Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԻԿՈՂՈՍ ԶՕՐԱՅԵԱՆ 

Զարթօնքի Սերունդին ձախ թեւը ուշագրաւ է իր բաւական միատարր անձնաւորութիւններով։ Ն. Զօրայեան, Ն. Ռուսինեան, Ստեփան Ոսկան պարզելով հանդերձ գործօնութեան որոշ տարբերութիւններ, կը սպասարկեն շատ մօտիկ գաղափարագրութիւններու։ Այս թեւէն կը զատուի Գ. Օտեան ոչ թէ իր ախորժակներովը, ձգտումներովը, այլ իր անկեղծ déismeովը որով տոգորուած են Խրիմեան, ասոր աշակերտը Սրուանձտեանց (այս երկուքը ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ իրենց առանձին գլուխները ունին եւ հոս չեն առնուիր նկատի)։ 

Կան տակաւին ուրիշ անուններ Խաչատուր Պարտիզպան, Կարապետ Իւթիւճեան, Յարութիւն Պալեան, Գասպար Սինապեան, Աղաթօն, Սերովբե Վիչէնեան` աւելի հանրածանօթ Սերվիչէն անունով, Բարունակ Ֆէրուխան, Յ. Կոճիկեան, Գէորգ Իսթիմարէճեան, Գրիգոր Մարկոսեան (որմէ հրատարակուած Մանրուսմունք քրիստոնէականը արժանացած է 32 տպագրութեան, հասնելով մինչեւ իմ տղայութեանս ու քիչ մը աւելի ասդին), եւ ուրիշներ՝ բոլորն ալ 1850–70 շրջանին, իրենց խօսքովը, գիրովը սատար բերող բուն իսկ զարթօնքի գաղափարին: Ըսի անգամ մը, բոլոր այս մարդերը արժանի են շատ աւելիին քան սա պարզ յիշատակութիւնը: Բայց ատիկա գործն էր ըլլալու աւելի լայն ուժերու տէր մարդոց: Կը հաստատեմ իմ հաւատքը թէ ատոնց կեանքին ու գործունէութեան շուրջ բազմահատոր աշխատանք մը (զոր անհնար չէ կատարել, քանի որ մեր երկու վանքերը՝ Վենետիկը, Վիէննան, բաւարար մթերքը ունին նման վաստակ մը յաջողութեամբ ու բարիքով արդիւնաւորելու) ոչ միայն երախտագիտութեան պարտք մը կ՚ըլլար վճարած, այլ սկիզբը դրած փոյթին, գուրգուրանքին, անցեալը հասկնալու սրտառուչ պէտքին, բան մը` զոր մոռցած ենք չարաչար, կանխող դարերուն, եւ որուն մեղապարտ իրականութիւնը աւելի քան անհասկնալի է ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերուն համար։ Մեր ժողովուրդը, այս երկու հարիւր տարուան ընթացքին, անցած է ոչ միայն բազմաթիւ տագնապներէ, այլեւ վկայաբերած իր պատմութիւնը արժող, ասոր հաւատարիմ շքեղ գեղեցկութիւններ։ Միայն ամիրայութիւնը, իր բոլոր մեղքերովը, կը կազմէ ուսումնասիրութեան սխրալի հեռանկար

ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին այս մասը յատկացուած է Ն. Զօրայեանի Ն. Ռուսինեանի, Ստեփան Ոսկանի եւ Գրիգոր Օտեանի, այսինքն այն անձնաւորութեանց որոնց գործօնութիւնը եւ գրաւոր վաստակը բաւարար հիմք կը կազմեն սա մենագրութեանց: Չէի կրնար Աղաթոնի, Կրճիկեանի, Սերվիչէնի, Իսթիմարէճեանի անունները զատել, լրագրողներու այնքան առատ անուններուն քովն ի վեր, բոլորն ալ ենթարկելու գրական գնահատման, թէեւ արդարութեան զօրաւոր զգացում մը միշտ ալ խռոված է զիս։ Արդարեւ ո՞ւր կը տարբերին Նկարագիր Ազգային դաստիարակութեան ըսուած գիրքը եւ Մանկատածութիւնը, Մետաքսաբանութիւնը (զոր հրատարակած են Գ. Աղաթոն, Գ. Իսթիմարէճեան եւ Յ. Կրճիկեան), քանի որ լեզուի, ոգիի, ձգտումի տեսակէտներով այնքան մօտիկ կը կենան անոնք, նոյնիսկ Կրճիկեանի հատորին մէջ պարզելով, միշտ լեզուի տեսակէտէն աւելի շնորհ, կանոնաւորութիւն, որոշ կորով, երբ բաղդատուին Զօրայեանի հատորին: Ինչո՞ւ լրագրող Ստեփան Ոսկան մը ունենայ իր թերաստուեր կենդանագիրը, եւ ատկէ զուրկ մնան միշտ լրագրող Իւթիւճեանը, Մկրտիչ Աղաթօնը, Ղուկաս Պալթազարը, Յ. Սվաճեանը, Կ. Փանոսեանը, յիշելու համար քանի մը տիպարային անուններ։ Կ՚ընդունիմ որ իմ զանցումները չեն արդարանար, բայց կը խոստովանիմ նոյն ատեն որ այդ աշխատանքը միշտ իրագործելի փառասիրութիւն մը կը ներկայացնէ բոլոր անոնց որ մեր հին արժէքներուն պիտի սիրեն մօտենալ: Վանքերու մէջ ունինք երիտասարդ ուժեր։ Ունինք կենսագրողներ: Իրենց ոչ միայն արժանի են այդ անունները, այլ եւ աւելին: Ո՛վ որ մեր ԺԹ. դարու երկու միջինները խնամուած հատորներու մէջ կեանքի վերակոչէ, կ՚ըլլայ կատարած պարտքէն աւելի սրբազան բարիք մը

* * *

Նիկողոս Զօրայեան, ձախ թեւին մէջ բացառիկ վարկի մը բարձրացաւ այս դարուն սկիզբը, մասնաւոր պրոպականտի մը շնորհիւ որ գործն էր Հրանդ Ասատուրի: Արդար ըլլալու համար, իսկոյն կ՚աւելցնեմ որ այդ՝ չեմ ըսեր շփացումը, գէթ grossissementը վայելեցին թեւին միւս անուններն ալ։ Հիմա, կէս դար վերջը, այդ խմբակին առանձնայատկութիւնները կը թուին մեղմացած ըլլալ։ 

Ի՞նչ կը ներկայանայ իմ մտքին երբ կուտամ իր անունը ես ինծի, իր գործերուն ընթերցումէն որոշ համակրութիւն մը զգալով հանդերձ իր անձը արժեւորելու, գէթ պահելու իր լուսապսակին մէջ, երբ այդ համակրութիւնը, վերապահութիւնը անկարող կը մնան իմ դատաստանը մեղմելու այդ անունէն շատ աւելի վարկաւոր, շատ աւելի վաստակաւոր Ալիշանի մը դիմաց։ Պարզ է սակայն հակասութեան առերեւոյթ բացատրութիւնը: Ն. Զօրայեան թերեւս այդ սերունդէն այն մէկ հատիկ անձն է որ ոտանաւոր չէ քերթած։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ Մխիթարեան ժահրէն (քերթելու) զերծ է պահած իր իմացականութիւնը։ Յետոյ, առաջին իսկ փորձերուն մէջ ապացոյցն է տուած մտքի մը որ իրական, նոյնիսկ իրապաշտ մտահոգութեանց, անմիջականին, անհրաժեշտին, հանրականին, օգտաւէտին շատ իրաւ մէկ մտատեսութեամբն է համագրաւուած։ Ինչ որ պիտի ելլէ իր գրիչէն, երբեք պիտի չզառածի այդ հիմնադրեալ նպատակներէն։ Արեւմտեան մշակոյթը, իր կարելի սահմաններուն մէջ փոխադրել մեր ժողովուրդին, ասիկա ոչ միայն պարզ է առողջ, ամբողջ առաջադրութիւնն է Զարթօնքի Սերունդին, այլ մասնաւորուած պաշտամունքը Նիկողայոս Զօրայեանին։ Միւսները պիտի տառապին գրական որոշ փառասիրութիւններով։ Ստեփան Ոսկանն իսկ մէկէ աւելի ոտանաւորներ ունի հրատարակած (իսուն է աւելի անտիպ քերթուածներուն մասին յիշատակութիւն ունի Վ. Զարդարեանի Յիշատակարանը, Ոսկանի նուիրած տողերուն մէջ)։ Ռուսինեան մեր լաւագոյն թարգմանիչն է քերթուածներու: Օտեանն ալ պիտի զիջանի այդ սպասին: Կը հետեւի որ գրական փառասիրութեան հիմնական պակաս մը զիս պիտի ընէր որոշ, չափով մը զիջող, չըսելու համար զինաթափ, կշռելու ատեն իմացական այլագոյն գործունէութիւն մը: Ալիշանի քերթուածները իրենց ստուարագոյն մթերքով ոչինչ կ՚աւելցնեն այս ժողովուրդը գէթ պատմութեան մէջ զետեղելու, ըմբռնելու իմ ջանքիս: Իր անձին վրայ այդ տաղերուն ալ վկայութիւնը կը մնայ տարօրէն անբաւարար, քանի որ բառերը բառեր են միայն, դժբախտաբար, որ լեզուին ալ պատկանին։

Զօրայեանի Բարիզը չի նմանիր Միսաքեանի Բարիզին ոչ անշուշտ իբր մտայնութեանց հանդիսարան ու ձգտումներու վառարան: Անիկա 1848-ի յեղափոխութիւնը կանխող տնտեսական գիտութիւններու համար խոր հետաքրքրութիւններ տածող կեդրոնն է ֆրանսական նորակազմ քաղքենիին որ Նաբոլէոնի անկումին հետեւող քառորդ դարուն պիտի փոխանորդէ անհետանալու վրայ ազնուականութեան վաղնջաւոր դերը, ու պիտի վարիչ դասակարգը հանդիսանայ: Իր նշանաբանն է անշուշտ ամէնէն առաջ դրամը, զոր հայթայթող բոլոր աղբիւրները պիտի վերանորոգէ: Պատմութեան դասագիրքերը այդ շրջանին կը դնեն սկիզբը ճարտարարուեստական յեղափոխութեան որ իր կարգին պիտի անհետացնէ անհատ գործաւորը, հաւաքական արտադրութեան դարը բանալով։ Բանգիտութիւն չէ, ըստ իս, օժտուած երիտասարդի մը վրայ, սա պայմաններուն անդրադարձը փնտռել, գտնել կարծել Զօրայեանի իմացականութեան կազմաւորման մէջ։ Կիզո, Սմիթ միայն անուններ չեն պատմական իմաստասիրութեան եւ տնտեսական դրութիւններէ գիրքերու հեղինակները, այլ մտայնութիւններ ամբողջ։ Մարդիկ կը հանդուրժէին, նոյնիսկ սիրելու ալ տրամադիր էին Լամարթինը, Հիւկօն, բայց կը սնանէին տնտեսական, իմաստասիրական, պատմական խոշոր դրութիւններու ստեղծած շահագրգռութեամբ։ Զօրայեան, ազատ ուսանող ու անյագ ընթերցող, հետեւած է դասախօսութեանց, այցելած է մատենադարաններ, հետաքրքրուած է դրամի եւ ազատ ասպարէզներու վրայ բարձրացող ընկերութեան մը ներքին կազմաւորմամբ: Ու ոչինչ կայ տարօրինակ, երբ իր նախասիրութիւնները գտած է այդ կարգի հարցերու մէջ։ 1908-ին Փանջունին այդ 1840-ի ազատ ուսանողին ծաղրանկարն է թէ՛ իբր միտք, թէ՛ իբր գործունէութիւն

Այդ Բարիզէն առաջ, Պոլիս, վեշտասանամեայ պատանի, փոխանակ Միսաքեանին պէս գրաբար, գիշերաջան, քրտնաշաղախ քերթուածներու համար իր մատաղ իմացականութիւնը տանջելու, ու, գիրքերու սիրահար՝ ամուլ կարդացող մը մնալու, մաքսատան մէջ (Պոլիս) կ՚ընէ թարգմանչի շատ շահեկան աշկերտութիւն մը։ Անշուշտ հիւանդանոց մը, բանտ մը, տօնավաճառ մը միշտ աւելի կ՚արժեն մեր միտքը սրելու գործին մէջ, քան դպրոցները, համալսարանները նոյնիսկ: Մաքսատուն մը` ուրիշ ասպարէզ, հանդիսարան։ Մարդերու ճանաչողութիւնը այդքան կանուխէն ընող Զօրայեանին մօտ գործնական, օգտապաշտ ձգտումները սխալ չըլլար արմատուած ընդունիլ այդ խառնարանէն։ Հինգ տարի, ու ամէնէն կերպընկալները, Զօրայեան պիտի վատնէ այդ աշխարհին ճանաչումին: Յետոյ Մանչէսթր [1], առեւտրական տան մը մէջ գրագրութիւն։ 

  Շուկան, ուրեմն, հաստի՛չը՝ Զօրայեանի հոգեկան եւ իմացական անդրանիկ պաստառին, անոր՝ զոր սովոր ենք կոչել նկարագիր, խառնուածք, բնաւորութիւն եւ դեռ ուրիշ բաներ, այսինքն մեր գործունէութեան մէջ մնայուն քանակ մը ձգտումներու, կիսակամութեանց, երբեմն հակասական իսկ թուող արարքներու, բայց որոնց պղտոր հոսանքին տակ մենք կը ձեւաւորենք մեր անհատականութեան մեզայատուկ շէնքը, հիւսքը։ Այս trame-ին վրայ կեանքը պիտի նետէ իր բազմազան գոյները, խաղերը, բայց պիտի մնայ անկարող զայն ամբողջութեամբ քայքայելու: Զօրայեան թող մատաղ երիտասարդութեան մը առջեւ կանչուի խօսելու միտքէն, հոգիէն, հայրենիքի սէրէն, ինչ որ ըրած է արդարեւ Իւսկիւտար, Ս. Կարապետի վարժարանին մէջ երբ Պարտիզպանի իբր յաջորդ ձրիաբար կը ստանձնէ՝ տնօրէնութեան պաշտօն մը։ Տէրոյենցի Հայաստանը (1848) հրատարակած է այդ ճառը: Երեսնամենի, նորադարձ մը Բարիզէն, այսինքն ասոր բոլոր հզօր շնորհներուն շուքին, հովին մէջ, թրթռուն նոյն ատեն հսկայ առաջադրութեանց խռովքովը, որոշ վարկի մըն ալ տիրացած իր գրական գործունէութեամբ . Բ. այսինքն՝ օգնական Բանասէր ծածկանունով, nրուն մնաց հաւատարիմ, անիկա 1841-ին ըրած էր իր առաջին հրատարակութիւնը, Ընտանեկան Նամականի, թարգմանօրէն։ 1847-ի Բազմավէպներուն մէջ տնտեսական յօդուածներ, վաճառականութեան վրայ կարեւոր ճառ մը, ժամանակի ձգտումները այնքան յարմարօրէն դիմաւորող, պասմայի ջոջերուն բերնին ջուրերը վազեցնելու աստիճան), Զօրայեան պիտի ըսէ այդ` տղոց հաuտ, հաստատ, օգտաւէտ բաներ: Մարդ իր կրցածը կ՚ընէ: Բայց այդ (ամէնը պիտի ըսէ Մաքսին մէջ գործառնութիւններու ընտելացած փորձ քարտուղարի մը պարզութեամբ, բնականութեամբ որ գռեհկութեան շատ մօտիկը կը կենայ եւ հաւանաբար Մանչէսթրի իր խապա բարոններուն հեղմունքն էր եղած իր կերպ ընկալ իմացականութեան վրայ: Հ. Ասատուր որ Զօրայեանի մասին լաւագոյն դիմաստուեր մըն է տուած, կը պաշտպանէ արտայայտութեան սա պարզութիւնը, հակադրելով զայն անշուշտ Օտեաններու, ու աւելի վերջի մարդոց ոճի խնամքին: Իրականութեան մէջ, 1844էն մինչեւ` 48, այս երեսուն չմտած խելացի տղան շփումի էր մտած ֆրանսական միտքին բոլոր գեղեցկութեանց հետ, օրինակելու չափ Լուի–Ֆիլիբեան տարազները արդուզարդին, բայց պահած էր իր ներսը անջինջ ու անթառամ՝ մաքսին ու մաղազային կնիքը։

Ժամանակաւոր այդ ուսուցչութիւնը հոս կը յիշեմ։ Այդ ճառին ալ տպաւորութիւնը հոս կը թարմացնեմ, քանի որ երկու իրողութիւններն ալ Զօրայեանի գործօնութեան հիմնական ուղղութիւնը կը ճշտեն։ Ի վերջոյ այդ անունէն մեզի հասած գործերը [2] կը դառնան ծիրին մէջը ուսումին զայն առնելու եւ տալու եղանակներուն—, վաճառականութեան՝ որուն ազնուացած յորջորջումն է անշուշտ տնտեսագիտութիւնը եւ վերածելով այս հաւաստումները իրենց վերջնական եզրերուն, մենք կ՚ունենանք դպրոցը եւ շուկան

1850-ին այս երկու իրողութիւնները տիրական են մեր հոգեբանութեան վրայ։ Զարթօնքի Սերունդը անկարող՝ այդ յղացքներէն առաջինը արդիացնելու, պարտքին տակ կը զգայ ինքզինքը հանդերձելու իր դերին։ Իր Եւրոպան ծնունդն է այս խուլ պահանջին ու պարտքին: Բայց ահա երանգ մը, նրբերանգ մը եթէ կ՚ուզէք։ 1900-ին մեր առեւտրականները երբ իրենց տղաքը կը ղրկեն Ռոպերթ Գոլեժ, հարուստի, յաջողած մարդոց հոգեբանութեամբ մը կը շարժին է 1840էն վերջ, մեր Եւրոպա ընող տղաքը աղքատիկ երիտասարդներ են յաճախ կամ բարձր տուներու (Պալեանները ինչպէս) ազնուապետական ցանկութիւնները նուիրագործելու կանչուած փառասիրութիւններ։ Կը ձգեմ առ այժմ այս վերջին խումբը։ Առաջինով մեզի եկածները քիչ  անգամ ուսուցչութեան պիտի սպասարկեն: Պետական պաշտօնէութիւն, ազատ ասպարէզներ, պիտի իւրացնեն այդ պատրաստուած երիտասարդութեան մէկ կարեւոր մասը: Դպրոցը դեռ պիտի շարունակէ տապկուիլ իր եղովը, ինչպէս կ՚ըսեն՝ Ն. Զօրայեան իր գործերուն մէջ կարեւոր տոկոսը երբ կը հանէ այդ անհրաժեշտութենէն, իմ կարծիքով կը սպասարկէ վերի յղացքներէն երկրորդին՝ շուկային, որ կեդրոն քաղաքներու մէջ (Պոլիս, Էտիրնէ, Իզմիր, Պրուսա) մօրը կաթին հետ տղուն ջամբուած առաջին յղացքն էր հաւանաբար: Մինչեւ 1900, իմ՝ ծննդավայր քաղաքին մէջ տղաքը այդ բառը միայն ունէին իրենց շրթներուն: Ու մեր վարժարանը աւելի բան չէր, եթէ ոչ այդ շուկային կրթարանը։ 

Կարճ է եղած Ն. Զօրայեանի տնօրէնութիւնը Ս. Կարապետի վարժարանին մէջ։ 1849-ին, Հասգիւղ է անիկա ուր Ներսէսեան վարժարանը կեդրոն մըն էր իմացական շատ լուրջ գործունէութեան։ Առածը որուն համեմատ այդ գիւղը կը նոյնացուէր Աթէնքի հետ, թեթեւսոլիկ փառասիրութիւն մը չ՚արտայայտեր ապահովաբար: Կանխող դարու կէսերուն անիկա բնակավայրն էր նոյն ատեն մեծազօր ամիրաներու: Զօրայեան մտերմութիւնը կը վայելէ իսկապէս բացառիկ Ամիրայի մը։ Ճէզայիրլեան Մկրտիչ Ամիրան էր ատիկա, գրեթէ վերջիններէն այդ անորակելի մարդոց որոնց փառքով ու տրտմութիւններովը այնքան սրտառուչ պատկեր մը կը դառնան մեր պատմութեան վերջին երկու դարերը, խորհրդանշելով ու խտացնելով իրենց ժողովուրդին ճակատագիրը

Ամիրան կը յանձնէ Պոլսոյ Մաքսին [3] ընդհանուր հաշուակալութիւնը Զօրայեանին։ Այսքան ընդարձակ կազմակերպութեան մը գլուխ անցնելու չափ ընդունակութի՞ւն: Ունէր ատիկա Ն. Զօրայեան։ Իր յօդուածները, գիրքերը չեն անշուշտ այդ փառքին գործաւորները: Շուկայի մարդու իր ճարտարութիւնն էր որ կը հարթէր իրեն այդ պաշտոնները: Երանելի օրեր՝ ուր մաքսատան մը, ու 50–60 միլիոն բնակչութեամբ կայսրութեան մը մաքսային բոլոր հաշուական գործառնութիւնները կը կատարուէին իր քարտուղարին լեզուովը: Տետրակները կը բռնուէին հայերէն։ 

Սրտառուչ է բախտը բոլոր փառքերուն։ 1819-ին Տիւզեանները բնաջնջող կայսերական հրովարտակները, 1839էն վերջը, եղան աւելի իմաստուն։ Այդ հրովարտակներէն մէկուն քմայքով է որ Ճէզայիրլեան կը բանտարկուի։ Իր ստացուածքները կ՚իյնան կառավարութեան թաթին տակ: Գողութեան ամբաստանութիւնը կը վերածուի պաշտօնական կողոպուտի։ Զօրայեան որ մաքսատան հաշիւները բռնած էր հայերէնով, զանոնք կը վերածէ պաշտօնական լեզուին։ Ամիրան կործանած էր (1853)։ 

Երկու տարի վերջ, վիպական պայմաններու մէջ (հետաքրքրուողը կը ղրկեմ Դիմաստուերներ հատորին, Ն. Զօրայեան, Հրանդ Ասատուր), «մինչեւ անգամ զաւակները գրկելու» ատեն չունեցող Զօրայեանը իր Ամիրային հետ կրկին պիտի անցնի Եւրոպա։ Մալթա (1856 Մայիս) երեւան կ՚ելլեն հիւանդութեան առաջին ախտանշանները: Կը դարձուի Պոլիս: Իր պաշտօնը կ՚անցնէր Մ. Մամուրեանին։

Ինչ հարկ հետեւելու այս քայքայումին: Paralysie générale, տխուր հիւանդութիւն մըն էր, այն ատեն անհասկնալի։ Այսօր աւելի է անիկա, վկայող՝ դառնագոյն տրտմութիւններէ: Հաւանաբար իր երիտասարդութեան Բարիզն էր հեղինակը սա կանխահաս կործանումին։ Բայց 1857-ին յօդուածներ կը ստորագրէ բողոքականութեան վրայ: 1858-ին, նամակ մը Մասեաց Աղաւնին մէջ կը վկայէ անոր՝ իմացականութեան intégrale առողջութեան մասին [4]: 1859-ի Հոկտեմբերին Մասիս կը հրատարակէ անոր վերջին գրութիւնը Օ. Բ. ստորագրութեամբ, Յաջողելու գաղտնիքը, թարգմանութիւն մը ասիկա, ինչպէս թարգմանութիւն մըն էր իր մուտքը Հայոց Գրականութենէն ներս

Ընդհանուր յառաջատու անդամալուծութիւնը, la grande P. ն ինչպէս կ՚ըսեն տրտմօրէն գաղիացիք, անողոք հիւանդութիւն մըն է: Զօրայեան պիտի մեռնի նոյն տարիի Նոյեմբերին, կատարելապէս յիմարացած, իր ուղեղին սրբազան արարչահիւթը ճարակ տալով տժգոյն միքրոպին:

Կարճ անշուշտ՝ սա ուրուագրային պատկերացումը մարդէ մը որ համակ խանդ է եղած, լրջութիւն, կորով ու գործնական իմաստութիւն: Որ առաջին իսկ ակնարկով չափած է իր շրջապատը, զայն յօրինող մտայնութիւնը, անոր վրայ իշխող պայմանները: Իր իմացականութիւնը, բաւարար ընդարձակութեամբ, անոր տուած է միւս կողմէն ուժգին, անվրդով ալ մտատեսութիւններ։ Խօսեցայ իր գործունէութեան հիմնական երկու զսպանակներէն, դպրոցէն ու շուկայէն, որոնց շուրջը կը դառնան իր բոլոր աշխատասիրութիւնները: Ինքնագիր թէ թարգմանածոյ, այդ երկասիրութիւնները կը վկայեն ոչ թէ մեծ գրագէտէ մը, ստեղծագործ տաղանդէ մը, այլ աւելի պարզ, բայց աւելի օգտաւէտ խելքէ մը: Ատիկա ժողովրդավար մարդու իր ողջմտութիւնն էր, այն գերազանցապէս առհաւական առաքինութիւնը որով մեր պապերը քալեցին մեր ճակատագրին քառուղիներէն ու մեր ժողովուրդը հասցուցին մեր օրերը մինչեւ։ 

Անշուշտ սահմանափակ, նիւթին միա յն շղթայուած միտքի մը կասկածը պիտի ներէք դուք ձեզի, սա վերլուծումներու հետ։ Կը սխալիք սակայն: Զօրայեանի մեղքը, ըսի վերը, ոտանաւոր գրած չըլլալն է որպէսզի համադասուի իր սերունդին վաւերական համբաներուն: Ինծի համար այդ մեղքը առաքինութիւն մըն է։ Ուրիշ հարց, իր անունով մեզի հասած գիրքերուն մէջ տաղանդի, որակեալ միտքի, բուն իսկ ստեղծագործ ուժին բաժինը: Մտքէ մի անցնէք որ պատահակի ընթերցումներով, անձնական հետազօտութեամբ, en flânant, գաղիացւոց ըսածին պէս, իր զարգացումը ճարող սա երիտասարդը որ եւ է ձեւով ստորադաս գործունէութիւն մը պիտի ունենայ յառաջիկային։ Միսաքեանի Բարիզը գրեթէ` ժամավաճառութիւն մը կը նկատուի երբ բաղդատուի միւսներուն, ամէնէն շատ Զօրայեանի Բարիզին

Շէնշող, կայծկլտուն, խորունկ հրապոյրով, նոյն ատեն ալ յանկուցիչ շնորհներով մէկը կը թելադրեն ինծի Հ. Ասատուրի տողերը։ Պատուական պատմիչը անշուշտ չէ տեսած իր դիմաստուերած մարդը, բայց ինձմէ շատ աւելի մօտիկն էր անոր ճառագայթումին։ Հաւաքած է իրեն ժամանակակիցներէն կարելի մանրամասնութիւնները, դեռ չպաղած յիշատակի մը, տռամայի վրայ որ այդ մարդուն վախճանը եղաւ: Պիտի ներուի՞ ինծի այդ հեղինակութեան, վարկին, վաղաշէջ բայց այնքան օգտաւէտ գործունէութեան կեդրոնը ենթադրել տժգոյն դրեփօմէնը որ Նիցչէի մը, Մոբասանի մը, Կոմիտասի մը տաղանդներուն, երբեմն հանճարին գործաւորը կը յաւակնին դաւանիլ ախտաբանները: Ստեղծագործութեան պակասը չեմ խորանարդեր: Բայց չեմ ալ հերքեր տարտամ հաւանականութեան մը բաժինը: Իր սերունդէն ամէնքն ալ (բացի Օտեանէն) ժխտական արժանիքներով իրենց ժամանակը խռովեցին: Ստեփան Ոսկանը չհանդուրժեցին վասնզի խորունկ հակասութիւն էր իր ժամանակին վրայ: Ռուսինեանը indexին բախեցաւ պատրիարքարանին։ Իւթիւճեանը՝ լրագրող ու կեանքի մարդ, կը բացառեմ, այն պարզ պատճառով որ աշխատած է քիչ մը շատ ինքնապաշտ ոգիով։ 

Շրջանին ամէնէն դէգ, ամբարտաւան ամիրաները կ՚ախորժէին իր ներկայութենէն։ Շրջանին ամէնէն անուշ, ազգասէր պէյերը կը սիրէին իր ներկայութիւնը: Գործակցած է Տէրոյենցի Հայաստանին, հաւանաբար խոր արհամարհանքով մը չափելով հանդերձ Պատուելիին իմացականութիւնը, բայց չէ եղած յիմար, այդ մարդուն մէջ ներգոյ ողջմտութիւնը արժեզրկելու Ու հոս է, իմ կարծիքով, այս տիպարին չափազանց հայկական նկարագիրը։ 

Իր գործերուն վրայ կարճ պիտի ըլլամ, այն աւագ փաստին ճնշումով որ անոնք իբրեւ խորք չեն պատկանիր գրականութեան: Միւս կողմէ, անոնց կերպարանքն ալ, ձեւը, ինչպէս կ՚ըսեն, չի պաշտպաներ զանոնք։ Զօրայեանի արձակը, յստակ, լեցուն, իրաւ, դուրս է գրական որ եւ է ջերմութենէ, նոյնիսկ Պատուելիին ոճէն ալ ասդին։ Տափակ, հաստ, անմիջական այդ արտայայտութիւնը բարեբախտաբար ժամանակի միջին ոգիին, ողջմտութեան հաւատարիմ անդրադարձն է: Ոչ մէկ կոտրտուք: - Ոչ մէկ գրաբարէ փշրանք։ Ոչ մէկ փնտռտուք։ 

Ի՞նչ է ըսած այս մարդը իր ժամանակակիցներուն։ 

Իր Նկարագիր Ազգային Դաստիակութեանը տարօրինակ գիրք մըն է: Նախ այդ ուղղութեամբ (մեր դաստիարակութեան հիմնական տուիքներու վերլուծումն ու արժեւորումը) ես չեմ հանդիպած խնամուած, մշակուած, գրեթէ ամբողջական աշխատութեան մը, նոյն իսկ մինչեւ իմ տողերուն գրուիլը։ Ահաւոր ապիմաստութիւնը մանկավարժ ըսուած մարդուկներուն (Ժընէվ, Լոզան, Հայտէլպէրկ ընողներու անկանգնելի փաստերովը հետզհետէ նկարագիր դարձած մեր դատաստանին խորը), պատճառ է որ մենք գուրգուրանքով, համակրանքով վերաբերուինք գրեթէ հարիւրամեայ այդ փորձին։ 

Ուսուցումին առարկաները, նպատակները, զայն մատուցանողին արժանիքները, զայն օգտագէտ ընելու կերպերը, այդ ուսուցումը ընդունելու կանչուած տարրին լիակատար ճանաչումը, դպրոցը իբրեւ շէնք ու իբրեւ սրբարան, այս հիմնական տուիքները անշուշտ որ անիկա քաղած է Արեւմտեան Գրականութենէն։ Բայց Զօրայեան պարզ հաւաքիչ մը չէ երբեք։ Իր ամէն մէկ  տուեալին համար անիկա ունի անձնականին ալ ապացուցումը։ Վարժապետին վրայ իր ընդհանրացումները, անիկա շատ երջանիկ եղանակով մը գիտէ մասնաւորել, իր տղու տպաւորութիւնները (այդ մարդերէն ու վայրերէն) օգտագործելով չափազանց ողջամիտ թափանցումով մը։ Անշուշտ այդ գիրքէն 1830-40-ի վարժապետին տիպարը չի ցայտիր, իր ամբողջական գիծերով: Բայց մենք ունինք մեր առջին ուրուագրային սեւեռումներ, այդ մարդերէն ու տեղերէն: Ու ասիկա բարիք մըն է: Զօրայեան ինքնատպութիւն չունի իր թելադրանքներուն մէջ (ըսի թէ ուրկէ կուգային իմ նկատողութիւններս, բայց մեզ կ՚ընէ երախտապարտ՝ հաւաքած ըլլալուն այն քանի մը կարկառուն գիծերը, որոնք իր օրերուն մարդերը կը ճշդեն մեր ընկերային հոլովոյթին մէջ։ Այդ գիրքէն 20 տարի վերջը լոյս տեսած կատակերգութեան մէջ (Ալաֆրանկա, Նար-Պէյ), ծաղրանկարը վտանգած է տիպարին հարազատութիւնը: Ու իմ տղայութեանս, Երանոս Աղբարը կը կարդացուէր ու կը ներկայացուէր մեծ հաճոյքով ու յաջողութեամբ։ Եւ սակայն մենք, մանաւանդ 1850էն առաջ, ունեցեր ենք մեծ մարդեր, միշտ այդ ուսուցչութենէն։ Զօրայեանի գիրքը այդ անձնաւորութիւնները մեզ չի բերեր։ Թերեւս իր մտքին մէջ նախակրթութեան համեստ մշակներն են տիրականը

Գործնական, անմիջական, շահաւէտ ու շինիչ. ահա այն յատկանիշները որոնք ուսուցման առարկաներուն inhérant պէտք  է մնան: Ըսի թէ կը հասկնար իր շրջանը: Բայց դպրոցէ մը չելած ու դպրոցի համար չհանդերձուած միտքէ մը մի սպասեք կազմակերպական ընդարձակ շնորհներ, ուսուցման գետնին վրայ: Գիրքին մէջ ոչ մէկ որոշ թելադրանք՝ թէ՝ ազգային մանկտին ի՞նչ պիտի սորվի։ Ու այդ ազգային մանկտին ալ ո՞ր ժողովուրդին զաւակներէն է բաղկացած: Զօրայեանի սերունդին հիմնական անբաւարարութիւնը Պոլիսին միայն ընդգրկումը ունենալ կրնալն էր: Կարծես զանգուածը դուրս էր իրենց մտահոգութիւններէն: Ստոյգ է որ 1850էն ասդին զանազան ընկերութիւններ մարմին կ՚առնեն, գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալու պարզ բայց մթին առաջադրութիւններով։ Մեր գաւառին (անոր ժողովուրդին ու պայմաններուն) վճռական ու ամբողջական զգայութիւնը հազիւ թէ սկիզբ է առած Խրիմեանէն ասդին: 1840-ին Զօրայեան ազգային մանկտի, ազգային դաստիարակութիւն յղացքներուն տակ, միայն ու միայն Պոլիսը կը տեսնէ: Իր առաջադրումներն ալ կը մնան դժբախտաբար ընդհանուր

Արդ, կ՚այցուիմ ուրիշ գիրքի մը յիշատակէն: Պապիկ եւ Թոռնիկն է ատիկա։ Գրքոյկ մը, որուն մէջ ես կը խոստովանիմ կարդացած ըլլալ քանի մը ամէնէն գեղեցիկ, հզօր էջերը մեր ժողովուրդի ստեղծումներուն: Բայց որուն ամբողջական մարմինը գրեթէ հասարակ շատաբանութեան կը վերածուի: Ո՞վ է որ պիտի կարդայ այդ հատորը: Անշուշտ ո՛չ գիւղացին, որ հարիւրաւոր Խրիմեաններէ աւելի լաւ կը հասկնայ իր գործը, զայն ընելու մէջ ամէնէն քիչ կը կարօտի դուրսէն վարժապետներու: Պոլսեցի՞ն՝ որ հողին զգայնութիւնը աւաղելի կերպով մը կոր սընցուցած է բոլորովին: Ու կը հարցնեմ. որո՞ւ ուղղուած են այդ կտորները: Խրիմեան, այդ էջերը գրած ատեն (1890) ո՛չ գիւղացի է, ոչ քաղաքացի։ Կը հասկցուի՞ թէ ուրկէ կը ծագի վրիպանքը։ Նոյնն է պարագան Ազգային Դաստիարակութիւն հատորիկին: Հիմնական պակասը` թանձրացեալ, վաւերագրական իրողութեանց պակասն է: Ու ասիկա ալ իր կարգին հասկանալի, քանի որ այդ դերին համար հանգամանաւոր պատրաստութիւն մը չունէր հեղինակը: Աւելի ազատ, աւելի քիչ խելքով մարդ մը, Կարապետ Իւթիւճեան, 1893-ի Մասիսին մէջ հրատարակած է իր ուսանողութեան յիշատակները։ Այդ էջերը մեզ կը դնեն վաւերագրական իրողութեանց առջեւ։ Դասատուները միս ու մարմին ունին: Դասերը՝ անուն ու առարկայ: Ուսուցման եղանակը ինկած է որոշ սեւեռման

Ընդհանրութեանց մէջ տժգունած այս հատորիկէն աւելորդ չէ օգտագործել ուրիշ փաստեր՝ Զօրայեանի միտքը, նկարագիրը ամրօրէն որոշադրող։ Չի կրնար հակառակիլ չափաբերութեան (այդ ժամանակ մաթեմաթիքին այդ անունը կուտային), բայց զայն կը նկատէ մեզի համար աւելորդ պերճանք։ Որոշապէս դէմ է քերթողութեան, օդային, պոռոտ գրականութեան, որոնք վնաս միայն կրնան պատճառել. բարիք՝ երբեք։ Մխիթարեան փառքին ամէնէն շքեղ օրերուն սա վճռական հերձուածողութիւնը բան մը կ՚ապացուցանէ՞։— Իմ կարծիքով՝ ա՛ն որ՝ Զօրայեան հիմնովին զուրկ է ծնած արուեստի զգայարանքէն։ Ըսի թէ Կրճիկեանին եւ Իսթիմարաճեանին հայերէնը տանելի էր քան իրը։ Նոյն թերթին մէջ (Հայաստան) Գ. Աղաթօն, իր կարգին չափազանց գրապաշտ միտք մը, իրեն հետ կը գրէ, ա՛յդ ու մօտիկ հարցերու շուրջ, լեզուով մը որ լայն առաւելութիւններ ունի։ Զօրայեան կ՚ուզէ որ մեր բոլոր տղաքը արհեստաւոր ըլլան։ Հացին իմաստասիրութիւնը: Անշուշտ: Բայց այս գետնաքարշ մտածողութիւնը ճարելու, զայն հրապարակաւ թերթերու  եւ գիրքի մէջ փառաբանելու համար, կարիք չկար Բարիզին հինգ տարիներուն։ 1850-ին Պոլսոյ մէջ ամէն հայ որ մաքսը բեռնակրութիւն կամ խաներուն մէջ դռնապանութիւն չէր ըներ, այսինքն գրեթէ ամբողջ մեր հասարակութիւնը, այդ պատգամներուն վրայ իր հաւատքը արժեցուցած էր իր պապերուն ճամբովը

Զօրայեան կ՚ուզէ որ աշխարհագրութիւնը, գիտութիւնները, լեզուները խնամքի առարկայ դառնան. երրորդական, չորորդական ըլլան, նետուին հայկաբանութիւնը, քերականութիւնը, ճարտասանութիւնը: Գովեստ միայն ունիմ մտածումին առողջութեան մասին, բայց կը դատապարտեմ անոր անգործնական, անգործադրելի ըլլալը այդ օրերու Պոլիսին մէջ։ Առեւտրական աշխարհագրութիւնը նոր մուտք է գործած դպրոցներու մէջ, ու աւելորդ չէ, քանի որ հաղորդակցութեան միջոցներու չափազանց առատանալը, երկիրներու փոխադարձ իրարմէ կախեալ ըլլալը մեր օրերուն է որ տիրական եղելութիւնները կը կազմեն ազգերու կեանքին: Ո՞վ պիտի տար այդ նիւթերը։ Որո՞նց պիտի տար։ Զօրայեան առած է գաղափարները պատրաստ, ու քշած։ 

Արհամարհանք ունի Հոմերոսին, Վիրգիլիոսին, մարդկային մտքի մեծ փառքերուն համար։ Հոդ ալ նեղմտութեան, անհասկացողութեան փաստը միայն չեմ արձանագրեր, այլ կը ծանրանամ իր իմացականութեան հիմնովին անթռիչ յօրինուածքին վրայ: Տղայ մը հիացումներու, խանդավառութիւններու, կիրքերու կարօտ է, իր տարիքին իրապաշտութիւնը հակակշռելու համար: Զօրայեանի առաջարկած մեթոտները, ջատագոված ուսումները, փառաբանած արժէքները պազիրկեաններ, վաճառականներ, չարչիներ ստեղծելու աւելի ընդունակ են քան իմացական ընտրանին` առանց որու ազգային դաստիարակութիւնը ինքնին անիմաստ տարազ մը կը դառնայ։ 

Ծանր է այս մտահոգութիւնը ենթարկել մեր ախորժակներուն: Զայն հանդուրժել, օրուան Մխիթարեան վանական ու բառամոլ, քերական ու հռետոր ուսուցումին իբր հակազդեցութիւն՝ ընդունելի զիջում մըն է որոշ չափով։ Զայն նկատել ժամանակէն բխած թելադրանքներու հանդէս մը, խոստովանիլ է երեւոյթներու ագոյցը: Բայց անոր վրայ հիանալ, ինչպէս ըրած է Հրանդ Ասատուր, կը նշանակէ ուրանալ երկու, երեք սերունդներու սրտառուչ, սրբազան ճիգը, խաչակրութիւնը, վաստակը

Զօրայեան ոխերիմ հակառակորդ մըն էր սահմանադրականներուն։ Ինքն է որ դաւադրօրէն, միանալով Տէրոյենցին, կործանած է Ռուսինեանի Ուղղախօսութիւնը, հրապարակէն հաւաքել տուած է Տարեցոյցները: Ի՞նչպէս բացատրել այս հակասութիւնը, ինք որ Վարք Յիսուսի անունով թարգմանութեան մը հրատարակութեան համար քաշուած է դիւանի, դատաստանի պատրիարքարանի մէջ։ Իր ալ հատորը՝ «արգիլող» ոգին ի՞նչպէս 5-6 տարի վերջը իրը կը դառնայ: Չեմ երթար առաջ՝ Զօրայեանի մէջ պատեհապաշտ մը, ամիրաներու սպասարկու մը, անողնայար մունետիկ մը երեւան բերելու աստիճան: Կը հասկնայ անշուշտ իր ժամանակը: Իրատես էր քան բոլոր իր ընկերները։ Շուկան եւ հացի մարզարան դպրոցը մեր մտահոգութիւններուն գերագոյններուն վերածելն ալ որոշ համոզումներու վերագրելի իրողութիւն մըն էր: Բայց բուռն կիրքերու այդ շրջանին Սահմանադրական պայքարներուն ներսը ամիրաներու եւ մտաւորականներուն դիւցազնամարտը տեսնել սխալ չէ անցնիլ պահպանողականներու խմբակը, կեցուածք մըն է որ շատ դժուար կը հաշտուի անոր Բարիզին, ու այն միւս գաղափարագրութեանց որոնք անոր ուրիշ հատորներուն մէջ կ՚երեւան, բաւական պայծառ: Սուրէն Պարթեւեա՞ն մը, այդքան կանուխէն: Հասկնալի է որ 1855ի առաջին մեծ ուսումնական խորհուրդին մէջ իր բացակայութիւնը (Տէրոյենցն ալ կը պակսի անկէ) այսօր դժուար է ըմբռնել: Բայց փոքրոգութիւն է, առնուազն, այդ մեղքը քաւել տալու համար գրիչը ձեռքը յարձակիլ այդ ժողովրդավար առաջին կազմակերպութեան վրայ, Տէրոյենցի հետ, ու զայն բզկտել աշխատիլ: Զօրայեան կիրքի, անհակակշիռ փառասիրութեան րոպէներ միշտ ունեցած է, նմանելով այդ օրերու մարդոց բոլորին: Մեր ժողովուրդի հիմնական խօթութիւնն է ասիկա, չկարենալ զսպել զգացումներուն մղումը:

Իր հիմնական գիրքին եւ իր պատասխանատու, գործնական կեանքին միջեւ սա հակասութիւնը վերլուծողի գիւտ մը չէ դժբախտաբար սա էջերուն վրայ։ Զօրայեան, Միսաքեան, Ստեփան Ոսկան, Ռուսինեան, Տէրոյենց, Չիլինկիրեան, Մամուրեան, Իւթիւճեան, նոյնիսկ հրեշտակատիպ Օտեանը, դիւաչարչար Հայկունին, փողար Ս. Փափազեանը գիրն ու խօսքը գրեթէ միշտ նկատած են ամէնէն առաջ իրենց անձերուն, ասոնց փառասիրութիւններուն, կիրքերուն գահաւորակ: Հոն ուր խելքը, տրամաբանութիւնը գալու էին առաջին բլանի, այդ մարդիկ ընթացք կուտան զգացական իրենց աշխարհներուն խուլ ձայներուն: Օտեանի խղճահարութիւնը՝ Պոլիս գրելու որպէսզի դադրեցնեն Հայկունիի թարգմանութիւնը Յիսուսի Կեանքը (Ռընան) հատորին, հազիւ թէ բաւարար պատճառանք է, այդ շատ պատուական «ոսկի սիրտով» մարդը արդարացնող։ Ի՜նչ հարկ ողբի կամ տրտունջի: Մեր գրական սերունդները տրտմօրէն կը կրկնեն մեր ազնուականութեան, արքայական տուներուն բոլոր մեղքերը

Նկարագիր Ազգային Դաստիարակութեան հատորը` պզտիկ գրքոյկ մը, Զօրայեանի գրական դիմագծութիւնը անկարող է փրկելու: Էապէս լրագրական բնոյթով, գրուած գրականին հանդէպ խոր անտարբերութեամբ մը, չըսելու համար արհարահանքով մը, առանց հաստատ մտածողութեան մը բարիքին (շուկայէն, հացէն, արհեստէն դուրս ոչ մէկ բան հեղինակին մտքին մէջ խարիսխ ունեցող յղացք մըն է), մանաւանդ նիւթին պարտադրած լայն, մասնագիտացած հմտութեան, մեզ կը տպաւորէ սանկ ու նանկ գրութեան մը նման, ոչ աւելի ո՛չ պակաս: Ի վերջոյ ընկերաբանութի՞ւն, իմաստասիրութի՞ւն, հրապարակագրութի՞ւն՝ այդ յօդուածաշարքը: Ապահովաբար եւ ոչ մէկը այս լուրջ կրթանքներէն. թէեւ Հ. Ասատուր այդ ամէնուն կ՚արժանացնէ անոնց հեղինակը, գրքի մէջ բաշխելի առատաձեռնութեամբ մը: Ո՛չ գիտուն մը, ո՛չ իմաստասէր մը, ո՛չ ալ լրագրող մը կար այդ մարդուն մէջ։ Զինքը բնորոշել իր մեզի ձգած վկայագրերուն լոյսովը եւ ոչ թէ ենթադրութիւններով, պարկեշտութիւն մըն է ամէն բանէ առաջ։ Ստոյգը այն է որ ընկերաբանութիւնը, իմաստասիրութիւնը, հրապարակագրութիւնը գրականութեան չեն պատկանիր: Դարձեալ ստոյգ է որ մենք ունեցած ենք միայն հրապարակագրութիւն: Արժեւորել Զօրայեանը իբրեւ հրապարակագիր, անպարկեշտութիւն է առնուազն 8-10 տարի գործօն կեանքի շրջան մը տրուեցաւ այդ մարդուն Բարիզէն դարձին։ 1848էն մինչեւ իր մահը (1859) անիկա պտտեցաւ ամիրաներու ետեւէն, անոնց «փառաւոր» «շահաւետ» գործերուն յատկացընելով իր ուժերը: Ասիկա փաստ մըն է։ Չեմ զբաղիր իր թարգմանութիւններով որոնք այդ օրերուն մեր փառասիրութիւնները, աւելի յաճախ քրօնիկը կը շահագրգռեն քան թէ գրագէտի պարկեշտ աշխատանք։ Բայց կը կենամ իր Ընթերցասիրութիւն (1852) հատորին վրայ

Չեմ գտած զայն, մանրամասն վերլուծման մը ենթարկելու համար։ Հ. Ասատուրի վկայութիւնները ունիմ աչքի առաջ։ Ըստ Դիմաստուերներու հեղինակին, հատորը արժանացած է լայն ընդունելութեան, փաստ մը որ ոչինչ կ՚ապացուցանէ։ Գարագաշի, Սմբատ Բիւրատի, Փանոսեանի, Չիֆթէ Սարաֆի Գ. Մարկոսեանի հատորներն ալ ապրած են փառքը։ Այսօր ոչ ոք մտքէն կ՚անցնէ այդ անուններով զբաղիլ գրականութեան պատմութեան մը մէջ։ Դարձեալ, միշտ Հ. Ասատուրի կարծիքին համեմատ, Զօրայեան ճարտար հետեւող մըն է, շատ ազդուած է Եւրոպացի մանաւանդ Ամերիկացի եւ Անգլիացի մատենագիրների։ Ու շարունակելով՝ կ՚աւելցնէ թէ այդ փոխադրումները անիկա պահպանեցուցած է իր ցեղին, միջավայրին: Իբր գերագոյն փաստ այդ մարդուն առաջամարտիկ կարողութիւններուն, կուտայ անոր որոշ համոզումը աշխարհաբարին վրայ, զոր ընդհանրացնելու համար չի վախնար «ոգորելէ, յանդուգն եւ անվհատ», իր ժամանակակիցներուն դէմ։ 

Այս վճիռներէն առաջինները ընդդէմ են Զօրայեանի։ Հաւաքող մը, խելացի compilateur մը կը թելադրեն անոնք` մեր մտքին մէջ, կործանելով Զօրայեանի դէմքը իբր գրագէտ, որ միշտ կ՚արժէ իր մտածողութեան նորութեամբը, ինքնատպութեամբը եւ ոչ թէ օտարներէ իր իւրացումներուն ճարտար շահարկութեամբը։ Կ՚անցնիմ վերջինին: 1850-ին ոչ ոք՝ որ մտածէր գրաբարը ազգին պաշտօնական լեզուն ընելու: Լեզուի հարցը Զարթօնքի Սերունդին գերագոյն մտահոգութիւններէն մէկն է: 1851-ին Հիսարեանի Բանասէրին մէջ Գ. Օտեան, տակաւին պատանի, կը խառնուի տագնապին իր մէկ գրութեամբը, Առաջարկութիւն, ուր ջատագովածը երբեք գրաբարին վերածնունդը չէ այլ աշխարհաբարին կանոնաւորումը, գրաբարէն միշտ օգտուելու իմաստութեամբ: Եթէ երբեք, աւելի վերջը, 1870-ի դռներուն Վենետիկէն եկող հիացումներուն ազդեցութեամբը այս շատ պարզ փափաքները իրենց կարգին ծնունդ տուին որձեւէգ լեզուին որով գրեցին 1870-ի մարդերը, ատիկա մեղքն է այդ գրողներուն։ Ալիշանի, Հիւրմիւզի, Բագրատունիի փառքերը, անբանաստեղծ տաղաչափները, վարժապետները (գլխաւորաբար Գարագաշ եւ Գուրգէն) հեղինակն են այդ տրտմութեան: Զօրայեանը նկատել աշխարհաբարի ախոյեան մը, կը նմանի սա տեսակ վերագրումի մը. առողջ մարդու մը մասին հպարտանալ որ քալել գիտնար։ Յետոյ Հ. Ասատուր որ լաւ կը ճանչնար 1850էն առաջ մեր աշխարհաբարին վիճակը, անշուշտ նկատի առած էր շեշտ նմանութիւնը զոր Վենետիկեան աշխար հիկ լեզուն (Եղանակ Բիւզանդեանը, Դիտակ Բիւանդեանը, մանաւանդ անմոռանալի Դարապատումները՝ իր օսմանլը, նեմցէ, պռուշներով) կը պարզէր Զօրայեանի լեզուին հետ։ Իր սերունդին ամէնէն գէշ լեզուն պաշտպանելու այդ մարդուն մէջ աւելի է քան բարատոքսը: Զօրայեանի լեզուն տարերային, գռեհիկ ըսուելու չափ գետնաքարշ յօրինում մըն է: 1852-ին Մասիս թերթին մէջ իր յօդուածները չեն իսկ ազդուիր ճիգէն որ Իւթիւճեանինն էր, որոշ ճաշակ, ազնուութիւն ճարեր ռամիկ լեզուին: Հ. Ասատուր կը շփոթէ անշփոթելի բան մը` իր սերունդին պայքարը՝ ընդդէմ որձեւէգ լեզուի հերոսներուն (Թէրզեան, Պէրպէրեան, Սէթեան, Գարագաշ եւ ընկերութիւն)։ 

Թէ այդ Ընթերցասիրութիւնը ծնունդ կուտայ ընկերութեան մը (ԸՆԹԵՐՑԱՍԻՐԱՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ) իր կարգին փաստ մըն է՝ գրականութեան հետ ոչ մէկ աղերս պարզող: Այդ հիմնադիրները պատանիներ են, խանի մը մէջ փոքրիկ գրասենեակով մը: Աւելի վերջը տասնեակներով պիտի կազմուին այդ ընկերութիւնները, մեծ մասով առանց հետքի։ Մենք՝ մեր այդ հիւանդութիւնը մինչեւ այսօր չենք կրցած դարմանել [5] ։ Անէքդոտիկ, արագասահ, հաւանաբար հաճելի փոխադրումներով կազմուած այդ հատորին մասին իմ ըսելիքս չի կրնար ըլլալ ասկէ աւելի։ 

Իր Վարժութիւն Ընթերցանութեանը, որքան ալ ըլլայ «մեթոտիկ, լաւ պատրաստուած», ինչպէս կը վկայէ Հ. Ասատուր, չի դադրիր դասագիրք մը ըլլալէ։ Եթէ իբր այդ չի պատկանիր գրականութեան, բայց կը նպաստէ կողմի մը, երեսի մը հասկացողութեան: Մեր բոլոր վարժապետները կը դիմեն այդ միջոցին, հասկնալի, ամէնէն առաջ քսակային նախանձախնդրութիւններով։ Զօրայեան զե՞րծ էր խայծին հրապոյրէն: Գաղտնիք։ Գիտենք միայն որ մեր գրողներէն ամէնէն շատ դրամի յարգ ընծայողներէն մին է: Հարստանալու ճամբան իր մէկ թարգմանութեան անունն է։ 

Իր միւս գործը, տնտեսական գետնի վրայ, Տեղեկութիւնք Տնտեսագիտութեան վրայ (1849), նախապէս լոյս տեսած Տէրոյենցի Հայաստանին մէջ, չպատկանելով հանդերձ գրականութեան, փաստ մըն է հեղինակին ախորժակներէն: Գործը թարգմանութիւն մըն է գրեթէ, բայց ազատ, այսինքն հեղինակը արտօնող ուզուած սղումները, յաւելումները գործադրելու, առանց անպատեհութեան: Նորութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան զանազան բերքերուն, արհեստներուն, գործարաններուն յիշատակումը, միշտ  աւելի լաւ շահարկութեան մը համար միջոցներ, թելադրանքներ առաջարկելով։ 1850-ին դեռ Եւրոպայի մէջ ալ իր նախափորձերը ընող այդ գիտութիւնը թելադրիչն է, հաւանաբար, աւելի վերջ Մամուրեանի Քաղաքական Տնտեսագիտութեան գիրքին

Ուրեմն մենք ունինք Զօրայեանէ հատորիկ մը, Ազգային Դաստիարակութեան վրայ ճառ մը, յօդուածներ, որոնք քրօնիկի մը համն ալ չեն գտած, տնտեսական բազմաթիւ ուրիշ ալ յօդուածներ, ընթերցանութեան համար յարմարցուկ հատորներ: Այս ամէնով 1910-ին ամենայետին վարժապետը մեր մէջ կարող էր լաւ պաշտօնի մը վրայ փառասիրել, միտքէն իսկ չանցնելով մեծ, վաստակաւոր գրագէտի դափնին: Ի՞նչն էր միջամտողը որպէսզի մինչեւ 1890 գրեթէ աղօտացած այս համբաւը արժանանայ մեծ այս վերափառքին, Զարթօնքի Սերունդին մէջ ամէնէն կարկառուն դէմքերուն աստիճանով, ինք որ Տէրոյենցի նման դաւած էր այդ սերունդին առաջադրութիւններուն։ Աս ալ գրականութեանց պատմութեան անակնկալներէն մէկն է ապահովաբար 

Չեմ զգար հարկ համադրելու իր դէմքը։ 

Կ՚ընդունիմ որ ունենայ ողջմտութիւն, ըլլայ իր ժամանակը լաւ հասկցող, զայն լաւ իւրացնող ու նոյն ատեն զայն լաւ ներկայացնող մարդ մը։ Զիջումով մը իր գաղափարներուն գործնական նկարագրին, դարձեալ կ՚ընդունիմ որ վայելէ մտաւորականի, պատուելիի (1850ը կանխող իմաստով) ժողովրդականութիւն մը: Բայց չեմ հասկնար այդ մարդը, իր սերունդին կռնակ դարձուցած, հիներուն, պահպանողականներուն, ամիրաներուն կռնակ տուած մէկը, մեր պատմութեան մէջ դասուի քովիկը ուրիշները որոնք իրենց արի պայքարը պայքարեցան։ Ուշագրաւ է որ իրեն յաջորդ սերունդին մէջ մարդիկ սովորաբար իր անունը կ՚ընկերացնեն Ռուսինեանի, որուն ոխերիմ, թագասքող հակառակորդը պիտի ըլլար, իր կեանքին բոլոր առողջ տարիներուն

Մեր ազգային պատմութիւնը ունի՞ այդ անունէն սրբութիւն մը, նպաստ մը առնուազն իր պահեստին։ 

Կը կասկածիմ։

Իր լեզուն տրտմութիւն մըն է, չըսելու համար ամօթ մը



[1]       Մանածի ու տպածոյի այդ կեդրոնին մէջ մեր առեւտրականներուն ձեռք ձգած փորձառութիւնը անշուշտ որ Պոլիս բան մը կ՚արժէր, մանաւանդ վաթսունական թուականներուն, Պասմայի ջոջերը, ինչ պէս կ՚որակէ զանոնք Զօհրապ (Մեղայ Տէր), ջոջեր էին մանաւանդ իրենց գրագիրներուն գլխուն: Շաքլեան, Շաւարշ, Պարթեւեան տուած են տիպարին վրայ նշմարներ: Զօրայեանի պատանութիւնը կը բախի այդ կազմակերպութեան սկզբնաւորման։ Իր Տնտեսագիտութիւնը, մեծ մասով թարգմանօրէն մատուցում, այդ վաճառականներուն շեշտը, թօնը, աշխարհահայեացքը կը թելադրէ, այնքան հաստ, հաստատ, գործնական իր կառուցումովը, ինչպէս արտայայտման հասարակութեամբը։ Զօրայեանին մեղքը պիտի մնայ այս արտայայտութեան հաստութիւնը, իր ուղեղին մէջ թերեւս ծալք առած այդ տարիներուն։ Յետոյ, միշտ շուկայի կիսաստուածներուն շուքին մէջ գործելու վարժ իր իմացականութիւնը, ըլլալով հանդերձ շատ շահեկան, հաղորդական, նոյն իսկ գրական, բարոյական վիճարկութիւններու մէջ, Զօրայեանը ըրած է բացառիկ մարդ մը մեր գրողներու շարքին, որոնց անգործնականութիւնը, օդայնութիւնը առածի կարգ էր անցած, թերեւս թելադրելու չափ ստոյգ իմաստ մը, Արեւմտահայ գրականութեան մէկ քանի զօրաւոր թերութիւններէն։

[2]       Ահա ցուցակ մը Ճառ Վաճառականութեան վրայ։ Նկարագիր Ազգային Դաստիարակութեան։ Քաղաքական տնտեսութեան վրայ Տեղեկութիւններ։ Վարժութիւն Ընթերցանութեան։ Թարգմանածոյ Վարք Յիսուսի։ Ընթերցասիրութիւն։ Բոլորն ալ (1847-1852) նոյն ժամանակներու մէջ հեղինակուած։ Զօրայեանի գործը թարգմանութիւն մըն է ազատ բառով, պատշաճուած մեր կարիքներուն։

[3]       Թիւ մը միայն մեզի կը թելադրէ ընդարձակութիւնը այդ պաշտօնին, 20000 հայեր մաքսին մէջ աշխատանք էին վերցուցած այդ վարչութեան օրով։

[4]       Կենսագրական այս ծանօթութիւններուն աղբիւրներն են Դիմաստուերներ (Հրանդ Ասատուր) եւ Վ. Զարդարեանի Յիշատակարանը:

[5]       Երուսաղէմի մէջ ուր երեք հազար է մերիններուն թիւը եւ ուր կը խօսուին այս տողերը, մէկը համրեց ընկերութիւններու թիւը։ Քսան երկու ընկերութիւն՝ նոր բառով՝ միութիւն, կը գործէ այս քաղաքին մէջ, կառավարութենէն վաւերացուած ծրագիրներով, վարչական կանոնաւոր կազմով։