին մեր հասարակութիւնը մեր հեղինակներէն կ՚ուզէր երգ, թատերական գործեր, վէպ։ Մեր Ռոմանթիկները ըրին սպասը այդ ախորժակներուն . Դուրեանին համար աւանդութիւն մը կայ մեծ վէպ մը գրած ըլլալու, թէեւ կորսուած)։ Արդիւնքը որոշ էր առաջին երկու սեռերուն վրայ: Վէպի պահանջին գոյացումը մենք ըրինք թարգմանութեան դիմելով։ Օրաթերթեր, հանդէսներ, մասնաւոր ձեռնարկութիւններ (Տէտէեան տպարան, Իզմիր) գործակցաբար ողողեցին մեր անկազմ ճաշակը հեղեղին մէջը ամէնէն յիմար, մելոտրամային, անհեթեթ, վիպական ստեղծումները: Այս աղէտը կրնար կործանել արեւմտահայ վէպը: Իրապաշտներուն դէմ իմ երախտագիտութիւնը աւելի է քան սրտառուչ պարտքի մը հատուցումը: Արի, յանդուգն մարդեր, այդ տկլոր երիտասարդները որոնք Տիւմաներու, Հիւկոներու, Լամարթիններու մեծատարած փառքին դէմ խիզախեցին ու հիմը դրին հայ վէպին: Խոսրով եւ Մաքրուհին չի պատկանիր մեր գրականութեան իր ոչ իսկ մեղքերովը

Ըսի թէ չեմ տեսած Նեռն կամ կատարած Աշխարհի վէպը: Կը դիմեմ Յ. Գ. Մրմրեանի մէկ յօդուածին (Ոստան, Ա. Տարի, էջ 387–392) ուր Հիսարեանի ամբողջական դիմագծութեան եւ գործունէութեան շուրջ թռուցիկ տեղեկութեանց մէջ, կայ որոշ ընդարձակութեամբ գիտելիք այդ վէպին ներքին յօրինուածքէն, պարունակութենէն: Չեմ համարձակիր Մրմրեանի դատաստանները նկատի առնել լրջութեամբ, այն գլխաւոր փաստին համար որ դարձեալ այդ յօդուածին մէջ տիրական է, ատիկա՝ Հիսարեանի քերթողական վաստակին վրայ Մրմրեանի կշիռն է: Որ քան որ անուղիղ, չըսելու համար անպարկեշտ արարք մըն է ուրիշի վկայութիւնը օգտագործել ընդդէմ անոր հեղինակին, կ՚ընեմ անհրաժեշտ փոխառութիւնները, Հիսարեանի երկրորդ վէպը ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ որոշ ուրուագիրով մը ներկայացնելու

Մրմրեանի յօդուածէն ի յայտ կուգայ որ այդ Նեռնը առնուած է 1860-ի մեր բարքերէն։ Ասիկա անշուշտ առաքինութիւն մըն է։ 1850-ի վէպը, անունները փոխելով Մաթիլտի, Աթալայի, Տ՚արթանեանի, տէգոռն ալ փոխադրելով միջերկրականեան ափունք մը, Իտալիա կամ Հարաւային Ֆրանսա, առանց դժուարութեան կ՚անցնի այդ վայրերում ծնունդ ապրանք մը ինչպէս։ 1866-ին խորհիլ Բերային, հոն պարզուող տիրական անբարոյութեան, մեր ընտանիքին ներսը գոյաւորուած փտախտին ու ատոր դարման մը առաջարկել, հոգ չէ թէ յայտնութենական (գիրքին վերնագիրն ալ փաստ մըն է այդ ուղղութեամբ) միջոցներով, իրաւ որ արժանիք մըն է: Մրմրեան կը խօսի իր կարգին, խանդավառ զգացումներով հանդէպ հեղինակի մեթոտին (ինքն ալ գաղտնի գիտութեանց, հաւատքներու, աստուածատեսութեանց յամառ հետապնդող մը մնաց մինչեւ կեանքին վերջը)։ Կուտամ խօսքին թելը իրեն.

«… Մեր փիլիսոփայ հեղինակն ալ՝ այն ինչ ժամանած իր կատարելահասակութեան՝ սկզբան եւ կատարածի խնդիրներու մէջտեղ, իր ստոյիկ գաղափարներով ընդ երկար տարուբերելէ ետք, խորհրդաւոր ոստումով մը բիւրեղացած յայտնատեսութեամբ՝ այս գիրքին վիպական յատակին վրայ կը պարեցունէ, կ՚ելեկտրացանէ՝ Նեռնին, Մարգարէութեանց, աշխարհի կատարածին, Բերայի պիղծ, աւերիչ կենցաղին, Եէնիչէրէական տռամաներու եւ Յայտնութեան գիրքին վրայ խորհրդաւոր այնպիսի ցոլքեր ու մեհենագիրներ, որ ցայսօր դեռ չեն դրօշմուած հայ գիրով՝ կարծենք՝ բաց ի Յովհ. Տէրոյենցի Դիւաց Գոյութեան եւ Ս. Գրոց հրաշապատմութեանց վրայ գրուածներէն» (նոյն յօդուածը, էջ 388)։

Այս տողերուն թելադրանքը ա՛ն՝ որ Յ. Հիսարեանի վէպը այս անգամ ալ կը թուի զանցած ըլլալ իրականութիւնը, քանի որ նեռնը լուծելը սանկ հազար մը տարուայ ախորժակ է մեր գաղտնագէտ գրողներուն մօտ: Իմ տղայութեանը, մեր Տէրտէրն ալ թիւերով, հաշիներով կը գուշակէր աշխարհի կատարածը՝ Յայտնութեան գիրքը ձեռքը։ Այս տողերուն մէկ ուրիշ թելադրանքը դարձեալ ան որ Հիսարեանի վէպը ոչ միայն կը զանցէ կեանքին իրականութիւնը, այլ եւ կը զեղծանի կեանքին զեղծումը կազմող ուրիշ ալ կրթանքներով, որոնցմէ մէկն է գաղտնագիտութիւնը, գէթ այն ձեւով որ հասած է մինչեւ մեզի։ Հիսարեան Վեցհազարեակ Յայտնեալ իր գործով (Բանասէր) կ՚ապացուցանէր որ մատաղ տարիքին հակառակ, զայն հերքող չափով մը զբաղած էր այդ գիտութեամբ։ Նեռնը երբ կը դնէ նորէն կրկէս նոյն հարցերը, այս անգամ հաստատական բլանի մը վրայ, յայտնութիւն մը կը դառնայ ինքնաբերաբար:

Այս սկիզբը զիս կ՚ընէ վերապահ, կասկածոտ: Մրմրեան կուտայ գլուխներուն պարունակութիւնը։ ա) Նկարագիրը իր ծննդավայրին (Հիսարեան Ռումելի Հիսարցի է) այդ բերդաքաղաքներուն զուգորդ պատմական յեղափոխութիւններով եւ բ) Գոգ եւ Մագոգ «ուր Արեւմտեան Ասիոյ, Թաթարիստանի եւ Հայաստանի վրայ կը խորհրդագրուին հետաքրքրական բաներ»։ Մրմրեան կուտայ բնագիր ալ «թէ աւանդութիւնք Գոգ եւ Մագոգ անուանեն զխուժադուժ ազինս, ի ձեռին որոց պիտի կատարի այս երկրի աւերածը: Ի՛նչ եւ իցեն առասպելախառն կեղծիք որ  այս աւանդութեանց մէջ յօդեալ են, շատ ինչ է ճշմարիտ՝ զոր խոհական մտաց հնար է իմաստասիրել։ Հաւանական է թէ երկոտասան ազգքն Յայտնութան եւ Եօթանասունք Կուրանին եւ Տէրպէնտնամէին՝ ոչ այլ ինչ են բայց իսկապէս ճինկիզեան հրոսակքն որք ի Ժ. դարէ եւ այսր, ծագեալք ի լերանցն այնոցիկ, ասպատակեցին ընդ ոլորտս երկրի»։ (Նեռն, էջ 20)

Չեմ գիտեր ինչպէս հաշտեցնել այս նախնական իմաստութիւնը, գիտունի հաստատ վարկին հետ զոր Մրմրեան, Հիսարեանի անտիպ աշխատութիւնները, Բանասէրը, գրեթէ կ՚ապահովեն բայց զոր Նեռնի մէջ կը գտնենք այնքան վտանգուած, խախուտ, անապահով Հիսարեան ուրկէ ուր գաղտնի գիտութիւնններու, կասկածելի առասպելներու իր հակումները պիտի մտածէ վիպարկել, եթէ կը ներուի այս բառը։

Վէպին Գ. գլուխը նուիրուած է, միշտ ըստ Մրմրեանի, Սուլթան Սելիմի եւ Ենիչերիներուն: Քիչ պատմութիւն այնքան փշաքաղիչ է որքան Սելիմ Գ. կայսեր սպանութիւնը, վիզին չուանով, սալայատակէ սալայատակ քաշքշուած: Հիսարեան բուռն տեսարաններու ռոմանթիկ շահարկու մըն էր արդէն առաջին վէպին մէջ։։ 

Դ. գլուխը կը պատկերէ Ղազէզ Ամիրան։ Ե. ը՝ նուիրուած է Հեթումին որ վէպին մէկ կարեւոր հերոսն է: Զ. կուտայ Բերան, իր անհասկնալի բախտովը, «ամայութենէ գեղջուկ շէնութեան, ապա շռայլ զեղխութեան եւ անբարոյութեան ծայրակէտն հասած՝ մինչեւ 1810», Հիսարեանին տողերն են, «հասարակօրէն Բերայի այժմեան ընկերութեան մէջ սպրդեալ է դաս մը մարդկան՝ աստանդական եւ անվաւեր սերնդեամբ, որոց ոչ ազգ, ո՛չ հայրենիք ճշդիւ ծանօթ են որոց ոգիքն թուլացեալ ի հեղգութիւն մարմնոյն, զուրկ են ի գործոց բարութեան, կնամարդիք եւ հեշտասէրք, յոտից մինչեւ ի գլուխ թաթաւեալ ի շաղախ ախտից եւ ի շարաւ աղտեղութեանց»։ 

Մրմրեան, իր սովորական անկեդրոնութեամբը հոս կը ձգէ գիրքին պարունակութիւնը, շարայարօրէն մեզ մատուցանելու իր առնուազն պարկեշտ փոյթը ու կը փիլիսոփայէ: Կուտամ մաս մը բան ալ Հիսարեանի բնագիրէն. «… Ոչինչ նոր յաշխարհի  ի սկզբանէ եւ բիւրաւոր տարիներէ հետէ միշտ իւր առանցքին վրայ կը դառնայ, նոյն բեւեռեաց մէջ, նոյն շրջանն հոլովելով եւ նոյն յեղանակները վերածելով։ Գարունն միշտ ձմերայնոյ յաջորդէ, ձմեռն աշնան եւ աշուն ամարան: Արեգակն միշտ ծագէ յարեւելից եւ մտանէ ի մայրն իւր յարեւմտից։ Տապ տօթոյ  տեղայ յերկիր ի տուընջեան եւ ցօղ ի գիշերի։ Բնութիւնն կենագործեալ ի ջերմութենէ անտի, յետոյ հանգչի ի ծոց հեշտարար զովութեան ուստի սթափեալ զթմրութիւնն՝ դառնայ անդրէն ի վայելս վաղորդայնի։ Ամենայն ազգք եւ ազինք բնութեան նոյն հարկաց կը հետեւին, նոյն օրական գործողութիւնքն կը կատարեն, նոյն զգեստը կը հագուին, նոյն կերակուրը կ՚ուտեն, նոյն լեզուք կը խօսին յԱնտիլեանց մինչեւ ի Կարպատս, յԱյրարատայ յԱւստրալիա, եւ ի թւոյ երկու հազար լեզուաց եւ չորեքհազար բարբառոյ ոչ մի ուրիշէ ի միւսոյն, այլ Հնդիկն է Գերմանիկ, եւ Յունարէնն Հայերէն բառ առ բառ եւ ոչ թարգմանաբար…» կը խորհիմ թէ կը բաւէ:

Այս խօսքերուն լափալիսեան ճշմարտութիւնը անշուշտ ցաւ մըն է վէպի մը մէջ։ Բայց կ՚այցուիմ ուրիշ ալ վախէ մը: 1930-ին, դասախօս Մինասեան մը հեղինակը եղաւ դրութեան մը որուն հիմնական գաղափարն էր, աշխարհի քաղաքակրթութեան հայոցմէ սերած ըլլալը։ Մինասեան կատարելապէս իրաւունքն ունէր իր կարծիքին վրայ աշտանակած ապրելու: Բայց գտնուեցան հայ հանդէսներ որոնք այդ եղջերուաքաղը մատուցին մեր հասարակութեան։ 1860-ին Հիսարեան ուրիշ բան չէ ըրած: Մե՞ղքը։ Այդ բանդագուշանքը աւելորդ անգամ մըն ալ ծանրաբեռնելը վիպական յօրինման մը մէջ։ 

Չեմ արտօներ ինքզինքս աւելի յառաջանալու: Մրմրեանի էջերէն իմ մտքին յառնող իրականութիւնը թանձր, խճող, գէշ գրուած, գէշ մտածուած, քմայքներով դրուագուն գիրք մըն է, ուր վէպը, խորհրդածութիւնը, գաղտնի գիտութիւնները, պատմական իրողութիւնները, թերեւս բեւեռագրական նորութիւնները նետուած են մէկ քուրայի ու ստեղծած անհանդուրժելի խառնածին մը որ ոչ գիտութիւն է եւ ոչ գրականութիւն: Պարկեշտ եմ ետ դառնալու այս վճիռէն եթէ երբեք բախտը ինծի հասցնէ բնագիրը, հետը անշուշտ բաւարար հակափաստեր: Այնպէս ինչպէս որ է Արեւմտահայ գրականութեան երրորդ ինքնագիր վէպը (երկրորդն է Հայկունիի Էլիզան 1861-ին) դարձեալ չի կրնար պատկանիլ այս գրականութեան

Հիսարեան չափազանց՝ զօրաւոր կերպով մը կրած է Վենետիկի ազդեցութիւնը։ Այս մասին ոչ մէկ կասկած։ Իր հակումները ներդաշնակելու իր անկարողութիւնը վանական անճարակութիւն մը կը մատնէ, այնքան ակնբախ՝ որքան կը զգանք ատիկա Վենետիկի գրագէտներէն բոլորին համար ալ տիրական ձեւով մը իրաւ: Իր հնագիտական պրպտումները կուգան Ալիշանէն, հաւանաբար, ինչպէս՝ իր յիշատակարանային միամտութի՛ւնը՝ առասպելը պատմութեան փոխակերպելու: Վերի մէջբերումները բա՞ւ են արդեօք իր հնախօսական հաւաքումներուն լոյսէ զուրկ մնալը բացատրելու, քանի որ հսկայ ընկերութիւններ պատրաստ էին այդ շրջանին ու աւելի վերջերը այդ հաւաքումները հրատարակելու, եթէ երբեք անոնց մէջ կենար գիտականին պայմանը։ Մինաս Չերազ ալ հրատարակեց իր L'Orient inédit-ն ու իրեն վայլեցուց toupet-ն համաշխարհիկ լեզուաբանական դասախօսութեանց բեմ մը բարձրանալ, հոն քշելու համար հասարակ տեղիք։… Պարկեշտ սաստը որով դիմաւորուեցաւ Չերազի անպարկեշտ յաւակնութիւնը, Շահնազարեան վարժարանի գրասեղաններու վրայ ափափոյ ամբարուած սովորական ծանօթութիւնները միջազգային ատեանի մը առջեւ իբր նորութիւն եւ գիտութեան նպաստ արժեւորելու, հոս կ՚արձանագրեմ իբր դաս մը մեր բոլոր տոնքիշօթներուն: Հիսարեան դուրս չէ կարաւանէն։

Այն պարագային ուր Կատարած Աշխարhի վէպին ներքին իրականութիւնը ըլլայ առնուած մեր 1860-ի բարքերէն, մեզի համար թանկագին հատոր մը պիտի ըլլար անիկա, անշուշտ բոլորովին տարբեր արժանիքներով, բոլորովին օտար Մրմրեանէ հիացուած իմաստասիրական թոհուբոհային եօթնակառոյց Կալիմաթիայէն: Աւելի վերջը, ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը պիտի օգտագործէ շատ գէշ գրուած գործ մը, Ալաֆրանկան (Նար-Պէյի) իբր հում նիւթ այդ շրջանի բարքերէն, ու պիտի աշխատի այդ անճարակ խաղին կարելի բարիքովը հակակշռել պերճաբարբառ քերթողին անկանգնելի կորանքը Հայոց Գրականութեան մէջ։ Խելք ունեցող մարդ մը դիւրութեամբ պիտի ստկէր Հիսարեանի վէպին շաղակրատանքը, պահելով միայն մեր բարքերէն իր բերելիք հաստատ վկայութիւնները։ Չընդունեցի Խոսրով եւ Մաքրուհին ճիշտ այդ կարգի փորձի մը իր անընդունակութեանը պատճառով։ Անուններէն դուրս ոչինչով հայ է այդ վէպը: Նէռը աւելի՞ բախտաւոր: Փափաքս է ասիկա։ 

Կուգամ Հիսարեանի երրորդ կողմին, քերթողին։

Տրուած ըլլալով հեղինակին համեմատական մռայլութիւնը, ստիպուած կը զգամ ինքզինքս քանի մը նմոյշներով պատկերացնել այս բանաստեղծին հանգամանքները։ Այսպէս

ՄԱՔՐՈՒՀԻ

Մեռնիլ` նորափթիթ ի ծաղիկ հասակին
Մեռնիլ՝ ո՛չ յարեւեն խամրեալ գիշերազըւարճ,
Այլ վարդըն պուլպուլիկ ճըճեաւ սիրտըն կըրծած,
Մեռնիլ ո՛չ ճաշակեալ կենաց ամեն վայելքըն,
Երբ չորս կողմ ամեն յոյսք բոլորած կը խընդան,
Երբ աշխարհ թեւաբաց հրաւէր կուտայ գըրկին,
Երբ զուարթ աղջկունք պար առեալ կը խայտան.
Գառն hoտեն մոլորեալ զոր ի մահ կը քարշեն։
------------------------------------

Մեռնիլ… ո՜հ, գարուն չետես նա քըսան,
Դեռ հասակն այն ուռոյ չի ծըռեցաւ նըման,
Դեռ այտերն այն երանգ երբեք չի դալկացաւ,
Եւ համբուրից հրով չ՚երեցան շիկացեալ:
Զառագաստն ոսկեհուռ եւ զգիրկըն ամուսնոյ
Նա չ՚ետես եւ ոչ ճընշելով ի ծոցին,
Ըզմայրական սիրոյ ի ճակատ երեխին`
Դրոշմեաց ըզսուրբ կընիքն ի շըրթանց մայրենի։

---------------------------------------
Աչկունք ուներ նուաղ, աստղերու պէս տրտում
Շողեր արձըկելով ի մէջ գիշերին,
Ու երբեմըն գոհար կաթիլ մը արտասուք
Փայլած ան աչաց մէջ ուր լոյսըն բեկբեկեր
Նըմանին ի լիճ ուր խաղայ ծիածան,
Կամ ձիւնորակ ամպոց լի շոգւով մաքրափայլ,
Զոր հողմունք յանկարծիկ կը հանեն լուսնոյ դեմ 

Եւ ուր լոյս ծոցանայ զինչ արցունքն յարտեւանս…

եւայլն… 

(Բանասէր, էջ 477-78)

հատուածը ծնունդ է Ալիշանի, Միւսէի, Լամարթինի երիտասարդութեան, թէ իբրեւ խորք, թէ իբրեւ ձեւ: 1850-ին Հիսարեան քսանըհինգն ալ չէ մտած: Իր վէպին հերոսուհիին (Խոսրով եւ Մաքրուհի) վրայ սա ողբը օրուան ճաշակներուն մաս կը կազմէ, արդար ու հարազատ վայելչութեամբ մը: Եթէ ամբողջ բանաստեղծութեան մէջ մենք կը դժուարանանք իրաւ քերթող մը ողջունելու, բայց որոշապէս ալ կ՚այցուինք յիշուած անուններու վերյիշումներէն: Տարիք, զարգացում, խնամք պիտի կրնայի՞ն այս սկիզբէն պատրաստել առնուազն Եղիշէ Դուրեան անունով մեր գրականութեան մէջ յիշատակէ մը աւելի եղող բանաստեղծ մը, վասնզի երբ հասարակ տաղաչափը որ Եղիշէ Վարդապետ Դուրեանն էր 1890 էն առաջ, մեր գրականութեան ընդհանուր ոգիին թելադրանքին տակ 1900-ին պիտի այլակերպէ  ինքզինքը, ստեղծելու չափ Հովուական Սրնգին քանի մը շատ գեղեցիկ արժանիքները, ինչո՞ւ սա յայտնապէս օժտուած երիտասարդը որ Հիսարեան կը կոչուէր 1850-ին իսկ, պիտի մնայ աւելի դժբախտ ծերութիւն մը 1910-ին: Փա՞ստ: Կուտամ Դիւանէն (1911) քերթուած մը, վերցուած չորրորդ մասէն որ հեղինակին իսկ վկայութեամբը շարագրուած է 1900 էն վերջ։ 

ՌՈՍՏՈՄ

Ա

Պարսից առասպելաց ներկուռ աւանդապահ,
Քերթողահօրդ հայոց ոգի հոմերական,
Եւ դու Աւարայրին երգիչդ Եղիշայ,
Որ յոճ ատտիկեցի հեռուս մեղրածորան,
Դու եւս Եղծ աղանդոց ո՛վ եպերիչ անմահ,
Կողբացիդ, շընչեա՛ յիս զիմաստս քո եւ ըզբան.
Որ գիտակ ես Պարսից կեշտին որմիզդական
Եւ կըրկին ըսկըզբանըն, Բարւոյ եւ Չարի,
Ուստի՞ Որմիզդայ մուծաւ պաշտօն եւ Արհըման,
Զոր առաջին դենդեց մոգուց Խարամունի
Եւ մեծ օրհնուսոյցըն զըրադաշտական,
Ի գիրըս զենտադրոշմ աւանդած է Մունի։

Ի՞նչ է բարին եւ չար, կամ ո՞ր է այն որիշ,
Ո՞վ է մարդ որ գիտի առնել զայն մատնանիշ,
Եւ ի՞նչ է մարդն ինքնին եթե ոչ մի զանգուած
Չարին խառն ընդ Բարւոյ եւ անկատար վիժած,
Եւ որ այսրին եւ աստ բարին է առժամայն
Ո՞չ ապաքեն է չար այլուր կամ վաղորդայն։ 

Ի՞նչ է տարբերութիւն ընդ այնըմ որ հազար՝
Ուներ hoտս արջառոյ եւ տաւար անհամար,
Որն որ կընոջ այրւոյ մեկ գառին ցանկացաւ
Եւ զայն յափըշտակեաց զիրկանա եւ անպարտ,
Եւ ընդ արենախանձ գոռոզին Պռնաբարդ,
Որ սըփռեց դիակամբ զերկիր մինչ ի Մոսկաւ:
Ի վայրիս դալարւոջ յորում, խառն ընդ բանջար՝
Կը բուսնին եւ որոմն եւ դըժնիկ չարաչար
Ոմանք կ՚ընկողմանին վարդին վրայ քնքում,
Այլոց ձեռք կը քաղեն միայն տատասկ եւ փուշ,
Ոմանց ի ծիրանիս է ծնունդ եւ մահն այլ,
Այլոց ամենայն ինչ է պտուղ արգիլեալ։ 

(Դիւան, էջ 223-24)

Ընթերցողը կը հրաւիրեմ երկու արտագրումները իրարմէ բաժնող ժամանակը վերածել իր քանի մը գլխաւոր արտադրիչներուն, այսինքն ուղիղ երեք սերունդի հոգեխառնութեան, ասոնց իմացական տագնապներուն, իր ժողովուրդին ալ ապրումներուն, ու կենալ Հիսարեանի Դիւանին հանդէպ քիչիկ մը տրտում, մտամոլոր ու հարցնել իւրովի թէ ո՞վ կայ այդ տողերուն ետին

Անշուշտ առաջին արտագրումը երիտասարդութիւնն է գոյնի, ձեւի, յոյզի արշալոյսը որ կը հովանաւորէ Մաքրուհի ողջերգը: Անշուշտ այդ քանի մը տուները ճաշակ մըն ալ կուտան այդ երիտասարդին հոգեկան վայելքներէն ինչպէս գրչի ճկունութենէն: Բայց կա՞յ արդեօք, այդ 1850-ին, Եւրոպա ընող (Մուրատ-Ռաֆայէլեանի միջնորդութեամբը) օժտուած երիտասարդ մը որ ըլլայ անատակ այդ կաղապարէ ողբ մը շարագրելու (գործածելու համար Հիսարեանի յատուկ բացատրութիւն մը)։ Կարապետ Գարագաշ, Տոգթօր Սեւեան, իրենց կարգին Հիսարեանի նման տող չափողներ են: Յակոբ Ոսկանը որոշ ալ շնորհք է պարզած քանի մը քառեակներու մէջ։ Ան որով կը զատուի իրաւ, բնածնունդ քերթողը յօրինեալէն, այն անտարազելի բանը որով միեւնոյն բառերէն Պետրոս Դուրեան մը անմահ գլուխգործոց մը կը ստեղծէ, եւ Նար-Պէյ՝ հասարակ տեղիք մը, այսինքն բուն իսկ բանաստեղծութիւնը պակսած է Հիսարեան երիտասարդին:, 

Անշուշտ երկրորդ արտագրումը` Ռոստոմ, ծանրագնաց, խոհուն, հաստատ շարք մըն է տողերու որոնց մէջ բառերը զուսպ են, կը մնան կապուած իրարու տրամաբանական բարիքով, կ՚արտայայտեն իմաստ եւ իմաստութիւն: Կա՞յ, 1910-ին, այս անգամ Եւրոպա չըրած բայց իր լեզուն գրել սորված վարժապետ մը որ ըլլայ անընդունակ այդ գիծ է, կարկառէ տողեր, տուներ, լման քերթուածներ շարագրելու: Չեմ կարծեր: Այն ատե՞ն: Յովհաննէս Հիսարեանի Դիւանը Այգեկո՞ւթք մըն է (Փանոսեան), Արշալոյսէն Վերջալո՞յս մը (Սէթեան), եւ կամ Վարդ եւ Շուշա՞ն մը (ոչ Դուրեանինը, այլ անանուանելի վարժապետէ մը հրատարակուած տաղարան մը)։ 

Կ՚ընեմ՝ կարելի զիջումը այդ անկնիք, անինքնատիպ տաղարանին ճարելու համար՝ եթէ ոչ անճարելի արժանիքը իրաւ որով եւ անառարկելի բանաստեղծութեան, այլ արդարացնելու  համար կորանք մը որուն պատասխանատուութիւնը լաւ է որ չփնտռենք։ Հիսարեան ոչ ոքէ հրահանգ, հրաւէր է ստացած անշուշտ իր տաղերը ստեղծագործելու, ու կը հաւատամ, ամէնէն քիչ՝ իր իսկ տաղանդէն։ Բայց Հիսարեան իր պատանութեան սորված է անմոռանալի մեղքեր: Անիկա զմայլագին տեսած է, կ՚ենթադրեմ, մարդեր, Մուրատ-Ռաֆայէլեանի մէջ, որոնք, իր վարժապետները, առտուն կանուխ դասարան կը մտնէին, քերթուածի մը էջերը խնամքով արձակած, նոյն գիշերուան իսկ ծնունդ: Ատոնց մէջ իր վարժապետները, ով գիտէ ինչ հեշտանքով կ՚երգէին Սոխակին Մահը, այսինչ Ծաղիկին Նկարագիրը, այնինչ Հերոսին Ողբը, այս ու այն Լուսնկաներուն litanie-ն ու նմանօրինակ հարիւրաւոր իրողութիւններ, բոլորն ալ խորունկ հիացումով մը դիմաւորուած, նախ տղոցմէն, յետոյ մեր հասարակութենէն։ Ու բնական հետեւութեամբ մը, օժտուած պատանիի անոր միտքը պիտի նկրտի նոյն այդ կրթանքին ու պիտի նմանի իր վարպետներուն։ Մնաց որ Վենետիկցիները իրենց ուսանողներուն բոլորին ալ խնամքով կ՚աւանդեն, մինչեւ այսօր, տաղաչափութեան կանոններուն ուսումը, կ՚ենթարկեն փորձի անոնց գրիչները՝ «չափաբերեալ» տողերու մարզանքին համար։ Առանց չարութեան է որ ընթացք կուտամ այս մտածումներուն: Հիսարեան դպրոցին մէջ բանաստեղծ յօրինուած դժբախտ տղայ մըն էր

Յետոյ, ըլլալու համար ան ինչ որ անիկա տեսաւ իր վարպետներէն, չերկրորդեց ստրկարար։ Ուսուցողական, բարոյախօսական գռեհիկ ոտանաւորը Վենետիկեան աբբաներուն գրիչին  տակ իր մեղքերը կը յաւակնէր ծածկել լեզուական հռետորութեամբ մը։ Գրաբարին բոլոր ծիրանեփառ զարդարանքը, ձայնական հեշտանքները, քերականական խորախորհո՞ւրդ նազանքները կը փութային այդ չափուած հասարակ խօսքերուն հայթայթել մուրացիկ ազնուականութիւն մը, վայելչութիւն մը, կրկնապէս վտանգելով անոնց մարդկային տարողութիւնը: Այս ճիգին ապացուցումը դուք կը գտնէք Նուագք հատորներու ամէն մէկ էջին վրայ: Հիսարեան եղած է պարկեշտ, մէկը կրնար աւելցընել անատակ, արդիւնքին մէջ բան պիտի չփոխուէր հասարակ խօսքը պահելու իր անզարդ մերկութեանը մէջ։ Հոս է իր քաւութիւնը: Անիկա ըրած է Վենետիկցիներու բանաստեղծութիւնը, առանց հռետորութեան: Որքան բնական խաղ մը պիտի ըլլար իրեն համար Ալիշանի պերճ բարբառը զարնել իր դիւանին կտորներուն կառուցման։ Չէ ըրած այդ անբնականութիւնը, յիմարութիւնը, չեմ գիտեր ո՛ր մուսային թելադրանքովը։ 

Ուրի՞շ: Անշուշտ: Գիտուն մը, հնաբան մը, երկրախոյզ մը, բեւեռագէտ մը, արեւելեան լեզուներու եւ ազգագրութեանց հետամուտ պրպտող մը՝ նանրամիտ տաղաչափ մը մնալու սահմանուած մէկը չէր կրնար ըլլալ։ Ատ է թերեւս պատճառը որպէսզի ազգերու իմաստութեան փշրանքները, անոնց աւանդութենէն նկարագեղ պատառիկներ, անոնց փորձառութենէն գործնական դասեր խմորը տային իր յօրինումներուն: Մնաց որ բանաստեղծներու սա եղանակը քաղաքակիրթ Եւրոպան հեշտագին փորձեր էր լման դար մը (ԺԸ. ) համբաւը ոսկեզօծելով հարիւրաւոր մահկանացուները որոնք այլապէս պիտի ըլլային անհետ, աննշմար հեռացած աշխարհէն: Ի՞նչ է ան որ Բօբ, Վոլթէր, Տը Լիլ, Ֆլորիան, Լը Սաժ անուններով գրականութեանց պատմութիւնը կը գրաւէ մինչեւ այսօր եթէ ոչ Հիսարեանի ըրածը, անյաւակնոտ պարզութեամբ մը: Քի՞չ է թիւը ան միւսներուն ալ որոնք ԺԹ. դարուն, աւելի ընդարձակ համբաւներ դարձան, միշտ Հիսարեանի առաքինութիւններէն պաշտպանուած, այսինքն չափով պատմեցին docte, իմաստալից, բարոյակուռ առակներ, հեքիաթ: 1890-ին ամբողջ աշխարհ հիացումով կը լափէր քերթուածները Ֆրանսուա Քոբէի որմէ սիրած է նախընտրաբար ազդուիլ Հիսարեանի չափահաս Մուսան (երիտասարդին ախորժակներէն խօսեցայ), երբ մեզի կը պատմէ անուշիկ, նոյն իսկ համով, սրամիտ ալ բաներ: Ֆրանսուա Քոբէ քաւած է իր համբաւը, ասոր չափ մեծ, հաստ մոռացումով մը։ Այսպէս են քմայքները գրականութեան պատմութեան: Մեր հասարակութիւնը չեղաւ առատահատոյց, Հիսարեանի համբաւ մը հոյակերտելու չափ, ոչ իր իմաստուն բնազդներուն թելադրանքովը անշուշտ (անիկա ինչ շքեղ յիմարութեամբ մը պիտի դափնեպսակ փառաբանէր Կրտսեր Ռոմանթիկները, աւելի թշուառունակ Ալ փասլանները, յօրինելէ վերջ նոյն անտարազելի հոգեբանութեամբ մը հռչակները Ալիշաններու, Նար-Պէյներու եւայլն): Հիսարեանի խառնուածքը, հակումները թերեւս հեղինակն են սա փրկարար բարիքին: Բայց աւելի քան ստոյգ է որ գրական փառասիրութիւնը երբեք չէ լքած Յովհաննէս Հիսարեան անունին տակ պտտող ու իր հասակովը կէս դարը առատօրէն անցնող գործունէութիւնը: Խոսրով եւ Մաքրուհին ֆրանսերէնի վերածելը ունայնամտութի՞ւն, արդար հաւա՞տք։ Ի՞նչ գիտնամ։ Բայց Դիւանը արժանի նկատել երկրորդ ծնունդի մը, ան ալ շքեղ ալեւոյթի մը՝ հոգերուն ընդմէջէն, բան մը կ՚ապացուցանէ: Ու ճիշտ այդ է ահա որ կը դժուարանամ անուանել: Ի՞նչ էր այդ ոտանաւորներով փառասիրուած կէտ նպատակին, գործածելու համար հինցած բայց արդար բանաձեւ մը։ Գիտուն, իմաստուն, իմաստասէր, մասնագէտ, շատ լուրջ ախորժակներում սպասարկու այս միտքի մարդը անկարո՞ղ` հասկանալու պարզագոյն բանը սա մեր աշխարհին, տարբերութի՛ւնը տաղաչափութեան եւ հարազատ բանաստեղծութեան: Չեմ համարձակիր պատասխան մը առաջարկել, վախին մէջը Հիսարեանի ուրուականին որ կրնայ լքել  իր գերեզմանը ու գրաստներու վրայ բեռնաւորած ամբողջ ժողովուրդներու նոյնասեռ, նոյնոգի դիւանները, մեր ալ զոյգ  գրականութեանց տաղաչափեալ փառքերուն կտակները, զարնել իմ աշխատարանին դուռը եւ զայրագին զիս հրաւիրել, քարը, ժայռերը, բլուրները նախ թափելու այդ դէզին վրայ որ հաւանաբար դեռ կը մնայ անծածկելի, վերջը իր պզտիկ հատորիկը դատապարտելու իր գերեզմանումին

Դիւանին մէջ չունիմ նմոյշը ամբողջապէս յաջող որ եւ է քերթուածի։ Անոր մերժելէ վերջը հիմնական իր գոյապատճառը, զայն դնելով հանդերձ մեր տաղաչափութեան ընդհանուր դատապարտութեան նշաւակ, կը փորձուիմ ըսել քանի մը պարզ նկատողութիւններ: Ասոնք բարձր հանգանակներու (քերթողական) ծնունդը չեն, այն շատ ծանօթ իրողութեան սիրոյն որ հեղինակ մը կործանելը ինքնին անփառունակ պարտականութիւն մըն է, ու առ այդ խոշոր թնդանօթներու գործածութիւնը՝ տօնքիշօթական: Իր սերունդին մեղքերովը սնած մարդ մըն էր Հիսարեան։ Հաղորդ էր այդ սերունդին ամէնէն աւագ փառասիրութեան: Ապրեցաւ, ինչպէս ըրին իր ընկերները, հաւատալով իր ըրածին: Բայց նոյն ատեն ինքնակեդրոն, աւելի իրաւ փափաքներու մարդն էր անիկա։ Այս մասնայատկութենէն զերծ անուններ մեր Կրտսեր Ռոմանթիկները, Եղիան, Չերազը, մեր Իրապաշտ տաղաչափուհին, մեր Իրապաշտ քննադատները, վիպողները, մեր Արուեստագէտ Սերունդին քանի մը շատ իրաւ, պատասխանատու անունները Հիսարեանի աչքին դէմ պսակաւոր պտտեցան ու արժանացան քաջապայծառ տիտղոսներու: Ինչո՞վ իր մեղքը պիտի «առաւելոյր», քան «դպիրներուն»ը, «փարիսեցիներուն»ը: Այս սկիզբով ես կը քալեմ, գտնելու անոր  դիւանը ոչ աւելի, ոչ պակաս քան այն գիրքերը որոնք կը կոչուին Գրական Փորձեր, Առաջին Տերեւք, Յուզման Ժամեր, Թէրզեանի Դիւան, Uրբազան Քնար (բացառելով Հովուական Սրինգը որ անիմաստ կերպով մը մանկամտութեանց ծոցը դրուեցաւ պատուական իմաստունին պատանութիւնն ու ծերութիւնը (Յիսուս Մանուկ) եւ խակութիւնները (թարգմանութիւններ) պաշտպանելու դերի մը սիրոյն), Գարնան Հովեր, Երգեր, Լքուած Քնար, այսինքն՝ Արեւմտահայ Գրականութեան մէջ մեծահամբաւ հատորները բոլոր անոնց որոնց կը պակսէր հարազատ բանաստեղծութեան արժանաւոր բարիքը։ Յետոյ կ՚աւելցնեմ իսկոյն որ Հիսարեանի Դիւանը յիշուած գիրքերուն մեղքերովը մեղաւոր է անբանաստեղծութեան մէջ միայն: Ատկէ դուրս առնուազն պարկեշտ է: Հաւաքեցէք Եղիայ քերթուածները՝ դարձեալ Դիւանի մը տակ ու դուք պիտի զգաք որ որքան իրարու մօտ են երկու գիրքերը, անհռետոր՝ արտայայտութեան արժանիքէն դուրս, իմաստ մը, մտածման զանակներ թելադրելու յայտնի ընդունակութեամբ մը: Ուրիշ հարց՝ Եղիայի քմայքները այդ արտայայտութեան մարզին վրայ: Հիսարեան, բարձրաթռիչ քերթող իր շատ մը իմաստուն յօրինումներուն մէջ, երբեմն կ՚ախորժի չեմ ըսեր ռամկանալէ, այլ ըլլալէ սանկ պարզ չափաբերող մը, շատ մօտիկը իրաւ բանաստեղծութեան: Երգ Բաղանեացը առանց իր գրաբարախառն բառերու չարիքին, պիտի ըլլար ճշմարիտ քնարական կտոր մը։ Խիկարի Կտակը թէեւ արձակունակ, կը դպի մեր մտքին։ Նոյնն է պարագան Երկնային Վիճակին, «Ուլունք Շամիրամայ ի Ծով»ին (անշուշտ նախանձաբար գրի առնուած Գամառ-Քաթիպայի ծանօթ քերթուածին ետեւէն), Խորհուրդ Մարդկան Կամք Աստուծոյին, Եղերական Եղիականին, ` Ո՞վ Գիտէին, յիշելու համար քանի մը քերթուածներ որոնք ձեւի փոքր խնամքով մը թերեւս պիտի ազատագրէին իրենց գոյութիւնը: Հիսարեանի պատմող քերթուածները, առաւելաբար Ա. մասին մէջ, Ծառ կենաց, Արծաթ, Խնդիր Երջանկութեան, Խորք Խորոց, Տուփ Պանդորի, Վէրտէփսի (Ֆիրտիւսի) կը ծփան ընդմէջէն պոեմին եւ զրոյցին (conte) երկուքէն ալ տարրեր ունենալով բայց չըլլալով ոչ մին, ոչ միւսը։ Դիւանը կը պակսի, ու չարաշուք է ասիկա, քնարականէն, որուն տեղը Հիսարեան կարծած է իմացականը փառքի տանիլ: Արդ, աշխարհի սկիզբէն իսկ մարդիկ քերթուածներէն խելք չպահանջեցին: Ասիկա անշուշտ Հիսարեանի նորութիւնն էր բանաստեղծութեան մը մէջ որ հակառակ լրջակրօն ու ծանրաբարոյ ամիրաներէ դայեկուած ըլլալու, զառածեցաւ անմիջապէս որ իր ոտքերուն քիչիկ մը անկախ ուժ զգաց։ 1870-ին մտածումը, ասոր յարգանքը տարագրուած են մեր քերթողու թենէն թերեւս մեղքին մէջը կնքահօր որ այդ կրթանքը վերա ծեր էր տղայական աղօթքներու, հասարակ տեղիք անդաճմունքներում 

Դիւանին մէջ հաստատելէ յետոյ սա քանի մը մասնայատկութիւնները, կը փութամ յայտնել թէ Յովհաննէս Հիսարեան իր սերունդին մէջ, իր ընկերներուն հաւասար է իր բոլոր մեղքերուն մէջ։ Անոնցմէ կը զատուի իր իմացական, անհռետոր խառնուածքին փաստովը: Իրմէն չեմ կարծեր որ ինձմէ վերջ գալիք սերունդը պահէ բան մը, ազգային հարստութեան գանձարանին համար։ Բայց պիտի յիշէ իր անունը, իր աշխատանքին մէջ տեսնել ուզելով իր ընկերներուն ու իր՝ մէկ ու նոյն նպատակը, այս ժողովուրդին իմացական ազատագրումը



[1]       Ութածալ մօտ 600 Էջնոց հանդէս մը, իր տարին յաջողութեամբ բոլորած (1858-ին փորձ մը շարունակելու, կը ձախողի մէկ թիւով վերջանալով) ուր քանի մը փոքրաթիւ գրութիւններ միայն (որոնց հեղինակներուն սկզբնատառերը դրած է անիկա) չեն ելած իր գրիչէն։ Մնացածը այսինքն հանդէսին գրեթէ ամբողջ մարմինը գործն է իր ձեռքերուն: Բանասէրը կը պարունակէ հրապարակագրական բաւական լաւ ուսումնասիրուած, մանաւանդ խմբագրուած յօդուածներ (Ազգային կրթութիւն, Ազգային յառաջդիմութիւն, Ազգային բարօրութիւն, Ազգային դպրութիւն, Ազգային վիճակագրութիւն, այսինքն՝ տեսարան (revue) Հայաստանի գաւառաց եւ քաղաքաց, յիշելու համար քանի մը նիւթեր)` կենսագրականներ (Շահան Ջրպետ, Կարապետ Մանուկ Օղլու, Մուրատճա Տ՚Օհսոն, Մ. Ամիրայ Ճէզայիրլեան). բանասիրական (այն օրերուն այս բառը կը նշանակէր մեր գրականը) տիտղոսին տակ Արեւմտահայ գրականութեան առաջին հայ վիպասանութիւնը՝ Խոսրով եւ Մաքրուհի որ 1869-ին թարգմանուած է ֆրանսերէնի եւ 1903-ին վերստին լոյս տեսած Ծաղիկ հանդէսին մէջ. բանաստեղծական գրութիւններ, 1850-ի ախորժակներուն կնիքովը, բայց զօրաւոր ալ հակումներով դէպի ժողովրդական քերթողութիւն. քննաբանական, հնախօսական հաւաքումներ. Վեցհազարեակ Յայտնեալ վերնագրով գաղտնի գիտութիւններ մօտէն հետապնդող ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը ուր իրաւ հաւաքողին, լուրջ բանասէրին յայտնութիւնը դժուար չէ հաստատել։ Ինչ որ սակայն հանդէսը կ՚ընէ ուշագրաւ, այդ թուականներուն համար մանաւանդ, ատիկա՝ ըմբռնողութիւնն է իր դերին։ Անըմբռնելի էր այդ օրերուն թերթ հրատարակել, առանց քաղաքական բաժինի։ Հիսարեան ըրած է զիջումը, բայց արդարանալի ցանկութեամբ մը, չնմանելով Իզմիրի Արեւելեան Մամուլին որուն մէջ այդ քաղաքականը լայն լայն պիտի մշակուի, հոգ չէ թէ մենք 1880-ին, 70-ին ունենանք այդ սպասը պարտ ու պատշաճ կերպով կատարող բազմաթիւ օրաթերթեր։ Բանասէրի մէջ կան տակաւին յուշագրութիւններ, Հայաստանի վրայ, ալիշանեան ներշնչումներու արձագանգ մը իբրեւ։ Միւս կողմէն չմոռնալ որ Հիսարեանի մեծ, անցեալ գործը՝ հայկական գաւառներու մէջ ցրուած բեւեռագիր արձանագրութեանց հաւաքածոյ, կուտայ փաստ մը իրաւ գիտունի մը խառնուածքին: